Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունիս 122 Թագավորներ 11:1-211. Ոքոզիային մայրը՝ Գոթողիա՝ իր զաւկին մեռնիլը տեսնելով, ելաւ բոլոր թագաւորական սերունդը բնաջինջ ըրաւ։2. Բայց Յովրամ թագաւորին աղջիկը՝ Ոքոզիային քոյրը Յօսաբէէն՝ Ոքոզիային որդին Յովասը առաւ ու թագաւորին սպաննուած որդիներուն մէջէն գողցաւ զանիկա ու անոր դայեակը եւ Գոթողիային երեսէն անկողիններու սենեակին մէջ պահեց զանիկա, այնպէս որ ան չմեռցուեցաւ։3. Անիկա անոր հետ վեց տարի Տէրոջը տանը մէջ պահուեցաւ, մինչ երկրին վրայ Գոթողիա թագաւորութիւն կ’ընէր։4. Եօթներորդ տարին Յովիադա մարդ ղրկեց եւ հարիւրապետները, թիկնապահներն ու սուրհանդակները կանչեց եւ զանոնք իր քով Տէրոջը տունը բերաւ ու անոնց հետ ուխտ ըրաւ ու Տէրոջը տանը մէջ անոնց երդում ընել տուաւ ու թագաւորին որդին անոնց ցուցուց5. Եւ անոնց պատուիրելով՝ ըսաւ. «Ահա ձեր ընելիքը այս է։ Ձեր մէկ երրորդ մասը, որ շաբաթ օրը պիտի մտնեն՝ թագաւորին տանը պահպանութիւն պիտի ընեն։6. Մէկ երրորդ մասը՝ Սուրի դուռը ու մէկ երրորդ մասն ալ սուրհանդակներու ետեւի դուռը պիտի կենան ։ Այսպէս տանը պահպանութիւնը պիտի ընէք, որպէս զի մարդ չմտնէ։7. Ձեզմէ երկու գունդ, այսինքն անոնք որ շաբաթ օրը պիտի ելլեն, թագաւորին շուրջը Տէրոջը տանը պահպանութիւնը պիտի ընեն։8. Ամէն մարդ իր զէնքերը ձեռքը՝ թագաւորին չորս կողմը թող կենայ ու ով որ կարգերէն ներս մտնէ՝ պիտի սպաննէք։ Այսպէս թագաւորին քով պիտի կենաք անոր ելած ու մտած ատենը»։9. Հարիւրապետները Յովիադա քահանային բոլոր պատուիրածները ըրին։ Ամէն մէկը իր մարդիկը առաւ, թէ՛ շաբաթ օրը մտնողները եւ թէ՛ շաբաթ օրը ելլողները ու Յովիադա քահանային քով եկան։10. Քահանան Տէրոջը տունը եղած Դաւիթ թագաւորին նիզակներն ու վահանները հարիւրապետներուն տուաւ։11. Սուրհանդակներէն իւրաքանչիւրը իր զէնքը ձեռքը՝ տանը քով թագաւորին շուրջ կեցան։12. Ան թագաւորին որդին դուրս հանեց ու անոր վրայ թագը դրաւ ու վկայեց անոր համար եւ զանիկա թագաւոր հռչակեցին ու օծեց որ ծափ զարնելով՝ ըսին. «Կեցցէ՛ արքայ»։13. Գոթողիա երբ վազող ժողովուրդին ձայնը լսեց, Տէրոջը տունը ժողովուրդին եկաւ14. Ու տեսաւ որ ահա թագաւորը իր սովորութեան համաձայն սիւնին քով էր եւ զօրապետներն ու փողահարները թագաւորին քովն էին ու երկրին բոլոր ժողովուրդը ուրախանալով փողեր կը հնչեցնէին։ Այն ատեն Գոթողիա իր հանդերձները պատռեց ու պոռաց. «Դաւաճանութի՜ւն է, դաւաճանութի՜ւն»։15. Եւ Յովիադա քահանան զօրքերուն վրայ եղող հարիւրապետներուն հրամայեց ու անոնց ըսաւ. «Ասիկա կարգերուն մէջէն հանեցէք ու անոր ետեւէն գացողը սրով մեռցուցէ՛ք, (քանզի քահանան որոշեր էր որ Տէրոջը տանը մէջ չմեռցուին։)16. Անոր վրայ ձեռքերնին երկնցուցին ու երբ անիկա թագաւորական տունը մտնող ձիերուն ճամբայէն կ’երթար, հոն մեռցուցին։17. Յովիադա Տէրոջը ու թագաւորին ու ժողովուրդին մէջտեղ ուխտ ըրաւ, որպէս զի Տէրոջը ժողովուրդը ըլլան. նաեւ թագաւորին ու ժողովուրդին մէջտեղ։18. Ու երկրին բոլոր ժողովուրդը Բահաղին տունը մտան եւ զանիկա կործանեցին եւ անոր սեղաններն ու կուռքերը կտոր կտոր ըրին եւ Բահաղին քուրմը Մատթանը սեղաններուն առջեւ սպաննեցին։ Քահանան Տէրոջը տանը մէջ պաշտօնեաներ դրաւ։19. Եւ հարիւրապետները, թիկնապահներն ու սուրհանդակները ու երկրին բոլոր ժողովուրդը առաւ եւ թագաւորը Տէրոջը տունէն իջեցուցին ու սուրհանդակներուն դրանը ճամբայէն թագաւորին տունը մտան։ Անիկա թագաւորական աթոռին վրայ նստաւ։20. Ու երկրին բոլոր ժողովուրդը ուրախացաւ ու քաղաքը հանդարտութեան մէջ էր. իսկ Գոթողիան թագաւորական տանը քով սրով մեռցուեցաւ։21. Յովաս եօթը տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ։2 Թագավորներ 12:1-211. Յէուի եօթներորդ տարին Յովաս թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քառասուն տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Սաբիա էր՝ Բերսաբէէ քաղաք էն։2. Յովաս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ այն բոլոր օրերուն մէջ, որ Յովիադա քահանան անոր կը սորվեցնէր։3. Բայց բարձր տեղերը չվերցուեցան. ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէին ու խունկ կը ծխէին։4. Յովաս քահանաներուն ըսաւ. «Տէրոջը տունը բերուած սուրբ բաներուն բոլոր ստակը, համրուած մարդոց ստակը, գինը կտրուած անձերուն ստակը, այն բոլոր ստակը, որ մէկը իր սրտէն բղխելով Տէրոջը տանը կը բերէ, թող քահանաները առնեն.5. Քահանաներն ալ, ամէն մէկը իր ճանչուորներէն թող պակաս առնէ եւ Տէրոջը տանը փլած տեղերը թող նորոգէ»։6. Սակայն Յովաս թագաւորին քսանըերեքերորդ տարին՝ քահանաները տանը փլած տեղերը չնորոգեցին։7. Յովաս թագաւորը իրեն կանչեց Յովիադա քահանան ու միւս քահանաները եւ անոնց ըսաւ. «Տանը փլած տեղերը ինչո՞ւ չէք նորոգեր։ Այլեւս ձեր ճանչուորներէն ստակ մի՛ առնէք, հապա զանիկա տանը փլած տեղերուն համար գործածեցէք»։8. Քահանաները հաւանութիւն տուին, որ իրենք ստակ չառնեն ժողովուրդէն, ո՛չ ալ տանը փլած տեղերը նորոգեն՝ ՝։9. Յովիադա քահանան սնտուկ մը առաւ, անոր վրայ ծակ մը ծակեց, զանիկա սեղանին քով՝ Տէրոջը տունը մտնողներուն աջ կողմը դրաւ։ Դուռը սպասող քահանաները Տէրոջը տունը բերուած բոլոր ստակը հոն կը դնէին։10. Երբ տեսնէին թէ սնտուկին մէջ ստակը շատցեր է, թագաւորին գրագիրն ու մեծ քահանան կ’ելլէին ու Տէրոջը տունը գտնուած ստակը համրելով կը ծրարէին։11. Պատրաստուած ստակը Տէրոջը տանը գործին վրայ դրուած բանուորներուն ձեռքը կու տային, որպէս զի անոնք Տէրոջը տանը մէջ գործող հիւսներուն ու շինողներուն12. Եւ որմնադիրներուն ու քարահատներուն վճարեն։ Ասկէ զատ՝ Տէրոջը տանը փլած տեղերը նորոգելու համար փայտեր ու տաշուած քարեր ծախու առնեն եւ տանը նորոգութեան համար բոլոր պէտք եղած բաները գնեն։13. Բայց Տէրոջը տունը բերուած ստակէն՝ Տէրոջը տանը համար արծաթէ գաւաթներ, աշտանակներ, կոնքեր, փողեր ու ոսկիէ ամաններ կամ արծաթէ ամաններ բնաւ չշինուեցան.14. Քանզի բանուորներուն կու տային զանիկա, որպէս զի անով Տէրոջը տունը նորոգեն։15. Բայց որոնց ձեռքը, որ կը յանձնէին այն ստակը՝ բանուորներուն տալու համար, անոնցմէ հաշիւ չէին առներ. քանզի անոնք հաւատարմութեամբ կ’աշխատէին։16. Եւ յանցանքի կամ մեղքի համար գանձուած ստակը Տէրոջը տունը չէր մտներ։ Անոնք քահանաներուն կը պատկանէին։17. Այդ ատեն Ասորիներու Ազայէլ թագաւորը ելաւ Գէթի դէմ պատերազմ ըրաւ ու զանիկա առաւ։ Բայց երբ Ազայէլ իր երեսը դարձուց, որպէս զի Երուսաղէմի վրայ քալէ,18. Յուդայի թագաւորը Յովաս՝ իր հայրերուն, Յուդայի թագաւորներուն, Յովսափատին ու Յովրամին եւ Ոքոզիային նուիրուած բոլոր սուրբ բաներն ու իր նուիրածը եւ Տէրոջը տանն ու թագաւորական տանը գանձերուն մէջ գտնուած բոլոր ոսկին առաւ ու Ասորիներուն Ազայէլ թագաւորին ղրկեց։ Այն ատեն անիկա Երուսաղէմէն ետ քաշուեցաւ։19. Յովասին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։20. Անոր ծառաները ոտքի ելան ու անոր դէմ դաւադրութիւն ըրին ու Յովասը զարկին Մելօնի տանը մէջ, որ Սիլլայի զառիվայրին վրայ է։21. Անոր ծառաները, Սամեթին որդին Յովզաքարն ու Սովմերին որդին Յովզաբադը զանիկա զարկին ու մեռցուցին։ Զանիկա իր հայրերուն հետ Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ անոր որդին Ամասիան թագաւոր եղաւ։2 Թագավորներ 13:1-251. Յուդայի թագաւորին, Ոքոզիային որդիին Յովասին քսանըերեքերորդ տարին Իսրայէլի վրայ Յէուի որդին Յովաքազը թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ ու տասնըեօթը տարի թագաւորեց ։2. Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերուն հետեւեցաւ ու անոնցմէ ետ չկեցաւ։3. Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլին վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք շարունակ Ասորիներու Ազայէլ թագաւորին ձեռքն ու Ազայէլին որդիին Բենադադին ձեռքը մատնեց։4. Յովաքազ Տէրոջը աղօթք ըրաւ ու Տէրը անոր մտիկ ըրաւ. քանզի տեսաւ Իսրայէլին նեղութիւնը, որով Ասորիներուն թագաւորը զանոնք նեղեց։5. Եւ Տէրը Իսրայէլին փրկիչ մը տուաւ, որ Ասորիներուն ձեռքէն ազատեց եւ Իսրայէլի որդիները երէկուան ու միւս օրուան պէս իրենց վրաններուն մէջ նստեցան։6. Բայց Իսրայէլին մեղանչել տուող Յերոբովամին տանը մեղքերէն ետ չկեցան, հապա անոնց մէջ քալեցին ու Աստարովթի կուռքն ալ Սամարիայի մէջ կը կենար։7. Յովաքազին ուրիշ զօրք չթողուց, միայն յիսուն ձիաւոր, տասը կառք ու տասը հազար հետեւակ զօրք. վասն զի Ասորիներուն թագաւորը զանոնք բնաջինջ ըրեր էր ու զանոնք կոխկռտուած հողի պէս ըրեր էր։8. Յովաքազին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերն ու զօրութիւնը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։9. Յովաքազ իր հայրերուն հետ քնացաւ։ Զանիկա Սամարիայի մէջ թաղեցին եւ անոր տեղ անոր որդին Յովասը թագաւոր եղաւ։10. Յուդայի Յովաս թագաւորին երեսունըեօթներորդ տարին՝ Իսրայէլի վրայ Յովաքազին որդին Յովասը թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ ու տասնըվեց տարի թագաւորեց ։11. Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին բոլոր մեղքերէն ետ չկեցաւ, հապա անոնց մէջ քալեց։12. Յովասին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը եւ Յուդայի Ամասիա թագաւորին հետ պատերազմ ըրած ատեն իր քաջութիւնը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։13. Յովաս իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ Յերոբովամը նստաւ անոր աթոռը։ Յովաս Իսրայէլի թագաւորներուն հետ Սամարիայի մէջ թաղուեցաւ։14. Եղիսէ իր մեռնելու հիւանդութիւնովը հիւանդացաւ։ Իսրայէլի թագաւորը Յովաս անոր իջաւ ու անոր համար լացաւ ու ըսաւ. «Հա՛յր իմ, հա՛յր իմ, Իսրայէլի կառքն ու անոր ձիաւորները»։15. Ու Եղիսէ անոր ըսաւ. «Աղեղ մը ու նետեր ա՛ռ»։ Անիկա աղեղ մը ու նետեր առաւ։16. Եղիսէ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Ձեռքովդ լարէ աղեղը»։ Անիկա ձեռքով լարեց աղեղը։ Եղիսէ իր ձեռքերը թագաւորին ձեռքերուն վրայ դրաւ17. Ու ըսաւ. «Արեւելեան կողմի պատուհանը բա՛ց»։ Ան ալ բացաւ։ Եղիսէ ըսաւ. «Նետէ՛»։ Ան ալ նետեց։ Այն ատեն Եղիսէ ըսաւ. «Տէրոջը փրկութեանը նետը եւ Ասորիներուն վրայ տարուած յաղթանակի նետը. քանզի Ափեկի մէջ պիտի զարնես մինչեւ որ հատցնես»։18. Նաեւ ըսաւ. «Նետերը ա՛ռ»։ Անիկա առաւ։ Եղիսէ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Գետինը զա՛րկ»։ Անիկա երեք անգամ գետինը զարկաւ ու կեցաւ։19. Աստուծոյ մարդը անոր բարկանալով՝ ըսաւ. «Եթէ հինգ կամ վեց անգամ զարնէիր, այն ատեն Ասորիները պիտի զարնէիր ու պիտի հատցնէիր. բայց հիմա Ասորիները միայն երեք անգամ պիտի զարնես»։20. Եղիսէ մեռաւ եւ զանիկա թաղեցին։ Ու հետեւեալ տարին Մովաբացիներուն գունդերը երկրին վրայ եկան։21. Երբ մարդ մը կը թաղէին, ահա գունդ մը տեսան։ Մարդը Եղիսէին գերեզմանը նետեցին։ Այն մարդը Եղիսէին ոսկորներուն դպածին պէս կենդանացաւ ու իր ոտքերուն վրայ կայնեցաւ։22. Եւ Ասորիներու Ազայէլ թագաւորը Յովաքազին բոլոր օրերուն մէջ Իսրայէլը նեղեց։23. Բայց Տէրը Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին հետ իր ըրած ուխտին համար անոնց ողորմեցաւ ու գթութիւն ըրաւ։ Անոնց նայեցաւ եւ զանոնք կորսնցնել չուզեց ու զանոնք դեռ իր երեսէն չձգեց։24. Ասորիներուն Ազայէլ թագաւորը մեռաւ ու անոր տեղ իր որդին Բենադադը թագաւոր եղաւ։25. Յովաքազին որդին Յովաս Ազայէլի որդիին Բենադադին ձեռքէն ետ առաւ այն քաղաքները, որոնք Ազայէլ անոր հօրը Յովաքազին ձեռքէն պատերազմով առեր էր։ Յովաս զանիկա երեք անգամ զարկաւ ու Իսրայէլի քաղաքները ետ առաւ։Սաղմոսներ 73:1-91. Յիրաւի Աստուած բարի է Իսրայէլի, Այսինքն սրտով մաքուր եղողներուն։2. Բայց քիչ մնաց, որ իմ ոտքերս ծռէին Ու մազ մնաց, որ իմ քայլերս սայթաքէին։3. Վասն զի նախանձեցայ հպարտներուն, Երբ ամբարիշտներուն յաջողութիւնը տեսայ.4. Քանզի իրենց մահուան ժամանակն ալ ցաւ չունին, Մարմիննին ալ պատրաստ է։5. Անոնք ուրիշ մարդոց նման նեղութեան մէջ չեն Եւ ուրիշ մարդոց պէս չեն տանջուիր։6. Անոր համար վզնոցի պէս ամբարտաւանութիւնը զանոնք կը շրջապատէ. Բռնութիւնը հանդերձի պէս զանոնք կը ծածկէ։7. Անոնց աչքերը պարարտութենէն դուրս կ’ելլեն եւ Սրտի խորհուրդներէն անդին կ’անցնին։8. Ծաղր կ’ընեն ու չարութիւնով կը խօսին բռնութեան համար, Հպարտութիւնով կը խօսին։9. Բերաննին երկնքի դէմ կը դնեն Ու իրենց լեզուն երկրի մէջ կը պտըտի։Առակներ 18:16-1716. Մարդուն ընծան անոր ճամբայ կը բանայ Ու զանիկա մեծերուն առջեւ կը տանի։17. Իր դատը առաջուընէ սկսողը իրաւունք ունեցող կը սեպուի. Բայց երբ իր ոսոխը գայ՝ զանիկա կը քննէ։Ջոն 19:23-4223. Զինուորները երբ Յիսուսը խաչը հանեցին, անոր հանդերձները առին ու չորս բաժին ըրին, ամէն մէկ զինուորին բաժին մը. իսկ պատմուճանը առանց կարի էր, վերէն վար հիւսուած.24. Ուստի ըսին իրարու. «Ատիկա չպատռենք, հապա վիճակ ձգենք ատոր վրայ, թէ որո՞ւ պիտի ըլլայ». որպէս զի կատարուի այն գրուածը որ կ’ըսէ. «Իմ հանդերձներս իրենց մէջ բաժնեցին եւ իմ պատմուճանիս վրայ վիճակ ձգեցին»։ Ահա զինուորները այս բաները ըրին։25. Յիսուսին խաչին քով կայներ էին իր մայրը եւ իր մօրը քոյրը՝ Մարիամ, Կղէովպասի կինը ու Մարիամ Մագդաղենացին։26. Յիսուս երբ տեսաւ իր մայրը եւ այն աշակերտը որ կը սիրէր, որ մօտը կայներ էր, ըսաւ իր մօրը. «Ո՛վ կին, ահա քու որդիդ»։27. Ետքը ըսաւ աշակերտին. «Ահա՛ քու մայրդ»։ Եւ այն ժամանակէն աշակերտը զանիկա իր քով առաւ։28. Անկէ ետք, Յիսուս գիտնալով թէ արդէն ամէն բան լմնցած է, (որպէս զի գրուածը կատարուի,) ըսաւ. «Ծարաւ եմ»։29. Եւ հոն քացախով լեցուն աման մը կար. անոնք քացախով սպունգ մը լեցնելով զոպայի մշտիկի վրայ փաթթուած՝ անոր բերնին մօտեցուցին։30. Ուստի Յիսուս երբ քացախը առաւ՝ ըսաւ. « Ամէն բան կատարուեցաւ» ու գլուխը ծռելով՝ հոգին աւանդեց։31. Այն ատեն Հրեաները, որովհետեւ ուրբաթ օր էր եւ որպէս զի այն մարմինները խաչին վրայ չմնան մինչեւ շաբաթ օրը, (վասն զի այն շաբաթը մեծ օր էր,) Պիղատոսին աղաչեցին, որ անոնց սրունքները կոտրտեն ու վերցուին։32. Զինուորները եկան ու առաջինին սրունքները կոտրտեցին, նաեւ միւսինը՝ որ անոր հետ խաչը ելած էր։33. Բայց երբ Յիսուսին մօտեցան ու տեսան թէ արդէն մեռած էր, անոր սրունքները չկոտրտեցին.34. Բայց զինուորներէն մէկը գեղարդով անոր կողը խոցեց եւ շուտ մը արիւն ու ջուր ելաւ։35. Եւ ան որ տեսաւ այս բաները ՝ վկայեց ու անոր վկայութիւնը ճշմարիտ է եւ ինք գիտէ թէ ճշմարիտը կ’ըսէ, որպէս զի դուք [ալ] հաւատաք։36. Վասն զի այս բաները եղան որպէս զի կատարուի այն գրուածը թէ՝ «Անոր մէ՛կ ոսկորը պիտի չկոտրուի»։37. Ուրիշ գրուած մը կ’ըսէ թէ՝ «Պիտի նային անոր՝ որ խոցեցին»։38. Ասկէ ետք Յովսէփ, որ Արիմաթիայէն էր, (Յիսուսի աշակերտը եղած՝ բայց գաղտուկ՝ Հրեաներուն վախէն,) խնդրեց Պիղատոսէն որ Յիսուսին մարմինը վերցնէ։ Պիղատոս ալ հրաման տուաւ. ուստի եկաւ, վերցուց Յիսուսին մարմինը։39. Նիկոդէմոս ալ եկաւ (որ առաջուընէ գիշերով իր քով եկեր էր,) ու բերաւ հարիւր լիտրի չափ զմուռսի ու հալուէի խառնուրդ մը։40. Յիսուսին մարմինը առին, խունկերով փաթթեցին զանիկա կտաւներու մէջ, ինչպէս Հրեաները սովորութիւն ունին։41. Այն տեղը, ուր խաչուեցաւ, պարտէզ մը կար ու այն պարտէզին մէջ նոր գերեզման մը, որուն մէջ ամենեւին մարդ դրուած չէր։42. Հրեաներուն ուրբաթին համար հոն դրին Յիսուսը, վասն զի գերեզմանը մօտ էր։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981