Աստվածաշունչը մեկ տարում
Հուլիս 18

1. Այս բաներէն ու ճշմարտութենէն՝ ՝ յետոյ, Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը եկաւ ու Յուդայի երկիրը մտնելով՝ պարսպապատ քաղաքներուն դէմ բանակեցաւ։ Միտքը դրած էր, որ զանոնք բռնութեամբ գրաւէ։
2. Եզեկիա տեսնելով որ Սենեքերիմ եկեր է ու Երուսաղէմի դէմ պատերազմիլ կ’ուզէ,
3. Իր իշխաններուն ու զօրապետներուն հետ խորհուրդ ըրաւ, որ քաղաքէն դուրս եղող աղբիւրներուն ջուրերը գոցէ։ Անոնք իրեն օգնեցին։
4. Շատ ժողովուրդ հաւաքուեցաւ ու բոլոր աղբիւրները ու երկրին մէջէն անցնող հեղեղատը գոցեցին՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ համար Ասորեստանի թագաւորները գան ու առատ ջուր գտնեն»։
5. Եզեկիա զինք ուժովցուց եւ բոլոր փլած պարիսպները շինեց ու աշտարակները բարձրացուց ու դուրսէն ուրիշ պարիպ մըն ալ շինեց եւ Դաւիթի քաղաքին մէջ եղող Մելօնը նորոգեց ու շատ նիզակներ ու ասպարներ շինեց։
6. Ժողովուրդին վրայ պատերազմի զօրապետներ դրաւ ու զանոնք քաղաքին դրանը հրապարակին մէջ իր քով հաւաքեց եւ անոնց հետ քաղցրութեամբ խօսեցաւ՝ ըսելով.
7. «Զօրացէ՛ք ու քաջասիրտ եղէ՛ք. Ասորեստանի թագաւորին երեսէն մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք. վասն զի մեզի հետ եղողները անոր հետ եղողներէն շատ են։
8. Անոր հետ մարմնեղէն բազուկ կայ, բայց մեզի հետ եղողը մեր Տէր Աստուածն է, որ պիտի օգնէ մեզի ու մեր պատերազմներուն մէջ պիտի առաջնորդէ»։ Ժողովուրդը Յուդայի Եզեկիա թագաւորին խօսքերէն սիրտ առաւ՝ ՝։
9. Ասկէ յետոյ Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը, երբ ինք ու իր բոլոր իշխանները Լաքիս եկած էին, իր ծառաները Երուսաղէմ ղրկեց Յուդայի Եզեկիա թագաւորին ու Երուսաղէմ եղող բոլոր Յուդային՝ ըսելով.
10. «Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք որո՞ւ ապաւինելով Երուսաղէմ պաշարման մէջ կը նստիք.
11. Չէ՞ որ Եզեկիա ձեզ գլխէ կը հանէ, որպէս զի ձեզ անօթութեամբ եւ ծարաւով մեռնելու մատնէ, ըսելով թէ՝ «Մեր Տէր Աստուածը մեզ Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն պիտի ազատէ»։
12. Ասիկա նոյն Եզեկիան չէ՞, որ անոր բարձր տեղերն ու սեղանները վերցուց եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի բնակիչներուն ըսաւ. «Միայն մէկ սեղանի առջեւ երկրպագութիւն ըրէք ու անոր վրայ խունկ ծխեցէք»։
13. Չէ՞ք գիտեր թէ երկիրներուն բոլոր ժողովուրդներուն ի՛նչ ըրինք ես ու իմ հայրերս. միթէ այն երկիրներուն ազգերուն աստուածները իրենց երկիրները կրցա՞ն իմ ձեռքէս ազատել։
14. Իմ հայրերուս բնաջինջ ըրած ազգերուն բոլոր աստուածներէն ո՞րը իր ժողովուրդը իմ ձեռքէս ազատել կրցաւ, որ ձեր Աստուածը ձեզ իմ ձեռքէս կարենայ ազատել։
15. Եզեկիա ձեզ թող չխաբէ ու ձեզ այդպէս գլխէ թող չհանէ, անոր մի՛ հաւատաք. վասն զի ազգի մը կամ թագաւորութեան մը ոեւէ մէկ աստուածը իր ժողովուրդը իմ ձեռքէս ու իմ հայրերուս ձեռքէն չկրցաւ ազատել. ո՞ւր մնաց որ ձեր Աստուածը ձեզ իմ ձեռքէս ազատէ’»։
16. Անոր ծառաները Տէր Աստուծոյ դէմ ու անոր ծառային Եզեկիային դէմ աւելի խօսքեր ալ ըսին։
17. Սենեքերիմ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյ հայհոյելով ու անոր դէմ խօսելով նամակ գրեց ու ըսաւ. «Ինչպէս միւս երկիրներուն ազգերուն աստուածները իրենց ժողովուրդները իմ ձեռքէս չկրցան ազատել, այնպէս Եզեկիային Աստուածը իր ժողովուրդը իմ ձեռքէս պիտի չկրնայ ազատել»։
18. Եւ պարսպին վրայ եղող Երուսաղէմի ժողովուրդին՝ բարձր ձայնով Եբրայեցերէն պոռացին զանոնք վախցնելու ու շփոթութեան մէջ ձգելու համար, որպէս զի քաղաքը առնեն։
19. Երուսաղէմի Աստուծոյն դէմ խօսեցան՝ ինչպէս միւս երկրի ժողովուրդներուն աստուածներուն դէմ, որոնք մարդու ձեռագործ են։
20. Եզեկիա թագաւորը եւ Ամովսի որդին Եսայի մարգարէն այս բանին համար դէպի երկինք աղաղակելով աղօթք ըրին։
21. Տէրը հրեշտակ մը ղրկեց ու Ասորեստանի թագաւորին բանակին մէջ ամէն զօրաւոր կտրիճ ու իշխան ու զօրագլուխ զարկաւ։ Սենեքերիմ ամօթով իր երկիրը դարձաւ ու իր աստուծոյն տունը մտաւ եւ իր երանքէն ելած որդիները զանիկա սրով մեռցուցին։
22. Այսպէս Տէրը Եզեկիան ու Երուսաղէմի բնակիչները Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորին ձեռքէն եւ ամենուն ձեռքէն ազատեց ու զանոնք ամէն կողմանէ պաշտպանեց։
23. Շատերը Տէրոջը ընծաներ բերին Երուսաղէմ ու Յուդայի Եզեկիա թագաւորին ալ պատուական բաներ։ Անկէ ետքը անիկա բոլոր ազգերուն առջեւ բարձրացաւ։
24. Այն օրը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ ու Տէրոջը աղօթք ըրաւ եւ Տէրը խօսեցաւ անոր ու հրաշք մը ըրաւ՝ ՝ անոր։
25. Եզեկիա իր ընդունած բարիքին փոխարէն շնորհակալութիւն չմատուցանեց, վասն զի անոր սիրտը հպարտացաւ. ուստի անոր վրայ եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ բարկութիւն եկաւ։
26. Բայց Եզեկիա իր սրտին հպարտութեանը համար խոնարհեցաւ, թէ՛ ինք եւ թէ՛ Երուսաղէմի բնակիչները. անոր համար Տէրոջը բարկութիւնը Եզեկիայի օրերը անոնց վրայ չեկաւ։
27. Եզեկիա խիստ շատ հարստութիւն ու փառք ունեցաւ։ Անիկա իրեն արծաթի, ոսկիի, պատուական քարերու, խունկերու, զէնքերու ու ամէն տեսակ ցանկալի անօթներու համար գանձարաններ շինեց։
28. Եւ ցորենի ու գինիի ու իւղի բերքերուն համար՝ շտեմարաններ եւ ամէն տեսակ անասուններու համար՝ ախոռներ ու հօտերու համար փարախներ շինեց։
29. Քաղաքներ շինեց իրեն։ Շատ ոչխարներ ու արջառներ ստացաւ. վասն զի Աստուած խիստ շատ ստացուածք տուաւ անոր։
30. Եզեկիան Գեհոնին վերի ջրանցքը գոցեց ու զանիկա դէպի վար Դաւիթի քաղաքին արեւմտեան կողմը ուղղեց։ Եզեկիա իր բոլոր գործերուն մէջ յաջողութիւն գտաւ։
31. Բայց երբ Բաբելոնի իշխաններուն դեսպանները անոր ղրկուեցան՝ երկրին մէջ եղած հրաշքին մասին հարցնելու համար, Աստուած զանիկա թողուց որպէս զի փորձէ ու բոլոր անոր սրտին մէջ եղածը գիտնայ։
32. Ու Եզեկիայի մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բարեպաշտութիւնը՝ ահա Ամովսի որդիին Եսայի մարգարէին մարգարէութեանը մէջ եւ Յուդայի ու Իսրայէլի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած են։
33. Ու Եզեկիա իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա Դաւիթի որդիներուն ամենէն բարձր գերեզմաններուն մէջ թաղեցին եւ բոլոր Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչները պատիւ ըրին անոր իր մահուան ատենը ու անոր տեղ անոր որդին Մանասէն թագաւոր եղաւ։
1. Մանասէն տասնըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ յիսունըհինգ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։
2. Անիկա Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտած ազգերուն գարշելի գործերուն պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։
3. Անիկա իր հօրը Եզեկիային կործանած բարձր տեղերը նորէն շինեց ու Բահաղիմին սեղաններ կանգնեցուց եւ Աստարովթին կուռքեր շինեց ու երկնքի բոլոր զօրութիւններուն երկրպագութիւն ըրաւ եւ անոնց ծառայութիւն ըրաւ
4. Ու սեղաններ շինեց Տէրոջը տանը մէջ, որուն համար Տէրը ըսած էր թէ «Իմ անունս յաւիտեան Երուսաղէմի մէջ պիտի ըլլայ»։
5. Տէրոջը տանը երկու գաւիթներուն մէջ երկնքի բոլոր զօրութիւններուն սեղաններ շինեց։
6. Անիկա Ենովմին որդիին ձորին մէջ իր որդիները կրակէ անցուց ու գուշակութիւն, հմայութիւն ու դիւթութիւն կ’ընէր, վհուկներ ու նշանագէտներ ունէր եւ Տէրոջը առջեւ շատ չարութիւն ըրաւ ու զանիկա բարկացուց։
7. Իր շինած քանդակեալ կուռքը Աստուծոյ տունը դրաւ, որուն համար Աստուած Դաւիթին ու անոր որդիին Սողոմոնին ըսեր էր՝ «Իմ անունս այս տանը մէջ ու Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն իմ ընտրած Երուսաղէմիս մէջ պիտի դնեմ յաւիտեան
8. Եւ Իսրայէլին ոտքը անգամ մըն ալ պիտի չշարժեմ այդ երկրէն, որուն մէջ ձեր հայրերը հաստատեցի. միայն թէ անոնք զգուշութեամբ գործադրեն այն օրէնքները, կանոններն ու պատուիրանքները, որոնք Մովսէսին միջոցով իրենց պատուիրեցի»։
9. Բայց Մանասէն՝ Յուդան ու Երուսաղէմի բնակիչները այնպէս մոլորցուց, որ Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն կորսնցուցած ազգերէն աւելի չարութիւն ըրին։
10. Տէրը Մանասէին ու անոր ժողովուրդին խօսեցաւ, բայց անոնք մտիկ չըրին։
11. Տէրը անոնց վրայ Ասորեստանի թագաւորին զօրագլուխները բերաւ, որոնք Մանասէն կարթերով բռնեցին եւ զանիկա ոտնակապերով կապեցին ու Բաբելոն տարին։
12. Անիկա իր նեղութեան ատենը իր Տէր Աստուծոյն երեսը փնտռեց եւ իր հայրերուն Աստուծոյն առջեւ մեծապէս խոնարհեցաւ։
13. Անոր աղօթք ըրաւ։ Տէրը անոր աղօթքը ընդունեց ու անոր աղաչանքը լսեց ու զանիկա Երուսաղէմ իր թագաւորութեանը դարձուց։ Այն ատեն Մանասէն իմացաւ թէ Եհովա է Աստուած։
14. Անկէ ետքը Դաւիթին քաղաքին դուրսը, Գեհոնի արեւմտեան կողմը հեղեղատին մէջ ու մինչեւ Ձուկերուն Դրանը բերանը պարիսպ մը շինեց, Ոփաղն ալ մէջը առնելով ու զանիկա շատ բարձրացուց եւ Յուդայի բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն մէջ զինուորական իշխաններ դրաւ։
15. Օտար աստուածներն ու կուռքերը Տէրոջը տունէն վերցուց ու Տէրոջը տանը լերանը վրայ ու Երուսաղէմի մէջ իր շինած բոլոր սեղանները վերցուց եւ քաղաքէն դուրս նետեց։
16. Տէրոջը սեղանը շինեց եւ անոր վրայ խաղաղութեան ու շնորհակալութեան զոհեր մատուցանեց եւ Յուդային պատուիրեց, որ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն ծառայութիւն ընեն,
17. Սակայն ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէին, բայց միայն իրենց Տէր Աստուծոյն։
18. Մանասէին մնացորդ պատմութիւնն ու իր Աստուծոյն ըրած աղօթքը ու Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անունովը անոր տեսանողներուն խօսքերը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
19. Անոր աղօթքը եւ ընդունուիլն ու անոր բոլոր մեղքը ու յանցանքը եւ այն տեղերը՝ ուր իր դարձի գալէն առաջ բարձր տեղեր շինեց ու Աստարովթին կուռքեր ու քանդակուած կուռքեր կանգնեցուց, ահա Հօզայի ժամանակագրութեան մէջ գրուած են։
20. Մանասէն իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա իր տանը մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ անոր որդին Ամոնը թագաւոր եղաւ։
21. Ամոն քսանըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։
22. Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ իր հօրը Մանասէին ըրածին պէս եւ իր հօրը Մանասէին շինած բոլոր կուռքերուն զոհ մատուցանեց ու անոնց ծառայութիւն ըրաւ։
23. Բայց Տէրոջը առջեւ չխոնարհեցաւ, ինչպէս իր հայրը Մանասէն խոնարհեր էր. ընդհակառաը Ամոնը աւելի յանցանք գործեց։
24. Իր ծառաները դաւաճանութիւն ըրին իրեն դէմ ու իր տանը մէջ մեռցուցին։
25. Ու երկրին ժողովուրդն ալ Ամոն թագաւորին դէմ բոլոր դաւաճանութիւն ընողները մեռցուցին ու երկրին ժողովուրդը անոր որդին Յովսիան անոր տեղ թագաւոր դրին։
8. Պիտի լսեմ ինչ որ կը խօսի Տէր Աստուած. Վասն զի խաղաղութեամբ պիտի խօսի իր ժողովուրդին ու իր սուրբերուն, Որ սրտով իրեն կը դառնան։
9. Արդարեւ փրկութիւնը մօտ է իրմէ վախցողներուն, Որպէս զի մեր երկրին մէջ փառքը բնակի։
10. Ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը իրարու պատահեցան, Արդարութիւնը ու խաղաղութիւնը իրար համբուրեցին։
11. Ճշմարտութիւնը երկրէն պիտի բուսնի Ու արդարութիւնը երկնքէն վար պիտի նայի։
12. Տէրը բարութիւն պիտի տայ Ու մեր երկիրը՝ իր պտուղը։
13. Արդարութիւնը անոր առջեւէն պիտի երթայ Ու գնացքները ճամբու՝ ՝ պիտի դնէ։
12. Արդարը խոհեմութեամբ ամբարիշտին տունը կը դիտէ, Երբ ամբարիշտները չարութեան համար կործանին։
17. Մելիտոսէն մարդ ղրկեց Եփեսոս ու եկեղեցիին երէցները կանչեց։
18. Երբ եկան, ըսաւ անոնց. «Դուք գիտէք թէ՝ առաջին օրէն ի վեր երբ ես Ասիա եկայ, ի՛նչպէս ձեզի հետ վարուեցայ բոլոր ժամանակը։
19. Ամենայն խոնարհութեամբ Տէրոջը ծառայելով եւ շատ արցունքով ու փորձութիւններով որ Հրեաներու նենգութիւնով ինծի պատահեցան.
20. Ի՛նչպէս վախնալով բնաւ ետ չկեցայ օգտակար բաներ ձեզի ըսելէ ու ձեզի՝ հրապարակաւ եւ տան մէջ՝ սորվեցնելէ.
21. Վկայութիւն տալով Հրեաներուն եւ Յոյներուն առջեւ ՝ դէպի Աստուած ապաշխարութեան համար, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայ եղած հաւատքին համար։
22. Եւ հիմա՝ ահա՛ ես հոգիով կապուած՝ Երուսաղէմ կ’երթամ եւ հոն ինծի ի՞նչ պիտի պատահի՝ չեմ գիտեր.
23. Միայն թէ Սուրբ Հոգին ամէն քաղաքի մէջ ինծի կը վկայէ թէ՝ կապեր ու նեղութիւններ ինծի կը սպասեն։
24. Բայց ես բանի մը համար հոգ չեմ ըներ եւ իմ անձս պատուական չեմ սեպեր, միայն թէ իմ ընթացքս ուրախութեամբ կատարեմ եւ այն պաշտօնը՝ զոր Տէր Յիսուսէն առի Աստուծոյ շնորհքներու աւետարանին վկայ ըլլալու։
25. Եւ հիմա ահա ես գիտեմ որ ա՛լ իմ երեսս պիտի չտեսնէք դուք ամէնքդ, որոնց մէջ պտըտեցայ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզելով։
26. Ուստի այսօր կ’իմացնեմ ձեզի, թէ ես անպարտ եմ ամենուն արիւնէն։
27. Վասն զի ետ չկեցայ Աստուծոյ բոլոր կամքը ձեզի յայտնելէ։
28. Ուրեմն զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ Սուրբ Հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու զոր իր արիւնովը ստացաւ։
29. Քանզի գիտեմ թէ իմ զատուելէս ետքը ձեր մէջ յափշտակող գայլեր պիտի մտնեն, որոնք պիտի չխնայեն հօտին։
30. Եւ ձեզմէ ալ այնպիսի՛ մարդիկ պիտի ելլեն, որոնք ծուռ բաներ պիտի խօսին՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար։
31. Ուստի արթո՛ւն կեցէք եւ մտքերնիդ բերէք՝ թէ երեք տարի գիշեր ու ցորեկ չդադարեցայ ամէն մէկը արցունքով խրատելէ։
32. Եւ հիմա, եղբա՛յրներ, կը յանձնեմ ձեզ Աստուծոյ ու անոր շնորհքներու խօսքին, որ կարող է շինելու եւ բոլոր սրբուածներուն հետ ձեզի ժառանգութիւն տալու։
33. Մէկո՛ւն արծաթին կամ ոսկիին կամ հագուստին չցանկացի։
34. Դուք ձեզմէ գիտէք թէ ինծի եւ ինծի հետ եղողներուն պէտքերը այս ձեռքերս հոգացին։
35. Ամէն բան ձեզի ցուցուցի, թէ այսպէ՛ս պէտք է աշխատիլ ու տկարներուն օգնութիւն ընել եւ միտք բերել Տէր Յիսուսին խօսքը՝ որ ինք ըսաւ. ‘Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը’»։
36. Երբ ասիկա ըսաւ, անոնց ամենուն հետ ծունկի վրայ գալով՝ աղօթք ըրաւ։
37. Ամէնքն ալ սաստիկ կու լային ու Պօղոսին պարանոցին վրայ իյնալով՝ զանիկա կը համբուրէին։
38. Սրտերնին կը ցաւէր մանաւանդ այն խօսքին համար՝ որ կ’ըսէր թէ՝ ա՛լ պիտի չտեսնեն իր երեսը եւ զանիկա ճամբու դրին, մինչեւ նաւը երթալով ։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981