1. Ասորիներու թագաւորին զօրագլուխը Նէեման իր տիրոջը առջեւ մեծ ու յարգելի մարդ մըն էր, քանզի Տէրը անոր ձեռքով Ասորիներուն փրկութիւն տուեր էր։ Այս մարդը զօրաւոր կտրիճ մըն էր, բայց բորոտ էր ։
2. Ասորիներուն գունդերը ելլելով՝ Իսրայէլի երկրէն պզտիկ աղջիկ մը գերի առեր էին։ Անիկա Նէեմանին կնոջ քովն էր։
3. Անիկա իր տիկնոջ ըսաւ. «Երանի՜ թէ իմ տէրս Սամարիա եղող մարգարէին քով ըլլար, այն ատեն զանիկա իր բորոտութենէն կը բժշկէր»։
4. Նէեման գնաց իր տիրոջը պատմեց ու ըսաւ. «Իսրայէլի երկրէն եղող աղջիկը այսպէս ու այսպէս խօսեցաւ»։
5. Ասորիներու թագաւորը ըսաւ. «Գնա՛ ուրեմն, ես Իսրայէլի թագաւորին նամակ կը ղրկեմ»։ Անիկա գնաց։ Իր ձեռքը տասը տաղանդ արծաթ ու վեց հազար ոսկի ու տասը ձեռք փոխելու հանդերձ առաւ։
6. Իսրայէլի թագաւորին տարաւ նամակը, ուր այսպէս գրուած էր՝ ՝. «Արդ, երբ այս նամակը քեզի հասնի, գիտցած ըլլաս որ՝ ՝ իմ ծառաս Նէեմանը քեզի կը ղրկեմ, որպէս զի զանիկա իր բորոտութենէն բժշկես»։
7. Երբ Իսրայէլի թագաւորը նամակը կարդաց՝ իր հանդերձները պատռեց ու ըսաւ. «Միթէ ես մեռցնելու ու ապրեցնելու կարողութիւն ունեցող Աստուա՞ծն եմ, որ ասիկա ինծի մարդ մը ղրկեր է՝ իր բորոտութենէն բժշկելու համար. ուստի աղէկ գիտցէք ու տեսէք, որ անիկա կռիւի պատճառ կը փնտռէ»։
8. Երբ Աստուծոյ մարդը Եղիսէ լսեց՝ որ Իսրայէլի թագաւորը իր հանդերձները պատռեր է, թագաւորին մարդ ղրկեց ու ըսաւ. «Ինչո՞ւ հանդերձներդ պատռեցիր. թող անիկա ինծի գայ ու գիտնայ թէ Իսրայէլի մէջ մարգարէ կայ»։
9. Նէեման իր ձիերովն ու կառքովը գնաց ու Եղիսէի տանը դուռը կայնեցաւ։
10. Եղիսէ մարդ մը ղրկեց անոր՝ ըսելով. «Գնա՛ Յորդանանի մէջ եօթը անգամ լուացուէ՛. մարմինդ քեզի պիտի դառնայ ու պիտի մաքրուիս»։
11. Նէեման բարկացաւ ու գնաց՝ ըսելով. «Ահա ես կը կարծէի թէ անիկա անտարակոյս իմ քովս պիտի գայ ու կայնի եւ իր Եհովա Աստուծոյն անունը պիտի կանչէ ու ձեռքը այն տեղին վրայ պիտի երերցնէ ու բորոտութիւնը բժշկէ։
12. Դամասկոսի Աբանա ու Փարփար գետերը Իսրայէլի բոլոր ջուրերէն աղէկ չե՞ն. միթէ չե՞մ կրնար անոնց մէջ լուացուիլ ու մաքրուիլ»։ Եւ դարձաւ բարկութիւնով գնաց։
13. Իսկ անոր ծառաները մօտեցան ու անոր խօսեցան՝ ըսելով. «Ո՛վ հայր, եթէ մարգարէն քեզի մեծ բան մը ըսէր՝ պիտի չընէի՞ր. ո՞ւր մնաց որ անիկա քեզի ‘Լուացուէ ու պիտի մաքրուիս’, ըսաւ»։
14. Այն ատեն անիկա իջաւ ու Աստուծոյ մարդուն խօսքին համեմատ եօթը անգամ Յորդանանի մէջ լուացուեցաւ ու անոր մարմինը պզտիկ տղու մը մարմնին պէս եղաւ ու մաքրուեցաւ։
15. Անիկա իր բոլոր բանակովը Աստուծոյ մարդուն դարձաւ ու գնաց անոր առջեւ կեցաւ ու ըսաւ. «Ահա հիմա գիտցայ թէ ոեւէ երկրի վրայ Աստուած չկայ, բայց միայն Իսրայէլի մէջ. ուստի հիմա, կ’աղաչեմ, քու ծառայէդ ընծայ մը ընդունէ»։
16. Բայց Եղիսէ ըսաւ. «Տէ՛րը, որուն առջեւ կը կենամ, կենդանի է որ պիտի չընդունիմ»։ Նէեման ստիպեց որ ընդունի, բայց անիկա չհաճեցաւ։
17. Ու Նէեման ըսաւ. «Ուրեմն քու ծառայիդ այս երկրին հողէն երկու ջորիի բեռ հող տուր. քանզի քու ծառադ անգամ մըն ալ ուրիշ աստուածներու ողջակէզ կամ զոհ պիտի չընէ, բայց միայն Եհովային։
18. Տէրը այս բանին համար քու ծառայիդ թողութիւն թող տայ, այսինքն երբ իմ տէրս Ռեմօնին տունը մտնէ հոն երկրպագութիւն ընելու համար եւ անոր իմ ձեռքիս վրայ կռթնելովը, ես ալ Ռեմօնի տանը մէջ ծռիմ, այս բանին, այսինքն Ռեմօնին տանը մէջ իմ ծռելուս համար Տէրը քու ծառայիդ թողութիւն թող տայ»։
19. Մարգարէն անոր ըսաւ. «Գնա՛ խաղաղութեամբ» եւ անիկա անոր քովէն գնաց։ Բայց երբ քիչ մը հեռացաւ,
20. Աստուծոյ մարդուն Եղիսէին ծառան Գէեզին ըսաւ. «Ահա իմ տէրս այս Ասորի Նէեմանին խնայեց ու անոր ձեռքէն անոր բերածը չառաւ. Տէրը կենդանի է որ ես անոր ետեւէն պիտի վազեմ եւ անկէ բան մը պիտի առնեմ»։
21. Գէեզի Նէեմանին ետեւէն վազեց։ Նէեման, երբ տեսաւ թէ ծառան իր ետեւէն կը վազէ, իր կառքէն վար իջաւ զանիկա դիմաւորելու ու ըսաւ. «Ողջութի՞ւն է»։
22. Անիկա ըսաւ. «Ողջութիւն է. իմ տէրս զիս ղրկեց ու ըսաւ. «Ահա հիմա Եփրեմին լեռնէն մարգարէներու որդիներէն երկու պատանի եկան ինծի. շնորհք ըրէ, անոնց համար տաղանդ մը արծաթ ու երկու ձեռք փոխելու հանդերձ տուր»։
23. Նէեման ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, երկու տաղանդ ա՛ռ»։ Զանիկա բռնադատեց ու երկու պարկի մէջ երկու տաղանդ արծաթ դրաւ ու երկու ձեռք ալ փոխելու հանդերձ ծրարեց եւ իր ծառաներէն երկուքին տուաւ, որոնք անոր առջեւէն տարին։
24. Ու երբ բլուրը եկաւ՝ անոնց ձեռքէն առաւ ու տանը մէջ պահեց եւ այն մարդիկը ճամբեց ու գացին։
25. Ինք ներս գնաց իր տիրոջը առջեւ կեցաւ։ Եղիսէ անոր ըսաւ. «Ո՛վ Գէեզի, ուրկէ՞ կու գաս »։ Անիկա ըսաւ. «Ծառադ տեղ մը չգնաց»։
26. Եղիսէ ըսաւ անոր. «Երբ այն մարդը իր կառքէն քեզ դիմաւորելու դարձաւ, միթէ իմ հոգիս հոն չէ՞ր ու հիմա արծաթ առնելու եւ հանդերձներ ու ձիթենիներ եւ այգիներ ու ոչխարներ եւ արջառներ ու ծառաներ եւ աղախիններ առնելու ատե՞նն է։
27. Ուրեմն Նէեմանի բորոտութիւնը քեզի ու սերունդիդ թող փակչի յաւիտեան»։ Անիկա անոր առջեւէն ձիւնի պէս բորոտ դուրս ելաւ։
1. Մարգարէներուն որդիները Եղիսէին ըսին. «Ահա այս տեղը, որ մենք քու առջեւդ կը նստինք, մեզի նեղ է։
2. Երթանք ուրեմն մինչեւ Յորդանան ու այնտեղէն ամէն մէկս մէկմէկ գերան առնենք ու հոն մեզի բնակելու տեղ շինենք»։ Անիկա ըսաւ. «Գացէ՛ք»։
3. Անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, քու ծառաներուդ հետ եկուր» եւ անիկա «Կու գամ», ըսաւ։
4. Ու անոնց հետ գնաց։ Յորդանան հասնելով ծառեր կտրեցին։
5. Երբ մէկը գերան մը կը կտրէր, տապարին երկաթը ջուրին մէջ ինկաւ, ուստի անիկա պոռալով՝ ըսաւ. «Ո՜հ, տէր իմ, կացինը փոխ առնուած էր»։
6. Աստուծոյ մարդը ըսաւ. «Ո՞ւր ինկաւ»։ Անիկա այն տեղը ցուցուց անոր։ Եղիսէ փայտ մը կտրեց ու հոն նետեց ու երկաթը ջուրին երեսը ելաւ
7. Եւ անոր ըսաւ. « Զանիկա վերցո՛ւր»։ Ան ալ ձեռքը երկնցուց ու կացինը առաւ։
8. Անգամ մը, երբ Ասորիներուն թագաւորը Իսրայէլի դէմ պատերազմ կ՛ընէր, իր ծառաներուն հետ խորհուրդ ըրաւ ու ըսաւ. «Այս ինչ կամ այն ինչ տեղը բանակ դնեմ»։
9. Աստուծոյ մարդը Իսրայէլի թագաւորին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Զգուշացի՛ր, որ այն տեղէն չանցնիս, վասն զի Ասորիները հոն իջած են»։
10. Իսրայէլի թագաւորը Աստուծոյ մարդուն ըսած տեղը մարդ ղրկելով տեղեկացաւ եւ անկէ զգուշացաւ շատ անգամ։
11. Այս բանին համար Ասորիներու թագաւորին սիրտը նեղանալով՝ իր ծառաները կանչեց ու անոնց ըսաւ. «Չէ՞ք յայտներ ինծի թէ մերիններէն ո՞վ կայ, որ Իսրայէլի թագաւորին լուր կը ղրկէ »։
12. Ծառաներէն մէկը ըսաւ. «Չկայ այդպիսի մէկը, ո՛վ տէր իմ թագաւոր, հապա Իսրայէլի մէջ եղող Եղիսէ մարգարէն՝ քու պառկելու սենեակիդ մէջ խօսած խօսքերդ Իսրայէլի թագաւորին կը յայտնէ»։
13. Եւ թագաւորը ըսաւ. «Գացէ՛ք ու անոր ուր ըլլալը իմացէք, որպէս զի զանիկա բռնել տամ»։ Անոր յայտնեցին ու ըսին. «Ահա անիկա Դօթայիմի մէջ է»։
14. Ուստի թագաւորը ձիեր ու կառքեր եւ բազմաթիւ զօրքեր ղրկեց հոն, որոնք գիշերով գացին եւ քաղաքը պաշարեցին։
15. Աստուծոյ մարդուն ծառան առաւօտուն կանուխ ելաւ ու դուրս գնաց եւ ահա զօրքեր, ձիեր ու կառքեր քաղաքը պաշարեր էին ու ծառան տիրոջը ըսաւ. «Ո՜հ, տէ՛ր իմ, ի՞նչ ընենք»։
16. Եղիսէ ըսաւ. «Մի՛ վախնար, քանզի մեզի հետ եղողները անոնց հետ եղողներէն շատուոր են»։
17. Եղիսէ աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, ասոր աչքերը բաց, որպէս զի տեսնէ»։ Տէրը ծառային աչքերը բացաւ ու տեսաւ որ ահա լեռը Եղիսէին չորս կողմը հրեղէն ձիերով ու կառքերով լեցուն էր։
18. Երբ անոնք Եղիսէի քով իջան՝ Եղիսէ Տէրոջը աղօթէ ըրաւ ու ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, այս ազգը կուրութեամբ զարկ»։ Տէրը զանոնք կուրութեամբ զարկաւ Եղիսէի խօսքին համեմատ։
19. Այն ատեն Եղիսէ անոնց ըսաւ. «ճամբան այս չէ ու քաղաքը ասիկա չէ, ետեւէս եկէք, որպէս զի ձեզ ձեր փնտռած մարդուն տանիմ» եւ զանոնք Սամարիա տարաւ։
20. Ու երբ Սամարիա եկան, Եղիսէ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, ասոնց աչքերը բաց, որպէս զի տեսնեն»։ Տէրը անոնց աչքերը բացաւ ու տեսան եւ ահա Սամարիայի մէջ էին։
22. Անիկա ըսաւ. «Մի՛ զարներ. միթէ քու սրովդ ու աղեղովդ գերի բռնածներդ կը զարնե՞ս. անոնց առջեւ հաց ու ջուր դիր, որպէս զի ուտեն, խմեն ու իրենց տիրոջը երթան»։
23. Անոնց մեծ կոչունք մը ըրաւ։ Կերան խմեցին։ Զանոնք ետ ղրկեց։ Անոնք իրենց տիրոջը գացին։ Ասորիներու գունդերը անգամ մըն ալ Իսրայէլի երկիրը չեկան։
24. Անկէ ետքը Ասորիներու Բենադադ թագաւորը իր բոլոր բանակը հաւաքեց ու ելաւ Սամարիան պաշարեց։
25. Սամարիայի մէջ մեծ սով եղաւ, քանզի զանիկա պաշարեր էին, այնպէս որ մէկ իշու գլուխը ութսուն սիկղ արծաթի ու աղաւնիի աղբին՝ ՝ մէկ կապիճին մէկ չորրորդ մասը հինգ սիկղ արծաթի ծախուեցաւ։
26. Երբ Իսրայէլի թագաւորը պարսպին վրայէն կ’անցնէր, կին մը անոր աղաղակեց ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, օգնէ ինծի »։
27. Անիկա ըսաւ. «Եթէ Տէրը քեզի չօգնէ, ես քեզի ուրկէ՞ օգնեմ, կալէ՞ն թէ հնձանէն»։
28. Ու թագաւորը անոր ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ եղաւ»։ Անիկա ըսաւ. «Այս կինը ինծի ըսաւ թէ ‘Քու տղադ տուր ու այսօր զանիկա ուտենք եւ իմ տղաս վաղը ուտենք’։
29. Ուստի իմ տղաս եփեցինք եւ զանիկա կերանք։ Երկրորդ օրը անոր ըսի. ‘Տղադ տուր, որպէս զի ուտենք’, բայց անիկա իր տղան պահեց»։
30. Թագաւորը այն կնոջ խօսքը լսածին պէս իր հանդերձները պատռեց ու պարսպին վրայէն անցած ատենը՝ ժողովուրդը տեսաւ որ ահա ներսէն անոր մարմնին վրայ քուրձ կար։
31. Անիկա ըսաւ. «Աստուած ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ, եթէ այսօր Սափատեան Եղիսէին գլուխը իր վրայ մնայ»։
32. Եղիսէ իր տունը կը նստէր ու ծերերը անոր հետ կը նստէին։ Թագաւորը իր առջեւէն մարդ մը ղրկեց անոր ու պատգամաւորը դեռ չեկած՝ Եղիսէ ծերերուն ըսաւ. «Կը տեսնէ՞ք որ այս մարդասպանին որդին գլուխս առնելու մարդ ղրկեց. նայեցէ՛ք, այն մարդը եկածին պէս դուռը գոցեցէ՛ք ու զանիկա դրանը քով բռնեցէ՛ք. միթէ անոր տիրոջը ոտքերուն ձայնը անոր ետեւէն չէ՞»։
33. Երբ անոնց հետ կը խօսէր, այն պատգամաւորը անոր քով իջաւ ու ըսաւ. «Ահա այս չարիքը տէրոջմէն է. ա՛լ ասկէ յետոյ Տէրոջմէն ի՞նչ պիտի յուսամ»։
2. Անիկա արդարութիւնով պիտի դատէ քու ժողովուրդդ Ու աղքատներդ՝ իրաւունքով։
3. Լեռները խաղաղութիւն պիտի բերեն ժողովուրդին Ու բլուրներն ալ՝ արդարութիւն։
4. Ժողովուրդին աղքատներուն իրաւունք պիտի ընէ, Տնանկին զաւակները պիտի ազատէ Ու բռնաւորը պիտի ջարդէ։
5. Քեզմէ պիտի վախնան որչափ ատեն որ արեգակը ու լուսինը կը մնան, Ազգէ մինչեւ ազգ։
6. Հնձուած խոտի վրայ իջած անձրեւի պէս պիտի իջնէ, Տեղատարափներու պէս՝ որոնք երկիրը կը թրջեն։
7. Անոր օրերուն մէջ արդարը պիտի ծաղկի Ու շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ, Մինչեւ որ այլեւս լուսին չըլլայ։
10. Տէրոջը անունը ամուր աշտարակ է, Արդարը անոր կը դիմէ ու ապահով ապաստանարան կ’ունենայ։
11. Հարուստին ստացուածքը իր ամուր քաղաքն է Ու անոր երեւակայութեան մէջ բարձր բերդի պէս է։
1. Յիսուս այս բաները ըսելէն յետոյ, իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ Կեդրոն հեղեղատին անդիի կողմը գնաց, ուր պարտէզ մը կար, որուն մէջ մտան ինք ու իր աշակերտները։
2. Յուդա, որ զանիկա պիտի մատնէր, գիտէր այն տեղը, վասն զի Յիսուս շատ անգամ իր աշակերտներուն հետ հոն կը հաւաքուէին
3. Յուդա զինուորներու գունդ մը ու քահանայապետներէն եւ փարիսեցիներէն սպասաւորներ իրեն հետ առնելով՝ այն տեղը գնաց ջահերով ու լապտերներով ու զէնքերով։
4. Յիսուս իրեն պատահելիք բոլոր բաները գիտնալով՝ ելաւ ու ըսաւ անոնց. «Ո՞վ կը փնտռէք»։
5. Պատասխան տուին անոր. «Նազովրեցի Յիսուսը»։ Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Ե՜ս եմ»։ Յուդան ալ, որ զանիկա պիտի մատնէր, անոնց հետ կայներ էր։
6. Երբ ըսաւ թէ «Ես եմ», ետ ետ գացին ու գետինը ինկան։
7. Նորէն հարցուց անոնց. «Ո՞վ կը փնտռէք»։ Անոնք ալ ըսին. «Նազովրեցի Յիսուսը»։
8. Յիսուս պատասխան տուաւ. «Ձեզի ըսի թէ Ե՛ս եմ. ուստի եթէ զիս կը փնտռէք, թող տուէք ատոնք որ երթան»։
9. Անով կատարուեցաւ այն խօսքը, որ ինք ըսեր էր թէ՝ «Զանոնք որ ինծի տուիր, անոնցմէ մէ՛կն ալ չկորսնցուցի»։
10. Այն ատեն Սիմոն Պետրոս, որ սուր մը ունէր, քաշեց զանիկա ու քահանայապետին ծառային զարնելով՝ անոր աջ ականջը կտրեց։ Այն ծառային անունը Մաղքոս էր։
11. Յիսուս ըսաւ Պետրոսին. «Սուրդ իր պատեա՛նը դիր. այն գաւաթը որ Հայրը ինծի տուաւ՝ պիտի չխմե՞մ»։
12. Զինուորներուն գունդը ու հազարապետը եւ Հրեայ սպասաւորները բռնեցին Յիսուսը ու կապեցին
13. Եւ առաջ Աննային տարին, քանզի ինք այն տարուան քահանայապետին՝ Կայիափային՝ աներն էր։
14. Ասիկա ա՛յն Կայիափան էր, որ Հրէից խրատ տուաւ թէ՝ ‘Աղէկ է որ մարդ մը կորսուի ժողովուրդին համար’։
15. Յիսուսին ետեւէն կ’երթային Սիմոն Պետրոս եւ ուրիշ աշակերտ մը։ Այն աշակերտը քահանայապետին ծանօթ ըլլալով՝ Յիսուսին հետ քահանայապետին գաւիթը մտաւ։
16. Բայց Պետրոս դուրսը գաւիթը կը կենար. ուստի եկաւ միւս աշակերտը, որ քահանայապետին ծանօթն էր եւ խօսեցաւ դռնապանին հետ ու ներս մտցուց Պետրոսը։
17. Այն ատեն դռնապան աղջիկը ըսաւ Պետրոսին. «Միթէ դո՞ւն ալ այն մարդուն աշակերտներէն ես»։ Ան ալ ըսաւ. «Չեմ»։
18. Իսկ ծառաներն ու սպասաւորները հոն կայներ էին եւ կրակ վառած կը տաքնային, քանզի ցուրտ էր։ Պետրոս ալ անոնց հետ կայներ էր ու կը տաքնար։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981