1. Սամուէլ բոլոր Իսրայէլին ըսաւ. «Դուք ինծի ինչ որ ըսիք, ես ձեր խօսքին մտիկ ըրի ու ձեր վրայ թագաւոր դրի։
2. Ահա հիմա ձեր առջեւէն թագաւորը կ’երթայ, բայց ես ծերացայ ու մազերս ճերմկցան. իմ որդիներս ձեզի հետ են ու ես իմ մանկութենէս մինչեւ այսօր ձեր առջեւ քալեցի։
3. Ահա ես հոս կայներ եմ. Տէրոջը առջեւ ու անոր օծեալին առջեւ ինծի համար յայտնապէս ըսէք, թէ ես որո՞ւն եզը առի ու որո՞ւն էշը առի, որո՞ւն զրկանք կամ անիրաւութիւն ըրի ու որո՞ւն ձեռքէն կաշառք առի եւ անով իմ աչքերս գոցեցի ու ես ձեզի ետ դարձնեմ»։
4. Անոնք ըսին. «Մեզի զրկանք կամ անիրաւութիւն ըրած չես ու բնաւ մարդո՛ւ ձեռքէ բան մը առած չես»։
5. Եւ ան ըսաւ անոնց. «Այսօր Տէրը ու անոր օծեալը ձեզի վկայ ըլլա՞ն, որ դուք իմ ձեռքիս մէջ բան մը չգտաք»։ Եւ անոնք ըսին. «Վկայ թող ըլլան»։
6. Այն ատեն Սամուէլ ժողովուրդին ըսաւ. «Մովսէսն ու Ահարոնը ընտրողը եւ ձեր հայրերը Եգիպտոսի երկրէն հանողը Տէրն է։
7. Հիմա յառաջ եկէ՛ք եւ ձեզի հետ Տէրոջը առջեւ քննեմ այն բոլոր արդար գործերը, որոնք Տէրը ձեզի ու ձեր հայրերուն ըրաւ։
8. Երբ Յակոբ Եգիպտոս գնաց, հոն ձեր հայրերը Տէրոջը աղաղակեցին եւ Տէրը Մովսէսն ու Ահարոնը ղրկեց, որոնք ձեր հայրերը Եգիպտոսէն դուրս հանեցին ու զանոնք այստեղ բնակեցուցին։
9. Բայց անոնք իրենց Տէր Աստուածը մոռցան. անիկա ալ զանոնք Հասորի զօրագլուխը եղող Սիսարային ձեռքը ու Փղշտացիներուն ձեռքը եւ Մովաբի թագաւորին ձեռքը մատնեց, անոնց հետ պատերազմ ըրին
10. Եւ Տէրոջը աղաղակելով՝ ըսին. ‘Մենք մեղք գործեցինք, քանզի Տէրը թողուցինք եւ Բահաղիմին ու Աստարովթին ծառայութիւն ըրինք։ Հիմա մեզ մեր թշնամիներուն ձեռքէն ազատէ ու քեզի պիտի ծառայենք’։
11. Ուստի Տէրը Յերոբաաղը, Բեդանը, Յեփթայէն ու Սամուէլը ղրկեց եւ ձեր շրջակայ թշնամիներուն ձեռքէն ձեզ ազատեց ու ապահովութեամբ բնակեցաք։
12. Ու երբ տեսաք թէ Ամմոնացիներու թագաւորը ձեր վրայ կու գայ, ինծի ըսիք. ‘Ո՛չ, անպատճառ մեր վրայ թագաւոր մը պէտք է’. թէպէտեւ ձեր թագաւորը ձեր Տէր Աստուածն էր։
13. Եւ հիմա ահա այն թագաւորը, որ ընտրեցիք եւ ուզեցիք, Տէրը ձեր վրայ թագաւոր դրաւ։
14. Եթէ Տէրոջմէ վախնաք ու անոր ծառայութիւն ընէք եւ անոր խօսքին հնազանդ ըլլաք ու Տէրոջը պատուիրանքին դէմ չկենաք, այն ատեն թէ՛ դուք եւ թէ՛ ձեր թագաւորը, որ ձեր վրայ կը թագաւորէ, ձեր Տէր Աստուծոյն հետ պիտի երթաք։
15. Բայց եթէ Տէրոջը խօսքին հնազանդութիւն չընէք ու Տէրոջը հրամանին դէմ կենաք, այն ատեն Տէրոջը ձեռքը ձեր վրայ ու ձեր հայրերուն վրայ պիտի ըլլայ։
16. Հիմա կայնեցէ՛ք ու տեսէ՛ք այն մեծ գործը՝ որ Տէրը ձեր աչքերուն առջեւ պիտի ընէ։
17. Այսօր ցորենի հունձքի ժամանակ չէ՞։ Ես Տէրոջը պիտի աղաղակեմ եւ անիկա որոտում ու անձրեւ պիտի ղրկէ, որպէս զի հասկնաք ու տեսնէք թէ դուք Տէրոջը առջեւ մեծ չարութիւն ըրիք՝ ձեզի թագաւոր ուզելով»։
18. Այն ատեն Սամուէլ Տէրոջը աղաղակեց ու Տէրը նոյն օրը որոտում ու անձրեւ տուաւ եւ բոլոր ժողովուրդը Տէրոջմէն ու Սամուէլէն խիստ վախցաւ։
19. Ու բոլոր ժողովուրդը Սամուէլին ըսաւ. «Քու Տէր Աստուծոյդ աղօթք ըրէ քու ծառաներուդ համար, որպէս զի չմեռնինք. քանզի մեր բոլոր մեղքերուն վրայ այս չարութիւնն ալ աւելցուցինք, որ մեզի թագաւոր ուզեցինք»։
20. Սամուէլ ժողովուրդին ըսաւ. «Մի՛ վախնաք. թէեւ դուք այս բոլոր չարութիւնը ըրիք, սակայն Տէրոջմէն մի՛ խոտորիք ու բոլոր սրտովնիդ Տէրոջը ծառայութիւն ըրէք
21. Եւ անկէ մի՛ խոտորիք, քանզի ոչինչ բաներու ետեւէ գացած կ’ըլլաք, որոնք ձեզի օգուտ մը չունին եւ ձեզ ազատելու կարող չեն, վասն զի անոնք ոչինչ են։
22. Տէրը իր մեծ անուանը համար իր ժողովուրդը չի թողուր, որովհետեւ Տէրը ուզեց ձեզ իրեն ժողովուրդ ընել։
23. Բայց ես, քա՜ւ լիցի, որ Տէրոջը դէմ մեղք գործեմ, ձեզի համար աղօթք ընելէ ետ կենալով. հապա ես ձեզի աղէկ ու շիտակ ճամբան պիտի սորվեցնեմ։
24. Միայն թէ Տէրոջմէն վախցէք եւ ճշմարտութեամբ ու բոլոր սրտով անոր ծառայութիւն ըրէք, քանզի տեսաք թէ անիկա ձեզի համար ի՛նչ մեծ գործեր ըրաւ։
25. Իսկ եթէ չարութիւն ընելը շարունակէք, թէ՛ դուք եւ թէ՛ ձեր թագաւորը պիտի կորսուիք»։
1. Երբ այս բաները եղան, Սաւուղ մէկ տարուան թագաւոր էր։ Իսրայէլի վրայ երկու տարի թագաւորութիւն ըրած էր,
2. Երբ ան Իսրայէլէն եօթը հազար մարդ ընտրեց իրեն համար։ Երկու հազարը Սաւուղին հետ Մաքմաս ու Բեթէլի լեռն էին եւ հազարն ալ Յովնաթանին հետ Բենիամինի Գաբաան էին, իսկ մնացած ժողովուրդը ամէն մարդ իր վրանը ղրկեց։
3. Յովնաթան Գաբաայի մէջ եղող Փղշտացիներուն պահապան զօրքերը զարկաւ ու Փղշտացիները լսեցին։ Այն ատեն Սաւուղ բոլոր երկրին մէջ փող հնչեցնել տուաւ՝ ըսելով. «Եբրայեցիները թող լսեն»։
4. Բոլոր Իսրայէլ լսեց թէ Սաւուղ Փղշտացիներուն պահապան զօրքերը զարկաւ եւ Իսրայէլ Փղշտացիներուն առջեւ ատելի եղաւ ու բոլոր ժողովուրդը Գաղգաղայի մէջ Սաւուղին քով հաւաքուեցան։
5. Փղշտացիներն ալ հաւաքուեցան, որպէս զի Իսրայէլի դէմ պատերազմ ընեն։ Անոնք երեսուն հազար կառք ու վեց հազար ձիաւոր ունէին եւ ժողովուրդը ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ շատ էր ու ելան եւ Բեթաւանի արեւելեան կողմը Մաքմասի մէջ բանակեցան։
6. Երբ Իսրայէլի մարդիկը զիրենք նեղութեան մէջ տեսան՝ ժողովուրդը տագնապած՝ քարայրներու, թուփերու, ժայռերու, աշտարակներու ու փոսերու մէջ պահուեցան
7. կամ Յորդանանի հունը կտրելով Գադի ու Գաղաադի երկիրը անցան. բայց Սաւուղ դեռ Գաղգաղայի մէջ էր ու բոլոր ժողովուրդը դողալով անոր ետեւէն կ’երթային։
8. Անիկա Սամուէլին որոշած ժամանակին չափ եօթը օր սպասեց, բայց Սամուէլ Գաղգաղա չեկաւ ու ժողովուրդը անոր քովէն ցրուեցաւ։
9. Ու Սաւուղ ըսաւ. «Ողջակէզը ու խաղաղութեան զոհը իմ մօտ բերէք»։ Ինք ողջակէզը մատուցանեց։
10. Երբ անիկա ողջակէզը մատուցանելը լմնցուց, այն ատեն Սամուէլ եկաւ եւ Սաւուղ ելաւ զանիկա դիմաւորելու ու բարեւելու։
11. Սամուէլ ըսաւ. «Ի՞նչ ըրիր»։ Սաւուղ ըսաւ. «Տեսայ թէ ժողովուրդը իմ քովէս կը ցրուի ու դուն քու որոշած օրերուդ մէջ չեկար ու Փղշտացիները Մաքմասի մէջ հաւաքուած են, ըսի.
12. ‘Փղշտացիները հիմա իմ վրայ Գաղգաղա պիտի իջնեն ու ես Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրած չեմ’. ուստի համարձակելով՝ ՝ ՝ ողջակէզը մատուցանեցի»։
14. Բայց հիմա քու թագաւորութիւնդ հաստատ պիտի չըլլայ։ Տէրը իրեն համար իր սրտին համեմատ մարդ մը կը փնտռէ, որ իշխան կարգէ իր ժողովուրդին վրայ. քանզի դուն Տէրոջը քեզի պատուիրած հրամանը չպահեցիր»։
15. Ապա Սամուէլ ելաւ ու Գաղգաղայէն Բենիամինին Գաբաան գնաց։ Սաւուղ իր քով գտնուող ժողովուրդը համրեց, որոնք վեց հարիւրի չափ էին։
16. Սաւուղ եւ անոր որդին Յովնաթան ու անոնց հետ գտնուող մարդիկը Բենիամինին Գաբաան կը նստէին ու Փղշտացիներուն բանակը Մաքմասի մէջ էր։
17. Փղշտացիներուն բանակէն երեք գունդ աւարառու ելաւ. գունդին մէկը դէպի Եփրայի ճամբան՝ Սաւուղին երկիրը դարձաւ
18. Եւ գունդին մէկը դէպի Բեթորոնի ճամբան դարձաւ ու գունդին մէկն ալ դէպի անապատը դարձաւ ու Սեբոյիմի հովիտը նայող սահմանին ճամբան բռնեց ։
19. Իսրայէլի բոլոր երկրին մէջ դարբին մը չէր գտնուեր, քանզի Փղշտացիները ըսեր էին թէ ‘Չըլլայ թէ Եբրայեցիները սուր կամ նիզակ շինեն’։
20. Բոլոր Իսրայելացիները՝ ամէն մէկը իր բրիչը, խոփը, տապարն ու բահը շտկելու համար Փղշտացիներուն երկիրը կ’իջնէին։
21. Բայց բրիչներուն, խոփերուն, եռաժանի գործիքներուն ու տապարներուն համար եւ խթանները սրելու համար խարտոցներ ունէին։
22. Այնպէս որ պատերազմին օրը՝ Սաւուղի ու Յովնաթանի հետ եղող բոլոր ժողովուրդին ձեռքը սուր կամ նիզակ չէր գտնուեր. միայն Սաւուղի ու անոր որդիին Յովնաթանի քով կը գտնուէր։
23. Ու Փղշտացիներու պահապան զօրքը Մաքմասի կիրճը ելան։
1. Ո՛վ Աստուած, ողորմէ՛ ինծի, Վասն զի մարդը կ’ուզէ զիս կլլել. Ամէն օր պատերազմ ընելով զիս կը նեղէ։
2. Թշնամիներս ամէն օր կ’ուզեն զիս կլլել, Վասն զի շատ մարդիկ ամբարտաւանութիւնով ինծի հետ կը մարտնչին։
3. Երբ վախնամ քեզի պիտի յուսամ։
4. Աստուծմով պիտի գովեմ իր խօսքը. Աստուծոյ կը յուսամ, պիտի չվախնամ. Մարմինը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։
5. Ամէն օր իմ բաներուս վնաս կու տան՝ ՝, Իմ վրայովս անոնց բոլոր խորհուրդները չարիքի համար են։
6. Կը հաւաքուին ու կը պահուին, Իմ շաւիղներս կը դիտեն, Վասն զի իմ անձիս կը սպասեն։