Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունիս 51 Թագավորներ 19:1-211. Աքաաբ Եղիային բոլոր ըրածները ու բոլոր մարգարէները սրով մեռցնելը Յեզաբէլին պատմեց։2. Յեզաբէլ պատգամաւոր մը ղրկեց Եղիային՝ ըսելով. «Աստուածները այսպէս ու ասկէ աւելի ընեն ինծի, եթէ վաղը այս ատեն քու անձդ անոնց մէկուն անձին տեղ չդնեմ»։3. Եղիան այս բանը տեսնելով՝ ՝ ելաւ իր անձին ազատութեանը համար գնաց եւ Յուդայի Բերսաբէէն մտաւ ու իր մանչը հոն ձգեց։4. Ինք անապատին մէջ մէկ օրուան ճամբայ գնաց ու գիհիի մը տակ նստաւ եւ սրտանց մեռնիլ ուզեց ու ըսաւ. «Ալ հերի՛ք է, ո՛վ Տէր, ա՛ռ իմ հոգիս, քանզի ես իմ հայրերէս լաւ չեմ»։5. Գիհիին տակ պառկեցաւ քնացաւ։ Ահա հրեշտակ մը անոր դպաւ ու անոր ըսաւ. «Ելի՛ր կեր»։6. Եղիա նայեցաւ եւ ահա գլխուն քով մոխիրի տակ եփուած շօթ՝ ՝ մը ու մէկ կուժ ջուր կար։ Կերաւ խմեց ու նորէն պառկեցաւ։7. Տէրոջը հրեշտակը դարձաւ երկրորդ անգամ անոր դպաւ ու անոր ըսաւ. «Ելի՛ր կե՛ր, քանզի քու երթալու ճամբադ՝ ՝ երկար է։8. Անիկա ելաւ, կերաւ ու խմեց։ Այն կերակուրին ուժովը քառասուն օր ու քառասուն գիշեր գնաց ու մինչեւ Քորեբ, Աստուծոյ լեռը, հասաւ ։9. Հոն քարայրը մտաւ ու գիշերը հոն մնաց։ Եւ ահա Տէրոջը խօսքը անոր եղաւ՝ ըսելով. «Ո՛վ Եղիա, հոս ի՞նչ բան ունիս»։10. Անիկա ըսաւ. «Զօրքերու Տէր Աստուծոյն համար մեծ նախանձաւորութիւն ունեցայ, քանզի Իսրայէլի որդիները քու ուխտդ թողուցին, քու սեղաններդ փլցուցին ու քու մարգարէներդ սրով մեռցուցին ու միայն ես մնացեր եմ ու իմ անձս ալ կը փնտռեն, որպէս զի զանիկա վերցնեն»։11. Տէրը անոր ըսաւ. «Ելի՛ր ու լեռը Տէրոջը առջեւ կայնէ»։ Ահա Տէրը կ’անցնէր ու Տէրոջը առջեւէն լեռները քակող ու ապառաժները կոտրտող մեծ ու սաստիկ հով մը ելաւ, բայց Տէրը այն հովին մէջ չէր։ Հովին ետեւէն երկրաշարժ եղաւ, բայց Տէրը երկրաշարժին մէջ չէր։12. Երկրաշարժին ետեւէն կրակ եղաւ, բայց Տէրը կրակին մէջ չէր։ Կրակին ետեւէն մեղմ ու բարակ ձայն մը կը լսուէր ։13. Ու Եղիա զանիկա լսածին պէս՝ իր վերարկուովը երեսը ծածկեց ու ելաւ քարայրին բերանը կայնեցաւ։ Ահա անոր ձայն մը եկաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Եղիա, հոս ի՞նչ բան ունիս»։14. Անիկա ըսաւ. «Զօրքերու Տէր Աստուծոյն համար մեծ նախանձաւորութիւն մը ունեցայ, քանզի Իսրայէլի որդիները քու ուխտդ թողուցին, քու սեղաններդ փլցուցին ու քու մարգարէներդ սրով մեռցուցին ու միայն ես մնացեր եմ եւ իմ անձս ալ կը փնտռեն, որպէս զի զանիկա վերցնեն»։15. Տէրը անոր ըսաւ. «Գնա՛, քու ճամբադ դարձիր եւ Դամասկոսի ճամբայէն երթալով՝ Ազայէլը Ասորիներուն վրայ թագաւոր օծէ՛16. Եւ Նամեսսիի որդին Յէուն Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծէ՛ ու Աբէլմաուլայէ եղող Սափատին որդին Եղիսէն քու տեղդ մարգարէ օծէ՛։17. Եւ ով որ Ազայէլի սուրէն ազատի, Յէուն պիտի մեռցնէ զանիկա ու ով որ Յէուին սուրէն ազատի, Եղիսէն պիտի մեռցնէ զանիկա.18. Բայց ես Իսրայէլէն եօթը հազար մարդ պահեցի, այսինքն բոլոր անոնք, որ Բահաղին առջեւ ծունկ կրկնած չեն ու զանիկա բերնով պագած չեն»։19. Անկէ գնաց ու Սափատին որդին Եղիսէն գտաւ, որ արտ կը վարէր՝ իր առջեւ տասներկու զոյգ եզներ ունենալով ։ Ինք տասներկրորդին հետ էր։ Եղիա անոր քովէն անցնելով՝ իր վերարկուն անոր վրայ ձգեց։20. Այն ատեն Եղիսէ եզները թողուց ու Եղիային ետեւէն վազեց ու ըսաւ. «Հրաման տուր, որ երթամ հայրս ու մայրս համբուրեմ ու քու ետեւէդ գամ»։ Եղիա անոր ըսաւ. «Գնա՛, ե՛տ դարձիր, քանզի ես քեզի ի՞նչ ըրի»։21. Եղիսէն անոր քովէն դարձաւ ու եզներուն մէկ զոյգը բռնեց մորթեց ու եզներուն գործիքներովը անոնց միսը եփեց եւ ժողովուրդին տուաւ, որ ուտեն եւ ինք Եղիային ետեւէն գնաց ու անոր ծառայութիւն կ’ընէր։1 Թագավորներ 20:1-431. Ասորիներուն Բենադադ թագաւորը իր բոլոր զօրքերը հաւաքեց։ Իրեն հետ երեսունըերկու թագաւոր կար։ Ձիերով ու կառքերով ելաւ Սամարիան պաշարեց եւ անոր հետ պատերազմ ըրաւ։2. Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին դեսպաններ ղրկեց3. Եւ անոր ըսաւ. «Բենադադ այսպէս կ’ըսէ. ‘Քու արծաթդ ու ոսկիդ իմս է ու քու կիներդ ու գեղեցիկ որդիներդ իմս են’»։4. Եւ Իսրայէլի թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, քու ըսածիդ պէս ես ալ քուկդ եմ ու իմ ամէն ունեցածս ալ»։5. Դեսպանները նորէն եկան ու ըսին. «Բենադադ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես քեզի մարդ ղրկեցի ու ըսի որ քու արծաթդ, քու ոսկիդ, քու կիներդ ու քու որդիներդ ինծի տաս.6. Բայց վաղը այս ատեն իմ ծառաներս քեզի պիտի ղրկեմ եւ քու տունդ ու քու ծառաներուդ տուները աղէկ մը աչքէ պիտի անցընէն եւ քու աչքերուդ առջեւ պատուական սեպուած բոլոր բաները ձեռքովնին պիտի առնեն’»։7. Այն ատեն Իսրայէլի թագաւորը երկրին բոլոր ծերերը կանչեց ու ըսաւ. «Հիմա գիտցէ՛ք ու տեսէ՛ք, որ ասիկա չարութիւն կ’ուզէ ընել. վասն զի իմ կիներուս ու որդիներուս ու արծաթիս ու ոսկիիս համար ինծի մարդ ղրկեց ու ես անոր ‘Ոչ’ չըսի»։8. Բոլոր ծերերն ու բոլոր ժողովուրդը անոր ըսին. «Ականջ մի՛ դներ ու յանձնառու մի՛ ըլլար»։9. Ան ալ Բենադադին դեսպաններուն ըսաւ. «Իմ թագաւոր տիրոջս ըսէք. ‘Առաջին անգամին քու ծառայիդ ինչ հրաման որ ղրկեցիր՝ զանիկա պիտի ընեմ, բայց այս անգամուանը չեմ կրնար ընել’»։ Դեսպանները գացին եւ այս պատասխանը տարին Բենադադին։10. Բենադադ մարդ ղրկեց անոր ու ըսաւ. «Աստուածները ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընեն, եթէ Սամարիայի հողը իմ ետեւէս եկող բոլոր զօրքերուս բաւականանայ»։11. Իսրայէլի թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. « Անոր այսպէս ըսէ՛ք. ‘ Իր զէնքը մէջքը կապողը զանիկա մէջքէն հանողի պէս չպարծի’»12. Ու Բենադադ իրեն հետ եկող թագաւորներուն հետ վրաններու մէջ կը խմէր։ Այս խօսքը լսածին պէս իր ծառաներուն ըսաւ. « Պատերազմի շարուեցէ՛ք»։ Քաղաքին դէմ պատերազմի շարուեցան։13. Ահա մարգարէ մը Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին մօտեցաւ ու ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Բոլոր այս մեծ բազմութիւնը տեսա՞ր. ահա ես այսօր զանիկա քու ձեռքդ պիտի տամ, որպէս զի գիտնաս թէ ե՛ս եմ Տէրը’»։14. Աքաաբ ըսաւ. «Որո՞ւն ձեռքով»։ Անիկա ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Գաւառներու իշխաններուն մանչերուն ձեռքով’»։ Եւ ըսաւ. «Պատերազմը ո՞վ սկսի»։ Անիկա ըսաւ. «Դուն»։15. Եւ գաւառներու իշխաններուն մանչերը համրեց ու երկու հարիւր երեսունըերկու հոգի էին։ Անկէ յետոյ բոլոր Իսրայէլի որդիները համրեց ու եօթը հազար հոգի էին։16. Ասոնք կէսօրին ելան. բայց Բենադադ ինք ու անոր օգնական թագաւորները, այն երեսունըերկու թագաւորները, վրաններու մէջ խմելով կը գինովնային։17. Առաջ գաւառներու իշխաններուն մանչերը ելան ու Բենադադ մարդիկ ղրկեց, որոնք անոր պատմեցին թէ Սամարիայէն մարդիկ եկան։18. Անիկա ըսաւ. «Եթէ անոնք խաղաղութեան համար եկան՝ զանոնք ողջ թողուցէք, իսկ եթէ պատերազմելու եկան՝ զանոնք ողջ բռնեցէք։19. Այս գաւառներու իշխաններուն մանչերը ու անոնց ետեւէն գացող զօրքը քաղաքէն դուրս ելան։20. Ամէն մարդ իր դէմ ելլողը զարկաւ ու Ասորիները փախան։ Իսրայէլ զանոնք հալածեց ու Ասորիներու Բենադադ թագաւորը ձիու վրայ հեծած՝ քանի մը ձիաւորներով ազատեցաւ։21. Իսրայէլի թագաւորը ելաւ ու ձիերը եւ կառքերը զարկաւ ու Ասորիները մեծ կոտորածով մը զարկաւ։22. Մարգարէն Իսրայէլի թագաւորին մօտեցաւ ու անոր ըսաւ. «Գնա՛, ուժովցի՛ր ու գիտցի՛ր ու տե՛ս թէ ի՛նչ պիտի ընես, վասն զի եկող տարի Ասորիներու թագաւորը քու վրադ պիտի ելլէ»։23. Ասորիներու թագաւորին ծառաները անոր ըսին. «Անոնց աստուածները լեռներու աստուածներ են, անոր համար մեզի յաղթեցին. բայց եթէ անոնց հետ դաշտի մէջ պատերազմինք, անտարակոյս անոնց կը յաղթենք։24. Ուրեմն այս բանը ըրէ՛. թագաւորներուն իւրաքանչիւրը իր տեղէն հանէ ու անոնց տեղ նախարարներ դիր։25. Եւ դուն քեզմէ կորսուած զօրքին չափ զօրք ու ձիերուն չափ ձիեր ու կառքերուն չափ կառքեր պատրաստէ քեզի։ Եթէ անոնց հետ դաշտի մէջ պատերազմինք, անտարակոյս անոնց կը յաղթենք»։ Անիկա անոնց խօսքին մտիկ ընելով՝ այնպէս ըրաւ։26. Հետեւեալ տարին Բենադադ Ասորիները համրեց ու Ափէկ ելաւ Իսրայէլի հետ պատերազմելու համար։27. Իսրայէլի որդիներն ալ համրուեցան ու պատրաստուելով զանոնք դիմաւորելու գացին։ Իսրայէլի որդիները անոնց դէմ այծերու երկու երամակներու պէս բանակ կազմեցին, բայց Ասորիները երկիրը լեցուցին։28. Աստուծոյ մարդը եկաւ ու Իսրայէլի թագաւորին հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ Ասորիները ըսին թէ «Եհովա լեռներու Աստուած է ու հովիտներու Աստուած չէ», ասոր համար բոլոր այս մեծ բազմութիւնը քու ձեռքդ պիտի մատնեմ, որպէս զի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’»։29. Եւ իրարու դէմ եօթը օր բանակեցան ու եօթներորդ օրը պատերազմը սկսաւ։ Իսրայէլի որդիները մէկ օրուան մէջ Ասորիներէն հարիւր հազար հետեւակ զօրք զարկին30. Ու մնացածները Ափէկ քաղաքը փախան։ Այն մնացած քսանըեօթը հազար մարդոցը վրայ պարիսպը ինկաւ։ Բենադադ փախաւ ու քաղաքին մէջ սենեակէ սենեակ մտաւ։31. Անոր ծառաները իրեն ըսին. «Ահա մենք լսեր ենք, որ Իսրայէլի տանը թագաւորները ողորմած թագաւորներ են. հիմա մէջքերնիս քուրձեր ու գլուխնիս չուաններ դնենք եւ Իսրայէլի թագաւորին առջեւ ելլենք, թերեւս քու անձդ ապրեցնէ»։32. Մէջքերնին քուրձեր ու գլուխնին չուաններ կապեցին եւ Իսրայէլի թագաւորին գացին ու ըսին. «Քու ծառադ Բենադադ կ’ըսէ. ‘Կ’աղաչեմ, թող անձս ապրի’»։ Անիկա ըսաւ. «Տակաւին ո՞ղջ է. անիկա իմ եղբայրս է»։33. Այն մարդիկը ասիկա յաջողութիւն սեպելով, անոր բերնէն այս խօսքը առածնուն պէս՝ շուտով պատասխան տուին. «Քու եղբայրդ Բենադադ հոս է »։ Անիկա ըսաւ. «Գացէ՛ք, զանիկա բերէ՛ք»։ Երբ Բենադադ անոր եկաւ, զանիկա իր կառքին մէջ առաւ։34. Ան ալ անոր ըսաւ. «Այն քաղաքները, որ իմ հայրս քու հօրմէդ առած էր, ետ տամ ու դուն Դամասկոսի մէջ քեզի համար հրապարակներ շինէ, ինչպէս իմ հայրս Սամարիայի մէջ շինած էր»։ Ու անիկա ըսաւ. «Ես ալ այս դաշինքով քեզ կ’արձակեմ»։ Ուստի անոր հետ դաշնակցութիւն ըրաւ ու զանիկա արձակեց։35. Մարգարէներուն որդիներէն մէկը Տէրոջը խօսքովը իր ընկերին ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, զիս զարկ»։ Այն մարդը զանիկա զարնել չուզեց։36. Անիկա ըսաւ անոր. «Տէրոջը խօսքին հնազանդութիւն չընելուդ համար՝ ահա իմ քովէս գացածիդ պէս՝ քեզ առիւծ մը պիտի մեռցնէ»։ Անիկա անոր քովէն գնաց ու առիւծ մը հանդիպեցաւ որ զայն մեռցուց։37. Ետքը մարգարէն ուրիշ մարդ մը գտաւ ու անոր ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, զիս զարկ»։ Այն մարդը զանիկա զարկաւ ու զարնելով վիրաւորեց։38. Այն մարգարէն գնաց ճամբուն վրայ թագաւորին սպասեց ու չճանչցուելու համար աչքերուն վրայ ծածկոց մը՝ ՝ դրաւ։39. Երբ թագաւորը անկէ կ’անցնէր, թագաւորին աղաղակելով՝ ըսաւ. «Քու ծառադ պատերազմի գնաց եւ ահա մարդ մը պատերազմէն դուրս ելլելով՝ ինծի ուրիշ մը բերաւ ու ըսաւ. ‘Այս մարդը պահէ՛։ Եթէ ասիկա կերպով մը կորսուելու ըլլայ, քու անձդ անոր տեղ պիտի ըլլայ, կամ տաղանդ մը արծաթ պիտի վճարես’։40. Ու երբ ծառադ ասդին անդին գործով զբաղեր էի, անիկա կորսուեցաւ»։ Իսրայէլի թագաւորը անոր ըսաւ. «Քու դատաստանդ այդպէս է, ինչպէս դուն քու բերնովդ վճռեցիր»։41. Անիկա շուտով մը ծածկոցը աչքերուն վրայէն հանեց ու Իսրայէլի թագաւորը իմացաւ, որ անիկա մարգարէներէն մէկն է։42. Անիկա ըսաւ անոր. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուն իմ նզոված մարդս քու ձեռքէդ ազատ արձակեցիր, անոր համար քու անձդ անոր անձին տեղ ու քու ժողովուրդդ անոր ժողովուրդին տեղ պիտի ըլլայ’»։43. Իսրայէլի թագաւորը սիրտը կոտրած ու նեղացած՝ իր տունը դարձաւ ու Սամարիա եկաւ։Սաղմոսներ 70:1-51. Ո՛վ Աստուած, զիս փրկելու կամք ըրէ. Ո՛վ Տէր, ինծի օգնելու արտորցիր։2. Թող ամչնան ու խայտառակ ըլլան Իմ անձս փնտռողները։ Ետ դառնան ու ամօթով ըլլան Ինծի չարիք ուզողները։3. Թող ամչնալով ետ դառնան Անոնք որ ինծի «Վա՛շ, վա՛շ» կ’ըսեն։4. Ամէն քեզ փնտռող Քեզմով թող ցնծայ եւ ուրախանայ Եւ քու փրկութիւնդ սիրողները Ամէն ժամանակ թող ըսեն. «Աստուած թո՛ղ մեծնայ»։5. Բայց ես աղքատ ու տնանկ եմ, Ո՛վ Աստուած, շուտով հասի՛ր ինծի։ Իմ օգնականս ու փրկիչս դուն ես, Ո՛վ Տէր, մի՛ ուշանար։Առակներ 18:1-21. Ինքնահաճոյ մարդը իր ցանկութիւնը կը փնտռէ Եւ ամէն խորհուրդի դէմ կը կենայ՝ ՝։2. Յիմարը խոհեմութենէ չախորժիր, Հապա իր սրտին մէջ եղածը յայտնել կ’ուզէ ։Ջոն 14:1-311. «Սրտերնիդ չխռովի. Աստուծոյ հաւատացէք, ինծի ալ հաւատացէք։2. Իմ Հօրս տունը շատ բնակարաններ կան. ապա թէ ոչ՝ ես ձեզի պիտի ըսէի՝ ‘Հիմա կ’երթամ, որ ձեզի տեղ պատրաստեմ’։3. Եւ եթէ երթամ ու ձեզի տեղ պատրաստեմ, նորէն պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէս զի ո՛ւր որ ես եմ՝ դուք ալ հոն ըլլաք։4. Ո՛ւր որ ես կ’երթամ՝ գիտէք ու ճամբան ալ գիտէք»։5. Թովմաս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, չենք գիտեր ո՞ւր կ’երթաս եւ ի՞նչպէս կրնանք ճամբան գիտնալ»։6. Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինծմով։7. Եթէ զիս ճանչնայիք, իմ Հայրս ալ պիտի ճանչնայիք եւ ասկէ յետոյ պիտի ճանչնաք զանիկա ու տեսնէք զանիկա»։8. Փիլիպպոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, Հայրը մեզի ցուցուր ու հերիք է մեզի»։9. Յիսուս ըսաւ անոր. «Այսքան ժամանակ ես ձեզի հետ եմ եւ զիս չճանչցա՞ր, Փիլիպպոս։ Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ եւ դուն ի՞նչպէս կ’ըսես թէ Հայրը մեզի ցուցուր։10. Չե՞ս հաւատար թէ ես Հօրը մէջն եմ ու Հայրը իմ մէջս է։ Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, ո՛չ թէ ինքնիրմէս կը խօսիմ, հապա Հայրը, որ իմ մէջս բնակած է, անիկա կը գործէ այս գործերը։11. Հաւատացէ՛ք ինծի, թէ ես Հօրը մէջն եմ ու Հայրը իմ մէջս է.12. Ապա թէ ոչ՝ գոնէ գործերուն համար ինծի հաւատացէք։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Ան որ ինծի կը հաւատայ, այն գործերը որոնք ես կը գործեմ, ինք ալ պիտի գործէ եւ անոնցմէ աւելի մեծ գործեր պիտի գործէ’։ Վասն զի ես Հօրս քով կ’երթամ։13. Իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք, պիտի կատարեմ զանիկա, որպէս զի Հայրը Որդիովը փառաւորուի։14. Եթէ իմ անունովս բան մը խնդրէք, զանիկա պիտի կատարեմ։15. Եթէ զիս կը սիրէք, իմ պատուիրանքներս պահեցէ՛ք»։16. «Ես ալ Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ մը պիտի տայ ձեզի, որպէս զի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի.17. Ճշմարտութեան Հոգին, որ այս աշխարհը չի կրնար ընդունիլ, վասն զի չի տեսներ զանիկա ու չի ճանչնար զանիկա. բայց դուք կը ճանչնաք զանիկա, վասն զի ձեր քով կը բնակի եւ ձեր մէջ պիտի ըլլայ։18. Ձեզ որբ չեմ թողուր, կու գամ ձեզի։19. Քիչ մը ատենէն ա՛լ աշխարհ զիս պիտի չտեսնէ. բայց դուք պիտի տեսնէք զիս, վասն զի կենդանի եմ եւ դուք կենդանի պիտի ըլլաք։20. Այն օրը պիտի գիտնաք թէ ես իմ Հօրս մէջն եմ եւ դուք իմ մէջս, ես ալ ձեր մէջը։21. Ան որ իմ պատուէրներս կը բռնէ ու կը պահէ զանոնք, անիկա է զիս սիրողը եւ ան որ զիս կը սիրէ՝ իմ Հօրմէս պիտի սիրուի ու ես զանիկա պիտի սիրեմ եւ ինքզինքս անոր պիտի յայտնեմ»։22. Ըսաւ անոր Յուդա (ոչ Իսկարիովտացին), «Տէ՛ր, ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ դուն ինքզինքդ մեզի պիտի յայտնես եւ ո՛չ թէ աշխարհի»։23. Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Եթէ մէկը զիս սիրէ, իմ խօսքս պիտի պահէ ու իմ Հայրս զանիկա պիտի սիրէ եւ անոր պիտի գանք ու անոր քով օթեւան պիտի ընենք։24. Ան որ զիս չի սիրեր, իմ խօսքերս չի պահեր։ Այն խօսքը որ կը լսէք՝ իմս չէ, հապա Հօրս՝ որ զիս ղրկեց։25. Այս բաները ձեզի խօսեցայ, քանի որ ձեր քովն եմ,26. Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին՝ որ Հայրս իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ եւ ինչ որ ձեզի ըսի՝ մտքերնիդ պիտի բերէ։27. Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, ո՛չ թէ ինչպէս աշխարհս կու տայ՝ ես ձեզի կու տամ։ Սրտերնիդ չխռովի ու չվախնայ։28. Լսեցիք որ ես ըսի ձեզի թէ ‘Կ’երթամ ու ձեզի կու գամ’. եթէ զիս սիրէիք՝ պիտի ուրախանայիք, որ ես Հօրը քով կ’երթամ, վասն զի իմ Հայրս ինծմէ մեծ է։29. Եւ հիմա դեռ չեղած ըսի ձեզի, որպէս զի երբ ըլլայ՝ հաւատաք։30. Ա՛լ ձեզի հետ շատ պիտի չխօսիմ, վասն զի այս աշխարհին իշխանը կու գայ եւ իմ վրաս բան մը չունի.31. Միայն թէ աշխարհ գիտնայ որ ես Հայրը կը սիրեմ ու ինչպէս Հայրը ինծի պատուիրեց, այնպէս կ’ընեմ։ Ելէ՛ք, ասկէ երթանք»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981