Աստվածաշունչը մեկ տարում Հուլիս 142 քրոնիկները 23:1-211. Եօթներորդ տարին Յովիադա ուժովցաւ, դաշնադրութեամբ իրեն հետ առնելով հարիւրապետները՝ Յերոամին որդին Ազարիան եւ Յօհանանին որդին Իսմայէլը ու Ովբէդին որդին Ազարիան եւ Ադայիային որդին Մաասիան ու Զեքրիին որդին Եղիսափատը։2. Անոնք Յուդայի մէջ պտըտեցան ու Յուդայի բոլոր քաղաքներէն Ղեւտացիներն ու Իսրայէլի տոհմերուն իշխանները հաւաքեցին ու Երուսաղէմ եկան։3. Բոլոր ժողովուրդը Աստուծոյ տանը մէջ թագաւորին հետ դաշինք կնքեցին ու Յովիադան անոնց ըսաւ. «Ահա թագաւորին որդին թագաւոր պիտի ըլլայ, ինչպէս Տէրը Դաւիթին որդիներուն համար ըսաւ։4. Ահա ձեր ընելիքը. ձեր մէկ երրորդ մասը, թէ՛ քահանաներէն եւ թէ՛ Ղեւտացիներէն շաբաթ օրը մտնողները, դռներուն պահպանութիւն պիտի ընեն։5. Ու ձեր մէկ երրորդ մասը՝ թագաւորին տունը ու մէկ երրորդ մասը Հիմին դուռը պիտի կենան, բայց բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը տանը գաւիթներուն մէջ թող կայնի.6. Իսկ Տէրոջը տունը՝ քահանաներէն ու ծառայութիւն ընող Ղեւտացիներէն զատ ուրիշ մարդ պիտի չմտնէ։ Անոնք պիտի մտնեն, քանզի անոնք սուրբ են եւ բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը հրամանը պիտի կատարէ։7. Ղեւտացիները՝ ամէն մարդ իր զէնքը ձեռքը բռնած՝ թագաւորին շուրջը պիտի կենան։ Տունը մտնողը պիտի մեռցուի։ Անոնք թագաւորին հետ պիտի ըլլան անոր մտած ու ելած ատենը»։8. Ու Ղեւտացիներն ու բոլոր Յուդան Յովիադա քահանային բոլոր պատուիրածին պէս ըրին։ Ամէն մէկը իր մարդիկը առաւ, թէ՛ շաբաթ օրը մտնողները, թէ՛ շաբաթ օրը ելլողները. քանզի Յովիադա քահանան պաշտօնին վրայ եղողները չարձակեց։9. Յովիադա քահանան Դաւիթ թագաւորին նիզակները, ասպարներն ու վահանները, որոնք Աստուծոյ տանը մէջ էին, հարիւրապետներուն տուաւ10. Եւ բոլոր ժողովուրդը, ամէն մարդ իր զէնքը ձեռքը, տանը աջ կողմէն մինչեւ ձախ կողմը, սեղանին ու տանը քով թագաւորին շուրջը կեցուց։11. Թագաւորին որդին հանեցին ու անոր գլուխը դրին թագն ու վկայութիւնը ու զանիկա թագաւոր յայտարարեցին։ Յովիադան ու անոր որդիները զանիկա օծեցին ու ըսին. «Կեցցէ՛ արքայ»։12. Գոթողիան, լսելով ժողովուրդին ձայնը, որոնք կը վազէին ու թագաւորը կ’օրհնէին, Տէրոջը տունը ժողովուրդին եկաւ13. Ու տեսաւ որ ահա թագաւորը իր սիւնին քով սրահին մուտքը կեցեր էր եւ զօրապետներն ու փողերը թագաւորին քով էին ու երկրին բոլոր ժողովուրդը ուրախանալով՝ փողեր կը հնչեցնէին ու երգողները նուագարաններով ու երաժշտապետները օրհնութիւններ կ’երգէին. այն ատեն Գոթողիան իր հանդերձները պատռեց ու ըսաւ. «Դաւաճանութի՜ւն է, դաւաճանութի՜ւն»։14. Եւ Յովիադա քահանան զօրքին վրայ եղող հարիւրապետները հանեց ու անոնց ըսաւ. «Ասիկա կարգերուն մէջէն հանեցէք ու ասոր ետեւէն գացողը սրով թող մեռցուի (քանզի քահանան ըսեր էր՝ ‘Զանիկա Տէրոջը տանը մէջ մի՛ մեռցնէք’)։15. Անոր վրայ ձեռքերնին երկնցուցին ու երբ անիկա թագաւորական տանը ձիերու դռնէն ներս կը մտնէր, զանիկա հոն մեռցուցին։16. Յովիադան իրեն ու բոլոր ժողովուրդին ու թագաւորին մէջտեղ դաշինք կնքեց, որպէս զի Տէրոջը ժողովուրդը ըլլան։17. Բոլոր ժողովուրդը Բահաղին տունը մտան ու զանիկա կործանեցին եւ անոր սեղաններն ու կուռքերը կտոր կտոր ըրին ու Բահաղին քուրմը՝ Մատթանը՝ սեղաններուն առջեւ սպաննեցին։18. Յովիադան Ղեւտացի քահանաներուն ձեռքով Դաւիթին Տէրոջը տանը համար պաշտօնեաներ դրաւ, որպէս զի Մովսէսին օրէնքին մէջ գրուածին պէս՝ Տէրոջը ողջակէզներ մատուցանեն ուրախութեամբ ու երգով, ինչպէս Դաւիթ սահմաներ էր։19. Դռնապանները Տէրոջը տանը դռներուն քով կեցուց, որպէս զի ոեւէ կերպով անմաքուր եղող մարդ մը չմտնէ։20. Անիկա հարիւրապետներն ու ազնուականները եւ ժողովուրդին իշխաններն ու երկրին բոլոր ժողովուրդը առաւ ու թագաւորը Տէրոջը տունէն իջեցուց եւ բարձր դռնէն թագաւորին տունը մտան ու թագաւորը նստեցուցին թագաւորական աթոռին վրայ։21. Երկրին բոլոր ժողովուրդը ուրախացաւ եւ քաղաքը հանգստութեան մէջ էր ու Գոթողիան սրով մեռցուցած էին։2 քրոնիկները 24:1-271. Յովաս եօթը տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քառասուն տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Սաբիա էր՝ Բերսաբէէ քաղաքէն ։2. Յովաս՝ Յովիադա քահանային բոլոր օրերուն մէջ Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ։3. Յովիադան անոր երկու կին առնել տուաւ ու տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։4. Ասկէ ետքը Յովաս ուզեց որ Տէրոջը տունը նորոգէ։5. Քահանաներն ու Ղեւտացիները հաւաքուեցան եւ անոնց ըսաւ. «Յուդայի քաղաքները ելէ՛ք ու ձեր Աստուծոյն տունը նորոգելու համար բոլոր Իսրայէլէն տարուէ տարի ստակ հաւաքեցէ՛ք։ Այս գործը շուտով ըրէ՛ք»։ Բայց Ղեւտացիները շուտով չըրին։6. Ուստի թագաւորը Յովիադա իշխանը կանչեց ու անոր ըսաւ. «Տէրոջը ծառային, Մովսէսին ու Իսրայէլի ժողովուրդին վկայութեան խորանին համար պատուիրուած տուրքը ինչո՞ւ համար Ղեւտացիներէն չպահանջեցիր, որ Յուդայէն ու Երուսաղէմէն բերեն։7. (Քանզի անօրէն Գոթողիան ու անոր որդիները Աստուծոյ տունը աւերեր էին ու Տէրոջը տանը բոլոր սուրբ բաները Բահաղիմին նուիրեր էին)։8. Թագաւորը հրամայեց ու սնտուկ մը շինեցին ու զանիկա Տէրոջը տանը դրանը դուրսի կողմը դրին9. Եւ Յուդայի մէջ ու Երուսաղէմի մէջ մունետիկ կանչել տուին, որ Աստուծոյ ծառային, Մովսէսին, անապատին մէջ Իսրայէլի պատուիրած տուրքը Տէրոջը բերեն։10. Բոլոր իշխաններն ու բոլոր ժողովուրդը ուրախացան ու իրենց տուրքը բերին սնտուկին մէջ ձգեցին, մինչեւ որ անիկա լեցուեցաւ։11. Երբ սնտուկը Ղեւտացիներուն ձեռքով թագաւորին վերակացուներուն կը տարուէր, անոնք տեսան թէ ստակը շատ շատ է. թագաւորին գրագիրն ու մեծ քահանային վերակացուն եկան եւ սնտուկը պարպեցին ու վերցնելով իր տեղը դարձուցին։ Ամէն օր այսպէս կ’ընէին։ Շատ ստակ հաւաքուեցաւ։12. Թագաւորն ու Յովիադան զանիկա Տէրոջը տանը ծառայութեան գործը ընողներուն կու տային ու անոնք Տէրոջը տունը նորոգելու համար՝ վարձքով քարահատներ ու հիւսներ կը բռնէին ու Տէրոջը տունը ամրացնելու համար՝ երկաթագործներուն ու պղնձագործներուն ալ կու տային ։13. Բանուորները կ’աշխատէին ու նորոգութեան գործը անոնց ձեռքով կը կատարուէր։ Այսպէս Աստուծոյ տունը իր ձեւին բերելով՝ զանիկա ամրացուցին։14. Երբ նորոգութիւնը լմնցուցին, մնացած ստակը թագաւորին ու Յովիադային առջեւ բերին ու անով Տէրոջը տանը համար անօթներ, պաշտամունքին ու ողջակէզներուն համար ամաններ ու խնկամաններ եւ ուրիշ ոսկիէ ու արծաթէ ամաններ շինեցին։ Յովիադային բոլոր օրերը Տէրոջը տանը մէջ ողջակէզներ կը մատուցանուէին։15. Յովիադան ծերացած ու օրերը լեցուած ըլլալով մեռաւ։ Մեռած ատենը հարիւր երեսուն տարեկան էր։16. Զանիկա Դաւիթին քաղաքին մէջ թագաւորներուն հետ թաղեցին. քանզի անիկա Իսրայէլի մէջ Աստուծոյ ու անոր տանը համար աղէկութիւն ըրեր էր։17. Յովիադային մեռնելէն ետքը՝ Յուդայի իշխանները եկան ու թագաւորին խոնարհութիւն ըրին։ Այն ատեն թագաւորը անոնց մտիկ ըրաւ։18. Անոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն տունը թողուցին եւ Աստարովթին կուռքերուն ու չաստուածներուն ծառայութիւն ըրին։ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ բարկութիւն եկաւ իրենց այս յանցանքին համար։19. Վասն զի անոնց մարգարէներ ղրկեց, որպէս զի զանոնք Տէրոջը դարձնեն։ Ասոնք անոնց վկայութիւն ըրին, բայց անոնք մտիկ չըրին։20. Յովիադա քահանային որդիին Զաքարիային վրայ Աստուծոյ Հոգին եկաւ ու անիկա ժողովուրդին մէջ բարձր տեղ մը կեցաւ ու անոնց ըսաւ. «Աստուած այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք ինչո՞ւ համար Տէրոջը պատուիրանքներէն կը խոտորիք։ Դուք բնաւ յաջողութիւն պիտի չգտնէք, քանզի դուք Տէրը մերժեցիք, ան ալ ձեզ պիտի մերժէ’»։21. Ժողովուրդը անոր դէմ միաբանեցան ու զանիկա թագաւորին հրամանովը Տէրոջը տանը գաւիթին մէջ քարկոծեցին։22. Յովաս թագաւորը անոր հօրը Յովիադային իրեն ըրած բարերարութիւնը չյիշելով՝ անոր որդին մեռցուց, բայց անիկա մեռած ատենը ըսաւ. «Տէրը տեսնէ ու դատէ»։23. Հետեւեալ տարին Ասորիներուն զօրքը անոր դէմ ելլելով Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ յարձակեցան ու ժողովուրդին բոլոր իշխանները մեռցուցին ու անոնց բոլոր աւարը Դամասկոսի թագաւորին ղրկեցին։24. Ասորիներուն զօրքը քիչ մարդոցմով եկաւ, բայց Տէրը խիստ շատուոր եղող զօրքը անոնց ձեռքը մատնեց. քանզի անոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը թողուցեր էին։ Այսպէս Ասորիները Աստուծոյ դատաստանը գործադրեցին Յովասին վրայ։25. Երբ անոնք գացին անկէ, մեծ հիւանդութիւններու մէջ ձգելով զանիկա, անոր ծառաները անոր դէմ դաւաճանութիւն ըրին Յովիադա քահանային որդիներուն արեանը համար ու զանիկա իր անկողնին մէջ սպաննեցին ու զանիկա Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին, բայց թագաւորներու գերեզմանին մէջ չթաղեցին։26. Անոր դէմ դաւաճանութիւն ընողները ասոնք էին՝ Ամմոնացի կնոջ Սամեթի որդին Զաբադն ու Մովաբացի կնոջ Սամարիթի որդին Յովզաբադը։27. Անոր որդիներուն մասին ու իր քով հաւաքուած տուրքին շատութեանը մասին ու Աստուծոյ տանը նորոգութեանը մասին՝ ահա թագաւորներու գրքին յիշատակարանին մէջ գրուած է։ Անոր տեղ անոր որդին Ամասիան թագաւոր եղաւ։Սաղմոսներ 83:9-189. Ըրէ՛ անոնց ինչպէս Մադիամին, Ինչպէս Սիսարային ու Յաբինին ըրիր Կիսոն հեղեղատին քով։10. Անոնք Ենդովրի մէջ սատկեցան, Աղբի պէս եղան երկրին վրայ։11. Անոնց իշխանները Օրէբին ու Զէբին պէս Ու անոնց բոլոր երեւելիները Զեբէէին ու Սաղմանային պէս ըրէ,12. Որոնք ըսին. «Աստուծոյ բնակարանները Մենք ժառանգենք մեզի համար»։13. Ո՛վ իմ Աստուածս, անոնք մղեղի պէս, Հովի առջեւ եղող շիւղի պէս ըրէ՛։14. Ինչպէս կրակը անտառը կ’այրէ Ու բոցը լեռները կը բռնկեցնէ,15. Այնպէս հալածէ՛ զանոնք քու մրրիկովդ Ու խռովութեան մէջ ձգէ՛ զանոնք քու փոթորիկովդ։16. Լեցո՛ւր անոնց երեսները անարգանքով, Որպէս զի քու անունդ խնդրեն, ո՛վ Տէր։17. Թող ամչնան ու խռովին յաւիտեան Եւ ամօթալից ըլլան ու կորսուին.18. Որպէս զի գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ։Առակներ 21:2-32. Մարդուն ճամբան իրեն ուղիղ կ’երեւնայ, Բայց Տէրը սրտերը կը կշռէ։3. Արդարութիւն եւ իրաւունք գործելը Զոհէն աւելի ընդունելի է Տէրոջը։Գործեր 18:1-281. Ասկէ յետոյ Պօղոս Աթէնքէն զատուելով՝ Կորնթոս գնաց,2. Ուր Հրեայ մը գտաւ Ակիւղաս անունով, ծնունդով պոնտացի, որ իր Պրիսկիղա կնոջ հետ նոր եկեր էր Իտալիայէն, (Կղօդիոս հրամայած էր, որ բոլոր Հրեաները Հռովմէն հեռանան,) ու անոնց քով գնաց։3. Որովհետեւ ինք արհեստակից էր, անոնց քով կեցաւ եւ կը գործէր, վասն զի արհեստով վրանագործ էին։4. Ամէն շաբաթ օր ժողովարանին մէջ կը խօսէր եւ Հրեաներն ու Յոյները կը համոզէր։5. Երբ Շիղան եւ Տիմոթէոսը Մակեդոնիայէն եկան, Պօղոսին հոգին եռանդով վառուած ըլլալով, վկայութիւնով Հրեաները կը համոզէր թէ՝ Յիսուսը Քրիստոսն է։6. Անոնք ալ երբ դէմ կեցան ու կը հայհոյէին, ինք հանդերձները թօթուելով՝ ըսաւ անոնց. «Ձեր արիւնը՝ ձեր գլուխը, ես անպարտ եմ։ Ասկէ յետոյ հեթանոսներուն պիտի երթամ»։7. Անկէ երթալով՝ մտաւ մէկուն տունը, որուն անունը Յուստոս էր, աստուածավախ մարդ մը, որուն տունը ժողովարանին կից էր։8. Ժողովրդապետը՝ Կրիսպոս՝ իր բոլոր տունովը հաւատաց Տէրոջը։ Կորնթացիներէն շատեր ալ լսելով հաւատացին ու մկրտուեցան։9. Գիշերը տեսիլքի մէջ Տէրը ըսաւ Պօղոսին. «Մի՛ վախնար, հապա խօսէ՛ եւ լուռ մի՛ կենար,10. Վասն զի ես քեզի հետ եմ եւ մէ՛կը քեզի դէմ պիտի չելլէ՝ քեզի վնաս մը հասցնելու համար. քանզի այս քաղաքին մէջ ես շատ ժողովուրդ ունիմ»։11. Հոն տարի մը ու վեց ամիս կեցաւ ու Աստուծոյ խօսքը անոնց կը սորվեցնէր։12. Աքայիայի փոխանորդ բդեշխին՝ Գաղիոնին՝ օրերը Հրեաները միաբանելով՝ Պօղոսին դէմ ելան եւ զանիկա ատեանը տարին,13. Ըսելով. «Ասիկա կը հրապուրէ մարդիկ օրէնքէն դուրս Աստուած պաշտելու»։14. Երբ Պօղոս իր բերանը բանալու պատրաստ էր, Գաղիոն ըսաւ Հրեաներուն. «Եթէ անիրաւութեան մը կամ չար գործի մը համար ըլլար, ո՛վ Հրեաներ, կ’արժէր որ ձեզի մտիկ ընէի։15. Բայց եթէ վէճը խօսքի ու անուններու եւ ձեր օրէնքին վրայով է՝ դուք ձեզմէ տեսէք դատը. վասն զի ես այդպիսի բաներու դատաւոր ըլլալ չեմ ուզեր»։16. Զանոնք ատեանէն վռնտեց։17. Այն ատեն բոլոր Յոյները Սոսթենէս ժողովրդապետը բռնեցին ու ատեանին առջեւ ծեծեցին։ Այս բաներուն համար Գաղիոն բնաւ հոգ չէր ըներ։18. Պօղոս տակաւին շատ օրեր հոն մնալէ ետքը, եղբայրներէն բաժնուելով՝ նաւով դէպի Սուրիա գնաց Պրիսկիղային եւ Ակիւղասին հետ, առաջ Կենքրայի մէջ իր մազերը կտրելով, վասն զի ուխտաւոր էր։19. Երբ Եփեսոս հասաւ, զանոնք հոն ձգեց եւ ինք ժողովարանը մտնելով՝ Հրեաներուն հետ կը խօսէր։20. Անոնք իրեն կ’աղաչէին որ աւելի երկար ժամանակ իրենց քով մնայ, բայց յանձնառու չեղաւ.21. Հապա հեռացաւ անոնցմէ՝ ըսելով. «Պէտք է անպատճառ այս յառաջիկայ տօնը Երուսաղէմի մէջ ընեմ, բայց Աստուծոյ կամքովը նորէն ձեզի պիտի դառնամ»։ Եփեսոսէն նաւով ճամբայ ելաւ22. Եւ Կեսարիա հասնելով՝ Երուսաղէմ գնաց ու եկեղեցիին բարեւ տուաւ ու ետքը գնաց Անտիոք։23. Ատեն մը հոն կենալէ յետոյ կարգաւ Գաղատացիներու երկիրը ու Փռիւգիա կը պտըտէր ու բոլոր աշակերտները կը հաստատէր։24. Ապօղոս անունով Հրեայ մը, ծնունդով Աղեքսանդրացի, ճարտասան մարդ մը, եկաւ հասաւ Եփեսոս։25. Ան զօրաւոր էր սուրբ գրքերով եւ Տէրոջը ճամբուն մէջ վարժուած էր։ Ջերմեռանդ հոգի ունենալով՝ կը խօսէր ու կը սորվեցնէր ճշդութեամբ Տէրոջը վրայով. բայց ինք միայն Յովհաննէսին մկրտութիւնը գիտէր։26. Ասիկա սկսաւ ժողովարանին մէջ համարձակ խօսիլ։ Երբ Ակիւղաս ու Պրիսկիղա լսեցին, զանիկա ալ իրենց քով առին եւ աւելի ճիշդ Աստուծոյ ճամբան անոր հասկցուցին։27. Անիկա ուզեց Աքայիա երթալ։ Եղբայրները քաջալերեցին զանիկա ու գիր գրեցին այն տեղի աշակերտներուն, որ զանիկա ընդունին։ Հոն հասնելով՝ շատ օգտակար եղաւ հաւատացեալներուն՝ Աստուծոյ շնորհքով։28. Քանզի հրապարակաւ սաստիկ կը յանդիմանէր Հրեաները, սուրբ գրքերէն ցուցնելով թէ՝ Յիսուսը Քրիստոսն է։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981