Աստվածաշունչը մեկ տարում Հուլիս 172 քրոնիկները 30:1-271. Եզեկիա Իսրայէլին եւ Յուդային մարդ ղրկեց ու Եփրեմին ու Մանասէին ալ նամակներ գրեց, որպէս զի Երուսաղէմ Տէրոջը տունը գան ու Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն Զատիկը տօնեն։2. Թագաւորն ու անոր իշխանները ու բոլոր ժողովուրդը Երուսաղէմի մէջ խորհուրդ ըրին, որ Զատիկը երկրորդ ամսուան մէջ տօնեն.3. Վասն զի այն ատեն կարող չէին զանիկա ընելու, քանզի պէտք եղածին չափ քահանաներ սրբուած չէին ու ժողովուրդը Երուսաղէմ հաւաքուած չէր։4. Այս բանը թագաւորին առջեւ ու բոլոր ժողովուրդին հաճելի երեւցաւ։5. Այնպէս որոշեցին, որ բոլոր Իսրայէլի մէջ Բերսաբէէէն մինչեւ Դան լուր ղրկեն, որպէս զի գան ու Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն Զատիկը տօնեն. քանզի շատ ատենէ ի վեր գրուածին պէս ըրած չէին։6. Սուրհանդակները թագաւորին ու իշխաններուն նամակներովը բոլոր Իսրայէլ ու Յուդա գացին ու թագաւորին հրամանին համեմատ ըսին. «Ո՛վ Իսրայէլի որդիներ, Աբրահամին, Իսահակին ու Իսրայէլին Տէր Աստուծոյն դարձէ՛ք ու ան ալ պիտի դառնայ ձեզի, որ Ասորեստանի թագաւորներուն ձեռքէն ազատուելով՝ ձեր երկիրը մնացեր էք։7. Ձեր հայրերուն պէս ու ձեր եղբայրներուն պէս մի՛ ըլլաք, որոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն դէմ ապստամբեցան. ան ալ զանոնք կործանման մատնեց, ինչպէս դուք կը տեսնէք։8. Ուրեմն ձեր հայրերուն պէս ձեր պարանոցը մի՛ խստացնէք. հնազանդեցէ՛ք Տէրոջը ու եկէ՛ք անոր սրբարանը, որ ինք յաւիտեան սրբած է ու ձեր Տէր Աստուծոյն ծառայութիւն ըրէ՛ք, որպէս զի անոր սաստիկ բարկութիւնը իջնէ9. Քանզի եթէ դուք Տէրոջը դառնաք՝ ձեր եղբայրներն ու ձեր որդիները զիրենք գերի տանողներուն երեսէն գթութիւն պիտի գտնեն եւ այս երկիրը պիտի դառնան, վասն զի ձեր Տէր Աստուածը ողորմած ու գթած է ու եթէ անոր դառնաք, ձեզմէ երես պիտի չդարձնէ»։10. Սուրհանդակները Եփրեմին ու Մանասէին երկիրը քաղաքէ քաղաք պտըտելով, մինչեւ Զաբուղոն գացին. բայց զանոնք ծաղր կ’ընէին ու կ’արհամարհէին։11. Սակայն Ասերէն ու Մանասէէն ու Զաբուղոնէն ոմանք խոնարհեցան ու Երուսաղէմ գացին։12. Աստուծոյ ձեռքը Յուդայի վրայ ալ էր, որ անոնց մէկ սիրտ տայ, որպէս զի թագաւորին ու իշխաններուն՝ Տէրոջը խօսքին համեմատ պատուիրածը կատարեն։13. Երուսաղէմի մէջ բազմաթիւ ժողովուրդներ հաւաքուեցան երկրորդ անսուան մէջ բաղարջակերաց տօնը կատարելու համար ու խիստ մեծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ։14. Ելան Երուսաղէմի մէջ եղող զոհի սեղաններն ու խունկի սեղանները վերցուցին ու Կեդրոն հեղեղատը նետեցին։15. Երկրորդ ամսուան տասնըչորրորդ օրը զատիկը մորթեցին եւ քահանաներն ու Ղեւտացիները պատկառանքով սրբուեցան ու Տէրոջը տունը ողջակէզներ բերին։16. Աստուծոյ մարդուն Մովսէսին օրէնքին համեմատ, իրենց սովորութեանը պէս, իրենց տեղը կեցան։ Քահանաները Ղեւտացիներուն ձեռքէն արիւնը կ’առնէին ու կը սրսկէին։17. Քանզի ժողովուրդին մէջ չսրբուածները շատ էին ու բոլոր մաքուր չեղողներուն համար զատկի գառը Ղեւտացիները կը մորթէին, որպէս զի զանիկա Տէրոջը առջեւ սրբացնեն։18. Վասն զի ժողովուրդէն շատերը, այսինքն Եփրեմէն, Մանասէէն, Իսաքարէն ու Զաբուղոնէն եկողներէն շատերը մաքուր չէին։ Ամէն պարագայի զատիկը կերան՝ բայց ո՛չ թէ գրուածին համեմատ, իսկ Եզեկիա անոնց համար աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Բարերար Տէրը քաւութիւն թող ընէ այն բոլոր մարդոց,19. Որոնք սրտանց փնտռեցին Տէր Աստուածը, իրենց հայրերուն Աստուածը, թէեւ անոնք սրբարանին մաքրութեանը համեմատ մաքրուած չէին»։20. Տէրը Եզեկիային աղօթքը լսեց ու ժողովուրդին թողութիւն տուաւ՝ ՝։21. Երուսաղէմի մէջ գտնուող Իսրայէլի որդիները մեծ ուրախութեամբ եօթը օր բաղարջակերաց տօնը կատարեցին ու Ղեւտացիները եւ քահանաները ամէն օր բարձրաձայն նուագարաններ հնչեցնելով ՝ Տէրը կ’օրհնէին։22. Եզեկիա քաղցրութեամբ խօսեցաւ Տէրոջը բարի հանճարը իմացող բոլոր Ղեւտացիներուն։ Տօնին եօթը օրը խաղաղութեան զոհեր մատուցանելով ու իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն գոհութիւն տալով կ’ուտէին։23. Բոլոր ժողովուրդը խորհուրդ ըրին, որ ուրիշ եօթը օր ալ տօն պահեն ։ Եօթը օր ալ մեծ ուրախութիւն ըրին։24. Քանզի Յուդայի Եզեկիա թագաւորը ժողովուրդին հազար զուարակ ու եօթը հազար ոչխար պարգեւեց։ Իշխաններն ալ ժողովուրդին հազար զուարակ ու տասը հազար ոչխար պարգեւեցին ու շատ քահանաներ սրբուեցան։25. Բոլոր Յուդայի ժողովուրդը ու քահանաներն ու Ղեւտացիները եւ Իսրայէլէն եկողներուն բոլոր ժողովուրդը ու Իսրայէլի երկրէն եկող եւ Յուդայի մէջ բնակող պանդուխտները ուրախացան։26. Երուսաղէմի մէջ մեծ ուրախութիւն եղաւ։ Իսրայէլի թագաւորին, Դաւիթին որդիին Սողոմոնին օրերէն ի վեր Երուսաղէմի մէջ այսպիսի ուրախութիւն եղած չէր։27. Անկէ ետքը Ղեւտացի քահանաները ելան ու ժողովուրդը օրհնեցին եւ անոնց ձայնը լսուեցաւ ու անոնց աղօթքը Աստուծոյ սուրբ բնակարանը՝ երկինք՝ հասաւ։2 քրոնիկները 31:1-211. Երբ այս ամէնը լմնցաւ, հոն գտնուող բոլոր Իսրայելացիները Յուդայի քաղաքները գացին եւ բոլոր Յուդայի, Բենիամինի, Եփրեմի ու Մանասէի մէջ եղող արձանները կտոր կտոր ըրին, Աստարովթին կուռքերը կոտրտեցին եւ բարձր տեղերն ու սեղանները փլցուցին, այնպէս որ բան մը չթողուցին։ Ետքը Իսրայէլի որդիները իրենց քաղաքները դարձան։ Ամէն մարդ իր կալուածը։2. Եզեկիա քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն բաժանումները հաստատեց իր կարգերուն համեմատ, թէ՛ քահանաներուն եւ թէ՛ Ղեւտացիներուն, ամէն մէկուն գործին նայելով, ողջակէզներու ու խաղաղութեան զոհերու համար ու Տէրոջը սրահներուն դռներուն մէջ պաշտելու, գովելու ու օրհնութիւն երգելու համար։3. Նաեւ իր ստացուածքէն ողջակէզներուն համար, այսինքն Տէրոջը օրէնքի գրքին մէջ գրուածին պէս, առաւօտեան ու երեկոյան ողջակէզներուն համար եւ շաբաթներուն ու ամսագլուխներուն ու հանդիսաւոր տօներուն ողջակէզներուն համար, թագաւորին բաժինը որոշեց ։4. Երուսաղէմի մէջ բնակող ժողովուրդին հրամայեց որ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն բաժինը տան, որպէս զի անոնք Տէրոջը օրէնքը կատարելու նուիրուին։5. Երբ այս հրամանը հրատարակուեցաւ, Իսրայէլի որդիները ցորենին, գինիին, իւղին, մեղրին եւ բոլոր անդաստաններու բերքերուն երախայրիները առատութեամբ բերին ու ամէն բանի տասանորդը առատապէս բերին։6. Յուդայի քաղաքներուն մէջ բնակող Իսրայէլի ու Յուդայի որդիները՝ անոնք ալ արջառներուն ու ոչխարներուն տասանորդները եւ իրենց Տէր Աստուծոյն նուիրած սուրբ բաներուն տասանորդները բերին ու դիզեցին։7. Անոնք երրորդ ամսուան մէջ սկսան դիզել եւ եօթներորդ ամսուան մէջ լմնցուցին։8. Եզեկիա ու իշխանները եկան ու երբ այն դէզերը տեսան՝ Տէրը ու անոր Իսրայէլ ժողովուրդը օրհնեցին։9. Եզեկիա այն դէզերուն համար քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն հարցուց։10. Եւ Սադովկի տունէն եղող մեծ քահանան՝ Ազարիան՝ անոր պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Երբ ընծաները Տէրոջը տունը բերելու սկսան՝ կերանք, կշտացանք ու խիստ շատ աւելցաւ, վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը օրհնեց ու աւելցածը այս առատութիւնն է»։11. Եզեկիա հրամայեց որ Տէրոջը տանը մէջ շտեմարաններ պատրաստեն ու պատրաստեցին։12. Եւ ընծաներն ու տասանորդները ու սուրբ բաները հաւատարմութեամբ ներս տարին։ Անոնց վերակացուն Ղեւտացի Քոնոնիան էր ու անոր եղբայրը Սեմէին անոր փոխանորդն էր։13. Յեքիէլը, Ազազիան, Նահաթը, Ասայէլը, Յերիմովթը, Յովզաբադը, Եղիէլը, Յեսմաքիան, Մաաթն ու Բանիան Քոնոնիային ու անոր եղբօրը Սեմէիին ձեռքին տակ՝ Եզեկիա թագաւորին ու Տէրոջը տանը առաջնորդին՝ Ազարիային՝ հրամանով վերակացուներ էին։14. Արեւելեան կողմին դռնապանը Ղեւտացի Յեմնային որդին Կովրէն, Տէրոջը բարձրացնելու ընծաներն ու ամենասուրբ բաները բաժնելու համար՝ Աստուծոյ կամաւոր ընծաներուն վրայ էր։15. Անոր հրամանին տակ քահանաներու քաղաքներուն մէջ՝ Եդենին, Մինիամինին, Յեսուին, Սեմայիային, Ամարիային ու Սեքենիային յանձնուած էր՝ իրենց եղբայրներուն, մեծին ու պզտիկին պաշտօնին նայելով ընծաներ բաժնելը։16. Նաեւ ազգահամարին մէջ գրուած երեք տարեկանէն վեր եղող բոլոր արուները, որոնք օրէ օր Տէրոջը տունը կը մտնէին իրենց պարտականութիւնները, իրենց պաշտօններուն համեմատ իրենց ծառայութիւնը կատարելու համար։17. Նաեւ ազգահամարին մէջ գրուած քահանաներուն, իրենց ազգատոհմերուն համեմատ ու քսան տարեկանէն վեր եղող Ղեւտացիներուն, իրենց պարտականութիւններուն ու իրենց պաշտօններուն մէջ։18. Նաեւ ազգահամարին մէջ գրուած անոնց բոլոր ընտանիքներուն, կիներուն, տղաքներուն ու աղջիկներուն, այսինքն անոնց բոլոր անդամներուն. քանզի հաւատարմութեամբ կը սրբուէին։19. Եւ անոնց քաղաքներուն արուարձաններուն արտերուն մէջ եղող Ահարոնին որդիներուն, քահանաներուն համար՝ ամէն քաղաքի մէջ իրենց անուններովը յիշուած մարդիկ կային, որոնք քահանաներուն բոլոր արուներուն ու Ղեւտացիներու ազգահամարին մէջ բոլոր գրուածներուն բաժիններ կու տային։20. Եզեկիա բոլոր Յուդայի մէջ այսպէս կարգադրեց եւ իր Տէր Աստուծոյն առջեւ բարի, ուղիղ ու ճշմարիտ եղածը ըրաւ։21. Իր ձեռք զարկած բոլոր գործերը, թէ՛ Աստուծոյ տանը ծառայութեանը համար եւ թէ՛ օրէնքին ու պատուիրանքին համար, իր բոլոր սրտովը իր Աստուածը փնտռելով ըրաւ ու յաջողեցաւ։Սաղմոսներ 85:1-71. Ո՛վ Տէր, դուն հաւնեցար քու երկրիդ, Յակոբը գերութենէ դուն դարձուցիր։2. Քու ժողովուրդիդ անօրէնութիւնը ներեցիր, Անոնց բոլոր մեղքերը ծածկեցիր։ (Սէլա։)3. Հեռացուցիր քու բոլոր սրտմտութիւնդ, Ետ դարձար քու սաստիկ բարկութենէդ։4. Մեզ դարձուր՝ ՝, ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը Եւ քու բարկութիւնդ՝ որ մեր վրայ է՝ դադրեցո՛ւր։5. Միթէ յաւիտեան պիտի բարկանա՞ս մեզի. Քու բարկութիւնդ ազգէ մինչեւ ազգ պիտի երկնցնե՞ս։6. Միթէ ետ պիտի չդառնա՞ս ու մեզ կենդանացնես, Որպէս զի քու ժողովուրդդ քեզմով ուրախ ըլլայ։7. Ցուցո՛ւր մեզի, ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ Եւ քու փրկութիւնդ մեզի տուր։Առակներ 21:9-119. Աղէկ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ, Քան թէ կռուազան կնոջ հետ մեծ տան մէջ։10. Ամբարիշտ մարդուն հոգին չարութեան կը ցանկայ Ու անոր ընկերը անոր առջեւ շնորհք չի գտներ։11. Եթէ ծաղրողը տուգանքի ենթարկուի, միամիտը իմաստուն կ’ըլլայ Եւ եթէ իմաստունը խրատուի, գիտութիւն կը ստանայ։Գործեր 20:1-161. Աղմուկը դադարելէ յետոյ Պօղոս աշակերտները իրեն կանչեց ու հրաժարական ողջոյն տալով՝ ելաւ որ Մակեդոնիա երթայ։2. Եւ այն կողմերը պտըտելէ ու շատ խօսքերով զանոնք յորդորելէ ետքը Ելլադա գնաց։3. Հոն երեք ամիս կենալէ ետքը, Հրեաները իրեն դէմ նենգութեան խորհուրդ ըրին, երբ կ’ուզէր Սուրիա երթալ. անոր համար որոշեց Մակեդոնիայի վրայէն դառնալ։4. Մինչեւ Ասիա իրեն հետ կ’երթային Բերիացի [Պիռոսի որդին ] Սոպատրոսը եւ Թեսաղոնիկեցիներէն Արիստարքոսն ու Սեկունդոսը եւ Գայիոս Դերբացին ու Տիմոթէոսը եւ Ասիացի՝ Տիւքիկոսն ու Տրոփիմոսը։5. Ասոնք առաջ գացին ու Տրովադայի մէջ մեզի կ’սպասէին։6. Մենք ալ Բաղարջակերացի օրերէն յետոյ Փիլիպպէէն նաւեցինք եւ հինգ օրուան մէջ Տրովադա հասանք անոնց քով ու հոն եօթը օր կեցանք։7. Մէկշաբթի օրը երբ հաւաքուեր էինք՝ ՝ հաց կտրելու, Պօղոս անոնց կը քարոզէր, վասն զի հետեւեալ օրը ճամբայ պիտի ելլէր եւ խօսքը երկնցուց մինչեւ կէս գիշեր։8. Շատ լապտերներ կային այն վերի սենեակը՝ ուր մենք հաւաքուած էինք։9. Երիտասարդ մը, Եւտիքոս անուն, պատուհանին վրայ նստած՝ խորունկ քունի մէջ մտեր էր։ Երբ Պօղոս խօսքը երկնցուց, անիկա խորունկ քնով բռնուած՝ երրորդ դստիկոնէն վար ինկաւ ու զանիկա մեռած վերցուցին։10. Պօղոս վար իջնելով՝ անոր վրայ ինկաւ ու գրկեց զանիկա ու ըսաւ. «Մի՛ խռովիք, վասն զի ասոր հոգին իր մէջն է»։11. Եւ վեր ելլելով՝ հացը կտրեց ու կերաւ։ Երկար խօսեցաւ մինչեւ առտու, ետքը ելաւ գնաց։12. Այն պատանին ողջ բերին ու մեծապէս մխիթարուեցան։13. Իսկ մենք նաւը մտնելով՝ ճամբայ ելանք դէպի Ասոն, ուրկէ Պօղոսը պիտի առնէինք, վասն զի այնպէս ապսպրեր էր, որովհետեւ ինք ցամաքով պիտի երթար։14. Երբ Ասոնի մէջ մեզի հանդիպեցաւ, առինք զանիկա եւ Միտիլինէ գացինք։15. Անկէ ալ նաւով հետեւեալ օրը Քիոսի դէմը հասանք։ Միւս օրը Սամոս հասանք ու գիշերը Տրոգիլիոն կենալով՝ միւս օրը Մելիտոս գացինք,16. Վասն զի Պօղոս միտքը դրեր էր որ նաւով անցնի Եփեսոսի քովէն, որ չըլլայ թէ Ասիայի մէջ ժամանակ անցընէ, որովհետեւ կ’արտորար որ եթէ կարելի է, Պէնտէկոստէին Երուսաղէմ ըլլայ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981