2. Ոքոզիա Սամարիայի մէջ իր վերնատան վանդակապատէն վար ինկաւ ու հիւանդացաւ ու պատգամաւորներ ղրկեց՝ անոնց ըսելով. «Գացէ՛ք Ակկարոնի Բահաղ-Ճանճիկ աստուծոյն հարցուցէ՛ք, թէ արդեօք այս հիւանդութենէն պիտի առողջանա՞մ»։
3. Տէրոջը հրեշտակը Թեզբացի Եղիային ըսաւ. «Ելի՛ր, Սամարիայի թագաւորին պատգամաւորները դիմաւորելու գնա ու անոնց ըսէ՛. ‘Միթէ Իսրայէլի մէջ Աստուած չկա՞յ, որ դուք Ակկարոնի Բահաղ-Ճանճիկ աստուծոյն հարցնելու կ’երթաք’։
4. Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քու ելած անկողինէդ վար պիտի չիջնես, հապա անշուշտ պիտի մեռնիս’»։ Եղիա գնաց։
5. Պատգամաւորները անոր դարձան ու Ոքողիա անոնց ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար ետ դարձաք»։
6. Անոր ըսին. «Մեր դէմ մարդ մը ելաւ ու մեզի ըսաւ. ‘Գացէ՛ք ձեզ ղրկող թագաւորին դարձէ՛ք ու անոր ըսէք՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Միթէ Իսրայէլի մէջ Աստուած չկա՞յ, որ Ակկարոնի Բահաղ-Ճանճիկ աստուծոյն հարցնելու կը ղրկես։ Անոր համար քու ելած անկողինէդ վար պիտի չիջնես, հապա անշուշտ պիտի մեռնիս»’»։
7. Անիկա ըսաւ անոնց. «Ձեզ դիմաւորող ու այս խօսքերը ձեզի ըսող մարդը ի՞նչպէս մարդ էր»։
8. Ու անոր ըսին. «Անիկա մազոտ մարդ մըն էր ու մէջքը մաշկեղէն գօտի մը կապեր էր»։ Թագաւորը ըսաւ. «Անիկա Թեզբացի Եղիան է»։
9. Ոքոզիա անոր յիսուն մարդով յիսնապետ մը ղրկեց։ Անիկա Եղիային քով գնաց։ Եղիա լերան գլուխը նստած էր։ Յիսնապետը անոր ըսաւ. «Մարդ Աստուծոյ, թագաւորը կը խնդրէ, որ վար իջնես»։
10. Եղիա պատասխան տուաւ ու յիսնապետին ըսաւ. «Եթէ ես Աստուծոյ մարդն եմ, երկնքէն կրակ թող իջնէ եւ քեզ ու քու յիսուն մարդդ ուտէ»։ Երկնքէն կրակ իջաւ եւ զանիկա ու անոր յիսուն մարդը կերաւ։
11. Անոր նորէն յիսուն մարդով ուրիշ յիսնապետ մը ղրկեց։ Անիկա խօսեցաւ ու անոր ըսաւ. «Մարդ Աստուծոյ, թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Շուտով վա՛ր իջիր’»։
12. Եղիա պատասխան տուաւ ու անոնց ըսաւ. «Եթէ ես Աստուծոյ մարդն եմ, երկնքէն կրակ թող իջնէ եւ քեզ ու քու յիսուն մարդդ ուտէ»։ Երկնքէն Աստուծոյ կրակը իջաւ եւ զանիկա ու անոր յիսուն մարդը կերաւ։
13. Նորէն յիսուն մարդով երրորդ յիսնապետ մը ղրկեց ու այն երրորդ յիսնապետը վեր ելաւ ու գնաց Եղիային առջեւ ծունկ կրկնեց եւ անոր աղաչեց ու ըսաւ. «Մարդ Աստուծոյ, թող իմ հոգիս ու այս յիսուն ծառաներուդ հոգիները քու աչքերուդ առջեւ պատուական սեպուին։
14. Ահա երկնքէն կրակ իջաւ ու այն առաջուան երկու յիսնապետները եւ անոնց յիսուն մարդիկը կերաւ. բայց հիմա իմ հոգիս քու աչքիդ առջեւ թող պատուական սեպուի»։
15. Տէրոջը հրեշտակը Եղիային ըսաւ. «Անոր հետ իջի՛ր, անոր երեսէն մի՛ վախնար»։ Եղիա ելաւ անոր հետ թագաւորին իջաւ։
16. Անոր ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ Ակկարոնի Բահաղ-Ճանճիկ աստուծմէն հարցնելու համար պատգամաւորներ ղրկեցիր, իբր թէ Իսրայէլի մէջ Աստուած չկար, որ անոր բան հարցնէիր, անոր համար այդ քու ելած անկողինէդ վար պիտի չիջնես, հապա անշուշտ պիտի մեռնիս’»։
17. Ոքոզիա մեռաւ Տէրոջը խօսքին համեմատ, որ Եղիա ըսեր էր եւ որովհետեւ անիկա որդի չունէր, անոր տեղը Յովրամ թագաւոր եղաւ՝ Յուդայի Յովսափատեան Յովրամ թագաւորին երկրորդ տարին։
18. Ոքոզիային ըրած գործերուն մնացորդ պատմութիւնը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։
1. Երբ Տէրը Եղիան մրրիկով երկինք պիտի վերցնէր, Եղիա ու Եղիսէ Գաղգաղա գացին։
2. Եղիա ըսաւ Եղիսէին. «Դուն հոս նստէ՛, քանզի Տէրը զիս Բեթէլ ղրկեց»։ Եղիսէ ըսաւ. Տէրը կենդանի է ու քու անձդ կենդանի է, որ ես քեզ չեմ թողուր»։ Ու Բեթէլ իջան։
3. Բեթէլի մէջ գտնուող մարգարէներուն որդիները Եղիսէին ելան ու անոր ըսին. «Գիտե՞ս որ այսօր Տէրը քու տէրդ քու գլխէդ պիտի առնէ»։ Անիկա ըսաւ. «Ես ալ գիտեմ, լո՛ւռ կեցէք»։
4. Եղիա անոր ըսաւ. «Ո՛վ Եղիսէ, դուն հոս նստէ՛, քանզի Տէրը զիս Երիքով ղրկեց»։ Անիկա ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու քու անձդ կենդանի է, որ ես քեզ չեմ թողուր»։ Ու Երիքով գացին։
5. Երիքովի մէջ գտնուող մարգարէներուն որդները Եղիսէին մօտեցան ու անոր ըսին. «Գիտե՞ս որ այսօր Տէրը քու տէրդ քու գլխէդ պիտի առնէ»։ Անիկա ըսաւ. «Ես ալ գիտեմ, լո՛ւռ կեցէք»։
6. Եղիա անոր ըսաւ. «Դուն հոս նստէ՛, քանզի Տէրը զիս Յորդանան ղրկեց»։ Անիկա ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու քու անձդ կենդանի է, որ ես քեզ չեմ թողուր»։ Երկուքը գացին։
7. Մարգարէներուն որդիներէն յիսուն մարդ գացին անոր դէմ՝ հեռուն կայնեցան, իսկ իրենք երկուքը Յորդանանի քով կայնեցան։
8. Եղիա իր վերարկուն առաւ ծալլեց եւ ջուրերուն զարկաւ ու մէկ կողմն ու միւս կողմը բաժնուեցան ու երկուքը ցամաքով անցան։
9. Երբ անոնք անցան, Եղիա ըսաւ Եղիսէին. «Խնդրէ՛, ի՞նչ ընեմ քեզի, քանի որ դեռ քեզմէ վերցուած չեմ»։ Եղիսէ ըսաւ. «Քող քու ոգիիդ կրկնապատիկը ունենամ»։
10. Եղիա անոր ըսաւ. «Դժուար բան խնդրեցիր. բայց եթէ քեզմէ վերցուելու ատենս զիս տեսնես՝ խնդրածիդ պէս թող ըլլայ, ապա թէ ոչ՝ թող չըլլայ»։
11. Երբ անոնք խօսելով կ’երթային, ահա հրեղէն կառք մը եւ հրեղէն ձիեր երեւցան ու զանոնք իրարմէ զատեցին ու Եղիա մրրիկով երկինք ելաւ։
12. Եղիսէ տեսաւ ու աղաղակեց. «Հա՛յր իմ, հա՛յր իմ, Իսրայէլին կառքը ու անոր ձիաւորները»։ Ա՛լ չտեսաւ զանիկա։ Իր հանդերձները բռնեց ու զանոնք երկու կտորի պատռեց։
16. Եւ անոր ըսին. «Ահա քու ծառաներուդ հետ յիսուն զօրաւոր մարդիկ կան, թող երթան ու քու տէրդ փնտռեն. կարելի է Տէրոջը Հոգին զանիկա վերցուց ու լերան մը վրայ կամ ձորի մը մէջ ձգեց»։ Անիկա ըսաւ. «Մի՛ ղրկէք»։
17. Բայց անոնք բռնադատեցին զանիկա մինչեւ որ ամչցաւ ու ըսաւ. «Ղրկեցէ՛ք»։ Եւ յիսուն մարդ ղրկեցին, որոնք երեք օր փնտռեցին, բայց զանիկա չգտան
18. Ու անոր դարձան։ Անիկա Երիքով կը նստէր ու անոնց ըսաւ. «Ես ձեզի չըսի՞, թէ ‘Մի՛ երթաք’»։
19. Քաղաքին մարդիկը Եղիսէին ըսին. «Ահա քաղաքիս բնակութիւնը աղէկ է, ինչպէս մեր տէրը կը տեսնէ, բայց ջուրերը գէշ ու երկիրը անպտուղ է»։
20. Անիկա ըսաւ. «Ինծի նոր կուժ մը բերէ՛ք ու մէջը աղ դրէ՛ք»։ Անոնք անոր բերին։
21. Անիկա ջուրերուն աղբիւրը ելաւ ու հոն աղ նետեց ու ըսաւ. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս ջուրերը բժշկեցի, անգամ մըն ալ ասկէ մահ ու անպտղութիւն չըլլայ’»։
22. Այն ջուրերը բժշկուեցան մինչեւ այսօր՝ Եղիսէի ըսած խօսքին համեմատ։
23. Անկէ Բեթէլ ելաւ ու երբ ճամբայէն վեր կ’ելլէր, քաղաքէն պզտիկ տղաքներ ելան եւ զանիկա ծաղր կ’ընէին ու կ’ըսէին. «Ելի՛ր կնտակ, ելի՛ր կնտակ»։
24. Ետին դարձաւ ու զանոնք տեսաւ եւ Տէրոջը անունովը զանոնք անիծեց։ Անտառէն երկու մատակ արջ ելան ու անոնցմէ քառասունըերկու տղայ պատառեցին։
25. Եւ անկէ Կարմեղոս լեռը գնաց, ապա Սամարիա դարձաւ։
7. Բայց ես ճշմարիտը կ’ըսեմ ձեզի. ‘Աղէկ է ձեզի, եթէ ես երթամ. քանզի եթէ ես չերթամ, Մխիթարիչը ձեզի չի գար. բայց եթէ երթամ, զանիկա ձեզի պիտի ղրկեմ’։
8. Եւ ինք երբ գայ, աշխարհը պիտի յանդիմանէ՝ մեղքի համար եւ արդարութեան համար ու դատաստանի համար։
9. Մեղքի համար՝ որ ինծի չեն հաւատար.
10. Արդարութեան համար՝ որ ես իմ Հօրս քով կ’երթամ եւ ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք.
11. Եւ դատաստանի համար՝ որ այս աշխարհին իշխանը դատապարտուած է։
12. Ձեզի տակաւին շատ բաներ ունիմ ըսելու, բայց հիմա չէք կրնար տանիլ։
13. Իսկ երբ ինքը՝ ճշմարտութեան Հոգին՝ գայ, ամէն ճշմարտութեան պիտի առաջնորդէ ձեզ, վասն զի ո՛չ թէ ինքնիրմէ պիտի խօսի, հապա ինչ որ լսէ՝ զայն պիտի խօսի ու գալիքները ձեզի պիտի պատմէ։
14. Անիկա զիս պիտի փառաւորէ, վասն զի իմինէս պիտի առնէ ու ձեզի պատմէ։
15. Այն ամէն բաները, որոնք Հայրը ունի՝ իմս են. անոր համար ձեզի ըսի թէ իմինէս պիտի առնէ ու ձեզի պատմէ»։
16. «Քիչ մը ատենէն ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք եւ դարձեալ քիչ մը ատենէն զիս պիտի տեսնէք, քանզի ես Հօրը կ’երթամ»։
17. Ասոր համար աշակերտներէն ոմանք իրարու կ’ըսէին. «Ի՞նչ է այս որ մեզի կ’ըսէ թէ՝ ‘Քիչ մը ատենէն ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք եւ դարձեալ քիչ մը ատենէն զիս պիտի տեսնէք, քանզի ես Հօրը կ’երթամ’»։
18. Ու կ’ըսէին. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ այն ‘Քիչ մըն ալ’ը՝ որ կ’ըսէ. չենք գիտեր ի՞նչ ըսել կ’ուզէ»։
19. Յիսուս իմանալով որ կ’ուզեն իրեն հարցնել, ըսաւ անոնց. «Ատո՞ր համար իրարու կը հարցնէք, որ ըսի թէ՝ ‘Քիչ մը ատենէն ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք եւ դարձեալ քիչ մը ատենէն զիս պիտի տեսնէք’։
20. Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Դուք պիտի լաք ու ողբաք, բայց աշխարհ պիտի ուրախանայ. դուք պիտի տրտմիք, սակայն ձեր տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխուի’։
21. Կին մը երբ ծնանելու վրայ է՝ տրտմութիւն կ’ունենայ, վասն զի իր ժամը հասած է. բայց երբ տղան ծնանի, ա՛լ նեղութիւնը միտքը չի բերեր ուրախութենէն՝ քանի որ մարդ մը աշխարհ եկաւ։
22. Յիրաւի հիմա դուք տրտմութիւն ունիք. բայց ես ձեզ նորէն պիտի տեսնեմ եւ ձեր սրտերը ուրախ պիտի ըլլան ու ձեր ուրախութիւնը մէ՛կը ձեզմէ պիտի չհանէ։
23. Այն օրը ինծի բան մը պիտի չհարցնէք։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք Հօրմէն, պիտի տայ ձեզի։
24. Մինչեւ հիմա իմ անունովս բա՛ն մը չխնդրեցիք։ Խնդրեցէք ու պիտի առնէք, որպէս զի ձեր ուրախութիւնը լման ըլլայ»։
25. «Այս բաները առակներով խօսեցայ ձեզի. բայց ժամանակ պիտի գայ, որ ա՛լ առակներով պիտի չխօսիմ, հապա յայտնապէս Հօրը վրայով պիտի պատմեմ ձեզի։
26. Այն օրը իմ անունովս պիտի խնդրէք։ Չեմ ըսեր ձեզի թէ ե՛ս ձեզի համար պիտի աղաչեմ Հօրը.
27. Քանզի ինքը՝ Հայրը՝ ձեզ կը սիրէ, վասն զի դուք զիս սիրեցիք եւ հաւատացիք թէ ես Աստուծմէ ելայ։
28. Հօրմէն ելայ ու աշխարհ եկայ. նորէն կը թողում աշխարհը եւ Հօրը կ’երթամ»։
29. Ըսին անոր իր աշակերտները. «Ահա հիմա յայտնապէս կը խօսիս եւ առակ մըն ալ չես ըսեր։
30. Հիմա իմացանք թէ ամէն բան գիտես եւ բա՛ն մըն ալ պէտք չէ որ մէկը քեզի հարցնէ. ասով կը հաւատանք թէ Աստուծմէ եկար»։
31. Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Հիմա կը հաւատա՞ք.
32. Ահա ժամանակ պիտի գայ ու եկած ալ է, որ ցիրուցան պիտի ըլլաք ամէն մէկդ իր տեղը ու զիս մինակ պիտի թողուք. բայց ես մինակ չեմ, վասն զի Հայրը ինծի հետ է։
33. Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի ինծմով խաղաղութիւն ունենաք. աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981