Աստվածաշունչը մեկ տարում Հուլիս 132 քրոնիկները 21:1-201. Յովսափատ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ անոր որդին Յովրամը թագաւոր եղաւ։2. Յովրամին եղբայրներն էին՝ Ազարիան, Յեքիէլը, Զաքարիան, Ազարիուն, Միքայէլն ու Սափատիան։ Ասոնք ամէնքը Իսրայէլի թագաւորին՝ Յովսափատին որդիներն էին։3. Անոնց հայրը արծաթ ու ոսկի ու թանկագին բաներ, շատ պարգեւներ տուաւ անոնց, նաեւ Յուդայի մէջ պարսպապատ քաղաքներ, բայց թագաւորութիւնը Յովրամին տուաւ, քանզի անդրանիկը ան էր։4. Երբ Յովրամ իր հօրը թագաւորութեան աթոռը նստաւ ու զօրացաւ, իր բոլոր եղբայրներն ու Իսրայէլի իշխաններէն մէկ քանիները սրով մեռցուց։5. Յովրամ երեսունըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ ութը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։6. Անիկա Աքաաբին տանը ըրածին պէս Իսրայէլին թագաւորներուն ճամբուն մէջ քալեց (քանզի Աքաաբին աղջիկը անոր կինն էր) ու Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։7. Բայց Տէրը, Դաւիթին հետ ըրած ուխտին համար եւ անոր ու անոր որդիներուն միշտ ճրագ մը տալու խոստումին համար, Դաւիթին տունը կորսնցնել չուզեց։8. Ասոր օրերը Եդովմայեցիները Յուդային ձեռքին տակէն ապստամբեցան ու իրենց վրայ թագաւոր մը դրին։9. Յովրամ իր իշխաններովն ու բոլոր կառքերովը գիշերով գնաց եւ իր չորս կողմը գտնուող Եդովմայեցիներն ու կառքերու իշխանները զարկաւ։10. Բայց Եդովմայեցիները Յուդային ձեռքին տակէն ապստամբ մնացին մինչեւ այսօր։ Այն ատեն Լեբնա ալ անոր ձեռքին տակէն ապստամբեցաւ, քանզի անիկա իր հայրերուն Տէր Աստուածը թողուցեր էր։11. Անիկա Յուդայի լեռներուն վրայ բարձր տեղեր ալ շինեց ու Երուսաղէմին բնակիչներուն պոռնկութիւն ընել տուաւ եւ Յուդան գլխէ հանեց։12. Եղիա մարգարէէն անոր թուղթ մը եկաւ, որով կ’ըսէր. «Քու հօրդ Դաւիթին Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ քու հօրդ Յովսափատին ճամբաներէն ու Յուդային Ասա թագաւորին ճամբաներէն չքալեցիր,13. Հապա Իսրայէլի թագաւորներուն ճամբաներէն քալեցիր եւ Յուդային ու Երուսաղէմին բնակիչներուն՝ Աքաաբին տանը պոռնկութիւններուն պէս պոռնկութիւն ընել տուիր ու նաեւ քեզմէ աղէկ եղող եղբայրներդ, քու հօրդ որդիները մեռցուցիր,14. Ահա քու ժողովուրդդ, քու որդիներդ ու կիներդ եւ քու բոլոր ստացուածքդ մեծ հարուածով պիտի զարնեմ15. Ու դուն չարաչար պիտի հիւանդանաս փորի հիւանդութիւնով, մինչեւ որ փորոտիքդ դուրս թափին այն հիւանդութեան պատճառով, որ օրէ օր պիտի սաստկանայ ’»։16. Տէրը Յովրամին դէմ գրգռեց Փղշտացիները ու Եթովպիացիներուն մօտերը բնակող Արաբացիները17. Եւ անոնք Յուդայի վրայ ելան ու զանիկա կողոպտեցին եւ թագաւորին տանը մէջ գտնուած բոլոր ստացուածքը ու անոր որդիներն ու կիներն ալ քշեցին տարին ու անոր որդիներէն միայն անոր պզտիկ որդին Յովաքազը ազատուեցաւ։18. Այս բոլոր բաներէն ետքը՝ Տէրը զանիկա այնպիսի փորոտիքի հիւանդութեամբ մը զարկաւ, որ անբժշկելի էր։19. Ժամանակի ընթացքին, այսինքն երկու տարիի չափ ժամանակ անցնելէն ետքը, իր հիւանդութենէն փորոտիքը դուրս թափեցան ու չարաչար հիւանդութիւնով մեռաւ։ Ժողովուրդը անոր վրայ խունկեր չծխեցին, ինչպէս անոր հայրերուն վրայ ծխեր էին։20. Անիկա թագաւոր եղած ատենը երեսունըերկու տարեկան էր եւ ութը տարի Երուսաղէմի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ։ Անիկա մեռաւ եւ ոեւէ մէկը անոր վրայ չցաւեցաւ՝ ՝։ Զանիկա ալ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին, բայց ոչ թէ թագաւորներու գերեզմաններուն մէջ։2 քրոնիկները 22:1-121. Երուսաղէմի բնակիչները անոր տեղ անոր պզտիկ որդին Ոքոզիան թագաւոր ըրին. քանզի Արաբացիներուն հետ բանակը եղող գունդերը բոլոր մեծերը մեռցուցեր էին։ Այսպէս Յուդային Յովրամ թագաւորին որդին Ոքոզիան թագաւորեց։2. Ոքոզիան քառասունըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ մէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Գոթողիա էր ու Ամրիին աղջիկն էր։3. Անիկա ալ Աքաաբին տանը ճամբաներուն մէջ քալեց. քանզի անոր մայրը չարութիւն ընելու խորհուրդ կու տար անոր։4. Անիկա Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ Աքաաբին տանը պէս. վասն զի իր հօրը մեռնելէն ետքը անոնք էին իր խորհրդականները՝ իր կործանման համար։5. Անիկա անոնց խորհուրդովը գնաց ու Աքաաբեան Յովրամին, Իսրայէլի թագաւորին հետ Ասորիներուն Ազայէլ թագաւորին վրայ Ռամովթ-Գաղաադ պատերազմելու գնաց։ Ասորիները Յովրամը զարկին։6. Եւ անիկա դարձաւ որպէս զի Յեզրայէլի մէջ բժշկուի այն վէրքերէն, որոնք Ասորիները իրեն տուեր էին Ռամովթի մէջ, Ասորիներու Ազայէլ թագաւորին հետ պատերազմ ըրած ատենը։ Յուդայի թագաւորը՝ Յովրամին որդին՝ Ազարիան՝ Յեզրայէլ իջաւ, Աքաաբին որդին Յովրամը տեսնելու, վասն զի անիկա հիւանդ էր։7. Ոքոզիային կործանումը Աստուծմէ եղաւ՝ Յովրամին քով երթալովը. վասն զի երբ անիկա հոն գնաց, Նամեսսեան Յէուն դիմաւորելու ելաւ, որ Տէրը օծեր էր Աքաաբին տունը բնաջինջ ընելու համար։8. Երբ Յէուն Աքաաբին տանը վրայ Աստուծոյ վճիռը կը գործադրէր, Յուդային իշխանները եւ Ոքոզիային ծառայութիւն ընող Ոքոզիային եղբօրորդիները գտաւ ու զանոնք մեռցուց.9. Ոքոզիան ալ փնտռեց, որ Սամարիայի մէջ պահուած էր։ Զանիկա բռնեցին եւ Յէուին բերելով մեռցուցին ու թաղեցին, քանզի ըսին. «Ասիկա բոլոր սրտով Տէրը խնդրող Յովսափատին որդին է»։ Ոքոզիային տունէն մէկը չկար՝ որ թագաւորութիւնը պահելու կարող ըլլար։10. Իսկ Ոքոզիային մայրը Գոթողիան իր որդիին մեռնիլը տեսնելով՝ ելաւ ու Յուդային տանը բոլոր թագաւորական սերունդը բնաջինջ ըրաւ։11. Բայց թագաւորին աղջիկը Յօսաբէէ Ոքոզիային որդին Յովասը առաւ ու թագաւորին սպաննուած որդիներուն մէջէն փախցուց զանիկա եւ անոր դայեակին հետ անկողիններու սենեակին մէջ դրաւ զանիկա ու այսպէս Յովրամ թագաւորին աղջիկը, Յովիադա քահանային կինը Յօսաբէէն, Ոքոզիային քոյրը ըլլալով՝ Գոթողիան պահեց, որ զանիկա չմեռցնէ։12. Եւ Յովաս անոնց հետ վեց տարի Աստուծոյ տանը մէջ պահուեցաւ, երբ երկրին վրայ Գոթողիա թագաւորութիւն կ’ընէր։Սաղմոսներ 83:1-81. Ո՛վ Աստուած, լուռ մի՛ կենար. Անձայն մի՛ ըլլար ու հանդարտ մի՛ կենար, ո՛վ Աստուած։2. Վասն զի ահա քու թշնամիներդ կը գոռան Ու քեզ ատողները գլուխ կը վերցնեն։3. Խորամանկութեան հնարք կը գտնեն քու ժողովուրդիդ դէմ Ու խորհուրդ կ’ընեն քու պահպանածներուդ դէմ։4. Կ’ըսեն. «Եկէ՛ք, կորսնցնե՛նք զանոնք, որպէս զի ազգ չըլլան Ու ալ չյիշուի Իսրայէլին անունը»։5. Վասն զի միաբան սրտով խորհուրդ ըրին Ու քեզի դէմ դաշնակցութիւն ըրին6. Եդովմին վրանները ու Իսմայելացիները, Մովաբն ու Հագարացիները,7. Գեբաղն ու Ամմոնը եւ Ամաղէկը, Փղշտացիները՝ Տիւրոսի բնակիչներուն հետ։8. Նաեւ Ասուր անոնց հետ միաբանեցաւ, Ղովտին որդիներուն ձեռնտու եղան։ (Սէլա։)Առակներ 21:1-11. Թագաւորին սիրտը ջուրի վտակներու պէս է Տէրոջ ձեռքին մէջ, Զանիկա ո՛ր կողմը ուզէ կը դարձնէ։Գործեր 17:16-3416. Պօղոս Աթէնքի մէջ անոնց սպասելով՝ իր հոգին անհանգիստ էր ներսիդին, վասն զի քաղաքը բոլորովին կռապաշտութեան մէջ ընկղմած կը տեսնէր։17. Ուստի ժողովարանին մէջ կը խօսէր Հրեաներուն ու բարեպաշտ մարդոց եւ ամէն օր հրապարակներուն մէջ՝ որոնց որ պատահէր։18. Ու Եպիկուրեան եւ Ստոյիկեան փիլիսոփաներէն մէկ քանիներ իրեն հետ հակաճառութիւն կ’ընէին։ Ոմանք կ’ըսէին. «Այս սերմանաքաղը ի՞նչ ըսել կ’ուզէ»։ Ուրիշներ ալ կ’ըսէին. «Կ’երեւի թէ օտար աստուածներու քարոզիչ է». վասն զի Յիսուսը ու յարութիւնը կ’աւետարանէր անոնց։19. Առին զանիկա Արիսպագոս տարին ու կ’ըսէին. «Կրնա՞նք իմանալ թէ ի՞նչ է այդ նոր վարդապետութիւնը, որ դուն կը քարոզես.20. Քանզի մեր ականջներուն օտար բաներ կը բերես, ուրեմն կ’ուզենք իմանալ թէ ի՞նչ պիտի ըլլան անոնք»։21. (Վասն զի Աթենացիները ամէնքն ալ ու հոն կեցող օտարականները ուրիշ բանի չէին պարապեր, բայց միայն նոր բան խօսելու կամ լսելու։)22. Այն ատեն Պօղոս Արիսպագոսի մէջ կայնեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Աթենացի մարդիկ, ամէն կողմանէ խիստ կրօնասէր կը տեսնեմ ձեզ։23. Քանզի ես պտըտելով ու ձեր պաշտամունքը զննելով՝ սեղան մը գտայ, որուն վրայ գրուած էր, ԱՆԾԱՆՕԹ ԱՍՏՈՒԾՈՅՆ. ուստի զանիկա որ դուք չճանչնալով կը պաշտէք, ես նոյնը ձեզի կը քարոզեմ։24. Աստուած, որ աշխարհը ստեղծեց եւ անոր մէջի բոլոր բաները, անիկա երկնքի ու երկրի Տէրն ըլլալով՝ ո՛չ ձեռագործ տաճարներու մէջ կը բնակի,25. Ո՛չ ալ մարդոց ձեռքով կը պաշտուի՝ բանի մը կարօտի պէս. քանզի ինք կու տայ ամենուն կեանք ու շունչ եւ ամէն բան։26. Բոլոր ազգերը մէկ արիւնէ ըրաւ, որպէս զի բոլոր երկրի երեսին վրայ բնակին եւ որոշուած ժամանակներ հաստատեց ու անոնց բնակութեան սահմանները՝ Աստուած փնտռելու.27. Որպէս զի խարխափելով զինք գտնեն. թէպէտեւ մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ.28. Վասն զի անով կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք, ինչպէս ձեր բանաստեղծներէն մէկ քանիներն ալ ըսին. ‘Քանզի մենք անոր ցեղէն ալ ենք’։29. Ուստի՝ Աստուծոյ ցեղէն ըլլալով՝ պէտք չէ որ այնպէս սեպենք թէ Աստուածութիւնը նման է ոսկիի կամ արծաթի կամ քարի, որ մարդու վարպետութիւնով ու խելքով քանդակուած է։30. Արդ՝ Աստուած տգիտութեան ատենները անտես ընելով՝ հիմա ամէն տեղ կը պատուիրէ բոլոր մարդոց, որ ապաշխարեն։31. Վասն զի ինք օր մը սահմանեց, որուն մէջ աշխարհս արդարութեամբ պիտի դատէ այն մարդուն ձեռքով՝ որ որոշեց ու ամենուն հաւատացուց՝ զանիկա մեռելներէն յարուցանելով»։32. Երբ մեռելներուն յարութիւնը լսեցին, ոմանք ծաղր կ’ընէին, ոմանք ալ կ’ըսէին. «Այդ բանին համար ուրիշ անգամ մտիկ պիտի ընենք քեզի»։33. Ապա Պօղոս անոնց մէջէն հեռացաւ։34. Սակայն քանի մը մարդիկ իրեն յարելով հաւատացին, որոնց մէջ էին Դիոնեսիոս Արիսպագացի եւ Դամարիս անունով կին մը ու անոնց հետ ուրիշներ ալ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981