Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունիս 102 Թագավորներ 7:1-201. Եղիսէ ըսաւ. «Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Վաղը այս ատեն Սամարիայի դրանը մէջ մէկ գրիւ բարակ ալիւրը մէկ սիկղ արծաթի ու երկու գրիւ գարին մէկ սիկղի պիտի ծախուի ’»։2. Եւ այն զօրապետը, որուն ձեռքին վրայ թագաւորը կը կռթնէր, Աստուծոյ մարդուն պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Եթէ Տէրը երկինքը պատուհաններ ալ շինէ, միթէ ատիկա ըլլալո՞ւ բան է»։ Անիկա ըսաւ. «Դուն քու աչքերովդ պիտի տեսնես, բայց անկէ պիտի չուտես»։3. Դրանը առջեւ չորս բորոտ մարդիկ կային։ Անոնք իրարու ըսին. «Ինչո՞ւ հոս նստինք մինչեւ որ մեռնինք.4. Եթէ քաղաքը մտնենք, քաղաքին մէջ սով կայ ու հոն պիտի մեռնինք։ Եթէ հոս մնանք, նոյնպէս պիտի մեռնինք. ուրեմն եկէք Ասորիներուն բանակը դիմենք. եթէ մեզ ողջ թողուն՝ կ’ապրինք, եթէ մեզ մեռցնեն՝ կը մեռնինք»։5. Եւ մութ ատեն ելան, որպէս զի Ասորիներու բանակը երթան ու մինչեւ բանակին ծայրը գացին, բայց հոն մարդ մը չկար.6. Քանզի Տէրը Ասորիներու բանակին մէջ կառքերու ձայն ու ձիերու ձայն, մեծ զօրքի մը ձայն լսել տուաւ եւ իրարու ըսին. «Ահա Իսրայէլի թագաւորը Քետացիներուն թագաւորներն ու Եգիպտացիներու թագաւորները վարձքով բռնեց, որպէս զի մեր վրայ գան»։7. Ու ելան մութին փախան։ Իրենց վրաններն ու ձիերն ու էշերը եւ բանակը եղածին պէս թողուցին ու իրենց անձը ապրեցնելու համար փախան։8. Այս բորոտները մինչեւ բանակին ծայրը գացին ու վրան մը մտնելով կերան ու խմեցին եւ անկէ արծաթ ու ոսկի ու հանդերձներ վերցուցին ու տարին պահեցին ու ետ դառնալով՝ ուրիշ վրան մը մտան եւ անկէ ալ վերցուցին ու պահեցին։9. Ետքը իրարու ըսին. «Աղէկ չէ մեր ըրածը. այսօր աւետեաց օր է ու մենք լուռ կեցեր ենք. եթէ մինչեւ առաւօտեան լոյսը սպասենք, մեր անօրէնութեանը պատիժը պիտի կրենք՝ ՝. ուստի եկէք երթանք ու թագաւորին տունը պատմենք»։10. Գացին քաղաքին դռնապանին պոռացին ու անոր պատմեցին ու ըսին. «Մենք Ասորիներուն բանակը մտանք եւ հոն մարդ կամ մարդու ձայն չկար, բայց միայն ձիերը կապուած ու էշերը կապուած ու վրաններն ալ այնպէս կեցեր են ։11. Դռնպանները վազեցին ու թագաւորին իմացուցին։12. Թագաւորը գիշերով ելաւ եւ իր ծառաներուն ըսաւ. «Ասորիներուն մեզի ըրած բանը ես ձեզի յայտնեմ։ Անոնք մեր անօթի ըլլալը գիտնալով՝ բանակէն ելած են ու դաշտին մէջ պահուած են՝ ըսելով. ‘Երբ անոնք քաղաքէն դուրս ելլեն՝ զանոնք ողջ բռնենք ու քաղաքը մտնենք’»։13. Անոր ծառաներէն մէկը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Թող այս ձիերէն հինգը առնեն, որոնք միայն մնացած են եւ հատնելու վրայ են բոլոր Իսրայէլի բազմութեանը պէս եւ հոն երթան ու տեսնեն»։14. Ուստի երկու կառք առին իրենց ձիերովը՝ ՝ եւ թագաւորը Ասորիներու բանակին ետեւէն ղրկեց ու ըսաւ. «Գացէ՛ք, նայեցէ՛ք»։15. Անոնք մինչեւ Յորդանան անոնց ետեւէն գացին եւ ահա բոլոր ճամբան լեցուն էր հանդերձներով ու ամաններով, որոնք Ասորիները արտորալով փախած ատեննին ձգեր էին։ Պատգամաւորները ետ դարձան ու թագաւորին պատմեցին։16. Այն ատեն ժողովուրդը ելաւ ու Ասորիներուն բանակը կողոպտեց։ Տէրոջը խօսքին համեմատ մէկ գրիւ բարակ ալիւրը մէկ սիկղ արծաթի ու երկու գրիւ գարին մէկ սիկղի ծախուեցաւ։17. Թագաւորը դրանը վերակացու դրաւ այն զօրապետը, որուն ձեռքին վրայ ինք կը կռթնէր։ Ժողովուրդը դրանը մէջ զանիկա կոխկռտեցին ու մեռաւ, Աստուծոյ մարդուն խօսքին համեմատ, որ ըսեր էր՝ թագաւորին անոր քով իջած ատենը։18. Ու եղաւ այնպէս՝ ինչպէս Աստուծոյ մարդը թագաւորին խօսեր էր՝ ըսելով. «Վաղը այս ատեն Սամարիայի դրանը մէջ երկու գրիւ գարին մէկ սիկղ արծաթի ու մէկ գրիւ բարակ ալիւրը մէկ սիկղի պիտի ծախուի»։19. Այն զօրապետը Աստուծոյ մարդուն պատասխան տուեր ու ըսեր էր. «Եթէ Տէրը երկինքը պատուհաններ ալ շինէ, միթէ ատիկա ըլլալո՞ւ բան է»։ Աստուծոյ մարդը ըսեր էր. «Ահա դուն քու աչքերովդ պիտի տեսնես, բայց անկէ պիտի չուտես»։20. Այդպէս եղաւ անոր, քանզի ժողովուրդը զանիկա դրանը մէջ կոխկռտեցին ու մեռաւ։2 Թագավորներ 8:1-291. Եղիսէ խօսեցաւ այն կնոջ, որուն տղան ողջնցուցեր էր ու ըսաւ. «Ելի՛ր, դուն քու ընտանիքովդ գնա՛ եւ ուր որ կրնաս՝ հոն պանդխտութիւն ըրէ՛, վասն զի Տէրը սովը կանչեց եւ ահա պիտի գայ եօթը տարի այս երկրին վրայ մնալու »։2. Այն կինը ելաւ ու Աստուծոյ մարդուն ըսածին պէս ըրաւ։ Ինք իր ընտանիքովը գնաց ու Փղշտացիներու երկրին մէջ եօթը տարի պանդխտութիւն ըրաւ։3. Եօթը տարին լմննալէն ետքը՝ այն կինը Փղշտացիներուն երկրէն դարձաւ եւ իր տանը համար ու իր արտին համար թագաւորին բողոքելու գնաց։4. Թագաւորը Աստուծոյ մարդուն ծառային Գէեզիին հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Եղիսէին ըրած բոլոր մեծ գործերը ինծի պատմէ»։5. Երբ անիկա թագաւորին կը պատմէր, թէ ի՛նչպէս անիկա մեռած տղան ողջնցուց, տեսաւ այն կինը, որուն տղան ողջնցուցեր էր եւ որ իր տանը համար եւ իր արտին համար թագաւորին կը բողոքէր։ Գէեզին ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, ա՛յս է այն կինը ու ա՛յս է անոր տղան, որ Եղիսէ ողջնցուց»։6. Երբ թագաւորը կնոջ հարցուց, կինը անոր պատմեց։ Թագաւորը ներքինի մը տուաւ անոր ու ըսաւ. «Ասոր բոլոր ստացուածքը, նաեւ երկիրը ձգած օրէն մինչեւ հիմա իր արտին բոլոր արդիւնքը իրեն դարձուր»։7. Եղիսէ Դամասկոս գնաց։ Ասորիներու Բենադադ թագաւորը հիւանդացեր էր։ Թագաւորին պատմեցին ու ըսին թէ ‘Աստուծոյ մարդը հոս եկաւ’։8. Թագաւորը Ազայէլին ըսաւ. «Ձեռքդ ընծայ ա՛ռ ու գնա՛ Աստուծոյ մարդը դիմաւորէ՛ ու անոր միջոցով Տէրոջը հարցուր թէ արդեօք այս հիւանդութենէն պիտի առողջանա՞մ»։9. Ազայէլ Եղիսէն դիմաւորելու գնաց ու ձեռքը ընծայ առաւ, այսինքն Դամասկոսի բոլոր բարիքներէն քառասուն ուղտ բեռնաւորուած։ Գնաց եւ անոր առջեւ կեցաւ ու ըսաւ. «Քու որդիդ Ասորիներու Բենադադ թագաւորը զիս քեզի ղրկեց՝ ըսելով. ‘Արդեօք այս հիւանդութենէն պիտի առողջանա՞մ’»։10. Եղիսէ անոր ըսաւ. «Գնա՛ անոր ըսէ՝ ‘Անշո՜ւշտ պիտի առողջանաս’. բայց Տէրը ինծի ցուցուց, որ անիկա պիտի մեռնի»։11. Աչքերը անթարթափ կերպով տնկեց, մինչեւ որ անիկա ամչցաւ։ Աստուծոյ մարդը լացաւ։12. Ազայէլ ըսաւ. «Իմ տէրս ինչո՞ւ կու լայ»։ Անիկա ըսաւ. «Անոր համար որ Իսրայէլի որդիներուն ընելու չարութիւնդ գիտեմ. անոնց ամրոցները կրակով պիտի այրես ու անոնց կտրիճները սրով պիտի մեռցնես եւ անոնց պզտիկ տղաքը գետինը պիտի զարնես ու յղի կիները պիտի ճեղքես»։13. Ազայէլ ըսաւ. «Ո՞վ է քու ծառադ, շո՞ւն մը, որ այդ մեծ բաները ընէ»։ Ու Եղիսէ ըսաւ. «Տէրը ինծի ցուցուց, որ դուն Ասորիներուն վրայ թագաւոր պիտի ըլլաս»։14. Անիկա Եղիսէին քովէն ելաւ ու իր տիրոջը գնաց։ Թագաւորը հարցուց. «Եղիսէն քեզի ի՞նչ ըսաւ»։ Անիկա ըսաւ. «Եղիսէն ըսաւ թէ անշուշտ պիտի առողջանայ»։15. Հետեւեալ օրը Ազայէլ հաստ լաթ՝ ՝ մը առաւ, ջուրը թաթխեց ու անոր երեսին վրայ փռեց եւ անիկա մեռաւ։ Ազայէլ անոր տեղ թագաւոր եղաւ։16. Իսրայէլի թագաւորին Աքաաբեան Յովրամին հինգերորդ տարին, երբ Յովսափատ դեռ Յուդայի վրայ կը թագաւորէր, Յուդայի Յովսափատ թագաւորին որդին՝ Յովրամ թագաւոր եղաւ։17. Անիկա երեսունըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ։ Երուսաղէմի մէջ ութը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։18. Ասիկա Աքաաբին տանը ըրածին պէս՝ Իսրայէլի թագաւորներուն ճամբան բռնեց. քանզի Աքաաբին աղջիկը ասոր կին եղաւ ու Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։19. Սակայն Տէրը Յուդան կորսնցնել չուզեց՝ իր Դաւիթ ծառային սիրոյն համար, ինչպէս անոր խօսք տուեր էր, որ թէ՛ անոր եւ թէ՛ անոր որդիներուն միշտ ճրագ մը տայ։20. Ասոր օրերը Եդովմայեցիները Յուդայի ձեռքին տակէն ապստամբեցան ու իրենց վրայ թագաւոր մը դրին։21. Յովրամ իր բոլոր կառքերը իրեն հետ առաւ ու Սայիր անցաւ եւ գիշերով ելաւ ու իր չորս կողմը առնող Եդովմայեցիներն ու կառքերու իշխանները զարկաւ եւ ժողովուրդը իրենց վրանները փախան։22. Բայց Եդովմայեցիները Յուդայի ձեռքին տակէն ապստամբեցան մինչեւ այսօր։ Այն ատեն Լեբնա ալ ապստամբեցաւ։23. Յովրամին մնացորդ պատմութիւնն ու բոլոր ըրածները ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։24. Յովրամ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ եւ անոր որդին Ոքոզիա անոր տեղը թագաւոր եղաւ։25. Իսրայէլի Աքաաբեան Յովրամ թագաւորին տասնըերկրորդ տարին Յուդայի Յովրամ թագաւորին որդին Ոքոզիան թագաւոր եղաւ։26. Ոքոզիա քսանըերկու տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ։ Երուսաղէմի մէջ մէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Գոթողիա էր, որ Իսրայէլի Ամրի թագաւորին աղջիկն էր։27. Անիկա Աքաաբին տանը ճամբուն մէջ քալեց ու Աքաաբին տանը պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ, քանզի Աքաաբին տանը փեսան էր։28. Անիկա Աքաաբեան Յովրամին հետ Ասորիներու Ազայէլ թագաւորին վրայ Ռամովթ-Գաղաադ գնաց պատերազմելու համար։ Ասորիները Յովրամը վիրաւորեցին։29. Եւ Յովրամ թագաւորը դարձաւ, որպէս զի Յեզրայէլի մէջ բժշկուի այն վէրքերէն, որոնք Ասորիները անոր տուեր էին Ռամովթի մէջ՝ Ասորիներու Ազայէլ թագաւորին հետ պատերազմ ըրած ատենը։ Յուդայի թագաւորը Յովրամին որդին Ոքոզիան Յեզրայէլ իջաւ, Աքաաբին որդին Յովրամը տեսնելու համար. քանզի անիկա հիւանդ էր։Սաղմոսներ 72:8-168. Ծովէն մինչեւ ծովը պիտի տիրէ անիկա Ու գետէն մինչեւ երկրին ծայրերը։9. Անոր առջեւ անապատին բնակիչները ծունկ պիտի ծռեն Ու անոր թշնամիները փոշի պիտի լզեն։10. Թարսիսի ու կղզիներուն թագաւորները ընծայ պիտի մատուցանեն, Շաբայի ու Սաբայի թագաւորները պարգեւ պիտի բերեն։11. Բոլոր թագաւորները անոր երկրպագութիւն պիտի ընեն, Բոլոր ազգերը անոր պիտի ծառայեն։12. Վասն զի աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը, Խեղճն ալ ու զանիկա ալ, որ օգնական չունի։13. Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին Եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ։14. Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը Եւ անոնց արիւնը պատուական պիտի ըլլայ իր առջեւ։15. Պիտի ապրի եւ Շաբայի ոսկիէն անոր պիտի տրուի Ու ամէն ատեն աղօթք պիտի մատուցանուի անոր։ Ամէն օր պիտի օրհնեն զանիկա։16. Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ։ Լեռներուն գլուխը, Անոր պտուղը Լիբանանի պէս պիտի ըլլայ։ Գետնի խոտին պէս պիտի ծաղկին քաղաքացիները։Առակներ 18:12-1312. Կոտորածէն առաջ մարդուն սիրտը կը հպարտանայ, Բայց փառքին առջեւէն խոնարհութիւնը կ’երթայ ։13. Ո՛վ որ բան մը չլսած պատասխան կու տայ, Յիմարութիւն ու նախատինք է իրեն։Ջոն 18:19-4019. Քահանայապետը Յիսուսին հարցուց իրեն աշակերտներուն ու վարդապետութեանը վրայով։20. Յիսուս պատասխան տուաւ անոր. «Ես աշխարհին յայտնի խօսեցայ. ես ամէն ատեն ժողովարաններուն մէջ ու տաճարին մէջ սորվեցուցի, ուր բոլոր Հրեաները կը հաւաքուէին ու ծածուկ բան մը չխօսեցայ։21. Ինչո՞ւ ինծի կը հարցնես, լսողներուն հարցուր թէ ի՞նչ խօսեցայ իրենց. ահա ինչ որ խօսեցայ՝ գիտեն իրենք»։22. Երբ ասիկա ըսաւ, սպասաւորներէն մէկը, որ հոն կայներ էր, Յիսուսին ապտակ մը զարկաւ՝ ըսելով. «Այդպէ՞ս պատասխան կու տաս քահանայապետին»։23. Յիսուս անոր պատասխանեց. «Եթէ սխալ խօսեցայ, վկայէ սխալին համար. իսկ եթէ ճիշդ խօսեցայ, ինչո՞ւ կը զարնես ինծի»։24. Աննան զանիկա կապած՝ Կայիափա քահանայապետին ղրկեց։25. Սիմոն Պետրոս ալ հոն կայներ էր ու կը տաքնար եւ ըսին իրեն. «Միթէ դո՞ւն ալ անոր աշակերտներէն ես»։ Անիկա ուրացաւ ու ըսաւ թէ «Չեմ»։26. Քահանայապետին ծառաներէն մէկն ալ, այն մարդուն ազգականը, որուն ականջը Պետրոս կտրեր էր, ըսաւ. «Չէ՞ որ ես քեզ տեսայ պարտէզին մէջ անոր հետ»։27. Այն ատեն Պետրոս նորէն ուրացաւ։ Նոյն պահուն հաւը խօսեցաւ։28. Յիսուսը Կայիափային տունէն կուսակալին պալատը տարին։ Ալ առտու էր։ Իրենք պալատը չմտան, որպէս զի չպղծուին, հապա որպէս զի զատիկը ուտեն։29. Ուստի Պիղատոս դուրս ելաւ անոնց ու ըսաւ. «Ի՞նչ ամբաստանութիւն կը ներկայացնէք այս մարդուն դէմ»։30. Պատասխան տուին ու ըսին իրեն. «Եթէ ատիկա չարագործ մը չըլլար, քեզի չէինք մատներ զանիկա»։31. Այն ատեն Պիղատոս ըսաւ անոնց. «Դուք առէք զանիկա ու ձեր օրէնքին համեմատ անոր դատաստանը տեսէք»։ Հրեաները իրեն ըսին. «Մեզի օրինաւոր չէ մարդ մը մեռցնել»։32. Որպէս զի կատարուի Յիսուսին խօսքը, որ ըսաւ՝ իմացնելով թէ ի՛նչ մահով ինք պիտի մեռնէր։33. Իսկ Պիղատոս նորէն պալատը մտաւ, կանչեց Յիսուս ու ըսաւ. «Դո՞ւն ես Հրեաներուն թագաւորը»։34. Յիսուս պատասխան տուաւ անոր. «Ատիկա դուն քեզմէ՞ կ’ըսես, թէ ինծի համար ուրիշներ քեզի ըսին»։35. Պատասխան տուաւ Պիղատոս. «Միթէ ես Հրեա՞յ եմ. քու ազգդ եւ քահանայապետները քեզ ինծի մատնեցին. ի՞նչ ըրած ես դուն»։36. Յիսուս պատասխան տուաւ. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ. եթէ այս աշխարհէն ըլլար իմ թագաւորութիւնս, իմ սպասաւորներս կը կռուէին՝ որ ես Հրեաներուն ձեռքը չմատնուիմ, բայց իմ թագաւորութիւնս ասկէ չէ»։37. Այն ատեն Պիղատոս ըսաւ անոր. «Ուրեմն դուն թագաւո՞ր մըն ես»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս. «Դուն կ’ըսես, քանզի թագաւոր եմ։ Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ։ Ամէն մարդ որ ճշմարտութենէն է՝ իմ ձայնիս ականջ կը դնէ»։38. Պիղատոս ըսաւ անոր. «Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը»։ Ասիկա ըսելով՝ նորէն դուրս ելաւ Հրեաներուն եւ ըսաւ անոնց. «Ես յանցանք մը չեմ գտներ անոր վրայ։39. Բայց սովորութիւն ունիք որ մարդ մը արձակեմ ձեզի զատկին։ Հիմա կ’ուզէ՞ք որ Հրէից թագաւորը արձակեմ ձեզի»։40. Այն ատեն ամէնքն ալ նորէն աղաղակեցին՝ ըսելով. «Մի՛ արձակեր ատիկա, հապա Բարաբբան»։ Բարաբբա աւազակ մըն էր։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981