Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունիս 82 Թագավորներ 3:1-271. Աքաաբին որդին՝ Յովրամ՝ Յուդայի Յովսափատ թագաւորին տասնըութերորդ տարին Սամարիայի մէջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ ու տասներկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։2. Անիկա Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ, բայց ո՛չ իր հօրն ու իր մօրը պէս, քանզի անիկա իր հօրը շինած Բահաղին կուռքը վերցուց։3. Բայց Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերուն յարեցաւ, անոնցմէ չզատուեցաւ։4. Մովաբի Մեսա թագաւորը հօտերու տէր ըլլալով՝ Իսրայէլի թագաւորին հարիւր հազար գառ ու հարիւր հազար գեղմնաւոր խոյ կու տար։5. Բայց Աքաաբին մեռնելէն ետքը Մովաբի թագաւորը Իսրայէլի թագաւորին դէմ ապստամբեցաւ։6. Ուստի Յովրամ թագաւորը Սամարիայէն ելաւ ու բոլոր Իսրայէլը համրեց7. Ու գնաց եւ Յուդայի Յովսափատ թագաւորին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Մովաբի թագաւորը ինծի դէմ ապստամբեցաւ. ինծի հետ Մովաբի վրայ պատերազմելու կ’երթա՞ս»։ Անիկա ըսաւ. «Կ’երթամ. ես քեզի պէս եմ, իմ ժողովուրդս քու ժողովուրդիդ պէս ու ձիերս քու ձիերուդ պէս են»։8. Յովրամ ըսաւ. «Ո՞ր ճամբայէն երթանք»։ Ան ալ ըսաւ. «Եդովմի անապատին ճամբայէն»։9. Իսրայէլի թագաւորը, Յուդայի թագաւորն ու Եդովմի թագաւորը գացին ու եօթը օրուայ ճամբայ պտըտեցան։ Անոնց հետ եղող բանակին ու անասուններուն համար ջուր չկար։10. Այն ատեն Իսրայէլի թագաւորը ըսաւ. «Ափսո՜ս, Տէրը այս երեք թագաւորները Մովաբին ձեռքը տալու կանչեր է»։11. Յովսափատ ըսաւ. «Այստեղ Տէրոջը մարգարէ մը չկա՞յ, որպէս զի անոր միջոցով Տէրոջը հարցնենք»։ Իսրայէլի թագաւորին ծառաներէն մէկը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Եղիային ձեռքերուն ջուր լեցնող Սափատեան Եղիսէն հոս է»։12. Յովսափատ ըսաւ. «Անոր քովն է Տէրոջը խօսքը»։ Իսրայէլի թագաւորը եւ Յովսափատ ու Եդովմի թագաւորը անոր իջան։13. Եղիսէ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս. դուն քու հօրդ մարգարէներուն ու քու մօրդ մարգարէներուն գնա»։ Իսրայէլի թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛չ, վասն զի Տէրը այս երեք թագաւորը Մովաբին ձեռքը մատնելու կանչեր է»։14. Եղիսէ ըսաւ. «Զօրքերու Տէրը, որուն առջեւ կը կենամ, կենդանի է որ, եթէ Յուդայի Յովսափատ թագաւորին վրայ համարում չունենայի, բնաւ երեսդ պիտի չնայէի ու քեզ պիտի չտեսնէի։15. Հիմա ինծի նուագածու մը բերէք»։ Երբ նուագածուն նուագարանը կը զարնէր, անոր վրայ Տէրոջը զօրութիւնը եկաւ16. Ու ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս հեղեղատը փոս փոս ըրէք’.17. Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Հով պիտի չտեսնէք ու անձրեւ պիտի չտեսնէք. բայց այս հեղեղատը ջրով պիտի լեցուի եւ պիտի խմէք դուք ու ձեր հօտերն ու ձեր անասունները’։18. Սակայն ասիկա Տէրոջը առջեւ պզտիկ բան մը ըլլալով, Մովաբն ալ ձեր ձեռքը պիտի մատնէ19. Եւ ամէն պարսպապատ քաղաք ու ամէն ընտիր քաղաք պիտի զարնէ եւ բոլոր ազնիւ ծառերը պիտի կոտրտէք ու բոլոր ջուրի աղբիւրները պիտի գոցէք ու բոլոր ընտիր արտերը քարերով պիտի աւրէք»։20. Առաւօտուն զոհ մատուցուած ատենը՝ ահա Եդովմի ճամբայէն ջուրեր եկան ու երկիրը ջրով լեցուեցաւ։21. Երբ Մովաբացիները լսեցին թէ թագաւորներ ելեր են իրենց հետ պատերազմելու, բոլոր գօտի կապելու կարողութիւն ունեցողները հաւաքուեցան ու սահմանագլուխը կեցան։22. Առաւօտուն կանուխ ելան ու արեւուն ճառագայթները ջուրերուն վրայ զարկած ըլլալով՝ Մովաբացիները այն ջուրերը արիւնի պէս կարմիր տեսան23. Ու ըսին. «Ասիկա արիւն է. անտարակոյս թագաւորները իրարու հետ կռուեր են ու մէկզմէկ զարկեր են. հիմա, ո՛վ Մովաբացիներ, աւարը հաւաքենք »։24. Այսպէս անոնք Իսրայէլի բանակը գացին ու Իսրայելացիները ելան Մովաբացիները զարկին, որոնք անոնց երեսէն փախան ու Իսրայելացիները Մովաբացիները զարնելով՝ անոնց երկիրը մտան,25. Քաղաքները կործանեցին ու բոլոր ընտիր արտերուն մէջ ամէն մարդ քար մը նետեց ու զանոնք լեցուցին եւ բոլոր ջուրի աղբիւրները գոցեցին ու բոլոր ազնիւ ծառերը կոտրեցին, այնպէս որ միայն Կիրհարէսէթի քարերը թողուցին։ Պարսատիկ ունեցողները զանիկա պաշարեցին ու զարկին։26. Մովաբի թագաւորը, երբ տեսաւ որ պատերազմը իր վրայ սաստկացաւ, իրեն հետ եօթը հարիւր սուսերամերկ զօրք առաւ, որպէս զի մինչեւ Եդովմի թագաւորին հակառակ կողմը անցնին, բայց չկրցան։27. Ուստի առաւ իր անդրանիկ որդին, որ իր տեղ պիտի թագաւորէր ու զանիկա պարսպին վրայ զոհեց։ Իսրայելացիներուն դէմ մեծ բարկութիւն եղաւ։ Անոր երկրէն ետ քաշուեցան ու իրենց երկիրը դարձան։2 Թագավորներ 4:1-441. Մարգարէներուն որդիներէն մէկուն կինը Եղիսէին աղաղակելով՝ ըսաւ. «Քու ծառադ՝ այրս մեռաւ։ Դուն քու ծառայիդ աստուածավախ ըլլալը գիտես։ Պարտատէրը եկաւ, որպէս զի իմ երկու որդիներս իբր ծառայ իրեն առնէ»։2. Եղիսէ անոր ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ ընեմ. ըսէ ինծի, տունը ի՞նչ ունիս»։ Անիկա ըսաւ. «Քու աղախինդ տանը մէջ աման մը՝ ՝ իւղէն զատ ուրիշ բան մը չունի»։3. Եղիսէ անոր ըսաւ. «Գնա՛, դուրսէն քու բոլոր դրացիներէդ քեզի պարապ ամաններ ուզէ. քիչ մի՛ ուզեր4. Եւ տունդ մտիր ու վրայէդ ու քու որդիներուդ վրայէն դուռը գոցէ եւ քու իւղդ այն բոլոր ամաններուն մէջ պարպէ ու լեցուածը վերցուր»։5. Անիկա անոր քովէն գնաց ու իր վրայէն ու իր որդիներուն վրայէն դուռը գոցեց։ Տղաքը ամանները անոր կը մօտեցնէին ու անիկա կը լեցնէր։6. Երբ այն ամանները լեցուեցան, իր որդիին ըսաւ. «Ինծի ուրիշ աման մօտեցուր»։ Տղան ըսաւ անոր. «Ուրիշ աման չկայ»։ Այն ատեն ա՛լ իւղը չհոսեցաւ։7. Կինը գնաց Աստուծոյ մարդուն պատմեց ու անիկա ըսաւ. «Գնա՛, իւղը ծախէ ու պարտքդ վճարէ՛ եւ աւելցածովը դուն ու քու որդիներդ ապրեցէ՛ք»։8. Օր մը, երբ Եղիսէ Սունամայէն կ’անցնէր, հոն երեւելի կին մը կար, որը ստիպեց որ հաց ուտէ։ Անկէ ետքը երբ անկէ կ’անցնէր, հաց ուտելու համար հոն կ’իջնէր։9. Այն կինը իր էրկանը ըսաւ. «Ահա գիտեմ թէ ասիկա Աստուծոյ մէկ սուրբ մարդն է, որ միշտ մեր քովէն կ’անցնի.10. Հիմա պզտիկ վերնատուն մը շինենք պատին վրայ ու հոն անոր համար անկողին, սեղան, աթոռ ու աշտանակ դնենք, որպէս զի երբ մեզի գայ, հոն իջնէ»։11. Օր մը անիկա հոն եկաւ, վերնատունը մտաւ ու հոն պառկեցաւ12. Եւ իր ծառային Գէեզիին ըսաւ. «Սունամացի կինը կանչէ»։ Կինը եկաւ ու անոր առջեւ կեցաւ։13. Եղիսէ իր ծառային ըսաւ. «Անոր ըսէ՛. ‘Ահա դուն մեզի համար այս բոլոր աշխատանքը քաշեցիր. քեզի ի՞նչ ընեմ. թագաւորին կամ զօրագլուխին ըսելիք մը ունի՞ս’»։ Կինը ըսաւ. «Ես իմ ժողովուրդիս մէջ կը բնակիմ»։14. Ու Եղիսէ ըսաւ. «Անոր ի՞նչ կրնանք ընել »։ Գէեզին ըսաւ. «Իրաւցընէ անիկա զաւակ չունի ու անոր այրը ծերացեր է»։15. Եղիսէ ըսաւ. «Զանիկա կանչէ»։ Կինը եկաւ ու դրանը մէջ կեցաւ։16. Ու Եղիսէ անոր ըսաւ. « Գալ տարի՝ ՝ այս ատեն գիրկդ որդի մը պիտի ունենաս»։ Կինը ըսաւ. «Ո՛չ, ո՛վ տէր իմ, մարդ Աստուծոյ, քու աղախինիդ սուտ մի՛ խօսիր»։17. Բայց կինը յղացաւ ու հետեւեալ տարին նոյն ատենը որդի մը ծնաւ, ինչպէս Եղիսէ անոր ըսեր էր։18. Տղան մեծցաւ։ Օր մը իր հօրը գնաց հնձողներուն քով։19. Իր հօրը ըսաւ. «Գլո՜ւխս, գլո՜ւխս»։ Ան ալ իր ծառային ըսաւ. «Ասիկա իր մօրը տար»։20. Ծառան մանչը վերցուց ու անոր մօրը տարաւ։ Տղան մինչեւ կէսօր մօրը ծունկերուն վրայ նստաւ ու մեռաւ։21. Կինը վեր ելաւ ու զանիկա Աստուծոյ մարդուն անկողնին մէջ պառկեցուց ու դուռը վրայէն գոցեց։22. Ապա իր այրը կանչեց ու ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, ինծի մանչերէն մէկուն հետ էշ մը ղրկէ, որպէս զի շուտով մինչեւ Աստուծոյ մարդուն քով երթամ ու ետ դառնամ»։23. Անիկա ըսաւ. «Ի՞նչ կայ, որ դուն այսօր անոր պիտի երթաս. ամսագլուխ չէ, շաբաթ չէ»։ Կինը ըսաւ. «Ողջութիւն»։24. Այն ատեն էշը պատրաստել տուաւ եւ ծառային ըսաւ. «Քշէ՛ ու մինչեւ որ քեզի չըսեմ, քշելէն ետ մի՛ կենար ինծի համար»։25. Կարմեղոս լեռը երթալով, Աստուծոյ մարդուն քով գնաց։ Երբ Աստուծոյ մարդը զանիկա տեսաւ, իր ծառային Գէեզիին ըսաւ. «Ահա Սունամացի կինը կու գայ ։26. Վազէ՛, դիմաւորէ՛ զանիկա ու անոր ըսէ. ‘Ողջ առո՞ղջ ես, այրդ ողջ առո՞ղջ է, տղան ողջ առո՞ղջ է’»։27. Կինը ըսաւ. «Ողջ առողջ ենք»։ Կինը լեռը Աստուծոյ մարդուն գնաց եւ անոր ոտքերուն փաթթուեցաւ։ Գէեզին մօտեցաւ, որպէս զի զանիկա ետ քաշէ, բայց Աստուծոյ մարդը ըսաւ. «Թո՛ղ տուր զանիկա, քանզի անոր սիրտը ցաւած է. բայց Տէրը ինծմէ պահեց ու ինծի չյայտնեց»։28. Կինը ըսաւ. «Ես իմ տիրոջմէս որդի խնդրեցի՞. ես չըսի՞ թէ ‘Զիս մի խաբե՛ր’»։29. Եղիսէ Գէեզին ըսաւ. «Մէջքդ գօտի կապէ եւ իմ գաւազանս ձեռքդ առ ու գնա՛։ Եթէ մարդու մը հանդիպիս՝ անոր բարեւ մի՛ տար ու եթէ մարդ մը քեզի բարեւ տայ՝ պատասխան մի՛ տար եւ իմ գաւազանս տղուն երեսին վրայ դիր»։30. Իսկ տղուն մայրը ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու քու անձդ կենդանի է, որ քեզ պիտի չթողում»։ Եղիսէ ելաւ անոր ետեւէն գնաց։31. Բայց Գէեզին անոնց առջեւ անցաւ ու գաւազանը տղուն երեսին վրայ դրաւ, սակայն ո՛չ ձայն կար եւ ո՛չ զգացում. ուստի մարգարէն դիմաւորելու դարձաւ եւ անոր պատմեց ու ըսաւ. «Տղան չարթնցաւ»։32. Ու երբ Եղիսէ տունը մտաւ, տեսաւ տղան մեռած ու իր անկողնին վրայ պառկած։33. Ներս մտնելով՝ իրենց վրայէն դուռը գոցեց եւ Տէրոջը աղօթք ըրաւ34. Ու ելաւ տղուն վրայ պառկեցաւ եւ իր բերանը անոր բերնին վրայ ու իր աչքերը անոր աչքերուն վրայ ու իր թաթերը անոր թաթերուն վրայ դրաւ եւ անոր վրայ կծկուեցաւ ու տղուն մարմինը տաքցաւ։35. Դարձաւ անգամ մը այս կողմ, անգամ մը այն կողմը պտըտեցաւ ու կրկին ելաւ անոր վրայ կծկուեցաւ եւ տղան եօթը անգամ փռնգտաց ու աչքերը բացաւ։36. Այն ատեն Գէեզին կանչեց ու ըսաւ. «Սունամացի կինը կանչէ»։ Զանիկա կանչեց։ Կինը անոր եկաւ ու Եղիսէ անոր ըսաւ. «Տղադ ա՛ռ»։37. Կինը ներս մտնելով՝ անոր ոտքերը ինկաւ ու գետնէն խոնարհութիւն ըրաւ եւ իր տղան առնելով դուրս ելաւ։38. Եղիսէ Գաղգաղա դարձաւ։ Այն երկրին մէջ սով կար ու մարգարէներուն որդիները անոր առջեւ կը նստէին ու անիկա իր ծառային ըսաւ. «Մեծ կաթսան կրակին վրայ դիր եւ մարգարէներուն որդիներուն ապուր եփէ»։39. Մէկը դաշտը ելաւ, որպէս զի խոտ հաւաքէ ու վայրենի տունկ մը գտաւ եւ անկէ հանդերձը լեցուն վայրենի վարունգ հաւաքեց ու բերաւ զանոնք ապուրին կաթսային մէջ մանրեց, քանզի չէր ճանչնար։40. Այն մարդոց առջեւ դրին, որպէս զի ուտեն։ Երբ այն ապուրէն կերան՝ պոռալով ըսին. «Կաթսային մէջ մահ կայ, ո՛վ մարդ Աստուծոյ» ու չկրցան ուտել։41. Եւ անիկա ըսաւ. «Ալիւր բերէք»։ Զանիկա կաթսային մէջ նետեց ու ըսաւ. «Ժողովուրդին առջեւ դիր, որպէս զի ուտեն»։ Այն ատեն կաթսային մէջ վնասակար բան մը չկար։42. Բահաղ-Սաղիսայէն մարդ մը եկաւ ու Աստուծոյ մարդուն երախայրիներէ շինուած հացեր, քսան հատ գարեղէն հաց ու թարմ հասկեր բերաւ իր պարկովը։ Եղիսէ ըսաւ. «Ժողովուրդին տուր, որպէս զի ուտեն»։43. Անոր ծառան ըսաւ. «Այս ի՞նչ է որ հարիւր մարդոց առջեւ դնեմ»։ Բայց Եղիսէ ըսաւ. «Ժողովուրդին տո՛ւր, որպէս զի ուտեն, քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Պիտի ուտեն ու պիտի աւելնայ’»։44. Եւ անոնց առջեւ դրաւ ու կերան ու Տէրոջը ըսածին պէս աւելցաւ։Սաղմոսներ 71:17-2417. Ո՛վ Աստուած, մանկութենէս ի վեր սորվեցուցիր ինծի. Մինչեւ հիմա քու հրաշալի գործերդ պատմեցի։18. Ու հիմա մինչեւ ծերութեան ու ալեւորութեան ատենս Զիս մի՛ ձգեր, ո՛վ Աստուած. Որպէս զի պատմեմ քու կարողութիւնդ գալու ազգին Եւ քու զօրութիւնդ՝ այն ամենուն, որոնք պիտի գան։19. Քու արդարութիւնդ ալ շատ բարձր է, ո՛վ Աստուած. Որ մեծամեծ բաներ ըրիր. Քեզի պէս ո՞վ կայ, ո՛վ Աստուած։20. Դուն որ շատ ու ծանր նեղութիւններ ցուցուցիր ինծի, Նորէն զիս պիտի կենդանացնես Ու երկրին անդունդներէն նորէն զիս պիտի հանես։21. Իմ պատիւս պիտի շատցնես Ու զիս պիտի մխիթարես։22. Ուստի ես ալ պիտի գովեմ քեզ տաւիղով Քու ճշմարտութեանդ համար, ո՛վ իմ Աստուածս։ Սաղմոս պիտի երգեմ քեզի քնարով, Ո՛վ Իսրայէլի Սուրբը։23. Քեզի սաղմոս երգած ատենս իմ շրթունքներս պիտի ցնծան Ու իմ հոգիս՝ որ դուն փրկեցիր։24. Իմ լեզուս ամէն օր քու արդարութեանդ մասին պիտի խօսի, Վասն զի ինծի չարիք ուզողները ամչցան ու խայտառակ եղան։Առակներ 18:9-99. Ան որ իր գործին մէջ թոյլ է, Շռայլ մարդուն եղբայրն է։Ջոն 17:1-261. Յիսուս երբ ասոնք խօսեցաւ, իր աչքերը դէպի երկինք վերցուց ու ըսաւ. «Հա՛յր, ժամանակը հասեր է, փառաւորէ՛ քու Որդիդ, որպէս զի քու որդիդ ալ քեզ փառաւորէ.2. Ինչպէս իրեն իշխանութիւն տուիր ամէն մարմնի վրայ որ յաւիտենական կեանք տայ այն ամենուն զոր իրեն տուիր։3. Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր։4. Ես քեզ երկրի վրայ փառաւորեցի, այն գործը որ ինծի տուիր ընելու՝ լմնցուցի։5. Եւ հիմա, ո՛վ Հայր, փառաւորէ՛ զիս քու քովդ այն փառքովը որ աշխարհի ըլլալէն առաջ քովդ ունէի։6. Քու անունդ յայտնի ըրի այն մարդոց, որոնք աշխարհէն ինծի տուիր։ Քուկդ էին ու ինծի տուիր զանոնք եւ անոնք քու խօսքդ պահեցին։7. Հիմա գիտցան թէ այն ամէն բաները որոնք ինծի տուիր, քեզմէ են.8. Վասն զի այն խօսքերը որոնք ինծի տուիր, ես անոնց տուի, անոնք ալ ընդունեցին եւ ճշմարտութեամբ իմացան թէ ես քեզմէ ելայ ու հաւատացին թէ դուն ղրկեցիր զիս։9. Ես անոնց համար կ’աղաչեմ. ոչ թէ՝ աշխարհին համար, այլ անոնց հանար՝ որ դուն ինծի տուիր, վասն զի քուկդ են անոնք։10. Եւ ինչ որ իմս է՝ ան քուկդ է եւ ինչ որ քուկդ է՝ ան իմս է ու ես անոնցմով փառաւորուած եմ։11. Ես ա՛լ աշխարհի մէջ չեմ, բայց անոնք աշխարհի մէջ են։ Ես քեզի կու գամ, ո՛վ Սուրբ Հայր, քու անունովդ պահէ զանոնք, որ դուն ինծի տուիր, որպէս զի մէկ ըլլան, ինչպէս մենք մէկ ենք։12. Երբ ես աշխարհի մէջ անոնց հետ էի, ես կը պահէի զանոնք քու անունովդ։ Անոնք որ դուն ինծի տուիր, ես պահեցի եւ անոնցմէ մէ՛կը չկորսուեցաւ, միայն թէ այն կորստեան որդին, որպէս զի գրուածը կատարուի։13. Ա՛լ հիմա քեզի կու գամ։ Աշխարհի մէջ այս բաները կը խօսիմ, որպէս զի իմ ուրախութիւնս իրենց անձերուն մէջ կատարեալ ըլլայ։14. Ես քու խօսքդ անոնց տուի ու աշխարհ զանոնք ատեց, վասն զի աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ։15. Չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, հապա որ զանոնք չարէն պահես։16. Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ։17. Սրբէ՛ զանոնք քու ճշմարտութիւնովդ։ Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է։18. Ինչպէս դուն զիս աշխարհ ղրկեցիր, ես ալ զանոնք աշխարհ ղրկեցի։19. Անոնց համար ես իմ անձս կը սրբացնեմ, որպէս զի իրենք ալ ճշմարտութիւնով սրբանան։20. Բայց միայն անոնց համար չեմ աղաչեր, այլ բոլոր անոնց համար ալ, որոնք անոնց խօսքով ինծի պիտի հաւատան.21. Որպէս զի ամէնքն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս դո՛ւն, ո՛վ Հայր, իմ մէջս՝ ու ես քու մէջդ, որպէս զի անոնք ալ մեր մէջ մէկ ըլլան եւ աշխարհ հաւատայ թէ դուն ղրկեցիր զիս։22. Այն փառքը որ դուն ինծի տուիր, ես անոնց տուի, որպէս զի մէկ ըլլան՝ ինչպէս մենք մէկ ենք.23. (Ես՝ անոնց մէջ եւ դուն՝ իմ մէջս.) որպէս զի իրենք կատարեալ ըլլան միութեան մէջ ու աշխարհ գիտնայ թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս ու սիրեցիր զանոնք՝ ինչպէս զիս սիրեցիր։24. Ո՛վ Հայր, զանոնք որ դուն ինծի տուիր, կ’ուզեմ որ ուր որ ես ըլլամ, անոնք ալ ինծի հետ ըլլան, որպէս զի տեսնեն իմ փառքս, որ ինծի տուիր. վասն զի դուն զիս սիրեցիր աշխարհի սկիզբէն առաջ։25. Ո՛վ արդար Հայր, աշխարհ քեզ չճանչցաւ, բայց ես քեզ ճանչցայ եւ ասոնք ճանչցան թէ դո՛ւն զիս ղրկեցիր։26. Քու անունդ անոնց ճանչցուցի ու պիտի ճանչցնեմ, որպէս զի այն սէրը, որով դուն զիս սիրեցիր, անոնց մէջ ըլլայ ու ես ալ անոնց մէջ»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981