Աստվածաշունչը մեկ տարում Հուլիս 21 քրոնիկները 28:1-211. Դաւիթ Իսրայէլի բոլոր իշխանները, ցեղերուն իշխանները ու թագաւորին ծառայութիւն ընող դասերուն իշխանները եւ հազարապետներն ու հարիւրապետները եւ թագաւորին ու անոր որդիներուն բոլոր ստացուածքներուն ու ինչքերուն վերակացուները, ներքինիները, զօրավարներն ու զօրքին բոլոր կտրիճները Երուսաղէմի մէջ հաւաքեց։2. Դաւիթ թագաւորը ոտքի վրայ կեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ իմ եղբայրներս ու ժողովուրդս, ինծի մտիկ ըրէք։ Ես սրտանց փափաքեցայ, որ Տէրոջը ուխտին տապանակին ու մեր Աստուծոյն ոտքերուն պատուանդանին համար հանգստեան տուն մը շինեմ ու շինելու պատրաստութիւն տեսայ,3. Բայց Աստուած ինծի ըսաւ՝ ‘Դուն իմ անուանս տուն պիտի չշինես, քանզի դուն պատերազմի մարդ ես ու շատ արիւն՝ ՝ թափեցիր’։4. Եւ Իսրայէլին Տէր Աստուածը իմ հօրս բոլոր տունէն զիս ընտրեց, որպէս զի յաւիտեան Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլամ. քանզի առաջնորդը Յուդայէն ու Յուդային տունէն իմ հօրս տունը ընտրեց ու իմ հօրս որդիներուն մէջէն զիս հաւնեցաւ, որպէս զի զիս բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր ընէ։5. Իմ բոլոր որդիներէս, (որովհետեւ Տէրը ինծի շատ որդիներ տուաւ,) իմ որդիս Սողոմոնը ընտրեց, որպէս զի Իսրայէլի վրայ Տէրոջը թագաւորութեան աթոռը նստի6. Ու ինծի ըսաւ. ‘Քու որդիդ Սողոմոնը պիտի շինէ իմ տունս ու իմ սրահներս, քանզի զանիկա ինծի որդի ընտրեցի ու ես անոր հայր պիտի ըլլամ7. Եւ անոր թագաւորութիւնը յաւիտեան պիտի հաստատեմ, եթէ այսօրուան պէս իմ հրամաններս ու պատուիրանքներս յարատեւէ գործադրել’։8. Ու հիմա բոլոր Իսրայէլին Տէրոջը ժողովուրդին առջեւ ու մեր Աստուծոյն լսելովը ձեզի կ’ըսեմ, Ձեր Տէր Աստուծոյն բոլոր պատուիրանքները պահեցէ՛ք ու զգուշութեամբ սորվեցէ՛ք, որպէս զի այս բարի երկիրը ժառանգէք ու ձեզմէ ետքը ձեր որդիներուն ժառանգութիւն թողուք յաւիտեան»։9. «Եւ դուն, որդեա՛կ իմ Սողոմոն, քու հօրդ Աստուածը ճանչցի՛ր ու անոր կատարեալ սրտով ու յօժար կամքով ծառայութիւն ըրէ՛. քանզի Տէրը սրտերը կը քննէ ու ամէն մտքերու խորհուրդները կը ճանչնայ։ Եթէ զանիկա փնտռես՝ պիտի գտնես՝ ՝ եւ եթէ զանիկա թողուս՝ ան ալ քեզ յաւիտեան պիտի մերժէ։10. Հիմա նայէ՛, որ Տէրը քեզ ընտրեց իր սրբարանին համար տուն մը շինելու, զօրացի՛ր ու այս գործը լրացո՛ւր»։11. Դաւիթ իր որդիին Սողոմոնին սրահին ու անոր սենեակներուն եւ անոր գանձարաններուն ու անոր ներքին շտեմարաններուն ու քաւութեան տանը գաղափարը տուաւ12. Եւ Հոգիին ազդեցութիւնովը իրեն յայտնուած ՝ ՝ բոլոր բաներուն՝ Տէրոջը տանը գաւիթներուն ու շուրջը եղող ամէն սենեակներուն եւ Աստուծոյ տանը շտեմարաններուն ու նուիրուած բաներուն գանձարաններուն գաղափարը տուաւ.13. Նաեւ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն բաժանումներուն համար ու Տէրոջը տանը պաշտօնին ամէն գործի համար եւ Տէրոջը տանը ծառայութեանը բոլոր անօթներուն համար պատուէր տուաւ ։14. Բոլոր պաշտօններուն ոսկի անօթներուն կշիռքը ու արծաթէ անօթներուն ու ամէն պաշտօնի անօթներուն կշիռքը15. Եւ ոսկիէ աշտանակներուն ու անոնց ոսկիէ ճրագներուն կշիռքը եւ ամէն արծաթէ աշտանակի ու անոր ճրագներուն, ամէն մէկ աշտանակի գործածութեանը համեմատ կշիռքը տուաւ ։16. Առաջաւորութեան սեղաններուն ամէն մէկ սեղանի համար ոսկիին կշիռքը ու արծաթէ սեղաններուն համար արծաթին կշիռքը17. Եւ մաքուր ոսկիէ մսահաններուն ու կոնքերուն եւ բաժակներուն ու ոսկիէ տաշտերուն համար ամէն մէկ տաշտի կշիռքը որոշեց ։18. Խունկի սեղանին համար մաքուր ոսկի եւ իրենց թեւերը տարածող ու Տէրոջը ուխտին տապանակը ծածկող քերովբէներուն կառքին համար ոսկիի քանակը որոշեց ։19. Այս բոլոր բաները, այս գաղափարին բոլոր գործերուն ծրագիրները Տէրը իր ձեռքին գրովը ինծի յայտնեց։20. Դաւիթ իր որդիին Սողոմոնին ըսաւ. «Զօրացի՛ր ու քաջասիրտ եղի՛ր ու այս գործը լրացո՛ւր. մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր, քանզի Տէր Աստուած, իմ Աստուածս, քեզի հետ է. անիկա քեզ պիտի չթողու ու քեզ երեսէ պիտի չձգէ, մինչեւ որ Տէրոջը տանը ծառայութեանը բոլոր գործերը լմնցնես։21. Քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն դասերը Աստուծոյ տանը բոլոր ծառայութեանը համար են ու ամէն ծառայութեան համար եւ ամէն գործի մէջ յօժարակամ իմաստուններ քեզի հետ են եւ իշխաններ ու բոլոր ժողովուրդը քու հրամանիդ կը նային »։1 քրոնիկները 29:1-301. Դաւիթ թագաւորը բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Իմ որդիս Սողոմոնը, որ Աստուած ընտրեց, փափուկ տղայ մըն է, բայց գործը մեծ է. քանզի այս պալատը մարդու համար չէ, հապա Տէր Աստուծոյ համար է։2. Ուստի ես իմ բոլոր կարողութիւնովս իմ Աստուծոյս տանը համար՝ ոսկիէ բաներուն համար՝ ոսկի ու արծաթեղէններուն համար՝ արծաթ եւ պղնձեղէններուն համար՝ պղինձ ու երկաթեղէններուն համար՝ երկաթ ու փայտեղէններուն համար՝ փայտ ու եղնգնաքարեր, գամելու քարեր ու զարդի համար գոյնզգոյն քարեր եւ ամէն տեսակ պատուական քարեր ու մարմարիոն քարեր առատօրէն պատրաստեցի։3. Նաեւ իմ Աստուծոյս տանը վրայ մեծ սէր ունենալուս համար՝ սրբարանին տանը համար ամէն պատրաստած բաներէս զատ՝ իմ յատուկ գանձիս մէջ եղած ոսկին ու արծաթն ալ իմ Աստուծոյս տանը համար տուի։4. Ոփիրի ոսկիէն՝ երեք հազար տաղանդ ոսկի ու եօթը հազար տաղանդ մաքուր արծաթ՝ որպէս զի անոնցմով տան որմերը պատեն.5. Ոսկիէ առարկաներուն համար ոսկի ու արծաթեղէններուն համար՝ արծաթ ու արուեստագէտներու ամէն տեսակ գործի համար հարկաւոր եղածը տուի եւ այսօր ձեզմէ ո՞վ կամաւոր կերպով Տէրոջը ընծայ կու տայ»։6. Այն ատեն տոհմերուն ու Իսրայէլի ցեղերուն իշխանները եւ հազարապետներն ու հարիւրապետները եւ թագաւորին գործին վերակացուները յօժար կամքով ընծայ բերին։7. Աստուծոյ տանը գործին համար հինգ հազար տաղանդ եւ տասը հազար ոսկի դրամ ու տասը հազար տաղանդ արծաթ եւ տասնըութը հազար տաղանդ պղինձ ու հարիւր հազար տաղանդ երկաթ տուին։8. Որուն քով որ քարեր գտնուեցան, Գերսոնացի Յեքիէլին ձեռքով Տէրոջը տանը գանձին ընծայեցին։9. Ժողովուրդը մատուցուած կամաւոր ընծաներուն համար ուրախացան, քանզի կամաւոր ընծան բոլոր սրտով մատուցանեցին Տէրոջը։ Ասոր համար Դաւիթ թագաւորն ալ խիստ շատ ուրախացաւ։10. Դաւիթ բոլոր ժողովուրդին աչքին առջեւ Տէրը օրհնեց ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, մեր հօրը Իսրայէլին Աստուածը, յաւիտեանս յաւիտենից օրհնեալ ես։11. Ո՛վ Տէր, մեծութիւնը, զօրութիւնը, փառքը, պայծառութիւնն ու վայելչութիւնը քուկդ են. քանզի բոլոր երկնքի ու երկրի վրայ եղածը քուկդ է։ Ո՛վ Տէր, թագաւորութիւնը քուկդ է ու դուն իբրեւ գլուխ ամենէն բարձրացեալն ես։12. Եւ հարստութիւնն ու փառքը քեզմէ են ու ամենուն իշխանը դուն ես եւ զօրութիւնն ու կարողութիւնը քու ձեռքիդ մէջ են եւ մէկը մեծցնելն ու ուժովցնելը քու ձեռքդ է։13. Եւ հիմա, ո՛վ մեր Աստուածը, քեզի գոհութիւն կու տանք ու քու փառաւորեալ անունդ կ’օրհնենք։14. Բայց ես ո՞վ եմ ու իմ ժողովուրդս ո՞վ է, որ այսպէս կամաւոր ընծայ տալու կարող ըլլանք, քանզի ամէն բան քեզմէ է ու քուկիններէդ քեզի տուինք։15. Վասն զի մենք քու առջեւդ մեր բոլոր հայրերուն պէս օտարականներ ու պանդուխտներ ենք. երկրի վրայ մեր օրերը շուքի պէս են ու մնայուն բան՝ ՝ մը չկայ։16. Ո՛վ Տէր, Աստուած մեր, քեզի՝ քու սուրբ անուանդ շինուելու տանը համար այս մեր պատրաստած բաներուն բոլոր առատութիւնը քու ձեռքէդ է ու ամէնքն ալ քուկդ են17. Եւ գիտեմ, ո՛վ Աստուած իմ, որ դուն սրտերը կը փորձես եւ ուղղութիւնը կը սիրես։ Ասոնց ամէնքը ես ուղիղ սրտով ու յօժար կամքով ընծայ ըրի ու հիմա ուրախութեամբ տեսայ թէ հոս գտնուած ժողովուրդդ քեզի կամաւոր ընծայ կը մատուցանեն։18. Ով մեր հայրերուն՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Իսրայէլին Տէր Աստուածը, ասիկա յաւիտեան քու ժողովուրդիդ սրտին խորհուրդներուն մէջ պահէ ու անոնց սիրտը քեզի ուղղէ։19. Եւ իմ որդիիս Սողոմոնին կատարեալ սիրտ տուր, որպէս զի քու պատուիրանքներդ, վկայութիւններդ ու կանոններդ պահէ եւ ամէնքը գործադրէ ու շինէ այն պալատը, որուն համար պատրաստութիւն տեսեր եմ»։20. Եւ Դաւիթ բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Հիմա ձեր Տէր Աստուածը օրհնեցէ՛ք»։ Բոլոր ժողովուրդը իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը օրհնեցին եւ ծռելով՝ Տէրոջը ու թագաւորին երկրպագութիւն ըրին։21. Հետեւեալ օրը զոհեր ու ողջակէզներ մատուցանեցին Տէրոջը։ Հազար զուարակ, հազար խոյ, հազար գառ՝ անոնց ըմպելի նուէրներովը ու բոլոր Իսրայէլի համար շատ զոհեր մատուցանեցին ։22. Այն օրը Տէրոջը առջեւ մեծ ուրախութիւնով կերան, խմեցին ու Դաւիթին որդին Սողոմոնը նորէն թագաւոր հռչակեցին։ Զանիկա Տէրոջը համար՝ թագաւոր ու Սադովկը քահանայ օծեցին։23. Եւ Սողոմոն իր հօրը Դաւիթին տեղը Տէրոջը աթոռին վրայ իբր թագաւոր նստաւ ու յաջողութիւն գտաւ եւ բոլոր Իսրայէլ անոր հնազանդեցաւ։24. Ու բոլոր իշխաններն ու զօրապետները եւ Դաւիթ թագաւորին բոլոր որդիներն ալ Սողոմոն թագաւորին հնազանդեցան։25. Տէրը բոլոր Իսրայէլին առջեւ Սողոմոնը խիստ մեծցուց եւ անոր այնպէս թագաւորական փառք մը տուաւ, որ անկէ առաջ Իսրայէլի ոեւէ թագաւորի եղած չէր։26. Այսպէս Յեսսէին որդին Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ։27. Անիկա Իսրայէլի վրայ քառասուն տարի թագաւորեց։ Քեբրոնի մէջ՝ եօթը տարի ու Երուսաղէմի մէջ՝ երեսունըերեք տարի թագաւորեց։28. Բարի ծերութեամբ մեռաւ, կեանքէն, մեծութենէն ու փառքէն իր բաղձանքը առած եւ անոր տեղ իր որդին Սողոմոն թագաւոր եղաւ։29. Դաւիթ թագաւորին առաջին ու վերջին գործերը Սամուէլ տեսանողին գրքին մէջ ու Նաթան մարգարէին գրքին մէջ եւ Գադ տեսանողին գրքին մէջ գրուած են։30. Նաեւ անոր բոլոր գործերն ու քաջութիւնը՝ թէ՛ Իսրայէլի եւ թէ՛ ուրիշ երկիրներուն վրայ թագաւորած ատեն՝ պատահած դիպուածները։Սաղմոսներ 78:67-7267. Յովսէփին վրանը մերժեց Ու Եփրեմին ցեղը չընտրեց,68. Հապա Յուդային ցեղը ընտրեց Ու Սիօն լեռը՝ որ սիրեց։69. Իր սրբարանը շինեց բարձր բլուրներու պէս, Այն երկրին պէս որ յաւիտենապէս հաստատեց։70. Իր Դաւիթ ծառան ընտրեց Եւ զանիկա ոչխարի փարախներէն առաւ,71. Ծիծ տուող ոչխարներուն ետեւէն բերաւ զանիկա, Որպէս զի իր Յակոբ ժողովուրդը Ու իր Իսրայէլ ժառանգութիւնը հովուէ։72. Անիկա ալ հովուեց զանոնք իր սրտին անմեղութիւնովը Ու իր ձեռքերուն ճարտարութեամբը առաջնորդեց անոնց։Առակներ 20:6-76. Մարդոցմէ շատերը իրենց բարերարութիւնը կը հրատարակեն, Բայց հաւատարիմ մարդը ո՞վ կրնայ գտնել։7. Իր անարատութեանը մէջ քալողը արդար է, ուստի Անոր որդիները իր ետեւէն երջանիկ պիտի ըլլան։Գործեր 10:24-2824. Յաջորդ օրը Կեսարիա մտան։ Կոռնելիոս ալ իր ազգականները եւ մտերիմ բարեկամները կանչած՝ անոնց կը սպասէր։25. Երբ Պետրոս ներս մտաւ, Կոռնելիոս անոր դէմ ելաւ ու անոր ոտքը իյնալով երկրպագութիւն կ’ընէր։26. Բայց Պետրոս զանիկա կանգնեցուց ու ըսաւ. «Ելիր կայնէ՛, ես ինքս ալ մարդ եմ»։27. Եւ անոր հետ խօսակցելով ներս մտաւ։ Հոն շատ մարդիկ հաւաքուած էին։28. Եւ ըսաւ անոնց. «Դուք գիտէք թէ օրինաւոր բան չէ Հրեայ մարդու մը օտարազգիի մը հետ հաղորդակցութիւն ընելը կամ անոր մօտենալը. բայց Աստուած ինծի ցուցուց, որ ոեւէ մարդու պիղծ կամ անմաքուր չըսեմ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981