Աստվածաշունչը մեկ տարում Հուլիս 192 քրոնիկները 34:1-331. Յովսիա ութը տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեսունըմէկ տարի թագաւորեց։2. Անիկա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ ու իր հօրը Դաւիթին ճամբաներուն մէջ քալեց ու աջ կամ ձախ կողմը չխոտորեցաւ։3. Իր թագաւորութեան ութերորդ տարին, երբ դեռ ինք պատանի էր, իր հօրը Դաւիթին Աստուածը փնտռել սկսաւ ու տասնըերկրորդ տարին՝ Յուդան ու Երուսաղէմը բարձր տեղերէն, Աստարովթի կուռքերէն եւ քանդակուած ու ձուլածոյ կուռքերէն մաքրեց։4. Բահաղիմին սեղանները անոր առջեւ կործանեց ու անոնց վրայի արեգակի կուռքերը կոտրտեց եւ Աստարովթին կուռքերն ու քանդակուած ու ձուլածոյ կուռքերը մանրեց ու փշրեց ու անոնց զոհ մատուցանողներուն գերեզմաններուն վրայ ցանեց։5. Քուրմերուն ոսկորները անոնց սեղաններուն վրայ այրեց ու Յուդան ու Երուսաղէմը մաքրեց։6. Մանասէին ու Եփրեմին ու Շմաւոնին քաղաքներուն մէջ մինչեւ Նեփթաղիմ եւ անոնց բոլորտիքը եղած աւերակ տեղերը նոյնպէս ըրաւ ՝ ՝։7. Սեղանները եւ Աստարովթին կուռքերը կործանեց ու քանդակուած կուռքերը մանրեց ու փշրեց եւ Իսրայէլի բոլոր երկրին մէջ եղող բոլոր արեգակի կուռքերը կոտրտեց ու Երուսաղէմ դարձաւ։8. Իր թագաւորութեանը տասնըութերորդ տարին երկիրն ու իր տունը մաքրեց, ապա Եսելիային որդին Սափանն ու քաղաքին իշխանը Մաասիան ու Յովաքազին որդին Յովաքը՝ յիշատակներու դպիրը՝ ղրկեց, որպէս զի իր Տէր Աստուծոյն տունը նորոգեն։9. Անոնք Քեղկիա քահանայապետին եկան ու Աստուծոյ տունը բերուած ստակը առին, որ Ղեւտացիները, դրան պահապանները, Մանասէին ու Եփրեմին ձեռքէն եւ Իսրայէլի բոլոր մնացորդէն ու բոլոր Յուդայէն ու Բենիամինէն ու Երուսաղէմի բնակիչներէն հաւաքեր էին,10. Տէրոջը տանը գործին վրայ դրուած բանուորներուն ձեռքը տուին. անոնք ալ Տէրոջը տանը մէջ գործող բանուորներուն տուին՝ տունը նորոգելու եւ շինելու համար.11. Այսինքն հիւսներուն ու շինողներուն տուին, որպէս զի Յուդայի թագաւորներուն աւերած տուները շինելու համար տաշուած քարեր ու գերաններու համար փայտեր ծախու առնեն։12. Այն մարդիկը գործը հաւատարմութեամբ կը բանէին ու գործը յառաջ տանելու համար անոնց վրայ կեցողները Մերարիին որդիներէն՝ Ղեւտացի Յեթն ու Աբդիան եւ Կահաթեաններու որդիներէն Զաքարիան ու Մեսուղամն էին. նաեւ Ղեւտացիները, նուագարաններուն աղէկ տեղեակ եղողներուն ամէնքը.13. Նաեւ բեռնակիրներուն ու ամէն տեսակ գործ կատարողներուն վերակացուներն էին։ Դպիրները, ոստիկաններն ու դռնապանները Ղեւտացիներէն էին։14. Երբ Տէրոջը տունը բերուած ստակը կը հանէին, Քեղկիա քահանան Մովսէսին ձեռքով տրուած Տէրոջը օրէնքներուն գիրքը գտաւ։15. Քեղկիա Սափան դպիրին ըսաւ. «Տէրոջը տանը մէջ օրէնքներու գիրք մը գտայ»։ Քեղկիա այն գիրքը Սափանին տուաւ։16. Սափան գիրքը թագաւորին տարաւ ու տեղեկացուց՝ ըսելով. «Քու ծառաներդ իրենց յանձնուած բոլոր գործը կատարեցին17. Եւ Տէրոջը տանը մէջ գտնուած ստակը հանեցին ու զանիկա վերակացուներուն ձեռքը ու գործը կատարողներուն ձեռքը տուին»։18. Սափան դպիրը թագաւորին պատմեց ու ըսաւ. «Քեղկիա քահանան ինծի գիրք մը տուաւ»։ Սափան անոր մէջէն թագաւորին առջեւ կարդաց։19. Թագաւորը օրէնքներու խօսքերը լսածին պէս իր հանդերձները պատռեց։20. Թագաւորը Քեղկիային ու Սափանին որդիին Աքիկամին ու Միքային որդիին Աբդօնին եւ Սափան դպիրին ու թագաւորին ծառայ Ասայիային պատուիրեց ու ըսաւ.21. «Գացէք ինծի եւ Իսրայէլի ու Յուդայի մնացորդներուն համար այս գտնուած գրքին խօսքերուն վրայով Տէրոջը հարցուցէք. քանի որ մեր հայրերը Տէրոջը խօսքը չպահեցին եւ այս գրքին մէջ բոլոր գրուածները չկատարեցին, ուստի մեր վրայ թափուեցաւ Տէրոջը մեծ բարկութիւնը»։22. Ու Քեղկիան եւ թագաւորին մարդիկը Ասրային որդիին Թեկուային որդիին Սեղղում հանդերձապետին կնոջ, Ողդա մարգարէուհիին գացին եւ անիկա Երուսաղէմ Մասենայի մէջ կը բնակէր ու անոր հետ այդ մասին խօսեցան։23. Ողդան ըսաւ անոնց. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեզ ինծի ղրկող մարդուն ըսէք.24. «Ահա ես այս տեղին ու անոր բնակիչներուն վրայ չարիք պիտի բերեմ, այսինքն այն բոլոր անէծքները, որոնք Յուդայի թագաւորին առջեւ կարդացուած գրքին մէջ գրուած են,25. Քանզի զիս թողուցին եւ ուրիշ աստուածներու խունկ ծխեցին, որպէս զի իրենց ձեռքերուն բոլոր գործերովը զիս բարկացնեն. ուստի այս տեղին վրայ իմ բարկութիւնս պիտի բորբոքի ու պիտի չմարի»։26. Բայց Տէրոջը հարցնելու համար ձեզ ղրկող Յուդայի թագաւորին այսպէս ըսէք. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ լսած խօսքերուդ համար.27. Որովհետեւ քու սիրտդ կակղացաւ ու Աստուծոյ առջեւ խոնարհեցար, երբ այս տեղին վրայ ու անոր բնակիչներուն վրայ անոր ըսած խօսքերը լսեցիր եւ իմ առջեւս խոնարհեցար ու հանդերձներդ պատռեցիր ու իմ առջեւս լացիր, ես ալ լսեցի», կ’ըսէ Տէրը։28. Ահա ես քեզ քու հայրերուդ պիտի խառնեմ ու խաղաղութեամբ քու գերեզմանիդ մէջ պիտի ամփոփուիս եւ այս տեղին վրայ ու անոր բնակիչներուն վրայ իմ բերելու բոլոր չարիքներս քու աչքերդ պիտի չտեսնեն’»։ Ու անոնք թագաւորին պատասխան տարին։29. Թագաւորը մարդ ղրկեց ու Յուդայի բոլոր ծերերը հաւաքեց։30. Թագաւորն ու Յուդայի բոլոր մարդիկը ու Երուսաղէմի բնակիչները եւ քահանաներն ու Ղեւտացիները ու բոլոր ժողովուրդը, մեծէն մինչեւ պզտիկը, Տէրոջը տունը գացին եւ Տէրոջը տանը մէջ գտնուած ուխտի գրքին բոլոր խօսքերը անոնց առջեւ կարդաց։31. Ու թագաւորը իր տեղը ոտքի վրայ կանգնեցաւ ու Տէրոջը առջեւ ուխտ ըրաւ, որպէս զի այն գրքին մէջ գրուած ուխտին խօսքերը կատարելու համար Տէրոջը ետեւէն երթայ եւ անոր պատուիրանքներն ու վկայութիւնները եւ կանոնները բոլոր սրտով ու բոլոր հոգիով պահէ։32. Երուսաղէմի ու Բենիամինի մէջ բոլոր գտնուողները կանգնեցուց ու Երուսաղէմի բնակիչները իրենց հայրերուն Աստուծոյն ուխտին պէս ըրին։33. Յովսիա Իսրայէլի որդիներուն բոլոր երկիրներէն բոլոր գարշութիւնները վերցուց ու բոլոր Իսրայէլի մէջ գտնուողներուն իրենց Տէր Աստուծոյն ծառայութիւն ընել տուաւ։ Անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ իրենց հայրերուն Տէր Աստուծմէն չխոտորեցան։2 քրոնիկները 35:1-271. Յովսիա Երուսաղէմի մէջ Տէրոջը զատիկը տօնեց ու զատիկը առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը մորթեցին։2. Քահանաները իրենց պահպանութեանը վրայ կեցուց ու զանոնք քաջալերեց, որ Տէրոջը տանը ծառայութիւն ընեն։3. Բոլոր Իսրայէլին սորվեցնող ու Տէրոջը նուիրուած Ղեւտացիներուն ըսաւ. «Սուրբ տապանակը Իսրայէլի թագաւորին, Դաւիթին որդիին Սողոմոնին, շինած տունը դրէք, ձեր ուսերուն վրայ բեռ թող չըլլայ ու ձեր Տէր Աստուծոյն ու անոր ժողովուրդին Իսրայէլին ծառայութիւն ըրէ՛ք։4. Ձեր ազգատոհմերովն ու ձեր բաժանումներովը՝ Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթին գրածին պէս ու անոր որդիին Սողոմոնին գրածին պէս պատրաստ եղէ՛ք։5. Ձեր եղբայրներուն, ժողովուրդին որդիներուն տոհմերուն որոշումներուն համեմատ ու Ղեւտացիներուն ազգատոհմերուն բաժանումներուն համեմատ, սրբարանին մէջ կեցէք։6. Զատիկը մորթեցէ՛ք ու սրբուեցէ՛ք ու զանիկա ձեր եղբայրներուն համար պատրաստեցէ՛ք, որպէս զի անոնք Տէրոջը Մովսէսին միջոցով ըսած խօսքին պէս ընեն։7. Յովսիա բոլոր հոն գտնուող ժողովուրդին որդիներուն՝ իր հօտերէն երեսուն հազար գառ ու այծի ձագ պարգեւեց, ամէնքն ալ զատկի համար, նաեւ երեք հազար արջառ։ Ասոնք թագաւորին ստացուածքէն էին։8. Իր իշխաններն ալ ժողովուրդին, քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն յօժարութեամբ պարգեւ տուին։ Աստուծոյ տանը իշխանները՝ Քեղկիան, Զաքարիան ու Յեքիէլը, զատկի համար երկու հազար վեց հարիւր գառ ու երեք հարիւր արջառ քահանաներուն տուին։9. Քոնոնիան ու անոր եղբայրները, Սեմայիան ու Նաթանայէլը ու Ղեւտացիներուն իշխանները, Ասաբիան, Յէիէլը եւ Յովզաբադը, զատկի համար Ղեւտացիներուն հինգ հազար գառ ու հինգ հազար արջառ պարգեւեցին։10. Պաշտամունքը պատրաստուեցաւ ու թագաւորին հրամայածին պէս, քահանաները իրենց կարգին համեմատ ու Ղեւտացիները իրենց բաժանումներուն համեմատ կեցան.11. Զատիկը կը մորթէին ու քահանաները անոնց ձեռքէն արիւնը առնելով կը սրսկէին. իսկ Ղեւտացիները մորթը կը հանէին12. Եւ ողջակէզ ըլլալու մասերը կը զատէին ու զանոնք ժողովուրդին որդիներուն՝ ազգատոհմերուն համեմատ՝ կը բաժնէին, որպէս զի Տէրոջը մատուցանեն Մովսէսին գրքին մէջ գրուածին պէս։ Արջառներն ալ նոյնպէս կ’ընէին ։13. Զատիկը սովորութեան համաձայն կրակով խորովեցին. բայց նուիրուած բաները կաթսաներով, սաներով ու տապակներով եփեցին ու փութով բաժնեցին բոլոր ժողովուրդին։14. Իրենց քահանաներուն համար ետքը պատրաստեցին. քանզի Ահարոնին որդիները՝ քահանաները, մինչեւ գիշեր ողջակէզներն ու ճարպերը մատուցանելով զբաղած էին. ուստի Ղեւտացիները իրենց համար եւ Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ համար պատրաստեցին։15. Իսկ Ասափին որդիները, երգողները, Դաւիթին ու Ասափին ու Եմանին եւ թագաւորական տեսանող Իդիթունին պատուիրածին համեմատ իրենց տեղը ու դռնապանները մէկ մէկ դուռը կեցեր էին. պէտք չեղաւ որ իրենց պաշտօնէն զատուին. վասն զի անոնց համար անոնց եղբայրները, Ղեւտացիները կը պատրաստէին։16. Յովսիա թագաւորին հրամայածին պէս՝ այն օրը Տէրոջը բոլոր պաշտամունքը կարգի դրուեցաւ, զատիկը ընելու ու ողջակէզները Տէրոջը սեղանին վրայ մատուցանելու համար։17. Այն ատեն հոն գտնուող Իսրայէլի որդիները զատիկն ու բաղարջակերաց տօնը եօթը օր ըրին։18. Սամուէլ մարգարէին օրերէն ի վեր Իսրայէլի մէջ ասոր պէս զատիկ մը եղած չէր. Յովսիային ու քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն բոլոր հոն գտնուող Յուդայի ու Իսրայէլի ու Երուսաղէմի բնակիչներուն ըրած զատկին պէս Իսրայէլի բոլոր թագաւորները ըրած չէին։19. Այս զատիկը Յովսիային թագաւորութեան տասնըութերորդ տարին եղաւ։20. Այս բոլոր բաներէն եւ Յովսիային տաճարին կարգադրութիւնը հաստատելէն ետքը, Եգիպտոսի Նեքաւով թագաւորը Եփրատի քով Քարքամիս քաղաքին դէմ պատերազմելու գնաց։ Յովսիա զանիկա դիմաւորելու գնաց։21. Նեքաւով դեսպաններ ղրկեց Յովսափատին ու ըսաւ. «Ո՛վ Յուդայի թագաւոր, դուն ինծի հետ ի՞նչ գործ ունիս. ես այսօր քեզի դէմ ելած չեմ, հապա ինծի հետ պատերազմ ընող տանը դէմ։ Աստուած ինծի հրամայեց, որ շուտով ընեմ. ինծի հետ եղող Աստուծմէն ետ կեցիր, որպէս զի քեզ չկորսնցնէ»։22. Բայց Յովսիա իր երեսը անկէ չդարձուց, հապա անոր հետ պատերազմելու համար իր հագուստը փոխեց՝ ՝ ու մտիկ չըրաւ Նեքաւովին խօսքին, որ Աստուծոյ բերնէն էր ու Մակեդդովի հովիտը պատերազմելու գնաց։23. Աղեղնաւորները Յովսիա թագաւորը նետով զարկին։ Թագաւորը իր ծառաներուն ըսաւ. «Զիս վերցուցէք ասկէ, վասն զի սաստիկ վիրաւորուեցայ»։24. Իր ծառաները զանիկա կառքէն հանեցին, իր երկրորդ կառքը հեծցնելով Երուսաղէմ տարին, ուր մեռաւ ու իր հայրերուն գերեզմաններուն մէջ թաղուեցաւ եւ բոլոր Յուդան ու Երուսաղէմը Յովսիային համար սուգ ըրին։25. Երեմիան Յովսիային վրայ ողբաց։ Բոլոր երգողները՝ այրեր եւ կիներ՝ մինչեւ այսօր իրենց ողբերուն մէջ Յովսիան կը յիշեն։ Զանոնք երգելու սովորութիւնը Իսրայէլի մէջ մտցուցին, որոնք ողբերուն մէջ գրուած են։26. Եւ Յովսիային մնացորդ պատմութիւնն ու անոր՝ Տէրոջը օրէնքին մէջ գրուածին համեմատ ըրած բարեգործութիւնը27. Եւ անոր առաջին ու վերջին պատմութիւնը ահա Իսրայէլի ու Յուդայի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած են։2 քրոնիկները 36:1-231. Երկրին ժողովուրդը Յովսիային որդին Յովաքազը առին ու զանիկա իր հօրը տեղ Երուսաղէմի մէջ թագաւոր ըրին։2. Յովաքազ քսանըերեք տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեք ամիս թագաւորութիւն ըրաւ։3. Եգիպտոսի թագաւորը զանիկա Երուսաղէմի մէջ աթոռէն վար առաւ ու երկրին վրայ հարիւր տաղանդ արծաթ ու մէկ տաղանդ ոսկի տուրք դրաւ։4. Եգիպտոսի թագաւորը անոր եղբայրը Եղիակիմը Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ թագաւոր դրաւ եւ անոր անունը Յովակիմի փոխեց ու Նեքաւով անոր եղբայրը Յովաքազը առաւ ու Եգիպտոս տարաւ։5. Յովակիմ քսանըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անիկա իր Տէր Աստուծոյն առջեւ չարութիւն ըրաւ։6. Անոր վրայ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը ելաւ ու զանիկա Բաբելոն տանելու համար ոտնակապերով կապեց։7. Նաբուգոդոնոսոր Տէրոջը տանը անօթները առաւ ու Բաբելոն տարաւ ու զանոնք Բաբելոն իր տաճարին մէջ դրաւ։8. Եւ Յովակիմին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր ըրած գարշութիւնները եւ անոր վրայ գտնուածը ահա Իսրայէլի ու Յուդայի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած են։ Անոր տեղ անոր որդին Յովաքինը թագաւոր եղաւ։9. Յովաքին տասնըութը տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեք ամիս ու տասը օր թագաւորեց։ Անիկա Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։10. Հետեւեալ տարին Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զօրք ղրկեց եւ զանիկա ու Տէրոջը տաճարին պատուական սպասները Բաբելոն տարաւ եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ անոր եղբայրը Սեդեկիան թագաւոր դրաւ։11. Սեդեկիան քսանըմէկ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։12. Անիկա իր Տէր Աստուծոյն առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Տէրոջը բերնէն խօսող Երեմիա Մարգարէին առջեւ չխոնարհեցաւ։13. Նաեւ ապստամբեցաւ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին դէմ, որ անոր երդում ընել տուեր էր Աստուծոյ անունովը ։ Իր պարանոցը խստացուց ու իր սիրտը կարծրացուց՝ որպէս զի Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն չդառնայ։14. Քահանաներուն բոլոր իշխանները ու ժողովուրդն ալ ազգերուն բոլոր գարշութիւններուն հետեւելով՝ խիստ շատ անօրէնութիւններ ըրին ու Տէրոջը Երուսաղէմի մէջ սրբած տունը պղծեցին։15. Անոնց հայրերուն Տէր Աստուածը՝ իր ժողովուրդին ու իր բնակարանին խնայելուն համար, իր պատգամաւորներուն միջոցով մեծ փութով՝ ՝ ազդարարութիւններ կը ղրկէր.16. Բայց անոնք Աստուծոյ ղրկած պատգամաւորները կ’անարգէին, անոր խօսքերը կ’արհամարհէին ու անոր մարգարէները ծաղր կ’ընէին. մինչեւ որ Տէրոջը բարկութիւնը իր ժողովուրդին վրայ բորբոքեցաւ, այնպէս որ ա՛լ բժշկութիւն չմնաց։17. Անոնց վրայ Քաղդէացիներուն թագաւորը հանեց. անիկա ալ անոնց երիտասարդները անոնց սրբարանին մէջ սրով մեռցուց ու երիտասարդին ու կոյսին, ծերին ու ալեւորին չխնայեց. ամէնքն ալ Տէրը անոր ձեռքը մատնեց։18. Ու Աստուծոյ տանը բոլոր մեծ ու պզտիկ անօթները ու Տէրոջը տանը գանձերը եւ թագաւորին ու անոր իշխաններուն գանձերը՝ ամէնքն ալ Բաբելոն տարաւ։19. Եւ Աստուծոյ տունը այրեցին ու Երուսաղէմի պարիսպը փլցուցին ու անոր բոլոր պալատները կրակով այրեցին ու բոլոր գեղեցիկ բաները աւերեցին։20. Սուրէն փախած մնացորդները Բաբելոն գերի տարին ու մինչեւ Պարսից թագաւորութեան հաստատուիլը, անոր եւ անոր որդիներուն ծառաները եղան,21. Որպէս զի Երեմիային բերնով ըսուած Տէրոջը խօսքը կատարուի, մինչեւ երկիրը իր շաբաթները վայելէ։ Իր աւերման բոլոր օրերը շաբաթ պահեց, մինչեւ եօթանասուն տարին լմնցաւ։22. Եւ Պարսից Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին, որպէս զի Երեմիային բերնով ըսուած Տէրոջը խօսքը կատարուի, Տէրը Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին հոգին արթնցուց ու անիկա իր բոլոր թագաւորութեանը մէջ հրատարակել տուաւ ու նաեւ հրովարտակ գրեց՝ ըսելով.23. «Այսպէս կ’ըսէ Կիւրոս, Պարսիկներու թագաւորը. ‘Երկնքի Եհովա Աստուածը երկրի բոլոր թագաւորութիւնները ինծի տուաւ ու անիկա ինծի պատուիրեց որ Յուդայի Երուսաղէմի մէջ անոր տուն մը շինեմ։ Ձեր մէջ ով որ անոր ժողովուրդէն է, իր Եհովա Աստուածը իրեն հետ ըլլայ ու թող մեկնի’»։Սաղմոսներ 86:1-51. Ո՛վ Տէր, խոնարհեցուր քու ականջդ։ Պատասխան տո՛ւր ինծի, վասն զի աղքատ ու տնանկ եմ։2. Պահէ իմ անձս, վասն զի ես սուրբ եմ։ Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզի յուսացող ծառադ դո՛ւն փրկէ։3. Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Տէր, Վասն զի քեզի կը կանչեմ ամէն օր։4. Ուրախացուր քու ծառայիդ անձը, Վասն զի դէպի քեզ կը վերցնեմ իմ անձս, ո՜վ Տէր։5. Վասն զի դո՛ւն, ո՛վ Տէր, բարի ու ներող ես Եւ խիստ ողորմած այն ամենուն, որոնք քեզի կը կանչեն։Առակներ 21:13-1413. Ով որ աղքատին աղաղակը չլսելու համար իր ականջը կը գոցէ, Ինք ալ պիտի աղաղակէ ու իրեն լսող պիտի չըլլայ։14. Գաղտնի պարգեւը բարկութիւնը կ’իջեցնէ Եւ ծոցը դրուած ընծան սաստիկ կատաղութիւնը կը դադրեցնէ ։Գործեր 21:13-1413. Իսկ Պօղոս պատասխան տուաւ. «Ի՞նչ կ’ընէք, ինչո՞ւ կու լաք ու իմ սիրտս կը ճմլէք. քանզի ես ո՛չ միայն Երուսաղէմի մէջ կապուելու, հապա նաեւ մեռնելու ալ պատրաստ եմ Տէր Յիսուսի անուանը համար»։14. Երբ ինք մտիկ չըրաւ, լուռ կեցանք ու ըսինք. «Տէրոջը կամքը թող ըլլայ»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981