8. Ղադանին որդիները՝ առաջինը Յեքիէլ, ետքը Զեթամ ու Յովէլ՝ երեք էին։
9. Սեմէիին որդիները՝ Սաղօմօթ, Ազիէլ ու Արան՝ երեք էին։ Ասոնք Ղադանին տոհմերուն իշխաններն էին։
10. Սեմէիին որդիները՝ Յեթ, Զիզա, Յեուս ու Բարիա էին։ Ասոնք՝ Սեմէիին որդիները՝ չորս հոգի էին։
11. Առաջինը Յեթ ու երկրորդը Զիզա էր. բայց Յեուս ու Բարիա շատ որդիներ չունենալնուն համար մէկ ազգատոհմ հաշուեցին։
12. Կահաթին որդիները՝ Ամրամ, Իսահառ, Քեբրոն ու Ոզիէլ՝ չորս էին։
13. Ամրամին որդիները Ահարոն ու Մովսէս էին։ Ահարոն ինք ու իր որդիները յաւիտեան որոշուեցան՝ ամենասուրբ բաներուն նուիրումը կատարելու՝ Տէրոջը առջեւ խունկ ծխելու, անոր ծառայութիւն ընելու ու անոր անունը յաւիտեան օրհնելու համար։
14. Աստուծոյ մարդուն Մովսէսին որդիները Ղեւիին ցեղին հետ համրուեցան։
15. Մովսէսին որդիները՝ Գերսամ ու Եղիազար էին։
16. Գերսամին որդիները՝ առաջինը Սուբայէլն էր
17. Ու Եղիազարին որդիները՝ առաջինը Հռաբիան էր ու Եղիազար ուրիշ որդի չունէր. բայց Հռաբիային որդիները խիստ շատցան։
18. Իսահառի որդիները՝ առաջինը Սաղօմօթն էր։
19. Քեբրոնին որդիները՝ առաջինը Յերիան, երկրորդը՝ Ամարիան, երրորդը՝ Յազիէլը, չորրորդը՝ Յեկամամն էր։
20. Ոզիէլին որդիները՝ առաջինը Միքան, երկրորդը՝ Յեսիան էր։
21. Մերարիին որդիները Մոողին ու Մուսին էին. Մոողին որդիները՝ Եղիազարն ու Կիսն էին։
22. Եղիազար մեռաւ։ Անիկա որդի չունէր, հապա միայն աղջիկներ ունէր։ Անոնք իրենց եղբայրները՝ Կիսին որդիները, առին։
23. Մուսիին որդիները՝ Մոողի, Եդեր ու Յերիմովթ՝ երեք էին։
24. Ասոնք Ղեւիին որդիներն էին իրենց ազգատոհմերուն համեմատ ու անունով մէկիկ մէկիկ համրուած քսան տարեկանէն վեր՝ Տէրոջը տանը սպասաւորութիւն կատարողներուն պետերն էին։
25. Քանզի Դաւիթ ըսեր էր. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը իր ժողովուրդը հանգստացուց ու յաւիտեան Երուսաղէմի մէջ պիտի բնակի
26. Ու Ղեւտացիներն ալ խորանն ու անոր պաշտօնին ամէն անօթները՝ այսուհետեւ ա՛լ պիտի չկրեն»։
27. Դաւիթին վերջին խօսքերուն համաձայն՝ Ղեւիին որդիներէն քսան տարեկանէն վեր եղողները համրուեցան,
28. Որովհետեւ անոնց պաշտօնը՝ Տէրոջը տանը ծառայութեանը մէջ Ահարոնին որդիներուն օգնութիւն ընել, գաւիթներու ու սենեակներու վերակացու ըլլալ, բոլոր սուրբ բաները մաքրել ու Աստուծոյ տանը ծառայութիւնը կատարել էր,
29. Նաեւ առաջաւորութեան հացին ու հացի ընծայի նաշիհին եւ անխմոր լաւաշներուն ու տապակին մէջ եփուած ու տապկուած բաներուն ու բոլոր չափերուն վերակացութիւնը ընել
30. Եւ ամէն առտու ու իրիկուն Տէրը օրհնելու ու գովելու համար ոտքի վրայ կենալ
31. Ու շաբաթ օրերը եւ ամսագլուխները ու մեծ տօներու մէջ Տէրոջը բոլոր ողջակէզները, իրենց թիւովը ու իրենց օրէնքովը, միշտ Տէրոջը առջեւ մատուցանել
32. Ու Տէրոջը տանը ծառայութեանը համար վկայութեան խորանին պահպանութիւնը եւ սրբարանին պահպանութիւնը ու իրենց եղբայրներուն՝ Ահարոնին որդիներուն՝ պահպանութիւնը ընելն էր։
1. Ահարոնին որդիներուն դասակարգութիւնները ասոնք են. Ահարոնին որդիները՝ Նադաբը, Աբիուդը, Եղիազարն ու Իթամարն էին։
2. Նադաբ ու Աբիուդ իրենց հօրմէն առաջ մեռան։ Անոնք որդի չունէին։ Եղիազարը ու Իթամարը քահանայ եղան։
3. Դաւիթ ու Եղիազարի որդիներէն Սադովկը ու Իթամարի որդիներէն Աքիմելէքը զանոնք բաժնեցին անոնց համրանքովը անոնց պաշտօնին համար։
4. Եղիազարին որդիներուն մէջ գտնուած իշխանները Իթամարին որդիներուն մէջ գտնուածներէն շատ էին։ Զանոնք այսպէս բաժնեցին։ Եղիազարին որդիներուն համար տասնըվեց իշխան՝ իրենց ազգատոհմերուն համեմատ ու Իթամարին որդիներուն համար ութը իշխան ՝ իրենց ազգատոհմերուն համեմատ։
5. Ասոնք ու անոնք ալ վիճակով բաժնուեցան, քանզի սրբարանին իշխաններն ու Աստուծոյ տանը իշխանները Եղիազարին որդիներէն ու Իթամարին որդիներէն էին։
6. Ղեւտացիներէն՝ Նաթանայէլին որդին Սեմայիա դպիրը, թագաւորին ու իշխաններուն եւ Սադովկ քահանային ու Աբիաթարին որդիին Աքիմելէքին եւ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն նահապետներուն առջեւ մէկ ազգատոհմ Եղիազարէն առնելով ու մէկ ազգատոհմ Իթամարէն առնելով՝ զանոնք գրեց։
7. Առաջին վիճակը Յովարիբին ելաւ, երկրորդը՝ Յեդայիային,
19. Այս է անոնց կարգադրութիւնը իրենց պաշտամունքին համար ու Տէրոջը տունը մտնելու համար՝ իրենց հօրը Ահարոնին միջոցով իրենց տրուած օրէնքին համեմատ՝ ինչպէս Իսրայէլին Տէր Աստուածը անոր պատուիրեր էր։
26. Մերարիին որդիները՝ Մոողին ու Մուսին էին. Յազիային որդին Բենովը,
27. Մերարիին որդիները՝ Յազիայէ Բենովը, Սօհամը, Զաքուրն ու Եբրին էին։
28. Մոողիէն Եղիազարը ծնաւ ու անիկա որդի չունէր։
29. Կիսէն, այսինքն Կիսին որդիներէն՝ Յերամէլն էր։
30. Մուսիին որդիները՝ Մոողին, Եդերն ու Յերիմովթն էին։ Ղեւտացիներուն որդիները իրենց տոհմերուն համեմատ ասոնք էին։
31. Ասոնց համար ալ, իրենց եղբայրներուն Ահարոնին որդիներուն պէս, Դաւիթ թագաւորին ու Սադովկի ու Աքիմելէքի եւ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն տոհմապետներուն առջեւ վիճակ ձգեցին, թէ՛ տոհմապետներուն եւ թէ՛ անոնց պզտիկ եղբայրներուն համար։
1. Դաւիթին ու զօրքին իշխանները՝ Ասափին, Եմանին ու Իդիթունին որդիներէն՝ քնարներով, տաւիղներով ու ծնծղաներով մարգարէութիւն ընողները որոշեցին այս պաշտօնին համար ու իրենց պաշտօնին համեմատ՝ այս ծառայութիւնը ընող մարդոց համրանքը ասիկա էր։
2. Ասափին որդիներէն թագաւորին քով մարգարէութիւն ընող Ասափին ձեռքին տակ Ասափին որդիները՝ Զաքուրը, Յովսէփը, Նաթանիան եւ Ասարէլան էին։
3. Իդիթունէն Իդիթունի որդիները՝ Գոդողիան, Եզրին, Եսային, Սեմէին, Ասաբիան ու Մատաթիա, վեց հոգի էին։ Ասոնք իրենց հօրը՝ Իդիթունին ձեռքին տակն էին, որ քնարով Տէրոջը գոհութիւն ու օրհնութիւն երգելով մարգարէութիւն կ’ընէր։
4. Եմանէն Եմանին որդիները՝ Բոկքիան, Մաթանիան, Ոզիէլը, Սուբայէլը, Յերիմովթը, Անանիան, Անանին, Եղիաթան, Գեթողաթին, Ռօմամթիեզերը, Յեսբակասան, Մեղեթին, Յօդիրն ու Մազիովթն էին։
5. Ասոնք Եմանին որդիներն էին, որ թագաւորին տեսանողն էր՝ Աստուծոյ խօսքերուն մէջ եղջիւրը վերցնելու։ Աստուած Եմանին տասնըչորս տղայ ու երեք աղջիկ տուեր էր։
6. Ասոնք Աստուծոյ տանը պաշտօնին համար ծնծղաներով, տաւիղներով ու քնարներով՝ իրենց հօրը ձեռքին տակ Տէրոջը տանը երգեր կ’երգէին. իսկ Ասափը, Իդիթունն ու Եմանը թագաւորին ձեռքին տակն էին։
7. Անոնց թիւը՝ Տէրոջը երգեր սորված իրենց եղբայրներուն հետ՝ այսինքն բոլոր հանճարեղներուն թիւը երկու հարիւր ութսունըութն էր։
8. Իրենց պաշտօնին համար՝ պզտիկն ու մեծը, վարպետն ու աշակերտը մէկտեղ վիճակ ձգեցին։
9. Առաջին վիճակը՝ Ասափին որդիին Յովսէփին ելաւ. երկրորդը՝ Գոդողիային. ինք ու իր եղբայրներն ու որդիները տասներկու մարդ էին։
10. Երրորդը՝ Զաքուրին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին.
11. Չորրորդը՝ Եզրիին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին։
12. Հինգերորդը՝ Նաթանիային, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին.
13. Վեցերորդը՝ Բոկքիային, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին.
14. Եօթներորդը՝ Յեսարելային, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին.
15. Ութերորդը՝ Եսայիին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին.
16. Իններորդը՝ Մաթանիային, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին.
17. Տասներորդը՝ Սեմէիին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին.
18. Տասնըմէկերորդը՝ Ազարիէլին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին.
19. Տասնըերկրորդը՝ Ասաբիային, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին.
20. Տասնըերեքերորդը՝ Սուբայէլին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին.
21. Տասնըչորրորդը՝ Մատաթիային, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին.
22. Տասնըհինգերորդը՝ Յերիմովթին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին.
23. Տասնըվեցերորդը՝ Անանիային, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին.
24. Տասնըեօթներորդը՝ Յեսբակասային, որ իր որդիներովը եւ եղբայրներովը տասնեկու մարդ էին.
25. Տասնըութերորդը՝ Անանիին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին.
26. Տասնըիններորդը՝ Մեղեդիին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին.
27. Քսաներորդը՝ Եղիաթային, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին.
28. Քսանըմէկերորդը՝ Յօթիրին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին.
29. Քսանըերկրորդը՝ Գեթողաթիին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին.
30. Քսանըերեքերորդը՝ Մազիովթին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին.
40. Քանի՜ անգամ զանիկա սրդողցուցին անապատին մէջ Ու բարկացուցին զանիկա անջուր տեղին մէջ
41. Եւ կրկին ու կրկին Աստուած փորձեցին Ու Իսրայէլի Սուրբը նեղացուցին։
42. Չյիշեցին անոր ձեռքը Ու այն օրը երբ զիրենք թշնամիէն փրկեց
43. Եւ թէ ի՛նչպէս իր նշանները ըրաւ Եգիպտոսի մէջ Ու իր հրաշքները՝ Տայանիսի դաշտին մէջ։
44. Արիւնի դարձուց անոնց գետերը Եւ անոնց առուները, որ չկրնան խմել։
45. Շանաճանճեր ղրկեց անոնց վրայ, որոնք կերան զանոնք։ Գորտեր՝ որոնք ապականեցին զանոնք։
46. Ու անոնց բերքը գրուիճին տուաւ Եւ անոնց վաստակը՝ մարախին.
47. Անոնց որթատունկերը կարկուտով փճացուց Ու անոնց ժանտաթզենիները՝ խոշոր կարկուտով
48. Եւ անոնց անասունները կարկուտին մատնեց Ու անոնց հօտերը՝ կայծակին։
49. Անոնց վրայ ղրկեց սաստիկ բարկութիւն, Սրտմտութիւն ու բարկութիւն ու նեղութիւն։ Չար հրեշտակները ղրկելով
51. Ամէն անդրանիկ սպաննեց Եգիպտոսի մէջ Եւ առջինեկները՝ Քամի վրաններուն մէջ։
52. Իր ժողովուրդը ոչխարներու պէս հանեց։ Զանոնք հօտի պէս վարեց անապատին մէջէն
53. Եւ ապահովութեամբ առաջնորդեց, այնպէս որ չվախցան, Իսկ ծովը ծածկեց անոնց թշնամիները։
54. Ու զանոնք տարաւ իր սուրբ երկիրը՝ Այն լեռը՝ որ իր աջ ձեռքը ստացեր էր։
55. Անոնց առջեւէն ազգեր վռնտեց Եւ ժառանգութիւն բաժնեց անոնց Ու Իսրայէլի ցեղերը անոնց վրաններուն մէջ բնակեցուց։
3. Կռիւէն ետ կենալը մարդուն փառք է, Բայց ամէն յիմար կռուասէր է։
22. Բայց Սօղոս ա՛լ աւելի կը զօրանար եւ Դամասկոսի մէջ բնակող Հրեաները կը պապանձեցնէր, ապացուցանելով թէ՝ Քրիստոսը ասիկա է։
23. Շատ օրեր անցնելէն ետքը՝ Հրեաները խորհուրդ ըրին որ զանիկա սպաննեն։
24. Բայց Սօղոսին յայտնուեցաւ անոնց նենգութիւնը եւ ցորեկ ու գիշեր կը սպասէին, որպէս զի զանիկա սպաննեն։
25. Իսկ աշակերտները գիշերով առին զանիկա ու զամբիւղով մը կախելով՝ պատէն վար իջեցուցին։
26. Երբ Սօղոս Երուսաղէմ դարձաւ, ջանաց աշակերտներուն միանալ, բայց ամէնքն ալ կը վախնային անկէ, չհաւատալով թէ անիկա աշակերտ էր։
27. Բայց Բառնաբաս զանիկա առնելով՝ առաքեալներուն տարաւ ու պատմեց անոնց թէ ի՛նչպէս ճամբուն վրայ Տէրը տեսաւ եւ թէ անոր հետ խօսեցաւ եւ թէ ի՛նչպէս Դամասկոսի մէջ համարձակ քարոզեց Յիսուսին անունը։
28. Երուսաղէմի մէջ անոնց հետ կը մտնէր ու կ’ելլէր Տէր Յիսուսին անունովը համարձակ քարոզելով։
29. Նաեւ Հելլենացիներուն դէմ կը խօսէր եւ վիճաբանութիւն կ’ընէր. անոնք ալ կը փնտռէին զանիկա սպաննել։
30. Իսկ եղբայրները իմանալով՝ զանիկա Կեսարիա իջեցուցին եւ անկէ Տարսոն ղրկեցին։
31. Այն ատեն եկեղեցիները բոլոր Հրէաստանի եւ Գալիլիայի ու Սամարիայի մէջ խաղաղութիւն ունեցան եւ շինութիւն կ’ընդունէին ու Տէրոջը երկիւղովը եւ Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնովը քալելով կ’աճէին։
32. Պետրոս ամէն տեղ կը պտըտէր եւ Լիւդդիա բնակող սուրբերուն քով ալ իջաւ։
33. Հոն մարդ մը գտաւ, որուն անունը Ենիա էր, ութը տարիէ ի վեր մահիճը պառկած անդամալոյծ։
34. Պետրոս ըսաւ անոր. «Ենիա՛, Յիսուս Քրիստոս քեզ կը բժշկէ. ելի՛ր ու քու անկողինդ շտկէ»։ Ան ալ շուտ մը ելաւ։
35. Եւ Լիւդդիայի ու Սարօնի մէջ բնակողներուն ամէնքը զանիկա տեսան ու Տէրոջը դարձան։
36. Յոպպէի մէջ աշակերտ եղած կին մը կար, անունը Տաբիթա. (որ կը թարգմանուի Այծեմնիկ.) ասիկա լեցուած էր բարի գործերով ու ողորմութիւններով որոնք ինք կ’ընէր։
37. Այն օրերը ինք հիւանդացաւ ու մեռաւ։ Լուացին զանիկա եւ վերը սենեակ մը դրին։
38. Ու Լիւդդիա Յոպպէի մօտ էր, ուստի աշակերտները լսելով թէ Պետրոս հոն է, անոր երկու մարդ ղրկեցին, աղաչելով որ չուշանայ եւ իրենց գայ։
39. Պետրոս ալ ելաւ անոնց հետ եկաւ։ Երբ եկաւ, վերի սենեակը հանեցին զանիկա։ Բոլոր որբեւարիները անոր բոլորտիքը կայնեցան, կու լային ու կը ցուցնէին այն բաճկոնները եւ հանդերձները, որոնք Այծեմնիկ կը շինէր, երբ իրենց հետ էր։
40. Պետրոս ալ ամէնքը դուրս հանելով՝ ծունկի վրայ եկաւ ու աղօթք ըրաւ եւ դէպի մարմինը դառնալով՝ ըսաւ. «Տա՛բիթա, ելիր կայնէ»։ Ան ալ իր աչքերը բացաւ ու Պետրոսը տեսնելով՝ ելաւ շիտակ նստեցաւ։
41. Պետրոսն ալ ձեռքը անոր տուաւ ու վերցուց զանիկա եւ սուրբերն ու որբեւարիները կանչելով՝ անոնց առջեւ ողջ կայնեցուց զանիկա։
42. Այս բանը բոլոր Յոպպէի մէջ իմացուեցաւ ու շատեր Տէրոջը հաւատացին։
43. Պետրոս շատ օրեր Յոպպէ կեցաւ Սիմոն անունով կաշի բանողի մը քով։