Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունիս 152 Թագավորներ 17:1-411. Յուդայի Աքազ թագաւորին տասնըերկրորդ տարին Իսրայէլի վրայ Էլայի որդին Ովսէէն թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ ու ինը տարի թագաւորեց ։2. Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ, բայց ոչ իրմէ առաջ եղող Իսրայէլի թագաւորներուն պէս։3. Ասոր դէմ ելաւ Ասորեստանի Սաղմանասար թագաւորը։ Ովսէէն անոր ծառայ եղաւ ու անոր հարկ կու տար։4. Ասորեստանի թագաւորը Ովսէէին վրայ նենգութիւն գտաւ, որովհետեւ անիկա Եգիպտոսի Սովա թագաւորին դեսպաններ ղրկեր էր ու Ասորեստանի թագաւորին ամէն տարուան հարկը վճարած չէր, ուստի Ասորեստանի թագաւորը զանիկա բռնեց ու բանտին մէջ կապեց։5. Ասորեստանի թագաւորը բոլոր երկրին վրայ արշաւեց. Սամարիայի վրայ ալ արշաւեց ու զանիկա երեք տարի պաշարեց։6. Ովսէէին իններորդ տարին Ասորեստանի թագաւորը Սամարիան առաւ ու Իսրայէլը Ասորեստան փոխադրեց եւ զանոնք Գովզան գետին քով Քաղայի ու Քաբովրի մէջ ու Մարերու քաղաքներուն մէջ բնակեցուց,7. Քանզի Իսրայէլի որդիները զիրենք Եգիպտոսի երկրէն, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին ձեռքէն ազատող իրենց Տէր Աստուծոյն դէմ մեղք գործեցին եւ ուրիշ աստուածներէ վախցան։8. Տէրոջը Իսրայէլի առջեւէն վռնտած ազգերուն կանոններուն համեմատ եւ Իսրայէլի թագաւորներուն ըրած կանոն ներուն համեմատ քալեցին։9. Իսրայէլի որդիները իրենց Տէր Աստուծոյն առջեւ ուղիղ չեղած բաները գաղտուկ ըրին եւ իրենց բոլոր քաղաքներուն մէջ, պահապաններու աշտարակէն մինչեւ պարսպապատ քաղաքը, իրենց բարձր տեղեր շինեցին։10. Անոնք բարձր բլուրներու վրայ եւ կանանչ ծառերու տակ իրենց արձաններ ու Աստարովթի կուռքեր՝ ՝ կանգնեցուցին11. Եւ հոն բարձր տեղերու վայ խունկ ծխեցին՝ Տէրոջը անոնց առջեւէն վռնտած ազգերուն պէս ու չար գործեր ըրին ու Տէրը բարկացուցին12. Եւ կուռքերու ծառայութիւն ըրին, որոնց համար Տէրը անոնց ըսեր էր թէ «Այդ բանը մի՛ ընէք»։13. Տէրը բոլոր մարգարէներուն ու բոլոր տեսանողներուն միջոցով Իսրայէլի ու Յուդայի վկայութիւն ընելով՝ ըսեր էր. «Ձեր չար ճամբաներէն դարձէ՛ք եւ իմ պատուիրանքներս ու կանոններս պահեցէ՛ք այն ամէն օրէնքին համեմատ, որ ձեր հայրերուն պատուիրեցի ու իմ ծառաներուս մարգարէներուն՝ միջոցով ձեզի ղրկեցի»։14. Բայց անոնք մտիկ չըրին, այլ իրենց պարանոցները Տէր Աստուծոյն չհաւատացող իրենց հայրերուն պարանոցին պէս խստացուցին։15. Անոր կանոններն ու իրենց հայրերուն հետ՝ անոր ըրած ուխտը եւ անոր տուած վկայութիւնները մէկդի ձգեցին ու սնապաշտութեան ետեւէ գացին ու սնապաշտ եղան եւ իրենց չորս կողմը գտնուած ազգերուն հետեւեցան, որոնց համար Տէրը իրենց պատուիրեր էր, որ անոնց պէս չընեն։16. Բայց իրենց Տէր Աստուծոյն բոլոր պատուիրանքները թողուցին եւ երկու հատ ձուլածոյ հորթ շինեցին ու Աստարովթի կուռք շինեցին ու երկնքի բոլոր զօրութիւններուն երկրպագութիւն ըրին եւ Բահաղին ծառայեցին։17. Իրենց տղաքներն ու աղջիկները կրակէ անցուցին եւ կախարդութիւն ու հմայութիւն ըրին եւ զիրենք ծախեցին Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընելու ու զանիկա բարկացնելու։18. Ուստի Տէրը խիստ բարկացաւ ու զանոնք իր երեսէն ձգեց։ Այնպէս որ միայն Յուդայի ցեղը մնաց։19. Յուդա ալ իր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքները չպահեց, հապա Իսրայէլին կանոններովը քալեց։20. Եւ Տէրը Իսրայէլին բոլոր սերունդը մերժեց ու զանոնք չարչարեց եւ զանոնք յափշտակողներու ձեռքը մատնեց, մինչեւ որ զանոնք բոլորովին իր երեսէն ձգեց.21. Ու երբ Իսրայէլը Դաւիթի տունէն պատռեց, անոնք ալ Նաբատեան Յերոբովամը թագաւոր դրին։ Յերոբովամ արգիլեց, որ Իսրայէլ Տէրոջը հետեւի ու անոնց մեծ մեղք գործել տուաւ։22. Իսրայէլի որդիները Յերոբովամին բոլոր գործած մեղքերուն մէջ քալեցին, անոնցմէ ետ չկեցան,23. Մինչեւ որ Տէրը իր առջեւէն վերցուց, ինչպէս իր բոլոր ծառաներուն, մարգարէներուն միջոցով ըսեր էր։ Այսպէս Իսրայէլ իր երկրէն Ասորեստան փոխադրուեցաւ մինչեւ այսօր։24. Ասորեստանի թագաւորը Բաբելոնէն, Քութայէն, Աւայէն, Եմաթէն ու Սեփարուիմէն մարդիկ բերաւ ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ Իսրայէլի որդիներուն տեղը բնակեցուց։ Անոնք Սամարիան ժառանգեցին ու անոր քաղաքներուն մէջ բնակեցան։25. Երբ անոնք սկսան հոն բնակիլ, Տէրոջմէ չէին վախնար, ուստի Տէրը անոնց մէջ առիւծներ ղրկեց, որ զանոնք մեռցնեն։26. Ասորեստանի թագաւորին խօսեցան ու ըսին. «Այն ազգերը, որոնք դուն փոխադրեցիր ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ բնակեցուցիր, այն երկրին Աստուծոյն կրօնքը չեն գիտեր, ուստի անիկա անոնց մէջ առիւծներ ղրկեր է եւ ահա զանոնք կը մեռցնեն՝ այն երկրին Աստուծոյն կրօնքը չգիտնալնուն համար»։27. Այն ատեն Ասորեստանի թագաւորը հրաման ըրաւ՝ ըսելով. «Ձեր բերած գերի քահանաներէն մէկը հոն տարէք, որ երթայ հոն բնակի ու այն երկրին Աստուծոյն կրօնքը անոնց սորվեցնէ»։28. Սամարիայէն գերի բերուած քահանաներէն մէկը գնաց Բեթէլի մէջ բնակեցաւ ու անոնց կը սորվեցնէր թէ ի՛նչպէս Տէրոջմէ վախնալու էին։29. Ամէն մէկ ազգ իր աստուածները կը շինէր ու Սամարացիներուն շինած բարձր տեղերու տուներուն մէջ կը դնէր, ամէն մէկ ազգ իր բնակած քաղաքին մէջ։30. Բաբելացիները Սաքքովթ-Բանովթը շինեցին ու Քութացիները Ներգաղը շինեցին ու Եմաթացիները Ասիմաթը շինեցին31. Եւ Աւացիները Նեփասն ու Թարթակը շինեցին ու Սեփարուիմացիները իրենց տղաքը Սեփարուիմացիներու աստուածներուն, Ադրամելէքին ու Անամելէքին համար կրակով կ’այրէին։32. Քանի որ Տէրոջմէ կը վախնային, իրենց ամենէն ցած մարդոցմէն բարձր տեղերու քուրմեր կ’որոշէին, որոնք անոնց համար բարձր տեղերու տուներուն մէջ զոհ կ’ընէին։33. Անոնք Տէրոջմէ կը վախնային, նաեւ իրենց աստուածներուն ծառայութիւն կ’ընէին այն ազգերուն արարողութիւններովը՝ որոնց մէջէն փոխադրուած էին։34. Անոնք մինչեւ այսօր առաջուան սովորութիւններուն պէս կ’ընեն. ո՛չ Տէրոջմէ կը վախնան եւ ո՛չ իրենց կանոններն ու պատուիրանքները կը կատարեն, ո՛չ ալ այն օրէնքն ու պատուիրանքը, որ Տէրը Յակոբի որդիներուն տուաւ, որուն անունը Իսրայէլ դրեր էր։35. Տէրը անոնց հետ ուխտ ըրեր էր ու անոնց պատուիրեր էր՝ ըսելով. «Ուրիշ աստուածներէ մի՛ վախնաք ու անոնց երկրպագութիւն մի՛ ընէք եւ անոնց ծառայութիւն մի՛ ընէք ու անոնց զոհ մի՛ մատուցանէք.36. Հապա ձեզ Եգիպտոսի երկրէն մեծ զօրութիւնով ու բարձր բազուկով հանող Տէրոջմէն վախցէ՛ք եւ անոր երկրպագութիւն ըրէ՛ք ու անոր զոհ մատուցանեցէ՛ք։37. Ձեզի համար տրուած պատուէրները, օրէնքն ու պատուիրանքը միշտ զգուշութեամբ գործադրեցէք եւ ուրիշ աստուածներէ մի՛ վախնաք38. Ու ձեզի հետ ըրած ուխտս մի՛ մոռնաք եւ ուրիշ աստուածներէ մի՛ վախնաք.39. Հապա ձեր Տէր Աստուծմէն վախցէք ու անիկա ձեր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն ձեզ պիտի ազատէ»։40. Բայց անոնք հնազանդութիւն չըրին, հապա իրենց առաջուան սովորութիւններուն պէս ըրին։41. Այս ազգերն ալ թէպէտ Տէրոջմէ կը վախնային, բայց իրենց կուռքերուն ալ ծառայութիւն կ’ընէին. նաեւ անոնց որդիներն ու անոնց որդիներուն որդիները մինչեւ այսօր իրենց հայրերուն ըրածին պէս կ’ընեն։2 Թագավորներ 18:1-371. Իսրայէլի թագաւորին, Էլային որդիին Ովսէէին երկրորդ տարին Յուդայի Աքազ թագաւորին որդին Եզեկիան թագաւոր եղաւ։2. Քսանըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քսանըինը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Աբիա էր ու Զաքարիային աղջիկն էր։3. Իր հօրը Դաւիթին ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ։4. Ասիկա բարձր տեղերը վերցուց ու արձանները կոտրտեց եւ Աստարովթի կուռքերը կոտրտեց եւ Մովսէսին շինած պղնձէ օձը կտոր կտոր ըրաւ, (քանզի մինչեւ այն օրերը Իսրայէլի որդիները անոր խունկ կը ծխէին,) ու զանիկա Նէեսթան կոչեց։5. Անիկա Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն ապաւինեցաւ եւ անկէ ետքը Յուդայի բոլոր թագաւորներուն մէջ անոր նմանը չեղաւ, ոչ ալ անկէ առաջ եղողներուն մէջ։6. Տէրոջը յարեցաւ եւ անոր ետեւէն չխոտորեցաւ։ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրած պատուիրանքները պահեց։7. Ուստի Տէրը անոր հետ էր եւ ուր որ երթար յաջողութիւն կը գտնէր։ Ասորեստանի թագաւորէն ապստամբեցաւ ու անոր ծառայութիւն չըրաւ։8. Անիկա Փղշտացիները զարկաւ մինչեւ Գազա ու անոր սահմանները՝ պահապաններու աշտարակէն մինչեւ պարսպապատ քաղաքը։9. Եզեկիա թագաւորին չորրորդ տարին, որ Իսրայէլի թագաւորին՝ Էլայի որդիին Ովսէէին՝ եօթներորդ տարին էր, Ասորեստանի Սաղմանասար թագաւորը Սամարիայի վրայ յարձակեցաւ ու զանիկա պաշարեց։10. Երեք տարիէն զանիկա առաւ։ Սամարիա Եզեկիայի վեցերորդ տարին (այսինքն Իսրայէլի թագաւորին Ովսէէին իններորդ տարին) առնուեցաւ։11. Ասորեստանի թագաւորը Իսրայէլը Ասորեստան փոխադրեց եւ զանոնք Գովզան գետին քով, Քաղայի ու Քաբովրի մէջ ու մարերու քաղաքներուն մէջ բնակեցուց,12. Վասն զի անոնք իրենց Տէր Աստուծոյն ձայնին ականջ չդրին ու անոր ուխտը չպահեցին եւ Տէրոջը ծառային Մովսէսին ամէն պատուիրածներուն մտիկ չըրին ու չգործադրեցին։13. Եզեկիա թագաւորին տասնըչորրորդ տարին Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը Յուդայի բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն վրայ յարձակեցաւ ու զանոնք առաւ։14. Յուդայի Եզեկիա թագաւորը Լաքիս մարդ ղրկեց Ասորեստանի թագաւորին՝ ըսելով. «Մեղա՜յ, նահանջէ՛, բայց ինչ որ հարկ դնես՝ կը հատուցանեմ»։ Ասորեստանի թագաւորը Յուդայի Եզեկիա թագաւորին վրայ երեք հարիւր տաղանդ արծաթ ու երեսուն տաղանդ ոսկի հարկ դրաւ։15. Եզեկիա Տէրոջը տանը մէջ գտնուած բոլոր արծաթը տուաւ։16. Այն ատեն Եզեկիա Տէրոջը տաճարին դռներուն ու դրանդիքներուն վրայի ոսկին քակեց, որ ինք ՝ Յուդայի Եզեկիա թագաւորը՝ զանոնք պատեր էր ու Ասորեստանի թագաւորին տուաւ։17. Ասորեստանի թագաւորը Տարաթանը, Ռաբսարիսն ու Ռափսակը շատ զօրքով Լաքիսէն Երուսաղէմ ղրկեց Եզեկիա թագաւորին. անոնք Երուսաղէմ եկան ու հոն հասնելով՝ Թափիչին ագարակին ճամբան եղող վերի աւազանին ջրմուղին վրայ կեցան18. Ու թագաւորը կանչեցին եւ Քեղկիայի որդին Եղիակիմը, պալատին հազարապետը ու Սեբնա ատենադպիրն ու յիշատակներու դպիր Ասափին որդին Յովաքը անոնց եկան։19. Ռափսակ անոնց ըսաւ. «Եզեկիային ըսէ՛ք, Մեծ թագաւորը, Ասորեստանի թագաւորը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Ի՞նչ է այդ յոյսը, որուն դուն կ’ապաւինիս.20. Դուն ըսիր, Պատերազմի համար խորհուրդ ու զօրութիւն ունիմ. բայց շրթունքի խօսքեր են։ Հիմա որո՞ւ ապաւինելով ինծմէ ապստամբեցար։21. Ահա դուն այն ջախջախուած եղէգէ ցուպին՝ Եգիպտոսին ապաւինեցար, որու եթէ մարդ մը կռթնի, ձեռքը պիտի մտնէ ու զանիկա պիտի ծակէ։ Եգիպտոսի փարաւոն թագաւորը բոլոր իրեն ապաւինողներուն այնպէս է’։22. Բայց եթէ ինծի ըսէք թէ «Մենք մեր Եհովա Աստուծոյն կ’ապաւինինք», ասիկա ան չէ՞, որուն բարձր տեղերն ու սեղանները Եզեկիան վերցուց եւ Յուդային ու Երուսաղէմին ըսաւ. « Միայն այս սեղանին առջեւ Երուսաղէմի մէջ երկրպագութիւն ըրէք»։23. Ու հիմա իմ տիրոջս, Ասորեստանի թագաւորին հետ հաշտուէ՝ ՝ ու քեզի երկու հազար ձի տամ, եթէ դուն անոնց վրայ հեծնողներ դնելու կարող ես։24. Եւ իմ տիրոջս ամենէն պզտիկ ծառաներէն մէկ կուսակալին ի՞նչպէս կրնաս դէմ դնել, որ դուն կառքերու ու ձիերու համար Եգիպտոսին կ’ապաւինիս։25. Հիմա այս երկրին վրայ արդեօք առանց Եհովայի հրամանի՞ն ելեր եմ՝ զանիկա աւերելու համար։ Ինծի Եհովան ըսաւ. «Այն երկրին վրայ ելիր ու զանիկա աւերէ՛»։26. Քեղկիայի որդին Եղիակիմը եւ Սեբնան ու Յովաքը Ռափսակին ըսին. «Շնորհք ըրէ՛, քու ծառաներուդ հետ Ասորերէն խօսէ, քանզի մենք կը հասկնանք ու մեզի հետ Եբրայեցերէն մի՛ խօսիր, քանի որ պարսպին վրայ եղող ժողովուրդը կը լսէ»։27. Բայց Ռափսակ անոնց ըսաւ. «Միթէ այս խօսքերը խօսելու համար իմ տէրս զիս քու տիրոջդ ու քեզի՞ միայն ղրկեց. չէ՞ որ այս մարդոց ալ՝ որոնք պարսպին վրայ կը նստին, ձեզի հետ իրենց աղբը ուտելու ու իրենց մէզը խմելու դատապարտուած են»։28. Ռափսակ ոտքի ելաւ ու մեծ ձայնով Եբրայեցերէն աղաղակեց ու խօսեցաւ՝ ըսելով. «Մեծ թագաւորին, Ասորեստանի թագաւորին, խօսքը մտիկ ըրէք.29. Թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եզեկիա ձեզ թող չխաբէ, քանզի անիկա չի կրնար ձեզ անոր ձեռքէն՝ ՝ ազատել։30. Եզեկիա թող ձեզ չվստահեցնէ, ըսելով. ‘Եհովան անշուշտ մեզ պիտի ազատէ ու այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը պիտի չտրուի’։31. Եզեկիային մտիկ մի՛ ընէք, քանզի Ասորեստանի թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ինծի հետ հաշտութիւն ըրէ՛ք ու ինծի եկէ՛ք եւ ամէն մարդ իր որթատունկէն ու ամէն մարդ իր թզենիէն պիտի ուտէ եւ ամէն մարդ իր ջրհորին ջուրէն պիտի խմէ32. Մինչեւ որ ես գամ ու ձեզ ձեր երկրին պէս երկիր մը, ցորենի ու գինիի երկիր մը, հացի ու այգիներու երկիր մը, իւղ տուող ձիթենիներու ու մեղրի երկիր մը տանիմ, որպէս զի ապրիք ու չմեռնիք։ Եզեկիային մտիկ մի՛ ընէք, քանզի ձեզ գլխէ կը հանէ՝ ըսելով. ‘Եհովա մեզ պիտի ազատէ’։33. Միթէ ազգերու աստուածները Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն՝ իրենց երկիրը կրցա՞ն ազատել։34. Եմաթին ու Արփաթին աստուածները ո՞ւր են. Սեփարուիմին, Անային ու Աւային աստուածները ո՞ւր են. միթէ անոնք Սամարիան իմ ձեռքէս ազատեցի՞ն։35. Երկիրներուն բոլոր աստուածներէն ո՞րը իր երկիրը իմ ձեռքէս ազատեց, որ Եհովա Երուսաղէմը իմ ձեռքէս ազատէ՛»։36. Բայց ժողովուրդը լուռ կեցաւ եւ անոր պատասխան մը չտուաւ, քանզի թագաւորը հրաման ըրեր էր՝ ըսելով. «Անոր պատասխան մի՛ տաք»։37. Ու Քեղկիայի որդին Եղիակիմը, պալատին հազարապետը եւ Սեբնա ատենադպիրն ու յիշատակներու դպիր Ասափի որդին Յովաքը հանդերձնին պատռած՝ Եզեկիային գացին ու Ռափսակին խօսքերը անոր յայտնեցին։Սաղմոսներ 74:1-81. Ո՛վ Աստուած, ինչո՞ւ մեզ բոլորովին մերժեցիր Ու բարկութիւնդ կը մխայ քու արօտիդ ոչխարներուն վրայ։2. Յիշէ՛ քու ժողովուրդդ որ սկիզբէն ստացար, Քու ժառանգութեանդ վիճակը որ փրկեցիր Ու Սիօն լեռը, ուր բնակեցար։3. Բարձրացուր քու քայլերդ դէպի բոլորովին աւերուածները, Դէպի սուրբ տեղը թշնամիին ըրած բոլոր գէշ գործերը։4. Քու թշնամիներդ կը պոռան քու տաճարիդ մէջ։ Իրենց նշանները նշանի տեղ կը դնեն։5. Անիկա անտառի ծառերուն վրայ Կացիններ վերցնողի մը պէս ճանչցուեցաւ6. Ու հիմա անոր քանդակած զարդերը, Ամէնքը մէկէն, կացիններով ու մուրճերով կը կոտրտեն։7. Կրակով այրեցին քու սրբարանդ։ Մինչեւ գետինը կործանեցին քու անուանդ բնակարանը։8. Իրենց սրտերուն մէջ ըսին. «Կորսնցնենք ասոնք ամէնքը»։ Երկրին մէջ Աստուծոյ բոլոր ժողովարանները այրեցին։Առակներ 18:22-2422. Առաքինի կին գտնողը բարիք կը գտնէ Ու Տէրոջմէն շնորհք կը ստանայ։23. Աղքատը աղաչելով կը խօսի, Բայց հարուստը խիստ պատասխան կու տայ։24. Բարեկամներ կան, որ բարեկամ կը ձեւանան, Բայց եղբօրմէն աւելի մտերիմ բարեկամ կայ։Գործեր 1:1-261. Առաջին պատմութիւնը ըրի, ո՛վ Թէոփիլոս, այն ամէն բաներուն վրայ, որոնք Յիսուս սկսաւ ընել եւ սորվեցնել։2. Մինչեւ այն օրը, երբ Սուրբ Հոգիին միջոցով պատուէր տուաւ իր ընտրած առաքեալներուն ու համբարձաւ.3. Որոնց ինքզինք ցուցուց՝ կենդանի, իր չարչարանքներէն յետոյ շատ ապացոյցներով, քառասուն օրուան մէջ անոնց երեւնալով ու Աստուծոյ թագաւորութեանը վրայ խօսելով։4. Անոնց հետ մէկտեղ գտնուած ատենը ապսպրեց անոնց, որ Երուսաղէմէն չհեռանան, հապա սպասեն Հօրը խոստումին, որ ըսաւ. «Ինծմէ լսեցիք,5. Վասն զի իրա՛ւ Յովհաննէս ջրով մկրտեց, բայց դուք շատ օրեր չանցած Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք»։6. Անոնք ալ մէկտեղ գալով՝ կը հարցնէին իրեն ու կ’ըսէին. «Տէ՛ր, Իսրայէլի թագաւորութիւնը այս ժամանակի՞ն նորէն պիտի հաստատես»։7. Ըսաւ անոնց. «Ձեզի չի՛ վերաբերիր ժամերը եւ ժամանակները գիտնալը, որ Հայրը իր իշխանութեանը մէջ դրաւ.8. Բայց Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը»։9. Եւ երբ այս բաները ըսաւ, մինչ անոնք կը նայէին, համբարձաւ։ Ամպ մը զանիկա անոնց աչքէն ծածկեց։10. Երբ աչքերնին տնկած դէպի երկինք կը նայէին անոր ետեւէն, ահա երկու ճերմակ հանդերձներով մարդ իրենց քով կայնեցան,11. Որոնք ըսին. «Ո՛վ Գալիլիացի մարդիկ, ինչո՞ւ կայներ դէպի երկինք կը նայիք. այս Յիսուսը որ ձեզմէ երկինք համբարձաւ, այսպէս պիտի գայ՝ ինչպէս տեսաք անոր երկինք երթալը»։12. Այն ատեն Երուսաղէմ դարձան Ձիթենեաց լեռնէն, որ շաբաթ օրուան ճամբու չափ մօտ է Երուսաղէմի։13. Երբ քաղաքը մտան ելան վերնատունը, ուր կը բնակէին Պետրոսը եւ Յակոբոսը, Յովհաննէսը եւ Անդրէասը, Փիլիպպոսը եւ Թովմասը, Բարթողիմէոսը եւ Մատթէոսը, Յակոբոս Ալփէոսեանն ու Սիմոն Նախանձայոյզը եւ Յուդա Յակոբեան։14. Ասոնք ամէնքը միաբանութեամբ միշտ աղօթք ու աղաչանք կ’ընէին կիներուն հետ եւ Յիսուսին մօրը Մարիամին ու անոր եղբայրներուն հետ մէկտեղ։15. Այն օրերը Պետրոս ելաւ աշակերտներուն մէջ, ( ուր հարիւր քսան հոգիի չափ հաւաքուած բազմութիւն կար,) ու ըսաւ.16. «Մարդի՛կ եղբայրներ, պէտք է որ կատարուէր այն գրուածը, որ նախապէս Սուրբ Հոգին Դաւիթին բերնով ըսաւ Յուդայի համար, որ Յիսուսը բռնողներուն առաջնորդ եղաւ.17. Վասն զի անիկա մեզի հետ էր մեր համրանքին մէջ եւ այս պաշտօնէն ալ բաժին ունէր։18. Ասիկա անիրաւութեան վարձքով ագարակ մը ստացաւ ու գլխիվար իյնալով մէջտեղէն ճեղքուեցաւ եւ իր փորոտիքը դուրս թափուեցաւ։19. Ու այս բանը Երուսաղէմ բնակողներուն յայտնի եղաւ, այնպէս որ իրենց լեզուովը այն ագարակին անունը Ակեղդամա դրուեցաւ, այսինքն՝ Արեան Ագարակ։20. Վասն զի Սաղմոսներու մէջ գրուած է թէ ‘Անոր բնակարանը աւերակ ըլլայ ու անոր մէջ բնակող մը չըլլայ։ Անոր պաշտօնը ուրիշը առնէ’։21. Ուրեմն պէտք է որ այս մարդոցմէն՝ որոնք մեզի հետ էին այն բոլոր ատենը, երբ Տէր Յիսուս մեր մէջ մտաւ ու ելաւ՝22. Յովհաննէսին մկրտութենէն սկսած՝ մինչեւ այն օրը որ մեզմէ համբարձաւ՝ ասոնցմէ մէկը մեզի հետ վկայ ըլլայ անոր յարութեանը»։23. Երկու հոգի կայնեցուցին Յովսէփը, որ Բարսաբա կը կոչուէր, որ Յուստոս ալ մականուանուեցաւ ու Մատաթիան։24. Աղօթելով՝ ըսին. «Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, որ ամենուն սիրտը կը ճանչնաս, այս երկուքէն ո՞ր մէկը ընտրեցիր, մեզի յայտնէ.25. Որպէս զի այս պաշտօնին եւ առաքելութեանը վիճակը առնէ, որմէ Յուդա ինկաւ իր տեղը երթալու»։26. Անոնց համար վիճակ ձգեցին ու վիճակը Մատաթիային ելաւ։ Անիկա տասնըմէկ առաքեալներուն հետ սեպուեցաւ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981