Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունիս 162 Թագավորներ 19:1-371. Երբ Եզեկիա թագաւորը լսեց, իր հանդերձները պատռեց ու քուրձ հագաւ եւ Տէրոջը տունը մտաւ։2. Պալատին հազարապետը Եղիակիմ եւ Սեբնա ատենադպիրն ու քահանաներուն ծերերը քուրձեր հագած՝ Ամովսի որդիին Եսայի մարգարէին ղրկեց։3. Անոր ըսին. Եզեկիան այսպէս կ’ըսէ. «Այսօր նեղութեան, կշտամբանքի ու նախատինքի օր է. քանզի տղաքը մինչեւ ծնանելու վայրկեանը հասան, բայց ծնանելու ոյժ չկայ։4. Կարելի է որ քու Տէր Աստուածդ Ռափսակին բոլոր խօսքերը լսէ, որ իր տէրը, Ասորեստանի թագաւորը, ղրկեց կենդանի Աստուածը նախատելու համար ու քու Տէր Աստուածդ այն իր լսած խօսքերուն համար յանդիմանէ. ուրեմն դուն մնացորդին համար աղօթք ըրէ՛»։5. Եզեկիա թագաւորին ծառաները Եսայիին գացին։6. Եսայի անոնց ըսաւ. «Ձեր տիրոջը այսպէս ըսէք. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մի՛ վախնար այն լսած խօսքերէդ, որոնցմով Ասորեստանի թագաւորին ծառաները ինծի հայհոյեցին։7. Ահա ես անոր վրայ ոգի մը պիտի ղրկեմ։ Ան լուր մը լսելով իր երկիրը պիտի դառնայ ու զանիկա իր երկրին մէջ սրով պիտի կործանեմ’»։8. Ռափսակ դարձաւ ու Ասորեստանի թագաւորը գտաւ, որ Լեբնայի հետ կը պատերազմէր, վասն զի լսած էր թէ Լաքիսէն չուեր է։9. Սենեքերիմ Եթովպացիներուն Թարակա թագաւորին համար լսեց, որ կ’ըսէին. «Ահա անիկա քեզի հետ պատերազմելու ելեր է»։ Նորէն Եզեկիային դեսպաններ ղրկեց՝ ըսելով.10. «Յուդայի Եզեկիա թագաւորին այսպէս խօսեցէք ու ըսէք. ‘Այն քու Աստուածդ, որուն դուն ապաւիներ ես, թող քեզ չխաբէ՝ ըսելով, Երուսաղէմ Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը պիտի չտրուի։11. Ահա դուն լսեցիր ինչ որ Ասորեստանի թագաւորները բոլոր երկիրներուն ըրին ու ի՛նչպէս զանոնք բոլորովին կործանեցին ու հիմա դո՞ւն պիտի ազատիս։12. Միթէ իմ հայրերուս կործանած ազգերուն, այսինքն Գովզանի, Խառանի, Ռեսեփի ու Թելասարի մէջ եղող Եդեմին որդիներուն աստուածները զանոնք ազատեցի՞ն։13. Ո՞ւր են Եմաթին թագաւորն ու Արփաթին թագաւորը ու Սեփարուիմ քաղաքին՝ Անային եւ Աւային թագաւորը’»։14. Եզեկիա նամակը դեսպաններուն ձեռքէն առաւ ու զանիկա կարդաց եւ Տէրոջը տունը ելաւ ու Եզեկիա Տէրոջը առջեւ բացաւ զանիկա։15. Ու Եզեկիա Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Ով Տէր Աստուած Իսրայէլի, որ քերովբէներու վրայ կը նստիս, երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ Աստուած միայն դուն ես. երկինքն ու երկիրը դուն ստեղծեցիր։16. Ո՛վ Տէր, ականջդ խոնարհեցուր ու լսէ՛. ո՛վ Տէր, աչքերդ բաց ու նայէ՛ եւ լսէ՛ Սենեքերիմին խօսքերը, որ ղրկեց կենդանի Աստուածը նախատելու համար։17. Ո՛վ Տէր, իրաւցընէ Ասորեստանի թագաւորները՝ ազգերը ու անոնց երկիրը աւերեցին18. Եւ անոնց աստուածները կրակի տուին, վասն զի անոնք Աստուած չէին, հապա մարդու ձեռագործ, փայտ ու քար, էին. անոր համար զանոնք կորսնցուցին։19. Հիմա դուն, ո՜վ Տէր Աստուած մեր, ազատէ մեզ անոր ձեռքէն, որպէս զի երկրի բոլոր թագաւորութիւնները գիտնան թէ միայն դո՛ւն ես Աստուած»։20. Ամովսի որդին Եսայի Եզեկիային մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսէս կ’ըսէ. ‘Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորին համար ինծի ըրած աղօթքդ լսեցի.21. Անոր վրայով Տէրոջը ըսած խօսքը այս է. «Սիօնին կոյս աղջիկը քեզ անարգեց, քեզ ծաղր ըրաւ. Երուսաղէմին աղջիկը քու ետեւէդ գլուխ շարժեց։22. Դուն զո՞վ նախատեցիր ու որո՞ւ հայհոյեցիր Ու որո՞ւ վրայ ձայնդ վերցուցիր Եւ աչքերդ Իսրայէլի սուրբին դէմ վեր վերցուցիր։23. Քու դեսպաններուդ ձեռքով Տէրը նախատելով՝ ըսիր. ‘Իմ կառքերուս շատութիւնովը լեռներուն բարձունքը, Լիբանանի քովերը ելայ Ու անոր բարձր եղեւինները Եւ ընտիր մայրիները պիտի կտրեմ՝ ՝ Ու անոր վերջին բնակութիւնը Անոր Կարմեղոսին անտառը պիտի մտնեմ։24. Ես փորեցի ու օտար ջուրերը խմեցի Ու պաշարուած տեղերուն՝ ՝ բոլոր գետերը Ոտքերուս թաթերովը ցամքեցուցի։25. Միթէ լսած չե՞ս որ ասիկա շատոնցմէ ես կազմեցի Ու սկիզբէն ծրագրեցի. Հիմա կատարեցի, Որպէս զի դուն պարսպապատ քաղաքները աւերակի հողակոյտերու դարձնես։26. Ուստի անոնց բնակիչներուն ձեռքը կարճ ըլլալուն համար Զարհուրեցան ու ամչցան. Անոնք դաշտի խոտի պէս Եւ կանանչ բանջարի պէս, Տանիքի խոտի պէս Եւ դեռ չհասած ու խորշակէն զարնուած հունձքի պէս եղան։27. Բայց ես քու բնակութիւնդ, ելլելդ ու մտնելդ Եւ ինծի դէմ ունեցած սրտմտութիւնդ գիտեմ։28. Որովհետեւ ինծի դէմ ունեցած սրտմտութիւնդ Ու քու ամբարտաւանութիւնդ իմ ականջներուս հասան։ Ես ալ իմ կարթս քու քիթդ Եւ իմ սանձս քու բերանդ պիտի դնեմ Ու քու եկած ճամբայէդ քեզ ետ պիտի դարձնեմ։29. Եւ ասիկա քեզի նշան ըլլայ. Այս տարի ինքնիրմէ բուսածը Ու երկրորդ տարին ինկած հատերէն բուսածը պիտի ուտէք, Իսկ երրորդ տարին ցանեցէք ու հնձեցէք Եւ այգիներ տնկեցէք ու անոնց պտուղը կերէք։30. Յուդայի տունէն ազատուած մնացորդը Վարէն արմատ պիտի արձակէ Ու վերէն պտուղ պիտի տայ,31. Քանզի Երուսաղէմէն մնացորդ մը Ու Սիօն լեռնէն վերապրողներու խումբ մը պիտի ելլէ։ Ասիկա զօրքերու Տէրոջը նախանձախնդրութիւնը պիտի ընէ։32. Ասոր համար Ասորեստանի թագաւորին վրայով Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Անիկա այս քաղաքը պիտի չմտնէ Ու անոր նետ պիտի չնետէ Եւ անոր առջեւ վահանով պիտի չգայ Ու անոր դէմ պատնէշ պիտի չկանգնեցնէ։33. Իր եկած ճամբայէն ետ պիտի դառնայ Ու այս քաղաքը պիտի չմտնէ’, կ’ըսէ Տէրը։34. Եւ այս քաղաքը պիտի պաշտպանեմ Ու զանիկա ազատեմ ինծի համար Ու իմ ծառայիս Դաւիթին համար»։35. Ու այն գիշերը Տէրոջը հրեշտակը ելաւ եւ Ասորեստանի բանակին մէջ հարիւր ութսունըհինգ հազար մարդ զարկաւ։ Երբ առաւօտուն կանուխ ելան, ահա անոնց ամէնքը մեռած մարմիններ էին։36. Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը չուեց գնաց ու դարձաւ Նինուէի մէջ նստաւ։37. Երբ անիկա իր աստուծոյն Նեսրաքին տանը մէջ երկրպագութիւն կ’ընէր, անոր որդիները Ադրամելէքն ու Սարասարը զանիկա սրով զարկին ու Արարատի երկիրը փախան։ Անոր տեղ անոր որդին Ասորդան թագաւոր եղաւ։2 Թագավորներ 20:1-211. Այն օրերը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ։ Ամովսի որդին Եսայի մարգարէն անոր եկաւ ու անոր ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Տանդ համար պատուէր տուր, քանզի դուն մեռնելու ես ու պիտի չապրիս’»։2. Անիկա իր երեսը պատին դարձուց ու Տէրոջը աղօթք ըրաւ՝ ըսելով.3. «Ո՛վ Տէր, կ’աղաչեմ, յիշէ թէ քու առջեւդ ճշմարտութեամբ ու կատարեալ սրտով քալեցի եւ քու աչքիդ առջեւ բարի եղածը ըրի»։ Եզեկիա դառնօրէն լացաւ։4. Եսայի տակաւին միջին գաւիթէն ելած չէր, երբ Տէրոջը խօսքը անոր եղաւ՝ ըսելով.5. «Դարձի՛ր ու իմ ժողովուրդիս իշխանին Եզեկիային ըսէ. ‘Քու հօրդ Դաւիթին Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Քու աղօթքդ լսեցի, քու աչքիդ արցունքը տեսայ, ահա քեզ պիտի բժշկեմ ու երրորդ օրը Տէրոջը տունը պիտի ելլես6. Եւ քու օրերուդ վրայ տասնըհինգ տարի պիտի աւելցնեմ ու քեզ եւ այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն պիտի ազատեմ եւ այս քաղաքին պաշտպանութիւն պիտի ընեմ ինծի համար ու իմ ծառայիս Դաւիթին համար»։7. Ու Եսայի ըսաւ. «Քանի մը չոր թուզ առէք ու դրէք վէրքին վրայ եւ պիտի առողջանայ»։8. Եզեկիա Եսայիին ըսաւ. «Տէրոջը զիս բժշկելուն ու երրորդ օրը Տէրոջը տունը ելլելուս նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։9. Եսայի ըսաւ. «Ասիկա քեզի Տէրոջմէն նշան պիտի ըլլայ, որ Տէրը իր ըրած խօսքը պիտի կատարէ։ Ստուերը կա՛մ տասը աստիճան առաջ պիտի երթայ, կա՛մ տասը աստիճան ետ պիտի դառնայ»։10. Եզեկիա ըսաւ. «Ստուերին տասը աստիճան առաջ երթալը դիւրին է. ուստի ստուերը տասը աստիճան ետ թող դառնայ»։11. Եսայի մարգարէն Տէրոջը աղաղակեց ու ստուերը տասը աստիճան ետ դարձուց այն աստիճաններէն, որ Աքազի արեւու ժամացոյցին վրայ իջած էր։12. Այն ատեն Բաբելոնի թագաւորը, Բաղադանին որդին Մարովդաք-Բաղադան՝ ՝, նամակներ ու ընծաներ ղրկեց Եզեկիային, քանզի Եզեկիային հիւանդ ըլլալը լսեր էր։13. Եզեկիա անոնց մտիկ ըրաւ՝ ՝ եւ թանկագին բաներուն գանձատունը, արծաթն ու ոսկին ու խունկերը եւ պատուական իւղն ու իր զինարանը եւ իր բոլոր գանձերը ցուցուց։ Իր տանը մէջ եւ իր բոլոր տէրութեանը մէջ բան մը չմնաց, որ Եզեկիա անոնց չցուցնէ։14. Եսայի մարգարէն Եզեկիա թագաւորին եկաւ ու անոր ըսաւ. «Այս մարդիկը ի՞նչ ըսին եւ ուրկէ՞ եկան քեզի»։ Եզեկիա ըսաւ. «Հեռու տեղէ, Բաբելոնէն եկան»։15. Անիկա ըսաւ. «Քու տանդ մէջ ի՞նչ տեսան»։ Եզեկիա ըսաւ. «Տանս մէջ ինչ որ կար՝ տեսան ու գանձերուս մէջ բան չմնաց, որ չցուցուցի»։16. Այն ատեն Եսայի Եզեկիային ըսաւ. «Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէ.17. ‘Ահա օրեր պիտի գան, երբ քու տանդ մէջ ինչ որ կայ ու քու հայրերդ մինչեւ այսօր ինչ որ հաւաքեցին՝ Բաբելոն պիտի տարուին. բան մը պիտի չմնայ’, կ’ըսէ Տէրը18. Ու քեզմէ ելլելու՝ քու ծնանելու որդիներէդ պիտի առնեն եւ անոնք Բաբելոնի թագաւորին պալատին մէջ ներքինիներ պիտի ըլլան»։19. Եզեկիա Եսայիին ըսաւ. «Տէրոջը խօսքը, որ դուն ըսիր, բարի է»։ Նաեւ ըսաւ. « Բարի չէ՞ քանի որ իմ օրերուս մէջ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ»։20. Եզեկիային մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր բոլոր զօրութիւնը ու շինած աւազանն ու ջրմուղը եւ քաղաքը բերած ջուրը՝ Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։21. Եզեկիա իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ անոր տեղ անոր որդին Մանասէն թագաւոր եղաւ։2 Թագավորներ 21:1-261. Մանասէն տասնըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ յիսունըհինգ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Էփսիփա էր։2. Անիկա Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտած ազգերուն գարշելի գործերուն հետեւելով՝ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։3. Անիկա իր հօրը Եզեկիային կործանած բարձր տեղերը նորէն շինեց ու Բահաղին սեղաններ եւ Աստարովթին կուռք մը շինեց Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին ըրածին պէս ու երկնքի բոլոր զօրութիւններուն երկրպագութիւն ըրաւ եւ անոնց ծառայութիւն ըրաւ4. Ու սեղաններ շինեց Տէրոջը տանը մէջ, որուն համար Տէրը ըսած էր թէ՝ ‘Իմ անունս Երուսաղէմի մէջ պիտի դնեմ’։5. Տէրոջը տանը երկու գաւիթներուն մէջ երկնքի բոլոր զօրութիւններուն սեղաններ շինեց6. Ու իր տղան կրակէ անցուց եւ գուշակութիւն ու հմայութիւն ըրաւ, վհուկներ ու նշանագէտներ պահեց եւ Տէրոջը առջեւ շատ չարութիւն ըրաւ ու զանիկա բարկացուց։7. Իր շինած Աստարովթի կուռքը իր տանը մէջ դրաւ, որուն համար Տէրը Դաւիթին ու անոր որդիին Սողոմոնին ըսեր էր. «Իմ անունս այս տանը մէջ ու Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն իմ ընտրած Երուսաղէմիս մէջ պիտի դնեմ յաւիտեան8. Եւ Իսրայէլի ոտքը անգամ մըն ալ պիտի չշարժեմ այդ երկրէն, որ անոնց հայրերուն տուի. միայն թէ անոնք իմ բոլոր պատուիրանքներս ու իմ Մովսէս ծառայիս անոնց պատուիրած բոլոր օրէնքը զգուշութեամբ գործադրեն»։9. Բայց անոնք մտիկ չըրին ու Մանասէ այնպէս մոլորեցուց զանոնք, որ Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն կորսնցուցած ազգերէն աւելի չարութիւն ըրին։10. Տէրը իր ծառաներուն եւ մարգարէներուն միջոցով խօսեցաւ ըսելով.11. «Որովհետեւ Յուդայի Մանասէ թագաւորը այս գարշութիւնները ընելով իրմէ առաջ եղող Ամօրհացիներուն բոլոր ըրածներէն աւելի չարութիւն ըրաւ ու իր կուռքերովը Յուդային ալ մեղք գործել տուաւ,12. Անոր համար Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Երուսաղէմի վրայ ու Յուդայի վրայ այնպիսի չարիք մը պիտի ղրկեմ, որ ամէն լսողին երկու ականջը պիտի խօսի։13. Ու Երուսաղէմի վրայ Սամարիային լարը եւ Աքաբին տանը գնդակը պիտի երկնցնեմ ու Երուսաղէմը պիտի սրբեմ, ինչպէս մէկը աման մը կը սրբէ ու սրբելէն յետոյ երեսը վար կը դարձնէ։14. Իմ ժողովուրդիս մնացորդը պիտի լքեմ ու զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը պիտի տամ ու իրենց բոլոր թշնամիները զանոնք պիտի կոտորեն ու յափշտակեն.15. Որովհետեւ իմ առջեւս չարութիւն ըրին ու իրենց հայրերուն Եգիպտոսէն ելած օրէն մինչեւ այսօր զիս բարկացուցին։16. Նաեւ Մանասէն խիստ շատ անմեղ արիւն թափեց, այնպէս որ Երուսաղէմը ծայրէ ծայր լեցուց. ան մեղքէն զատ՝ որով Տէրոջը առջեւ Յուդային մեղանչելուն ու չարութիւն ընելուն պատճառ եղաւ»։17. Եւ Մանասէին մնացորդ պատմութիւնն ու ամէն ըրածը եւ անոր գործած մեղքը՝ Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։18. Ու Մանասէ իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ իր տանը պարտէզին մէջ, Ոզայի պարտէզին մէջ, թաղուեցաւ ու անոր տեղ անոր որդին Ամոնը թագաւոր եղաւ։19. Ամոն քսանըերկու տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Մեսողոմիթ էր ու Ետեբացի Արուսին աղջիկն էր։20. Անիկա իր հօրը Մանասէին ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ21. Ու իր հօրը քալած ճամբուն մէջ քալեց եւ իր հօրը պաշտած կուռքերը պաշտեց ու անոնց երկրպագութիւն ըրաւ։22. Իր հայրերուն Տէր Աստուածը թողուց ու Տէրոջը ճամբուն մէջ չքալեց։23. Ամոնին ծառաները անոր դէմ դաւադրութիւն ըրին ու զինք իր տանը մէջ մեռցուցին։24. Երկրին ժողովուրդը Ամոն թագաւորին դէմ դաւադրութիւն ընողներուն ամէնքը մեռցուցին։ Երկրին ժողովուրդը անոր որդին Յովսիան անոր տեղ թագաւոր դրին։25. Եւ Ամոնին ըրած գործերուն մնացորդ պատմութիւնը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։26. Զանիկա Ոզային պարտեզը իր գերեզմանին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղը անոր որդին Յովսիան թագաւոր եղաւ։Սաղմոսներ 74:9-179. Մեր նշանները չենք տեսներ։ Ալ մարգարէ չկայ։ Մեր քով մէկը չկայ, Որ գիտնայ թէ ասիկա մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ ։10. Ո՛վ Աստուած, մինչեւ ե՞րբ նեղիչը պիտի նախատէ։ Թշնամին մինչեւ յաւիտեան քու անունդ պիտի անարգէ՞։11. Ինչո՞ւ ետ կը քաշես քու ձեռքդ ու քու աջ ձեռքդ։ Զանիկա ծոցէդ հանէ ու կորսնցուր զանոնք ։12. Բայց սկիզբէն իմ թագաւորս Աստուած է, Որ փրկութիւն կ’ընէ երկրի մէջ։13. Դուն քու զօրութիւնովդ ծովը պատռեցիր, Վիշապներուն գլուխները ջուրերուն մէջ փշրեցիր։14. Դուն ջարդեցիր Լեւիաթանին գլուխները. Զանիկա կերակուր ըլլալու տուիր անապատին մէջի ժողովուրդին։15. Դուն ճեղքեցիր աղբիւրը ու վտակը, Դուն չորցուցիր մշտնջենաւոր գետերը։16. Քուկդ է ցորեկը եւ քուկդ է գիշերը։ Լոյսը ու արեւը դուն պատրաստեցիր։17. Դուն հաստատեցիր երկրին սահմանները։ Ամառը ու ձմեռը դուն ստեղծեցիր։Առակներ 19:1-21. Իր կատարելութեան մէջ քալող աղքատը Նենգաւոր շրթունք ունեցող յիմարէն աղէկ է։2. Հոգիին տգիտութիւնը աղէկ չէ Ու ոտքերովը արտորացողը կը սահի։Գործեր 2:1-211. Երբ Պէնտէկոստէի տօնը հասաւ, ամէնքն ալ միաբան մէկտեղ էին։2. Յանկարծակի երկնքէն ձայն մը եղաւ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս եւ բոլոր տունը լեցուց՝ ուր նստեր էին3. Եւ բաժնուած լեզուներ երեւցան իրենց՝ որպէս թէ կրակէ՝ ու ամէն մէկուն վրայ նստան։4. Եւ ամէնքն ալ Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու սկսան ուրիշ լեզուներով խօսիլ, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար։5. Երուսաղէմի մէջ բնակող Հրեաներ կային՝ աստուածավախ մարդիկ՝ երկնքի տակ եղած բոլոր ազգերէն ժողվուած,6. Երբ այս ձայնը եղաւ, բազմութիւնը մէկտեղ եկաւ ու խռովեցաւ, վասն զի կը լսէին որ անոնք իրենց ամէն մէկուն լեզուովը կը խօսէին։7. Ամէքն ալ կը սքանչանային ու կը զարմանային եւ իրարու կ’ըսէին. ‘Չէ՞ որ ահա ասոնք ամէնքն ալ որ կը խօսին, Գալիլիացի են.8. Ուրեմն ի՞նչպէս կը լսենք մենք մեր ամէն մէկ լեզուովը՝ որուն մէջ ծնած ենք,9. Պարթեւներ եւ Մարեր ու Եղամացիներ եւ անոնք որ կը բնակին Միջագետքի մէջ եւ Հրէաստանի ու Կապադովկիայի մէջ, Պոնտոսի ու Ասիայի մէջ,10. Փռիւգիայի եւ Պամփիւլիայի մէջ, Եգիպտոսի մէջ եւ Կիւրենէի մօտ Լիբէացիներու կողմերուն մէջ, նաեւ Հռովմայեցի պանդուխտներ,11. Թէ՛ Հրեաներ եւ թէ՛ նորահաւատներ, Կրետացիներ եւ Արաբացիներ, կը լսենք որ մեր լեզուներով կը պատմեն Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին’։12. Կը սքանչանային ամէնքն ալ ու տարակուսած իրարու կ’ըսէին. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս»։13. Ոմանք ալ ծաղր ընելով՝ կ’ըսէին. «Անոնք նոր գինիով լեցուեր են»։14. Բայց Պետրոս ելաւ տասնըմէկին հետ մէկտեղ ձայնը վերցուց ու խօսեցաւ անոնց. «Ո՛վ Հրեայ մարդիկ եւ դուք ամէնքդ որ Երուսաղէմ կը բնակիք, այս ձեզի յայտնի ըլլայ ու ականջ դրէք իմ խօսքերուս։15. Քանզի ասոնք ո՛չ թէ գինովցած են, ինչպէս դուք կը կարծէք, վասն զի դեռ օրուան երրորդ ժամն է.16. Հապա ասիկա այն է որ Յովէլ մարգարէին միջոցով ըսուեցաւ.17. ‘Եւ պիտի ըլլայ որ վերջին օրերը, կ’ըսէ Աստուած, իմ Հոգիէս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ ու ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան ու ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն եւ ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն18. Եւ իմ ծառաներուս ու իմ աղախիններուս վրայ ալ այն օրերը իմ Հոգիէս պիտի թափեմ ու պիտի մարգարէանան։19. Վերը երկինքը հրաշքներ պիտի ցուցնեմ ու վարը երկիրը՝ նշաններ, արիւն ու կրակ եւ ծուխի մառախուղ.20. Արեւը խաւարի պիտի դառնայ եւ լուսինը՝ արիւնի, դեռ Տէրոջը մեծ ու երեւելի օրը չեկած։21. Եւ պիտի ըլլայ որ ամէն ո՛վ որ Տէրոջը անունը կանչէ՝ պիտի փրկուի’։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981