Աստվածաշունչը մեկ տարում
Հունիս 1

1. Սողոմոն թագաւորը Փարաւոնին աղջիկէն զատ շատ օտարազգի կիներ, այսինքն Մովաբացի, Ամմոնացի, Եդովմայեցի, Սիդոնացի ու Քետացի կիներ սիրեց.
2. Այն ազգերէն՝ որոնց համար Տէրը Իսրայէլին որդիներուն ըսեր էր. «Անոնց քով մի՛ մտնէք ու անոնք ալ ձեր քով թող չմտնեն, որպէս զի ձեր սրտերը իրենց աստուածներուն չդարձնեն»։ Սողոմոն սիրով անոնց յարեցաւ։
3. Անիկա եօթը հարիւր իշխանազուն կին ու երեք հարիւր հարճ ունէր ու անոր կիները անոր սիրտը խոտորցուցին։
4. Սողոմոնին ծերութեան ժամանակը անոր կիները անոր սիրտը օտար աստուածներու դարձուցին ու անոր սիրտը իր Տէր Աստուծոյն հետ իր հօրը Դաւիթին սրտին պէս կատարեալ չէր։
5. Սողոմոն Սիդոնացիներու աստուծոյն Աստարովթին ետեւէն ու Ամմոնացիներուն գարշելի Մեղքոմին ետեւէն գնաց։
6. Սողոմոն Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Տէրոջը ետեւէն իր հօրը Դաւիթին պէս կատարեալ սրտով չգնաց։
7. Այն ատեն Սողոմոն Երուսաղէմի առջեւի լերանը վրայ Մովաբացիներուն գարշելի Քամովսին համար բարձր տեղ մը շինեց ու Ամմոնացիներուն գարշելի Մողոքին համար ալ։
8. Իր բոլոր օտարազգի կիներուն համար ալ այնպէս ըրաւ, որոնք իրենց աստուածներուն խունկ կը ծխէին ու զոհ կը մատուցանէին։
9. Տէրը Սողոմոնին բարկացաւ, վասն զի անիկա իր սիրտը խոտորցուց Իսրայէլի Տէր Աստուծմէն, որ երկու անգամ իրեն երեւցաւ։
10. Եւ պատուիրեց որ ուրիշ աստուածներու ետեւէն չերթայ. բայց անիկա Տէրոջը պատուէրը չպահեց։
11. Տէրը Սողոմոնին ըսաւ. «Որովհետեւ դուն այսպէս ըրիր՝ ՝ եւ իմ ուխտս ու քեզի պատուիրած կանոններս չպահեցիր, քու թագաւորութիւնդ անշուշտ քեզմէ պիտի առնեմ ու զանիկա քու ծառայիդ պիտի տամ։
12. Միայն թէ այս բանը քու օրերուդ մէջ չեմ ըներ՝ քու հօրդ Դաւիթին համար, բայց զանիկա քու որդիիդ ձեռքէն պիտի պատռեմ։
13. Սակայն բոլոր թագաւորութիւնը պիտի չպատռեմ, հապա իմ ծառայիս Դաւիթին համար ու իմ ընտրած Երուսաղէմիս համար քու որդիիդ ցեղ մը պիտի պահեմ»։
14. Տէրը Սողոմոնին դէմ թշնամի մը հանեց, այսինքն Եդովմի թագաւորին սերունդէն Եդովմայեցի Ադադը.
15. Վասն զի Դաւիթ Եդովմի մէջ եղած ատենը, երբ Յովաբ զօրագլուխը մեռցուածները թաղելու համար ելաւ ու Եդովմի մէջ բոլոր արուները մեռցուց,
16. (Որովհետեւ Յովաբ բոլոր Իսրայէլի հետ վեց ամիս նստաւ, մինչեւ որ Եդովմայեցիներուն բոլոր արուները մեռցուց,)
17. Այն ատեն Ադադ իր հօրը քանի մը Եդովմայեցի ծառաներու հետ փախաւ, որպէս զի Եգիպտոս երթայ։ Ադադ դեռ պզտիկ տղայ էր։
18. Անոնք Մադիամէն ելան ու Փառան գացին, Փառանէն իրենց հետ մարդիկ առին ու Եգիպտոս գացին Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին, որ անոր տուն տուաւ ու անոր ռոճիկ կապեց ու անոր հող տուաւ։
19. Ադադ Փարաւոնին առջեւ շատ շնորհք գտաւ ու Փարաւոն իր կնոջ քոյրը, Թահփենէս թագուհիին քոյրը, անոր կնութեան տուաւ։
20. Թահփենէսի քոյրը Ադադին որդի մը ծնաւ, որ Գանեբաթ կոչուեցաւ ու Թահփենէս զանիկա Փարաւոնին տանը մէջ մեծցուց։ Գանեբաթ Փարաւոնին տունը Փարաւոնին որդիներուն մէջ էր։
21. Երբ Ադադ Եգիպտոսի մէջ լսեց թէ Դաւիթ իր հայրերուն հետ քնացեր է ու Յովաբ զօրապետը մեռեր է, Ադադ Փարաւոնին ըսաւ. «Արձակէ՛ զիս, որպէս զի իմ երկիրս երթամ»։
22. Փարաւոն անոր ըսաւ. «Իմ քովս քու ի՞նչդ պակաս է, որ քու երկիրդ երթալ կ’ուզես»։ Անիկա ըսաւ. «Ո՛չ, բանի մը կարօտութիւն չունիմ, բայց անպատճառ արձակէ՛ զիս»։
23. Աստուած անոր դէմ ուրիշ թշնամի մըն ալ հանեց, այսինքն Եղիադայի որդին Ռազոնը, որ իր տիրոջը Սուբայի Ադրազար թագաւորին քովէն փախեր էր։
24. Անիկա իր քով մարդիկ հաւաքեց եւ գնդապետ եղաւ ու երբ Դաւիթ զանոնք կոտորեց, Դամասկոս գացին ու հոն բնակեցան ու Դամասկոսի մէջ զինք թագաւոր ըրին։
25. Ուստի Ռազոն Սողոմոնին բոլոր օրերուն մէջ Իսրայէլին թշնամի եղաւ։ Ադադին ըրած չարութեան պէս Իսրայէլին նեղութիւն կու տար եւ Ասորիներուն վրայ կը թագաւորէր։
26. Սողոմոնին ծառան՝ Սարեդայէ Եփրաթացի Նաբատի որդին Յերոբովամն ալ՝ որուն մայրը որբեւարի կին մըն էր Սարուա անունով, թագաւորին դէմ ելաւ։
27. Թագաւորին դէմ ելլելուն պատճառը այս էր։ Սողոմոն Մելօնը շինեց եւ իր հօրը Դաւիթին քաղաքին փլած տեղը գոցեց։
28. Յերոբովամ խիստ ուժեղ մարդ մըն էր։ Սողոմոն տեսնելով որ անիկա գործունեայ կտրիճ մըն է, զանիկա Յովսէփին տանը բոլոր գործաւորներուն վրայ դրաւ։
29. Այն ժամանակ երբ Յերոբովամ Երուսաղէմէն դուրս ելաւ ու ճամբուն մէջ Սիլօնացի Աքիա մարգարէն անոր հանդիպեցաւ, անիկա նոր վերարկու մը հագեր էր։ Դաշտին մէջ երկուքը մինակ էին։
30. Աքիա անոր վրայի նոր վերարկուն բռնեց, զանիկա պատռեց տասներկու կտոր ըրաւ։
31. Եւ Յերոբովամին ըսաւ. «Տասը կտորը քեզի առ. քանզի Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա Սողոմոնին ձեռքէն թագաւորութիւնը պիտի պատռեմ ու տասը ցեղը քեզի պիտի տամ
32. Եւ իմ ծառայիս Դաւիթին համար ու Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն ընտրուած Երուսաղէմ քաղաքին համար, ցեղ մը անոր ըլլայ,
33. Որովհետեւ զիս թողուցին ու Սիդոնացիներուն աստուծոյն Աստարովթին եւ Մովաբացիներու աստուծոյն Քամովսին երկրպագութիւն ըրին եւ իմ ճամբաներուս մէջ չքալեցին, որ իր հօրը Դաւիթին պէս իմ առջեւս ուղիղ եղածն ու իմ կանոններս ու պատուիրանքներս գործադրեն։
34. Սակայն անոր ձեռքէն բոլոր թագաւորութիւնը պիտի չառնեմ ու զանիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ իշխան պիտի թողում՝ իմ պատուիրանքներս ու կանոններս պահող իմ ընտրած ծառայիս Դաւիթին համար։
35. Բայց անոր որդիին ձեռքէն թագաւորութիւնը պիտի առնեմ ու տասը ցեղը քեզի պիտի տամ։
36. Եւ անոր որդիին ցեղ մը պիտի տամ, որպէս զի իմ ծառաս Դաւիթ իմ առջեւս միշտ ճրագ մը ունենայ Երուսաղէմ քաղաքին մէջ, որ ընտրեցի իմ անունս հոն դնելու համար։
37. Քեզ պիտի առնեմ եւ սրտիդ բոլոր ուզածին պէս թագաւորութիւն պիտի ընես ու Իսրայէլի վրայ թագաւոր պիտի ըլլաս։
38. Եթէ իմ բոլոր պատուիրածներուս հնազանդութիւն ընես ու իմ ճամբաներուս մէջ քալես եւ իմ ծառայիս Դաւիթին ըրածին պէս՝ իմ կանոններս ու պատուիրանքներս պահելով՝ իմ առջեւս ուղիղ եղածը ընես, այն ատեն ես քեզի հետ պիտի ըլլամ ու քեզի մնայուն տուն մը պիտի շինեմ, ինչպէս Դաւիթին շինեցի ու Իսրայէլը քեզի պիտի տամ։
39. Եւ ասոր համար Դաւիթին սերունդը պիտի չարչարեմ, բայց ոչ՝ միշտ’»։
40. Սողոմոն Յերոբովամը մեռցնել ուզեց, բայց Յերոբովամ Եգիպտոս փախաւ ու Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորին քով գնաց ու մինչեւ Սողոմոնին մահը Եգիպտոս մնաց։
41. Սողոմոնին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր ըրածներն ու անոր իմաստութիւնը՝ ահա Սողոմոնին պատմութեան գրքին մէջ գրուած են։
42. Սողոմոնին Երուսաղէմի մէջ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրած օրերը քառասուն տարի եղան։
43. Ու Սողոմոն իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ իր հօրը Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր որդին Ռոբովամ անոր տեղ թագաւոր եղաւ։
1. Ռոբովամ Սիւքէմ գնաց, վասն զի բոլոր Իսրայէլ զանիկա թագաւոր ընելու համար Սիւքէմ գացեր էր։
2. Նաբատեան Յերոբովամ, որ Սողոմոն թագաւորին երեսէն փախած Եգիպտոս կը բնակէր, դեռ Եգիպտոսի մէջ էր, երբ այս բանը լսեց։
3. Մարդ ղրկելով զանիկա կանչեցին։ Յերոբովամ եւ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը եկան ու Ռոբովամին հետ խօսեցան ու ըսին.
4. «Քու հայրդ մեր վրայ ծանր լուծ մը դրաւ։ Դուն հիմա քու հօրդ խիստ ծառայութիւնն ու մեր վրայ դրած ծանր լուծը թեթեւցուր ու քեզի ծառայութիւն ընենք»։
5. Անիկա ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք ու երեք օր ետքը ինծի դարձէ՛ք»։ Ժողովուրդը գնաց։
6. Ռոբովամ թագաւորը խորհուրդ հարցուց այն ծերերուն, որոնք իր հօրը Սողոմոնին առջեւ կը կայնէին, երբ անիկա ողջ էր ու ըսաւ. «Դուք ինծի ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխան տամ»։
7. Անոնք խօսեցան ու ըսին. «Եթէ դուն այսօր այս ժողովուրդին ծառայ ըլլաս ու անոնց ծառայութիւն ընես եւ անոնց բարի խօսքեր ըսելով պատասխան տաս, այն ատեն անոնք քեզի միշտ ծառայ կ’ըլլան»։
8. Բայց անիկա ծերերուն իրեն տուած խորհուրդը մերժեց ու իր առջեւ կեցող ու իրեն հետ մեծցած երիտասարդներուն խորհուրդ հարցուց
9. Եւ անոնց ըսաւ. «Դուք ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխան տամ, քանզի անոնք ինծի խօսեցան ու ըսին. ‘Քու հօրդ մեր վրայ դրած լուծը թեթեւցուր’»։
10. Անոր հետ մեծցած երիտասարդները անոր խօսեցան ու ըսին. «‘Քու հայրդ մեր լուծը ծանրացուց, բայց դուն մեր վրայէն թեթեւցուր’ ըսող ժողովուրդին այսպէս խօսի՛ր ու անոնց այսպէս ըսէ՛. ‘Իմ պզտիկ մատս իմ հօրս մէջքէն հաստ է։
11. Իմ հայրս ձեր վրայ ծանր լուծ դրեր էր, բայց ես ձեր լուծը աւելի պիտի ծանրացնեմ։ Իմ հայրս ձեզ խարազաններով խրատեր էր, բայց ես ձեզ կարիճներով պիտի խրատեմ’»։
12. Յերոբովամ ու բոլոր ժողովուրդը երրորդ օրը Ռոբովամին եկան, ինչպէս թագաւորը ըսեր էր թէ ‘Երրորդ օրը ինծի եկէք’։
13. Ու թագաւորը ժողովուրդին խստութեամբ պատասխան տուաւ եւ ծերերուն իրեն տուած խրատը մերժելով,
14. Երիտասարդներուն խորհուրդին պէս անոնց հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Իմ հայրս ձեր լուծը ծանրացուցեր էր, բայց ես ձեր լուծը աւելի պիտի ծանրացնեմ։ Իմ հայրս ձեզ խարազաններով խրատեր էր, բայց ես ձեզ կարիճներով պիտի խրատեմ»։
15. Թագաւորը ժողովուրդին խօսքին մտիկ չըրաւ, վասն զի այս բանը Տէրոջմէն եղաւ, որպէս զի Տէրը Սիլօնացի Աքիային միջոցով Նաբատեան Յերոբովամին ըսած խօսքը հաստատէ։
16. Երբ բոլոր Իսրայէլ տեսաւ թէ թագաւորը իրենց մտիկ չըրաւ, ժողովուրդն ալ թագաւորին պատասխան տուին ու ըսին. «Մենք Դաւիթին քով ի՞նչ բաժին ունինք ու Յեսսէի որդիին քով ժառանգութիւն չունինք։ Ո՛վ Իսրայէլ, ձեր վրանները դարձէք ։ Ո՛վ Դաւիթ, հիմա դուն քու տունդ հոգայ»։ Իսրայելացիները իրենց վրանները գացին։
17. Բայց Յուդայի քաղաքներուն մէջ բնակող Իսրայէլի որդիներուն վրայ Ռոբովամ թագաւոր եղաւ։
18. Ռոբովամ թագաւորը երբ հարկերուն վրայ եղող Ադորամը ղրկեց, բոլոր Իսրայէլ զանիկա քարերով քարկոծեցին ու մեռցուցին։ Ռոբովամ թագաւորը արտորալով կառքը հեծաւ, որպէս զի Երուսաղէմ փախչի։
19. Այսպէս Իսրայէլ Դաւիթին տանը դէմ ապստամբեցաւ։
20. Բոլոր Իսրայէլ Յերոբովամին դառնալը լսելով՝ մարդ ղրկեցին ու զանիկա ժողովի կանչեցին եւ զանիկա բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր դրին ու Յուդայի ցեղէն զատ Դաւիթին տանը ուրիշ հետեւող մը չկար։
21. Ռոբովամ Երուսաղէմ մտաւ ու բոլոր Յուդայի տունէն ու Բենիամինի ցեղէն հարիւր ութսուն հազար ընտիր պատերազմողներ հաւաքեց, որ Իսրայէլի տանը հետ պատերազմին ու թագաւորութիւնը Սողոմոնի որդիին Ռոբովամին դարձնեն։
22. Բայց Աստուած խօսեցաւ Աստուծոյ մարդուն՝ Սեմայիային՝ ըսելով.
23. «Սողոմոնի որդիին՝ Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին ու բոլոր Յուդայի տանը ու Բենիամինին եւ մնացորդ ժողովուրդին խօսիր ու ըսէ՛՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
24. ‘Մի՛ ելլէք ու Իսրայէլի որդիներուն, ձեր եղբայրներուն հետ մի՛ պատերազմիք։ Ամէն մարդ թող իր տունը դառնայ. վասն զի այս բանը ինծմէ եղաւ’»։ Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրին ու Տէրոջը ըսածին պէս ետ դարձան։
25. Յերոբովամ Եփրեմին լերանը վրայ Սիւքէմը շինեց ու հոն բնակեցաւ։ Անկէ ելաւ, Փանուէլը շինեց։
26. Յերոբովամ իր սրտին մէջ ըսաւ. «Հիմա թագաւորութիւնը Դաւիթին տանը պիտի դառնայ։
27. Եթէ այս ժողովուրդը Երուսաղէմ Տէրոջը տունը ելլէ զոհ ընելու համար, այն ատեն այս ժողովուրդին սիրտը իրենց տիրոջը՝ Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին՝ պիտի դառնայ եւ զիս պիտի մեռցնեն ու Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին պիտի դառնան»։
28. Թագաւորը խորհուրդ ըրաւ ու երկու հատ ոսկիէ հորթ շինեց ու անոնց ըսաւ. « Ասկէ յետոյ Երուսաղէմ պէտք չէ ելլէք՝ ՝, ո՛վ Իսրայէլ, ահա քու աստուածներդ՝ որոնք քեզ Եգիպտոսէն հանեցին»։
29. Մէկը Բեթէլի մէջ դրաւ ու միւսն ալ Դանի մէջ դրաւ։
30. Այս բանը մեղքի պատճառ եղաւ. վասն զի ժողովուրդը մինչեւ Դան կ’երթար այս հորթերէն մէկուն առջեւ երկրպագութիւն ընելու համար ։
31. Բարձր տեղերու վրայ կռատուններ շինեց ու ժողովուրդին ցած մարդոցմէն քուրմեր նշանակեց, որոնք Ղեւիի որդիներէն չէին։
32. Ու Յերոբովամ ութերորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը, Յուդայի մէջ պահուած տօնին պէս սահմանեց ու սեղանին վրայ զոհեր մատուցանեց։ Բեթէլի մէջ այսպէս ըրաւ ու իր շինած հորթերուն զոհեր մատուցանեց եւ բարձր տեղերուն համար նշանակած քուրմերը Բեթէլի մէջ դրաւ։
33. Ու իր մտքէն հնարած ամսուան մէջ, այսինքն ութերորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը, Բեթէլի մէջ իր շինած սեղանին վրայ զոհեր մատուցանեց ու Իսրայէլի որդիներուն տօն սահմանեց։ Սեղանին վրայ զոհեր մատուցանելով խունկ ծխեց՝ ՝։
5. Ո՛վ Աստուած, իմ յիմարութիւնս դո՛ւն գիտես Ու յանցանքներս քեզմէ ծածկուած չեն։
6. Քեզի համբերողները իմ պատճառովս թող ամչնան, Ո՛վ Տէր, զօրաց Տէր, Քեզ փնտռողները իմ պատճառովս թող ամօթով չըլլան, Ո՛վ Իսրայէլի Աստուածը։
7. Վասն զի քեզի համար նախատինքի համբերեցի, Ամօթը ծածկեց իմ երեսս։
8. Եղբայրներուս՝ օտար Ու մօրս որդիներուն անծանօթ եղայ։
9. Վասն զի քու տանդ նախանձը զիս կերաւ Ու քեզ նախատողներուն նախատինքները իմ վրաս ինկան։
10. Իմ անձս խոնարհեցուցի ծոմ պահելով, Ասիկա ինծի նախատինք սեպուեցաւ։
11. Իբր հանդերձ քուրձ հագայ Ու անոնց ծաղրանքի առարկայ եղայ։
12. Դուռը նստողները իմ վրայովս կը խօսին Ու արբեցողները երգեր շինեցին իմ վրաս։
13. Բայց ես իմ աղօթքս կ’ընեմ քեզի, Ո՛վ Տէր, ընդունելի ժամանակին։ Ո՛վ Աստուած, քու մեծ ողորմութիւնովդ, Քու փրկութեանդ ճշմարտութիւնովը ինծի պատասխան տուր։
14. Հանէ՛ զիս ցեխէն, որ չընկղմիմ Եւ զիս ատողներէն ու խորունկ ջուրերէն ազատուիմ։
15. Ջուրերուն յորձանքը թող զիս չընկղմէ Ու անդունդը թող զիս չկլլէ Ու ջրհորը իր բերանը վրաս թող չգոցէ։
20. Ծուռ սիրտ ունեցողը աղէկութիւն չի գտներ Ու նենգաւոր լեզուով մարդը չարիքի մէջ կ’իյնայ։
21. Յիմարը ծնանողը տրտմութիւն կը կրէ Եւ անզգամին հայրը չ’ուրախանար։
22. Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է, Բայց կոտրած սիրտը ոսկորները կը չորցնէ։
1. Յիսուս զատկէն վեց օր առաջ Բեթանիա գնաց, ուր էր Ղազարոսը, որ Յիսուս մեռելներէն յարուցանեց։
2. Հոն՝ անոր ընթրիք մը պատրաստեցին ու Մարթա սպասաւորութիւն կ’ընէր։ Ղազարոս անոր հետ սեղան նստողներէն մէկն էր։
3. Իսկ Մարիամ մէկ լիտր նարդոսի պատուական մեծագին իւղ առնելով, Յիսուսին ոտքերը օծեց ու իր մազերովը անոր ոտքերը սրբեց եւ տունը իւղին անուշահոտութիւնովը լեցուեցաւ։
4. Այն ատեն աշակերտներէն մէկը՝ Իսկարիովտացի Սիմոնեան Յուդան, որ զանիկա պիտի մատնէր, ըսաւ.
5. «Ինչո՞ւ համար այդ իւղը չծախուեցաւ երեք հարիւր դահեկանի, որ աղքատներուն տրուէր»։
6. Ասիկա ըսաւ, թ՛չ թէ աղքատները հոգալուն համար, հապա որ գող էր ու գանձանակը ինք կը պահէր եւ ինչ որ ձգուէր՝ ինք կը կրէր։
7. Իսկ Յիսուս ըսաւ. «Թո՛ղ տուր ատոր, այդ բանը իմ թաղմանս օրուանը համար պահեց։
8. Վասն զի աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ են, բայց ես ամէն ատեն ձեզի հետ պիտի չըլլամ»։
9. Հրեաներէն շատ ժողովուրդ անոր հոն ըլլալը իմացան ու եկան ո՛չ միայն Յիսուսին համար, հապա որպէս զի Ղազարոսն ալ տեսնեն, որ մեռելներէն յարուցանած էր։
10. Իսկ քահանայապետները խորհուրդ ըրին, որ Ղազարոսն ալ մեռցնեն.
11. Վասն զի Հրեաներէն շատեր անոր պատճառաւ կ’երթային ու կը հաւատային Յիսուսին։
12. Հետեւեալ օրը շատ ժողովուրդ, որ տօնին եկած էին, երբ լսեցին թէ Յիսուս Երուսաղէմ կու գայ,
13. Արմաւենիի ոստեր առին ու ելան զանիկա դիմաւորելու եւ կ’աղաղակէին. «Ովսա՛ննա, օրհնեալ է Իսրայէլի թագաւորը՝ որ Տէրոջը անունովը կու գայ»։
14. Յիսուս աւանակ մը գտնելով՝ անոր վրայ նստաւ, ինչպէս գրուած է.
15. «Մի՛ վախնար, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, ահա քու Թագաւորդ կու գայ իշու աւանակի վրայ նստած»։
16. Անոր աշակերտները առաջ չիմացան այն բաները, բայց երբ Յիսուս փառաւորուեցաւ, այն ատեն մտքերնին բերին թէ այս բաները անոր համար գրուած էին եւ թէ իրենք այս բաները ըրին անոր։
17. Իրեն հետ եղող ժողովուրդը կը վկայէր թէ ա՛ն Ղազարոսը գերեզմանէն դուրս կանչեց ու մեռելներէն յարուցանեց զանիկա։
18. Ասոր համար ալ ժողովուրդը զանիկա դիմաւորեց, վասն զի լսեցին թէ անիկա այս հրաշքը ըրած էր։
19. Իսկ փարիսեցիները իրարու կ’ըսէին. «Կը տեսնէ՞ք որ օգուտ մը չենք կրնար ընել. ահա բոլոր աշխարհ անոր ետեւէն գնաց»։
20. Քանի մը Յոյներ կային տօնին երկրպագութիւն ընելու ելլողներուն մէջ։
21. Ասոնք Փիլիպպոսին եկան, որ Գալիլիայի Բեթսայիդայէն էր եւ կ’աղաչէին անոր ու կ’ըսէին. «Տէ՛ր, կ’ուզենք Յիսուսը տեսնել»։
22. Փիլիպպոս եկաւ ու Անդրէասին ըսաւ եւ յետոյ Անդրէաս ու Փիլիպպոս մէկտեղ Յիսուսին ըսին։
23. Յիսուս ալ պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Ժամանակը հասաւ, որ փառաւորուի Որդին մարդոյ։
24. Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ ցորենին հատը հողին մէջ իյնալով չմեռնի, ինք մինակ կը մնայ. բայց եթէ մեռնի, շատ արդիւնք կը բերէ’։
25. Ան որ իր անձը կը սիրէ, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ան որ իր անձը այս աշխարհին մէջ կ’ատէ, յաւիտենական կեանքին համար պիտի պահէ զանիկա։
26. Եթէ մէկը ինծի կը ծառայէ, թող իմ ետեւէս գայ ու ես ո՛ւր որ եմ, իմ ծառաս ալ հոն պիտի ըլլայ. եթէ մէկը ինծի կը ծառայէ, Հայրը պիտի պատուէ զանիկա»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981