1. Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին՝ որպէս զի Երեմիային բերնով ըսուած Տէրոջը խօսքը կատարուի՝ ՝, Տէրը Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին հոգին արթնցուց ու անիկա իր բոլոր թագաւորութեանը մէջ հրատարակել տուաւ ու նաեւ հրովարտակ գրեց՝ ըսելով.
2. «Այսպէս կ’ըսէ Կիւրոս, Պարսիկներու թագաւորը. ‘Երկնքի Եհովա Աստուածը երկրի բոլոր թագաւորութիւնները ինծի տուաւ ու անիկա ինծի պատուիրեց, որ Յուդայի Երուսաղէմի մէջ անոր տուն մը շինեմ։
3. Ձեր մէջ ով որ անոր ժողովուրդէն է, իր Աստուածը իրեն հետ ըլլայ, թող Յուդայի Երուսաղէմը երթայ եւ Իսրայէլին Եհովա Աստուծոյն, այն Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյն, տունը շինէ։
4. Անոր քաղաքացիները, այսինքն բոլոր մնացողները, իրենց պանդխտութեանը տեղէն արծաթով, ոսկիով, ինչքերով ու անասուններով անոր օգնեն, Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյն տանը համար տրուած կամաւոր ընծաներէն զատ’»։
5. Այն ատեն Յուդայի ու Բենիամինի տոհմերուն իշխանները եւ քահանաներն ու Ղեւտացիները ոտքի ելան այն բոլոր մարդոց հետ, որոնց հոգին Աստուած արթնցուցեր էր, որպէս զի երթան Երուսաղէմի մէջ Տէրոջը տունը շինեն։
6. Անոնց շուրջը եղողները ամէնքը կամաւոր ընծաներէն զատ արծաթէ ամաններով, ոսկիով, ինչքերով ու անասուններով եւ պատուական պարգեւներով անոնց օգնեցին։
7. Կիւրոս թագաւորը Տէրոջը տանը անօթները հանեց, որոնք Նաբուգոդոնոսոր Երուսաղէմէն հաւաքելով՝ իր աստուծոյն տունը դրեր էր.
58. Բոլոր Նաթանայիմներն ու Սողոմոնի ծառաներուն որդիները երեք հարիւր իննիսունըերկու հոգի էին։
59. Ու Թեղմեղայէ, Թեղարսայիէ, Քերուբէ, Ադդանէ ու Եմմերէ ելլողները ասոնք էին եւ իրենց հայրերուն տունն ու իրենց սերունդը, այսինքն Իսրայէլէ ըլլալնին, ցուցնելու կարող չեղան։
60. Դաղայիայի որդիները, Տուբիայի որդիները ու Նեկոդայի որդիները վեց հարիւր յիսունըերկու մարդ։
61. Եւ քահանաներուն որդիներէն՝ Աբայիայի որդիները, Ակկուսի որդիները, Բերզելիի որդիները, որ Գաղաադացի Բերզելիի աղջիկներէն կին առնելով՝ անոնց անունովը կոչուեցան։
62. Ասոնք իրենց ազգաբանութեան գիրքը փնտռեցին, բայց չկրցան գտնել ու անմաքուր սեպուելով՝ քահանայութենէ արգիլուեցան։
63. Եւ Աթարսաթա անոնց ըսաւ. «Մինչեւ որ Ուրիմով ու Թումիմով քահանայ մը չելլէ, անոնք ամենասուրբ բաներէն թող չուտեն»։
64. Գերութենէ դարձող ժողովուրդին ընդհանուր թիւը քառասունըերկու հազար երեք հարիւր վաթսուն հոգի էին,
65. Բացի անոնց ծառաներէն ու աղախիններէն, որոնք եօթը հազար երեք հարիւր երեսունըեօթը հոգի էին ու անոնց մէջ երկու հարիւր այր եւ կին երգողներ կային։
66. Անոնց ձիերը եօթը հարիւր երեսունըվեց, ջորիները՝ երկու հարիւր քառասունըհինգ,
67. Ուղտերը՝ չորս հարիւր երեսունըհինգ ու էշերը՝ վեց հազար եօթը հարիւր քսան հատ էին։
68. Տոհմերու իշխաններէն ոմանք, երբ Երուսաղէմ եղող Տէրոջը տունը գացին, Աստուծոյ տանը կամաւոր ընծաներ տուին, որպէս զի զանիկա իր տեղը հաստատեն։
69. Անոնք իրենց կարողութեանը չափ վաթսունըմէկ հազար դրամ ոսկի ու հինգ հազար մնաս արծաթ ու հարիւր քահանայական պատմուճան տուին գործաւորութեան գանձին։
70. Քահանաներն ու Ղեւտացիները ու ժողովուրդէն եղողները, երգողները, դռնապանները եւ Նաթանայիմները իրենց քաղաքներուն մէջ ու բոլոր Իսրայէլ իրենց քաղաքներուն մէջ բնակեցան։
6. Ակա՛նջ դիր իմ աղօթքիս, ո՛վ Տէր Ու մտի՛կ ըրէ իմ աղաչանքներուս ձայնին։
7. Նեղութեանս օրը քեզի կ’աղաղակեմ, Վասն զի դուն ինծի կը պատասխանես։
8. Աստուածներուն մէջ քեզի նման մէկը չկայ, ո՛վ Տէր Եւ քու գործերուդ պէս չկայ։
9. Բոլոր ազգերը, որոնք դուն ստեղծեցիր, պիտի գան Ու երկրպագութիւն ընեն քու առջեւդ, ո՛վ Տէր Եւ քու անուանդ փառք պիտի տան։
10. Վասն զի դուն մեծ ես ու հրաշքներ կ’ընես։ Միայն դո՛ւն Աստուած ես։
15. Իրաւունք ընելը արդարին ուրախութիւն է, Բայց անիրաւին տանջանք է.
16. Խոհեմութեան ճամբայէն մոլորող մարդը Մեռելներուն ժողովի մէջ պիտի մնայ։
18. Հետեւեալ օրը Պօղոս մեզի հետ Յակոբոսին քով գնաց ու բոլոր երէցներն ալ եկան։
19. Եւ զանոնք բարեւելով մէկիկ մէկիկ կը պատմէր ինչ որ Աստուած հեթանոսներուն ըրաւ իր ծառայութիւնովը։
20. Անոնք ալ լսելով՝ փառք տուին Տէրոջը եւ ըսին իրեն. «Կը տեսնե՞ս, ե՛ղբայր, քանի՛ բիւրաւոր հաւատացեալ Հրեաներ կան, որոնք ամէնքն ալ օրէնքին նախանձաւոր են։
21. Բայց քու վրայովդ իմացան թէ դուն բոլոր հեթանոսներուն մէջ եղած Հրեաներուն Մովսէսէն ապստամբիլ կը սորվեցնես, ըսելով որ տղաքնին չթլփատեն եւ սովորութիւններուն համեմատ չվարուին։
22. Արդ՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ. անշուշտ բազմութիւն մը պիտի հաւաքուի, վասն զի պիտի լսեն թէ եկեր ես։
23. Ուստի ըրէ ինչ որ քեզի կ’ըսենք։ Մեր քով չորս մարդ կայ, որոնք ուխտ ըրած են.
24. Զանոնք ա՛ռ, իրենց հետ մաքրուէ եւ անոնց համար ծախք ըրէ, որ իրենց գլուխը ածիլեն, որպէս զի ամէնքն ալ գիտնան թէ քու վրայովդ իմացած բաներնին սխալ է, այլ դուն ալ մեզի հետ օրէնքը կը պահես։
25. Բայց հաւատքը ընդունող հեթանոսներուն համար մենք թուղթով իմացուցինք մեր որոշումը, որ անոնք բնաւ այսպիսի բաներ չպահեն. միայն թէ զգուշանան կուռքերու զոհուածէ ու արիւնէ եւ խեղդուածէ ու պոռնկութենէ»։
26. Այն ատեն Պօղոս այն մարդիկը առաւ ու հետեւեալ օրը անոնց հետ մաքրուած՝ տաճարը մտաւ, մաքրութեան օրերուն լմննալը ցուցնելու համար, մինչեւ որ իւրաքանչիւրին համար պատարագ մատուցուեցաւ։
27. Եօթը օրերը լմննալու վրայ էին, երբ Ասիացի Հրեաները զանիկա տաճարին մէջ տեսնելով՝ բոլոր բազմութիւնը գրգռեցին եւ զայն բռնելով՝ կը կանչուըռտէին.
28. «Իսրայէլացի՛ մարդիկ, օգնութեան հասէք։ Աս այն մա՛րդն է՝ որ ամէն տեղ ժողովուրդին եւ օրէնքին ու այս տեղին դէմ բան կը սորվեցնէ ամենուն. նոյնիսկ տաճարին մէջ Յոյներ ալ մտցուց եւ այս սուրբ տեղը պղծեց».
29. (Վասն զի նախապէս Եփեսացի Տրոփիմոսը իրեն հետ քաղաքին մէջ տեսեր էին եւ կը կարծէին թէ Պօղոս զանիկա տաճարը մտցուց.)
30. Ու բոլոր քաղաքը շարժեցաւ եւ ժողովուրդը դիզուեցաւ ու բռնեցին Պօղոսը տաճարէն դուրս քաշեցին եւ շուտ մը դռները գոցուեցան։
31. Ու երբ անոնք կ’ուզէին զանիկա սպաննել, լուր հասաւ գունդին հազարապետին թէ բոլոր Երուսաղէմը իրար անցեր է։
32. Ան ալ անմիջապէս զինուորներ եւ հարիւրապետներ առած անոնց վրայ վազեց։ Անոնք ալ հազարապետը եւ զինուորները տեսնելով՝ Պօղոսը ծեծելէ դադարեցան։
33. Այն ատեն հազարապետը մօտենալով բռնեց զանիկա եւ հրաման ըրաւ որ կրկին շղթայով կապեն ու կը հարցնէր թէ՝ անիկա ո՞վ է ու ի՞նչ ըրեր է։
34. Բազմութեանը մէջէն մէկը՝ մէկ կերպ ու միւսը ուրիշ կերպ բան կը կանչուըռտէին։ Երբ չկրցաւ այն շփոթութենէն ստոյգը գիտնալ, հրաման ըրաւ որ զանիկա բերդը տանին։
35. Ու երբ սանդուխը հասաւ, այնպէս պատահեցաւ որ զինուորները վեր վերցնեն զանիկա, ժողովուրդին բռնութեանը համար.