1. Երբ Սաւուղին հետ խօսիլը լմնցուց, Յովնաթանին սիրտը Դաւիթին սրտին հետ կապուեցաւ ու Յովնաթան իր անձին պէս սիրեց զանիկա։
2. Նոյն օրը Սաւուղ զանիկա առաւ ու թող չտուաւ որ իր հօրը տունը դառնայ։
3. Յովնաթան Դաւիթին հետ ուխտ ըրաւ, քանզի իր անձին պէս կը սիրէր զանիկա։
4. Յովնաթան իր վրայի վերարկուն հանեց եւ զանիկա ու իր հանդերձները, մինչեւ իսկ իր սուրը, իր աղեղն ու իր գօտին Դաւիթին տուաւ։
5. Դաւիթ ամէն տեղ կ’երթար, ուր որ Սաւուղ զանիկա կը ղրկէր ու իմաստութեամբ կը վարուէր։ Սաւուղ զանիկա պատերազմական մարդոց վրայ կեցուց ու բոլոր ժողովուրդին ու Սաւուղի ծառաներուն ալ հաճոյ եղաւ։
6. Երբ Դաւիթ Փղշտացին մեռցնելէն կը դառնար ու զօրքերը կու գային, Իսրայէլի բոլոր քաղաքներէն կիները երգելով ու պար բռնելով, թմբուկներով, ուրախութեամբ ու ծնծղաներով Սաւուղ թագաւորը դիմաւորելու ելան։
7. Պար բռնող կիները կ’երգէին ու կ’ըսէին. «Սաւուղ իր հազարաւորները զարկաւ, Իսկ Դաւիթ՝ բիւրաւորները»։
8. Սաւուղ խիստ բարկացաւ ու այս խօսքին համար դժգոհեցաւ ու ըսաւ. «Բիւրաւորները Դաւիթին տուին ու հազարաւորները ինծի տուին։ Հիմա թագաւորութենէ ուրիշ ի՞նչ պակաս մնաց անոր»
9. Այն օրէն սկսեալ Սաւուղ ծուռ աչքով կը նայէր Դաւիթին։
10. Հետեւեալ օրը Սաւուղին վրայ Աստուծմէ չար ոգի եկաւ ու տանը մէջ մարգարէութիւն ըրաւ։ Դաւիթ ուրիշ անգամներու պէս իր ձեռքով քնար կը զարնէր ու Սաւուղին ձեռքը նիզակ մը կար։
11. Եւ Սաւուղ նիզակը նետեց՝ ըսելով. «Դաւիթը պատին վրայ պիտի գամեմ»։ Բայց Դաւիթ անոր առջեւէն երկու անգամ մէկդի քաշուեցաւ։
12. Սաւուղ Դաւիթին երեսէն կը վախնար, քանզի Տէրը անոր հետ էր. բայց Սաւուղէն հեռացեր էր։
13. Սաւուղ զանիկա իր քովէն հեռացուց ու հազարապետ ըրաւ։ Անիկա ժողովուրդին առջեւ կ’ելլէր ու կը մտնէր։
14. Դաւիթ իր բոլոր ճամբաներուն մէջ իմաստութեամբ կը վարուէր ու Տէրը անոր հետ էր։
15. Սաւուղ անոր իմաստութեամբ վարուիլը տեսնելով անոր երեսէն կը վախնար։
16. Բոլոր Իսրայէլ եւ Յուդա Դաւիթը կը սիրէին, քանզի անոնց առջեւ անիկա կ’ելլէր ու կը մտնէր։
17. Սաւուղ Դաւիթին ըսաւ. «Ահա իմ մեծ աղջիկս Մերովբը քեզի կնութեան պիտի տամ, միայն թէ դու ինծի զօրաւոր մէկը եղիր ու Տէրոջը պատերազմները պատերազմէ. քանզի Սաւուղ ըսաւ. «Անոր վրայ իմ ձեռքս թող չըլլայ, այլ Փղշտացիներուն ձեռքը անոր վրայ թող ըլլայ»։
18. Դաւիթ Սաւուղին ըսաւ. «Ես ո՞վ եմ ու իմ կեանքս կամ իմ հօրս ազգատոհմը Իսրայէլի մէջ ի՞նչ է, որ թագաւորին փեսայ ըլլամ»։
20. Սաւուղին Մեղքող աղջիկը կը սիրեր Դաւիթը. երբ Սաւուղին իմացուցին, այս բանը անոր աչքերուն հաճոյ երեւցաւ։
21. Սաւուղ ըսաւ. «Ես զանիկա անոր տամ, որպէս զի անոր որոգայթ ըլլայ ու Փղշտացիներուն ձեռքը անոր վրայ ըլլայ»։ Ուստի Սաւուղ Դաւիթին ըսաւ. «Ինծի երկրորդ փեսայ եղիր»։
22. Սաւուղ իր ծառաներուն հրամայեց, որ Դաւիթին հետ ծածկաբար խօսին ու ըսեն. «Ահա թագաւորը քեզի հաւներ է ու անոր բոլոր ծառաները քեզ կը սիրեն. ուստի հիմա թագաւորին փեսայ եղիր»։
23. Սաւուղին ծառաները այս խօսքերը Դաւիթին ականջներուն խօսեցան։ Դաւիթ ըսաւ. «Թագաւորին փեսայ ըլլալը ձեր աչքին պզտի՞կ բան կ’երեւնայ. քանզի ես աղքատ ու աննշան մարդ մըն եմ»։
24. Սաւուղին ծառաները իրեն իմացուցին ու ըսին. «Դաւիթ այսպէս խօսեցաւ»։
25. Սաւուղ ըսաւ. «Դաւիթին այսպէս ըսէք. ‘Թագաւորը ուրիշ օժիտ չուզեր, բայց միայն Փղշտացիներէն հարիւր անթլփատութիւն, որպէս զի թագաւորին թշնամիներէն վրէժ առնուի’» (Սաւուղ կը խորհէր Դաւիթը Փղշտացիներու ձեռքը մատնել՝ ՝)։
26. Ու երբ անոր ծառաները այս խօսքերը Դաւիթին իմացուցին, Դաւիթին աչքերուն աղէկ երեւցաւ թագաւորին փեսայ ըլլալը,
27. Ուստի օրերուն լմննալէն առաջ՝ Դաւիթ ելաւ ու իր մարդոցմով գնաց եւ Փղշտացիներէն երկու հարիւր մարդ մեռցուց ու Դաւիթ անոնց անթլփատութիւնները բերաւ ու զանոնք լման թագաւորին տուին, որպէս զի թագաւորին փեսայ ըլլայ։ Սաւուղ իր Մեղքող աղջիկը կնութեան տուաւ անոր։
28. Սաւուղ երբ տեսաւ ու հասկցաւ թէ Տէրը Դաւիթին հետ է ու իր Մեղքող աղջիկը զանիկա կը սիրէ,
29. Սաւուղ ալ աւելի վախցաւ Դաւիթէն։ Սաւուղ շարունակ Դաւիթին թշնամութիւն կ’ընէր։
30. Ու Փղշտացիներու իշխանները ելան ու անոնց ելլելէն ետքը Դաւիթ Սաւուղին բոլոր ծառաներէն աւելի իմաստութեամբ կը վարուէր ու անոր անունը շատ հռչակուեցաւ։
1. Սաւուղ իր որդիին Յովնաթանին ու իր բոլոր ծառաներուն ըսաւ, որ Դաւիթը մեռցնեն։
2. Բայց Սաւուղին որդին՝ Յովնաթան Դաւիթը շատ կը սիրէր ու Յովնաթան Դաւիթին իմացուց ու ըսաւ. «Իմ հայրս Սաւուղ քեզ մեռցնել կ’ուզէ. ուրեմն մինչեւ առտու զգոյշ կեցիր ու ծածուկ տեղ մը նստէ ու պահուէ՛,
3. Իսկ ես ելլեմ եւ քու նստած արտիդ մէջ հօրս քով կենամ ու քեզի համար իմ հօրս խօսիմ եւ ինչ որ իմանամ՝ քեզի պիտի պատմեմ»։
4. Յովնաթան Դաւիթին վրայով աղէկ խօսքեր խօսեցաւ իր հօրը Սաւուղին եւ անոր ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, քու ծառայիդ Դաւիթին դէմ մեղք մի՛ գործեր. քանզի անիկա քեզի դէմ մեղք մը չըրաւ ու անոր գործերը քեզի համար շատ աղէկ են։
5. Վասն զի իր հոգին ձեռքին մէջ դրաւ ու Փղշտացին զարկաւ եւ Տէրը բոլոր Իսրայէլի մեծ փրկութիւն մը շնորհեց։ Դուն տեսար եւ ուրախացար։ Ինչո՞ւ համար Դաւիթը առանց պատճառի մեռցնելով՝ անմեղ արիւն պիտի թափես»։
6. Սաւուղ Յովնաթանին խօսքին մտիկ ըրաւ ու Սաւուղ երդում ըրաւ, ըսելով. «Տէրը կենդանի է, որ անիկա պիտի չմեռցուի»։
7. Յովնաթան Դաւիթը կանչեց ու Յովնաթան այս բոլոր խօսքերը անոր պատմեց եւ Յովնաթան Դաւիթը Սաւուղին տարաւ ու անիկա կրկին անոր առջեւ կը կենար։
8. Նորէն պատերազմ եղաւ ու Դաւիթ ելաւ Փղշտացիներուն հետ պատերազմեցաւ ու անոնց մեծ կոտորած մը ըրաւ։ Անոնք անոր առջեւէն փախան։
9. Սաւուղին վրայ Տէրոջմէն չար ոգի եկաւ եւ անիկա իր տունը կը նստէր ու նիզակը իր ձեռքն էր, Դաւիթ ալ իր ձեռքով նուագարանը կը զարնէր։
10. Եւ Սաւուղ ուզեց, որ Դաւիթը նիզակով զարնէ ու պատին գամէ. բայց անիկա Սաւուղին երեսէն մէկդի քաշուեցաւ։ Սաւուղ նիզակը պատին զարկաւ, բայց Դաւիթ փախաւ եւ այն գիշերը ազատեցաւ։
11. Բայց Սաւուղ Դաւիթին տունը մարդիկ ղրկեց, որպէս զի զանիկա պաշարեն ու առաւօտուն մեռցնեն։ Սակայն Դաւիթին կինը՝ Մեղքող՝ անոր իմացուց ու ըսաւ. «Եթէ այս գիշեր քու անձդ չապրեցնես, վաղը քեզ պիտի մեռցնեն»։
12. Ուստի Մեղքող Դաւիթը պատուհանէն վար իջեցուց եւ անիկա փախաւ գնաց ու ազատեցաւ։
13. Ու Մեղքող արձան մը առաւ եւ զանիկա անկողինին մէջ դրաւ ու անոր գլխուն տակ այծի մազէ բարձ մը դրաւ եւ զանիկա ծածկոցով մը ծածկեց։
14. Ու երբ Սաւուղ մարդիկ ղրկեց Դաւիթը բռնելու համար, անիկա ըսաւ. «Հիւանդ է»։
15. Սաւուղ նորէն մարդիկ ղրկեց Դաւիթը տեսնելու համար ու ըսաւ. «Զանիկա մահիճովը ինծի բերէք, որպէս զի մեռցնեմ»։
16. Երբ մարդիկը եկան, անկողնին մէջ արձան մը կար ու գլխուն տակ այծի մազէ բարձ մը։
17. Եւ Սաւուղ Մեղքողին ըսաւ. «Զիս ինչո՞ւ համար այսպէս խաբեցիր ու իմ թշնամիս թող տուիր որ ազատուի»։ Մեղքող Սաւուղին ըսաւ. «Անիկա ինծի ըսաւ. ‘Թող տուր զիս որպէս զի երթամ. ինչո՞ւ մեռցնեմ քեզ’»։
18. Այսպէս փախաւ Դաւիթ ու ազատեցաւ եւ Ռամա գնաց Սամուէլին քով ու անոր պատմեց այն ամէնը՝ որ Սաւուղ ըրեր էր իրեն։ Անիկա Սամուէլին հետ գնաց ու Նաւաթի մէջ բնակեցան։
19. Սաւուղին իմացուցին ու ըսին. «Ահա Դաւիթ Ռամայի Նաւաթին մէջ է»։
20. Այն ատեն Սաւուղ մարդիկ ղրկեց որպէս զի Դաւիթը բռնեն ու անոնք մարգարէութիւն ընող մարգարէներուն խումբը եւ անոնց վրայ կեցող Սամուէլը երբ տեսան, Աստուծոյ Հոգին Սաւուղին ղրկած մարդոց վրայ եկաւ ու անոնք ալ մարգարէութիւն ըրին։
21. Երբ Սաւուղին իմացուցին, ուրիշ մարդիկ ղրկեց։ Անոնք ալ մարգարէութիւն ըրին։ Սաւուղ նորէն երրորդ անգամ մարդիկ ղրկեց։ Անոնք ալ մարգարէութիւն ըրին։
22. Այն ատեն ինք ալ Ռամա գնաց ու մինչեւ Սոկքովի մեծ ջրհորը գալով, հարցուց ու ըսաւ. «Սամուէլ ու Դաւիթ ո՞ւր են»։ Եւ մարդ մը ըսաւ. «Ահա անոնք Ռամայի Նաւաթն են»։
23. Ուստի Ռամայի Նաւաթը գնաց եւ անոր վրայ ալ Աստուծոյ Հոգին եկաւ ու մինչեւ Ռամայի Նաւաթը հասնիլը ճամբան երթալով մարգարէութիւն կ’ընէր։
24. Եւ անիկա ալ իր լաթերը հանեց ու Սամուէլին առջեւ ինքն ալ մարգարէութիւն ըրաւ եւ այն բոլոր օրը ու բոլոր գիշերը մերկ ինկաւ գետինը. անոր համար ըսուեցաւ. «Սաւո՞ւղ ալ մարգարէներուն մէջ է»։
1. Իրաւցընէ անբարբառ արդարութի՞ւն կը խօսիք, Ուղղութիւնով դատաստա՞ն կը տեսնէք, ո՛վ մարդոց որդիներ։
2. Արդարեւ սրտով անօրէնութիւններ կը գործէք, Երկրի վրայ ձեռքերով բռնութիւն կը բանեցնէք։
3. Ամբարիշտները իրենց մօրը արգանդէն խոտորեցան, Որովայնէն մոլորեցան եւ սուտ խօսեցան։
4. Անոնց թոյնը օձի թոյնի պէս է, Խուլ իժի պէս, որ կը գոցէ իր ականջները,
5. Որ չի լսեր թովիչներուն ձայնը, Թէեւ վարպետութեամբ կը հմայեն։
6. Ո՛վ Աստուած, անոնց ակռաները իրենց բերաններուն մէջ փշրէ։ Ո՛վ Տէր, առիւծի կորիւններուն ժանիքները կոտրտէ։
7. Թող անոնք հալին ջուրերու պէս, որ կը հոսին. Երբ իրենց աղեղները լարեն, թող կոտրտին։
8. Խխունջի պէս՝ որ քալած ատենը կը հալի, Կնոջ մը վիժած զաւակին պէս արեւը չտեսնեն։
9. Ձեր կաթսաներուն՝ փուշերուն կրակը զգալէն առաջ, Թէ՛ թարմ եւ թէ՛ այրուող փուշերը փոթորիկով պիտի ցրուէ։
10. Արդարը պիտի ուրախանայ, երբ վրէժխնդրութիւնը տեսնէ. Իր ոտքերը ամբարշտին արիւնին մէջ պիտի լուայ։
11. Ու մարդը պիտի ըսէ. «Իրաւցընէ արդարին համար վարձք կայ. Իրաւցընէ Աստուած կայ, որ երկրի վրայ դատաւոր է»։
27. Ագահութեան անձնատուր եղողը իր տունը խռովութեան մէջ կը ձգէ, Բայց կաշառքներէ զզուողը պիտի ապրի։
28. Արդարին սիրտը տրուելիք պատասխանին վրայ կը մտածէ Բայց ամբարիշտներուն բերանէն չարիք կը բղխի։
29. Տէրը ամբարիշտներէն հեռու է, Բայց արդարներուն աղօթքը կը լսէ։
30. Աչքերուն լոյսը սիրտը կ’ուրախացնէ, Բարի լուրը ոսկորները կը գիրցնէ։
1. Մէկշաբթի օրը առտուն շատ կանուխ, կիները գերեզման գացին ու տարին այն խունկերը որոնք պատրաստեր էին եւ ուրիշ կիներ ալ անոնց հետ։
2. Ու քարը գերեզմանէն մէկդի գլորուած գտան։
3. Ներս մտնելով՝ Տէր Յիսուսին մարմինը չգտան։
4. Երբ դեռ անոնք այս բանին համար տարակուսանքի մէջ էին, ահա երկու մարդիկ լուսափայլ հանդերձներով հասան անոնց։
5. Երբ վախով լեցուած՝ երեսնին դէպի գետինը ծռեցին, այն մարդիկը ըսին անոնց. «Ինչո՞ւ համար ողջը մեռելներուն հետ կը փնտռէք.
6. Հոս չէ ան, հապա յարութիւն առաւ. մտքերնիդ բերէք թէ ի՛նչ ըսաւ ձեզի, երբ դեռ Գալիլիայի մէջ էր.
7. ‘Որդին մարդոյ պէտք է որ մեղաւոր մարդոց ձեռքը մատնուի ու խաչը ելլէ ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ’»։
8. Մտքերնին բերին անոր խօսքերը։
9. Ու գերեզմանէն դառնալով՝ այս բոլոր պատմեցին տասնըմէկին եւ ուրիշներու։
10. Այս կիներն էին Մարիամ Մագդաղինացին ու Յովհաննան եւ Յակոբոսին մայրը Մարիամը ու անոնց հետ ուրիշներ ալ, որոնք այս բաները առաքեալներուն պատմեցին։
11. Բայց անոնց առջեւ ցնորական խօսքեր երեւցաւ ըսուածը ու չէին հաւատար անոնց։
12. Բայց Պետրոս ելաւ վազեց դէպի գերեզմանը ու ծռելով նայեցաւ եւ տեսաւ որ միայն կտաւները կը կենային ու գնաց՝ իր մտքին մէջ զարմանալով այն եղածին վրայ։
13. Աշակերտներէն երկուքը նոյն օրը գիւղ մը կ’երթային, որ Երուսաղէմէն վաթսուն ասպարէզ հեռու էր, անոր անունը Էմմաուս էր։
14. Անոնք կը խօսէին իրարու հետ այս բոլոր եղած անցքերուն վրայով։
15. Երբ անոնք կը խօսակցէին ու խորհրդածութիւն կ’ընէին, Յիսուս՝ ինքն ալ մօտենալով՝ անոնց հետ կ’երթար։
16. Բայց անոնց աչքերը բռնուած էին, որպէս զի զինք չճանչնան։
17. Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ են այդ խօսքերը՝ որ քալելով իրարու հետ կը խօսակցիք ու տրտմած ալ էք»։
18. Պատասխան տուաւ անոնցմէ մէկը, որուն անունը Կղէովպաս էր ու ըսաւ անոր. «Դո՞ւն միայն Երուսաղէմի մէջ կաս ու չես գիտեր թէ ինչե՜ր եղան հոն այս օրերս»։
19. Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ»։ Անոնք ալ ըսին իրեն. «Նազովրեցի Յիսուսին համար, որ Աստուծոյ եւ բոլոր ժողովուրդին առջեւ գործով ու խօսքով զօրաւոր մարգարէ մը եղաւ.
20. Ի՛նչպէս քահանայապետները ու մեր իշխանները մահուան մատնեցին զանիկա եւ խաչը հանեցին։
21. Իսկ մենք կը յուսայինք որ անիկա էր, որ Իսրայէլը պիտի ազատէր։ Այս ամենուն վրայ այս երրորդ օրն է, որ այս բաները եղան։
22. Բայց մեր մէջէն մէկ քանի կիներ ալ մեզ զարմացուցին։ Անոնք առտու կանուխ գերեզմանը գացին
23. Բայց անոր մարմինը չգտնելով՝ եկան ու ըսին թէ հրեշտակներու տեսիլք ալ տեսան, որոնք ըսեր են թէ՝ ‘Անիկա ողջ է’։
24. Մերիններէն մէկ քանիներն ալ գերեզմանը գացին ու այնպէս գտան, ինչպէս այն կիները ըսին, միայն թէ զինք չտեսան»։
25. Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ո՛վ անմիտներ ու թուլասիրտներ, հաւատալու այն բոլոր բաներուն, որոնք մարգարէները խօսեցան.
26. Չէ՞ որ Քրիստոս պէտք էր այս չարչարանքները կրէր եւ իր փառքը մտնէր»։
27. Ու սկսելով Մովսէսէն ու բոլոր մարգարէներէն, կը մեկնէր անոնց, ինչ որ իրեն համար բոլոր գրքերուն մէջ գրուած էր։
28. Երբ մօտեցան այն գիւղին՝ ուր կ’երթային, ինք ալ ցուցուց որպէս թէ աւելի հեռու տեղ մը պիտի երթար։
29. Բայց ստիպեցին ու ըսին. «Մեր քո՛վ կեցիր, վասն զի իրիկունը մօտ է եւ օրը իջած։ Ան մտաւ անոնց հետ։
30. Երբ ինք անոնց հետ սեղան նստաւ, հաց առաւ, օրհնեց ու կտրելով տուաւ անոնց։
31. Այն ատեն անոնց աչքերը բացուեցան ու զինք ճանչցան եւ ինք անոնցմէ աներեւոյթ եղաւ։
32. Իրարու կ’ըսէին. «Չէ՞ որ սրտերնիս մեր ներսիդին կը բորբոքէին, երբ ինք մեզի հետ կը խօսէր ճամբան եւ գրքերը կը մեկնէր»։
33. Նոյն ժամուն Երուսաղէմ դարձան ու մէկտեղ ժողվուած գտան տասնըմէկը ու անոնց հետ եղողները,
34. Որոնք կ’ըսէին թէ ‘Իրաւցընէ Տէրը յարութիւն առաւ ու Սիմոնին երեւցաւ’։
35. Եւ իրենք պատմեցին ինչ որ ճամբան պատահեցաւ եւ թէ ի՛նչպէս ինքզինք իրենց ճանչցուց հացը կտրած ատենը։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981