Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունիս 21 Թագավորներ 13:1-341. Երբ Յերոբովամ խունկ ծխելու համար սեղանին քով կը կենար, ահա Աստուծոյ մարդ մը Տէրոջը խօսքովը Յուդայէն Բեթէլ եկաւ։2. Տէրոջը խօսքովը սեղանին դարձաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ սեղան, ո՛վ սեղան, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա Դաւիթին տանը որդի մը պիտի ծնանի Յովսիա անունով եւ քու վրադ խունկ ծխող բարձր տեղերուն քուրմերը քու վրադ պիտի զոհէ ու քու վրադ մարդոց ոսկորները պիտի այրեն’»։3. Նոյն օրը նշան մը տալով՝ ըսաւ. «Տէրոջը խօսելուն նշանը այս է. ‘Ահա սեղանը պիտի ճեղքուի ու վրայի մոխիրը պիտի թափի’»։4. Երբ թագաւորը Աստուծոյ մարդուն Բեթէլի մէջ սեղանին համար ըսուած խօսքը լսեց, Յերոբովամ սեղանին վրայէն ձեռքը երկնցուց ու ըսաւ. «Այս մարդը բռնեցէ՛ք» եւ անոր վրայ երկնցուցած ձեռքը չորցաւ ու զանիկա չկրցաւ ետ քաշել։5. Աստուծոյ մարդուն Տէրոջը խօսքովը տուած նշանին պէս՝ սեղանը ճեղքուեցաւ ու մոխիրը սեղանէն թափուեցաւ։6. Թագաւորը Աստուծոյ մարդուն ըսաւ. «Քու Տէր Աստուծոյդ աղաչէ՛ ու ինծի համար աղօթք ըրէ՛, որ ձեռքս ինծի դառնայ»։ Այն ատեն Աստուծոյ մարդը Տէրոջը աղաչեց եւ թագաւորին ձեռքը իրեն դարձաւ ու առաջուան պէս եղաւ։7. Թագաւորը Աստուծոյ մարդուն ըսաւ. «Ինծի հետ տուն եկուր եւ քիչ մը կերակուր կե՛ր՝ ՝ ու քեզի պարգեւ տամ»։8. Աստուծոյ մարդը թագաւորին ըսաւ. «Եթէ ինծի քու տանդ կէսն ալ տաս, քեզի հետ պիտի չգամ ու այստեղ հաց պիտի չուտեմ, ո՛չ ալ ջուր պիտի խմեմ,9. Վասն զի Տէրը իր խօսքովը ինծի այսպէս պատուիրեց ու ըսաւ. ‘Հաց չուտես ու ջուր չխմես ու գացած ճամբայէդ չդառնաս’»։10. Ուստի անիկա ուրիշ ճամբով գնաց ու Բեթէլ եկած ճամբովը չդարձաւ։11. Բեթէլի մէջ ծեր մարգարէ մը կը բնակէր։ Անոր որդիները եկան ու Աստուծոյ մարդուն նոյն օրը Բեթէլի մէջ բոլոր ըրած գործերը անոր պատմեցին եւ անիկա թագաւորին ինչ խօսքեր որ ըսեր էր՝ զանոնք ալ իրենց հօրը յայտնեցին։12. Անոնց հայրը անոնց ըսաւ. «Ո՞ր ճամբայէն գնաց»։ Անոր որդիները Յուդայէն եկող Աստուծոյ մարդուն գացած ճամբան տեսեր էին՝ ՝։13. Իր որդիներուն ըսաւ. «Էշը պատրաստեցէ՛ք ինծի»։ Անոնք անոր համար էշը պատրաստեցին։ Անիկա վրան հեծաւ14. Եւ Աստուծոյ մարդուն ետեւէն գնաց ու զանիկա բեւեկնիի մը տակ նստած գտաւ ու անոր ըսաւ. «Յուդայէն եկող Աստուծոյ մարդը դո՞ւն ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես եմ»։15. Ծերը անոր ըսաւ. «Ինծի հետ տուն եկո՛ւր ու հաց կե՛ր»։16. Մարդը ըսաւ. «Քեզի հետ չեմ կրնար դառնալ ու քու տունդ մտնել, ո՛չ ալ այստեղ քեզի հետ հաց պիտի ուտեմ, ջուր ալ պիտի չխմեմ17. Վասն զի Տէրոջը խօսքովը ինծի ըսուեցաւ. ‘Հոն հաց չուտես, ջուր ալ չխմես ու գացած ճամբայէդ չդառնաս’»։18. Բայց ծերը ըսաւ անոր. «Ես ալ քեզի պէս մարգարէ եմ ու հրեշտակ մը ինծի հետ Տէրոջը խօսքովը խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Զանիկա քեզի հետ քու տունդ դարձո՛ւր, որպէս զի հաց ուտէ ու ջուր խմէ’». Սակայն սուտ խօսեցաւ։19. Այն ատեն Աստուծոյ մարդը անոր հետ դարձաւ եւ անոր տունը հաց կերաւ ու ջուր խմեց։20. Երբ անոնք սեղան նստեր էին, Տէրոջը խօսքը ծեր մարգարէին եղաւ21. Ու անիկա Յուդայէն եկող Աստուծոյ մարդուն ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուն Տէրոջը խօսքին անհնազանդութիւն ըրիր ու քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած պատուէրը չպահեցիր22. Եւ դարձար ու հաց կերար ու ջուր խմեցիր այնտեղը որու համար քեզի ըսած էի, որ հաց չուտես ու ջուր չխմես, քու մեռելդ քու հայրերուդ գերեզմանը պիտի չմտնէ’»։23. Հաց ուտելէն ու ջուր խմելէն ետքը ծերը իր հետ դարձուցած մարգարէին էշը պատրաստեց.24. Ան ալ գնաց ու ճամբուն մէջ առիւծ մը գտաւ զանիկա ու մեռցուց։ Անոր մեռելը ճամբուն վրայ փռուած մնաց ու էշը անոր քով կեցեր էր։ Առիւծն ալ անոր քով կեցեր էր։25. Ահա անկէ քանի մը մարդիկ անցնելով՝ ճամբուն վրայ փռուած մեռելը ու մեռելին քով կեցող առիւծը տեսան ու գացին այն ծեր մարգարէին քաղաքը պատմեցին։26. Ծեր մարգարէն, որ սպաննուած մարդը ճամբայէն դարձուցած էր, երբ լսեց՝ ըսաւ. «Անիկա Տէրոջը խօսքին անհնազանդութիւն ընող Աստուծոյ մարդն է ու Տէրը զանիկա առիւծին տուեր է որ զանիկա պատառելով մեռցուցեր է, Տէրոջը ըսած խօսքին համեմատ»։27. Եւ իր որդիներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ինծի համար էշը պատրաստեցէ՛ք»։ Անոնք պատրաստեցին։28. Գնաց անոր մեռելը գտաւ, որ ճամբուն վրայ փռուած էր ու էշը եւ առիւծը մեռելին քով կեցեր էին։ Առիւծը մեռելը կերած չէր, ո՛չ ալ էշը պատառեր էր։29. Ծեր մարգարէն Աստուծոյ մարդուն մեռելը վերցուց ու զանիկա իշուն վրայ դրաւ ու զանիկա դարձուց։ Ծեր մարգարէն քաղաքը մտաւ, որպէս զի ողբ ընէ ու զանիկա թաղէ։30. Անոր մեռելը իր գերեզմանին մէջ դրաւ՝ «Վա՜յ, եղբայր», ըսելով ու անոր վրայ ողբ ըրին։31. Զանիկա թաղելէն ետքը իր որդիներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Երբ ես մեռնիմ, զիս Աստուծոյ մարդուն թաղուած գերեզմանին մէջ թաղեցէ՛ք, իմ ոսկորներս անոր ոսկորներուն քով դրէք.32. Վասն զի Բեթէլի մէջ եղող սեղանին համար ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ եղող բոլոր բարձր տեղերու կռատուններուն համար անոր Տէրոջը կողմէ ըսուած խօսքը անպատճառ պիտի կատարուի»։33. Այս բանէն յետոյ Յերոբովամ իր չար ճամբայէն չդարձաւ եւ նորէն ժողովուրդին ցած մարդոցմէն բարձր տեղերուն քուրմեր կը նշանակէր։ Ամէն ուզողը կ’օրհնէր, որպէս բարձր տեղերուն քուրմը։34. Այս բանը Յերոբովամին տանը մեղքի պատճառ, նաեւ անոր երկրի երեսէն կորսուելուն ու բնաջինջ ըլլալուն պատճառը եղաւ։1 Թագավորներ 14:1-311. Այն ատեն Յերոբովամի որդին Աբիան հիւանդացաւ։2. Ու Յերոբովամ իր կնոջ ըսաւ. «Ելի՛ր, կերպարանքդ փոխէ՛, այնպէս որ Յերոբովամին կինը ըլլալդ չգիտցուի ու Սելով գնա՛։ Աքիա մարգարէն հոն է, անիկա էր որ ինծի համար ըսաւ թէ այս ժողովուրդին վրայ թագաւոր պիտի ըլամ։3. Ձեռքդ տասը հաց եւ բլիթներ ու մէկ սափոր մեղր ա՛ռ ու անոր գնա՛։ Անիկա քեզի պիտի յայտնէ ինչ որ տղուն պիտի պատահի»։4. Յերոբովամին կինը այնպէս ըրաւ ու ելաւ Սելով գնաց, Աքիային տունը մտաւ։ Աքիային աչքերը ծերութենէն տկարացեր էին ու չէր կրնար տեսնել։5. Եւ Տէրը Աքիային ըսաւ. «Ահա Յերոբովամին կինը իր տղուն համար քեզի հարցնելու կու գայ, վասն զի անիկա հիւանդ է։ Անոր այսպէս ու այսպէս ըսէ։ Անիկա գալու ատենը անծանօթ կերպարանքով պիտի գայ »։6. Երբ կինը դռնէն ներս կը մտնէր, Աքիա անոր ոտքերուն ձայնը լսածին պէս ըսաւ. «Ո՛վ Յերոբովամի կին, եկո՛ւր. դուն ինչի այդպիսի անծանօթ կերպարանք առեր ես. բայց ես քեզի տխուր լուր մը տալու ղրկուեցայ։7. Գնա՛, Յերոբովամին ըսէ. ‘Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Քեզ ժողովուրդի մէջէն բարձրացուցի ու քեզ իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ իշխան ըրի8. Եւ թագաւորութիւնը Դաւիթին տունէն պատռեցի ու զանիկա քեզի տուի, բայց դուն իմ պատուիրանքներս պահող ու իմ առջեւս ուղղութիւն ընելու համար իր բոլոր սրտովը ինծի հնազանդ եղող՝ ՝ իմ Դաւիթ ծառայիս պէս չեղար.9. Մանաւանդ բոլոր քեզմէ առաջ եղողներէն աւելի չարութիւն ըրիր ու զիս բարկացնելու համար գացիր քեզի ուիրշ աստուածներ ու ձուլածոյ կուռքեր շինեցիր ու զիս ետիդ նետեցիր։10. Ասոր համար ահա Յերոբովամին տանը վրայ չարիք պիտի բերեմ ու Յերոբովամին բոլոր այր մարդիկը ու նաեւ Իսրայէլի մէջ գտնուող գերին ու ազատը պիտի կոտորեմ եւ Յերոբովամին տունը պիտի աւլեմ՝ ինչպէս աղբը կ’աւլեն, մինչեւ որ հատնի։11. Յերոբովամէն քաղաքի մէջ մեռնողը շուները պիտի ուտեն ու դաշտի մէջ մեռնողը երկնքի թռչունները պիտի ուտեն, քանզի Տէրը խօսեցաւ»’։12. Եւ դուն ելի՛ր, քու տունդ գնա՛։ Երբ քու ոտքերդ քաղաք մտնեն, տղան պիտի մեռնի13. Ու բոլոր Իսրայէլ ողբալով զանիկա պիտի թաղեն, վասն զի Յերոբովամէն միայն անիկա գերեզման պիտի մտնէ. որովհետեւ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն առջեւ Յերոբովամի տանը մէջ բարի բան մը միայն անոր վրայ գտնուեցաւ։14. Տէրը իրեն համար Իսրայէլի վրայ թագաւոր մը պիտի հանէ, որ նոյն օրը՝ ՝ Յերոբովամին տունը ու ի՛նչ որ մնայ պիտի կոտորէ։15. Եւ Տէրը ջուրերու մէջ եղող շարժուն եղէգի պէս Իսրայէլը արմատէն պիտի խլէ այս բարի երկրի երեսէն, որ անոնց հայրերուն տուեր էր ու զանոնք Գետին անդիի կողմը պիտի ցրուէ, որովհետեւ Տէրը բարկացնելով՝ իրենց Աստարովթի կուռքեր՝ ՝ շինեցին16. Եւ Իսրայէլը երեսէ պիտի ձգէ, Յերոբովամին ըրած մեղքերուն համար ու Իսրայէլին ալ մեղանչել տալու համար»։17. Այն ատեն Յերոբովամին կինը ելաւ գնաց ու Թերսա մտաւ։ Ան տանը դռնէն ներս մտածին պէս՝ տղան մեռաւ։18. Զանիկա թաղեցին ու բոլոր Իսրայէլ անոր վրայ ողբաց Տէրոջը խօսքին համար, որ իր ծառային Աքիա մարգարէին միջոցով խօսեր էր։19. Ու Յերոբովամին մնացորդ պատմութիւնը՝ թէ ի՛նչպէս պատերազմ ըրաւ եւ թէ ի՛նչպէս թագաւորեց, ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։20. Յերոբովամին թագաւորութիւն ըրած օրերը քսանըերկու տարի եղան ու իր հայրերուն հետ քնացաւ ու անոր տեղ անոր որդին Նադաբ թագաւոր եղաւ։21. Սողոմոնին որդին Ռոբովամ Յուդայի մէջ թագաւորեց։ Ռոբովամ քառասունըմէկ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ եւ տասնըեօթը տարի թագաւորութիւն ըրաւ Երուսաղէմի մէջ, այսինքն այն քաղաքին մէջ, որ Տէրը Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն ընտրեց իր անունը հոն դնելու համար։ Անոր մայրը Ամմոնացի էր, Նաամա անունով։22. Յուդայեաններն ալ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին ու իրենց ըրած մեղքերովը իրենց հայրերուն բոլոր ըրածէն աւելի զանիկա բարկացուցին։23. Անոնք ալ բոլոր բարձր բլուրներուն վրայ ու կանանչ ծառերուն տակ բարձր տեղեր ու արձաններ եւ Աստարովթի կուռքեր շինեցին24. Ու երկրի մէջ Սոդոմական մեղք գործողներ ալ կային, որոնք Տէրոջը՝ Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտած ազգերուն բոլոր գարշելի բաներուն նման կ’ընէին։25. Ռոբովամ թագաւորին հինգերորդ տարին Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորը Երուսաղէմի վրայ յարձակեցաւ։26. Տէրոջը տանը գանձերը ու թագաւորին տանը գանձերը առաւ. բոլորն ալ առաւ. Սողոմոնին շինած բոլոր ոսկիէ ասպարներն ալ առաւ։27. Ռոբովամ թագաւորը անոնց տեղ պղնձէ ասպարներ շինեց ու զանոնք թագաւորական տանը դուռը պահպանութիւն ընող սուրհանդակներուն ոստիկաններուն ձեռքը յանձնեց։28. Երբ թագաւորը Տէրոջը տունը կ’երթար՝ սուրհանդակները զանոնք կը կրէին ու ետքը զանոնք սուրհանդակներուն խուցը կը դարձնէին։29. Ռոբովամին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր ըրածը ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։30. Ռոբովամին եւ Յերոբովամին մէջտեղ միշտ պատերազմ կար։31. Ռոբովամ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր մայրը Ամմոնացի էր, Նաամա անունով։ Անոր տեղ իր որդին Աբիա թագաւոր եղաւ։Սաղմոսներ 69:16-2116. Պատասխա՛ն տուր ինծի, ո՛վ Տէր, Վասն զի քու ողորմութիւնդ քաղցր է։ Քու առատ գթութեանդ համեմատ նայէ՛ ինծի17. Ու երեսդ մի՛ ծածկեր քու ծառայէդ, Վասն զի ես նեղութեան մէջ եմ։ Շուտով պատասխա՛ն տուր ինծի։18. Իմ անձիս մօտեցի՛ր ու զանիկա փրկէ՛. Իմ թշնամիներէս զիս ազատէ։19. Դուն գիտես իմ նախատինքս Եւ իմ ամօթս ու իմ խայտառակութիւնս։ Քու առջեւդ են բոլոր զիս նեղողները։20. Նախատինքը սիրտս կոտրեց ու հիւանդացայ. Գթացող մը փնտռեցի, բայց չկար Ու մխիթարութիւն տուողներ՝ բայց չգտայ։21. Հապա կերակուրի տեղ թոյն տուին ինծի Ու ծարաւցած ատենս՝ քացախ խմցուցին ինծի։Առակներ 17:23-2423. Անօրէն մարդը ուրիշին ծոցէն կաշառք կ’առնէ, Որպէս զի արդարութեան ճամբաները ծռէ։24. Իմաստութիւնը խոհեմ մարդուն առջեւն է, Բայց յիմարին աչքերը երկրի ծայրերն են։Ջոն 12:27-5027. «Հիմա իմ հոգիս խռոված է եւ ի՞նչ ըսեմ. ‘Հա՛յր, զիս ազատէ այս ժամէն’. բայց ես եկայ այս ժամուան համար։28. ‘Հա՛յր, փառաւորէ քու անունդ’»։ Այն ատեն ձայն մը եկաւ երկնքէն. «Փառաւորեցի ալ՝ ու նորէն պիտի փառաւորեմ»։29. Ժողովուրդը, որ կայներ էր ու կը լսէր, կ’ըսէին. «Որոտում կ’ըլլայ»։ Ոմանք ալ կ’ըսէին. «Հրեշտակ խօսեցաւ իրեն հետ»։30. Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Այս ձայնը ինծի համար չեկաւ, հապա ձեզի համար։31. Հիմա է այս աշխարհին դատաստանը, հիմա այս աշխարհին իշխանը դուրս պիտի ձգուի։32. Ես ալ երբ երկրէն բարձրանամ, ամէնքդ ալ ինծի պիտի քաշեմ»։33. Այս բանը կ’ըսէր՝ իմացնելով թէ ի՛նչ կերպ մահով պիտի մեռնէր։34. Ժողովուրդը անոր պատասխանեց. «Մենք օրէնքէն լսեցինք թէ Քրիստոս յաւիտեան կը մնայ եւ դուն ի՞նչպէս կ’ըսես թէ պէտք է Որդին մարդոյ բարձրանայ. ո՞վ է այդ Որդին մարդոյ»։35. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Քիչ մը ատեն ալ լոյսը ձեզի հետ է. քանի որ լոյսը ունիք, քալեցէ՛ք, որ չըլլայ թէ մութը ձեր վրայ հասնի. վասն զի խաւարի մէջ քալողը չի գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ։36. Քանի որ լոյսը ունիք, հաւատացէ՛ք այն լոյսին, որպէս զի լուսոյ որդիներ ըլլաք»։ Յիսուս այս բաները խօսեցաւ ու գնաց պահուեցաւ անոնցմէ։37. Թէպէտ այնքան հրաշքներ ըրած էր անոնց առջեւ, բայց անոնք չէին հաւատար իրեն.38. Որպէս զի կատարուի Եսայի մարգարէին խօսքը, որ ըսաւ. «Տէ՛ր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին եւ Տէրոջը բազուկը որո՞ւ յայտնուեցաւ»։39. Անոր համար չէին կրնար հաւատալ, քանի որ դարձեալ կ’ըսէ Եսայի.40. «Անոնց աչքերը կուրցուց եւ անոնց սրտերը թմրեցուց, որ չըլլայ թէ աչքովնին տեսնեն ու սրտովնին իմանան եւ դարձի գան ու ես զանոնք բժշկեմ»։41. Այս խօսքը ըսաւ Եսային՝ երբ տեսաւ անոր փառքը ու խօսեցաւ անոր վրայով։42. Ամէն պարագայի իշխաններէն ալ շատեր իրեն հաւատացին, բայց փարիսեցիներէն վախնալով զայն չէին դաւանիր, որպէս զի ժողովարանէն դուրս չձգուին.43. Վասն զի մարդոց փառքը Աստուծոյ փառքէն աւելի սիրեցին։44. Յիսուս կ’աղաղակէր ու կ’ըսէր. «Ան որ ինծի կը հաւատայ, ինծի չի հաւատար, հապա զիս ղրկողին.45. Եւ ան որ զիս կը տեսնէ, զիս ղրկողը կը տեսնէ։46. Ես իբր լոյս եկայ աշխարհ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ ինծի հաւատայ, խաւարի մէջ չմնայ։47. Եթէ մէկը իմ խօսքերս լսէ ու չհաւատայ, ես զանիկա պիտի չդատեմ, քանզի ես չեկայ որպէս զի աշխարհը դատեմ, հապա որպէս զի աշխարհը փրկեմ։48. Ան, որ զիս կ’անարգէ եւ իմ խօսքերս չընդունիր, կայ մէկը որ զանիկա պիտի դատէ. այն խօսքը որ ես խօսեցայ, ան պիտի դատէ զանիկա վերջին օրը։49. Վանս զի ես ինքնիրմէս չխօսեցայ, հապա Հայրը, որ զիս ղրկեց՝ ի՛նք ինծի պատուիրեց ինչ որ պիտի ըսեմ եւ ինչ որ պիտի խօսիմ։50. Եւ գիտեմ թէ անոր պատուիրածը յաւիտենական կեանք է. ուստի ինչ որ ես կը խօսիմ, ինչպէս Հայրը ինծի ըսաւ, այնպէս կը խօսիմ»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981