Աստվածաշունչը մեկ տարում
Հունիս 4

1. Գաղաադի բնակիչ Թեզբացի Եղիան Աքաաբին ըսաւ. «Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որուն առջեւ կը կենամ, կենդանի է, որ այս տարիներուն մէջ ցօղ ու անձրեւ պիտի չգայ առանց իմ խօսքիս»։
2. Տէրոջը խօսքը անոր եղաւ՝ ըսելով.
3. «Ասկէ գնա՛ ու դէպի արեւելք դառնալով՝ Յորդանանի առջեւ եղող Քերիթ հեղեղատին քով պահուէ՛։
4. Դուն այն հեղեղատէն ջուր պիտի խմես ու ագռաւներուն հրամայեր եմ որ հոն քեզ կերակրեն»։
5. Անիկա գնաց ու Տէրոջը ըսածին պէս ըրաւ ու գնաց Յորդանանի առջեւ եղող Քերիթ հեղեղատին քով նստաւ։
6. Ագռաւները առտուն անոր հաց ու միս ու իրիկունն ալ հաց ու միս կը բերէին ու անիկա հեղեղատէն ջուր կը խմէր։
7. Ժամանակ մը ետքը հեղեղատը ցամքեցաւ, վասն զի երկրին վրայ անձրեւ չեկաւ։
8. Տէրոջը խօսքը անոր եղաւ՝ ըսելով.
9. «Ելի՛ր, Սիդոնացիներու Սարեփթան գնա ու հոն նստէ՛։ Ահա հոն որբեւարի կնոջ մը հրամայեր եմ, որ քեզ կերակրէ»։
10. Անիկա ելաւ Սարեփթա գնաց ու քաղաքին դուռը հասնելով՝ տեսաւ որ որբեւարի կին մը փայտ կը հաւաքէր։ Զանիկա կանչեց ու ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, ինծի ամանով քիչ մը ջուր բեր, որպէս զի խմեմ»։
11. Երբ անիկա բերելու գնաց, Եղիա անոր ետեւէն կանչեց ու ըսաւ. «Ձեռքդ պատառ մըն ալ հաց ա՛ռ ու ինծի բե՛ր»։
12. Կինը ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ կենդանի է, որ նկանակ չունիմ, բայց միայն կարասին մէջ մէկ բուռի չափ ալիւր կայ ու կուժին մէջ ալ քիչ մը իւղ կայ։ Ահա երկու կտոր փայտ կը հաւաքեմ, որպէս զի երթամ զանիկա ինծի ու իմ տղուս համար եփեմ եւ ուտենք ու ետքը մեռնինք»։
13. Եղիա անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, գնա՛ ըսածիդ պէս ըրէ. բայց անկէ նախ ինծի համար պզտիկ շօթ մը շինէ՛ ու ինծի բե՛ր եւ քեզի ու քու տղուդ համար ետքը շինէ,
14. Քանզի Իսրայէլին Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Կարասէն ալիւրը պիտի չհատնի ու կուժէն իւղը պիտի չպակսի՝ մինչեւ այն օրը, երբ Տէրը երկրի վրայ անձրեւ տայ’»։
15. Կինը գնաց ու Եղիային ըսածին պէս ըրաւ ու անիկա եւ ինք ու իր ընտանիքը երկար ատեն կերան։
16. Կարասէն ալիւրը չհատաւ ու կուժէն իւղը չպակսեցաւ, Տէրոջը՝ Եղիային միջոցով ըսած խօսքին համեմատ։
17. Այս բաներէն ետքը տանը տիկնոջ տղան հիւանդացաւ։ Անոր հիւանդութիւնը շատ ծանր էր, այնպէս որ անոր վրայ շունչ չմնաց։
18. Կինը Եղիային ըսաւ. «Մա՛րդ Աստուծոյ, ինծի հետ ի՞նչ ունիս. միթէ իմ մեղքս յիշեցնելո՞ւ ու իմ տղաս մեռցնելո՞ւ համար ինծի եկար»։
19. Անիկա ըսաւ. «Տղադ ինծի տուր»։ Զանիկա անոր ծոցէն առաւ եւ իր բնակած վերնատունը հանեց ու զանիկա իր անկողնին մէջ պառկեցուց։
20. Ապա Տէրոջը աղաղակելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Աստուած իմ, իրաւցընէ այս որբեւարի կի՞նն ալ, որուն քով ես պանդխտութեամբ կը բնակիմ, չարչարեցիր՝ անոր տղան մեռցնելով»։
21. Տղուն վրայ երեք անգամ երկննալով ու Տէրոջը աղաղակելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Աստուած իմ, կ’աղաչեմ այս տղուն հոգին իր մարմնին թող դառնայ»։
22. Տէրը Եղիային ձայնը լսեց ու տղուն հոգին իր մարմնին դարձաւ եւ անիկա կենդանացաւ։
23. Եղիան տղան առաւ ու զանիկա վերնատունէն իջեցուց եւ անոր մօրը տուաւ։ Եղիա ըսաւ. «Նայէ՛, տղադ կենդանի է»։
24. Կինը Եղիային ըսաւ. «Հիմա գիտցայ թէ դուն Աստուծոյ մարդն ես ու քու բերնիդ մէջ Տէրոջը խօսքը ճշմարիտ է»։
1. Շատ օրեր անցնելէն ետքը՝ Տէրոջը խօսքը երրորդ տարուան մէջ Եղիային եղաւ՝ ըսելով. «Գնա՛, Աքաաբին երեւցի՛ր ու երկրի վրայ անձրեւ պիտի տամ»։
2. Եղիա Աքաաբին երեւնալու գնաց։ Սամարիայի մէջ սաստիկ սով կար։
3. Աքաաբ իր տանը տնտեսը Աբդիան կանչեց. (Աբդիան Տէրոջմէն շատ կը վախնար
4. Ու երբ Յեզաբէլ Տէրոջը մարգարէները ջարդեց, Աբդիա հարիւր մարգարէ առաւ ու զանոնք, յիսուն յիսուն, քարայրներու մէջ պահեց ու զանոնք հացով ու ջրով կերակրեց։)
5. Եւ Աքաաբ ըսաւ Աբդիային. «Եկո՛ւր, այս երկրին մէջ եղած բոլոր ջուրի աղբիւրներուն ու բոլոր հեղեղատներուն քովերը պտըտինք. կարելի է խոտ գտնենք եւ ձիերն ու ջորիները ապրեցնենք ու բոլոր անասունները չկորսնցնենք»։
6. Անոնք երկիրը իրենց մէջ բաժնեցին պտըտելու համար. Աքաաբ մէկ ճամբայէ մինակ գնաց ու Աբդիա ուրիշ ճամբայէ մինակ գնաց։
7. Երբ Աբդիա ճամբուն մէջ էր, ահա Եղիան անոր դէմ ելաւ։ Աբդիա զանիկա ճանչցածին պէս իր երեսին վրայ ինկաւ ու ըսաւ. «Արդեօք իմ տէրս՝ Եղիան՝ դո՞ւն ես»։
8. Եղիա անոր ըսաւ. «Ես եմ. գնա՛ քու տիրոջդ ըսէ, թէ ‘Ահա Եղիան կու գայ ’»։
9. Անիկա ըսաւ. «Ես ի՞նչ մեղք գործեր եմ, որ դուն քու ծառադ Աքաաբին ձեռքը կը մատնես, որպէս զի զիս մեռցնէ։
10. Քու Տէր Աստուածդ կենդանի է, որ ազգ մը կամ թագաւորութիւն մը չմնաց, ուր իմ տէրս քեզ փնտռելու համար մարդ ղրկած չըլլայ ու երբ ‘Չկայ’ ըսին, այն թագաւորութեան կամ այն ազգին երդում ընել տուաւ՝ որ քեզ գտած չեն։
11. Եւ հիմա դուն կ’ըսես. ‘Գնա՛ քու տիրոջդ ըսէ թէ «Ահա Եղիան կու գայ »’
12. Ու կրնայ ըլլալ, որ քու քովէդ երթալէս ետքը՝ Տէրոջը Հոգին քեզ անծանօթ տեղ մը փոխադրէ ու ես գացած Աքաաբին պատմած ըլլալով, երբ քեզ չգտնէ, զիս պիտի մեռցնէ, թէեւ ես՝ քու ծառադ՝ տղայութենէս ի վեր Տէրոջմէ կը վախնամ։
13. Իմ ըրածս իմ տիրոջս չպատմուեցա՞ւ, թէ երբ Յեզաբէլ Տէրոջը մարգարէները սպաննեց, ես Տէրոջը մարգարէներէն հարիւր մարդ, յիսուն յիսուն, քարայրներու մէջ պահեցի ու զանոնք հացով ու ջրով կերակրեցի։
14. Եւ հիմա դուն կ’ըսես՝ ‘Գնա՛ ու տիրոջդ ըսէ՛, թէ «Ահա Եղիան կու գայ »’ ու անիկա զիս պիտի մեռցնէ»։
15. Ու Եղիա ըսաւ. «Զօրութեան Տէրը, որուն առջեւ կը կենամ, կենդանի է, որ այսօր անոր պիտի երեւնամ»։
16. Աբդիա Աքաաբին առջեւ ելաւ ու անոր պատմեց։ Աքաաբ Եղիան դիմաւորելու գնաց։
17. Աքաաբ Եղիան տեսածին պէս՝ անոր ըսաւ. «Իսրայէլը նեղութեան մէջ ձգողը դո՞ւն ես»։
18. Ու Եղիան ըսաւ. «Իսրայէլը ես չնեղեցի, հապա դուն ու քու հօրդ տունը. քանզի Տէրոջը պատուիրանքները թողուցիք ու Բահաղիմին ետեւէն գացիք։
19. Եւ հիմա մարդ ղրկէ՛ ու բոլոր Իսրայէլը եւ Բահաղի չորս հարիւր յիսուն մարգարէներն ու Յեզաբէլին սեղանէն ուտող Աստարովթի չորս հարիւր մարգարէները Կարմեղոս լերան վրայ իմ քովս հաւաքէ՛»։
20. Աքաաբ բոլոր Իսրայէլի որդիներուն մարդ ղրկեց ու մարգարէները Կարմեղոս լեռը հաւաքեց։
21. Եղիա բոլոր ժողովուրդին մօտեցաւ ու ըսաւ. «Դուք մինչեւ ե՞րբ երկու մտքի վրայ պիտի կաղաք. եթէ Եհովա Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք, իսկ եթէ Բահաղ Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք»։ Ժողովուրդը բնաւ պատասխան մը չտուաւ անոր։
22. Ու Եղիա ժողովուրդին ըսաւ. «Միայն ե՛ս մնացի Տէրոջը մարգարէ, իսկ Բահաղին մարգարէները չորս հարիւր յիսուն մարդիկ են։
23. Ուրեմն մեզի երկու զուարակ թող տրուի։ Զուարակին մէկը անոնք իրենց համար ընտրեն ու կտոր կտոր ընեն եւ զանիկա փայտերու վրայ դնեն, բայց կրակ չդնեն։ Միւս զուարակը ես պատրաստեմ ու զանիկա փայտերու վրայ դնեմ, բայց կրակ չդնեմ։
24. Դուք ձեր Աստուծոյն անունը կանչեցէք, ես ալ Եհովային անունը կանչեմ։ Այն Աստուածը, որ կրակով պատասխան տայ, ա՛ն է Աստուածը»։ Բոլոր ժողովուրդը պատասխան տուին ու ըսին. «Այս խօսքը բարի է»։
25. Եղիա Բահաղին մարգարէներուն ըսաւ. «Ձեզի զուարակներէն մէկը ընտրեցէք ու առաջ դուք ըրէք, վասն զի դուք շատուոր էք ու ձեր աստուծոյն անունը կանչեցէք, բայց կրակ մի՛ դնէք »։
26. Անոնք իրենց տրուած զուարակը առին ու պատրաստեցին եւ առաւօտէն մինչեւ կեսօր Բահաղին անունը կանչեցին ու ըսին. «Ո՛վ Բահաղ, մեզի պատասխան տուր». բայց ձայն չկար։ Պատասխան տուող չկար։ Անոնք իրենց շինած սեղանին քով կը ցատկռտէին։
27. Երբ կեսօր եղաւ, Եղիա զանոնք ծաղր ընելով ըսաւ. «Բա՛րձր ձայնով կանչեցէք, քանզի անիկա աստուած է. թերեւս խօսակցութիւն մը ունի կամ զբաղած է, կամ ճամբորդութիւն կ’ընէ, կամ թերեւս քնացած է ու պէտք է որ արթննայ»։
28. Անոնք բարձր ձայնով կը պոռային ու իրենց սովորութեանը պէս դանակներով ու գեղարդներով իրենց մարմինները կը կտրտէին, մինչեւ որ իրենց վրայէն արիւն սկսաւ վազել։
29. Երբ կէսօրը անցաւ, մինչեւ իրիկուան զոհին ատենը մարգարէութիւն ըրին ու ձայն չկար ու պատասխան տուող չկար ու մտիկ ընող չկար։
30. Այն ատեն Եղիա բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Ինծի մօտեցէ՛ք»։ Բոլոր ժողովուդը անոր մօտեցաւ։ Անիկա Տէրոջը փլած սեղանը նորոգեց։
31. Եղիա տասներկու քար առաւ Յակոբի որդիներուն ցեղերուն թիւովը, որուն՝ Տէրոջը խօսքը եղաւ՝ ըսելով. «Քու անունդ Իսրայէլ ըլլայ»։
32. Այն քարերով Տէրոջը անուանը սեղան շինեց ու սեղանին բոլորտիքը փոս մը փորեց, որ երկու գրիւի չափ հունտ կ’առնէր։
33. Փայտերը շարեց ու զուարակը կտոր կտոր ըրաւ եւ փայտերուն վրայ դրաւ
34. Ու ըսաւ. «Չորս սափոր լեցուն ջուր բերէք եւ ողջակէզին վրայ ու փայտերուն վրայ թափեցէք»։ Ու ըսաւ. «Երկրորդ անգամ այնպէս ըրէք» ու երկրորդ անգամ այնպէս ըրին ու ըսաւ. «Երրորդ անգամ այնպէս ըրէք» ու երրորդ անգամ այնպէս ըրին։
35. Եւ ջուրը սեղանին բոլորտիքը քալեց ու փոսն ալ ջուրով լեցուեցաւ։
36. Եւ իրիկուան զոհ մատուցանելու ատենը Եղիա մարգարէն մօտեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Եհովա Աստուած Աբրահամի, Իսահակի եւ Իսրայէլի, այսօր թող գիտցուի թէ Իսրայէլի մէջ դո՛ւն ես Աստուած ու ես քու ծառադ եմ եւ այս բոլոր բաները քու խօսքովդ ըրի։
37. Ինծի պատասխան տուր, ո՛վ Տէր, ինծի պատասխան տուր ու այս ժողովուրդը թող գիտնայ թէ դո՛ւն ես Աստուած, ո՛վ Տէր եւ թէ անոնց սիրտը ետ դարձնողը դո՛ւն ես»։
38. Այն ատեն Տէրոջմէ կրակ իջաւ եւ ողջակէզն ու փայտերը եւ քարերն ու հողը այրեց ու փոսին մէջի ջուրն ալ լափեց։
39. Բոլոր ժողովուրդը այս բանը տեսնելով՝ երեսի վրայ ինկան ու ըսին. «Եհովան է Աստուած, Եհովան է Աստուած»։
40. Ու Եղիա անոնց ըսաւ. «Բահաղին մարգարէները բռնեցէք ու անոնցմէ մարդ մը թող չազատի»։ Զանոնք բռնեցին եւ Եղիա զանոնք Կիսոն հեղեղատը իջեցուց եւ հոն զանոնք մեռցուց։
41. Եղիա Աքաաբին ըսաւ. «Վե՛ր ելիր, կեր ու խմէ՛, վասն զի անձրեւի ոտնաձայն՝ ՝ կայ»։
42. Աքաաբ ուտելու ու խմելու ելաւ։ Եղիա Կարմեղոս լեռը ելաւ ու գետինը ծռեցաւ ու երեսը ծունկերուն մէջ դրաւ
43. Եւ իր մանչուն ըսաւ. «Հիմա ե՛լ ու ծովուն կողմը նայէ»։ Անիկա ելաւ նայեցաւ ու ըսաւ. «Բան մը չկայ»։ Եղիա եօթը անգամ՝ «Նորէն գնա՛», ըսաւ։
44. Ու եօթներորդ անգամին մանչը ըսաւ. «Ահա ծովէն մարդու թաթի չափ պզտիկ ամպ մը կ’ելլէ»։ Եղիան ըսաւ. «Ելի՛ր, Աքաաբին ըսէ՛՝ ‘Կառքդ լծէ՛ ու իջի՛ր, որպէս զի անձրեւի չբռնուիս’»։
45. Մինչեւ ասդին անդին դառնալը երկինք ամպերով սեւցաւ եւ հով կար ու սաստիկ անձրեւ եկաւ։ Աքաաբ հեծաւ, Յեզրայէլ գնաց։
46. Տէրոջը ձեռքը Եղիային հետ եղաւ ու անիկա իր մէջքը պնդեց ու մինչեւ Յեզրայէլին մուտքը Աքաաբին առջեւէն վազեց։
29. Բայց ես աղքատ ու վշտացած եմ. Ո՛վ Աստուած, քու փրկութիւնդ թո՛ղ զիս պաշտպանէ։
30. Աստուծոյ անունը պիտի գովեմ երգով Ու պիտի բարձրացնեմ զանիկա գոհութիւնով։
31. Ասիկա եղջերաւոր ու կճղակաւոր եզէն ու զուարակէն Աւելի՛ ընդունելի պիտի ըլլայ Տէրոջը։
32. Հեզերը պիտի տեսնեն եւ ուրախանան. Ո՛վ Աստուած փնտռողներ, ձեր սիրտն ալ պիտի ապրի,
33. Վասն զի Տէրը տնանկներուն կը լսէ Ու իր կապուածները չանարգեր
34. Թող գովեն զանիկա երկինք ու երկիր, Ծովն ու բոլոր անոր մէջ շարժողները։
35. Վասն զի Աստուած Սիօնը պիտի փրկէ Ու Յուդայի քաղաքները պիտի շինէ Եւ հոն պիտի բնակին ու ժառանգեն զանիկա։
36. Իր ծառաներուն սերունդը պիտի ժառանգէ զանիկա Ու իր անունը սիրողները անոր մէջ պիտի բնակին։
27. Իր խօսքերը զսպողը իմաստուն է Ու երկայնամիտ մարդը հանճարեղ է։
28. Յիմարը անգամ՝ եթէ լուռ կենայ՝ իմաստուն Ու իր շրթունքները գոցողը հանճարեղ կը սեպուի։
21. Յիսուս երբ ասիկա ըսաւ, իր հոգիին մէջ խռովեցաւ եւ վկայեց՝ ըսելով. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ ձեզմէ մէկը զիս պիտի մատնէ»։
22. Ուստի աշակերտները տարակուսած իրարու կը նայէին թէ որո՞ւ համար կ’ըսէ։
23. Աշակերտներէն մէկը կար Յիսուսին քով նստած, զոր Յիսուս կը սիրէր։
24. Սիմոն Պետրոս անոր աչք կ’ընէր հարցնելու թէ ո՞վ պիտի ըլլայ անիկա՝ որուն համար կ’ըսէ։
25. Ան ալ Յիսուսին կուրծքին վրայ իյնալով՝ ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ո՞վ է ան»։
26. Յիսուս պատասխան տուաւ. «Անիկա է՝ որուն այս պատառը թրջելով կու տամ»։ Եւ թրջելով պատառը՝ Իսկարիովտացի Սիմոնեան Յուդային տուաւ
27. Պատառէն ետքը Սատանան անոր ներսը մտաւ։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինչ որ պիտի ընես՝ շուտով ըրէ»։
28. Բայց այս բանը սեղան նստողներէն մէ՛կը չհասկցաւ, թէ ինչո՞ւ համար ըսաւ անոր։
29. Վասն զի ոմանք կը խորհէին թէ՝ որովհետեւ գանձանակը Յուդան կը պահէր, Յիսուս անոր կ’ըսէր. «Ծախո՛ւ առ ինչ որ մեզի այս տօնին պէտք է, կամ՝ որպէս զի աղքատներուն բան մը տայ»։
30. Անիկա ալ պատառը առածին պէս շուտ մը դուրս ելաւ ու գիշեր էր։
31. Երբ անիկա դուրս ելաւ, Յիսուս ըսաւ. «Հիմա փառաւորուեցաւ Որդին մարդոյ ու Աստուած փառաւորուեցաւ անով.
32. Եթէ Աստուած անով փառաւորուեցաւ, Աստուած ալ զանիկա իր անձովը պիտի փառաւորէ եւ շուտով պիտի փառաւորէ զանիկա։
33. Ո՛րդեակներ, քիչ մը ատեն ալ ձեզի հետ եմ, զիս պիտի փնտռէք եւ ինչպէս Հրեաներուն ըսի թէ՝ ‘Ես ուր որ կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ’, հիմա ձեզի ալ կ’ըսեմ.
34. ‘Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք’։
35. Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։
36. Սիմոն Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ո՞ւր կ’երթաս»։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոր. «Ուր ես կ’երթամ, դուն հիմա չես կրնար իմ ետեւէս գալ, բայց ետքը պիտի գաս իմ ետեւէս»։
37. Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ինչո՞ւ հիմա չեմ կրնար քու ետեւէդ գալ. ես իմ կեանքս ալ քեզի համար պիտի դնեմ»։
38. Յիսուս պատասխան տուաւ անոր. «Քու կեա՞նքդ պիտի դնես ինծի համար. ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, Հաւը պիտի չխօսի՝ մինչեւ դուն երեք անգամ զիս ուրանաս»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981