Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունիս 241 քրոնիկները 11:1-461. Բոլոր Իսրայէլ Դաւիթին քով Քեբրոնի մէջ հաւաքուեցան ու ըսին. «Ահա մենք քու ոսկորդ ու քու մարմինդ ենք։2. Ասկէ առաջ ալ, երբ Սաւուղ թագաւոր էր, Իսրայէլը դուրս հանողն ու ներս բերողը դուն էիր։ Քու Տէր Աստուածդ քեզի ըսաւ. ‘Իմ ժողովուրդս Իսրայէլը դուն պիտի հովուես ու իմ ժողովուրդիս Իսրայէլին վրայ դուն իշխան պիտի ըլլաս’»։3. Իսրայէլի բոլոր ծերերը Քեբրոն եկան թագաւորին ու Դաւիթ Քեբրոնի մէջ Տէրոջը առջեւ անոնց հետ դաշինք կնքեց ու անոնք Դաւիթը Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցին, ինչպէս Տէրը Սամուէլին միջոցով ըսեր էր։4. Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի հետ Երուսաղէմ, այսինքն Յեբուս, գնաց ու հոն այն երկրին բնակիչները, Յեբուսացիները կը բնակէին ։5. Յեբուսի բնակիչները Դաւիթին ըսին. «Հոս պիտի չմտնես»։ Բայց Դաւիթ առաւ Սիօնի բերդը, (որ Դաւիթի քաղաք կը կոչուի )։6. Ու Դաւիթ ըսաւ. «Ով որ Յեբուսացիները առաջ զարնէ, անիկա իշխան ու զօրավար պիտի ըլլայ»։ Առաջ Շարուհեային որդին՝ Յովաբ ելաւ ու անիկա զօրավար եղաւ։7. Դաւիթ այն բերդին մէջ բնակեցաւ։ Անոր համար անիկա Դաւիթին քաղաքը կոչուեցաւ։8. Դաւիթ քաղաքին չորս բոլորտիքը շինեց, այսինքն Մելօնն ու անոր շրջակայ տեղերը։ Յովաբ քաղաքին մնացորդը նորոգեց։9. Դաւիթ երթալով կը մեծնար ու զօրքերու Տէրը անոր հետ էր։10. Ասոնք են Դաւիթին գլխաւոր զօրավարները, որոնք անոր թագաւորութեանը համար անոր օգնութիւն ըրին բոլոր Իսրայէլի հետ, որպէս զի անիկա թագաւոր ըլլայ, Տէրոջը Իսրայէլին ըսած խօսքին համեմատ։11. Դաւիթին զօրաւոր մարդիկը ասոնք են. Հաքեմոնիին որդին Յեսբաամ՝ երեք զօրավարներուն գլուխը, որ իր նիզակը երեք հարիւր մարդոց վրայ վերցուց ու մէկէն զանոնք մեռցուց։12. Անկէ ետքը Աքուքացի Դովդային որդին Եղիազարը, որ երեք զօրավարներէն էր։13. Ասիկա երբ Ափեսդոմմինի մէջ Դաւիթին հետ էր, Փղշտացիները հոն հաւաքուեցան պատերազմելու համար։ Արտի մը մէկ մասը գարիով լեցուն էր։ Ժողովուրդը Փղշտացիներուն երեսէն փախաւ։14. Այս երեք զօրավարները արտին մէջտեղը կայնեցան, զանիկա ազատեցին ու Փղշտացիները զարկին։ Տէրը մեծ փրկութիւն ըրաւ։15. Երեսուն զօրավարներէն երեքը՝ Ոդողոմին քարայրը՝ Դաւիթին հետ վէմը իջան, երբ Փղշտացիներուն բանակը Ռափայիններուն հովիտին մէջ բանակեր էր։16. Այն ատեն Դաւիթ բերդին մէջ էր։ Փղշտացիները Բեթլէհէմի մէջ ալ բերդապահ զօրք ունէին։17. Դաւիթ փափաքելով՝ ըսաւ. «Բեթլէհէմի դուռը եղող ջրհորէն ո՞վ ինծի ջուր կրնայ խմցնել»։18. Այն ատեն այս երեք մարդիկը Փղշտացիներու բանակը ճեղքեցին անցան ու Բեթլէհէմի դուռը եղող ջրհորէն ջուր քաշեցին եւ Դաւիթին բերին. բայց Դաւիթ զանիկա խմել չուզեց, հապա զանիկա թափելով Տէրոջը նուիրեց19. Ու ըսաւ. «Աստուած չընէ, որ ես այս բանը ընեմ։ Միթէ ես անոնց կենսարի՞ւնը պիտի խմեմ. վասն զի իրենց կյանքը վտանգելով այս ջուրը բերին»։ Ու անկէ խմել չուզեց։ Ասոնք են այն երեք զօրավարներուն ըրածները։20. Յովաբին եղբայրը՝ Աբեսսան՝ այն երեք մարդոց գլխաւորն էր։ Անիկա իր նիզակը երեք հարիւր մարդոց վրայ վերցնելով՝ սպաննեց զանոնք ու անիկա երեքին մէջ անուանի էր։21. Երեքին երկուքէն աւելի համարում ունենալուն համար անոնց գլուխ եղաւ, բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ։22. Մեծ գործեր գործող Կաբեսէլացի զօրավարի մը որդիին Յովիադային որդին Բանիա Մովաբի երկու զօրաւոր մարդիկը մեռցուց. Նաեւ ձիւնի ժամանակ իջաւ ու Գուբին մէջ առիւծը մեռցուց։23. Ասիկա հինգ կանգուն հասակ ունեցող Եգիպտացի մարդ մը մեռցուց, թէեւ Եգիպտացիին ձեռքը ոստայնանկներու գլանին պէս նիզակ մը կար. բայց Բանիա ցուպով մը անոր վրայ յարձակեցաւ ու Եգիպտացիին ձեռքէն նիզակը յափշտակեց եւ զանիկա անոր նիզակովը մեռցուց։24. Յովիադային որդին Բանիան այս բաները ըրաւ ու երեք զօրավարներուն մէջ անուանի եղաւ։25. Անիկա երեսուն զօրավարներէն աւելի պատիւ ունէր, բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ։ Դաւիթ զանիկա իր ատեանին վերակացու դրաւ։26. Եւ իր զօրքերուն զօրավարները ասոնք էին ՝ Յովաբին եղբայրը Ասայէլը, Բեթլէհէմացի Դովդային որդին Էլէանան,27. Արովրացի Սամօթը, Փելօնացի Քեղղէսը,28. Թեկուացի Եկգեսին որդին Իրասը, Անաթովթացի Աբիեզերը,29. Ովսացի Սովբաքը, Աքուքացի Եղին,30. Նետոփաթացի Մաարան, Նետոփաթացի Բաանային որդին Ալադը,31. Բենիամինին որդիներուն Գաբաայէն Ռիբային որդին Եթթին, Փարաթոնացի Բանիան,32. Գաասի ձորերէն Հուրան, Արափաթացի Աբիէլը,33. Բարումացի Ազամօթը, Սաղաբինացի Եղիաբան,34. Գեղոնացի Հասեմի որդիներէն՝ Արարացի Սագէին որդին Յովնաթանը,35. Արարացի Սաքաբին որդին Աքիամը, Ովրի որդին Եղիփաղը,36. Մեքուրաթացի Ոփեր, Փելօնացի Աքիա,37. Կարմելացի Ասարէն, Ազբիային որդին Նաարան,38. Նաթանին եղբայրը Յովէլը, Ագարայի որդին Մաբարը,39. Ամմոնացի Սելեկը, Շարուհեան Յովաբի կապարճակիրը Բերովթացի Նաարան,40. Յեթերացի Իրասը, Յեթերացի Գարեբը,41. Քետացի Ուրիան, Աղայիին որդին Զաբադը,42. Ռուբէնեաններուն գլուխը, Ռուբէնեան Սիզային որդին Ադինան ու անոր հետ երեսուն մարդ կար.43. Մաաքային որդին Անանը, Մաթանացի Յովսափատը,44. Աստարովթացի Ոզիան, Արոէրացի Քովթամին որդիները՝ Սամա ու Յէիէլ,45. Սամարիին որդին Յեդիէլն ու անոր եղբայրը Թիսացի Յովքան,46. Մահաւացի Եղիէլը, Եղնաամին որդիները՝ Յարիբային եւ Յօսաւիան, Մովաբացի Յեթեման,1 քրոնիկները 12:1-401. Ասոնք են որ Սիկելակ եկան Դաւիթին քով, երբ անիկա դեռ Կիսեան Սաւուղին երեսէն պահուած էր։ Ասոնք զօրաւորներէն ըլլալով՝ պատերազմին մէջ օգնութիւն կ’ընէին,2. Քանզի աղեղնաւորներ էին ու պարսատիկով քարեր ու աղեղով նետեր արձակելու համար՝ թէ՛ աջ եւ թէ՛ ձախ ձեռքերնին կը գործածէին։ Անոնք Սաւուղին եղբայրներէն՝ Բենիամինեաններէն էին։3. Անոնց գլուխը Աքիեզերն էր, յետոյ Յովասը՝ երկուքն ալ Գաբաացի Սամաային որդիները եւ Յեզիէլ ու Փաղէտ՝ Ազամօթին որդիները եւ Բարաքա ու Անաթովթացի Յէուն4. Ու երեսունին մէջ զօրաւոր ու երեսունին վերակացուն՝ Գաբաւոնացի Իսմայիան ու Երեմիան ու Յազիէլը եւ Յօհանան ու Գադերացի Յովզաբադը,5. Եղիոզան ու Յերիմովթը եւ Բաաղիան ու Սամարիան եւ Յարուփացի Սափատիան,6. Եղկանան, Յեսիան, Ազարիէլը, Յովեզերն ու Յեսբաամը՝ Կորխացիները7. Ու Գեդովրացի Յերոամին որդիները՝ Յովէլան ու Զաբադիան։8. Գադեաններէն ալ Դաւիթին քով անապատին մէջ քաշուեցան՝ զօրաւոր, քաջ, պատերազմիկ, վահան ու նիզակ գործածող մարդիկ։ Անոնց դէմքը առիւծի դէմքի կը նմանէր ու լեռներու վրայի այծ եամներու պէս թեթեւաշարժ էին։9. Առաջինը՝ Եզերը, երկրորդը՝ Աբդիան, երրորդը՝ Եղիաբը,10. Չորրորդը՝ Մասմանան, հինգերորդը՝ Երեմիան,11. Վեցերորդը՝ Եթթին, եօթներորդը՝ Եղիէլը,12. Ութերորդը՝ Յօհանան, իններորդը՝ Եղզաբաթը,13. Տասներորդը՝ Երեմիան, տասնըմէկերորդը՝ Մաքաբանան էր։14. Ասոնք Գադին որդիներէն զօրքի իշխաններն էին. պզտիկներէն իւրաքանչիւրը՝ հարիւրի վրայ ու մեծերէն իւրաքանչիւրը հազարի վրայ էր։15. Ասոնք են, որ առաջին ամսուան Յորդանանէն անցան, երբ ջուրը իր բոլոր եզերքները յորդեր էր եւ դէպի արեւելք ու արեւմուտք՝ հովիտին բոլոր բնակիչները փախցուցին։16. Բերդը Դաւիթին քով Բենիամինին ու Յուդային որդիներէն ալ եկան։17. Դաւիթ անոնց առջեւ ելաւ ու ըսաւ անոնց. «Եթէ խաղաղութեամբ ինծի օգնութիւն ընելու եկեր էք, իմ սիրտս ձեզի հետ պիտի ըլլայ. բայց եթէ խաբէութեամբ զիս իմ թշնամիներուս ձեռքը մատնելու համար եկեր էք, (որ իմ ձեռքերուս մէջ անօրէնութիւն մը չկայ,) մեր հայրերուն Աստուածը թող տեսնէ ու յանդիմանէ»։18. Եւ իշխաններուն գլուխը՝ Ամեսայի՝ Հոգիով լեցուեցաւ ու ըսաւ. «Մենք քուկդ ենք ո՛վ Դաւիթ, Ու քեզի հետ պիտի ըլլանք, ո՛վ Յեսսէի որդի. Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն քեզի Ու քու օգնականներուդ խաղաղութիւն թող ըլլայ, Քանզի քու Աստուածդ քեզի օգնական է»։ Այն ատեն Դաւիթ զանոնք ընդունեց ու զանոնք իր գունդին իշխաններուն մէջ դրաւ։19. Մանասէէն ալ Դաւիթին միացան, երբ անիկա Փղշտացիներուն հետ Սաւուղին վրայ պատերազմելու գնաց, բայց անոնց օգնութիւն չըրին, քանզի Փղշտացիներուն նախարարներուն խորհրդով զանիկա ետ ղրկեցին՝ ըսելով. «Ասիկա մեր գլուխներ ուն վնաս ովը, իր տիրոջը, Սաւուղին կրնայ միանալ»։20. Երբ անիկա Սիկելակ կ’երթար, Մանասէին հազարապետները՝ Եդնան, Յովզաբադը, Յեդիէլը, Միքայէլը, Յովզաբադը, Եղիուսն ու Սաղթին զինք լքեցին։21. Ասոնք Դաւիթին օգնեցին ասպատակներուն գունդին վրայ յարձակելով ՝ ՝, քանզի ամէնքն ալ զօրաւոր կտրիճներ էին ու զօրքերու իշխաններ էին.22. Վասն զի այն ատեն օրէ օր Դաւիթին կու գային անոր օգնելու համար, այնպէս որ Աստուծոյ բանակին պէս մեծ բանակ մը եղաւ։23. Ասոնք են անունները այն սպառազինեալ զօրքերուն, որոնք Քեբրոն եկան Դաւիթին, որպէս զի Տէրոջը խօսքին համեմատ անոր դարձնեն Սաւուղին թագաւորութիւնը.24. Յուդայի որդիներէն վահան ու նիզակ կրող վեց հազար ութ հարիւր սպառազինեալ զօրք,25. Շմաւոնի որդիներէն եօթը հազար հարիւր պատերազմիկ զօրաւոր կտրիճներ,26. Ղեւիի որդիներէն չորս հազար վեց հարիւր27. Եւ Ահարոնեաններուն առաջնորդը Յովիադան ու անոր հետ երեք հազար եօթը հարիւր մարդիկ,28. Զօրաւոր կտրիճ Սադովկ երիտասարդը ու անոր հօրը տունէն քսանըերկու իշխան29. Եւ Սաւուղին եղբայրներէն, Բենիամինին որդիներէն, երեք հազար մարդիկ. քանզի մինչեւ այն ատեն անոնց մեծ մասը Սաւուղին տանը պահպանութիւնը կ’ընէին30. Ու Եփրեմին որդիներէն անոնց ազգատոհմերուն անուանի մարդիկը՝ քսան հազար ութ հարիւր զօրաւոր կտրիճներ,31. Մանասէին կէս ցեղէն տասնըութը հազար մարդ, որոնք իրենց անուններովը որոշուեցան երթալու ու Դաւիթը թագաւոր օծելու,32. Իսաքարի որդիներէն երկու հարիւր իմաստուն իշխաններ, որոնք ժամանակներուն համեմատ գիտէին թէ Իսրայէլ ի՛նչ ընելու է ու անոնց բոլոր եղբայրները անոնց բերանին կը նայէին,33. Զաբուղոնէն պատերազմի ելլող եւ ամէն տեսակ պատերազմական գործիքներով պատերազմող յիսուն հազար մարդ, որոնք մէկ սրտով՝ ՝ կարգով կը շարուէին,34. Նեփթաղիմէն հազար իշխան եւ անոնց հետ երեսունըեօթը հազար վահանաւոր ու նիզակաւոր մարդ,35. Դանեաններէն քսանըութը հազար վեց հարիւր պատերազմիկներ,36. Ասերէն քառասուն հազար պատերազմի գացող զօրք,37. Յորդանանի անդիի կողմէն՝ Ռուբէնեաններէն ու Գադեաններէն եւ Մանասէին կէս ցեղէն, ամէն տեսակ պատերազմական գործիքներով պատերազմող հարիւր քսան հազար մարդ։38. Բոլոր այս գունդով շարուող պատերազմիկները անկեղծ սրտով Քեբրոն եկան՝ Դաւիթը բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր ընելու համար ու Իսրայէլի բոլոր մնացորդն ալ համաձայն էր, որ Դաւիթը թագաւոր ըլլայ։39. Հոն Դաւիթին հետ ուտելով ու խմելով երեք օր կեցան. քանզի անոնց եղբայրները անոնց համար պատրաստութիւն տեսեր էին։40. Անոնց մօտ եղողներն ալ, մինչեւ անգամ Իսաքար, Զաբուղոն ու Նեփթաղիմ՝ էշերով, ուղտերով, ջորիներով ու եզներով հաց բերին. նաեւ ուտելիքի համար շատ ալիւր, չոր թուզ, չամիչ, գինի, իւղ, արջառներ ու ոչխարներ. քանզի Իսրայէլի մէջ ուրախութիւն կար։Սաղմոսներ 77:16-2016. Երբ ջուրերը քեզ տեսան, ո՛վ Աստուած, Երբ ջուրերը քեզ տեսան՝ դողացին, Անդունդներն ալ սարսափեցան։17. Ամպերը ջուր թափեցին. Երկինքները ձայն հանեցին. Նետերդ ալ գացին։18. Քու որոտումիդ ձայնը երկինքն էր։ Փայլակները լոյս տուին աշխարհի։ Երկիր սասանեցաւ ու դողաց։19. Քու ճանապարհդ ծովուն մէջ է Եւ քու ճամբադ մեծ ջուրերուն մէջ է Ու քու շաւիղներդ չեն երեւիր։20. Հօտի պէս քու ժողովուրդիդ առաջնորդեցիր Մովսէսին ու Ահարոնին ձեռքովը։Առակներ 19:17-1917. Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ Ու անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ։18. Քանի որ յոյս կայ՝ տղադ խրատէ Եւ անոր մահուանը կամակից մի՛ ըլլար՝ ՝։19. Խիստ բարկացող մարդը պատիժը պէտք է կրէ, Վասն զի եթէ անգամ մը ազատես՝ պիտի ստիպուիս կրկնել։Գործեր 7:1-211. Այն ատեն քահանայապետը ըսաւ. «Իրաւցընէ այդ բաները այդպէ՞ս են»։2. Եւ անիկա ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ ու հայրե՛ր, մտի՛կ ըրէք. Փառաց Աստուածը մեր Հօրը Աբրահամին երեւցաւ, քանի որ Միջագետքի մէջ էր, դեռ Խառանի մէջ չբնակած եւ ըսաւ անոր.3. ‘Ելի՛ր քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ’։4. Այն ատեն Քաղդէացիներու երկրէն ելլելով՝ Խառանի մէջ բնակեցաւ եւ անոր հօրը մեռնելէն յետոյ անկէ փոխադրեց զանիկա այս երկիրը, ուր դուք հիմա կը բնակիք։5. Ասոր մէջ անոր ժառանգութիւն չտուաւ, ոչ ալ ոտքի քայլ մը տեղ, բայց խոստացաւ որ ասիկա իրեն տայ իբրեւ կալուածք եւ իրմէ յետոյ իր սերունդին, երբ դեռ ինք որդին չունէր։6. Աստուած այսպէս խօսեցաւ. ‘Քու սերունդդ օտար երկրի մէջ պանդուխտ պիտի ըլլայ ու պիտի ծառայեցնեն զանիկա եւ չարչարեն չորս հարիւր տարի։7. Այն ազգը, որուն պիտի ծառայեն, ես պիտի դատեմ’, ըսաւ Աստուած ‘եւ անկէ յետոյ պիտի ելլեն ու այստեղ զիս պիտի պաշտեն’։8. Անոր թլփատութեան ուխտը տուաւ ու ետքը Աբրահամ Իսահակը ծնաւ։ Թլփատեց զանիկա ութերորդ օրը։ Իսահակ ալ Յակոբը ծնաւ, Յակոբն ալ՝ տասներկու նահապետները։9. Եւ նահապետները Յովսէփին նախանձելով՝ Եգիպտոս տարուելու ծախեցին. բայց Աստուած անոր հետ էր10. Ու փրկեց զանիկա իր բոլոր նեղութիւններէն, անոր շնորհք ու իմաստութիւն տուաւ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին առջեւ։ Ան ալ զանիկա իշխան դրաւ Եգիպտոսին ու իր բոլոր տանը վրայ։11. Երբ Եգիպտոսի եւ Քանանի բոլոր երկրին վրայ սով մը տիրեց ու մեծ նեղութիւն, մեր հայրերը ուտելիք չէին գտներ։12. Յակոբ՝ երբ լսեց թէ Եգիպտոսի մէջ ցորեն կը գտնուի՝ առաջին անգամ մեր հայրերը ղրկեց։13. Երկրորդ անգամ Յովսէփ իր եղբայրներուն ճանչցուց ինքզինք ու Յովսէփին ազգը Փարաւոնին յայտնի եղաւ։14. Յովսէփ ղրկեց ու կանչեց իր հայրը Յակոբը ու բոլոր ազգատոհմը, եօթանասունըհինգ հոգի։15. Յակոբ Եգիպտոս գնաց, ուր մեռան ինք ու մեր հայրերը։16. Սիւքէմ տարուելով՝ այն գերեզմանին մէջ դրուեցան, որ Աբրահամ արծաթով ծախու առեր էր Սիւքէմի հօրը Եմովրի որդիներէն։17. Երբ մօտեցաւ խոստումին ատենը, որ Աստուած երդումով խոստացեր էր Աբրահամին, ժողովուրդը աճեցաւ ու շատցաւ Եգիպտոսի մէջ18. Մինչեւ որ ուրիշ թագաւոր մը ելաւ, որ Յովսէփը չէր ճանչնար։19. Անիկա միջոցներ բանեցուց մեր ազգին դէմ ու չարչարեց մեր հայրերը, մինչեւ անգամ անոնց տղաքը դուրս ձգել տալով, որպէս զի չապրին։20. Այն ժամանակ Մովսէսը ծնաւ, որ Աստուծոյ առջեւ գեղեցիկ էր եւ իր հօրը տունը մեծցաւ երեք ամիս։21. Երբ անիկա դուրս ձգուեցաւ, Փարաւոնին աղջիկը զանիկա վերցուց եւ իբրեւ իր որդին մեծցուց։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981