Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունիս 201 քրոնիկները 3:1-241. Դաւիթին Քեբրոնին մէջ ծնած որդիները ասոնք էին՝ անդրանիկը Ամնոն՝ Յեզրայելացի Աքինոամէն, երկրորդը Դանիէլ՝ Կարմելացի Աբիգիայէն,2. Երրորդը՝ Աբիսողոմ՝ Գեսուրի թագաւորին Թոլմիին աղջկան Մաաքային որդին, չորրորդը՝ Ադոնիան՝ Ագգիթին որդին,3. Հինգերորդը Սափատիան՝ Աբիտալէն, վեցերորդը Յեթրամ՝ իր կնոջմէն Եդղայէն։4. Այս վեցը անոր ծնան Քեբրոնի մէջ եւ հոն եօթը տարի ու վեց ամիս թագաւորութիւն ըրաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեսունըերեք տարի թագաւորութիւն ըրաւ։5. Երուսաղէմի մէջ ասոնք ծնան անոր՝ Սամաա, Սովբաբ, Նաթան ու Սողոմոն։ Այս չորսը Ամիէլի աղջիկէն՝ Բերսաբէէն՝ ծնած էին։6. Յեբաար ու Եղիսամա ու Եղիփաղէտ7. Եւ Նոքա ու Նափեկ եւ Յափիէ8. Ու Եղիսամա ու Եղիադա ու Եղիփաղէտ. ասոնք ինն էին։9. Ամէնքն ալ Դաւիթին որդիներն էին, հարճերուն որդիներէն ու անոնց քրոջմէն՝ Թամարէն զատ։10. Սողոմոնին որդին Ռոբովամն էր։ Անոր որդին՝ Աբիա, անոր որդին՝ Ասա, անոր որդին՝ Յովսափատ,11. Անոր որդին՝ Յովրամ, անոր որդին՝ Ոքազիա, անոր որդին՝ Յովաս,12. Անոր որդին՝ Ամասիա, անոր որդին՝ Ազարիա, անոր որդին՝ Յովաթամ,13. Անոր որդին՝ Աքազ, անոր որդին՝ Եզեկիա, անոր որդին՝ Մանասէ,14. Անոր որդին՝ Ամոն, անոր որդին՝ Յովսիա։15. Եւ Յովսիայի որդիները՝ անդրանիկը՝ Յոհանան, երկրորդը՝ Յովակիմ, երրորդը՝ Սեդեկիա, չորրորդը Սեղղումն էր։16. Յովակիմին որդիները՝ անոր որդին Յեքոնիան, անոր որդին՝ Սեդեկիան էր։17. Յեքոնիային որդիները՝ Ասիր, անոր որդին՝ Սաղաթիէլ.18. Նաեւ Մեղքիրամ, Փադայիա, Սանէսար, Յեկամիա, Ովսամա ու Նադաբիան էին։19. Փադայիային որդիները՝ Զօրաբաբէլ ու Սեմէին էին ու Զօրաբաբէլին որդիները՝ Մեսուղամ ու Անանիան ու անոնց քոյրը Սաղօմիթն էր։20. Նաեւ Ասուբա ու Ոող եւ Բարաքիա ու Ասադիա եւ Յովսաբեսեդ՝ հինգ էին։21. Անանիային որդիները՝ Փաղատիա ու Եսայի էին. Հռափայիայի որդիները, Ոռնայի որդիները, Աբդիայի որդիները, Սեքենիայի որդիները՝ ՝։22. Ու Սեքենիային որդին Սեմայիան էր ու Սեմայիային որդիները՝ Քետտուս եւ Իգաղ ու Բերիա եւ Նաարիա ու Սափատ՝ վեց էին։23. Նաարիային որդիները՝ Եղիովէնայի ու Եզեկիա ու Եզրիկամ՝ երեք էին։24. Ու Եղիովէնայիի որդիները՝ Ովդուիա ու Եղիասիբ եւ Փաղայիա ու Ակկուբ եւ Յօհանան ու Դաղայի եւ Անանի՝ եօթն էին։1 քրոնիկները 4:1-431. Յուդային որդիները՝ Փարէս, Եսրոն ու Քարմի եւ Ովր ու Սոբաղն էին։2. Սոբաղին որդին Ռէայիան Յեթը ծնաւ ու Յեթը՝ Աքիմային ու Ղաադը ծնաւ. Սարաացիներուն տոհմերը ասոնք են։3. Ու Ետամին հօրմէն ասոնք եղան՝ Յեզրայէլ ու Յեսմա ու Յեդրաս եւ անոնց քրոջը անունը Եսեղեփօն էր։4. Գեդովրի հայրը՝ Փանուէլ եւ Ովսայի հայրը Եզեր էր։ Ասոնք Բեթլէհէմին հօրը՝ Եփրաթի, անդրանիկին Ովրին որդիներն էին։5. Թեկուէին հայրը՝ Ասքուր՝ երկու կին ունէր, Եղաս ու Նաարա։6. Նաարան անոր ծնաւ Ոքոզամը, Ոփերը, Թեմանն ու Ահասթարին։ Նաարային որդիները ասոնք էին։7. Եղաային որդիները Սարեթ, Սահառ ու Եթնան էին։8. Կովս ծնաւ Ենովբը, Սօբեբան ու Հարումի որդիին Ահարհէլին տոհմերը։9. Գաբէս իր եղբայրներէն փառաւոր էր։ Անոր մայրը իր անունը Գաբէս դրաւ, քանզի ‘Զանիկա տրտմութեամբ ծնայ’։10. Գաբէս Իսրայէլի Աստուծոյն աղաղակեց ու ըսաւ. «Երանի՜ թէ ամէն կողմանէ զիս օրհնես ու իմ սահմանս մեծցնես եւ քու ձեռքդ ինծի հետ ըլլայ ու զիս չարէն ազատես, որպէս զի ինծի տրտմութիւն չըլլայ»։ Աստուած անոր խնդիրքը կատարեց։11. Սուհային եղբայրը Քեղուբ՝ Մաքիրը ծնաւ, որ Եսթօնին հայրն էր։12. Եսթօն ծնաւ Բեթռափան ու Փասէն եւ Իրնաասին հայրը Թանան։ Ասոնք Հռեքային մարդիկն էին։13. Կենէզի որդիները Գոթոնիէլն ու Սարայիան էին։ Գոթոնիէլին որդին Աթաթն էր։14. Մաոնաթային ծնաւ Եփրան եւ Սարայիան ծնաւ Յովաբը, Գեքարասիմին հայրը. (քանզի անոնք արհեստաւորներ էին։)15. Ու Յեփոնեան Քաղէբին որդիները՝ Իրու, Էլա ու Նաամն էին։ Էլային որդին Կենէզն էր։16. Յալէլէլին որդիները՝ Զիփ, Զիբա, Թիրիա ու Ասարէլ։17. Եզրային որդիները՝ Յեթեր, Մօրադ, Ափէր ու Յազօնն էին։ Ասոր կինը ծնաւ Մարիամը եւ Սամային ու Եսթեմովին հայրը Եսբան։18. Անոր կինը Յուդիան ծնաւ Գեդովրին հայրը՝ Յարեդը, Սոքովին հայրը՝ Քաբերը ու Զանովին հայրը՝ Յեքթիելը։ Մօրադին առած Փարաւոնին աղջկան, Բեթիային որդիները ասոնք էին։19. Անոր կնոջ Նայեմին քրոջ՝ Ովդիայի՝ որդիները Կէիլային հայրը Գարմի ու Մաքաթացի Եսթեմովն էր։20. Սիմոնին որդիները Ամնոն, Հռինա, Բենանան ու Թիղօնն էին։ Յեսսիին որդիները Զօհէթ ու Բենզօհէթն էին։21. Եւ Յուդայի որդիին Սելօմին որդիները՝ Ղեքային հայրը՝ Էր ու Մարեսային հայրը՝ Ղաադա եւ Ասբէային տանը, բեհեզագործներուն տանը, տոհմերն էին։22. Յովակիմ եւ Քուզեբային մարդիկը ու Յովաս եւ Սարափը, որոնք Մովաբի մէջ ստացուածք ունէին ու Յասուբի-Լէհէմ. իսկ ասոնք հին բաներ են՝ ՝։23. Ասոնք բրուտներ էին եւ Նեթայիմին ու Գադերային մէջ կը բնակէին։ Թագաւորին քովը կը բնակէին անոր գործին համար։24. Շմաւոնին որդիները՝ Նամուէլ, Յամին, Յարիբ, Զարա ու Սաւուղ։25. Անոր որդին՝ Սեղղում, անոր որդին Մաբսամ, անոր որդին՝ Մասմա։26. Մասմային որդիները՝ անոր որդին՝ Ամուէլ, անոր որդին՝ Զաքուր, անոր որդին Սեմէի։27. Եւ Սեմէին տասնըվեց տղայ ու վեց աղջիկ ունէր, բայց անոր եղբայրները շատ տղաքներ չունէին ու անոնց բոլոր տոհմերը Յուդային որդիներուն չափ չշատցան։28. Անոնք Բերսաբէէին ու Մօլադային ու Ասեր-Սուաղին29. Եւ Բաղային ու Ասեմին եւ Թուղաթին30. Ու Բաթուլին ու Հօրմային եւ Սիկելակին31. Ու Բեթմարքաբովթին եւ Ասեր-Սուսիմին ու Բեթբարէիին եւ Սագարիմին մէջ բնակեցան։ Մինչեւ Դաւիթի թագաւոր եղած ատենը՝ ասոնք էին անոնց քաղաքները32. Ու անոնց գիւղերը։ Նաեւ Եթամ, Ային, Ռեմօն, Թոքան ու Ասան՝ հինգ քաղաք։33. Այս քաղաքներուն բոլորտիքը եղած բոլոր գիւղերը մինչեւ Բաաղ, անոնց բնակութիւններն ու վիճակները՝ ասոնք էին։34. Մոսոբաբ եւ Յամլէք ու Ամասիային որդին Յօսան35. Եւ Յովէլն ու Ասիէլիին որդիին Սարայիային որդիին Յօսաբիային որդին Յէուն36. Ու Եղիովէնային ու Յեկեբան եւ Յասուիան ու Ասայիան եւ Ադիէլն ու Յեսեմիէլն ու Բանիան37. Եւ Սեմայիային որդիին Սամարիին որդիին Յեդայիային որդիին Աղօնին որդիին Սեփէիին որդին Զիզա։38. Անուններով յիշուածները իրենց տոհմերուն մէջ իշխաններ էին ու անոնց ազգատոհմերը խիստ շատցան։39. Իրենց անասուններուն համար արօտ փնտռելով՝ Գեդովրին մուտքը գացին մինչեւ ձորին արեւելեան կողմը։40. Առատ ու աղէկ արօտ գտան։ Այն երկիրը ընդարձակ էր եւ խաղաղութեան ու հանդարտութեան մէջ էր, քանզի առաջ Քամէն եղողները հոն կը բնակէին։41. Այս անուններով գրուածները Յուդայի Եզեկիա թագաւորին օրերը գացին ու անոնց վրանները եւ հոն գտնուած բնակարանները զարկին ու զանոնք բնաջինջ ըրին մինչեւ այսօր եւ անոնց տեղը բնակեցան. վասն զի հոն իրենց հօտերուն համար արօտ կար։42. Անոնցմէ, այսինքն Շմաւոնին որդիներէն, հինգ հարիւր մարդ Սէիր լեռը գացին, իրենց վրայ Յեսսիին որդիները Փաղատիան, Նաարիան, Հռափայիան ու Ոզիէլը իշխան ունենալով ։43. Եւ Ամաղէկին փախստական մնացորդները զարկին ու մինչեւ այսօր հոն բնակեցան։Սաղմոսներ 76:7-127. Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, դուն ահաւոր ես Եւ ո՞վ կրնայ կայնիլ քու առջեւդ քու բարկութեանդ ատենը։8. Դուն երկնքէն կատարեցիր դատաստանը։ Երկիրը վախցաւ ու լռեց,9. Աստուած դատաստան ընելու ելաւ, Որպէս զի երկրին բոլոր հեզերը փրկէ։ (Սէլա։)10. Իրաւցընէ մարդուն բարկութիւնը քեզ պիտի գովէ Ու մնացած բարկութիւնը դուն պիտի զսպես։11. Ուխտ ըրէք ձեր Տէր Աստուծոյն ու կատարեցէք. Անոր բոլորտիքը եղողները Թող ընծաներ բերեն Ահաւորին։12. Ինք իշխաններուն հոգին պիտի կտրէ, Ինք ահաւոր է երկրի թագաւորներուն։Առակներ 19:8-98. Խելքը վաստկողը իր հոգին կը սիրէ, Իմաստութիւն պահողը բարիք պիտի գտնէ։9. Սուտ վկան անպարտ պիտի չմնայ Ու ստութիւններ խօսողը պիտի կորսուի։Գործեր 4:23-3723. Եւ անկէ արձակուելով՝ իրենց խումբին քով գացին ու պատմեցին ինչ որ քահանայապետները եւ ծերերը իրենց ըսած էին։24. Անոնք ալ երբ լսեցին, միաբանութեամբ ձայներնին Աստուծոյ վերցուցին՝ ըսելով. «Ո՛վ Տէր, դուն ես Աստուածը, որ երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու բոլոր անոնց մէջ եղածները ստեղծեցիր,25. Որ քու ծառայիդ Դաւիթին բերնով խօսեցար. ‘Ինչո՞ւ հեթանոսները խռովութիւն ըրին ու ժողովուրդները պարապ բաներ մտածեցին.26. Երկրի թագաւորները պատրաստ կայնեցան եւ իշխանները մէկտեղ ժողվուեցան Տէրոջը դէմ եւ անոր Օծեալին դէմ’։27. Քանզի արդարեւ [այս քաղաքին մէջ] հաւաքուեցան քու սուրբ Որդիիդ Յիսուսին վրայ, որ դուն օծեցիր, Հերովդէս եւ Պոնտացի Պիղատոս, ազգերուն հետ ու Իսրայէլի ժողովուրդներուն հետ,28. Ըրին ինչ որ քու ձեռքդ եւ խորհուրդդ սահմանեց առաջուընէ, որ ըլլայ։29. Եւ հիմա, ո՛վ Տէր, նայէ անոնց սպառնալիքներուն ու շնորհէ քու ծառաներուդ, որպէս զի բոլոր համարձակութիւնով քու խօսքդ խօսինք,30. Քու ձեռքդ երկնցնելով բժշկելու եւ քու սուրբ Որդիիդ Յիսուսին անունովը նշաններ ու հրաշքներ կատարուին»։31. Երբ անոնք աղօթք ըրին, շարժեցաւ այն տեղը՝ ուր հաւաքուած էին եւ ամէնքը Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու Աստուծոյ խօսքը համարձակ կը խօսէին։32. Եւ հաւատացեալներուն բազմութիւնը մէկ սիրտ ու մէկ հոգի էին։ Անոնցմէ մէ՛կը չէր ըսեր իր ստացուածքներէն մէկուն համար, թէ՝ ‘իրն է’, հապա իրենց ամէն բաները հասարակաց կը սեպէին։33. Առաքեալները մեծ զօրութիւնով վկայ էին Տէր Յիսուսին յարութեանը։ Անոնց ամենուն վրայ մեծ շնորհք կար։34. Անոնց մէջ կարօտութիւն քաշող մը չկար, վասն զի անոնք որ ագարակներու կամ տուներու տէր էին, կը ծախէին եւ ծախուածներուն գիները կը բերէին35. Ու առաքեալներուն ոտքը կը դնէին եւ ամէն մէկուն իր կարօտութեանը նայելով կը բաժնուէր։36. Եւ Յովսէս, որ առաքեալներէն Բառնաբաս մականուանուեցաւ, (որ կը թարգմանուի Մխիթարութեան որդի,) Ղեւտացի, ծնունդով Կիպրացի,37. Ագարակ մը ունենալով, ծախեց ու ստակը բերաւ՝ առաքեալներուն ոտքը դրաւ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981