Աստվածաշունչը մեկ տարում Հուլիս 122 քրոնիկները 19:1-111. Յուդայի Յովսափատ թագաւորը խաղաղութեամբ Երուսաղէմ իր տունը դարձաւ։2. Անանիին որդին Յէու տեսանողը անոր դէմ ելաւ ու Յովսափատ թագաւորին ըսաւ. «Պէ՞տք էր որ մեղաւորին օգնէիր ու Տէրը ատողները սիրէիր։ Ահա ասոր համար Տէրը քեզի դէմ բարկացած է։3. Բայց քու վրադ բարի բաներ գտնուեցան. քանզի Աստարովթին կուռքերը երկրէն բնաջինջ ըրիր ու քու սիրտդ Աստուած փնտռելու պատրաստեցիր»։4. Յովսափատ Երուսաղէմի մէջ կը բնակէր ու նորէն ելաւ ժողովուրդին մէջ պտըտեցաւ, Բերսաբէէէն մինչեւ Եփրեմին լեռը ու զանոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն դարձուց։5. Երկրին մէջ բոլոր քաղաքներուն դատաւորներ դրաւ, նոյնպէս Յուդային բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն մէջ։6. Դատաւորներուն ըսաւ. «Նայեցէ՛ք թէ ի՛նչ կ’ընէք, քանզի ձեր դատաստանը մարդու չվերաբերիր, հապա Տէրոջը, որ դատաստանի մէջ ձեզի հետ է։7. Ուրեմն Տէրոջը վախը ձեր վրայ ըլլայ, զգուշութեամբ գործեցէք. քանզի մեր Տէր Աստուծոյն քով անիրաւութիւն, աչառութիւն ու կաշառք չկայ»։8. Յովսափատ Երուսաղէմի մէջ ալ որոշ թուով Ղեւտացիներ ու քահանաներ ու Իսրայէլէն նահապետներ որոշեց՝ Տէրոջը դատաստանին եւ վիճելի հարցերը վճռելու համար։ Անոնք Երուսաղէմ դարձան։9. Անոնց պատուէր տուաւ ու ըսաւ. «Տէրոջը վախովը, հաւատարմութեամբ եւ ուղիղ սրտով ըրէք։10. Երբ քաղաքներուն մէջ բնակող ձեր եղբայրներէն դատ մը գայ ձեր առջեւ՝ թէ՛ արիւնահեղութեան, թէ՛ օրէնքի ու պատուիրանքի եւ թէ՛ կանոններու եւ օրէնքներու, անոնց խրատ տուէք, որ Տէրոջը դէմ յանցանք չգործեն. որպէս զի ձեր վրայ ու ձեր եղբայրներուն վրայ բարկութիւն չգայ։ Այսպէս ըրէք, որպէս զի յանցաւոր չըլլաք։11. Ահա Տէրոջը ոեւէ գործի համար Ամարիա մեծ քահանան ձեր առաջնորդն է ու թագաւորին ոեւէ գործի համար Յուդային տանը իշխանը Իսմայէլին որդին Զաբադիան ու ձեր առջեւէն Ղեւտացիները ոստիկաններ են։ Զօրացէք ու այսպէս ըրէք ու Տէրը բարիին հետ պիտի ըլլայ»։2 քրոնիկները 20:1-371. Ասկէ ետքը Մովաբի որդիները ու Ամմոնին որդիները ու անոնց հետ Ամմոնացիներէն ալ Յովսափատին հետ պատերազմելու եկան։2. Քանի մը հոգի գացին ու Յովսափատին պատմեցին ու ըսին. «Քու վրադ ծովուն անդիի կողմէն Ասորիներուն մէջէն մեծ բազմութիւն կու գայ։ Անոնք Ասասանթամարի (այսինքն Ենգադդիի) մէջ են»։3. Յովսափատ վախցաւ ու Տէրը փնտռելու ետեւէ եղաւ՝ ՝ եւ բոլոր Յուդայի մէջ ծոմապահութիւն քարոզեց։4. Յուդայեանները հաւաքուեցան որպէս զի Տէրոջմէ օգնութիւն խնդրեն ու Յուդային բոլոր քաղաքներէն ալ եկան։5. Յովսափատ Տէրոջը տանը մէջ, նոր գաւիթին առջեւ, Յուդային ու Երուսաղէմին ժողովուրդին մէջ կեցաւ6. Ու ըսաւ. «Ո՛վ մեր հայրերուն Տէր Աստուածը, դուն այն Աստուածը չե՞ս որ երկինքը կը բնակիս ու բոլոր ազգերուն թագաւորութիւններուն վրայ կը տիրես եւ քու ձեռքիդ մէջ այնպիսի զօրութիւն եւ ոյժ մը կայ, որ բնաւ մէկը չի կրնար քեզի դէմ դնել։7. Չէ՞ որ դուն, ո՛վ Աստուած, այս երկրին բնակիչները քու Իսրայէլ ժողովուրդիդ առջեւէն վռնտեցիր ու զանիկա յաւիտեան քու սիրելիիդ, Աբրահամին սերունդին տուիր։8. Անոնք հոն բնակեցան ու հոն քու անուանդ համար քեզի սրբարան մը շինեցին ու ըսին.9. ‘Եթէ մեր վրայ չարիք, սուր, դատաստան, ժանտախտ, կամ սով գայ, մենք այս տանը առջեւ ու քու առջեւդ կենանք (վասն զի այս տանը մէջ քու անունդ կայ) ու մեր նեղութեան ատենը քեզի աղաղակենք, այն ատեն լսես ու մեզ ազատես’։10. Ահա Ամմոնին ու Մովաբին որդիները ու Սէիր լերանը բնակիչները ՝ որոնց մէջ մտնելու հրաման չտուիր Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսէն ելած ատենը, հապա անոնցմէ խոտորեցան ու զանոնք չկորսնցուցին՝11. Ահա անոնք մեզի հատուցում ընելու համար՝ կու գան մեզ վռնտելու քու ժառանգութենէդ, որ մեզի տուիր։12. Ո՛վ մեր Աստուածը, անոնց դատաստան չե՞ս ըներ. քանզի մեր վրայ եկող այս մեծ բազմութեանը դէմ դնելու զօրութիւն չունինք ու չենք գիտեր ի՛նչ ընելու ենք. ուստի մեր աչքերը քեզի կ’ուղղենք»։13. Բոլոր Յուդայեանները իրենց ընտանիքներովը, կիներովն ու տղաքներովը Տէրոջը առջեւ կեցեր էին։14. Այն ատեն Ասափին որդիներէն Ղեւտացի Մաթանիային որդիին Յէիէլին որդիին Բանիային որդիին Զաքարիային որդիին Յազիէլին վրայ Տէրոջը Հոգին եկաւ ժողովուրդին մէջ15. Ու անիկա ըսաւ. «Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչներ ու դո՛ւն, Յո՛վսափատ թագաւոր, մտիկ ըրէ՛ք, Տէրը ձեզի այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք մի՛ վախնաք ու այս մեծ բազմութեանը երեսէն մի՛ զարհուրիք, քանզի պատերազմը ձերը չէ, հապա Աստուծոյն է’։16. Վաղը անոնց վրայ իջէ՛ք. ահա անոնք Ասիսի զառիվերէն պիտի ելլեն։ Զանոնք հեղեղատին ծայրը, Յերուէլին անապատին առջեւ, պիտի գտնէք։17. Այս պատերազմին մէջ դուք պիտի չպատերազմիք. դուք երեւցէք ու կեցէ՛ք, որպէս զի Տէրոջը ձեզի ըրած փրկութիւնը տեսնէք։ Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմ. մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք. վաղը անոնց դէմ ելէ՛ք ու Տէրը ձեզի հետ պիտի ըլլայ»։18. Այն ատեն Յովսափատ երեսը գետինը ծռեց ու բոլոր Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչները Տէրոջը առջեւ երեսի վրայ ինկան ու Տէրոջը երկրպագութիւն ըրին։19. Կահաթեաններու որդիներէն ու Կորխեաններու որդիներէն եղող Ղեւտացիները Իսրայէլի Տէր Աստուածը խիստ բարձր ձայնով օրհնեցին։20. Առաւօտուն կանուխ ելան ու Թեկուէի անապատը գացին։ Անոնց երթալու ատենը Յովսափատ կեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչներ, ինծի մտիկ ըրէք. ձեր Տէր Աստուծոյն հաւատացէք ու ապահով պիտի ըլլաք։ Անոր մարգարէներուն հաւատացէ՛ք ու յաջողութիւն պիտի ունենաք»։21. Ժողովուրդին հետ խորհուրդ ըրաւ ու Տէրոջը երգողներ որոշեց, որպէս զի զօրքին առջեւէն ելլեն ու Տէրոջը սուրբ փառքը օրհնեն ու ըսեն. «Գոհացէք Տէրոջմէն, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։22. Երբ անոնք ցնծութեան երգն ու օրհնութիւնը սկսան, Յուդայի վրայ եկող Ամմոնին ու Մովաբին որդիներուն ու Սէիր լերանը բնակիչներուն դէմ Տէրը դարանակալներ հանեց եւ անոնք կոտորուեցան։23. Քանզի Ամմոնի ու Մովաբի որդիները Սէիր լերանը բնակիչներուն վրայ յարձակեցան, որպէս զի զանոնք ջարդեն ու բնաջնջեն։ Երբ Սէիրի բնակիչները հատցուցին, մէկզմէկ կոտորելու սկսան։24. Յուդայեանները անապատին մէջ եղող դիտանոցը հասնելով՝ այն բազմութեանը նայեցան եւ ահա անոնց դիակները գետնին վրայ փռուած էին ու ազատուած մը չկար։25. Այն ատեն Յովսափատ ու անոր ժողովուրդը անոնց աւարը հաւաքելու գացին ու շատ ապրանք ու պատուական ամաններ գտան ու կողոպտեցին, այնքան որ ալ չէին կրնար տանիլ։ Աւարը երեք օր հաւաքեցին, վասն զի խիստ շատ էր։26. Չորրորդ օրը Օրհնութեան Հովիտը հաւաքուեցան ու հոն Տէրը օրհնեցին։ Ատոր համար այն տեղին անունը Օրհնութեան Հովիտ կոչուեցաւ մինչեւ այսօր։27. Բոլոր Յուդայի ու Երուսաղէմի մարդիկը ու անոնց առաջնորդը Յովսափատ ուրախութեամբ Երուսաղէմ դարձան. քանզի Տէրը զիրենք իրենց թշնամիներէն ազատելով ուրախացուցեր էր28. Եւ տաւիղներով, քնարներով ու փողերով Երուսաղէմ Տէրոջը տունը գացին։29. Բոլոր երկիրներուն թագաւորութիւններուն վրայ Աստուծոյ վախը ինկաւ, երբ լսեցին թէ Տէրը Իսրայէլի թշնամիներուն հետ պատերազմեցաւ։30. Յովսափատին թագաւորութիւնը խաղաղ էր ու Աստուած զանիկա ամէն կողմանէ հանգստացուց։31. Յովսափատ Յուդայի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ։ Երեսունըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու քսանըհինգ տարի Երուսաղէմի մէջ թագաւորեց։ Անոր մօրը անունը Ազուբա էր ու Սաղիին աղջիկն էր։32. Յովսափատ իր հօրը Ասային ճամբուն մէջ քալեց ու անկէ չխոտորեցաւ՝ Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ընելով։33. Բայց բարձր տեղերը չվերցուեցան ու ժողովուրդը դեռ սրտերնին լման չէին դարձուցած իրենց հայրերուն Աստուծոյն։34. Յովսափատին մնացորդ պատմութիւնը, առաջինն ու վերջինը, ահա Իսրայէլի թագաւորներուն գրքին մէջ յիշուած Անանիին որդիին Յէուին պատմութեանը մէջ գրուած է։35. Ասկէ ետքը Յուդայի Յովսափատ թագաւորը՝ չարութիւն ընող Իսրայէլի Ոքոզիա թագաւորին հետ միաբանեցաւ36. Ու անոր հետ ընկերութիւն ըրաւ, որպէս զի Թարսիս երթալու նաւեր շինեն ու Գասիոն-Գաբերի մէջ նաւեր շինեցին։37. Մարեսացի Դօդիային որդին Եղիազարը Յովսափատին վրայ մարգարէութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Որովհետեւ դուն Ոքոզիային հետ ընկերացար, Տէրը քու գործդ աւրեց»։ Նաւերը խորտակուեցան ու չկրցան Թարսիս երթալ։Սաղմոսներ 82:1-81. Աստուած կայնած է աստուածային ժողովին մէջ, Աստուածներուն մէջ դատաստան կը տեսնէ։2. «Մինչեւ ե՞րբ անիրաւութեամբ պիտի դատէք Ու ամբարիշտներուն աչառութիւն պիտի ընէք։ (Սէլա։)3. Արդար դատաստան ըրէք աղքատին ու որբին, Խեղճին ու չքաւորին իրաւունքը պաշտպանեցէ՛ք։4. Փրկեցէ՛ք աղքատը ու տնանկը, Ամբարիշտներուն ձեռքէն ազատեցէ՛ք զանոնք »։5. Չեն իմանար ու չեն հասկնար, Խաւարի մէջ կը պտըտին։ Երկրի բոլոր հիմերը շարժեցան։6. Ես ըսի. «Դուք աստուածներ էք. Ու դուք ամէնքդ Բարձրեալին որդիներն էք,7. Բայց մարդոց պէս պիտի մեռնիք Ու իշխաններէն մէկուն պէս պիտի իյնաք»։8. Ելի՛ր, ո՛վ Աստուած, դատէ՛ երկիրը Վասն զի բոլոր ազգերը քեզի կը պատկանին։Առակներ 20:29-3029. Երիտասարդներուն զարդը անոնց ոյժն է Եւ ծերերուն փառքը ճերմակ մազն է։30. Վէրքի նշաններն ու փորի շտեմարանները հասնող հարուածները Չար մարդուն՝ ՝ մաքրողական դեղ են։Գործեր 17:1-151. Անոնք Ամփիպոլիս եւ Ապողոնիա պտըտելով՝ Թեսաղոնիկէ գացին, ուր էր Հրեաներուն ժողովարանը։2. Պօղոս ալ իր սովորութեանը պէս անոնց մէջ մտաւ եւ երեք շաբաթ օր խօսեցաւ անոնց հետ գրքերէն,3. Մեկնելով եւ անոնց առջեւ դնելով թէ՝ պէտք էր որ Քրիստոս չարչարուէր ու մեռելներէն յարութիւն առնէր եւ թէ ‘Այն Յիսուսը որ ես ձեզի կը քարոզեմ, ըսաւ, Քրիստոսն է’։4. Անոնցմէ ոմանք հաւատացին ու Պօղոսին եւ Շիղային հետ միացան. աստուածավախ Յոյներէն ալ մեծ բազմութիւն ու երեւելի կիներէն ալ հաւատացողները քիչուոր չէին։5. Բայց չհաւատացող Հրեաները նախանձեցան եւ քանի մը դատարկապորտ, անօրէն մարդիկ առնելով՝ աղմուկ հանեցին ու քաղաքը տակնուվրայ ըրին եւ Յասոնին տանը վրայ յարձակելով՝ կ’ուզէին զանոնք ժողովքին առջեւ տանիլ։6. Երբ զանոնք չգտան, Յասոնը ու մէկ քանի եղբայրներ քաշելով տարին քաղաքապետներուն առջեւ, կանչուըռտելով թէ՝ «Անոնք որ աշխարհը տակնուվրայ ըրին՝ հոս ալ հասեր են.7. Որոնք Յասոն ընդուներ է։ Ասոնք ամէնքը Կայսրին հրամաններուն դէմ կը գործեն, ըսելով թէ ուրիշ թագաւոր մը կայ՝ Յիսուս»։8. Եւ խռովեցուցին ժողովուրդն ու քաղաքապետները, որոնք այս բաները կը լսէին։9. Բայց երբ Յասոնէն եւ ուրիշներէ երաշխաւորութիւն առին, արձակեցին զանոնք։10. Իսկ եղբայրները շուտ մը գիշերով Պօղոսը եւ Շիղան Բերիա ղրկեցին, որոնք հասնելով՝ Հրեաներու ժողովարանը գացին։11. Ասոնք Թեսաղոնիկէի մէջ եղողներէն աւելի ազնիւ մարդիկ էին, որոնք Աստուծոյ խօսքը կատարեալ յօժարութեամբ ընդունեցին եւ ամէն օր գրքերը կը քննէին թէ այս բաները ճի՞շդ են։12. Անոնցմէ շատեր հաւատացին եւ պատուաւոր Յոյն կիներէն ու այրերէն հաւատացողներն ալ քիչուոր չէին։13. Բայց երբ իմացան Թեսաղոնիկեցի Հրեաները թէ Բերիայի մէջ ալ Աստուծոյ խօսքը քարոզուեցաւ Պօղոսէն, հոն ալ եկան ու ժողովուրդը գրգռեցին։14. Այն ատեն եղբայրները շուտ մը Պօղոսը ղրկեցին՝ որ մինչեւ ծովեզերքը երթայ, բայց Շիղա եւ Տիմոթէոս հոն մնացին։15. Անոնք որ Պօղոսը կը տանէին, մինչեւ Աթէնք տարին զանիկա եւ իրմէ հրաման առնելով՝ Շիղային ու Տիմոթէոսին համար, որ շուտով իրեն գան, վերադարձան։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981