Աստվածաշունչը մեկ տարում Հուլիս 11 քրոնիկները 26:1-321. Դռնապաններուն դասակարգութիւնները. Կորխեաններէն, Ասափին որդիներէն, Կովրէին որդին Մասեղամիան էր։2. Մասեղամիային որդիները՝ անդրանիկը՝ Զաքարիան, երկրորդը՝ Յեդիէլը, երրորդը՝ Զաբադիան, չորրորդը՝ Յաթնիէլը,3. Հինգերորդը՝ Եղամը, վեցերորդը՝ Յօհանան, եօթներորդը՝ Եղիովէնային էին։4. Աբդեդօմին որդիները՝ անդրանիկը՝ Սեմայիան, երկրորդը՝ Յովզաբադը, երրորդը՝ Յովաքը, չորրորդը՝ Սաքարը, հինգերորդը՝ Նաթանայէլը,5. Վեցերորդը՝ Ամիէլը, եօթներորդը՝ Իսաքարը, ութերորդը՝ Փեղաթին. քանզի Աստուած զանիկա օրհներ էր։6. Անոր որդիին Սեմայիային որդիներ ծնան, որոնք իրենց հօրը տանը իշխանները եղան, քանզի անոնք զօրաւոր կտրիճներ էին։7. Սեմայիային որդիները Ոթնին, Ռափայէլը, Ովբէդը, Եղզաբադը, Աքիովը, Բենհայիլը՝ ՝, Եղիուսն ու Սամաքիան էին։8. Ասոնք Աբդեդօմին որդիներն էին։ Իրենք ու իրենց որդիները ու իրենց եղբայրները, ծառայութեան համար զօրաւոր ու կտրիճ մարդիկ՝ Աբդեդօմէն վաթսունըերկու հոգի էին։9. Մասեղամիան տասնըութը զօրաւոր որդիներ ու եղբայրներ ունէր։10. Մերարիին որդիներէն Ուսան որդիներ ունէր։ Գլխաւորը Սամարին էր. թէպէտեւ անիկա անդրանիկը չէր, բայց անր հայրը զանիկա գլուխ ըրաւ։11. Երկրորդը՝ Քեղկիան, երրորդը՝ Տաբաղիան, չորրորդը՝ զաքարիան էր։ Ուսային բոլոր որդիներն ու եղբայրները տասնըերեք հոգի էին։12. Դռնապաններուն դասակարգութիւնները ասոնց տրուեցան իբրեւ գլխաւոր մարդոց, որպէս զի իրենց եղբայրներուն հետ պահպանութիւն ընելով՝ Տէրոջը տանը մէջ ծառայեն։13. Պզտիկն ու մեծը հաւասարապէս վիճակ ձգեցին իրենց ազգատոհմերուն համեմատ՝ ամէն մէկ դրան համար։14. Արեւելեան կողմին վիճակը Սեղեմիային ելաւ. ետքը անոր որդիին, խելացի ու օրէնսգէտ Զաքարիային համար վիճակ ձգեցին ու անոր վիճակը հիւսիսային կողմը ելաւ։15. Աբդեդօմին՝ հարաւային կողմը ու իր որդիներուն՝ Բեթասուփիմը։16. Սուփիմին եւ Ուսային արեւմտեան կողմը ելաւ Սալեքեթին դրանը քով վեր ելլող ճամբուն վրայ։ Մէկ պահակատունը միւսին դէմն էր։17. Արեւելեան կողմը օրը վեց Ղեւտացի, հիւսիսային կողմը օրը՝ չորս, հարաւային կողմը օրը՝ չորս, Ասուփիմին կողմը երկու երկու էին։18. Փարպարի կողմը դէպի արեւմուտք վեր ելլող ճամբան՝ չորս ու Փարպար երկու դռնապան կար։19. Կորխեաններու որդիներէն ու Մերարիին որդիներէն եղող դռնապաններուն դասակարգութիւնները ասոնք էին։20. Ղեւտացիներէն Աստուծոյ տանը գանձերուն ու նուիրական գանձերուն վրայ՝ Աքիան էր։21. Գերսոնացի Ղադանին ազգատոհմերուն իշխաններէն, Գերսոնացի Ղադանի որդիներէն, Յեքիէլն էր։22. Յեքիէլի որդիները՝ Զեթամն ու անոր եղբայրը Յովէլը Տէրոջը տանը գանձերուն վրայ էին։23. Ամրամեաններէն, Իսահառեաններէն, Քեբրոնեաններէն ու Ոզիէլեաններէն ասոնք էին։24. Մովսէսին որդիին Գերսամին որդին Սուբայէլը գանձերուն վերակացուն էր։25. Անոր եղբայրները՝ Եղիազարին որդիները. անոր որդին Հռաբիան, անոր որդին Եսային, անոր որդին Յովրամը, անոր որդին Զեքրին ու անոր որդին Սաղօմօթն էր։26. Այս Սաղօմօթն ու անոր եղբայրները Դաւիթ թագաւորին ու տոհմերուն իշխաններուն ու հազարապետներուն եւ հարիւրապետներուն ու զօրքերու իշխաններուն նուիրած բոլոր սուրբ գանձերուն վրայ էին,27. Որոնք պատերազմներէն ու աւարէն Տէրոջը տանը շինութեանը՝ ՝ համար նուիրուեր էին։28. Նաեւ Սամուէլ տեսանողին ու Կիսեան Սաւուղին ու Ներեան Աբեններին ու Շարուհեան Յովաբին նուիրած բոլոր նուէրները Սաղօմօթին ու անոր եղբայրներուն ձեռքին տակն էին։29. Իսահառեաններէն՝ Քոնոնիան ու անոր որդիները արտաքին գործերու համար, Իսրայէլին վրայ ոստիկաններ ու դատաւորներ էին։30. Քեբրոնեաններէն՝ Ասաբիան ու անոր եղբայրները, հազար եօթը հարիւր զօրաւոր մարդիկ, Յորդանանի ասդիի կողմը դէպի արեւմուտք, Տէրոջը գործին համար ու թագաւորին ծառայութեանը համար Իսրայէլին վրայ վերակացու էին։31. Քեբրոնեաններէն՝ Քեբրոնեաններուն ազգատոհմին իշխանը Յերիան էր. Դաւիթին թագաւորութեանը քառասուներորդ տարին անոնք համրուեցան ու Գաղաադի Յազերին մէջ անոնցմէ զօրաւոր կտրիճներ գտնուեցան։32. Անոր եղբայրները երկու հազար եօթը հարիւր զօրաւոր մարդիկ ու տոհմերու իշխաններ էին։ Դաւիթ թագաւորը զանոնք Ռուբէնեաններուն, Գադեաններուն ու Մանասեաններուն կէս ցեղին վրայ դրաւ՝ Աստուծոյ եւ թագաւորին գործին համար։1 քրոնիկները 27:1-341. Իսրայէլի որդիներէն իրենց համրանքովը ազգատոհմի նահապետներէն ու հազարապետներէն եւ հարիւրապետներէն ու ոստիկաններէն, դասակարգութեան բոլոր գործին մէջ թագաւորին ծառայողներուն եւ բոլոր ամիսներուն՝ ամսէ ամիս մտնողներուն ու ելլողներուն ամէն մէկ դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։2. Առաջին ամսուան համար առաջին դասին վրայ Զարդիէլին որդին Յեսբաամն էր ու անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։3. Առաջին ամսուան բոլոր զօրավարներուն իշխանը Փարէսին որդիներէն էր։4. Երկրորդ ամսուան դասին վրայ Աքուքացի Դովդան էր ու Մակեղօթը անոր դասին իշխանն էր։ Ասոր դասն ալ քսանըչորս հազար մարդ էր։5. Երրորդ ամսուան համար երրորդ զօրապետը Յովիադա քահանային որդին Բանիան գլխաւորն էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։6. Այս Բանիան երեսունէն զօրաւոր էր ու երեսունին վրայ էր։ Անոր որդին Ամիզաբադ անոր դասին մէջն էր։7. Չորրորդ ամսուան համար չորրորդ զօրապետը Յովաբին եղբայրը Ասայէլը ու անկէ ետքը անոր որդին Զաբադիան էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։8. Հինգերորդ ամսուան համար հինգերորդ զօրապետը Յեզրացի Սամաւովթն էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։9. Վեցերորդ ամսուան համար վեցերորդ զօրապետը Թեկուացի Եկգեսին որդին Իրասն էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։10. Եօթներորդ ամսուան համար եօթներորդ զօրապետը Եփրեմին որդիներէն Փելօնացի Քեղղէսն էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։11. Ութերորդ ամսուան համար ութերորդ զօրապետը Զարայեաններէն Ովսացի Սովբաքն էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։12. Իններորդ ամսուան համար իններորդ զօրապետը Բենիամինեաններէն Անաթովթացի Աբիեզերն էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։13. Տասներորդ ամսուան համար տասներորդ զօրապետը Զարայեաններէն Նետոփաթացի Մաարան էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։14. Տասնըմէկերորդ ամսուան համար տասնըմէկերորդ զօրապետը Եփրեմին որդիներէն Փարաթոնացի Բանիան էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։15. Տասնըերկրորդ ամսուան համար տասնըերկրորդ զօրապետը Գոթոնիէլի սերունդէն Նետոփաթացի Ալադն էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։16. Իսրայէլի ցեղերուն վրայ ասոնք էին. Ռուբէնին ցեղին իշխան Զեքրիին որդին Եղիազարը, Շմաւոնին ցեղին ՝ Մաաքային որդին Սափատիան,17. Ղեւիին ցեղին ՝ Կամուէլի որդին Ասաբիան, Ահարոնին որդիներուն ՝ Սադովկը,18. Յուդային ցեղին ՝ Դաւիթին եղբայրներէն Եղիուսը, Իսաքարին ցեղին ՝ Միքայէլին որդին Ամրին,19. Զաբուղոնին ցեղին ՝ Աբդիային որդին Իսմայիան, Նեփթաղիմին ցեղին ՝ Եզրիէլին որդին Յերիմովթը,20. Եփրեմին որդիներուն՝ Ազազիային որդին Ովսէէն, Մանասէին կէս ցեղին՝ Փադայիային որդին Յովէլը,21. Գաղաադ եղող Մանասէին կէս ցեղին ՝ Զաքարիային որդին Յեդդովը, Բենիամինին ցեղին ՝ Աբեններին որդին Յեսիէլը,22. Դանին ցեղին ՝ Յերոամին որդին Ազարիէլը. Իսրայէլի ցեղերուն իշխանները ասոնք էին։23. Դաւիթ քսան տարեկանէն վար եղողները չհամրեց, վասն զի Տէրը ըսեր էր թէ Իսրայէլը երկնքի աստղերուն չափ պիտի շատցնեմ։24. Շարուհեային որդին Յովաբը սկսաւ համրել, բայց չլմնցուց։ Անոր համար Իսրայէլի վրայ բարկութիւն եկաւ։ Մարդահամարը Դաւիթ թագաւորին յիշատակի գրքին մէջ չմտաւ։25. Թագաւորին գանձերուն վրայ Ադիէլին որդին Ազամօթն էր։ Դաշտը ու քաղաքները եւ գիւղերն ու աշտարակները եղող շտեմարաններուն վրայ Ոզիային որդին Յովնաթանն էր։26. Արտը բանող երկրագործներուն վրայ Քեղուբին որդին Եզրին էր։27. Այգիներուն վրայ Արիմաթացի Սեմէին էր։ Այգիներուն բերքերուն ու գինիի շտեմարաններուն վրայ Սեփամացի Զարդին էր։28. Դաշտը եղող ձիթենիներուն ու մոլաթզենիներուն վրայ Գադերացի Բաաղանան էր։ Իւղի շտեմարաններուն վրայ Յովասն էր։29. Սարօնի մէջ եղող արօտի արջառներուն վրայ Սարօնացի Սետրան էր։ Հովիտներու մէջ եղող արջառներուն վրայ Ադղիին որդին Սափատն էր։30. Ուղտերուն վրայ Իսմայելացի Ոբիլն էր։ Էշերուն վրայ Մերոնոթացի Յադայիան էր։31. Հօտերուն վրայ Հագարացի Յազիզն էր։ Ասոնք Դաւիթ թագաւորին ստացուածքներուն վերակացուներն էին։32. Դաւիթին հօրեղբայրը Յովնաթան խորհրդական էր. անիկա խելացի ու գիտուն մարդ էր։ Հաքեմոնիին որդին Յեքիէլ թագաւորին որդիներուն հետ էր։33. Աքիտոփէլ՝ թագաւորին խորհրդականը եւ Արաքացի Քուսին թագաւորին բարեկամն էր։34. Աքիտոփէլէն ետքը Բանիային որդին Յովիադան ու Աբիաթարն էին։ Թագաւորին զօրագլուխը Յովաբն էր։Սաղմոսներ 78:56-6656. Բայց անոնք փորձեցին ու սրդողցուցին Բարձրեալն Աստուածը Ու նկատի չառին անոր վկայութիւնները։57. Իրենց հայրերուն պէս ետ դարձան ու նենգութիւն ըրին. Խաբեբայ աղեղի պէս խոտորեցան։58. Վասն զի զանիկա սրդողցուցին իրենց բարձր տեղերովը Ու անոր նախանձը շարժեցին իրենց կուռքերովը։59. Երբ Աստուած լսեց՝ բարկացաւ Եւ շատ անարգեց Իսրայէլը։60. Սելովի խորանը մերժեց, Այն վրանը՝ որ մարդոց մէջ կանգնեցուցած էր։61. Իր զօրութիւնը գերութեան մատնեց, Իր փառքը՝ թշնամիներուն ձեռքը։62. Իր ժողովուրդը սուրի մատնեց Ու իր ժառանգութեանը վրայ բարկացաւ։63. Կրակը կերաւ անոր երիտասարդները Ու անոր աղջիկները սուգ չըրին՝ ՝։64. Անոր քահանաները սրով ինկան Ու անոր որբեւարիները չլացին։65. Բայց Տէրը արթնցաւ որպէս թէ քունէ՝ Գինիէ սթափած զօրաւոր մարդու մը պէս66. Ու իր թշնամիները ետեւնուն զարկաւ, Յաւիտենական նախատինք տուաւ անոնց։Առակներ 20:4-54. Ձմեռ ըլլալուն համար ծոյլը գետինը չի հերկեր, Ուստի հունձքի ատենը պիտի մուրայ ու բան մը պիտի չունենայ։5. Մարդու մը սրտին խորհուրդը խորունկ ջուրերու պէս է, Բայց խելացի մարդը զանիկա դուրս կը հանէ։Գործեր 10:1-231. Կեսարիայի մէջ մարդ մը կար Կոռնելիոս անունով, հարիւրապետ՝ Իտալացի կոչուած գունդէն.2. Բարեպաշտ ու աստուածավախ իր բոլոր տունովը, որ ժողովուրդին շատ ողորմութիւններ կու տար եւ ամէն ատեն Աստուծոյ աղօթք կ’ընէր։3. Անիկա օրուան ժամը իննին ատենները տեսիլքի մէջ Աստուծոյ հրեշտակը յայտնի տեսաւ, որ իր քով մտաւ եւ իրեն ըսաւ. «Կո՛ռնելիոս»։4. Ան ալ անոր նայելով ու խիստ վախնալով՝ ըսաւ. «Ի՞նչ է, Տէ՛ր»։ Հրեշտակը ըսաւ անոր. «Քու աղօթքներդ եւ ողորմութիւններդ Աստուծոյ առջեւ ելան յիշատակի համար։5. Հիմա Յոպպէ մարդիկ ղրկէ ու կանչէ Սիմոն անունով մէկը, որ Պետրոս մականուանեալ է։6. Անիկա իբրեւ հիւր կը կենայ Սիմոն անունով կաշի բանողի մը քով, որուն տունը ծովուն մօտ է »։7. Ու երբ այն հրեշտակը, որ իրեն հետ կը խօսէր գնաց, Կոռնելիոս ծառաներէն երկուքը կանչեց ու իր քով սպասողներէն ալ բարեպաշտ զինուոր մը8. Եւ ամէն բան պատմելով՝ Յոպպէ ղրկեց զանոնք։9. Ու հետեւեալ օրը, երբ անոնք ճամբայ երթալով՝ քաղաքին մօտեցան, Պետրոս ժամը վեցին ատենները տանիքը ելաւ աղօթք ընելու։10. Խիստ անօթեցած ըլլալով՝ կ’ուզէր ճաշ ընել ու կերակուրի պատրաստութիւն կը տեսնէին, իր վրայ մտքի յափշտակութիւն մը եկաւ.11. Եւ տեսաւ երկինքը բացուած ու չորս ծայրէն կապուած աման մը մեծ կտաւի մը պէս, որ իջաւ երկրի վրայ,12. Որուն մէջ կային ամէն տեսակ չորքոտանիներ ու գազաններ եւ սողուններ ու երկնքի թռչուններ։13. Եւ ձայն մը եկաւ իրեն. «Ելի՛ր, Պետրոս, մորթէ ու կեր»։14. Բայց Պետրոս ըսաւ. «Քա՛ւ լիցի, Տէ՛ր, վասն զի ես ամենեւին պիղծ կամ անմաքուր բան մը կերած չեմ»։15. Նորէն ձայնը եկաւ իրեն. «Զայն որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր»։16. Ասիկա երեք անգամ կրկնուեցաւ եւ ամանը երկինք վերցաւ։17. Պետրոս, երբ իր մտքին մէջ կը զարմանար թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ այն իր տեսած տեսիլքը, ահա Կոռնելիոսէն ղրկուած մարդիկը Սիմոնին տունը հարցուցին ու դրանը առջեւ կայնեցան18. Եւ կանչելով՝ կը հարցնէին թէ՝ «Սիմոնը, որ Պետրոս կ’ըսուի, հո՞ս կը կենայ»։19. Երբ Պետրոս այն տեսիլքին վրայով կը մտածէր, Սուրբ Հոգին ըսաւ անոր. «Ահա երեք մարդիկ քեզ կը փնտռեն։20. Ուստի ելի՛ր, իջի՛ր եւ անոնց հետ գնա առանց խղճահարութեան, վասն զի ես ղրկեցի զանոնք»։21. Պետրոս ալ այն մարդոց քով իջնելով՝ ըսաւ. «Ահա ե՛ս եմ անիկա, որ կը փնտռէք. ի՞նչ բանի համար եկած էք»։22. Անոնք ալ ըսին. «Կոռնելիոս հարիւրապետը, արդար եւ աստուածավախ մարդ, բոլոր Հրեաներու ազգէն վկայուած, սուրբ հրեշտակէ մը հրաման առաւ, որ քեզ իր տունը կանչէ եւ քու խօսքերդ լսէ»։23. Այն ատեն ներս կանչեց զանոնք եւ իր քով վար դրաւ։ Հետեւեալ օրը Պետրոս ելաւ անոնց հետ գնաց եւ Յոպպէէն քանի մը եղբայրներ ալ իրեն հետ գացին։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981