31. Թեմա, Յետուր, Նափէս ու Կեդմա։ Իսմայէլին որդիները ասոնք էին։
32. Աբրահամին հարճին՝ Քետուրային՝ որդիները։ Անիկա ծնաւ Զեմրանը, Յեկսանը, Մադանը, Մադիանը, Յեսբոկն ու Սովէն։ Յեկսանին որդիները՝ Սաբան ու Դեդանն էին։
33. Մադիանին որդիները՝ Գեփա, Ափէր, Ենովք, Աբիդա ու Ելդագան էին։ Ասոնք Քետուրային որդիներն էին։
34. Աբրահամ ծնաւ Իսահակը։ Իսահակին որդիները Եսաւ ու Իսրայէլ էին։
35. Եսաւին որդիները՝ Եղիփազ, Ռագուէլ, Յէուս, Յեգղօմն ու Կորխն էին։
36. Եղիփազին որդիները՝ Թեման, Օմար, Սեփոյ, Գոթամ, Կենէզ, Թամնա ու Ամաղէկն էին։
37. Ռագուէլին որդիները՝ Նահաթ, Զարա, Սամմա ու Մէզան էին։
38. Սէիրին որդիները՝ Ղոտան, Սոբաղ, Սեբեգօն, Անա, Դիսօն, Եսեր ու Դիսան էին։
39. Ղոտանին որդիները՝ Քոռի ու Հեմամն էին եւ Թամնան Ղոտանին քոյրն էր։
40. Սոբաղին որդիները՝ Գաղուան, Մանաքաթ, Գեբաղ, Սեփոյ ու Օնամն էին։ Սեբեգօնին որդիները՝ Այիա ու Անան էին։
41. Անայի որդին՝ Դիսօն ու Դիսօնին որդիները՝ Ամրան, Եսբան, Յեթրան ու Քառան էին։
42. Եսերին որդիները՝ Բաղղան, Զաաւան ու Յաականն էին։ Դիսանին որդիները՝ Հուս ու Առանն էին։
43. Ասոնք են այն թագաւորները, որոնք Եդովմի երկրին մէջ թագաւորեցին՝ Իսրայէլի որդիներուն վրայ թագաւորի մը իշխելէն առաջ։ Բէովրի որդին՝ Բաղան, որուն քաղաքին անունը Դեննաբա էր։
44. Բաղան մեռաւ ու անոր տեղը Բօսրացի Զարային որդին Յոբաբը թագաւորեց։
45. Յոբաբ մեռաւ, անոր տեղը Թեմանացիներու երկրէն Հուսամը թագաւորեց։
46. Հուսամ մեռաւ, անոր տեղ Բադադին որդին Ադադը թագաւորեց, որ Մովաբի դաշտին մէջ Մադիանացիները կոտորեց, որուն քաղաքին անունը Աւիթ էր։
47. Ադադ մեռաւ ու անոր տեղ Մասրեկացի Սամաղան թագաւորեց։
54. Մագեդիէլ իշխան, Իրամ իշխան։ Եդովմին իշխանները ասոնք էին։
1. Իսրայէլի որդիները ասոնք են՝ Ռուբէն, Շմաւոն, Ղեւի, Յուդա, Իսաքար,
2. Զաբուղոն, Դան, Յովսէփ, Բենիամին, Նեփթաղիմ, Գադ ու Ասեր։
3. Յուդային որդիները՝ Էր, Օնան ու Սելօմ էին։ Այս երեքը Քանանացի Շաւային աղջիկէն ծնան անոր։ Յուդային անդրանիկը՝ Էր՝ Տէրոջը առջեւ չար ըլլալուն համար՝ Տէրը զանիկա մեռցուց։
4. Անոր հարսը՝ Թամար՝ Փարէսն ու Զարան ծնաւ անոր։ Յուդա հինգ որդի ունեցաւ։
5. Փարէսին որդիները՝ Եսրոն ու Համուլ էին։
6. Եւ Զարայի որդիները՝ Զամբրի, Եթան, Եման, Քալքօլ ու Դարա, ամէնքը հինգ էին։
7. Քարմիին որդին Աքարն էր, որ նզովուածքով մեղք գործեց ու Իսրայէլը նեղութեան մէջ ձգեց։
8. Եթանին որդին Ազարիան էր։
9. Եսրոնին որդիները, որոնք անոր ծնան, Յերամէլ, Արամ ու Քեղուբան էին։
10. Արամ ծնաւ Ամինադաբը ու Ամինադաբ ծնաւ Յուդային որդիներուն իշխանը՝ Նաասոնը։
11. Նաասոն ծնաւ Սաղմոնը ու Սաղմոն ծնաւ Բոոսը
12. Եւ Բոոս ծնաւ Ովբէդը ու Ովբէդ ծնաւ Յեսսէն։
13. Եւ Յեսսէ ծնաւ իր անդրանիկը՝ Եղիաբը ու երկրորդը՝ Աբինադաբը ու երրորդը՝ Սամաան,
14. Չորրորդը՝ Նաթանայէլը, հինգերորդը՝ Հռագային,
15. Վեցերորդը՝ Ասոմը ու եօթներորդը՝ Դաւիթը։
16. Անոնց քոյրերը Շարուհիա ու Աբիգիա էին։ Շարուհիային որդիները երեք էին՝ Աբեսսա, Յովաբ ու Ասայէլ։
17. Աբիգիան ծնաւ Ամեսային, Ամեսայիին հայրը Իսմայելացի Յեթերն էր։
18. Եսրոնին որդին Քաղէբ իր Ազուբա կնոջմէն ու Յերիօթէն որդիներ ծնաւ։ Ասոր որդիները ասոնք են՝ Յասեր, Սովբաբ ու Արդօն։
19. Երբ Ազուբա մեռաւ, Քաղէբ իրեն կին առաւ Եփրաթը, որ անոր ծնաւ Ովրը։
20. Ովր ծնաւ Ուրին եւ Ուրին ծնաւ Բեսելիէլը։
21. Անկէ ետքը Եսրոն Գաղաադի հօրը Մաքիրին աղջկան մտաւ ու զանիկա առաւ եւ ինք վաթսուն տարեկան էր։ Անիկա Սեգուբը ծնաւ անոր,
22. Սեգուբ ծնաւ Յայիրը ու ասիկա Գաղաադի երկրին մէջ քսանըերեք քաղաք ունէր։
23. Ու Գեսուրը եւ Արամը՝ ՝, Յայիրին գիւղաքաղաքները, Կանաթն ու անոր գիւղերը, վաթսուն քաղաք առաւ անոնցմէ։ Ասոնք Գաղաադի հօրը Մաքիրին որդիներունն էին։
5. Սրտով զօրաւորները յափշտակուեցան, Քունի մէջ թաղուեցան, Բոլոր զօրեղ մարդիկը ձեռքերնին չկրցան գործածել։
6. Ո՛վ Յակոբին Աստուածը, քու յանդիմանութեանդ պատճառով Կառքն ու ձին անզգայ պառկեցան։
6. Շատերը առատաձեռն մարդուն՝ ՝ հաճութիւնը կը փնտռեն Ու ամէն մարդ պարգեւատու մարդուն բարեկամ կ’ըլլայ։
7. Աղքատին բոլոր եղբայրները անկէ կը զզուին. Անոր բարեկամները ա՛լ աւելի անկէ կը հեռանան Ու անիկա ոչինչ խօսքերու ետեւէ կ’իյնայ՝ ՝։
1. Երբ անոնք ժողովուրդին կը խօսէին, քահանաները ու տաճարին իշխանը եւ Սադուկեցիները անոնց վրայ հասան,
2. Նեղուելով որ անոնք ժողովուրդին կը սորվեցնէին, Յիսուսին միջոցով մեռելներէն յարութիւն առնելը կը քարոզէին.
3. Ձերբակալեցին եւ բանտ դրին զանոնք մինչեւ հետեւեալ օրը, վասն զի ալ իրիկուն էր։
4. Բայց այն խօսքը լսողներէն շատեր հաւատացին։ Անոնց թիւը հինգ հազարի հասաւ։
5. Հետեւեալ օրը մէկտեղ հաւաքուեցան անոնց իշխանները եւ ծերերն ու դպիրները Երուսաղէմի մէջ,
6. Նաեւ Աննա Քահանայապետն ու Կայիափան եւ Յովհաննէսն ու Աղեքսանդրոսը եւ այն ամէնքը, որ քահանայապետի ցեղէ էին։
7. Զանոնք մէջտեղը կայնեցուցած՝ կը հարցնէին. «Ի՞նչ զօրութիւնով կամ ի՞նչ անունով ըրիք դուք այս բանը»։
8. Այն ատեն Պետրոս՝ Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ ըսաւ անոնց. «Ո՜վ ժողովուրդի իշխաններ եւ ծերեր,
9. Եթէ մենք այսօր տկար մարդու մը եղած բարիքին համար կը քննուինք, թէ ի՞նչ միջոցով անիկա բժշկուեցաւ,
10. Յայտնի ըլլայ ձեզի ամենուդ ու բոլոր Իսրայէլի ժողովուրդին, որ Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսին անունովը, որ դուք խաչեցիք եւ որ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց, ահա անով ասիկա ձեր առջեւ բժշկուած կեցեր է։
11. Անիկա է այն քարը, որ ձեզմէ՝ շինողներէդ՝ անարգուած, անկիւնի գլուխ եղաւ։
12. Ուրիշ մէկո՛վ փրկութիւն չկայ. վասն զի անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ»։
13. Իսկ անոնք Պետրոսին եւ Յովհաննէսին համարձակութեանը նայելով եւ հասկնալով որ տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ են, զարմացան եւ իմացան որ անոնք Յիսուսին հետ էին
14. Այն բժշկուած մարդը տեսնելով, որ անոնց հետ կայներ էր, չէին կրնար անոնց դէմ բան մը խօսիլ։
15. Հրամայելով անոնց, որ ատեանէն դուրս ելլեն, իրարու հետ խորհուրդ ըրին
16. Եւ ըսին. «Ի՞նչ ընենք այս մարդոց. վասն զի Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն յայտնի է թէ ասոնց ձեռքով երեւելի հրաշք մը եղաւ ու մենք չենք կրնար ուրանալ։
17. Միայն թէ ժողովուրդին մէջ ա՛լ աւելի չտարածուելու համար՝ սաստիկ սպառնալիք ընենք անոնց, որ այն անունով անգամ մըն ալ չըլլայ որ մարդու բան խօսին»։
18. Զանոնք կանչելով՝ պատուիրեցին անոնց որ ամենեւին չխօսին եւ չսորվեցնեն Յիսուսին անունով։
19. Բայց Պետրոս ու Յովհաննէս պատասխան տուին անոնց ու ըսին. «Աստուծոյ առջեւ ուղի՞ղ է, որ Աստուծմէ աւելի ձեզի մտիկ ընենք, դո՛ւք դատեցէք։
20. Վասն զի մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ»։
21. Իսկ անոնք նորէն սպառնալիք ընելէ յետոյ՝ արձակեցին զանոնք, քանի որ պատճառ մը չգտան, որ պատժեն զանոնք եւ ժողովուրդին պատճառով, քանզի ամէնքն ալ Աստուած կը փառաւորէին եղած բանին համար։
22. Վասն զի այն մարդը քառասուն տարեկանէն աւելի էր, որուն վրայ այս բժշկութեան հրաշքը կատարուեցաւ։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981