Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունիս 281 քրոնիկները 19:1-191. Եւ անկէ յետոյ Ամմոնի որդիներուն թագաւորը՝ Նաաս՝ մեռաւ ու անոր տեղ անոր որդին թագաւոր եղաւ։2. Եւ Դաւիթ ըսաւ. «Նաասին որդիին Անոնին մարդասիրութիւն ընեմ, քանզի անոր հայրը ինծի մարդասիրութիւն ըրաւ»։ Դաւիթ դեսպաններ ղրկեց, որպէս զի զանիկա իր հօրը համար մխիթարեն։ Դաւիթին ծառաները Ամմոնին որդիներուն երկիրը գացին՝ Անոնը մխիթարելու համար։3. Բայց Ամմոնին որդիներուն իշխանները Անոնին ըսին. «Կը խորհիս թէ Դաւիթ քու հայրդ քու առջեւդ պատուելո՞ւ համար քեզի մխիթարիչներ ղրկեց։ Միթէ իր ծառաները այս երկիրը քննելու, տակնուվրայ ընելու եւ լրտեսելու համար չեկա՞ն քեզի»։4. Անոն Դաւիթին ծառաները բռնեց ու զանոնք ածլեց եւ անոնց հանդերձներուն կէսը՝ մինչեւ նստելու տեղը՝ կտրել տուաւ եւ այդպէս ղրկեց զանոնք։5. Ծառաները գացին ու Դաւիթին պատմեցին այն մարդոց գլխուն եկածը ։ Ան ալ զանոնք դիմաւորելու համար մարդ ղրկեց, քանզի այն մարդիկը շատ անարգուեր էին։ Թագաւորը ըսաւ. «Երիքովի մէջ նստեցէք, մինչեւ որ մորուքնիդ աճի ու ետքը եկէ՛ք»։6. Եւ Ամմոնին որդիները տեսնելով, որ Դաւիթին հետ աւրուեցան, Անոնն ու Ամմոնին որդիները հազար տաղանդ արծաթ ղրկեցին, որպէս զի Միջագետքի Ասորիներէն ու Մաաքայի Ասորիներէն ու Սուբայէն կառքեր ու ձիաւորներ վարձեն։7. Անոնք վարձեցին երեսունըերկու հազար կառք ու Մաաքայի թագաւորը եւ անոր զօրքը, որոնք գացին Մեդաբայի առջեւ բանակեցան. Ամմոնին որդիներն ալ իրենց քաղաքներէն հաւաքուեցան ու պատերազմելու գացին։8. Երբ Դաւիթ աս լսեց, Յովաբն ու բոլոր զօրաւոր զօրքերը ղրկեց։9. Եւ Ամմոնին որդիները ելան ու քաղաքին դրանը առջեւ կարգաւ պատերազմի շարուեցան ու օգնութեան եկող թագաւորները դաշտին մէջ առանձին կեցեր էին։10. Յովաբը երբ տեսաւ որ պատերազմը առջեւէն ու ետեւէն իր վրայ կը հասնի, Իսրայէլի բոլոր ընտիր մարդիկը զատեց ու Ասորիներուն դէմ պատերազմի շարեց11. Եւ մնացած զօրքը իր եղբօրը Աբեսսային յանձնեց։ Անոնք Ամմոնին որդիներուն առջեւ շարուեցան.12. Յովաբ ըսաւ. «Եթէ Ասորիները ինծի յաղթեն, ինծի օգնութեան հասիր ու եթէ Ամմոնին որդիները քեզի յաղթեն, ես քեզի օգնութեան կը հասնիմ։13. Քաջասիրտ եղի՛ր ու մեր ժողովուրդին համար եւ մեր Աստուծոյն քաղաքներուն համար ուժով պատերազմինք։ Եւ Տէրը իր աչքին հաճոյ երեւցածը թող ընէ»։14. Ու Յովաբ իրեն հետ եղող զօրքով Ասորիներուն մօտեցաւ, որպէս զի անոնց դէմ պատերազմի, բայց անոնք անոր առջեւէն փախան։15. Եւ Ամմոնին որդիները՝ Ասորիներուն փախչիլը տեսնելով՝ իրենք ալ անոր եղբօրը Աբեսսային առջեւէն փախան ու քաղաքը մտան։ Այն ատեն Յովաբ Երուսաղէմ եկաւ։16. Երբ Ասորիները տեսան թէ իրենք Իսրայէլի առջեւ կոտորուեցան, դեսպաններ ղրկեցին ու Գետին անդիի կողմը եղող Ասորիները ոտքի հանեցին։ Անոնց առջեւէն Ադրազարին զօրագլուխը՝ Սովբակը կ’երթար ։17. Ու երբ Դաւիթին պատմեցին, անիկա բոլոր Իսրայէլը հաւաքելով՝ Յորդանանէն անցաւ ու անոնց վրայ գնաց եւ անոնց դէմ գունդեր շարեց։ Երբ Դաւիթ Ասորիները պատերազմով դիմաւորելու համար գունդեր շարեց, անոնք անոր հետ պատերազմ ըրին։18. Ասորիները Իսրայէլի առջեւէն փախան։ Դաւիթ Ասորիներէն եօթը հազար կառքի զօրք ու քառասուն հազար հետեւակ զօրք կոտորեց ու Սովբակ զօրագլուխն ալ մեռցուց։19. Եւ Ադրազարին ծառաները, երբ տեսան թէ Իսրայէլի առջեւ յաղթուեցան, Դաւիթին հետ հաշտուեցան ու անոր ծառայ եղան եւ Ասորիները անկէ յետոյ ա՛լ Ամմոնին որդիներուն օգնել չուզեցին։1 քրոնիկները 20:1-81. Հետեւեալ տարին, թագաւորներուն պատերազմի ելլելու ատենը, Յովաբ զօրքերուն բոլոր գունդերը հանեց եւ Ամմոնին որդիներուն երկիրը աւերեց ու գնաց Ռաբբան պաշարեց, բայց Դաւիթ Երուսաղէմ կը նստէր ու Յովաբ Ռաբբան զարկաւ ու զանիկա կործանեց։2. Դաւիթ անոնց թագաւորին թագը անոր գլխուն վրայէն առաւ ու գտաւ որ տաղանդ մը ոսկիի ծանրութիւն ունէր եւ անոր վրայ պատուական քարեր կային ու թագը Դաւիթին գլուխը դրուեցաւ։ Դաւիթ քաղաքէն խիստ շատ աւար առաւ։3. Ու Անոր մէջ եղած ժողովուրդը հանեց ու զանոնք սղոցներով, երկաթէ կամնասայլերով ու տապարներով կոտորեց եւ Դաւիթ Ամմոնին որդիներուն բոլոր քաղաքներուն այսպէս ըրաւ։ Ապա Դաւիթ բոլոր ժողովուրդով Երուսաղէմ դարձաւ։4. Եւ ասկէ յետոյ Գազերի մէջ Փղշտացիներուն հետ պատերազմ եղաւ։ Այն ատեն Ովսացի Սովբաքը Ռափային որդիներէն եղող Սեփիան մեռցուց ու անոնք նուաճուեցան։5. Եւ նորէն Փղշտացիներուն հետ պատերազմ եղաւ ու Յայիրին որդին Ելէանան Գեթացի Գողիաթին եղբայրը Ղէեմը զարկաւ, որուն նիզակին բունը ոստայնանկներու գլանին պէս էր։6. Եւ նորէն Գէթի մէջ պատերազմ եղաւ։ Երկայնահասակ մարդ մը կար, որուն մատները վեց վեց ըլլալով՝ քսանըչորս մատ ունէր. անիկա ալ Ռափային որդիներէն էր։7. Անիկա Իսրայէլը նախատեց. բայց Դաւիթին եղբօրը Սամաային որդին Յովնաթանը զանիկա զարկաւ։8. Ասոնք Գէթի մէջ Ռափայէն ծներ էին եւ Դաւիթին ձեռքով ու անոր ծառաներուն ձեռքով ինկան։Սաղմոսներ 78:26-3326. Երկնքի մէջ արեւելեան հովը հանեց Եւ իր զօրութիւնովը հարաւային հովը բերաւ.27. Անոնց վրայ փոշիի պէս միս տեղացուց։ Ծովու աւազին չափ թեւաւոր թռչուններ28. Անոնց բանակին մէջ եւ Անոնց վրաններուն չորս կողմը իջեցուց։29. Կերան եւ աղէկ կշտացան. Վասն զի իրենց ցանկացածը իրենց տուաւ։30. Իրենց ցանկացածներէն զուրկ չմնացին Եւ քանի որ իրենց կերակուրը իրենց բերանն էր,31. Աստուծոյ բարկութիւնը անոնց վրայ բորբոքեցաւ Ու սպաննեց անոնց զօրաւորները Ու գետինը զարկաւ Իսրայէլի ընտիրները։32. Հակառակ ասոր նորէն մեղանչեցին Ու չհաւատացին անոր հրաշքներուն։33. Ուստի ունայնութեան մէջ սպառեց անոնց օրերը Եւ ահի մէջ՝ անոնց տարիները։Առակներ 19:27-2927. Որդեա՛կ իմ, ե՛տ կեցիր այն խրատին մտիկ ընելէն, Որը քեզ իմաստութեան խօսքերէն կը խոտորցնէ։28. Չար վկան արդարութիւնը ծաղր կ’ընէ Ու ամբարիշտներուն բերանը անիրաւութիւնը կը կլլէ։29. Ծաղրողներուն համար՝ դատապարտութիւններ Եւ անմիտներուն կռնակին համար ծեծեր պատրաստուած են։Գործեր 8:26-4026. Տէրոջը հրեշտակը Փիլիպպոսին խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ելի՛ր ու գնա՛ հարաւային կողմը, այն ճամբան, որ Երուսաղէմէն դէպի Գազա կ’իջնէ, որ անապատ տեղ մըն է»։27. Ան ալ ելաւ գնաց։ Ահա Եթովպիացի ներքինի մը, Եթովպիացիներու Կանդակա թագուհիին մէկ պաշտօնեան, որ անոր բոլոր գանձերուն վրայ էր, որ Երուսաղէմ եկեր էր երկրպագութիւն ընելու28. Անկէ ետ կը դառնար ու իր կառքը նստած Եսայի մարգարէին գիրքը կը կարդար։29. Եւ Հոգին ըսաւ Փիլիպպոսին. «Մօտեցի՛ր եւ այդ կառքին քով գնա՛»։30. Փիլիպպոս ալ վազելով մօտը գնաց ու լսեց որ Եսայի մարգարէին գիրքը կը կարդար։31. Ըսաւ. «Կարդացածդ կը հասկնա՞ս արդեօք»։ Ան ալ ըսաւ. «Ի՞նչպէս կրնամ հասկնալ, եթէ մէկը ինծի չառաջնորդէ» ու աղաչեց Փիլիպպոսին, որ ելլէ իր քով նստի։32. Գրքին մէջ կարդացած տեղը այս էր. «Ոչխարի պէս մորթուելու տարուեցաւ ու իր խուզողին առջեւ մունջ կեցող գառնուկի պէս՝ իր բերանը չբացաւ.33. Իր խոնարհութեան մէջ իր դատաստանը վերցուեցաւ եւ անոր ազգատոհմի մասին ո՞վ պիտի պատմէ. վասն զի անոր կեանքը երկրէն պիտի վերցուի»։34. Ներքինին պատասխան տուաւ Փիլիպպոսին ու ըսաւ. «Կ’աղաչեմ քեզի, մարգարէն որո՞ւն համար կ’ըսէ ասիկա. իրե՞ն համար թէ ուրիշի մը համար»։35. Փիլիպպոս իր բերանը բացաւ եւ գրքին այս խօսքէն սկսելով՝ Յիսուսը քարոզեց անոր։36. Երբ իրենց ճամբան կ’երթային, ջուրի մը քով եկան։ Ներքինին ըսաւ. «Ահա՛ ջուր, ալ ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ»։37. [Եւ Փիլիպպոս ըսաւ անոր. «Եթէ քու բոլոր սրտովդ կը հաւատաս՝ կարելի է»։ Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Կը հաւատամ թէ Յիսուս Քրիստոս Որդի Աստուծոյ է»։]38. Ու հրաման ըրաւ որ կառքը կայնեցնեն։ Երկուքն ալ իջան։ Փիլիպպոս ներքինին մկրտեց։39. Երբ ջուրէն դուրս ելան, Տէրոջը Հոգին յափշտակեց Փիլիպպոսը եւ ա՛լ ներքինին զանիկա չտեսաւ ու իր ճամբան գնաց ուրախութեամբ։40. Բայց Փիլիպպոս Ազովտոսի մէջ գտնուեցաւ, ուր պտըտելով բոլոր քաղաքներուն աւետարան կը քարոզէր, մինչեւ ինք Կեսարիա հասաւ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981