1. Երբ Դաւիթ իր տանը մէջ բնակեցաւ, Նաթան մարգարէն ըսաւ. «Ահա ես եղեւնափայտէ շինուած տան մէջ կը բնակիմ, բայց Տէրոջը ուխտին տապանակը վրանի տակ է»։
2. Նաթան Դաւիթին ըսաւ. «Բոլոր սրտիդ մէջ եղածը ըրէ, քանզի Աստուած քեզի հետ է»։
3. Բայց գիշերը Աստուծոյ խօսքը Նաթանին եղաւ՝ ըսելով.
4. «Գնա՛ իմ ծառայիս Դաւիթին ըսէ. ‘Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Իմ բնակելու տունս դուն պիտի չշինես.
5. Քանզի Իսրայէլը Եգիպտոսէն հանած օրէս մինչեւ այսօր տան մէջ չբնակեցայ, հապա վրանէ վրան ու խորանէ խորան պտըտեցայ։
6. Բոլոր Իսրայէլին հետ որչափ տեղ որ պտըտեցայ, միթէ բան մը խօսեցա՞յ Իսրայէլին դատաւորներէն մէկուն հետ, որոնց իմ ժողովուրդս հովուելու հրաման տուեր էի ու ըսի՞ թէ՝ ‘Ինչո՞ւ համար ինծի եղեւնափայտէ տուն մը չէք շինէր’։
7. Եւ հիմա, իմ ծառայիս Դաւիթին այսպէս ըսէ. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես քեզ փարախէն, ոչխարներուն ետեւէն առի, որպէս զի իմ Իսրայէլ ժողովորդիս առաջնորդ ըլլաս
8. Եւ ուր որ կ’երթայիր՝ քեզ հետ էի եւ քու առջեւէդ բոլոր թշնամիներդ կոտորեցի ու քու անունդ երկրի վրայ եղող մեծերուն անուանը պէս ըրի։
9. Իմ ժողովուրդիս Իսրայէլին ալ տեղ մը պիտի որոշեմ ու զանիկա պիտի տնկեմ ու իր տեղը պիտի բնակի եւ ա՛լ պիտի չշարժի եւ անիրաւութեան որդիները առաջուան պէս անգամ մըն ալ պիտի չնեղեն զանիկա։
10. Ինչպէս իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ դատաւորներ դրած օրէս ի վեր եղաւ ու քու ամէն թշնամիներդ պիտի նուաճեմ ու քեզի կ’իմացնեմ թէ Տէրը քեզի տուն պիտի շինէ։
11. Ու երբ քու օրերդ լեցուին եւ քու հայրերուդ խառնուիս, քեզմէ ետքը քու սերունդդ, քու որդիներէդ մէկը, պիտի բարձրացնեմ ու անոր թագաւորութիւնը պիտի հաստատեմ։
12. Անիկա ինծի տուն պիտի շինէ ու անոր աթոռը յաւիտեան պիտի հաստատեմ.
13. Ես անոր հայր պիտի ըլլամ ու անիկա ինծի որդի պիտի ըլլայ ու իմ ողորմութիւնս անկէ պիտի չվերցնեմ, ինչպէս քեզմէ առաջ եղողէն վերցուցի։
14. Զանիկա յաւիտեան իմ տանս մէջ ու իմ թագաւորութեանս մէջ պիտի հաստատեմ ու անոր աթոռը յաւիտեան հաստատ պիտի ըլլայ’»։
15. Նաթան այս բոլոր խօսքերն ու այս բոլոր տեսիլքը Դաւիթին յայտնեց։
16. Դաւիթ թագաւորը գնաց՝ Տէրոջը առջեւ նստաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Աստուած, ես ո՞վ եմ ու իմ տունս ի՞նչ է, որ զիս մինչեւ հոս բերիր։
17. Սակայն ասիկա քու աչքերուդ պզտիկ երեւցաւ, ո՛վ Աստուած ու քու ծառայիդ տանը վրայով հեռաւոր ժամանակի համար խօսեցար ու ինծի, ո՛վ Տէր, Աստուած, բարձր աստիճանի մարդու պէս նայեցար
18. Ծառայիդ տրուած փառքին համար՝ Դաւիթ աւելի ի՞նչ կրնայ խօսիլ։ Դուն քու ծառադ կը ճանչնաս։
19. Ո՛վ Տէր, քու ծառայիդ սիրոյն համար ու քու սրտիդ ուզածին պէս այս բոլոր մեծ բաները ըրիր, որպէս զի այս բոլոր մեծ բաները գիտցնես։
20. Ո՛վ Տէր, քեզի պէս ուրիշ մէկը չկայ ու քեզմէ զատ Աստուած չկայ՝ մեր ականջներով բոլոր լսածներնուս համեմատ։
21. Երկրի վրայ ո՞ր ազգը քու ժողովուրդիդ Իսրայէլին պէս է, որուն համար նոյն ինքն Աստուած եկաւ զանիկա փրկելու, իրեն ժողովուրդ ընելու, որ Եգիպտոսէն ազատած ժողովուրդիդ առջեւէն ազգեր վռնտելով՝ քեզի մեծ ու երեւելի անուն ստացար։
22. Եւ քու ժողովուրդդ՝ Իսրայէլը՝ յաւիտեան քեզի ժողովուրդ ըրիր ու դուն, ո՛վ Տէր, անոնց Աստուած եղար։
23. Եւ հիմա, ո՛վ Տէր, քու ծառայիդ ու անոր տանը համար ըսած խօսքդ թող յաւիտեան հաստատուի ու ըսածիդ պէս ըրէ.
24. Թող հաստատուի ու քու անունդ յաւիտեան մեծ ճանչցուի ու ըսեն թէ՝ ‘Զօրութիւններու Տէրը Իսրայէլի Աստուածն է, Աստուած Իսրայէլի’ ու քու ծառայիդ Դաւիթին տունը քու առջեւդ հաստատ մնայ ։
25. Քանզի դուն, ո՛վ Աստուած իմ, քու ծառայիդ յայտնեցիր, որ անոր տուն պիտի շինես, անոր համար քու ծառադ իր սրտին մէջ համարձակութիւն գտաւ քու առջեւդ այս աղօթքը ընելու։
26. Եւ հիմա, ո՛վ Տէր, այն Աստուածը դուն ես ու քու ծառայիդ այս աղէկութիւնը խոստացար։
27. Եւ հիմա կամք ըրէ՝ ՝ քու ծառայիդ տունը օրհնելու, որպէս զի յաւիտեան քու առջեւդ ըլլայ. քանզի դուն օրհնեցիր, ո՛վ Տէր ու յաւիտեան օրհնեալ է»։
1. Անկէ յետոյ Դաւիթ Փղշտացիները զարկաւ ու զանոնք նուաճեց եւ Գէթն ու անոր գիւղերը Փղշտացիներուն ձեռքէն առաւ։
2. Յետոյ Մովաբը զարկաւ ու Մովաբացիները Դաւիթին հարկատու ծառաներ եղան։
3. Եւ Դաւիթ Սուբայի Ադրազար թագաւորը Եմաթի կողմերը զարկաւ, երբ Եփրատ գետին վրայ իր իշխանութիւնը հաստատելու կ’երթար։
4. Եւ Դաւիթ անկէ հազար կառք ու եօթը հազար ձիաւոր ու քսան հազար հետեւակ զօրք բռնեց եւ Դաւիթ բոլոր կառքի ձիերուն ջիղերը կտրեց ու անոնցմէ միայն հարիւր ձի իրեն համար պահեց՝ ՝։
5. Եւ Դամասկոսի Ասորիները Սուբայի թագաւորին Ադրազարին օգնութիւն ընելու եկան ու Դաւիթ Ասորիներէն քսանըերկու հազար մարդ զարկաւ։
6. Եւ Դաւիթ Դամասկոսի Ասորիներուն մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ ու Ասորիները Դաւիթին հարկատու ծառայ եղան։ Դաւիթ ուր որ կ’երթար՝ Տէրը անոր յաջողութիւն կու տար։
8. Եւ Ադրազարի Տեբաթ ու Քուն քաղաքներէն Դաւիթ խիստ շատ պղինձ առաւ. Սողոմոն անկէ շինեց պղնձէ ծովը ու սիւներն ու պղնձէ գործիքները։
9. Ու Եմաթի թագաւորը Թովուն, երբ լսեց թէ Դաւիթ Սուբայի Ադրազար թագաւորին բոլոր զօրքերը ջարդեր է,
10. Իր որդին Ադորամը Դաւիթ թագաւորին ղրկեց, որպէս զի անոր բարեւ ընէ ու զանիկա օրհնէ, Ադրազարի դէմ պատերազմելուն ու զանիկա զարնելուն համար. (քանզի Ադրազար Թովուին հետ պատերազմներ կ’ընէր) ու անոր ամէն տեսակ ոսկիէ, արծաթէ, պղնձէ անօթներ ղրկեց ։
11. Դաւիթ թագաւորը զանոնք ալ Տէրոջը նուիրեց՝ այն արծաթով ու ոսկիով մէկտեղ, որ բոլոր ազգերէն, Եդովմէն, Մովաբէն, Ամմոնի որդիներէն, Փղշտացիներէն ու Ամաղէկէն առեր էր։
12. Եւ Շարուհեային որդին Աբեսսան Աղի ձորին մէջ տասնըութը հազար Եդովմայեցի զարկաւ։
13. Եդովմի մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ ու բոլոր Եդովմայեցիները Դաւիթին ծառայ եղան։ Դաւիթ ուր որ կ’երթար, Տէրը անոր յաջողութիւն կու տար։
14. Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ ու իր բոլոր ժողովուրդին իրաւունք ու արդարութիւն կ’ընէր։
15. Եւ Շարուհեային որդին Յովաբը զօրքերուն վրայ էր ու Աքիղուդին որդին Յովսափատը յիշատակներու դպիր էր
16. Եւ Աքիտովբին որդին Սադովկն ու Աբիաթարին որդին Աբիմելէքը քահանայ էին եւ Սուսան ատենադպիր էր
17. Ու Յովիադային որդին Բանիան Քերեթիներուն ու Փելեթիներուն վրայ էր եւ Դաւիթին որդիները թագաւորին քով նախարարներ էին։
17. Բայց անոնք նորէն մեղանչեցին անոր դէմ Ու անապատին մէջ բարկացուցին Բարձրեալը
18. Եւ իրենց սրտերուն մէջ Աստուած փորձեցին՝ Կերակուր ուզելով իրենց անձերուն համար։
19. Աստուծոյ դէմ խօսեցան ու ըսին. «Միթէ կարո՞ղ է Աստուած Անապատին մէջ սեղան պատրաստել։
20. Ահա վէմին զարկաւ ու ջուրերը բղխեցան Ու առուները վազեցին. Արդեօք հաց ալ կրնա՞յ տալ, Արդեօք միս կը պատրաստէ՞ իր ժողովուրդին համար»։
21. Ուստի՝ երբ Տէրը լսեց՝ բարկացաւ Եւ կրակ մը բորբոքեցաւ Յակոբին դէմ, Նաեւ բարկութիւն՝ Իսրայէլին վրայ.
25. Ծաղրողը ծեծէ, որ միամիտը խելացի ըլլայ։ Եթէ իմաստունը յանդիմանես՝ գիտութիւն պիտի շահի։
26. Իր հայրը կործանողը ու իր մայրը վռնտողը՝ Ամօթ ու նախատինք բերող տղայ մըն է։
1. Այն օրը մեծ հալածանք եղաւ Երուսաղէմի մէջ եղող եկեղեցիին դէմ։ Առաքեալներէն զատ ամէնքն ալ ցիրուցան եղան Հրէաստանի ու Սամարիայի երկիրներուն մէջ։
2. Աստուածավախ մարդիկ Ստեփանոսը վերցուցին ու անոր վրայ մեծ ողբ ըրին։
3. Բայց Սօղոս եկեղեցիին շատ վնաս կու տար, տուները կը մտնէր, այրեր ու կիներ կը քաշէր՝ բանտ դնել կու տար։
4. Սակայն ցիրուցան եղածները կը պտըտէին ու խօսքը կը քարոզէին։
5. Փիլիպպոս ալ Սամարիայի մէկ քաղաքը իջնելով՝ Քրիստոսը կը քարոզէր անոնց։
6. Եւ ժողովուրդը միաբան Փիլիպպոսի ըսածներուն ուշադրութիւն կու տային՝ լսելով ու տեսնելով այն նշանները, որոնք կ’ընէր։
7. Վասն զի շատ դիւահարներէ պիղծ ոգիները մեծաձայն աղաղակելով՝ կ’ելլէին։
8. Եւ շատ անդամալոյծներ ու կաղեր կը բժշկուէին.
9. Մեծ ուրախութիւն եղաւ այն քաղաքին մէջ։ Բայց Սիմոն անունով մարդ մը կար, որ նախապէս այն քաղաքին մէջ մոգութիւն կ’ընէր ու Սամարացիները կ’ապշեցնէր, իրեն համար ըսելով թէ՝ մեծ մէկն է։
10. Ամէնքն ալ, պզտիկէն մինչեւ մեծ անոր ուշադրութիւն կ’ընէին ու կ’ըսէին. «Ասիկա Աստուծոյ մեծ [ըսուած] զօրութիւնն է»։
11. Շատ ժամանակէ ի վեր կախարդութիւններով զանոնք ապշեցնելուն համար՝ իրեն ուշադրութիւն կ’ընէին։
12. Բայց երբ Փիլիպպոսին հաւատացին, որ Աստուծոյ թագաւորութեանը ու Յիսուս Քրիստոսին անունը կը քարոզէր, մկրտուեցան թէ՛ այրեր եւ թէ՛ կիներ։
13. Սիմոն ինքն ալ հաւատաց ու մկրտուելով միշտ Փիլիպպոսի հետ էր եւ տեսնելով այն նշանները ու մեծ զօրութիւնները, որոնք կ’ըլլային՝ կը զարմանար։
14. Երուսաղէմի մէջ եղող առաքեալները երբ լսեցին թէ Սամարացիները Աստուծոյ խօսքը ընդուներ են, Պետրոսն ու Յովհաննէսը անոնց ղրկեցին.
15. Որոնք հոն հասնելով՝ աղօթք ըրին անոնց համար, որպէս զի Սուրբ Հոգին առնեն։
16. (Վասն զի դեռ ո՛եւէ մէկուն վրայ իջած չէր, հապա միայն Տէր Յիսուսին անունովը մկրտուած էին։)
17. Այն ատեն ձեռքերնին դրին անոնց վրայ, որ Սուրբ Հոգին առնեն։
18. Երբ տեսաւ Սիմոն թէ առաքեալներուն անոնց վրայ ձեռք դնելովը Սուրբ Հոգին կը տրուի, անոնց ստակ տուաւ ու ըսաւ.
19. «Ինծի՛ ալ այս իշխանութիւնը տուէք, որպէս զի որո՛ւ վրայ ձեռք դնեմ՝ անիկա Սուրբ Հոգին առնէ»։
20. Պետրոս ըսաւ անոր. «Քու արծաթդ քեզի հետ թող կորսուի, վասն զի Աստուծոյ պարգեւը կարծեցիր թէ ստակո՞վ կ’առնուի։
21. Դուն այդ բանին մէջ մաս ու բաժին չունիս, վասն զի քու սիրտդ Աստուծոյ առջեւ շիտակ չէ։
22. Ուստի այդ չարութենէդ զեղջի եկուր ու Աստուծոյ աղաչէ՛, թերեւս ներուի քեզի քու սրտիդ չար խորհուրդը։
23. Վասն զի ես քեզ մաղձի դառնութեան մէջ եւ անիրաւութեան կապին մէջ կը տեսնեմ»։
24. Սիմոն պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Դո՛ւք ինծի համար աղօթք ըրէք Տէրոջը, որպէս զի այդ ձեր ըսածներէն բան մը իմ վրաս չի գայ»։
25. Անոնք ալ վկայութիւն տալով Տէրոջը խօսքը խօսելէն յետոյ դարձան Երուսաղէմ եւ Սամարացիներու շատ մը գիւղերուն մէջ աւետարանը քարոզեցին։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981