Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունիս 142 Թագավորներ 15:1-381. Իսրայէլի Յերոբովամ թագաւորին քսանըեօթներորդ տարին Յուդայի Ամասիա թագաւորին որդին Ազարիան թագաւոր եղաւ։2. Անիկա տասնըվեց տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ յիսունըերկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յեքէլիա էր որ Երուսաղեմացի էր։3. Անիկա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ՝ իր հօրը Ամասիային բոլոր ըրածին պէս։4. Բայց բարձր տեղերը չվերցուեցան։ Ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէին ու խունկ կը ծխէին։5. Տէրը թագաւորը զարկաւ ու մինչեւ իր մահուան օրը բորոտած էր եւ զատ տան մը մէջ կը բնակէր ու պալատին վրայ իշխողը թագաւորին որդին Յովաթամն էր։ Անիկա կը դատէր երկրին ժողովուրդը։6. Ազարիային մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։7. Ազարիան իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղը անոր որդին Յովաթամը թագաւոր եղաւ։8. Յուդայի Ազարիա թագաւորին երեսունըութերորդ տարին Իսրայէլի վրայ Յերոբովամին որդին Զաքարիան թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ։ Վեց ամիս թագաւորեց ։9. Անիկա իր հայրերուն ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերէն ետ չկեցաւ։10. Յաբիսին որդին Սեղղում անոր դէմ գլուխ վերցուց եւ զանիկա ժողովուրդին առջեւ զարկաւ մեռցուց ու անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ։11. Զաքարիային մնացորդ պատմութիւնը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։12. Ասիկա Տէրոջը խօսքն է, որ Յէուին խօսեր էր՝ ըսելով. «Իսրայէլի աթոռին վրայ քու որդիներդ մինչեւ չորրորդ ազգը պիտի նստին»։ Այնպէս ալ եղաւ։13. Յաբիսին որդին Սեղղում Յուդայի Ոզիա թագաւորին երեսունըիններորդ տարին թագաւոր եղաւ ու Սամարիայի մէջ մէկ ամիս թագաւորութիւն ըրաւ։14. Գադդիին որդին Մանայեմը Թերսայէն ելաւ ու Սամարիա եկաւ։ Սամարիայի մէջ Յաբիսին որդին Սեղղումը զարկաւ մեռցուց ու անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ։15. Սեղղումին մնացորդ պատմութիւնն ու ըրած դաւաճանութիւնը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։16. Այն ատեն Մանայեմը Թափսան ու բոլոր անոր մէջ եղողները ու անոր սահմանը զարկաւ մինչեւ Թերսա՝ ՝ եւ զանիկա չբանալնուն համար զարկաւ ու հոն եղող բոլոր յղի կիները ճեղքեց։17. Յուդայի Ազարիա թագաւորին երեսունըիններորդ տարին Իսրայէլի վրայ Գադդիին որդին Մանայեմը թագաւոր եղաւ ու Սամարիայի մէջ տասը տարի թագաւորեց ։18. Անիկա Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու իր բոլոր օրերուն մէջ Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերէն ետ չկեցաւ։19. Ասորեստանի Փուղ թագաւորը երկրին վրայ եկաւ։ Մանայեմ հազար տաղանդ արծաթ տուաւ Փուղին, որպէս զի անիկա իրեն օգնական ըլլայ՝ ՝, թագաւորութիւնը իր ձեռքին մէջ հաստատելու համար։20. Մանայեմ այս արծաթը Ասորեստանի թագաւորին տալու համար Իսրայէլի բոլոր հարուստներուն վրայ հարկ դրաւ։ Ամէն մէկէն յիսունական սիկղ արծաթ առաւ ։ Ասորեստանի թագաւորը ետ դարձաւ ու այն երկրին մէջ չկեցաւ։21. Մանայեմին մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր ամէն ըրածը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։22. Մանայեմ իր հայրերուն հետ քնացաւ։ Անոր տեղ անոր որդին Փակէիան թագաւոր եղաւ։23. Յուդայի Ազարիա թագաւորին յիսուներորդ տարին Իսրայէլի վրայ Մանայեմին որդին Փակէիան թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ։ Երկու տարի թագաւորեց ։24. Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերէն ետ չկեցաւ։25. Անոր զօրապետը Ռովմելային որդին Փակէէն անոր դէմ գլուխ վերցուց ու իրեն հետ Արգովբն ու Արիէն ու Գաղաադացիներէն յիսուն մարդ առաւ եւ Սամարիայի մէջ թագաւորին տանը ներսի կողմը՝ ՝ զանիկա զարկաւ մեռցուց։ Անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ։26. Փակէիային մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։27. Յուդայի Ազարիա թագաւորին յիսունըերկրորդ տարին Իսրայէլի վրայ Ռովմելային որդին Փակէէն թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ ու քսան տարի թագաւորեց ։28. Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերէն ետ չկեցաւ։29. Իսրայէլի Փակէէ թագաւորին օրերը Ասորեստանի Թագղաթ-Փաղասար թագաւորը եկաւ ու Իյօնը եւ Աբէլ-Բեթմաաքան ու Յանովէն եւ Կադէսն ու Յասորը եւ Գաղաադն ու Գալիլիան եւ Նեփթաղիմի բոլոր երկիրը առաւ ու անոնց բնակիչները Ասորեստան գերի տարաւ։30. Էլային որդին Ովսէէն Ռովմելային որդիին Փակէէին դէմ դաւաճանութիւն ըրաւ եւ զանիկա զարկաւ մեռցուց ու անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ Ոզիայի որդիին Յովաթամին քսաներորդ տարին։31. Փակէէին մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր բոլոր գործերը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։32. Իսրայէլի թագաւորին, Ռովմելայի որդիին Փակէէին երկրորդ տարին Յուդայի թագաւորին Ոզիային որդին Յովաթամը թագաւոր եղաւ։33. Անիկա քսանըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ։ Երուսաղէմի մէջ տասնըվեց տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յերուսա էր, որ Սադովկին աղջիկն էր։34. Անիկա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ։ Իր հօրը Ոզիային ըրածին պէս ըրաւ։35. Բայց բարձր տեղերը չվերցուեցան։ Ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէին ու խունկ կը ծխէին։ Ասիկա Տէրոջը տանը ամենէն բարձր դուռը շինեց։36. Յովաթամին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։37. Այն օրերը Տէրը Ասորիներուն Ռասին թագաւորն ու Ռովմելային որդին Փակէէն Յուդայի վրայ ղրկեց։38. Յովաթամ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ իր հօրը Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղը անոր որդին Աքազը թագաւոր եղաւ։2 Թագավորներ 16:1-201. Ռովմելային որդիին Փակէէին տասնըեօթներորդ տարին Յուդայի թագաւորին Յովաթամին որդին Աքազը թագաւոր եղաւ։2. Աքազ քսան տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըվեց տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Իր հօրը Դաւիթին պէս իր Տէր Աստուծոյն առջեւ ուղղութիւն չըրաւ,3. Հապա Իսրայէլին թագաւորներուն ճամբուն մէջ քալեց ու իր որդին ալ կրակէ անցուց՝ այն ազգերուն գարշելի սովորութիւններուն համեմատ, որոնք Տէրը Իսրայէլին որդիներուն առջեւէն վռնտեց։4. Բարձր տեղերն ու բլուրներու վրայ եւ ամէն կանանչ ծառերու տակ զոհ կը մատուցանէր ու խունկ կը ծխէր։5. Այն ատեն Ասորիներուն Ռասին թագաւորն ու Իսրայէլին թագաւորը, Ռովմելային որդին Փակէէն, Երուսաղէմի վրայ պատերազմելու ելան ու Աքազը պաշարեցին, բայց պատերազմը շարունակելու կարող չեղան։6. Այն ատեն Ասորիներուն Ռասին թագաւորը Ելաթը Ասորիներուն դարձուց եւ Յուդայեանները Ելաթէն վռնտեց ու Ասորիները Ելաթ եկան ու հոն բնակեցան մինչեւ այսօր։7. Աքազ Ասորեստանի Թագղաթ-Փաղասար թագաւորին դեսպաններ ղրկեց ու ըսաւ. «Ես քու ծառադ ու որդիդ եմ. ելի՛ր ու զիս ազատէ՛ Ասորիներու թագաւորին ձեռքէն ու Իսրայէլի թագաւորին ձեռքէն, որոնք իմ վրայ ելեր են»։8. Աքազ Տէրոջը տանը մէջ ու թագաւորին տանը գանձերուն մէջ գտնուած արծաթն ու ոսկին առաւ եւ Ասորեստանի թագաւորին ընծայ ղրկեց։9. Ասորեստանի թագաւորը անոր մտիկ ըրաւ եւ Ասորեստանի թագաւորը Դամասկոսի վրայ գնաց ու զանիկա առաւ եւ անոր բնակիչները Կիր գերի տարաւ ու Ռասինը մեռցուց։10. Աքազ թագաւորը Ասորեստանի Թագղաթ-Փաղասար թագաւորը դիմաւորելու համար Դամասկոս գնաց ու Դամասկոսի մէջ եղած սեղանը տեսաւ։ Աքազ թագաւորը այն սեղանին օրինակն ու ձեւը՝ անոր բոլոր շինուածքին համեմատ Ուրիա քահանային ղրկեց։11. Ուրիա քահանան Աքազ թագաւորին Դամասկոսէն ղրկած օրինակին նման սեղան մը շինեց Աքազ թագաւորին Դամասկոսէն գալէն առաջ։12. Երբ թագաւորը Դամասկոսէն եկաւ, թագաւորը սեղանը տեսաւ, սեղանին մօտեցաւ ու անոր վրայ ողջակէզ մատուցանեց։13. Իր ողջակէզն ու հացի ընծան այրեց ու նուէրը թափեց եւ իր խաղաղութեան զոհին արիւնը այն սեղանին վրայ սրսկեց։14. Տէրոջը առջեւ եղող պղնձէ սեղանը տանը առջեւէն, այսինքն նոր սեղանին ու Տէրոջը տանը մէջտեղէն քաշեց ու զանիկա նոր սեղանին քով դրաւ դէպի հիւսիս։15. Աքազ թագաւորը Ուրիա քահանային հրամայեց՝ ըսելով. «Մեծ սեղանին վրայ առտուան ողջակէզն ու իրիկուան հացի ընծան ու երկրին բոլոր ժողովուրդին ողջակէզը եւ անոնց հացի ընծան ու անոնց նուէրները պիտի մատուցանես ու ողջակէզներուն եւ զոհերուն արիւնը անոր վրայ պիտի սրսկես ու պղնձէ սեղանը իմս պիտի ըլլայ՝ հոն հարցնելու համար»։16. Ուրիա քահանան Աքազ թագաւորին բոլոր հրամայածին պէս ըրաւ։17. Աքազ թագաւորը խարիսխներուն սպառուածները կտրեց ու աւազանները անոնց վրայէն վերցուց։ Ծովն ալ իր տակ եղող պղնձէ եզներուն վրայէն իջեցուց ու զանիկա քարայատակի մը վրայ դրաւ։18. Տէրոջը տանը մէջ շինուած շաբաթին ծածկոցն ու թագաւորին դուրսի ճամբան Ասորեստանի թագաւորին պատճառով Տէրոջը տունը դարձուց։19. Աքազին գործերուն մնացորդ պատմութիւնը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։20. Աքազ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղը անոր որդին Եզեկիան թագաւոր եղաւ։Սաղմոսներ 73:21-2821. Երբ իմ սիրտս ցաւեցաւ Ու իմ երիկամունքներէս խոցուեցայ,22. Ես յիմար էի ու չէի իմանար, Քու առջեւդ անասուններու պէս էի։23. Սակայն ես միշտ քեզի հետ եմ, Դուն իմ աջ ձեռքէս կը բռնես։24. Դուն պիտի առաջնորդես զիս քու խորհրդովդ Ու վերջը փառքով զիս պիտի ընդունիս։25. Ո՞վ ունիմ ես երկնքի մէջ. Երկրի վրայ ալ քեզմէ զատ մէկը չեմ ուզեր։26. Իմ մարմինս ու սիրտս կը մաշին, Բայց Աստուած իմ սրտիս զօրութիւնը ու իմ բաժինս է յաւիտեան։27. Վասն զի ահա անոնք որ քեզմէ կը հեռանան, կը կորսուին. Դուն կը սատկեցնես ամէնքը որ շնութիւն կ’ընեն՝ քեզմէ մոլորելով ։28. Բայց Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի։ Յոյսս դրեր եմ Տէր Եհովային վրայ, Որպէս զի քու բոլոր գործերդ պատմեմ։Առակներ 18:20-2120. Մարդ իր բերնին պտուղէն կը կշտանայ Ու իր շրթունքներուն արդիւնքէն կը գոհանայ։21. Մահն ու կեանքը լեզուին ձեռքն են, Անոնք, որ զայն կը սիրեն, անոր պտուղը կ’ուտեն։Ջոն 21:1-251. Ասկէ յետոյ Յիսուս նորէն ինքզինք իր աշակերտներուն յայտնեց Տիբերիայի ծովուն եզերքը։ Այսպէս յայտնեց։2. Մէկտեղ էին Սիմոն Պետրոս ու Թովմաս, Երկուորեակ կոչուածը եւ Նաթանայէլ, որ Գալիլիայի Կանա քաղաք էն էր ու Զեբեդէոսի որդիները եւ աշակերտներէն ուրիշ երկուք ալ։3. Սիմոն Պետրոս ըսաւ անոնց. «Ես ձուկ որսալու կ’երթամ»։ Ըսին անոր. «Մենք ալ կու գանք քեզի հետ»։ Ելան եւ շուտ մը նաւը մտան։ Այն գիշերը բան մը չբռնեցին։4. Առտուն, Յիսուս ծովուն եզերքը կայներ էր, բայց աշակերտները չճանչցան թէ Յիսուսն է։5. Իսկ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Տղա՛ք, ուտելու բան մը ունի՞ք»։ Պատասխան տուին իրեն. «Ո՛չ»։6. Եւ ըսաւ անոնց. «Ուռկանը նաւին աջ կողմը ձգեցէք ու պիտի գտնէք»։ Երբ ձգեցին, ձուկերուն շատութենէն՝ չէին կրնար զանիկա քաշել։7. Այն ատեն այն աշակերտը որ Յիսուսին սիրելի էր ըսաւ Պետրոսին. «Անիկա Տէրն է»։ Իսկ Սիմոն Պետրոս, երբ լսեց թէ Տէրն է, վերարկուն վրան առաւ, վասն զի մերկ էր ու ծովը նետուեցաւ։8. Միւս աշակերտները նաւակով եկան, (վասն զի ցամաքէն հեռու չէին, միայն երկու հարիւր կանգունի չափ,) եւ ուռկանը ձուկերովը քաշեցին։9. Երբ ցամաքը ելան, հոն վառուած կրակ տեսան, վրան ձուկ դրուած եւ հաց։10. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Բերէք այդ ձուկերէն, որոնք դուք հիմա բռնեցիք»։11. Սիմոն Պետրոս նաւը մտաւ եւ ուռկանը ցամաք քաշեց, հարիւր յիսուներեք խոշոր ձուկերով լեցուն. Թէեւ այնչափ շատ բան կար, բայց ուռկանը չպատռուեցաւ։ Յիսուս ըսաւ անոնց.12. «Եկէ՛ք, ճաշ ըրէք»։ Աշակերտներէն մէ՛կն ալ չէր համարձակեր անոր հարցնել. «Դուն ո՞վ ես». Վասն զի գիտէին թէ Տէրն է։13. Այն ատեն Յիսուս եկաւ ու առաւ հացը եւ անոնց տուաւ, նոյնպէս ալ՝ ձուկը։14. Այս երրորդ անգամն էր, որ Յիսուս իր աշակերտներուն երեւցաւ՝ մեռելներէն յարութիւն առնելէն յետոյ։15. Երբ ճաշը ըրին, Յիսուս ըսաւ Սիմոն Պետրոսին. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս ատոնցմէ աւելի կը սիրե՞ս»։ Անիկա ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես թէ քեզ կը սիրեմ»։ Ըսաւ անոր. «Արածէ՛ իմ գառնուկներս»։16. Նորէն երկրորդ անգամ ըսաւ անոր. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս կը սիրե՞ս»։ Ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես թէ քեզ կը սիրեմ»։ Ըսաւ անոր. «Արածէ՛ իմ ոչխարներս»։17. Ըսաւ անոր երրորդ անգամ. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս կը սիրե՞ս»։ Պետրոս տրտմեցաւ, որ երեք անգամ իրեն ըսաւ թէ «Զիս կը սիրե՞ս» եւ ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, դուն ամէն բան գիտես, դուն գիտես թէ ես քեզ կը սիրեմ»։ Ըսաւ անոր Յիսուս. «Արածէ՛ իմ ոչխարներս»։18. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, թէ երբ դուն պատանի էիր, ինքնիրմէդ գօտի կը կապէիր ու կ’երթայիր ուր որ ուզէիր. բայց երբ ծերանաս, ձեռքերդ վե՛ր պիտի բռնես եւ ուրիշը գօտիդ պիտի կապէ ու պիտի տանի ուր չես ուզեր»։19. Այս բանը ըսաւ՝ ցուցնելով թէ անիկա ի՛նչ մահով պիտի փառաւորէ Աստուած։ Ու երբ ասիկա ըսաւ, ըսաւ անոր. «Եկո՛ւր իմ ետեւէս»։20. Այն ատեն Պետրոս ետեւ դարձաւ ու տեսաւ այն աշակերտը որ Յիսուս կը սիրէր, որ ետեւէն կ’երթար, (որ նաեւ ընթրիքին ատենը անոր կուրծքին վրայ ինկեր եւ ըսեր էր. ‘Տէ՛ր, ո՞վ է որ քեզ պիտի մատնէ’։)21. Պետրոս զանիկա տեսնելով՝ ըսաւ Յիսուսին. «Տէ՛ր, հապա ասիկա ի՞նչ պիտի ըլլայ»։22. Յիսուս ըսաւ անոր. «Եթէ ես ուզեմ որ ատիկա կենայ մինչեւ ես գամ, քու ի՞նչ հոգդ է. դուն իմ ետեւէս եկուր»։23. Այս խօսքը ելաւ եղբայրներուն մէջ թէ այն աշակերտը պիտի չմեռնի. սակայն Յիսուս չըսաւ անոր թէ ‘Պիտի չմեռնի, հապա՝ Եթէ ես ուզեմ որ ատիկա կենայ մինչեւ ես գամ, քու ի՞նչ հոգդ է’։24. Ասիկա այն աշակերտն է, որ կը վկայէ այս բաներուն համար, որ գրեց ալ այս բաները ու գիտենք թէ անոր վկայութիւնը ճշմարիտ է։25. Եւ ուրիշ շատ բաներ ալ կան, որոնք Յիսուս ըրաւ, որոնք եթէ մէկիկ մէկիկ գրուած ըլլային, կարծեմ թէ աշխարհս ալ բաւական պիտի չըլլար պարունակելու գրուած գրքերը։ Ամէն։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981