Աստվածաշունչը մեկ տարում Հուլիս 102 քրոնիկները 15:1-191. Ովդեդի որդիին Ազարիային վրայ Աստուծոյ Հոգին եկաւ2. Եւ Ասային առջեւ ելլելով՝ ըսաւ անոր. «Ո՛վ Ասա ու բոլոր Յուդա ու Բենիամին, ինծի մտիկ ըրէք. Տէրը ձեզի հետ է, քանի որ դուք անոր հետն էք ու եթէ զանիկա փնտռէք, զանիկա պիտի գտնէք. բայց եթէ զանիկա թողուք, անիկա ալ ձեզ պիտի թողու։3. Իսրայէլ երկար ժամանակ առանց ճշմարիտ Աստուծոյ, առանց սորվեցնող քահանայի ու առանց օրէնքի մնացեր էր.4. Բայց իրենց նեղութեանը մէջ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյ դարձան ու զանիկա փնտռելով գտան։5. Այն ատենները ելլողին ու մտնողին ապահովութիւն չկար. քանզի երկիրներուն բոլոր բնակիչներուն մէջ շատ խռովութիւններ կային։6. Ազգ ազգի հետ ու քաղաք քաղաքի հետ կը զարնուէր. վասն զի Աստուած ամէն նեղութիւններով զարհուրեցուց զանոնք։7. Եւ հիմա դուք զօրացէ՛ք ու ձեռքերնիդ չթուլնայ. վասն զի ձեր գործին վարձք կայ»։8. Ասա այս խօսքերն ու Ովդէդ մարգարէին մարգարէութիւնները լսելով՝ զօրացաւ եւ Յուդայի ու Բենիամինի բոլոր երկրէն ու Եփրեմի լեռնէն իր առած քաղաքներէն պղծութիւնները վերցուց ու Տէրոջը տաճարին սրահին առջեւը եղող սեղանը նորոգեց։9. Յուդայէն ու Բենիամինէն ու Եփրեմէն եւ Մանասէէն ու Շմաւոնէն անոնց քով գտնուած պանդուխտները հաւաքեց. քանզի Իսրայէլէն շատ մարդիկ անոր կողմը անցան, տեսնելով որ անոր Տէր Աստուածը անոր հետն է։10. Անոնք Ասային թագաւորութեանը տասնըհինգերորդ տարիին երրորդ ամսուն Երուսաղէմի մէջ հաւաքուեցան11. Ու այն օրը իրենց բերած աւարէն Տէրոջը զոհ ըրին, եօթը հարիւր արջառ ու եօթը հազար ոչխար12. Եւ ուխտ ըրին, որ իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը բոլոր սրտով ու բոլոր հոգիով փնտռեն13. Եւ ով որ Իսրայէլի Տէր Աստուածը չփնտռէ, թէ՛ պզտիկ եւ թէ՛ մեծ, թէ՛ այր եւ թէ՛ կին ըլլայ՝ պիտի մեռցուի։14. Մեծ ձայնով եւ ցնծութեան աղաղակով ու փողերով ու շեփորներով Տէրոջը երդում ըրին։15. Բոլոր Յուդան այն երդումին վրայ ուրախացաւ. քանզի իրենց բոլոր սրտովը երդում ըրին ու իրենց բոլոր կամքովը փնտռելով՝ գտան զանիկա։ Տէրը ամէն կողմանէ հանգստացուց զանոնք։16. Ասա թագաւորը իր մայրը՝ Մաաքան ալ տիկնութենէ հանեց, վասն զի անիկա Աստարովթի կուռք շիներ էր։ Ասա անոր կուռքն ալ կոտրտեց ու փշրեց ու Կեդրոն հեղեղատին մէջ այրեց։17. Բայց բարձր տեղերը Իսրայէլէն չվերցուեցան. սակայն Ասային սիրտը իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ ուղիղ էր։18. Իր հօրն ու իր նուիրած բաները, արծաթն ու ոսկին ու անօթները, Աստուծոյ տունը տարաւ։19. Մինչեւ Ասային թագաւորութեան երեսունըհինգերորդ տարին պատերազմ չեղաւ։2 քրոնիկները 16:1-141. Ասային թագաւորութեան երեսունըվեցերորդ տարին Իսրայէլի Բաասա թագաւորը Յուդային դէմ ելաւ ու Ռաման շինեց, որպէս զի չթողու որ Յուդայի Ասա թագաւորին քով մարդ մտնէ ու ելլէ։2. Ասա Տէրոջը տանն ու թագաւորին տանը գանձերէն արծաթ ու ոսկի հանեց ու Դամասկոս բնակող Ասորիներու թագաւորին՝ Բենադադին ղրկեց՝ ըսելով.3. «Իմ ու քու մէջտեղ դաշինք կայ։ Ահա քեզի արծաթ ու ոսկի կը ղրկեմ. եկո՛ւր, Իսրայէլի Բաասա թագաւորին հետ ունեցած դաշինքդ աւրէ, որպէս զի անիկա իմ վրայէս ետ քաշուի»։4. Բենադադ Ասա թագաւորին խօսքին մտիկ ըրաւ եւ իր զօրագլուխները Իսրայէլի քաղաքներուն վրայ ղրկեց ու Իյօնը, Դանը, Աբէլմայիմն ու Նեփթաղիմին բոլոր շտեմարանի քաղաքները զարկին։5. Բաասա այս բանը լսելով՝ Ռաման շինելէն ետ կեցաւ ու գործը դադրեցուց։6. Ուստի Ասա թագաւորը բոլոր Յուդան առաւ ու Բաասային շինած Ռամայի քարերն ու փայտերը վերցուցին ու անոնցմով Գաբան ու Մասփան շինեցին։7. Այն ատեն Անանի տեսանողը Յուդային Ասա թագաւորին եկաւ ու անոր ըսաւ. «Քանի որ Ասորիներուն թագաւորին ապաւինեցար ու քու Տէր Աստուծոյդ չ’ապաւինեցար, անոր համար Ասորիներուն թագաւորին զօրքը քու ձեռքէդ ազատեցաւ։8. Միթէ Եթովպիացիներն ու Լիբէացիները խիստ շատ կառքերով ու ձիաւորներով բազմաթիւ զօրք չէի՞ն. բայց որովհետեւ դուն Տէրոջը ապաւինեցար՝ զանոնք քու ձեռքդ մատնեց.9. Քանզի Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ։ Դուն այդ բանին մէջ անմտութիւն ըրիր. ասկէ ետքը պատերազմներ պիտի ունենաս»։10. Ասա՝ տեսանողին սրդողեցաւ ու զանիկա բանտը դրաւ, վասն զի այս բանին համար խիստ բարկացաւ անոր։ Այն ատեն Ասա ժողովուրդէն մէկ քանիներ հարստահարեց։11. Եւ Ասայի առաջին ու վերջին պատմութիւնը ահա Յուդայի ու Իսրայէլի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած է։12. Ասա իր թագաւորութեանը երեսունըիններորդ տարին ոտքի ցաւով հիւանդացաւ ու անոր հիւանդութիւնը ծանրացաւ եւ իր հիւանդութեանը մէջ ալ Տէրը չփնտռեց, հապա բժիշկներ փնտռեց ։13. Ասա իր հայրերուն հետ քնացաւ ու անիկա իր թագաւորութեան քառասունըմէկերորդ տարին մեռաւ։14. Զանիկա Դաւիթին քաղաքին մէջ իրեն համար փորուած գերեզմանը թաղեցին եւ զանիկա խունկերով ու իւղագործի արուեստին զանազան բաղադրութիւններովը լեցուն անկողինի մը մէջ պառկեցուցին ու անոր վրայ խիստ շատ խունկեր ծխեցին։Սաղմոսներ 81:6-106. «Քու թիկունքդ հեռացուցի բեռէն. Քու ձեռքերդ հանգչեցան կողովէն։7. Նեղութեան մէջ կանչեցիր ու քեզ փրկեցի։ Պատասխան տուի քեզի որոտման մէջ գաղտնի տեղերէս։ Փորձեցի քեզ Մերիպայի ջուրին քով։ (Սէլա։)8. Լսէ՛, ո՛վ իմ ժողովուրդս ու վկայեմ քեզի. Ո՛վ Իսրայէլ, ինծի մտիկ ըրէ՛,9. Օտար Աստուած թող չըլլայ քու մէջդ Ու օտար Աստուծոյ երկրպագութիւն մի՛ ըներ։10. Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, Որ հանեցի քեզ Եգիպտոսի երկրէն։ Լայն բաց քու բերանդ Ու զանիկա ես պիտի լեցնեմ։Առակներ 20:24-2524. Մարդուն քայլերը Տէրոջմէն կը կառավարուին, Ուստի մարդը իր ճամբան ի՞նչպէս կրնայ որոշել։25. Անխորհրդաբար բան մը նուիրելը եւ ուխտ ընելէն ետքը անդրադառնալը Մարդուն որոգայթ են։Գործեր 16:1-211. Պօղոս հասաւ Դերբէ ու Լիւստրա։ Հոն աշակերտ մը կար Տիմոթէոս անունով, որ հաւատացեալ Հրեայ կնոջ մը զաւակն էր, իսկ հայրը Յոյն էր։2. Ան Լիւստրացի ու Իկոնացի եղբայրներէն ալ բարի վկայուած էր։3. Պօղոս ուզեց որ ասիկա իրեն հետ ելլէ։ Առաւ թլփատեց զանիկա այն տեղերը եղած Հրեաներուն համար, վասն զի ամէնքն ալ գիտէին թէ անոր հայրը Յոյն էր։4. Ապա կարգ մը քաղաքներէ անցնելով, Երուսաղէմ եղած առաքեալներէն ու երէցներէն ապսպրուած հրամանները կ’աւանդէին անոնց որ պահեն։5. Եկեղեցիներն ալ հաւատքի մէջ կը հաստատուէին եւ օրէ օր անոնց թիւը կ’աւելնար։6. Փռիւգիոյ ու Գաղատացիներու կողմերը պտըտեցան. հոն Սուրբ Հոգին արգիլեց որ Աստուծոյ խօսքը Ասիայի մէջ խօսին,7. Երբ Միւսիայի կողմերը երթալով կը ջանային դէպի Բիւթանիա երթալ. [Յիսուսի] Հոգին թող չտուաւ անոնց։8. Ուստի Միւսիայի քովէն անցնելով Տրովադա գացին։9. Հոն գիշերը Պօղոսին տեսիլք մը երեւցաւ. Մակեդոնացի մարդ մը կայներ կ’աղաչէր անոր ու կ’ըսէր. «Մակեդոնիա՛ անցիր եւ օգնէ՛ մեզի»։10. Երբ այն տեսիլքը տեսաւ, շուտ մը ուզեցինք Մակեդոնիա երթալ, հասկնալով որ Տէրը մեզ կը հրաւիրէ անոնց աւետարան քարոզելու։11. Ուստի նաւով Տրովադայէն ելանք ու շիտակ Սամոթրակէ գացինք ու հետեւեալ օրը՝ Նէապոլիս,12. Անկէ ալ՝ Փիլիպպէ, որ է Մակեդոնիոյ մէկ մասին գլխաւոր քաղաքը՝ Կողովնիա։ Այն քաղաքին մէջ քանի մը օր կեցանք։13. Շաբաթ օրը քաղաքէն դուրս ելանք գետեզերքին քով՝ ուր սովորութիւն ունէին աղօթք ընելու, նստելով հաւաքուած կիներուն կը խօսէինք։14. Եւ Թիւատիր քաղաքէն ծիրանավաճառ կին մը Լիդիա անուն, որ աստուածավախ մէկն էր, մտիկ կ’ընէր. որուն սիրտը Տէրը բացաւ որ Պօղոսին ըսածներուն ուշադրութիւն ընէ։15. Հոն մկրտուեցան ինք եւ իր տունը, եւ աղաչեց ու ըսաւ. «Եթէ զիս Տէրոջը հաւատացեալ կը սեպէք, իմ տունս մտէք բնակեցէք»։ Եւ ստիպելով տարաւ մեզ։16. Օր մը՝ երբ մենք աղօթքի կ’երթայինք, աղախին մը պատահեցաւ մեզի, որ հարցուկ ոգի ունէր եւ գուշակութիւն ընելով՝ իր տէրերուն շատ վաստակ կը բերէր։17. Ասիկա Պօղոսին եւ մեր ետեւէն իյնալով՝ կը պոռար ու կ’ըսէր. «Այս մարդիկը Բարձրեալն Աստուծոյ ծառաներն են, որոնք մեզի փրկութեան ճամբան կը քարոզեն»։18. Այս բանը շատ օրեր կ’ընէր. իսկ Պօղոս վշտանալով՝ դարձաւ ու ըսաւ այն ոգիին. «Յիսուս Քրիստոսին անունով հրաման կ’ընեմ քեզի, Ելի՛ր ատկէ»։ Նոյն ժամուն ելաւ։19. Երբ տեսան անոր տէրերը, որ իրենց վաստակին յոյսը կտրեցաւ, Պօղոսը ու Շիղան բռնեցին ու հրապարակը քաշեցին իշխաններուն առջեւ։20. Ապա տարին զանոնք զօրագլուխներուն քով ու ըսին. «Այս մարդիկը մեր քաղաքը իրար կ’անցընեն. իրենք Հրեայ են21. Եւ այնպիսի սովորութիւններ կը քարոզեն, որոնք արժան չէ մեզի ընդունիլ, ո՛չ ալ ընել, վասն զի Հռովմայեցի ենք»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981