Աստվածաշունչը մեկ տարում Մայիս 41 Սամուել 10:1-271. Սամուէլ իւղի շիշ մը առաւ ու անոր գլխուն վրայ թափեց եւ զանիկա համբուրեց ու ըսաւ. «Չէ՞ որ Տէրը քեզ իր ժառանգութեանը վրայ իշխան օծեց։2. Այսօր քովէս գացած ատենդ՝ Բենիամինին սահմանը Սելսահի մէջ՝ Ռաքէլին գերեզմանին քով երկու մարդ պիտի գտնես, որոնք քեզի պիտի ըսեն. ‘Գտնուեցան այն էշերը, որոնք փնտռելու գացած էիր։ Քու հայրդ էշերուն հոգը թողուց ու ձեզի համար կը մտահոգուի’ ու կ’ըսէ. ‘Տղուս համար ի՞նչ ընեմ’։3. Երբ ասկէ անդին երթաս ու Թաբօրին կաղնին հասնիս, հոն երեք մարդ քեզի պիտի համդիպին, որոնցմէ մէկը երեք ուլ, մէկը երեք հացի նկանակ ու մէկն ալ տիկ մը գինի առած՝ Աստուծոյ կ’ելլեն դէպի Բեթէլ։4. Անոնք քու ողջութիւնդ հարցնելով՝ քեզի երկու հաց պիտի տան, դուն ալ անոնց ձեռքէն ա՛ռ։5. Անկէ յետոյ Աստուծոյ բլուրը գնա՛, ուր Փղշտացիներու բերդապահ զօրքը կը կենայ. երբ հոն քաղաքը մտնես, բարձր տեղէն իջնող մարգարէներու գունդի մը պիտի հանդիպիս, որոնք իրենց առջեւէն տաւիղ, թմբուկ, սրինգ ու քնար ունենալով մարգարէութիւն պիտի ընեն։6. Այն ատեն քու վրադ Տէրոջը Հոգին պիտի գայ ու անոնց հետ մարգարէութիւն պիտի ընես եւ դուն պիտի փոխուիս, ուրիշ մարդ մը պիտի ըլլաս։7. Երբ այս նշանները քու վրադ գան, ձեռքէդ եկածը ըրէ, քանզի Աստուած քեզի հետ է։8. Ինծմէ առաջ Գաղգաղա իջի՛ր եւ ահա ես հոն պիտի իջնեմ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանելու համար։ Դուն եօթը օր սպասէ՛, մինչեւ որ ես քեզի գամ ու քու ընելիքդ քեզի իմացնեմ»։9. Երբ անիկա իր կռնակը դարձուց Սամուէլին քովէն երթալու համար, Աստուած անոր ուրիշ սիրտ մը տուաւ եւ նոյն օրը այս բոլոր նշանները կատարուեցան։10. Ու երբ հոն բլուրը եկաւ, ահա մարգարէներու գունդ մը անոր առջեւ ելաւ եւ անոր վրայ Աստուծոյ Հոգին եկաւ ու անոնց հետ մարգարէութիւն ըրաւ։11. Ամէն անոնք, որ զինք նախապէս կը ճանչնային, երբ տեսան որ անիկա մարգարէներուն հետ մարգարէութիւն կ’ընէ, իրարու ըսին. «Այս ի՞նչ բան է, որ Կիսին որդիին հանդիպեր է։ Միթէ Սաւո՞ւղ ալ մարգարէներուն մէջ է»։12. Այն տեղի մարդոցմէ մէկը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Հապա անոր հայրը ո՞վ է»։ Անոր համար ասիկա առակ մը եղաւ. «Միթէ Սաւո՞ւղ ալ մարգարէներուն մէջ է»։13. Երբ մարգարէութիւն ընելը լմնցուց, բարձր տեղը եկաւ։14. Սաւուղին հօրեղբայրը անոր ու անոր մանչուն ըսաւ. «Ո՞ւր գացիք»։ Անիկա ըսաւ. «Էշերը փնտռելու. բայց երբ տեսանք որ չկան, Սամուէլին գացինք»։15. Սաւուղին հօրեղբայրը ըսաւ. «Սամուէլ ձեզի ի՞նչ ըսաւ, պատմէ՛ ինծի»։16. Սաւուղ իր հօրեղբօրը ըսաւ. «Էշերին գտնուիլը մեզի յայտնապէս իմացուց»։ Բայց թագաւորութեան մասին Սամուէլին ըսած խօսքը անոր չյայտնեց։17. Սամուէլ ժողովուրդը Մասփայի մէջ Տէրոջը առջեւ հաւաքեց18. Ու Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես Իսրայէլը Եգիպտոսէն հանեցի ու ձեզ Եգիպտացիներուն ձեռքէն եւ ձեզի նեղութիւն տուող բոլոր թագաւորներուն ձեռքէն ազատեցի։19. Բայց դուք այսօր ձեր Աստուածը մերժեցիք, որ բոլոր չարիքներէն ու նեղութիւններէն ձեզ ազատեց ու անոր ըսիք. ‘Անպատճառ մեր վրայ թագաւոր մը դիր’։ Ուրեմն հիմա ձեր ցեղերովը ու հազարաւորներովը Տէրոջը առջեւ կայնեցէք»։20. Ու երբ Սամուէլ Իսրայէլի բոլոր ցեղերը մօտեցուց, վիճակը Բենիամինին ցեղին ելաւ։21. Ետքը Բենիամինին ցեղը ազգատոհմերովը մօտեցուց ու վիճակը Մատրիին ազգատոհմին ելաւ։ Ետքը Կիսին որդիին Սաւուղին ելաւ. բայց երբ զանիկա փնտռեցին, անիկա չգտնուեցաւ։22. Նորէն Տէրոջը հարցուցին, թէ «Արդեօք այն մարդը հոս կու գա՞յ» ու Տէրը ըսաւ. «Ահա անիկա կարասիներուն մէջտեղը պահուած է»։23. Վազելով՝ զանիկա անկէ առին ու ժողովուրդին մէջտեղը կեցուցին։ Բոլոր ժողովուրդէն՝ ուսի մը չափ երկայն էր։24. Սամուէլ բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Տէրոջը ընտրած մարդը տեսա՞ք, որ բոլոր ժողովուրդին մէջ անոր պէս չկայ»։ Բոլոր ժողովուրդը աղաղակեց ու ըսաւ. «Կեցցէ՜ արքայ»։25. Սամուէլ թագաւորութեան կանոնները ժողովուրդին յայտնեց ու զանոնք գրքի մը մէջ գրեց ու Տէրոջը առջեւ դրաւ եւ Սամուէլ բոլոր ժողովուրդը արձակեց, որպէս զի ամէն մարդ իր տունը երթայ ։26. Սաւուղ ալ Գաբաա իր տունը գնաց։ Խումբ մը մարդիկ անոր հետ գացին, որոնց սիրտը Աստուած դրդեց։27. Բայց չար մարդիկ ըսին. «Ասիկա մեզ ի՞նչպէս պիտի ազատէ». ուստի զանիկա քամահրեցին ու անոր ընծայ մը չտարին. բայց անիկա լուռ կեցաւ։1 Սամուել 11:1-151. Ամմոնացի Նաաս ելաւ ու Գաղաադի Յաբիսին դէմ բանակեցաւ եւ Յաբիսի բոլոր բնակիչները Նաասին ըսին. «Մեզի հետ դաշնակցութիւն ըրէ ու քեզի ծառայենք»։2. Այն ատեն Ամմոնացի Նաաս անոնց ըսաւ. «Ձեզի հետ այն պայմանով դաշնակցութիւն կ’ընեմ, որ ձեր ամենուն աջ աչքը փորեմ ու այս բանը բոլոր Իսրայէլի վրայ նախատինք դնեմ»։3. Յաբիսին ծերերը անոր ըսին. «Մեզի եօթը օր ժամանակ տուր, որպէս զի Իսրայէլի բոլոր սահմանները պատգամաւորներ ղրկենք ու եթէ մեզ ազատող չըլլայ, այն ատեն քեզի անձնատուր կ’ըլլանք՝ ՝»։4. Ուստի պատգամաւորները Գաբաան գացին Սաւուղին եւ ժողովուրդին ականջներուն այս խօսքերը ըսին ու բոլոր ժողովուրդը ձայներնին վերցնելով լացին։5. Ահա Սաւուղ արտէն կու գար իր եզներուն ետեւէն ու Սաւուղ ըսաւ. «Ժողովուրդին ի՞նչ եղաւ, որ կու լան» ու Յաբիսին բնակիչներուն խօսքերը անոր պատմեցին։6. Երբ այս խօսքերը լսեց, Աստուծոյ Հոգին Սաւուղին վրայ եկաւ ու անոր բարկութիւնը խիստ բորբոքեցաւ։7. Զոյգ մը եզ առաւ ու զանոնք կտոր կտոր ըրաւ ու պատգամաւորներուն ձեռքով Իսրայէլի բոլոր սահմանները ղրկեց՝ ըսելով. «Ով որ Սաւուղին ետեւէն ու Սամուէլին ետեւէն չգայ, անոր եզներուն այսպէս պիտի ընեն»։ Ժողովուրդին վրայ Տէրոջը վախը ինկաւ ու ամէնքը մէկ մարդու պէս ելան։8. Եւ Սաւուղ Բեզեկի մէջ համրեց զանոնք։ Իսրայէլի որդիները երեք հարիւր հազար եւ Յուդայի մարդիկը երեսուն հազար էին։9. Եկող պատգամաւորներուն ըսին. «Գաղաադի Յաբիսին բնակիչներուն այսպէս ըսէք. ‘Վաղը երբ արեւը տաքնայ, ձեզի ազատութիւն պիտի ըլլայ’»։ Երբ պատգամաւորները գացին եւ Յաբիսին բնակիչներուն այս բանը իմացուցին, անոնք ուրախացան։10. Յաբիսին բնակիչները ըսին Ամմոնացիներուն. «Վաղը ձեզի անձնատուր կ’ըլլանք ու ձեր աչքերուն ինչ որ հաճելի ըլլայ, զայն ըրէք մեզի»։11. Հետեւեալ օրը Սաւուղ ժողովուրդը երեք գունդի բաժնեց ու առտուն բանակին մէջ մտան եւ Ամմոնացիները զարկին մինչեւ որ օրը տաքցաւ եւ մնացածները այնպէս ցրուեցան, որ անոնցմէ երկու մարդ մէկտեղ չմնաց։12. Այն ատեն ժողովուրդը Սամուէլին ըսաւ. «‘Սաւո՞ւղ մեր վրայ թագաւոր պիտի ըլլայ’ ըսողը ո՞վ է. այն մարդիկը տուէք, որպէս զի մեռցնենք»։13. Սաւուղ ըսաւ. «Այսօր ոեւէ մարդ պիտի չմեռցուի, քանզի այսօր Տէրը Իսրայէլի համար փրկութիւն ըրաւ»։14. Եւ Սամուէլ ժողովուրդին ըսաւ. «Եկէք Գաղգաղա երթանք ու հոն թագաւորութիւնը նորէն հաստատենք»։15. Ուստի բոլոր ժողովուրդը Գաղգաղա գացին ու հոն Գաղգաղայի մէջ Տէրոջը առջեւ Սաւուղը թագաւոր ըրին եւ Տէրոջը խաղաղութեան զոհեր մատուցանեցին ու Սաւուղ եւ բոլոր Իսրայէլի մարդիկը հոն մեծ ուրախութիւն ըրին։Սաղմոսներ 55:16-2316. Իսկ ես Աստուծոյ պիտի կանչեմ Ու Տէրը զիս պիտի փրկէ։17. Իրիկունը, առտուն ու կէսօրը պիտի գանգատիմ ու հառաչեմ։ Անիկա պիտի լսէ իմ ձայնս։18. Խաղաղութիւնով պիտի փրկէ իմ անձս այն պատերազմէն, որ կը մղեմ, Վասն զի շատ թշնամիներ ինծի կը մօտենան։19. Աստուած պիտի լսէ Ու յաւիտենականութեան մէջ բնակողը պիտի խոնարհեցնէ զանոնք. (Սէլա.) Որովհետեւ չեն փոխուիր անոնք Ու Աստուծմէ չեն վախնար։20. Ձեռքը իրեն հետ հաշտ եղողներուն վրայ երկնցուց, Իր ուխտը աւրեց։21. Անոր բերնին խօսքերը կոգիէն կակուղ են, Բայց անոր սրտին մէջ պատերազմ կայ։ Անոր խօսքերը ձեթէն կակուղ են, Բայց մերկ սուրեր են։22. Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ Ու ան քեզ պիտի խնամէ. Անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ։23. Բայց դուն, ո՛վ Աստուած, զանոնք ապականութեան գուբին մէջ պիտի իջեցնես. Արիւնահեղ ու նենգաւոր մարդիկ օրերնուն կիսուն պիտի չհասնին, Սակայն ես քեզ պիտի յուսամ։Առակներ 15:18-2018. Բարկասիրտ մարդը վէճ կը հանէ, Բայց երկայնամիտը կռիւը կը դադրեցնէ։19. Ծոյլին ճամբան փշեղէն ցանկի պէս է, Բայց ուղիղներուն ճամբան բանուկ է։20. Իմաստուն տղան իր հայրը կ’ուրախացնէ, Բայց անմիտը իր մայրը կ’անարգէ։Ղուկասը 22:24-4624. Վէճ մըն ալ եղաւ անոնց մէջ՝ թէ իրենցմէ ո՞վ մեծ պիտի սեպուի։25. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ազգերու թագաւորները անոնց կը տիրեն եւ անոնք որ կ’իշխեն անոնց՝ բարերար կը կոչուին։26. Բայց դուք այնպէս պէտք չէ ըլլաք, հապա ան որ ձեր մէջ մեծ է, պզտիկի պէս թող ըլլայ եւ առաջնորդը՝ սպասաւորի պէս։27. Քանզի ո՞վ է մեծը, սեղան նստո՞ղը թէ սպասաւորը։ Չէ՞ որ սեղան նստողը. սակայն ես ձեր մէջ սպասաւորի մը պէս եմ։28. Եւ դուք անոնք էք՝ որ միշտ ինծի հետ կը կենայիք իմ փորձութիւններուս մէջ.29. Ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը, ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց.30. Որպէս զի դուք իմ սեղանէս ուտէք ու խմէք իմ թագաւորութեանս մէջ եւ աթոռներու վրայ նստիք Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու»։31. Տէրը ըսաւ. «Սի՛մոն, Սի՛մոն, ահա Սատանան ձեզ փնտռեց, որ ցորենի պէս խարբալէ.32. Բայց ես քեզի համար աղօթք ըրի, որպէս զի քու հաւատքդ չպակսի եւ դուն երբ դարձի գաս, քու եղբայրներդ ալ հաստատես»։33. Իսկ Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ես պատրաստ եմ քեզի հետ բանտ երթալու ալ, մեռնելու ալ»։34. Բայց Յիսուս ըսաւ. «Պետրո՛ս, քեզի կ’ըսեմ թէ այսօր հաւը պիտի չխօսի մինչեւ դուն երեք անգամ ուրանաս՝ ըսելով թէ՝ զիս չես ճանչնար»։35. Ապա ըսաւ անոնց. «Երբ ձեզ ղրկեցի առանց քսակի ու պարկի եւ կօշիկներու, բանի մը կարօտ եղա՞ք»։36. Անոնք ալ ըսին. «Ոչ մէկ բանի»։ Ետքը ըսաւ. «Բայց հիմա ան որ քսակ ունի, թող իրեն հետ առնէ, նոյնպէս ալ պարկը եւ ան որ թուր չունի, թող իր հանդերձը ծախէ ու իրեն թուր մը ծախու առնէ.37. Քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ այս գրուած բանն ալ պէտք է որ իմ վրաս կատարուի՝ ‘Եւ անօրէններու հետ սեպուեցաւ’. քանզի ինչ որ ինծի համար որոշուած է, կատարուելու վրայ է»։38. Անոնք ալ ըսին. «Տէ՛ր, ահա հոս երկու թուր կայ»։ Ան ալ ըսաւ անոնց. «Հերիք են»։39. Յետոյ իր սովորութեանը պէս Ձիթենեաց լեռը ելաւ։ Աշակերտներն ալ իր ետեւէն գացին։40. Ու երբ տեղը հասաւ ըսաւ անոնց. «Աղօթք ըրէք որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք»։41. Եւ ինք անոնցմէ զատուեցաւ քարընկէցի մը չափ ու ծունկի վրայ գալով աղօթք կ’ընէր42. Ու կ’ըսէր. «Հա՛յր, եթէ կ’ուզես, այս գաւաթը ինծմէ անցուր. բայց ոչ թէ իմ կամքս՝ հապա քուկդ թող ըլլայ»։43. Երկնքէն հրեշտակ մը երեւցաւ անոր եւ զօրացուց զանիկա։ Սաստիկ նեղութեան մէջ ըլլալով՝ աւելի ջերմեռանդութեամբ աղօթք ըրաւ։44. Եւ իր քրտինքը արիւնի մեծ կաթիլներու պէս էր, որ գետինը կը թափուէր։45. Աղօթքէն ելլելով՝ աշակերտներուն քով եկաւ ու գտաւ զանոնք տրտմութենէն քնացած։46. Ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ կը քնանաք. ելէք աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981