1. Դաւիթ իրեն համար Դաւիթի քաղաքին մէջ տուներ շինեց ու Աստուծոյ տապանակին համար տեղ մը պատրաստեց եւ անոր համար վրան մը կանգնեցուց։
2. Այն ատեն Դաւիթ ըսաւ. «Աստուծոյ տապանակը վերցնել ուրիշ մէկուն օրինաւոր չէ, բայց միայն Ղեւտացիներուն. քանզի Տէրը զանոնք ընտրեց, որ Աստուծոյ տապանակը վերցնեն ու յաւիտեան անոր ծառայութիւն ընեն»։
3. Դաւիթ բոլոր Իսրայէլը Երուսաղէմի մէջ հաւաքեց, որպէս զի Տէրոջը տապանակը անոր համար պատրաստուած տեղը հանէ։
4. Դաւիթ Ահարոնին որդիներն ու Ղեւտացիները հաւաքեց.
11. Դաւիթ՝ Սադովկ ու Աբիաթար քահանաները ու Ղեւտացիներէն Ուրիէլը, Ասայիան, Յովէլը, Սեմայիան, Եղիէլն ու Ամինադաբը կանչեց
12. Եւ անոնց ըսաւ. «Դուք Ղեւտացիներու տոհմերուն իշխաններն էք. ուստի դուք ու ձեր եղբայրները սրբուեցէք, որպէս զի Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տապանակը հանէք այն տեղը, որ ես անոր համար պատրաստեր եմ։
13. Վասն զի դուք առաջին անգամին հոն չգտնուելնուդ համար, մեր Տէր Աստուածը մեզ հարուածեց, քանզի զանիկա կանոնաւոր կերպով չկարգադրեցինք»։
14. Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տապանակը հանելու համար քահանաներն ու Ղեւտացիները սրբուեցան։
15. Ղեւտացիներու որդիները Աստուծոյ տապանակը ձողերովը իրենց ուսերուն վրայ վերցուցին, ինչպէս Մովսէս պատուիրեր էր Տէրոջը խօսքին համեմատ։
16. Դաւիթ Ղեւտացիներուն իշխաններուն պատուիրեց, որ իրենց եղբայրներէն՝ նուագարաններով, տաւիղներով, քնարներով ու ծնծղաներով երգողներ կեցնեն, որպէս զի ուրախութեան ձայներ հնչեցնեն։
17. Ուստի Ղեւտացիները Յովէլին որդին Եմանը եւ անոր եղբայրներէն Բարաքիային որդին Ասափը ու անոնց եղբայրներէն Մերարիին որդիներէն Կիսիային որդին Եթանը կեցուցին։
18. Անոնց հետ երկրորդ դասէն, անոնց եղբայրները, դռնապանները, Զաքարիան, Բենը, Յազիէլը, Սեմիրամովթը, Յեքիէլը, Ուննին, Եղիաբը, Բանիան, Մաասիան, Մատաթիան, Եղիփաղէն, Մակենիան, Աբդեդօմն ու Յէիէլը։
19. Արդ՝ երգողներէն Եման, Ասափն ու Եթան պղնձէ ծնծղաներ կը զարնէին։
20. Եւ Զաքարիան, Ազիէլը, Սեմիրամովթը, Յեքիէլը, Ուննին, Եղիաբը, Մաասիան ու Բանիան տաւիղներով Ալամօթի եղանակին վրայ էին։
22. Քոնոնիան Ղեւտացիներուն երգեցողութեան առաջնորդը՝ զանոնք երգելու կը վարժեցնէր, որովհետեւ հանճարեղ էր։
23. Բարաքիան ու Եղկանան տապանակին դռնապաններն էին։
24. Եւ Սաբանիա ու Յովսափատ եւ Նաթանայէլ ու Ամեսայի եւ Զաքարիա ու Բանիա ու Եղիազար քահանաները, Աստուծոյ տապանակին առջեւ փողեր կը հնչեցնէին եւ Աբդեդօմն ու Յէիան տապանակին դռնապաններն էին։
25. Այսպէս Դաւիթ եւ Իսրայէլի ծերերն ու հազարապետները Տէրոջը ուխտին տապանակը Աբդեդօմի տունէն ուրախութեամբ հանելու գացին։
26. Երբ Աստուած Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող Ղեւտացիներուն օգնութիւն ըրաւ, եօթը զուարակ ու եօթը խոյ զոհ ըրին։
27. Դաւիթ բեհեզէ պատմուճան հագեր էր. նոյնպէս ալ տապանակը վերցնող բոլոր Ղեւտացիներն ու երգողներուն իշխանը Քոնոնիան։ Դաւիթին վրայ քթանէ եփուտ կար։
28. Բոլոր Իսրայէլ Տէրոջը ուխտին տապանակը ուրախութեան աղաղակով, շեփորի ձայնով, փողերով ու ծնծղաներով, տաւիղներ ու քնարներ զարնելով վեր կը հանէին։
29. Երբ Տէրոջը ուխտին տապանակը մինչեւ Դաւիթին քաղաքը եկաւ, Սաւուղին աղջիկը Մեղքող պատուհանէն նայեցաւ ու Դաւիթ թագաւորին կաքաւելն ու խաղալը տեսնելով՝ զանիկա իր սրտին մէջ անարգեց։
1. Աստուծոյ տապանակը տարին ու այն վրանին մէջ դրին, որ Դաւիթ անոր համար կանգնեցուցեր էր եւ Աստուծոյ առջեւ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեցին։
2. Դաւիթ երբ ողջակէզներն ու խաղաղութեան զոհերը մատուցանելը լմնցուց, Տէրոջը անունով ժողովուրդը օրհնեց։
3. Ու Իսրայէլի բոլոր մարդոց՝ այր մարդէն մինչեւ կին մարդ՝ ամէն մէկուն մէկ նկանակ հաց, կտոր մը միս ու կարկանդակ մը բաժնեց։
4. Եւ Տէրոջը տապանակին առջեւ Ղեւտացիներէն պաշտօնեաներ դրաւ՝ Իսրայէլի Տէր Աստուածը յիշելու, օրհնելու ու փառաւորելու համար.
5. Գլխաւորը Ասափն էր ու անոր երկրորդը Զաքարիան։ Յէիէլը, Սեմիրամովթը, Յեքիէլը, Մատաթիան, Եղիաբը, Բանիան, Աբդեդօմն ու Յէիէլը տաւիղներ ու քնարներ կը զարնէին. բայց Ասափը ծնծղաներ կը զարնէր։
6. Եւ Բանիա ու Յազիէլ քահանաները Աստուծոյ ուխտի տապանակին առջեւ փողեր կը հնչեցնէին։
7. Նոյն օրը Դաւիթ առաջին անգամ հետեւեալ սաղմոսը տուաւ Ասափին ու անոր եղբայրներուն ձեռքը, որպէս զի Տէրոջը գոհութիւն տան։
8. Գոհացէք Տէրոջմէն, անոր անունը կանչեցէ՛ք, Անոր գործերը ժողովուրդներուն մէջ պատմեցէ՛ք։
9. Երգեցէ՛ք անոր, սաղմոս ըսէ՛ք անոր, Պատմեցէ՛ք անոր բոլոր հրաշքները։
29. Տէրոջը տուէ՛ք իր անուանը փառքը։ Ընծայ առէ՛ք ու անոր առջեւ եկէ՛ք։ Սուրբ հանդէսով Տէրոջը երկրպագութիւն ըրէ՛ք։
30. Ո՛վ բոլոր երկիր, անոր երեսէն վախցէ՛ք. Աշխարհս ալ պիտի հաստատուի Ու պիտի չսասանի։
31. Երկինք թող ուրախանայ ու երկիր ցնծայ։ Ազգերուն մէջ թող ըսեն՝ «Տէրը կը թագաւորէ»։
32. Ծովը իր լիութեամբ թող գոռայ, Դաշտն ու բոլոր անոր մէջ եղողները թող ուրախանան։
33. Այն ատեն անտառին ծառերը Տէրոջը առջեւ թող ցնծան, Քանզի երկրին դատաստան ընելու կու գայ։
34. Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
35. Նաեւ ըսէ՛ք. «Ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը, մեզ փրկէ՛ Ու մեզ հաւաքէ՛ եւ մեզ ազգերէն ազատէ՛, Որպէս զի քու սուրբ անուանդ գոհութիւն մատուցանենք Ու քու օրհնութիւնովդ պարծենանք։
36. Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը, Յաւիտեանս յաւիտենից»։ Ու բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» ըսելով՝ Տէրը օրհնեցին։
37. Հոն Տէրոջը ուխտի տապանակին առջեւ Ասափն ու անոր եղբայրները թողուց, որպէս զի շարունակ ամէն օրուան պաշտօնը կատարեն տապանակին առջեւ։
38. Աբդեդօմն ու անոր վաթսունըութը եղբայրները եւ Իդիթունի որդին Աբդեդօմը եւ Ուսան դռնապաններ դրաւ ։
39. Սադովկ քահանան ու անոր քահանայ եղբայրները Գաբաւոնին բարձր տեղին վրայ Տէրոջը խորանին առջեւ թողուց,
40. Որպէս զի միշտ՝ առտու ու իրիկուն՝ ողջակէզի սեղանին վրայ Տէրոջը ողջակէզներ մատուցանեն ու Տէրոջը Իսրայէլին պատուիրած օրէնքին մէջ ամէն գրուածը գործադրեն ։
41. Անոնց հետ դրաւ Եմանն ու Իդիթունը եւ միւս ընտրուածները, որոնք անունով յիշուեցան, որպէս զի Տէրոջը գոհութիւն մատուցանեն, քանզի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
42. Անոնց, այսինքն Եմանին ու Իդիթունին հետ եղող նուագածուներուն փողեր ու ծնծղաներ տուաւ, նաեւ Աստուծոյ երգերուն նուագարանները ու Իդիթունին որդիները դրանը պահպանութիւն կ’ընէին ։
43. Երբ բոլոր ժողովուրդը գնաց՝ ամէն մէկը իր տունը, Դաւիթ ալ իր տունը օրհնելու դարձաւ։
13. Ծովը պատռեց ու զանոնք անցուց Եւ ջուրերն ալ դէզի պէս կանգնեցուց։
14. Ցորեկը ամպով առաջնորդեց անոնց Եւ բոլոր գիշերը կրակի լոյսով։
15. Վէմերը պատռեց անապատին մէջ Ու խմցուց անոնց ՝ իբր թէ մեծ անդունդէ մը։
16. Առուներ հանեց վէմէն Ու ջուրերը գետերու պէս բղխեցուց։
22. Մարդուն ողորմածութիւնը իր փառքն է Ու աղքատը ստախօսէն աղէկ է։
23. Տէրոջը երկիւղը կեանքի պատճառ է, Եւ զանիկա ունեցողը կուշտ կը պառկի ու ձախորդութեան չի հանդիպիր։
24. Ծոյլը իր ձեռքը ամանին մէջ կը խոթէ Ու զանիկա իր բերանն անգամ չի տանիր։
44. Վկայութեան խորանը անապատին մէջ մեր հայրերուն հետ էր, ինչպէս Մովսէսին հետ խօսողը հրաման ըրաւ, որ տեսած օրինակին պէս շինէ զանիկա.
45. Որ մեր հայրերն ալ յաջորդաբար առնելով՝ Յեսուին հետ բերին զանիկա այն ազգերուն կալուածը, որոնք Աստուած վռնտեց մեր հայրերուն առջեւէն՝ մինչեւ Դաւիթին օրերը,
46. Որ Աստուծոյ առջեւ շնորհք գտաւ եւ ուզեց որ Յակոբին Աստուծոյն բնակարան մը շինէ։
47. Բայց Սողոմոն շինեց տունը։
48. Սակայն Բարձրեալը ձեռքով շինուած տաճարներու մէջ չի բնակիր, ինչպէս մարգարէն կ’ըսէ.
49. ‘Երկինք իմ աթոռս է ու երկիրը իմ ոտքերուս պատուանդանն է. որպիսի՞ տուն պիտի շինէք ինծի’, կ’ըսէ Տէրը, ‘կամ ո՞ւր պիտի ըլլայ իմ հանգստութեանս տեղը.
50. Չէ՞ որ այս ամէնքը իմ ձեռքս շիներ է’։
51. ‘Ով խստապարանոցներ ու սրտով եւ ականջով չթլփատուածներ, դուք ամէն ատեն Սուրբ Հոգիին հակառակ կը կենաք, ինչպէս ձեր հայրերը՝ այնպէս ալ դուք։
52. Մարգարէներէն ո՞րը չհալածեցին ձեր հայրերը ու չսպաննեցին զանոնք, որ նախապէս պատմեցին այն Արդարին գալուն համար, որը դուք հիմա մատնեցիք եւ սպաննեցիք.
53. Դուք որ օրէնքը առիք հրեշտակներուն մատակարարութիւնովը ու չպահեցիք’»։
54. Անոնք այս բաները լսելով՝ սրտերնուն մէջ կը կատղէին եւ ակռանին անոր վրայ կը կրճտէին։
55. Բայց անիկա Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ երկինք նայեցաւ եւ տեսաւ Աստուծոյ փառքը ու Յիսուսն ալ, որ Աստուծոյ աջ կողմը նստեր էր եւ ըսաւ. «Ահա կը տեսնեմ երկինքը բացուած ու Որդին մարդոյ Աստուծոյ աջ կողմը կայնած»։
56. Իսկ անոնք մեծաձայն աղաղակելով՝ ականջնին գոցեցին եւ ամէնքը մէկէն վազեցին անոր վրայ.
57. Ու քաղաքէն դուրս հանելով՝ քարկոծեցին զանիկա եւ վկաները իրենց հանդերձները պահ դրին երիտասարդի մը ոտքերուն քով, որ Սօղոս կ’ըսուէր։
58. Եւ կը քարկոծէին Ստեփանոսը, որ աղօթք կ’ընէր ու կ’ըսէր. «Տէ՛ր Յիսուս, ընդունէ իմ հոգիս»։
59. Ու ծունկի վրայ գալով բարձրաձայն աղաղակեց. «Տէ՛ր, այս մեղքը մի սեպեր ատոնց». այս ըսելով ննջեց։ Սօղոս ալ կամակից էր անոր սպաննուելուն։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981