Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունիս 231 քրոնիկները 9:1-441. Այսպէս բոլոր իսրայելացիները արձանագրուած էին եւ Իսրայէլի ու Յուդայի թագաւորներու գրքին մէջ գրուած էին, որոնք իրենց անօրէնութեանը համար Բաբելոն գերի տարուեցան։2. Անոնց կալուածքներուն մէջ անոնց քաղաքներուն մէջ բնակողները՝ Իսրայելացիներէն, քահանաներէն, Ղեւտացիներէն եւ Նաթայիմներէն ասոնք էին ։3. Ու Երուսաղէմի մէջ Յուդային որդիներէն, Բենիամինին որդիներէն, Եփրեմին ու Մանասէին որդիներէն բնակեցան։4. Յուդային որդիին Փարէսին որդիներէն՝ Բանիին որդիին Իմրիին որդիին Ամրիին որդիին Ամիուդին որդին Ութայի։5. Եւ Սելօմեաններէն՝ անոր անդրանիկը Ասայիա ու անոր որդիները։6. Զարայի որդիներէն՝ Յէիլ ու անոնց եղբայրները՝ վեց հարիւր իննսուն մարդ։7. Բենիամինին որդիներէն՝ Ասանուային որդիին Ովդուիային որդիին Մեսուղամին որդին Սալլու։8. Յերոամին որդին Յեբնիա ու Մաքրիին որդիին Ոզիին որդին Էլա ու Յեբնիային որդիին Ռագուէլին որդիին Սափատիային որդին Մեսուղամ9. Եւ անոնց եղբայրները իրենց ցեղերուն համեմատ՝ ինը հարիւր յիսունըվեց մարդ։ Այս բոլոր մարդիկը իրենց տոհմերուն նահապետներն էին։10. Քահանաներէն Յեդայիա՝ Յովարիբ ու Յաքին11. Եւ Աստուծոյ տանը վերակացու՝ Աքիտովբի որդիին Մարիօթին որդիին Սադովկին որդիին Մեսուղամին որդիին Քեղկիային որդին Ազարիա12. Ու Մեղքիային որդիին Փասուրի որդիին Յերոամին որդին Ադայիա ու Եմմերին որդիին Մեսեղամօթին որդիին Մեսուղամին որդիին Եզիրային որդիին Ադիէլին որդին Մասէ13. Եւ անոնց եղբայրները, իրենց տոհմերուն իշխանները, հազար եօթը հարիւր վաթսուն զօրաւոր կտրիճներ՝ Աստուծոյ տանը գործին ծառայութեանը մէջ էին։14. Ղեւտացիներէն՝ Մերարիի որդիներէն, Ասաբիային որդիին Եզրիկամին որդիին Ասուբի որդին Սեմայիա15. Եւ Բակբակար ու Արէս եւ Գաղաղ ու Ասափին որդիին Զեքրիին որդիին Միքայի որդին Մաթանիա16. Եւ Իդիթունի որդիին Գաղաղի որդիին Սեմայիայի որդին Աբդիա ու Եղկանայի որդիին Ասայի որդին Բարաքիան, որ Նետոփաթացիներու գիւղերուն մէջ կը բնակէր։17. Դռնապանները՝ Սեղղում, Ակկուբ, Տեղմոն եւ Աքիման ու անոնց եղբայրները. ասոնց վերակացուն Սեղղումն էր։18. Մինչեւ հոս թագաւորին դուռը կը կայնէին, որ արեւելեան կողմն է. ասոնք Ղեւիին որդիներուն բանակներուն դռնապաններն էին։19. Կորխին որդիին Աբիասափին որդիին Կովրէին որդին Սեղղումը ու անոր եղբայրները, անոր հօրը տունէն եղող Կորխացիները, ծառայութեան գործին վրայ էին ու խորանին սեմերուն պահպանութիւնը կ’ընէին։ Անոնց հայրերը Տէրոջը բանակին մէջ դրան պահպանութիւնը կ’ընէին։20. Ու Եղիազարի որդին Փենէհէս առաջ անոնց վրայ իշխան էր ու Տէրը անոր հետ էր։21. Մասեղամիային որդին Զաքարիան վկայութեան խորանին դրանը պահապանն էր։22. Դռներուն մէջ պահպանութիւն ընելու համար բոլոր դռնապան ընտրուածները երկու հարիւր տասնըերկու հոգի էին։ Ասոնք իրենց բնակած գիւղերուն համեմատ ազգահամարի մէջ գրուեցան։ Դաւիթ ու Սամուէլ տեսանողը զանոնք իրենց պաշտօնին վրայ հաստատեցին։23. Անոնք ու անոնց որդիները Տէրոջը տանը, այսինքն խորանին տանը, դռներուն քով պահպանութիւն կ’ընէին։24. Դռնապանները չորս կողմերը կը կենային՝ արեւելեան, արեւմտեան, հիւսիսային ու հարաւային կողմերը։25. Գիւղերուն մէջ եղող անոնց եղբայրները ատեն ատեն կու գային ու եօթնական օր անոնց հետ կը կենային ։26. Քանզի չորս գլխաւոր դռնապանները Ղեւտացիներ էին, որոնք նաեւ սենեակներուն եւ Աստուծոյ տանը գանձերուն պատասխանատու էին։27. Գիշերը Աստուծոյ տանը շուրջը կը կենային, քանզի պահպանութիւնը իրենց պարտականութիւնն էր։ Ամէն առտու անոնք պիտի բանային։28. Պաշտամունքի անօթներուն վերակացուները անոնցմէ էին, քանզի համրանքով ներս կը բերէին ու համրանքով դուրս կը հանէին։29. Միւս ամաններուն ու սրբարանին բոլոր գործիքներուն եւ նաշիհին ու գինիին ու իւղին եւ կնդրուկին ու համեմներուն վերակացուներն ալ անոնցմէ էին։30. Բայց համեմներուն բաղադրութիւնովը իւղ շինողները քահանաներուն որդիներն էին։31. Ղեւտացիներէն՝ Կորխացի Սեղղումին անդրանիկը Մատաթիան տապակի գործին վերակացուն էր։32. Առաջաւորութեան հացին վերակացուները անոնց եղբայրներէն, Կահաթացիներու որդիներէն էին, որպէս զի շաբաթէ շաբաթ պատրաստեն։33. Ասոնք, այսինքն Ղեւտացիներու տոհմերուն իշխանները, երգիչներ էին եւ սենեակներուն մէջ կը նստէին եւ ուրիշ գործ մը չունէին, քանզի ցորեկ ու գիշեր այս պաշտօնով զբաղած էին։34. Այս Ղեւտացիներուն տոհմերուն իշխանները իրենց ցեղերուն համեմատ իշխաններ էին։ Անոնք Երուսաղէմի մէջ կը բնակէին։35. Գաբաւոնի մէջ Գաբաւոնին հայրը Յէիէլը կը բնակէր։ Անոր կնոջ անունը Մաաքա էր։36. Անոր անդրանիկ որդին Աբդօն էր. ետքը՝ Սուր, Կիս, Բաաղ, Ներ, Նադաբ,37. Գեդովր, Աքիով, Զաքարիա եւ Մակեղօթ էին։38. Մակեղօթ ծնաւ Սամաամը ու ասոնք ալ իրենց եղբայրներուն դէմ՝ Երուսաղէմի մէջ իրենց եղբայրներուն հետ բնակեցան։39. Ներ ծնաւ Կիսը ու Կիս ծնաւ Սաւուղը եւ Սաւուղ ծնաւ Յովնաթանը, Մեղքիսաւէն, Աբինադաբը ու Եսբաաղը։40. Յովնաթանին որդին Մերիբաաղն էր։ Մերիբաաղը ծնաւ Միքան։41. Միքային որդիները՝ Փիթօն, Մելէք, Թարէ ու Աքազ էին։42. Աքազ ծնաւ Յովադան, Յովադան ծնաւ Գաղեմէթը, Ազամօթն ու Զամբրին։ Եւ Զամբրին ծնաւ Մոսան43. Ու Մոսան ծնաւ Բանան. անոր որդին Ռափայիա, անոր որդին Եղեասա ու անոր որդին Եսէլ էր։44. Եսէլ վեց որդի ունէր։ Անոնց անունները ասոնք են՝ Եզրիկամ, Բոքերու, Իսմայէլ, Սաարիա, Աբդիա ու Անան։ Եսէլին որդիները ասոնք էին։1 քրոնիկները 10:1-141. Փղշտացիները Իսրայէլի հետ պատերազմ ըրին։ Իսրայէլի մարդիկը Փղշտացիներուն առջեւէն փախան ու Գեղբուէ լերանը վրայ սպաննուած ինկան։2. Փղշտացիները Սաւուղին ու անոր որդիներուն հասան եւ Փղշտացիները Սաւուղին որդիները՝ Յովնաթանը, Աբիադաբն ու Մեղքիսաւէն զարկին։3. Պատերազմը Սաւուղին վրայ սաստկացաւ ու աղեղնաւորները զանիկա գտան։ Աղեղնաւորներէն վիրաւորուելով,4. Սաւուղ իր կապարճակիրին ըսաւ. «Սուրդ քաշէ ու անով զիս խոցէ, չըլլայ որ այս անթլփատները գան ու զիս ծաղր ընեն»։ Բայց կապարճակիրը չուզեց, քանզի շատ վախցաւ։ Սաւուղ սուրը առաւ ու անոր վրայ ինկաւ։5. Կապարճակիրը Սաւուղին մեռնիլը տեսնելով՝ ինքն ալ իր սուրին վրայ ինկաւ ու մեռաւ։6. Այսպէս մեռան Սաւուղ ու անոր երեք որդիները։ Անոր բոլոր տունն ալ մէկտեղ մեռան։7. Հովիտին մէջ եղող բոլոր Իսրայէլի մարդիկը անոնց փախչիլը եւ Սաւուղին ու անոր որդիներուն մեռնիլը տեսնելով՝ իրենց քաղաքները թողուցին ու փախան։ Փղշտացիները եկան ու անոնց մէջ բնակեցան։8. Հետեւեալ օրը Փղշտացիները գացին, որպէս զի մեռելները մերկացնեն։ Սաւուղը եւ անոր որդիները Գեղբուէի լերան վրայ ինկած գտան։9. Զանիկա մերկացուցին եւ անոր գլուխն ու զէնքերը առին։ Փղշտացիներու երկրին չորս կողմը իրենց կուռքերուն ու ժողովուրդին այս աւետիսը տալու համար մարդ ղրկեցին։10. Եւ անոր զէնքերը իրենց Աստուծոյն տունը դրին, իսկ անոր գլուխը Դագոնին տանը մէջ գամեցին։11. Գաղաադի Յաբիսի բոլոր բնակիչները երբ լսեցին ինչ որ Փղշտացիները Սաւուղին ըրած են,12. Բոլոր զօրաւոր մարդիկը ոտքի ելան եւ Սաւուղին մարմինն ու անոր որդիներուն մարմինները վերցուցին եւ զանոնք Յաբիս բերին եւ անոնց ոսկորները Յաբիսի մէջ բեւեկնիին տակ թաղեցին ու եօթը օր ծոմ պահեցին։13. Այսպէս մեռաւ Սաւուղ Տէրոջը դէմ ըրած ապստամբութեան մեղքին համար. որովհետեւ Տէրոջը խօսքը չպահեց, նաեւ վհուկ փնտռեց բան հարցնելու համար14. Ու Տէրոջը չհարցուց. ուստի Տէրը զանիկա մեռցուց ու թագաւորութիւնը Յեսսէին որդիին Դաւիթին դարձուց։Սաղմոսներ 77:10-1510. Ուստի ըսի. «Այս է իմ վիշտս, որ Բարձրեալին աջ ձեռքը փոխուած է»։11. Տէրոջը գործերը պիտի յիշեմ. Յիրաւի քու հին օրերու հրաշքներդ պիտի յիշեմ։12. Բոլոր գործերուդ վրայ պիտի խորհիմ Ու քու ըրածներուդ վրայ պիտի մտածեմ։13. Ո՛վ Աստուած, քու ճամբադ սրբութեան մէջ է։ Աստուծոյ պէս մեծ Աստուած ո՞վ կայ։14. Հրաշքներ ընող Աստուածը դո՛ւն ես. Քու զօրութիւնդ ժողովուրդներու մէջ ցուցուցիր։15. Քու բազուկովդ փրկեցիր քու ժողովուրդդ՝ Յակոբին ու Յովսէփին որդիները։ (Սէլա։)Առակներ 19:15-1615. Ծուլութիւնը խորունկ քուն կը բերէ Եւ թոյլ մարդը անօթի կը մնայ։16. Պատուիրանքը պահողը իր հոգին կը պահէ, Իր ճամբաները անարգողը պիտի մեռնի։Գործեր 6:1-151. Այն օրերը երբ աշակերտները շատցան, Հելլենացիներու կողմէ տրտունջ մը եղաւ Եբրայեցիներուն դէմ վասն զի իրենց որբեւարիները ամէն օրուան ողորմութեան մատակարարուելուն ատեն անտես կ’ըլլային։2. Տասներկուքը կանչեցին աշակերտներուն բազմութիւնը ու ըսին. «Մեզի չի վայլեր Աստուծոյ խօսքը ձգել ու սեղաններու ծառայութիւն ընել։3. Ուստի, եղբա՛յրներ, ձեզմէ եօթը հոգի ընտրեցէք՝ բարի վկայուած, Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութիւնով լեցուն, որպէս զի զանոնք այս գործին վրայ դնենք4. Եւ մենք աղօթքի ու Աստուծոյ խօսքին պաշտօնով պարապինք»։5. Այս խօսքը բոլոր բազմութեան առջեւ հաճոյ երեւցաւ. ուստի ընտրեցին Ստեփանոսը, հաւատքով ու Սուրբ Հոգիով լեցուն մարդ մը, Փիլիպպոսը, Պրոքորոնը, Նիկանովրան, Տիմովնան, Պարմենան եւ Նիկողայոս նորահաւատ Անտիոքցին6. Ասոնք առաքեալներուն առջեւ կայնեցուցին։ Անոնք ալ աղօթք ընելով՝ ձեռքերնին անոնց վրայ դրին։7. Եւ Աստուծոյ խօսքը կ’աճէր ու աշակերտներուն թիւը խիստ կը շատնար Երուսաղէմի մէջ։ Նոյնիսկ քահանաներէն շատեր նոր հաւատքին կը յարէին։8. Ստեփանոս, որ հաւատքով ու զօրութիւնով լեցուած մարդ մըն էր, մեծ հրաշքներ եւ նշաններ կ’ընէր ժողովուրդին մէջ։9. Բայց ոմանք՝ այն ժողովարանէն, որ Ազատացիներուն եւ Կիւրենացիներուն ու Աղեքսանդրացիներուն ժողովարան կ’ըսուէր եւ ոմանք որ Կիլիկիայէն ու Ասիայէն էին, ելան ու Ստեփանոսին հետ վիճաբանութիւն կ’ընէին։10. Բայց չէին կրնար դէմ դնել այն իմաստութեան ու հոգիին, որով ան կը խօսէր։11. Այն ատեն հրապուրեցին քանի մը մարդիկ, որպէս զի ըսեն թէ՝ ‘Մենք լսեցինք որ ատիկա հայհոյութիւն կ’ընէր Մովսէսին ու Աստուծոյ’։12. Եւ գրգռեցին ժողովուրդը ու ծերերը եւ դպիրները ու անոր վրայ հասնելով զինք բռնեցին ու ատեանը տարին։13. Սուտ վկաներ կայնեցուցին, որոնք կ’ըսէին. «Այս մարդը չի դադարիր հայհոյելէ սուրբ տեղին եւ օրէնքին։14. Քանզի լսեցինք ատկէ, որ կ’ըսէր թէ՝ ‘Այս Նազովրեցի Յիսուսը պիտի քակէ այս տեղը ու պիտի փոխէ Մովսէսին մեզի աւանդած սովորութիւնները’»։15. Ատեանը նստողներուն ամէնքը երբ անոր նայեցան, անոր երեսը հրեշտակի պէս տեսան։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981