Աստվածաշունչը մեկ տարում Հուլիս 112 քրոնիկները 17:1-191. Անոր տեղը անոր որդին Յովսափատը թագաւոր եղաւ ու Իսրայէլին դէմ զօրացաւ։2. Յուդային բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն մէջ զօրքեր դրաւ ու Յուդայի երկրին մէջ ու անոր հօրը Ասային առած Եփրեմին քաղաքներուն մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ։3. Տէրը Յովսափատին հետ էր. քանզի անիկա իր հօրը Դաւիթին ճամբաներուն մէջ քալեց ու Բահաղիմը չփնտռեց,4. Հապա իր հօրը Աստուածը փնտռեց, անոր պատուիրանքներուն մէջ քալելով եւ ո՛չ թէ Իսրայէլին պէս ընելով ։5. Տէրը թագաւորութիւնը անոր ձեռքին մէջ հաստատեց ու բոլոր Յուդան Յովսափատին ընծաներ կը բերէր։ Անոր հարստութիւնն ու փառքը շատցաւ։6. Անոր սիրտը Տէրոջը ճամբաներուն մէջ զօրացաւ։ Անիկա բարձր տեղերն ու Աստարովթին կուռքերն ալ Յուդայէն վերցուց։7. Իր թագաւորութեան երրորդ տարին իր իշխանները՝ Բենհայիլը, Աբդիան, Զաքարիան, Նաթանայէլը ու Միքիան՝ ղրկեց, որպէս զի Յուդային քաղաքներուն մէջ սորվեցնեն։8. Անոնց հետ էին Սեմայիա, Նաթանիա, Զաբադիա, Ասայէլ, Սեմիրամովթ, Յովնաթան, Ադոնիա, Տուբիա ու Տոբադոնիա Ղեւտացիները. նաեւ անոնց հետ՝ Եղիսամա ու Յովրամ քահանաները։9. Յուդայի մէջ կը սորվեցնէին ու Տէրոջը օրէնքի գիրքը անոնց հետ էր։ Յուդայի բոլոր քաղաքները կը պտըտէին ու ժողովուրդին կը սորվեցնէին։10. Յուդային բոլորտիքը եղող երկիրներուն բոլոր թագաւորութիւններուն վրայ Տէրոջը վախը ինկաւ ու Յովսափատին հետ պատերազմ չըրին։11. Փղշտացիներէն ալ Յովսափատին ընծաներ ու տուրք բերին։ Արաբացիներն ալ հօտերէն եօթը հազար եօթը հարիւր խոյ ու եօթը հազար եօթը հարիւր նոխազ բերին անոր։12. Յովսափատ երթալով խիստ մեծցաւ ու Յուդայի մէջ բերդեր ու շտեմարանի քաղաքներ շինեց։13. Անիկա Յուդայի քաղաքներուն մէջ շատ գործեր ունէր ու Երուսաղէմի մէջ զօրաւոր կտրիճներ ու պատերազմող մարդիկ ունէր ։14. Այս էր անոնց թիւը իրենց ազգատոհմերուն համեմատ. Յուդայի հազարապետները՝ Եդնա իշխանը ու անոր հետ երեք հարիւր հազար զօրաւոր կտրիճներ։15. Անկէ ետքը Յօհանա իշխանը ու անոր հետ երկու հարիւր ութսուն հազար մարդիկ։16. Անկէ ետքը Զեքրիի որդին Ամասիան, որ Տէրոջը ուխտաւորն էր ու անոր հետ երկու հարիւր հազար զօրաւոր կտրիճներ.17. Բենիամինէն զօրաւոր կտրիճ Եղիադան եւ անոր հետ երկու հարիւր հազար աղեղնաւոր ու ասպարաւոր մարդիկ.18. Անկէ ետքը Յովզաբադն ու անոր հետ հարիւր ութսուն հազար սպառազինեալ մարդիկ։19. Ասոնք էին թագաւորին ծառայութիւն ընողները, բացի այն մարդոցմէ, որոնք թագաւորը բոլոր Յուդայի պարսպապատ քաղաքներուն մէջ դրաւ։2 քրոնիկները 18:1-341. Յովսափատ խիստ շատ հարստութիւն ու փառք ունեցաւ եւ Աքաաբին հետ խնամութիւն ըրաւ։2. Մէկ քանի տարի ետքը Սամարիա գնաց Աքաաբին։ Աքաաբ անոր ու անոր հետ եղող ժողովուրդին խիստ շատ ոչխարներ ու արջառներ մորթեց ու զանիկա համոզեց, որ Ռամովթ-Գաղաադ երթայ։3. Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը Յուդայի Յովսափատ թագաւորին ըսաւ. «Ինծի հետ Ռամովթ-Գաղաադ կ’երթա՞ս»։ Յովսափատ ըսաւ. «Ես քեզի պէս եմ ու իմ ժողովուրդս քու ժողովուդիդ պէս է։ Քեզի հետ պատերազմի երթանք »։4. Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Նախ Տէրոջը կամքը հարցուր»։5. Իսրայէլի թագաւորը մարգարէները հաւաքեց, որոնք չորս հարիւր հոգի էին ու անոնց ըսաւ. «Ռամովթ-Գաղաադի վրայ պատերազմելու երթա՞նք, թէ ետ կենամ»։ Անոնք ըսին. «Գնա՛, վասն զի Աստուած զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ»։6. Յովսափատ ըսաւ. «Այստեղ Տէրոջը ուրիշ մարգարէ մըն ալ չկա՞յ, որպէս զի անոր ալ հարցնենք»։7. Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Ուրիշ մարդ մըն ալ կայ, որուն միջոցով կրնանք Տէրոջը հարցնել, բայց ես զանիկա կ’ատեմ, քանզի ինծի համար աղէկ մարգարէութիւն չ’ըներ, հապա՝ միշտ գէշ. անիկա Յեմլային որդին Միքիան է»։ Յովսափատ ըսաւ. «Թագաւորը այդպէս թող չխօսի»։8. Իսրայէլի թագաւորը ներքինի մը կանչեց ու ըսաւ. «Յեմլային որդին Միքիան շուտով հոս բեր»։9. Իսրայէլի թագաւորը ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը, Սամարիային դրանը առջեւի հրապարակին մէջ, ամէն մէկը փառաւոր զգեստներ հագած, իր աթոռին վրայ նստեր էր ու բոլոր մարգարէները անոնց առջեւ մարգարէութիւն կ’ընէին։10. Քանանային որդին Սեդեկիան իրեն երկաթէ եղջիւրներ շինեց ու ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ասորիները ասոնցմով պիտի զարնես, մինչեւ որ զանոնք բնաջինջ ընես’»։11. Բոլոր մարգարէներն ալ այնպէս կը մարգարէանային ու կ’ըսէին. «Ռամովթ-Գաղաադ ելի՛ր ու յաջողութիւն պիտի ունենաս եւ Տէրը զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ»։12. Միքիան կանչելու գացող մարդը խօսեցաւ անոր՝ ըսելով. «Ահա բոլոր մարգարէները մէկ բերնով թագաւորին համար նպաստաւոր խօսեցան. թող քու խօսքդ ալ անոնց մէկուն խօսքին պէս ըլլայ»։13. Իսկ Միքիա ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ իմ Աստուածս ինծի ինչ որ ըսէ, այն պիտի ըսեմ»։14. Երբ անիկա թագաւորին գնաց, թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Միքիա, Ռամովթ-Գաղաադ պատերազմելու երթա՞նք, թէ ետ կենանք»։ Անիկա ըսաւ. «Ելէ՛ք ու յաջողութիւն պիտի ունենաք ու ձեր ձեռքը պիտի տրուին»։15. Թագաւորը անոր ըսաւ. «Մինչեւ քանի՞ անգամ երդմնցնեմ քեզ, որպէս զի Տէրոջը անունովը ճշմարիտը միայն խօսիս ինծի»։16. Անիկա ըսաւ. «Բոլոր Իսրայէլը հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս լեռներու վրայ ցրուած տեսայ եւ Տէրը ըսաւ. «‘Ասոնք տէր չունին’. ամէն մարդ խաղաղութեամբ թող իր տունը դառնայ»։17. Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Քեզի չըսի՞ թէ անիկա ինծի համար աղէկ մարգարէութիւն չ’ըներ, հապա գէշ»։18. Միքիա ըսաւ. «Ուրեմն Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէք. Տէրը իր աթոռին վրայ նստած տեսայ ու երկնքի բոլոր զօրքերը անոր աջ կողմը ու ձախ կողմը կայներ էին19. Եւ Տէրը ըսաւ. ‘Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը ո՞վ կրնայ խաբել, որպէս զի Ռամովթ-Գաղաադ ելլէ ու կորսուի’։ Մէկը այսպէս ու միւսը այնպէս ըսաւ։20. Ու ոգի մը ելաւ եւ Տէրոջը առջեւ կայնեցաւ ու ըսաւ. ‘Զանիկա ես կը խաբեմ’։ Եւ Տէրը անոր ըսաւ. ‘Ի՞նչ միջոցով’։21. Անիկա ըսաւ. ‘Ելլեմ ու անոր բոլոր մարգարէներուն բերանը սուտ ոգի դնեմ’։ Տէրը անոր ըսաւ. ‘Դուն պիտի խաբես ու պիտի յաջողիս։ Ելի՛ր ու այնպէս ըրէ՛’։22. Ահա Տէրը այս քու մարգարէներուդ բերանը սուտ ոգի դրեր է. Տէրը քեզի համար չարիք խօսեցաւ»։23. Այն ատեն Քանանային որդին Սեդեկիան մօտեցաւ ու Միքիային ծնօտին զարկաւ ու ըսաւ. «Տէրոջը Հոգին ի՞նչպէս իմ քովէս ելաւ՝ քեզի հետ խօելու համար»։24. Միքիան ըսաւ. «Դուն ալ պիտի տեսնես այն օրը որ պահուելու համար սենեակէ սենեակ պիտի մտնես»։25. Թագաւորը ըսաւ. «Միքիան առէք ու զանիկա Ամոն քաղաքապետին եւ թագաւորին որդիին Յովասին տարէք26. Ու ըսէք՝ թագաւորը այսպէս կըսէ. ‘Զանիկա բանտը դրէք։ Մինչեւ որ ես խաղաղութեամբ դառնամ, զանիկա նեղութեան հացով ու նեղութեան ջրով կերակրեցէ՛ք’»։27. Միքիան ըսաւ. «Եթէ երբեք խաղաղութեամբ դառնաս, Տէրը ինծմով խօսած չըլլայ» ու ըսաւ. «Ո՛վ ժողովուրդներ, ամէնքդ ալ լսեցէ՛ք»։28. Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Ռամովթ-Գաղաադ ելան։29. Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Կերպարանքս պիտի փոխեմ ու այնպէս պատերազմի պիտի մտնեմ. բայց դուն քու հագուստդ հագիր»։ Իսրայէլի թագաւորը իր կերպարանքը փոխեց ու պատերազմի մէջ մտան։30. Ասորիներուն թագաւորը իր կառքերու պետին պատուիրեց ու ըսաւ. «Պզտիկի կամ մեծի հետ մի՛ պատերազմիք, բայց միայն Իսրայէլի թագաւորին հետ»։31. Ու երբ կառքերու իշխանները Յովսափատը տեսան՝ «Իսրայէլի թագաւորը ասիկա է», ըսելով, անոր դէմ պատերազմելու գացին։ Յովսափատ աղաղակեց ու Տէրը իրեն օգնութիւն ըրաւ եւ Աստուած զանոնք իրմէ դարձուց։32. Երբ կառքերու իշխանները տեսան թէ անիկա Իսրայէլի թագաւորը չէ, անկէ ետ դարձան։33. Եւ մարդ մը առանց դիտելու՝ ՝ իր աղեղը քաշեց ու Իսրայէլի թագաւորը զրահին օղակներուն մէջէն՝ ՝ զարկաւ. այն ատեն անիկա իր կառավարին ըսաւ. «Ձեռքդ դարձուր ու զիս բանակէն հանէ, քանզի վիրաւորուեցայ»։34. Այն օրը պատերազմը սաստկացաւ ու Իսրայէլի թագաւորը մինչեւ իրիկուն Ասորիներուն դէմ իր կառքին մէջ կեցաւ ու արեւուն մարը մտած ատենը մեռաւ։Սաղմոսներ 81:11-1611. Բայց իմ ժողովուրդս մտիկ չըրաւ իմ ձայնիս Ու Իսրայէլ զիս չուզեց։12. Ուստի զանոնք իրենց սրտին կամակորութեանը թողուցի, Որպէս զի իրենց խորհուրդներուն համեմատ քալեն։13. Երանի՜ թէ իմ ժողովուրդս ինծի մտիկ ընէր Ու Իսրայէլ իմ ճամբաներուս մէջ քալէր։14. Շուտով պիտի խոնարհեցնէի անոնց թշնամիները Ու ձեռքս պիտի դարձնէի անոնց նեղիչներուն դէմ։15. Տէրը ատողները խոնարհութիւն պիտի ընէին իրեն Ու անոնց ժամանակը յաւիտեան պիտի ըլլար։16. Ան պիտի կերակրէր ձեզ պարարտ ցորենով Ու վէմէն վազած մեղրով ձեզ պիտի կշտացնէր»։Առակներ 20:26-2826. Իմաստուն թագաւորը ամբարիշտները կը զատէ Ու անիւը անոնց վրայ կը քշէ։27. Մարդուն հոգին Տէրոջը լոյսն է, Սրտին բոլոր շտեմարանները կը քննէ։28. Ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը թագաւորը կը պահեն, Անիկա ալ իր աթոռը ողորմութեամբ կը հաստատէ։Գործեր 16:22-4022. Բազմութիւնը անոնց վրայ դիզուեցաւ. զօրագլուխներն ալ բռնութեամբ անոնց հանդերձները հանեցին եւ հրաման ըրին որ զանոնք ծեծեն։23. Անոնց շատ վէրքեր տալէ յետոյ բանտ դրին, պատուիրելով բանտապետին որ զգուշութեամբ պահէ զանոնք։24. Ան ալ այսպէս հրաման առնելով՝ զանոնք ներսի բանտը դրաւ ու ոտքերնին կոճղի մէջ ամրացուց։25. Կէս գիշերին Պօղոս ու Շիղա աղօթք կ’ընէին եւ Աստուած կ’օրհնէին ու բանտարկեալներն ալ մտիկ կ’ընէին։26. Յանկարծ մեծ շարժ մը եղաւ, այնպէս որ բանտին հիմերը սասանեցան, անմիջապէս բոլոր դռները բացուեցան, ամենուն կապերը արձակուեցան։27. Բանտապետը, երբ արթնցաւ ու բանտին դռները բացուած տեսաւ, թուրը քաշեց եւ ինքզինք պիտի սպաննէր, կարծելով թէ կապուածները փախեր են։28. Բայց Պօղոս բարձր ձայնով կանչեց ու ըսաւ. «Դուն քու անձիդ վնաս մը մի՛ ըներ, վասն զի ամէնքս ալ հոս ենք»։29. Անիկա ճրագ մը ուզեց ու ներս վազեց եւ դողալով Պօղոսին ու Շիղային առջեւ ինկաւ30. Եւ զանոնք դուրս բերելով՝ ըսաւ. «Տէ՛րեր, ի՞նչ պէտք է ընեմ, որ փրկուիմ»։31. Անոնք ալ ըսին. «Հաւատա՛ Տէր Յիսուս Քրիստոսին ու պիտի փրկուիք դուն եւ քու տունդ»։32. Եւ Տէրոջը խօսքը խօսեցան անոր ու այն ամենուն որոնք անոր տանը մէջ էին։33. Բանտապետը առաւ զանոնք գիշերուան նոյն ժամուն ու անոնց վէրքերը լուաց եւ մկրտուեցան ինք ու բոլոր իրենները։34. Զանոնք իր տունը տանելով՝ անոնց առջեւ սեղան դրաւ եւ բոլոր տունով ուրախացան՝ Աստուծոյ հաւատալով։35. Առտուն զօրագլուխները սպասաւորներ ղրկեցին ու ըսին. «Արձակէ՛ այդ մարդիկը»։36. Բանտապետն ալ այն խօսքերը Պօղոսին պատմեց, թէ՝ ‘Զօրագլուխները ղրկեցին, որ արձակուիք. ուստի հիմա ելէք եւ խաղաղութեամբ գացէք’։37. Պօղոս ըսաւ անոնց. «Մեզ՝ որ չդատապարտուած Հռովմայեցի մարդիկ ենք՝ յայտնապէս ծեծելով բանտը դրին ու հիմա գաղտո՞ւկ կը հանեն։ Ո՛չ, հապա թող իրենք գան ու մեզ հանեն»։38. Սպասաւորները զօրագլուխներուն պատմեցին այդ խօսքերը։ Անոնք ալ, երբ լսեցին թէ Հռովմայեցի են՝ վախցան ու եկան քաղցրութեամբ խօսեցան անոնց հետ39. Եւ դուրս հանելով՝ կ’աղաչէին որ այն քաղաքէն երթան։40. Անոնք ալ բանտէն ելլելով՝ Լիդիայի տունը մտան ու եղբայրները տեսնելով՝ մխիթարեցին զանոնք եւ գացին։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981