1. Դաւիթ հազարապետներուն ու հարիւրապետներուն եւ բոլոր իշխաններուն հետ խորհուրդ ըրաւ։
2. Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի ժողովուրդին ըսաւ. «Եթէ ձեզի հաճոյ կ’երեւնայ ու այս բանը մեր Տէր Աստուծմէն է, Իսրայէլի բոլոր երկիրներուն մէջ մնացած մեր եղբայրներուն ու անոնց հետ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն, իրենց քաղաքներն ու արուարձանները, մարդ ղրկենք՝ ՝, որպէս զի մեր քով հաւաքուին
3. Եւ մեր Աստուծոյն տապանակը մեր քով փոխադրենք. քանզի Սաւուղին օրերը զանիկա զանց առինք»։
4. Ու բոլոր ժողովուրդը հաճութիւն տուաւ. քանզի այս խօսքը բոլոր ժողովուրդին աչքերուն ուղիղ երեւցաւ։
5. Եւ Դաւիթ Եգիպտոսի Սիովրէն մինչեւ Եմաթի մուտքը բոլոր Իսրայէլը հաւաքեց՝ Աստուծոյ տապանակը Կարիաթարիմէն բերելու համար։
6. Դաւիթ բոլոր Իսրայէլին հետ Բաաղ, այսինքն Յուդայի Կարիաթարիմը գնաց, որպէս զի անկէ՝ քերովբէներուն վրայ նստող Եհովա Աստուծոյն տապանակը փոխադրէ։
7. Աստուծոյ տապանակը Աբինադաբի տունէն վերցնելով նոր սայլի մը վրայ դրին ու Ոզա ու Աքիով այն սայլը կը վարէին։
8. Եւ Դաւիթ ու բոլոր Իսրայէլ բոլոր ուժով Աստուծոյ առջեւ կը խաղային օրհնութիւններով, քնարներով, տաւիղներով, թմբուկներով, ծնծղաներով ու փողերով։
9. Երբ Քիդոնին կալը եկան, Ոզա իր ձեռքը երկնցուց որպէս զի տապանակը բռնէ. քանզի եզները զանիկա ծռեր էին։
10. Տէրոջը բարկութիւնը Ոզային դէմ բորբոքեցաւ եւ ձեռքը տապանակին երկնցնելուն համար զանիկա զարկաւ։ Անիկա հոն Աստուծոյ առջեւ մեռաւ։
11. Եւ Դաւիթ տրտմեցաւ, քանզի Տէրը հարուածով Ոզան զարկաւ ու այն տեղին անունը մինչեւ այսօր Փարէս-Ոզա կը կոչուի։
12. Դաւիթ այն օրը Աստուծմէ վախցաւ ու ըսաւ. «Աստուծոյ տապանակը ի՜նչպէս քովս բերեմ»։
13. Դաւիթ տապանակը իր քով, Դաւիթին քաղաքը չբերաւ. հապա զանիկա Գեթացի Աբդեդօմին տունը դարձուց։
14. Աստուծոյ տապանակը Աբդեդօմին տանը մէջ երեք ամիս մնաց ու Տէրը Աբդեդօմին տունն ու անոր բոլոր ստացուածքը օրհնեց։
1. Տիւրոսի Քիրամ թագաւորը Դաւիթին դեսպաններ, եղեւնափայտեր, որմնադիրներ ու հիւսներ ղրկեց, որպէսզի անոր տունը շինեն։
2. Այն ատեն Դաւիթ իմացաւ որ Տէրը զինք Իսրայէլի վրայ թագաւոր հաստատեց, վասն զի իր ժողովուրդին՝ Իսրայէլին համար անոր թագաւորութիւնը բարձրացաւ։
3. Դաւիթ Երուսաղէմի մէջ ուրիշ կիներ ալ առաւ, Դաւիթ ուրիշ տղաքներ ու աղջիկներ ալ ունեցաւ։
4. Երուսաղէմի մէջ անոր ծնած տղոցը անունները ասոնք են՝ Սամաա, Սովբաբ, Նաթան,
5. Սողոմոն, Յեբաար, Եղիսուա,
6. Եղիփաղէտ, Նոգա, Նափեկ,
7. Յափիէ, Եղիսամա, Բաղիադա, Եղիփաղէտ։
8. Փղշտացիները երբ լսեցին Դաւիթին բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծուիլը, բոլոր Փղշտացիները ոտքի ելան, որպէս զի Դաւիթը փնտռեն. երբ Դաւիթ այս բանը լսեց՝ անոնց դէմ ելաւ։
9. Փղշտացիները եկան եւ Ռափայիններուն հովիտին մէջ տարածուեցան։
10. Եւ Դաւիթ Աստուծոյ հարցուց ու ըսաւ. «Փղշտացիներուն դէմ ելլե՞մ, զանոնք իմ ձեռքս պիտի մատնե՞ս»։ Տէրը անոր ըսաւ. «Ելի՛ր, զանոնք քու ձեռքդ պիտի մատնեմ»։
11. Անոնք Բաաղփասար ելան։ Դաւիթ զանոնք հոն զարկաւ ու ըսաւ. «Աստուած իմ թշնամիներս իմ ձեռքովս պատռեց, ինչպէս ջուրերը թումբերը կը պատռեն»։ Անոր համար այն տեղին անունը Բաաղփարասին կոչեց։
12. Փղշտացիները հոն թողուցին իրենց աստուածները։ Դաւիթ հրամայեց որ զանոնք կրակով այրեն։
25. Կը կարծէր թէ իր եղբայրները պիտի իմանային թէ Աստուած իր ձեռքով իրենց ազատութիւն պիտի տար. բայց անոնք չիմացան։
26. Հետեւեալ օրը երկու Իսրայէլացիներու դէմ ելաւ, որոնք կը կռուէին։ Խաղաղութիւն հաստատել ուզելով՝ ըսաւ. «Մարդի՛կ, դուք եղբայրներ էք, ինչո՞ւ մէկզմէկ կը զրկէք»։
27. Բայց ան որ ընկերը կը զրկէր, մէկդի քշեց զանիկա ու ըսաւ. «Ո՞վ քեզ մեր վրայ իշխան ու դատաւոր դրաւ.
28. Զի՞ս ալ սպաննել կ’ուզես, ինչպէս երէկ Եգիպտացին սպաննեցիր»։
29. Մովսէս այս խօսքին վրայ փախաւ ու Մադիամի երկրին մէջ պանդուխտ եղաւ, ուր երկու որդի ծնաւ։
30. Քառասուն տարի անցնելէն յետոյ Սինա լերանը անապատին մէջ Տէրոջը հրեշտակը երեւցաւ անոր մորենիի կրակի բոցով։
31. Մովսէսն ալ երբ տեսաւ, զարմացաւ այն տեսիլքին վրայ ու երբ մօտեցաւ զննելու, Տէրոջը ձայնը եկաւ անոր, որ կ’ըսէր.
32. «Ես եմ քու հայրերուդ Աստուածը, Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին Աստուածը»։ Մովսէսն ալ վախէն դողալով՝ չէր համարձակեր նայիլ։
33. Եւ Տէրը ըսաւ անոր. «Ոտքերուդ կօշիկները հանէ՛, վասն զի այդ տեղը, ուր դուն կայներ ես՝ սուրբ երկիր է։
34. Յիրաւի Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ ու լսեցի անոնց հառաչանքը եւ իջայ զանոնք ազատելու. եւ հիմա եկո՛ւր քեզ Եգիպտոս ղրկեմ»։
35. Այն Մովսէսը որ մերժեցին ու կ’ըսէին. ‘Ո՞վ քեզ իշխան ու դատաւոր դրաւ՝, Աստուած զանիկա իշխան եւ փրկիչ ղրկեց այն հրեշտակին ձեռքով, որ մորենիին մէջ անոր երեւցաւ։
36. Անիկա հանեց զանոնք, հրաշքներ ու նշաններ ընելով Եգիպտոսի երկրին ու Կարմիր ծովուն մէջ եւ անապատին մէջ քառասուն տարի։
37. Այս Մովսէսն է, որ ըսաւ Իսրայէլի որդիներուն. ‘Ձեր Տէր Աստուածը ձեր եղբայրներէն ինծի պէս մարգարէ մը պիտի հանէ ձեզի, անոր մտիկ ըրէք’։
38. Ասիկա ան է որ անապատի ժողովին մէջ էր՝ Սինա լերան վրայ իրեն խօսող հրեշտակին ու մեր հայրերուն հետ, որ կենդանի պատգամներ առաւ մեզի տալու.
39. Որուն մեր հայրերը չուզեցին հնազանդիլ, հապա մերժեցին եւ իրենց սրտերովը Եգիպտոս դարձան
40. Եւ ըսին Ահարոնին. ‘Մեզի աստուածներ շինէ, որպէս զի մեր առջեւէն երթան. քանզի այն Մովսէսը, որ մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեց, չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ’։
41. Այն օրերը հորթ մը շինեցին ու անոր զոհ մատուցանեցին եւ իրենց ձեռքերուն գործերովը կը զուարճանային։
42. Աստուած ալ երես դարձուց ու թողուց զանոնք որ երկնքի աստղերը պաշտեն. ինչպէս գրուած է մարգարէներուն գրքին մէջ. ‘Միթէ անապատին մէջ քառասուն տարի զոհեր ու պատարա՞գ մատուցանեցիք ինծի, ո՛վ Իսրայէլի տուն։
43. Մողոքին վրանը առիք ու ձեր Հռեմփա աստուծոյն աստղը, այն պատկերները որոնք շինեցիք անոնց երկրպագութիւն ընելու։ Ես ալ ձեզ Բաբելոնէն անդին պիտի փոխադրեմ’։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981