Աստվածաշունչը մեկ տարում Մայիս 71 Սամուել 16:1-231. Տէրը Սամուէլին ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ Սաւուղին համար սուգ պիտի ընես, որովհետեւ ես զանիկա մերժեցի, որպէս զի Իսրայէլի վրայ չթագաւորէ։ Եղջիւրդ իւղով լեցուր ու եկուր քեզ Բեթլէհեմացի Յեսսէին ղրկեմ. քանզի անոր որդիներէն մէկը ինծի թագաւոր ընտրեցի»։2. Սամուէլ ըսաւ. «Ի՞նչպէս երթամ. եթէ Սաւուղ լսէ, զիս կը մեռցնէ»։ Տէրը ըսաւ. « Քեզի հետ երինջ մը առ ու ըսէ թէ Տէրոջը զոհ ընելու եկայ3. Եւ Յեսսէն զոհին հրաւիրէ ու քու ընելու բանդ ես քեզի պիտի հասկցնեմ եւ թագաւոր պիտի օծես այն մարդը, որ քեզի պիտի ցուցնեմ»։4. Սամուէլ Տէրոջը ըսածը ըրաւ ու Բեթլէհեմ գնաց։ Քաղաքին ծերերը դողալով զանիկա դիմաւորեցին ու ըսին. «Արդեօք խաղաղութեա՞մբ եկար»։5. Անիկա ըսաւ. «Խաղաղութեամբ. Տէրոջը զոհ ընելու եկայ։ Սրբուեցէ՛ք ու ինծի հետ զոհի եկէ՛ք»։ Եւ Յեսսէն ու անոր որդիները սրբել տուաւ եւ զանոնք զոհի հրաւիրեց։6. Երբ անոնք եկան, Եղիաբը տեսնելով ըսաւ. «Իրաւ որ Տէրոջը օծեալը իր առջեւն է»։7. Բայց Տէրը Սամուէլին ըսաւ. «Անոր երեւոյթին ու հասակին երկայնութեանը մի՛ նայիր, քանզի ես զանիկա անարգեցի. որովհետեւ Աստուած մարդուն նման չի նայիր. քանզի մարդը երեւցածին կը նայի, բայց Տէրը սրտին կը նայի»։8. Յեսսէ Աբինադաբը կանչեց ու զանիկա Սամուէլին առջեւէն անցուց եւ Սամուէլ ըսաւ. «Տէրը ասիկա ալ չընտրեց»։9. Յեսսէ Սամաան անցուց եւ Սամուէլ ըսաւ. «Տէրը ասիկա ալ չընտրեց»։10. Երբ Յեսսէ Սամուէլին առջեւէն իր եօթը որդիները անցուց, Սամուէլ Յեսսէին ըսաւ. «Տէրը ասոնցմէ ոչ մէկը ընտրեց»։11. Եւ Սամուէլ Յեսսէին ըսաւ. «Տղաքներդ ա՞յդչափ են»։ Անիկա ըսաւ. «Տակաւին ամենէն պզտիկը մնաց։ Ահա անիկա ոչխարները կ’արածէ»։ Ու Սամուէլ Յեսսէին ըսաւ. « Մարդ ղրկէ ու զանիկա բերել տուր. քանզի մինչեւ որ անիկա հոս չի գայ, մենք սեղան պիտի չնստինք»։12. Ուստի մարդ ղրկեց ու զանիկա բերել տուաւ։ Անիկա կարմիր էր ու աղուոր աչքեր ունէր ու դէմքն ալ գեղեցիկ էր։ Այն ատեն Տէրը ըսաւ. «Ելի՛ր, ասիկա օծէ՛, քանզի ասիկա է»։13. Սամուէլ իւղին եղջիւրը առաւ ու զանիկա օծեց իր եղբայրներուն մէջ։ Այն օրէն ետքը Տէրոջը Հոգին Դաւիթին վրայ եկաւ։ Սամուէլ ելաւ Ռամա գնաց։14. Տէրոջը Հոգին Սաւուղէն հեռացաւ ու Տէրոջը կողմանէ չար ոգի մը անոր նեղութիւն կու տար՝ ՝15. Եւ Սաւուղին ծառաները անոր ըսին. «Ահա Աստուծոյ կողմանէ չար ոգի մը քեզի նեղութիւն կու տայ.16. Մեր Տէրը իր առջեւ եղող ծառաներուն թող ըսէ, որ աղէկ քնարահար մը փնտռեն, որպէս զի երբ Աստուծոյ կողմանէ այն չար ոգին քու վրադ գայ, անիկա իր ձեռքով քնարը զարնէ ու դուն հանգստանաս՝ ՝»։17. Սաւուղ իր ծառաներուն ըսաւ. «Հիմա ինծի աղէկ քնարահար մը գտէ՛ք ու զանիկա ինծի բերէ՛ք»։18. Ծառաներէն մէկը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ահա Բեթլէհեմացի Յեսսէին մէկ տղան տեսայ, որ քնար զարնել գիտէ ու անիկա զօրաւոր, պատերազմող, ճարտասան ու գեղեցիկ տեսքով կտրիճ մըն է եւ Տէրը անոր հետ է»։19. Սաւուղ Յեսսէին պատգամաւորներ ղրկեց ու ըսաւ. «Ոչխարներուն քով գտնուող տղադ՝ Դաւիթը՝ ինծի ղրկէ»։20. Եւ Յեսսէ քանի մը հաց, տիկ մը գինի ու այծերէն ուլ մը առնելով՝ իշու վրայ բեռցուց ու զանոնք իր տղուն Դաւիթին ձեռքով Սաւուղին ղրկեց։21. Դաւիթ Սաւուղին եկաւ ու անոր առջեւ կեցաւ։ Սաւուղ զանիկա շատ սիրեց ու Դաւիթ անոր կապարճակիրը եղաւ։22. Սաւուղ Յեսսէին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Դաւիթ թող իմ քովս կենայ, քանզի անիկա իմ առջեւս շնորհք գտաւ»։23. Երբ Աստուծմէ չար ոգին Սաւուղին վրայ գար, Դաւիթ քնարը կ’առնէր ու իր ձեռքով կը զարնէր եւ Սաւուղ կը հանգստանար ու կը զուարճանար եւ չար ոգին անոր վրայէն կ’երթար։1 Սամուել 17:1-581. Փղշտացիները իրենց զօրքերը հաւաքեցին պատերազմելու համար եւ Յուդայի Սոքովին մէջ հաւաքուեցան եւ Սոքովի ու Ազեկայի մէջտեղ Ափեսդոմմի մէջ բանակեցան։2. Սաւուղ ու Իսրայէլի մարդիկը հաւաքուեցան ու Էլայի հովիտին մէջ բանակեցան եւ Փղշտացիներուն դէմ պատերազմ ընելու համար կարգաւ շարուեցան։3. Փղշտացիները մէկ կողմը լերան մը վրայ կեցեր էին ու Իսրայելացիները միւս կողմը լերան մը վրայ կեցեր էին ու հովիտը անոնց մէջտեղն էր։4. Փղշտացիներու բանակէն Գողիաթ անունով, վեց կանգուն ու մէկ թիզ բարձրութեամբ, Գեթացի ախոյեան մը ելաւ։5. Անոր գլուխը պղնձէ սաղաւարտ կար ու հիսուած զրահ մը հագեր էր։ Անոր պղնձէ զրահին ծանրութիւնը հինգ հազար սիկղ էր։6. Ոտքերուն վրայէն պղնձէ սռնապաններ եւ ուսերուն մէջտեղ պղնձէ գեղարդ մը ունէր։7. Անոր նիզակին բունը ոստայնանկներու գլանին պէս էր ու նիզակին տէգը վեց հարիւր սիկղ երկաթ էր։ Անոր վահանը կրողը անոր առջեւէն կ’երթար։8. Անիկա եկաւ կայնեցաւ ու Իսրայէլի գունդերուն կանչելով՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար մեզի դէմ պատերազմ ընելու ելեր էք ու գունդերով շարուեր էք, միթէ ես Փղշտացի չե՞մ ու դուք Սաւուղի ծառաները չէ՞ք։ Ձեր մէջէն մարդ մը ընտրեցէ՛ք, որպէս զի գայ ինծի հետ մենամարտի ։9. Եթէ կարող ըլլայ ինծի հետ կռուիլ ու զիս մեռցնէ, այն ատեն մենք ձեզի ծառայ ըլլանք, բայց եթէ ես յաղթեմ ու զանիկա մեռցնեմ, այն ատեն դուք մեզի ծառայ ըլլաք ու մեզի ծառայութիւն ընէք»։10. Եւ այն Փղշտացին աւելցուց. «Ես այսօր Իսրայէլի գունդերը նախատեցի. ինծի մարդ մը տուէք, որպէս զի իրարու հետ կռուինք»։11. Երբ Սաւուղ ու բոլոր Իսրայէլ Փղշտացիին այս խօսքերը լսեցին, զարհուրեցան ու խիստ վախցան։12. Դաւիթ Եփրաթացի, այսինքն Յուդայի Բեթլէհեմացի, Յեսսէ անունով մարդու մը որդին էր։ Անիկա ութը որդի ունէր ու անիկա Սաւուղին օրերը ծեր մարդ մը կը սեպուէր։13. Յեսսէին երեք մեծ որդիները իր քովէն ելլելով, Սաւուղին ետեւէն պատերազմի գացեր էին։ Պատերազմի գացող երեք որդիներուն անունները՝ անդրանիկինը՝ Եղիաբ, երկրորդինը՝ Աբինադաբ եւ երրորդինը Սամաա էր։14. Դաւիթ անոր ամենէն պզտիկն էր։ Երեք մեծերը Սաւուղին ետեւէն գացին.15. Բայց Դաւիթ Սաւուղին քովէն ելլելով Բեթլէհէմ դարձեր էր, որպէս զի իր հօրը ոչխարները արածէ։16. Եւ այն Փղշտացին քառասուն օր առտու ու իրիկուն կը մօտենար ու զանոնք մենամարտութեան կը հրաւիրէր ։17. Յեսսէ իր որդիին՝ Դաւիթին ըսաւ. «Քու եղբայրներուդ համար այս մէկ արդու բոհրած ցորենն ու այս տասը հացը ա՛ռ, բանակը վազէ՛ եղբայրներուդ տո՛ւր ։18. Եւ այս տասը գլուխ պանիրը անոնց հազարապետին տա՛ր ու նայէ թէ եղբայրներդ ողջ առո՞ղջ են ու անոնցմէ նշան մը բեր»։19. Սաւուղ ու անոնք ու բոլոր Իսրայէլի մարդիկը Էլայի հովիտին մէջ Փղշտացիներուն հետ պատերազմ կ’ընէին։20. Դաւիթ առաւօտուն կանուխ ելաւ, ոչխարները պահապան հովիւին թողուց ու այն բաները առաւ գնաց, ինչպէս Յեսսէն իրեն ապսպրեր էր։ Երբ կառքերուն տեղը հասաւ, զօրքերը կարգաւ կը շարուէին, պատերազմի համար բարձր ձայնով կ’աղաղակէին.21. Քանզի Իսրայէլ ու Փղշտացիները զօրք զօրքի դէմ շարեր էին։22. Դաւիթ իր վրայէն ամանները վար առնելով ամաններու պահապանին ձեռքը յանձնեց եւ դէպի գունդը վազեց ու գնաց իր եղբայրներուն ողջութիւնը հարցուց։23. Երբ անիկա անոնց հետ կը խօսէր, ահա այն Փղշտացի ախոյեանը՝ Գողիաթ՝ որ Գէթ քաղաք էն էր, Փղշտացիներու գունդերէն ելաւ եւ նոյն խօսքը կրկնեց։ Դաւիթ լսեց։24. Իսրայէլի բոլոր մարդիկը, երբ այն մարդը տեսան, անոր երեսէն փախան ու զարհուրեցան։25. Իսրայէլի մարդիկը ըսին. «Այս ելլող մարդը տեսա՞ք, որ Իսրայէլը նախատելու կ’ելլէ. ով որ զանիկա մեռցնէ, թագաւորը մեծ հարստութիւնով պիտի հարստացնէ զանիկա ու իր աղջիկը անոր պիտի տայ եւ անոր հօրը տունը Իսրայէլի մէջ ազատ պիտի ընէ»։26. Դաւիթ իր քով եղող մարդոցը հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Այս Փղշտացին մեռցնող եւ Իսրայէլէն նախատինքը վերցնող մարդուն ի՞նչ պիտի ըլլայ. քանզի այս անթլփատ Փղշտացին ո՞վ է՝ որ կենդանի Աստուծոյն զօրքերը կը նախատէ»։27. Ժողովուրդը նոյն խօսքերը անոր ըսաւ. «Զանիկա մեռցնող մարդուն այսպէս ու այսպէս պիտի ըլլայ»։28. Անոր մեծ եղբայրը Եղիաբ, երբ լսեց անոր խօսիլը այն մարդոց հետ, սաստիկ բարկութեամբ Դաւիթին սրդողեցաւ ու ըսաւ. «Դուն ինչո՞ւ հոս եկար եւ ոչխարները անապատին մէջ որո՞ւ ձգեցիր։ Ես քու հպարտութիւնդ ու սրտիդ չարութիւնը գիտեմ, անտարակոյս դուն պատերազմը տեսնելու եկեր ես»։29. Դաւիթ ըսաւ, «Հիմա ի՞նչ ըրի. այս խօսք չէ՞»։30. Ու անոր քովէն ուրիշ մարդու մը դարձաւ եւ նոյն խօսքերը ըսաւ։ Ժողովուրդն ալ նոյնպէս պատասխան տուին անոր։31. Դաւիթին ըսած խօսքերը լսուեցան ու երբ Սաւուղին առջեւ պատմեցին, Սաւուղ իր քով բերել տուաւ զանիկա։32. Դաւիթ Սաւուղին ըսաւ. «Ասոր պատճառով բնաւ մարդու մը սիրտ թող չկոտրի. քու ծառադ պիտի երթայ ու այն Փղշտացիին հետ կռուի»։33. Եւ Սաւուղ Դաւիթին ըսաւ. «Դուն չես կրնար այն Փղշտացիին վրայ երթալ ու անոր հետ կռուիլ, քանզի դուն մանուկ ես ու անիկա իր մանկութենէն պատերազմող մարդ մըն է»։34. Դաւիթ ըսաւ Սաւուղին. «Քու ծառադ երբ իր հօրը ոչխարները կ’արածէր ու երբ առիւծ կամ արջ գար եւ հօտերէն ոչխար տանէր,35. Ես անոր ետեւէն երթալով՝ զանիկա կը զարնէի ու անոր բերնէն կ’ազատէի։ Երբ անիկա իմ վրաս յարձակէր, զանիկա մօրուքէն կը բռնէի, կը զարնէի ու կը մեռցնէի։36. Քու ծառադ առիւծ ալ մեռցուցած է, արջ ալ ու այս անթլփատ Փղշտացին ալ անոնցմէ մէկուն պէս պիտի ընէ, քանզի կենդանի Աստուծոյն զօրքերը նախատեց»։37. Դաւիթ ըսաւ. «Առիւծին ու արջին ձեռքէն զիս ազատող Տէրը այս Փղշտացիին ձեռքէն ալ պիտի ազատէ»։ Սաւուղ Դաւիթին ըսաւ. «Գնա՛ ու Տէրը քեզի հետ ըլլայ»։38. Սաւուղ իր հանդերձները Դաւիթին հագցուց ու անոր գլուխը պղնձէ սաղաւարտ մը դրաւ ու անոր զրահ ալ հագցուց։39. Դաւիթ հանդերձներուն վրայէն Սաւուղին սուրը մէջքը կապեց ու փորձեց քալել, քանզի սորված չէր։ Բայց Դաւիթ Սաւուղին ըսաւ. «Ասոնցմով չեմ կրնար քալել, քանզի սորված չեմ»։ Ուստի Դաւիթ զանոնք իր վրայէն հանեց։40. Իր ցուպը ձեռքը առաւ ու հեղեղատէն իրեն համար հինգ հատ գայլախազ քար ընտրեց ու զանոնք իր հովուական ամանին, այսինքն մախաղին մէջ դրաւ ու պարսատիկը ձեռքը բռնելով Փղշտացիին մօտեցաւ։41. Փղշտացին ալ եկաւ ու Դաւիթին մօտեցաւ եւ անոր վահանը վերցնող մարդը անոր առջեւ էր։42. Երբ Փղշտացին նայեցաւ ու Դաւիթը տեսաւ, զանիկա արհամարհեց. քանզի անիկա կարմիր գոյնով ու գեղեցիկ դէմքով պատանի մըն էր։43. Փղշտացին ըսաւ Դաւիթին. «Միթէ ես շո՞ւն եմ, որ իմ վրաս ցուպով կու գաս» ու իր աստուածներովը Դաւիթը նզովեց։44. Փղշտացին ըսաւ Դաւիթին. «Ինծի եկո՛ւր, որ քու մարմինդ երկնքի թռչուններուն ու դաշտի գազաններուն տամ»։45. Դաւիթ ըսաւ Փղշտացիին. «Դուն ինծի սրով, նիզակով ու գեղարդով կու գաս, բայց ես զօրութեան Տէրոջը, քու նախատած Իսրայէլին զօրքերուն Աստուծոյն անունովը քեզի կու գամ։46. Այսօր Տէրը քեզ իմ ձեռքս պիտի մատնէ՝ ՝ ու ես քեզ պիտի մեռցնեմ ու վրայէդ գլուխդ պիտի առնեմ եւ Փղշտացիներուն բանակին դիակները այսօր երկնքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն պիտի տամ. որպէս զի բոլոր երկիր գիտնայ թէ Իսրայէլի մէջ Աստուած կայ47. Եւ այս բոլոր ժողովուրդը գիտնան թէ Տէրը սրով ու նիզակով չազատեր. քանզի պատերազմը Տէրոջն է ու անիկա ձեզ մեր ձեռքը պիտի մատնէ»։48. Երբ Փղշտացին ելաւ ու եկաւ Դաւիթին մօտեցաւ, Դաւիթ ալ շուտով պատերազմի ասպարէզը վազեց Փղշտացին դիմաւորելու։49. Դաւիթ իր ձեռքը մախաղին մէջ խոթեց ու անկէ քար մը առաւ եւ զանիկա պարսատիկով նետեց ու Փղշտացիին ճակտին զարկաւ եւ քարը անոր ճակտին մէջ մտաւ ու անիկա երեսի վրայ գետինը ինկաւ։50. Այսպէս Դաւիթ պարսատիկով ու քարով Փղշտացիին յաղթեց եւ զարկաւ Փղշտացիին ու մեռցուց զանիկա. բայց Դաւիթին ձեռքը սուր չկար։51. Դաւիթ վազելով Փղշտացիին վրայ կայնեցաւ ու անոր սուրը բռնեց, պատեանէն հանեց ու զանիկա մեռցնելէն ետքը գլուխը անով կտրեց։ Փղշտացիները իրենց զօրաւոր մարդուն մեռնիլը տեսնելով՝ փախան։52. Այն ատեն Իսրայէլի ու Յուդայի մարդիկը ելան եւ աղաղակներով մինչեւ հովիտը ու մինչեւ Ակկարոնի դռները Փղշտացիները հալածեցին եւ Փղշտացիներէն մեռցուածները Սագարիմի ճամբուն վրայ ու մինչեւ Գէթ ու Ակկարոն ինկան։53. Եւ Իսրայէլի որդիները Փղշտացիները հալածելէն ետ դարձան ու անոնց բանակը կողոպտեցին։54. Դաւիթ Փղշտացիին գլուխը առաւ ու զանիկա Երուսաղէմ տարաւ. բայց անոր զէնքերը իր վրանին մէջ դրաւ։55. Երբ Սաւուղ Դաւիթը տեսաւ, որ Փղշտացիին դէմ ելեր է, իր զօրավարին՝ Աբեններին՝ ըսաւ. «Ո՛վ Աբեններ, այս պատանին որո՞ւն տղան է»։ Ու Աբեններ ըսաւ. «Կենդանի է քու անձդ, ո՛վ թագաւոր, որ չեմ գիտեր»։56. Եւ թագաւորը ըսաւ. «Հարցուր թէ այս պատանին որո՞ւն տղան է»։57. Երբ Դաւիթ Փղշտացին մեռցնելէն ետ դարձաւ, Աբեններ առաւ զանիկա ու Սաւուղին առջեւ տարաւ ու Փղշտացիին գլուխը անոր ձեռքն էր։58. Սաւուղ ըսաւ անոր. «Որո՞ւն տղան ես դուն, պատանի»։ Ու Դաւիթ ըսաւ. «Քու ծառադ Բեթլէհեմացի Յեսսէին տղան եմ»։Սաղմոսներ 57:4-114. Իմ անձս առիւծներու մէջ է. Բոց փչող մարդոց որդիներուն մէջ կը պառկիմ, Որոնց ակռաները նիզակներ ու նետեր են Եւ անոնց լեզուները սրած թուրեր են։5. Ո՛վ Աստուած, երկնքի վրայ բարձրացիր. Քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ թող ըլլայ։6. Իմ քայլերուս որոգայթ պատրաստեցին, Անձս խոնարհեցաւ, Փոս փորեցին առջեւս, Բայց իրենք ինկան անոր մէջ։ (Սէլա։)7. Սիրտս պատրաստ է, ո՛վ Աստուած, սիրտս պատրաստ է. Պիտի երգեմ ու սաղմոս պիտի ըսեմ։8. Արթնցի՛ր, ո՛վ իմ փառքս. Արթնցէ՛ք, ո՛վ տաւիղ ու քնար. Ես կանուխ պիտի արթննամ։9. Ո՛վ Տէր, ժողովուրդներուն մէջ քեզ պիտի գովեմ եւ Սաղմոս պիտի երգեմ քեզի ազգերուն մէջ.10. Վասն զի մեծ է քու ողորմութիւնդ մինչեւ երկինք Ու քու ճշմարտութիւնդ մինչեւ ամպերը։11. Երկնքի վրայ բարձրացիր, ո՛վ Աստուած, Քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ թող ըլլայ։Առակներ 15:26-2626. Չար մարդուն խորհուրդները Տէրոջը առջեւ պիղծ են, Բայց պարկեշտներուն խօսքերը հաճելի են։Ղուկասը 23:26-5626. Երբ զանիկա կը տանէին, Սիմոն Կիւրենացի ըսուած մէկը բռնեցին, որ արտէն կու գար եւ խաչը անոր վրայ դրին, որպէս զի Յիսուսին ետեւէն տանի։27. Անոր ետեւէն կ’երթար ժողովուրդը մեծ բազմութեամբ, նաեւ կիներ, որոնք կ’ողբային ու կու լային անոր ետեւէն։28. Յիսուս դարձաւ անոնց ու ըսաւ. «Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, իմ վրաս մի՛ լաք, հապա ձեր անձերուն վրայ ու ձեր զաւակներուն վրայ լացէք։29. Վասն զի ահա օրեր պիտի գան, որոնց մէջ պիտի ըսեն. ‘Երանի՜ ամուլներուն եւ այն որովայններուն որոնք չծնան եւ ծիծերուն՝ որոնք կաթ չտուին’։30. Այն ատեն պիտի սկսին ըսել լեռներուն. ‘Մեր վրայ ինկէք’ ու բլուրներուն՝ ‘Մեզ ծածկեցէք’։31. Վասն զի եթէ դալար փայտին այսպէս կ’ընեն, հապա չորին ի՞նչ պիտի ընեն»։32. Ուրիշ երկու հոգի ալ՝ չարագործներ՝ բերուեցան անոր հետ սպաննուելու։33. Երբ Գագաթ ըսուած տեղը հասան, հոն խաչը հանեցին զանիկա եւ այն չարագործներն ալ, մէկը աջ կողմը ու միւսը ձախ կողմը խաչեցին ։34. Յիսուս ըսաւ. «Հա՛յր, թողութիւն տուր ատոնց, վասն զի չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն»։ Ու անոր հանդերձները բաժնելու ատեննին վիճակ ձգեցին։35. Եւ ժողովուրդը կայներ կը նայէր. իշխաններն ալ անոնց հետ կը նախատէին զանիկա ու կ’ըսէին. «Ուրիշները ազատեց, թող ինքզինք ալ ազատէ, եթէ ատիկա է Քրիստոսը, Աստուծոյ ընտրեալը»։36. Զինուորներն ալ կը ծաղրէին. առջեւը կու գային, քացախ կը մատուցանէին անոր,37. Ու կ’ըսէին. «Եթէ դուն ես Հրէից թագաւորը, քու անձդ ազատէ»։38. Ուր գիր մը գրուած էր Յունարէն, Լատիներէն եւ Եբրայեցերէն գրերով, թէ ‘Ասիկա է Հրէից թագաւորը’։39. Այն կախուած չարագործներէն մէկը հայհոյութիւն կ’ընէր անոր ու կ’ըսէր. «Եթէ դուն Քրիստոսն ես, ազատէ քու անձդ ու մեզ ալ»։40. Իսկ միւսը զանիկա յանդիմանելով՝ ըսաւ. «Դուն Աստուծմէ չե՞ս վախնար, որովհետեւ նոյն դատապարտութեան մէջ ես։41. Մենք իրաւունքով, քանզի ահա մեր ըրածներուն արժանաւոր հատուցումը կ’առնենք. բայց ասիկա գէշ բան մը չըրաւ»։42. Եւ ըսաւ Յիսուսին. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս»։43. Յիսուս ալ ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, ‘Դուն այսօր ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս’»։44. Ժամը վեցին ատեններն էր ու բոլոր երկրին վրայ խաւար եղաւ մինչեւ իններորդ ժամը։ Արեւը խաւարեցաւ45. Ու տաճարին վարագոյրը մէջտեղէն պատռուեցաւ։46. Յիսուս մեծ ձայնով աղաղակեց ու ըսաւ. «Հա՛յր, քու ձեռքդ կ’աւանդեմ իմ հոգիս»։ Ու երբ այս ըսաւ, հոգին տուաւ։47. Հարիւրապետը եղածը տեսնելով՝ Աստուծոյ փառք տուաւ ու ըսաւ. «Իրաւցընէ այս մարդը արդար էր»։48. Այս տեսարանը դիտելու համար ժողվուած բազմութիւնը եղած բաները տեսնելով կուրծքերնուն կը զարնէին ու ետ կը դառնային։49. Իր բոլոր ճանչուորներն ալ հեռուն կայներ էին, նոյնպէս ալ կիները՝ որոնք իր ետեւէն եկեր էին Գալիլիայէն ու կը տեսնէին այս բաները։50. Մարդ մը՝ Յովսէփ անունով, որ խորհրդական էր, բարի ու արդար մարդ մը,51. (Ասիկա անոնց խորհուրդին ու գործին հաւանութիւն տուած չէր,) Հրեաներուն Արիմաթիա քաղաքէն, որ ինք ալ Աստուծոյ թագաւորութեանը կ’սպասէր։52. Ասիկա Պիղատոսին գնաց ու Յիսուսին մարմինը խնդրեց։53. Եւ զանիկա խաչէն իջեցնելով՝ կտաւով փաթթեց ու քարէ փորուած գերեզմանի մը մէջ դրաւ, ուր բնաւ մէկը դրուած չէր։54. Այն օրը ուրբաթ էր ու շաբաթը պիտի սկսէր։55. Անոր ետեւէն գացին այն կիները, որոնք իրեն հետ Գալիլիայէն եկած էին ու տեսան գերեզմանը, թէ ի՛նչպէս անոր մարմինը հոն դրուեցաւ։56. Եւ դառնալով՝ խունկեր ու իւղեր պատրաստեցին եւ շաբաթ օրը հանգստացան պատուիրանքին համեմատ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981