Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունիս 172 Թագավորներ 22:1-201. Յովսիա ութը տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեսունըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յեդիդա էր ու Բազկաթացի Ադայիային աղջիկն էր։2. Անիկա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ ու իր հօրը Դաւիթին ճամբուն մէջ քալեց եւ աջ կամ ձախ չխոտորեցաւ։3. Յովսիա թագաւորին տասնըութերորդ տարին թագաւորը Մեսուղամին որդիին Եսելիային որդին Սափան դպրիը Տէրոջը տունը ղրկեց՝ ըսելով.4. «Քեղկիա քահանայապետին գնա՛ ու անիկա Տէրոջը տունը բերուած ստակը թող համրէ՛, որ դրան պահապանները ժողովուրդէն հաւաքեցին5. Ու զանիկա Տէրոջը տանը գործին վրայ դրուած բանուորներուն ու տանը փլած տեղերը շինելու համար Տէրոջը տանը մէջ գործող6. Հիւսներուն, շինողներուն ու որմնադիրներուն թող տան, նաեւ փայտ ու տաշուած քարեր թող ծախու առնեն տունը նորոգելու համար»։7. Բայց անոնց ձեռքը տրուած ստակին հաշիւը չէին հարցներ, քանզի անոնք հաւատարմութեամբ կը գործէին։8. Քեղկիա քահանայապետը Սափան դպիրին ըսաւ. «Տէրոջը տանը մէջ օրէնքներու գիրք մը գտայ» ու այն գիրքը Սափանին տուաւ ու այն կարդաց։9. Սափան դպիրը թագաւորին ըսաւ. «Քու ծառաներդ տանը մէջ գտնուած ստակը հանեցին ու Տէրոջը տանը գործին վրայ դրուած բանուորներուն ձեռքը տուին»։10. Սափան դպիրը թագաւորին պատմեց ու ըսաւ. «Քեղկիա քահանան ինծի գիրք մը տուաւ»։ Սափան զանիկա թագաւորին առջեւ կարդաց։11. Ու թագաւորը օրէնքներու գրքին խօսքերը լսածին պէս իր հանդերձները պատռեց։12. Թագաւորը Քեղկիա քահանային ու Սափանին որդիին Աքիկամին ու Միքիային որդիին Աքոբորին եւ Սափան դպիրին ու թագաւորին ծառային Ասայիային պատուիրեց ու ըսաւ.13. «Գացէ՛ք, ինծի համար ու ժողովուրդին համար ու բոլոր Յուդային համար՝ այս գտնուած գրքերուն խօսքերուն վրայով Տէրոջը հարցուցէ՛ք. քանզի մեր վրայ Տէրոջը մեծ բարկութիւնը բորբոքեր է, որովհետեւ մեր հայրերը այս գրքին խօսքերուն հնազանդած չեն ու մեզի համար ամէն գրուած բաները գործադրած չեն»։14. Քեղկիա քահանան եւ Աքիկամն ու Աքոբորը եւ Սափանն ու Ասայիան՝ Արասին որդիին Թեկուայի որդիին Սեղղում հանդերձապետին կնոջ Ողդա մարգարէին գացին։ Անիկա Երուսաղէմ Մասենայի մէջ կը բնակէր ու անոր հետ խօսեցան։15. Անիկա ըսաւ անոնց. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեզ ինծի ղրկող մարդուն այսպէս ըսէք.16. «Ահա ես այս տեղին ու անոր բնակիչներուն վրայ չարիք պիտի բերեմ, այսինքն Յուդայի թագաւորին կարդացած գրքին ամէն խօսքերը։17. Որովհետեւ զիս թողուցին եւ ուրիշ աստուածներու խունկ ծխեցին, որպէս զի իրենց ձեռքերուն բոլոր գործերովը զիս բարկացնեն. ուստի այս տեղին վրայ իմ բարկութիւնս պիտի բորբոքի ու պիտի չմարի»18. Բայց Տէրոջը հարցնելու համար ձեզ ղրկող Յուդայի թագաւորին այսպէս ըսէք. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ.19. ‘Լսած խօսքերուդ համար, որովհետեւ քու սիրտդ կակղացաւ ու Տէրոջը առջեւ խոնարհեցար, երբ լսեցիր իմ խօսքս, թէ այս տեղին վրայ ու անոր բնակիչներուն վրայ աւերում ու անէծք պիտի ըլլայ եւ քու հանդերձներդ պատռեցիր ու իմ առջեւս լացիր, ես ալ լսեցի՛, կ’ըսէ Տէրը։20. Անոր համար ահա ես քեզ քու հայրերուդ պիտի խառնեմ ու խաղաղութեամբ քու գերեզմանիդ մէջ պիտի ամփոփուիս։ Այս տեղին վրայ իմ բերելու բոլոր չարիքներս քու աչքերդ պիտի չտեսնեն’»։ Ու անոնք թագաւորին պատասխան բերին։2 Թագավորներ 23:1-371. Թագաւորը մարդ ղրկեց եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի բոլոր ծերերը իր քով հաւաքուեցան։2. Թագաւորն ու Յուդայի բոլոր մարդիկը ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներն ու քահանաները եւ մարգարէներն ու պզտիկէն մինչեւ մեծը՝ բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը տունը գացին եւ Տէրոջը տանը մէջ գտնուած ուխտի գրքին բոլոր խօսքերը անոնց առջեւ կարդաց։3. Եւ թագաւորը սիւնին քով կեցաւ ու Տէրոջը առջեւ ուխտ ըրաւ, որ այն գրքին մէջ գրուած ուխտին խօսքերը հաստատելու համար Տէրոջը ետեւէն երթայ եւ անոր պատուիրանքներն ու վկայութիւնները ու կանոնները բոլոր սրտով ու բոլոր հոգիով պահէ։ Բոլոր ժողովուրդը ուխտին հաւանութիւն տուաւ։4. Ու թագաւորը Քեղկիա քահանայապետին ու երկրորդ աստիճանի քահանաներուն եւ դրան պահապաններուն հրամայեց, որ Բահաղին համար ու Աստարովթին համար ու երկնքի բոլոր զօրութիւններուն համար շինուած գործիքներուն ամէնքը Տէրոջը տաճարէն դուրս հանեն։ Զանոնք Երուսաղէմէն դուրս Կեդրոնի դաշտավայրին մէջ այրեց ու անոնց մոխիրը Բեթէլ տարաւ։5. Յուդայի թագաւորներուն՝ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի բոլորտիքը բարձր տեղերու վրայ դրած խունկ ծխող քուրմերը եւ Բահաղին ու արեգակին ու լուսնին եւ տասնըերկու կենդանակերպերուն ու երկնքի բոլոր զօրութիւններուն խունկ ծխողները հեռացուց։6. Աստարովթին կուռքը Տէրոջը տունէն Երուսաղէմէն դուրս՝ Կեդրոն հեղեղատը հանեց ու զանիկա Կեդրոն հեղեղատին մէջ այրեց ու ծեծեց փոշի ըրաւ ու փոշին ժողովուրդին գերեզմաններուն վրայ ցանեց։7. Տէրոջը տանը մէջ գտնուող Սոդոմական մեղք գործողներուն տուները փլցուց, ուր կիները Աստարովթին վարագոյրները կը գործէին։8. Յուդայի քաղաքներէն բոլոր քահանաները Երուսաղէմ բերաւ ու Գաբայէն մինչեւ Բերսաբէէ քանդեց այն բարձր տեղերը, որոնց մէջ քահանաները խունկ կը ծխէին եւ քաղաքին իշխանին Յեսուին դրանը բերանը՝ քաղաքին դրանը ձախ կողմը եղող դռներուն բարձր տեղերը փլցուց։9. Բայց բարձր տեղերուն քահանաները Երուսաղէմ եղող Տէրոջը սեղանը չէին ելլեր, հապա իրենց եղբայրներուն մէջ բաղարջ կ’ուտէին։10. Ու Ենովմին որդիին ձորին մէջ եղող Տօփեթը աւերեց, որպէս զի ոեւէ մարդ իր տղան կամ աղջիկը Մողոքին որպէս զոհ կրակէ չանցընէ։11. Նաեւ վերցուց Տէրոջը տանը դրանը առջեւէն այն ձիերը, որոնք Յուդայի թագաւորները արեգակին նուիրեր էին։ Անոնք Փարուրիմ եղող Նաթանմելէք ներքինիին սենեակին քով էին։ Արեգակին կառքերը կրակով այրեց։12. Թագաւորը Աքազին վերնատանը տանիքին վրայ Յուդայի թագաւորներուն շինած սեղաններն ու Տէրոջը տանը երկու գաւիթներուն մէջ Մանասէին շինած սեղանները փլցուց, բնաջինջ ըրաւ եւ անոնց հողը Կեդրոն հեղեղատը նետեց։13. Թագաւորը Երուսաղէմի դէմ, Ապականութեան լերան աջ կողմը, Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորին Սիդոնացիներուն գարշելիին՝ Աստարովթին համար ու Մովաբացիներուն գարշելիին՝ Քամովսին համար ու Ամմոնին որդիներուն գարշելիին՝ Մեղքողին համար շինած բարձր տեղերը աւերեց14. Եւ արձանները խորտակեց ու Աստարովթին կուռքերը կոտրտեց ու անոնց տեղը մարդու ոսկորներով լեցուց։15. Բեթէլին սեղանն ալ եւ Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին շինած բարձր տեղը (այն սեղանն ու բարձր տեղն ալ) փլցուց եւ բարձր տեղը այրեց ու փոշի դարձուց ու Աստարովթին կուռքը այրեց։16. Յովսիան դարձաւ ու հոն լերանը վրայի գերեզմանները տեսաւ։ Մարդ ղրկեց, գերեզմաններուն մէջի ոսկորները առաւ ու սեղանին վրայ այրելով ջնջեց, Տէրոջը խօսքին համեմատ, որ այս բաները խօսող Աստուծոյ մարդը բարձր ձայնով ըսեր էր։17. Թագաւորը ըսաւ. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս կոթողը, որ ես կը տեսնեմ»։ Քաղաքին մարդիկը անոր ըսին. «Անիկա Աստուծոյն մարդուն գերեզմանն է, որ Յուդայէն եկաւ ու Բեթէլի սեղանին վրայ այս քու ըրած բաներդ խօսեցաւ»։18. Թագաւորը ըսաւ. «Զանիկա թողուցէք, անոր ոսկորները մարդ մը տեղէն թող չշարժէ»։ Ուստի անոր ոսկորները Սամարիայէն եկող մարգարէին ոսկորներուն հետ թողուցին։19. Յովսիա Սամարիայի քաղաքներուն մէջի բոլոր բարձր տեղերուն տուներն ալ վերցուց, որոնք Իսրայէլի թագաւորները շինելով՝ Տէրը բարկացուցեր էին ու Բեթէլի մէջ բոլոր ըրածին պէս անոնց ալ ըրաւ։20. Հոն գտնուած բարձր տեղերուն բոլոր քուրմերը սեղաններուն վրայ մորթեց։ Անոնց վրայ մարդու ոսկորներ այրեց ու յետոյ Երուսաղէմ դարձաւ։21. Թագաւորը բոլոր ժողովուրդին պատուիրեց՝ ըսելով. «Ձեր Տէր Աստուծոյն զատիկը կատարեցէք, ինչպէս այս ուխտի գրքին մէջ գրուած է։22. Քանզի Իսրայէլի դատաւորներուն օրերէն մինչեւ Իսրայէլի թագաւորներուն ու Յուդայի թագաւորներուն բոլոր օրերն ալ այս զատկին պէս կատարուած չէր.23. Բայց Յովսիա թագաւորին տասնըութերորդ տարին Տէրոջը զատիկը կատարուեցաւ Երուսաղէմի մէջ։24. Յովսիա վհուկները, նշանագէտները, թերափիմներն ու կուռքերը եւ Յուդայի երկրին մէջ ու Երուսաղէմի մէջ երեւցած բոլոր գարշութիւնները վերցուց, որպէս զի Քեղկիա քահանային՝ Տէրոջը տունը գտած գրքին մէջ գրուած օրէնքին խօսքերը հաստատէ։25. Եւ անկէ առաջ անոր նման թագաւոր մը եղած չէր, որ իր բոլոր սրտովն ու բոլոր հոգիովը ու բոլոր զօրութիւնովը Տէրոջը դառնար՝ Մովսէսին բոլոր օրէնքին համեմատ. ո՛չ ալ անկէ ետքը անոր նմանը եղաւ։26. Բայց Տէրը Յուդայի վրայ բորբոքած իր մեծ ու սաստիկ բարկութենէն ետ չդարձաւ՝ այն բոլոր չար գործերուն՝ ՝ համար, որոնցմով Մանասէն զանիկա բարկացուցեր էր։27. Եւ Տէրը ըսաւ. «Յուդան ալ իմ երեսէս պիտի ձգեմ, ինչպէս Իսրայէլը ձգեցի ու պիտի մերժեմ այս քաղաքը, իմ ընտրած Երուսաղէմս ու այս տունը՝ որուն համար ըսի թէ ‘Իմ անունս հոն ըլլայ’»։28. Յովսիայի մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։29. Անոր օրերը Եգիպտոսի թագաւորը՝ Փարաւոն Նեքաւով՝ Ասորեստանի թագաւորին վրայ յարձակեցաւ մինչեւ Եփրատ գետը։ Յովսիա թագաւորը անոր դէմ ելլելու գնաց ու անիկա Յովսիան տեսածին պէս՝ զանիկա մեռցուց Մակեդդովի մէջ։30. Անոր ծառաները անոր մարմինը Մակեդդովէն կառքով Երուսաղէմ բերին ու զանիկա իր գերեզմանին մէջ թաղեցին։ Երկրին ժողովուրդը Յովսիային որդին Յովաքազը առին ու օծեցին եւ զանիկա իր հօրը տեղ թագաւոր ըրին։31. Յովաքազ քսանըերեք տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեք ամիս թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Ամիտաղ էր, որ Լեբնացի Երեմիային աղջիկն էր։32. Անիկա իր հայրերուն բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։33. Ու Փարաւոն Նեքաւովը զանիկա Եմաթի երկիրը՝ Ռեբղայի մէջ բանտարկեց, որպէս զի Երուսաղէմի մէջ թագաւորութիւն չընէ ու երկրին վրայ հարիւր տաղանդ արծաթ ու տաղանդ մը ոսկի հարկ դրաւ։34. Փարաւոն Նեքաւով Յովսիային որդին Եղիակիմը անոր հօրը Յովսիային տեղ թագաւոր դրաւ ու անոր անունը փոխեց՝ Յովակիմ կոչեց. բայց Յովաքազը առաւ Եգիպտոս տարաւ ու անիկա հոն մեռաւ։35. Եւ Յովակիմ այն արծաթն ու ոսկին Փարաւոնին տուաւ, բայց երկրին վրայ հարկ դրաւ՝ տալու համար Փարաւոնին պահանջած արծաթը։ Երկրի ժողովուրդէն, ամէն մարդու վրայ դրուած հարկին համեմատ արծաթ ու ոսկի առաւ, որպէս զի Փարաւոն Նեքաւովին տայ։36. Երբ Յովակիմ թագաւոր եղաւ՝ քսանըհինգ տարեկան էր ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ եւ անոր մօրը անունը Զաբիդա էր, որ Ռումացի Փադայիային աղջիկն էր։37. Անիկա իր հայրերուն բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։2 Թագավորներ 24:1-201. Անոր օրերը Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը բարձրացաւ ու Յովակիմ երեք տարի անոր ծառայ եղաւ ու ետքը անոր դէմ ապստամբեցաւ։2. Տէրը անոր վրայ Քաղդեացիներու գունդեր ու Ասորացիներու գունդեր եւ Մովաբացիներու գունդեր ու Ամմոնի որդիներուն գունդերը ղրկեց։ Զանոնք Յուդայի վրայ ղրկեց, որպէս զի զանիկա կործանէ Տէրոջը խօսքին համեմատ, որ իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ միջոցով խօսեր էր։3. Իրաւցընէ ասիկա Տէրոջը հրամանովը եղաւ Յուդային, որպէս զի զանիկա իր առջեւէն հեռացնէ՝ Մանասէին ըրած բոլոր մեղքերուն համար։4. Նաեւ անոր թափած անմեղ արեանը համար, քանզի Երուսաղէմը անմեղ արիւնով լեցուց. ուստի Տէրը չուզեց որ ներէ։5. Յովակիմին մնացորդ պատմութիւն ու անոր բոլոր գործերը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։6. Ու Յովակիմ իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ անոր տեղ իր որդին Յովաքին թագաւոր եղաւ։7. Եգիպտոսի թագաւորը անկէ ետքը անգամ մըն ալ իր երկրէն չելաւ, քանզի Բաբելոնի թագաւորը Եգիպտոսի հեղեղատէն մինչեւ Եփրատ գետը՝ Եգիպտոսի թագաւորին բոլոր ունեցածը գրաւեր էր։8. Յովաքին տասնըութ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեք ամիս թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Նեհուսթա էր, որ Երուսաղեմացի Եղնաթանի աղջիկն էր։9. Անիկա իր հօրը բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։10. Այն ատեն Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ծառաները Երուսաղէմ եկան ու քաղաքը պաշարեցին։11. Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը քաղաքին վրայ եկաւ, երբ իր ծառաները զանիկա պաշարեցին։12. Յուդայի թագաւորը Յովաքին իր մօրն ու իր ծառաներուն եւ իշխաններուն ու ներքինիներուն հետ Բաբելոնի թագաւորին դէմ գնաց։ Բաբելոնի թագաւորը իր թագաւորութեանը ութերորդ տարին զանիկա բռնեց։13. Անկէ Տէրոջը տանը բոլոր գանձերն ու թագաւորին տանը գանձերը հանեց ու կոտրտեց այն ամէն ոսկեղէն անոթները, որոնք Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորը Տէրոջը տաճարին համար շիներ էր՝ Տէրոջը ըսածին համեմատ։14. Բոլոր Երուսաղէմը ու բոլոր իշխանները եւ բոլոր զօրաւոր մարդիկը, տասը հազար գերի ու բոլոր հիւսներն ու դարբինները քշեց տարաւ։ Երկրին ժողովուրդներէն աղքատներէն զատ մարդ չմնաց։15. Յովաքինը Բաբելոն փոխադրեց ու թագաւորին մայրն ու թագաւորին կիները եւ անոր ներքինիներն ու երկրին զօրաւորները Երուսաղէմէն Բաբելոն գերի տարաւ։16. Բոլոր զօրաւոր մարդիկը եօթը հազար մարդ ու հազար հիւսն ու դարբին, որոնց ամէնքն ալ պատերազմող կտրիճներ էին։ Բաբելոնի թագաւորը զանոնք Բաբելոն գերի տարաւ։17. Բաբելոնի թագաւորը Յովաքինին տեղը անոր հօրեղբայրը Մաթանիան թագաւոր ըրաւ ու անոր անունը Սեդեկիայի փոխեց։18. Սեդեկիա քսանըմէկ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Ամիտաղ էր, որ Լեբնացի Երեմիային աղջիկն էր։19. Անիկա Յովակիմին բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։20. Տէրոջը բարկութիւնը Երուսաղէմի ու Յուդայի վրայ էր, մինչեւ որ զանոնք իր երեսէն ձգեց։ Սեդեկիա Բաբելոնի թագաւորին դէմ ապստամբեցաւ։Սաղմոսներ 74:18-2318. Յիշէ թէ թշնամին նախատեց Տէրը Ու յիմար ժողովուրդը քու անունդ անարգեց։19. Գազանին մի՛ մատներ քու տատրակիդ անձը. Մի՛ մոռնար յաւիտեան քու աղքատներուդ կեանքը։20. Նայէ՛ քու ուխտիդ, վասն զի երկրին խաւար տեղերը Բռնութեան բնակարաններով լեցուած են։21. Թո՛ղ խեղճը ետ չդառնայ ամօթով. Թո՛ղ աղքատը ու տնանկը օրհնե՛ն քու անունդ։22. Ելի՛ր, ո՛վ Աստուած, քու դատդ պաշտպանէ. Յիշէ՛ այն նախատինքը՝ որ անզգամը ամէն օր քեզի կ’ընէ։23. Մի՛ մոռնար քու թշնամիներուդ ձայնը. Քեզի դէմ ոտքի ելնողներուն խռովութիւնը ամէն ժամանակ կը բարձրանայ։Առակներ 19:3-33. Մարդուն յիմարութիւնը անոր ճամբան կ’աւերէ Եւ անոր սիրտը Տէրոջը դէմ տրտունջ կ’ընէ։Գործեր 2:22-4722. Ո՛վ Իսրայելացի մարդիկ, լսեցէ՛ք այս խօսքերը, Յիսուս Նազովրեցին, Աստուծմէ ձեզի ցուցուած մարդ մը զօրութիւններով ու հրաշքներով եւ նշաններով, որոնք Աստուած անոր ձեռքով ըրաւ ձեր մէջ, ինչպէս դուք ալ գիտէք,23. Անիկա Աստուծոյ որոշած խորհրդովը եւ կանխագիտութիւնովը մատնուած ըլլալով՝ առիք եւ անօրէններու ձեռքով փայտի վրայ գամելով սպաննեցիք.24. Բայց Աստուած յարուցանեց զայն, մահուան ցաւերը քակելով, քանզի հնարաւոր չէր որ ինք անկէ բռնուի։25. Վասն զի Դաւիթ անոր համար կ’ըսէ. ‘Ամէն ատեն Տէրը կը տեսնեմ իմ առջեւս, քանզի իմ աջ կողմս է, որպէս զի չսասանիմ.26. Անոր համար ուրախ եղաւ իմ սիրտս ու իմ լեզուս ցնծաց. նաեւ իմ մարմինս ալ յուսով պիտի հանգստանայ,27. Վասն զի իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս ու քու Սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս։28. Կենաց ճամբաները ինծի ճանչցուցիր. քու երեսիդ ուրախութիւնովը զիս պիտի լեցնես’։29. Մարդի՛կ եղբայրներ, արժան է համարձակ ըսել ձեզի Դաւիթ նահապետին համար, որ մեռաւ ու թաղուեցաւ եւ անոր գերեզմանը մինչեւ այսօր մեր մէջն է։30. Արդ որովհետեւ անիկա մարգարէ էր եւ գիտէր թէ Աստուած հաստատ երդում ըրաւ իրեն, թէ իր երիկամունքներուն պտուղէն՝ մարմնի կողմանէ՝ Քրիստոսը պիտի յարուցանէ որ իր աթոռը նստի,31. Ինք կանխատեսութեամբ խօսեցաւ Քրիստոսին յարութեանը համար եւ թէ անոր անձը գերեզմանը չթողուեցաւ եւ անոր մարմինը ապականութիւն չտեսաւ։32. Աստուած այս Յիսուսը յարուցանեց, որուն մենք ամէնքս ալ վկայ ենք։33. Ուստի Աստուծոյ ձեռքով բարձրանալով ու Սուրբ Հոգիին խոստումը Հօրմէն առնելով՝ տարածեց ասիկա, որ դուք հիմա կը տեսնէք ու կը լսէք։34. Վասն զի Դաւիթ երկինք չելաւ, բայց ինք կ’ըսէ. ‘Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ, Նստէ՛ իմ աջ կողմս,35. Մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։36. Ուստի բոլոր Իսրայէլի տունը ճշմարտապէս թող գիտնայ թէ Աստուած զանիկա Տէ՛ր ալ ըրաւ՝ Օծեա՛լ ալ, այն Յիսուսը, որ դուք խաչեցիք»։37. Երբ ասիկա լսեցին, իրենց սրտերուն մէջ զղջացին եւ ըսին Պետրոսին եւ միւս առաքեալներուն. «Մարդիկ եղբայրներ, ի՞նչ ընենք»։38. Պետրոս ըսաւ անոնց. «Ապաշխարեցէ՛ք ու ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսին անունովը մեղքերու թողութեան համար եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւը պիտի ընդունիք։39. Վասն զի խոստումը ձեզի է ու ձեր որդիներուն եւ բոլոր հեռու եղողներուն՝ որոնք մեր Տէր Աստուածը պիտի կանչէ»։40. Ուրիշ շատ խօսքերով վկայութիւն կու տար ու կը յորդորէր զանոնք եւ կ’ըսէր. «Այս խոտորած ազգէն ինքզինքնիդ ազատեցէ՛ք»։41. Անոնք որոնք սրտանց ընդունեցին անոր խօսքերը, մկրտուեցան։ Այն օրը երեք հազար հոգիի չափ աւելցան։42. Միշտ առաքեալներուն վարդապետութեան, միաբանութեան, հաց կտրելու եւ աղօթելու ետեւէն էին։43. Ամէն մարդու վրայ վախ ինկաւ եւ առաքեալներուն ձեռքով շատ հրաշքներ ու նշաններ գործուեցան։44. Բոլոր հաւատացեալները մէկտեղ էին եւ ամէն բաներնին հասարակաց էր։45. Ստացուածքնին եւ ունեցած բաներնին կը ծախէին ու անոնց գինը կը բաժնէին ամենուն, որու որ բան մը պէտք ըլլար։46. Ամէն օր միաբանութեամբ տաճարը երթալու ետեւէ էին եւ տուներնին հաց կը կտրէին ու կերակուրնին կ’ուտէին ուրախութեամբ եւ սրտի միամտութեամբ։47. Աստուած կ’օրհնէին ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ շնորհք կը գտնէին։ Տէրը օրէ օր փրկուածներ կ’աւելցնէր եկեղեցիին։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981