Աստվածաշունչը մեկ տարում Հուլիս 21Եզրաս 3:1-131. Երբ եօթներորդ ամիսը հասաւ, Իսրայէլի որդիները իրենց քաղաքներուն մէջ էին։ Ժողովուրդը մէկ մարդու պէս Երուսաղէմի մէջ հաւաքուեցան։2. Եւ Յովսեդեկեան Յեսուն ու անոր քահանայ եղբայրները եւ Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլն ու անոր եղբայրները ելան ու Իսրայէլի Աստուծոյն սեղանը շինեցին, որպէս զի անոր վրայ ողջակէզներ մատուցանեն, ինչպէս Աստուծոյ մարդուն Մովսէսին օրէնքին գրքին մէջ գրուած է։3. Ու սեղանը իր տեղը շինեցին. վասն զի այն երկիրներուն ժողովուրդներէն կը վախնային եւ անոր վրայ Տէրոջը առաւօտեան ու երեկոյեան ողջակէզները մատուցանեցին։4. Եւ տաղաւարահարաց տօնը գրուածին պէս կատարեցին ու ամէն օրուան ողջակէզները իրենց թիւովը օրէ օր հրամայուածին պէս մատուցանեցին ։5. Անկէ ետքը մշտնջենական ողջակէզը ու ամսագլուխներու եւ Տէրոջը ամէն սուրբ տօներուն ողջակէզները մատուցանեցին. նաեւ այն կամաւոր ընծաները՝ որոնք ամէն մարդ յօժար սրտով Տէրոջը կը մատուցանէր։6. Եօթներորդ ամսուն առաջին օրէն Տէրոջը ողջակէզներ մատուցանելու սկսան. բայց Տէրոջը տաճարին հիմը տակաւին դրուած չէր։7. Քարահատներուն ու հիւսներուն ստակ ու Սիդոնացիներուն եւ Տիւրացիներուն ուտելիք ու խմելիք ու իւղ տուին, որպէս զի Լիբանանէն ծովով եղեւնափայտեր Յոպպէ բերեն, ինչպէս Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորը անոնց արտօնութիւն տուեր էր։8. Անոնց Երուսաղէմ՝ Աստուծոյ տունը գալուն երկրորդ տարուան երկրորդ ամսուան մէջ, Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլն ու Յովսեդեկեան Յեսուն եւ անոնց միւս եղբայրները, քահանաներն ու Ղեւտացիները ու Երուսաղէմ դարձող բոլոր գերիները տաճարը շինելու սկսան եւ քսան տարեկանէ վեր եղող Ղեւտացիները Տէրոջը տանը գործին վրայ վերակացու կարգուեցան։9. Յեսուն եւ անոր որդիները ու եղբայրները եւ Կադմիէլն ու անոր որդիները, Յուդայի որդիները ու Ենադադի որդիները ու անոնց որդիներն ու եղբայրները, Ղեւտացիներուն, գործաւորներուն վրայ վերակացութիւն ընելու ելան մէկ մարդու պէս։10. Երբ ճարտարապետները Տէրոջը տաճարին հիմը դրին, քահանաները իրենց զգեստները հագած՝ փողերով ու Ղեւտացիները եւ Ասափի որդիները՝ ծնծղաներով, Տէրը օրհնելու համար կեցուցին՝ Դաւիթ թագաւորին կարգադրութեանը համեմատ։11. Անոնք փոփոխակի կ’երգէին՝ Տէրոջմէ գոհանալով ու անոր շնորհակալութիւն մատուցանելով, վասն զի բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը Իսրայէլի վրայ յաւիտեան է։ Բոլոր ժողովուրդը մեծաձայն աղաղակելով Տէրը օրհնեցին Տէրոջը տանը հիմնադրութեան համար։12. Քահանաներէն ու Ղեւտացիներէն ու տոհմերու իշխաններէն շատեր, որոնք ծեր ըլլալով Տէրոջը նախկին տունը տեսած էին, երբ իրենց աչքին առջեւ այս տանը հիմը դրուեցաւ, մեծ ձայնով լացին ու շատերը իրենց ուրախութենէն ձայներնին վերցնելով աղաղակեցին։13. Ժողովուրդը ուրախութեան աղաղակին ձայնն ու բազմութեան լալու ձայնը իրարմէ չէր կրնար զատել. վասն զի բազմութիւնը մեծ ցնծութեան ձայնով կ’աղաղակէր ու ձայներնին մինչեւ հեռու տեղեր կը լսուէր։Եզրաս 4:1-241. Յուդայի ու Բենիամինի թշնամիները, երբ լսեցին թէ գերութենէ վերադարձողները՝ ՝ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տաճարը կը շինեն,2. Զօրաբաբէլին ու նահապետներուն մօտեցան ու անոնց ըսին. «Մենք ալ ձեզի հետ շինենք. քանզի մենք ալ ձեզի պէս ձեր Աստուածը կը պաշտենք ու մեզ հոս բերող Ասորեստանի Ասորդան թագաւորին օրերէն ի վեր անոր զոհ կը մատուցանենք»։3. Բայց Զօրաբաբէլն ու Յեսուն եւ Իսրայէլի միւս նահապետները անոնց ըսին. «Չի վայլեր ձեզի որ մէկտեղ մեր Աստուծոյն տուն շինենք. հապա Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տունը մինակ մենք պիտի շինենք, ինչպէս Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորը մեզի հրամայեց»։4. Այն երկրին ժողովուրդը Յուդայի ժողովուրդին ձեռքերը կը թուլցնէին ու անոնց շինութիւնը կը խափանէին։5. Եւ անոնց խորհուրդը խափանելու համար՝ վարձքով անոնց դէմ օրէնսգէտներ բռնեցին Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին օրերը ու մինչեւ Պարսիկներու Դարեհ թագաւորին թագաւորութեանը ժամանակը։6. Ասուերոսի թագաւորութեան սկիզբը, Յուդայի ու Երուսաղէմի բնակիչներուն դէմ ամբաստանութեան գիր գրեցին։7. Արտաշէսի օրերը Բեսեղամը, Միթրիդատը, Տաբէէլն եւ ուրիշ ընկերներ Պարսիկներու Արտաշէս թագաւորին գրեցին։ Նամակը Ասորերէն գրուած էր ու մեկնութիւնը Ասորերէն էր։8. Հռէում հրամանատարն ու Սամսայ դպիրը Երուսաղէմի դէմ այս կերպով նամակ մը գրեցին Արտաշէս թագաւորին։9. Այն ատեն Հռէում հրամանատարն ու Սամսայ դպիրը եւ անոնց միւս ընկերները՝ Դինացիներ, Ափարսաթաքացիներ, Տարփաղեցիներ, Ափերսացիներ, Արքուեցիներ, Բաբելոնացիներ, Շուշանացիներ, Դաւեցիներ, Եղամացիներ10. Եւ մնացած ազգերը, որոնք մեծ ու պատուական Ասենափարը փոխադրեց ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ բնակեցուց եւ ուրիշներ, որոնք Գետին ասդիի կողմը կը գտնուին, նամակ մը գրեցին։11. Այս է այն նամակին օրինակը, որ Արտաշէս թագաւորին ղրկեցին. «Գետին ասդիի կողմը բնակող քու ծառաներդ բարեւ կը ղրկեն։12. Թագաւորիդ յայտնի ըլլայ որ ձեր կողմէ մեզի եկող Հրեաները Երուսաղէմ եկան ու հիմեր ձգելով ու պարիսպներ բարձրացնելով՝ ապստամբ քաղաք մը կը շինեն։13. Հիմա թագաւորիդ յայտնի ըլլայ, որ եթէ այս քաղաքը նորէն շինուի ու անոր պարիսպները բարձրացուին, անոնք հարկ, տուրք ու մաքս պիտի չտան եւ այս պատճառով թագաւորական հարկերը պիտի վնասուին։14. Մեր ռոճիկը պալատէն տրուելուն համար՝ չենք կրնար թագաւորին վնասին համաձայնիլ, ատոր համար այս նամակը ղրկեցինք ու թագաւորիդ իմացուցինք.15. Որպէս զի քու հայրերուդ յիշատակներու գրքին մէջ փնտռես, գտնես ու իմանաս որ այն քաղաքը ապստամբ եւ թագաւորներուն եւ գաւառներուն վնասակար քաղաք մը եղած է եւ թէ հին ատենը անոր մէջ դաւաճանութիւն եղած է ու անոր համար այս քաղաքը կործանուեր է։16. Մենք թագաւորիդ կ’իմացնենք, որ եթէ այս քաղաքը շինուի ու անոր պարիսպները նորոգուին, այն պատճառով Գետին ասդիի կողմը բաժին պիտի չունենաս»։17. Իսկ թագաւորը Հռէում հրամանատարին եւ Սամսայ դպիրին ու Սամարիայի մէջ բնակող անոնց մնացած ընկերներուն ու Գետին անդիի կողմը եղող մնացածներուն հրովարտակ ղրկեց այս խօսքերով.18. «Ողջո՜յն, եւ այլն։ Մեզի ղրկած նամակնիդ իմ առջեւս յայտնապէս կարդացուեցաւ։19. Ես հրաման ըրի եւ փնտռեցին եւ գտան թէ այն քաղաքը հին ատենէն ի վեր թագաւորներուն դէմ դրեր է ու անոր մէջ ապստամբութիւն ու դաւաճանութիւն եղեր է։20. Ու Երուսաղէմի մէջ զօրաւոր թագաւորներ եղած են, որոնք բոլոր Գետին անդիի կողմը եղողներուն վրայ տիրած են ու իրենց հարկ, տուրք ու մաքս տրուեր է։21. Հիմա պատուէր տուէք, որ այն մարդիկը արգիլեն քաղաքին շինուիլը, մինչեւ իմ կողմէ նոր հրովարտակ մը տրուի։22. Զգոյշ եղէք եւ այս բանին համար անհոգութիւն մի՛ ընէք. չըլլայ որ չարութիւնը շատնայ, թագաւորները վնասուին»։23. Երբ Արտաշէս թագաւորին նամակին օրինակը Հռէումի ու Սամսայ դպիրին եւ անոնց ընկերներուն առջեւ կարդացուեցաւ, արտորնօք Երուսաղէմ գացին Հրեաներուն եւ բռնութեամբ շինելը արգիլեցին։24. Այն ատեն Երուսաղէմ եղող Աստուծոյ տանը շինութիւնը արգիլուեցաւ ու մինչեւ Պարսից Դարեհ թագաւորին թագաւորութեանը երկրորդ տարին արգիլուած մնաց։Սաղմոսներ 86:11-1711. Ո՛վ Տէր, սորվեցուր ինծի քու ճամբադ, Որպէս զի քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեմ. Միացուր իմ սիրտս՝ ՝, որպէս զի քու անունէդ վախնայ։12. Իմ բոլոր սրտովս քեզ պիտի գովեմ, ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս Ու յաւիտեան պիտի փառաւորեմ քու անունդ։13. Վասն զի քու ողորմութիւնդ մեծ եղաւ իմ վրաս Ու դուն փրկեցիր իմ անձս խորունկ դժոխքէն։14. Ո՛վ Աստուած, ամբարտաւանները ինծի դէմ ելան Ու խումբ մը բռնաւորներ իմ անձս փնտռեցին Եւ քեզ իրենց առջեւ չդրին։15. Բայց դուն, ո՛վ Տէր, գթած ու ողորմած Աստուած ես, Երկայնամիտ ու ողորմութիւնով եւ ճշմարտութիւնով լեցուն ես։16. Նայէ՛ ինծի ու ողորմէ՛ ինծի։ Քու զօրութիւնդ տո՛ւր քու ծառայիդ Ու քու աղախինիդ որդին փրկէ՛։17. Բարութեան նշան մը ցուցո՛ւր ինծի, Որպէս զի զիս ատողները տեսնեն ու ամչնան։ Վասն զի դուն, ո՛վ Տէր, ինծի օգնեցիր ու զիս մխիթարեցիր։Առակներ 21:17-1817. Ուրախութիւն սիրողը կարօտութեան մէջ կ’իյնայ, Գինին ու իւղը սիրողը չի հարստանար։18. Ամբարիշտը՝ արդարին համար Ու անօրէնը ուղիղներուն համար փրկանք կ’ըլլայ։Գործեր 22:1-301. «Մարդի՛կ եղբայրներ եւ հա՛յրեր, ինծի մտի՛կ ըրէք որ հիմա ձեզի պատասխան տամ։2. (Երբ լսեցին որ Եբրայական լեզուով կը խօսէր իրենց, ա՛լ աւելի լուռ կեցան)3. Եւ անիկա ըսաւ. «Ես Հրեայ մարդ մըն եմ Կիլիկիոյ Տարսոնի մէջ ծնած եւ այս քաղաքին մէջ Գամաղիէլի ոտքը մեծցած ու մեր հայրենի օրէնքին ճշդութեանը մէջ կրթուած, նախանձաւոր էի Աստուծոյ, ինչպէս այսօր դուք ամէնքդ էք։4. Որ այրեր ու կիներ կապելով ու բանտերու մատնելով հալածեցի մինչեւ մահ։5. Քահանայապետն ալ կը վկայէ ինծի համար եւ բոլոր ծերակոյտը, որոնցմէ թուղթեր ալ առնելով Դամասկոս կ’երթայի, որպէս զի հոն եղածներն ալ կապուած Երուսաղէմ բերեմ որ պատժուին»։6. «Բայց երբ կ’երթայի ու Դամասկոսի մօտեցայ, կէսօրուան դէմ յանկարծակի երկնքէն մեծ լոյս մը փայլատակեց իմ բոլորտիքս7. Եւ գետինը ինկայ ու ձայն մը լսեցի, որ ինծի կ’ըսէր. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես»։8. Ես ալ պատասխան տուի թէ՝ «Դուն ո՞վ ես, Տէ՛ր»։ Ան ալ ինծի ըսաւ. «Ես Յիսուս Նազովրեցին եմ որ դուն կը հալածես»։9. Անոնք որ ինծի հետ էին, լոյսը տեսան ու վախով լեցուեցան, սակայն ինծի խօսողին ձայնը չլսեցին։10. Ես ըսի. «Ի՞նչ ընեմ, Տէր»։ Տէրը ինծի ըսաւ. «Ելի՛ր, գնա՛ Դամասկոս ու հոն քեզի պիտի խօսուի այն ամէն բաներուն վրայ, որ սահմանուած է որ ընես»։11. Քանի որ չէի տեսներ այն լոյսին փառաւորութենէն, ինծի հետ եղողները ձեռքէս բռնած՝ Դամասկոս տարին։12. Անանիա ա նուն մարդ մը, օրէնքին համեմատ աստուածավախ ու Դամասկոս բնակող բոլոր Հրեաներէն բարի վկայուած,13. Ինծի եկաւ ու քովս կայնելով՝ ըսաւ. «Սաւո՛ւղ եղբայր, վե՛ր նայէ»։14. Ես ալ նոյն ժամուն վեր նայեցայ իրեն եւ անիկա ըսաւ. «Մեր հայրերուն Աստուածը առաջուընէ քեզ ընտրեց, որպէս զի իր կամքը ճանչնաս ու այն Արդարը տեսնես եւ անոր բերնէն ձայն լսես։15. Քանզի բոլոր մարդոց առջեւ անոր վկայ պիտի ըլլաս այն բաներուն համար, որոնք տեսար ու լսեցիր։16. Հիմա, ալ ի՞նչ կ’ուշանաս. ելի՛ր, մկրտուէ՛ ու մեղքերդ լուա՛յ անոր անունը կանչելով»։17. Երբ Երուսաղէմ դարձայ ու տաճարին մէջ աղօթք կ’ընէի, մտքի յափշտակութիւն մը եկաւ վրաս.18. Եւ զինք տեսայ, որ ինծի կ’ըսէր. «Արտորցի՛ր, շուտով Երուսաղէմէն ելի՛ր, վասն զի քու ինծի համար ըրած վկայութիւնդ պիտի չընդունին»։19. Ես ալ ըսի. «Տէ՛ր, իրենք աղէկ գիտեն թէ ես էի որ քեզի հաւատացողները բանտը կը դնէի եւ ժողովարաններուն մէջ կը ծեծէի20. Ու երբ քու Ստեփանոս վկայիդ արիւնը կը թափուէր՝ ես ինքս ալ ներկայ էի եւ կամակից էի անոր սպաննուելուն՝ ՝ ու զանիկա սպաննողներուն հանդերձները ե՛ս կը պահէի»։21. Բայց ինծի ըսաւ. «Գնա՛, վասն զի ես քեզ հեռաւոր հեթանոսներուն պիտի ղրկեմ»։22. Հոն եղողները՝ մինչեւ այս խօսքը ականջ դրին իրեն՝ ետքը ձայներնին վերցուցին ու ըսին. «Վերցո՛ւր աշխարհէն այդ մարդը, քանզի չի վայլեր ատոր ողջ մնալ»։23. Երբ կը կանչուըռտէին ու հանդերձնին կը նետէին եւ փոշին դէպի օդը կը ցանէին,24. Հազարապետը հրաման ըրաւ, որ զանիկա բերդը մտցնեն ու ըսաւ որ ծեծով հարցուփորձ ընեն, որպէս զի գիտնայ թէ ի՞նչ յանցանքի համար անոր դէմ այնպէս կը կանչուըռտէին։25. Երբ կաշի կապերով զինք կապեցին, Պօղոս վերակացու հարիւրապետին ըսաւ. «Օրինաւո՞ր է Հռովմայեցի ու չդատապարտուած մարդ մը ծեծելը»։26. Հարիւրապետը, երբ ասիկա լսեց, գնաց հազարապետին պատմեց ու ըսաւ. « Ի՞նչ պիտի ընես, վասն զի այս մարդը Հռովմայեցի է»։27. Հազարապետն ալ քովը գնաց ու ըսաւ անոր. «Ըսէ՛ ինծի, դուն Հռովմայեցի՞ ես»։ Ան ալ ըսաւ. «Այո՛»։28. Հազարապետը պատասխան տուաւ. «Ես շատ ստակով ձեռք բերի այս քաղաքացիութեան իրաւունքը»։ Պօղոս ըսաւ. «Ես բուն ատոր մէջ ծնած եմ»։29. Անոնք որ զինք պիտի հարցուփորձէին, շուտ մը հեռացան իրմէ եւ հազարապետն ալ վախցաւ, երբ իմացաւ թէ Հռովմայեցի է, որովհետեւ զանիկա կապեր էր։30. Հետեւեալ օրը, ուզելով որ շիտակը գիտնայ, թէ ի՞նչ է Հրեաներուն ըրած ամբաստանութիւնը անոր դէմ, արձակեց զանիկա եւ հրաման ըրաւ որ քահանայապետներն ու բոլոր ժողովը մէկտեղ գան եւ Պօղոսը բերելով՝ անոնց առջեւ կայնեցուց։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981