Աստվածաշունչը մեկ տարում
Հուլիս 16

1. Աքազ քսան տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըվեց տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Իր հօրը Դաւիթին պէս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն չըրաւ.
2. Հապա Իսրայէլի թագաւորներուն ճամբաներուն մէջ քալեց ու Բահաղիմին ձուլածոյ կուռքեր շինեց։
3. Անիկա Ենովմին որդիին ձորին մէջ խունկ կը ծխէր ու իր որդիները կրակով այրեց՝ այն ազգերուն գարշելի սովորութիւններուն համեմատ, որոնք Տէրը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտեց։
4. Բարձր տեղերը ու բլուրներու վրայ եւ ամէն կանանչ ծառերու տակ զոհ կը մատուցանէր ու խունկ կը ծխէր։
5. Անոր համար Աստուած զանոնք Ասորիներու թագաւորին ձեռքը մատնեց։ Անոնք անոր յաղթեցին եւ շատ գերիներ առին ու Դամասկոս տարին։ Նաեւ Իսրայէլի թագաւորին ձեռքը մատնուեցաւ, որ զանիկա մեծ հարուածով զարկաւ։
6. Ռովմելայի որդին Փակէէն մէկ օրուան մէջ Յուդայէն հարիւր քսան հազար մարդ մեռցուց, որոնց ամէնքն ալ զօրաւոր կտրիճներ էին. քանզի իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը թողուցեր էին։
7. Եփրեմէն Զեքրի անունով զօրաւոր մարդ մը թագաւորին որդին Մաասիան եւ պալատին հազարապետը Եզրիկամը ու թագաւորին փոխանորդը Եղկանան մեռցուց։
8. Իսրայէլի որդիները իրենց եղբայրներէն՝ կիներ ու տղաքներ եւ աղջիկներ՝ երկու հարիւր հազար գերի առին եւ անոնցմէ շատ աւարներ առին ու աւարը Սամարիա տարին։
9. Հոն Տէրոջը մարգարէներէն Ովդեդը Սամարիա գացող զօրքին դէմ ելաւ ու անոնց ըսաւ. «Ահա ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը Յուդային վրայ բարկանալուն համար՝ զանոնք ձեր ձեռքը մատնեց ու մեռցուցիք զանոնք այնպիսի բարկութեամբ, որ մինչեւ երկինք հասաւ։
10. Հիմա կը մտածէք Յուդայի ու Երուսաղէմի որդիները ձեզի ծառաներ ու աղախիններ ընել. Անով ձեր Տէր Աստուծոյն առջեւ դուք յանցաւոր չէ՞ք ըլլար։
11. Ինծի մտիկ ըրէ՛ք. ետ դարձուցէք այն գերիները, որոնք ձեր եղբայրներէն առիք. քանզի Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ձեր վրայ է»։
12. Եփրեմին որդիներուն իշխաններէն Յօհանանին որդին Ազարիան, Մեսեղամօթին որդին Բարաքիան, Սեղղումին որդին Եզեկիան ու Ադղիային որդին Ամեսային՝ պատերազմէն եկողներուն դէմ կեցան
13. Եւ անոնց ըսաին. «Գերիները հոս մի՛ բերէք. քանզի մենք արդէն Տէրոջը առջեւ յանցաւոր ենք ու դուք կ’ուզէք ասիկա ալ մեր մեղքերուն ու մեր յանցանքներուն վրայ աւելցնել։ Մեր յանցանքը շատ է ու Իսրայէլի վրայ սաստիկ բարկութիւն կայ»։
14. Այն ատեն պատերազմողները իշխաններուն ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ թողուցին գերիներն ու աւարը։
15. Իրենց անուններովը յիշուած մարդիկը ելան ու գերիները առին ու բոլոր մերկ եղողները աւարէն հագցուցին։ Անոնց հանդերձներ ու կօշիկներ հագցուցին, զանոնք կեցուցին ու խմցուցին եւ զանոնք իւղով օծեցին եւ բոլոր տկարները էշերու վրայ հեծցնելով՝ Արմաւենիներու քաղաքը Երիքով տարին անոնց եղբայրներուն քով ու իրենք Սամարիա դարձան։
16. Եւ այն ատեն Աքազ թագաւորը Ասորեստանի թագաւորներուն պատգամ ղրկեց, որպէս զի իրեն օգնութիւն ընեն.
17. Վասն զի Եդովմայեցիները նորէն եկեր էին ու Յուդան զարնելով գերիներ տարեր էին։
18. Փղշտացիներն ալ դաշտի մէջ ու Յուդայի հարաւային կողմը եղող քաղաքներուն վրայ յարձակելով՝ Բեթսամիւսը, Այեղոնը, Գադերօթը, Սոքովն ու անոր գիւղերը եւ Թամնան ու անոր գիւղերը եւ Գամզովն ու անոր գիւղերը առեր ու հոն բնակեր էին։
19. Վասն զի Տէրը Իսրայէլի Աքազ թագաւորին պատճառով Յուդան նկուն ըրաւ. որովհետեւ անիկա Յուդան գլխէ հանեց՝ ՝ ու Տէրոջ դէմ ապստամբեցաւ։
20. Ու Ասորեստանի Թագղաթ-Փաղասար թագաւորը անոր եկաւ ու զանիկա նեղեց. բայց անոր չօգնեց։
21. Քանզի թէպէտեւ Աքազ Տէրոջը տունէն ու թագաւորին եւ իշխաններուն տուներէն բաժիններ առաւ ու Ասորեստանի թագաւորին տուաւ, բայց անիկա իրեն չօգնեց։
22. Իր նեղութեանը մէջ՝ ա՛լ աւելի Տէրոջը դէմ մեղք կը գործէր։ Այսպիսի մարդ մըն էր Աքազ թագաւորը։
23. Անիկա զոհեր մատուցանեց Դամասկոսի աստուածներուն, որոնք զինք զարկեր էին. քանզի ըսաւ. «Ասորիներուն թագաւորներուն աստուածները անոնց օգնեցին, ուստի անոնց զոհ մատուցանեմ, որպէս զի ինծի ալ օգնեն»։ Բայց անոնք իրեն ու բոլոր Իսրայէլի աւերումին պատճառ դարձան։
24. Աքազ Աստուծոյ տանը անօթները հաւաքեց ու զանոնք կոտրտեց եւ Տէրոջը տանը դռները գոցեց ու Երուսաղէմի բոլոր անկիւնները իրեն սեղաններ շինեց։
25. Յուդայի բոլոր քաղաքներուն մէջ բարձր տեղեր շինեց, որպէս զի ուրիշ աստուածներու խունկ ծխէ ու իր հայրերուն Տէր Աստուածը սրդողցուց։
26. Անոր մնացորդ պատմութիւնը ու բոլոր վարմունքը, առաջինն ու վերջինը, ահա Յուդայի ու Իսրայէլի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած են։
27. Աքազ իր հայրերուն հետ քնացաւ։ Զանիկա Երուսաղէմ քաղաքին մէջ թաղեցին, բայց Իսրայէլի թագաւորներուն գերեզմաննոցը չտարին։ Անոր որդին Եզեկիան անոր տեղ թագաւոր եղաւ։
1. Եզեկիա քսանըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քսանըինը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Աբիա էր, որ Զաքարիային աղջիկն էր։
2. Եզեկիա իր հօրը Դաւիթին բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ։
3. Անիկա իր թագաւորութեան առաջին տարուան առաջին ամիսը Տէրոջը տանը դռները բացաւ ու զանոնք նորոգեց։
4. Քահանաներն ու Ղեւտացիները բերել տուաւ ու զանոնք արեւելեան հրապարակին մէջ հաւաքեց
5. Եւ անոնց ըսաւ. «Ինծի մտիկ ըրէ՛ք, ո՛վ Ղեւտացիներ, հիմա սրբուեցէ՛ք ու ձեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն տունը սրբեցէ՛ք եւ պղծութիւնը սրբարանէն դուրս հանեցէք.
6. Քանզի մեր հայրերը ապստամբեցան ու մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ չարութիւն ըրին ու զանիկա թողուցին եւ իրենց երեսը Տէրոջը խորանէն դարձուցին ու արհամարհեցին զանիկա ՝ ՝.
7. Սրահին դռներն ալ գոցեցին, ճրագները մարեցին, խունկ չծխեցին ու սուրբ տեղը Իսրայէլի Աստուծոյն ողջակէզ չմատուցանեցին։
8. Անոր համար Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ Տէրը բարկացաւ ու զանոնք խռովութեան, աւերման ու խայտառակութեան մէջ ձգեց, ինչպէս հիմա ձեր աչքերովը կը տեսնէք։
9. Այս պատճառով ահա մեր հայրերը որով ինկան ու մեր տղաքները եւ աղջիկներն ու կիները գերութեան մէջ են։
10. Հիմա ես սրտանց կը փափաքիմ, որ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն հետ ուխտ ընեմ, որպէս զի իր սաստիկ բարկութիւնը իջնէ։
11. Արդ՝ որդեակնե՛րս, անհոգութիւն մի՛ ընէք. վասն զի Տէրը ձեզ ընտրեց, որպէս զի իրեն ծառայութիւն ընելու համար իր առջեւ կայնիք, իրեն սպասաւորներ ըլլաք ու խունկ ծխէք»։
12. Այն ատեն ոտքի ելան Ղեւտացիները, այսինքն Կահաթի որդիներէն Ամեսայիի որդին Մաաթն ու Ազարիայի որդին Յովէլը եւ Մերարիի որդիներէն՝ Աբդիի որդին Կիսը ու Յալէլէլի որդին Ազարիան ու Գերսոնեաններէն Զամմայի որդին Յովաքը եւ Յովաքի որդին Եդէնը,
13. Ու Եղիսափանի որդիներէն՝ Սամարին ու Յէիէլը եւ Ասափի որդիներէն՝ Զաքարիան ու Մաթանիան
14. Ու Եմանի որդիներէն՝ Յեքիէլն ու Սեմէին եւ Իդիթունի որդիներէն՝ Սեմայիան ու Ոզիէլը։
15. Եւ իրենց եղբայրները հաւաքեցին ու սրբուեցան եւ թագաւորին հրամանովն ու Տէրոջը խօսքովը Տէրոջը տունը մաքրելու գացին։
16. Քահանաները մաքրելու համար՝ Տէրոջը տանը ներսի կողմը մտան ու Տէրոջը տաճարին մէջ գտնուած բոլոր աղտեղութիւնը Տէրոջը տանը գաւիթը հանեցին ու Ղեւտացիները զանիկա վերցուցին, որպէս զի դուրսը Կեդրոն հեղեղատը տանին։
17. Առաջին ամսուան առաջին օրը սկսան սրբել ու ամսուան ութերորդ օրը Տէրոջը սրահը եկան ու Տէրոջը տունը ութ օրուան մէջ սրբեցին եւ առաջին ամսուան տասնըվեցերորդ օրը լմնցուցին։
18. Եզեկիա թագաւորին քով գացին ու ըսին. «Տէրոջը բոլոր տունն ու ողջակէզի սեղանը ու անոր բոլոր գործիքները եւ առաջաւորութեան հացին սեղանն ու անոր բոլոր գործիքները մաքրեցինք։
19. Ու նաեւ պատրաստեցինք ու սրբեցինք այն բոլոր ամանները, որոնք Աքազ թագաւորը իր թագաւորութեանն ու իր անօրէնութեանը ատենը պղծեց։ Ահա անոնք Տէրոջը սեղանին առջեւն են»։
20. Եզեկիա թագաւորը կանուխ ելաւ ու քաղաքին իշխանները հաւաքելով Տէրոջը տունը գնաց
21. Եւ իր թագաւորութեանն ու սրբարանին ու Յուդային համար եօթը զուարակ, եօթը խոյ ու եօթը գառ ու մեղքի պատարագ ըլլալու համար եօթը նոխազ բերին եւ անիկա Ահարոնին որդիներուն, քահանաներուն, հրամայեց, որ զանոնք Տէրոջը սեղանին վրայ մատուցանեն։
22. Զուարակները մորթեցին եւ քահանաները արիւնը առին ու սեղանին վրայ սրսկեցին եւ խոյերն ալ մորթեցին ու արիւնը սեղանին վրայ սրսկեցին։
23. Ու մեղքի պատարագի նոխազները թագաւորին ու ժողովուրդին առջեւ բերին եւ անոնք ձեռքերնին անոնց վրայ դրին։
24. Քահանաները զանոնք մորթեցին եւ անոնց արիւնը սեղանին վրայ սրսկեցին բոլոր Իսրայէլին քաւութիւն ընելու համար. վասն զի թագաւորը ըսեր էր որ ողջակէզն ու մեղքի պատարագը բոլոր Իսրայէլին համար մատուցանեն ։
25. Ու Ղեւտացիները ծնծղաներով, տաւիղներով ու քնարներով Տէրոջը տանը մէջ կեցուց, ինչպէս Դաւիթ ու Դաւիթ թագաւորին տեսանողը Գաթ եւ Նաթան մարգարէն պատուիրեր էին. վասն զի Տէրը իր մարգարէներուն միջոցով այսպէս հրամայեր էր։
26. Ու Ղեւտացիները Դաւիթին նուագարաններով եւ քահանաները փողերով կեցան։
27. Եզեկիա հրամայեց որ ողջակէզը սեղանին վրայ մատուցանեն ու ողջակէզին սկսած ատենը Տէրոջը օրհնութիւնն ալ փողերով ու Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթին նուագարաններովը սկսաւ։
28. Մինչեւ ողջակէզին լմննալը բոլոր ժողովը երկրպագութիւն կ’ընէր, երգողները օրհնութիւն կ’երգէին եւ քահանաները փողերը կը հնչեցնէին։
29. Երբ ողջակէզ մատուցանելը լմնցուցին, թագաւորը եւ բոլոր քովը գտնուողները ծռելով երկրպագութիւն ըրին։
30. Եզեկիա թագաւորն ու իշխանները Ղեւտացիներուն ըսին, որ Տէրոջը օրհնութիւն երգեն Դաւիթին ու Ասափ տեսանողին խօսքերովը։ Անոնք ալ ուրախութեամբ երգեցին ու խոնարհելով երկրպագութիւն ըրին։
31. Եզեկիա ժողովուրդին ըսաւ. «Հիմա ինքզինքնիդ Տէրոջը նուիրեցիք. մօտեցէ՛ք ու Տէրոջը տունը զոհեր ու օրհնութեան ընծաներ բերէ՛ք»։ Ժողովուրդը զոհեր ու օրհնութեան ընծաներ բերաւ եւ ամէն յօժարութիւն ունեցողը ողջակէզներ բերաւ ։
32. Ու ժողովուրդին բերած ողջակէզներուն թիւը այս էր՝ եօթանասուն արջառ, հարիւր խոյ ու երկու հարիւր գառ. ասոնց ամէնքը Տէրոջը ողջակէզ ըլլալու համար էին։
33. Նուիրուածները վեց հարիւր արջառ ու երեք հազար ոչխար էին։
34. Բայց քահանաները քիչուոր ըլլալնուն համար՝ բոլոր ողջակէզներուն մորթերը հանելու կարող չեղան ու մինչեւ այս գործը լմննալը ու մինչեւ միւս քահանաներուն սրբուիլը, իրենց Ղեւտացի եղբայրները իրենց օգնեցին. քանզի Ղեւտացիները քահանաներէն աւելի յօժարութեամբ սրբուեցան։
35. Ողջակէզներուն խաղաղութեան զոհերուն ճարպը եւ ողջակէզներուն ըմպելի նուէրները շատ էին։ Այսպէս Տէրոջը տանը պաշտամունքը կարգի դրուեցաւ։
36. Եզեկիա եւ բոլոր ժողովուրդը ուրախացան, որ Աստուած ժողովուրդը այսպէս պատրաստեց. քանզի այս բանը յանկարծ եղաւ։
8. Ո՛վ Տէր, զօրա՛ց Աստուած, լսէ՛ իմ աղօթքս, Ականջ դի՛ր, ո՛վ Յակոբին Աստուածը։ (Սէլա։)
9. Ո՛վ մեր վահանը Աստուած, տե՛ս Ու քու օծեալիդ երեսին նայէ՛։
10. Վասն զի քու սրահներուդ մէջ Մէկ օրը ուրիշ տեղի հազարէն աղէկ է։ Աւելի նախընտրեցի իմ Աստուծոյս տանը շեմին վրայ կենալ, Քան թէ ամբարիշտներու վրաններուն մէջ բնակիլ։
11. Քանզի Տէր Աստուածը արեւ ու վահան է. Տէրը շնորհք ու փառք պիտի տայ։ Բարութիւն մը պիտի չպակսեցնէ Ուղղութեամբ քալողներէն։
12. Ո՛վ զօրաց Տէր, Երանելի՜ է քեզի յուսացող մարդը։
6. Սուտ լեզուով գանձեր վաստկիլը Մահը փնտռողներուն հալածած ունայնութիւնն է։
7. Ամբարիշտներուն բռնութիւնը զանոնք պիտի կորսնցնէ, Վասն զի իրաւունք ընել չեն ուզեր։
8. Երբ մարդուն ճամբան ծուռ ըլլայ՝ կը խոտորի. Բայց մաքուր ընթացքը ուղիղ է։
21. Երբ այս բաները լմնցան, Պօղոս միտքը դրաւ որ Մակեդոնիայէն ու Աքայիայէն պտըտելով՝ Երուսաղէմ երթայ ու կ’ըսէր. «Հոն երթալէս ետքը պէտք է որ Հռովմ ալ տեսնեմ»։
22. Իրեն սպասաւորութիւն ընողներէն երկուքը, Տիմոթէոսն ու Երաստոսը ղրկեց Մակեդոնիա ու ինք ատեն մըն ալ Ասիա կեցաւ։
23. Այն ատենները շատ խռովութիւն եղաւ Տէրոջը ճամբուն համար։
24. Քանզի Դեմետրիոս անունով արծաթագործ մը Արտեմիսի փոքրիկ տաճարներ կը շինէր արծաթէ, որը քիչ շահ չէր բերեր վարպետներուն։
25. Ինք մէկտեղ ժողվեց նոյն արհեստին բանուորները ու ըսաւ. «Մա՛րդիկ, դուք գիտէք թէ այս գործէն է մեր շահը
26. Եւ կը տեսնէք ու կը լսէք թէ այս Պօղոսը ո՛չ միայն Եփեսացիները հապա գրեթէ բոլոր Ասիացիները համոզելով՝ մտքերնին դարձուց, ըսելով թէ՝ ‘Ձեռքով շինուածները աստուածներ չեն’։
27. Ուստի վտանգ կայ որ՝ ո՛չ միայն այս մեր կողմը պիտի նախատուի, հապա մեծ աստուածուհիին՝ Արտեմիսին՝ տաճարն ալ ոչինչ պիտի սեպուի եւ անոր մեծափառութիւնը պիտի խափանուի, որ բոլոր Ասիա ու աշխարհ կը պաշտեն»։
28. Երբ ասիկա լսեցին, բարկութեամբ լեցուած կը կանչուըռտէին ու կ’ըսէին. «Մեծ է Եփեսացիներուն Արտեմիսը»։
29. Եւ բոլոր քաղաքը խռովութեամբ լեցուեցաւ եւ յափշտակելով Գայիոս ու Արիստարքոս Մակեդոնացիները՝ Պօղոսին ճանապարհորդակիցները՝ ամէնքը մէկէն թատրոնը վազեցին։
30. Իսկ Պօղոս, երբ ուզեց ժողովուրդին մէջ մտնել, աշակերտները թող չտուին։
31. Ասիապետներէն ոմանք ալ, որոնք իր բարեկամներն էին, մարդ ղրկելով իրեն՝ կ’աղաչէին որ չփորձէ թատրոնը երթալ։
32. Ուստի մէկը՝ մէկ կերպ ու միւսը՝ ուրիշ կերպ բան կը կանչուըռտէին, վասն զի ժողովուրդը շփոթութեան մէջ էր եւ շատեր չէին գիտեր թէ ի՞նչ բանի համար հաւաքուած են։
33. Բազմութեանը մէջէն յառաջ բերին Աղեքսանդրոսը, որ Հրեաները յառաջ քշեցին. Աղեքսանդրոս ալ ձեռքը շարժելով՝ կ’ուզէր որ ժողովուրդին պատասխան տայ։
34. Երբ գիտցան թէ անիկա Հրեայ է, ամէնքը մէկ բերան եղած՝ երկու ժամու չափ կը կանչուըռտէին թէ՝ «Մեծ է Եփեսացիներուն Արտեմիսը»։
35. Սակայն ատենադպիրը բազմութիւնը հանդարտեցնելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Եփեսացի մարդիկ, ո՞վ չի գիտեր թէ Եփեսացիներու քաղաքը մեծ Արտեմիսի ու Դիոսէ ինկած կուռքին տաճարն է։
36. Ուրեմն քանի որ անվիճելի բան մըն է, պէտք է հանդարտ կենաք եւ յանդգնութեամբ բան մը չընէք։
37. Դուք այդ մարդիկը հոս բերիք, որոնք ո՛չ տաճար կողոպտողներ են, ո՛չ ալ ձեր աստուածուհիին հայհոյանք ըրեր են։
38. Ուստի եթէ Դեմետրիոս եւ իրեն հետ եղած վարպետները մէկուն հետ բան մը ունին, դատի օրեր կան ու փոխանորդ բդեշխը կայ. թող անոր առջեւ ամբաստանութիւն ընեն.
39. Իսկ եթէ ուրիշ բաներու համար է ձեր պահանջը, օրինաւոր ժողովի մէջ թող որոշուի։
40. Վասն զի մենք ալ այսօրուան եղածին համար իբրեւ խռովայոյզ մարդիկ ամբաստանուելու վտանգին մէջ ենք, քանզի միջոց մը չկայ, որով կարող ըլլանք այս խառնամբոխ բազմութեանը համար պատասխան տալ»։ Եւ այսպէս ըսելով ժողովը արձակեց։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981