Աստվածաշունչը մեկ տարում Հուլիս 22Եզրաս 5:1-171. Անգէ մարգարէն ու Ադդովի որդին Զաքարիա մարգարէն Իսրայէլի Աստուծոյն անունովը մարգարէութիւն ըրին Յուդայի ու Երուսաղէմի մէջ եղող Հրեաներուն։2. Այն ատեն Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլն ու Յովսեդեկեան Յեսուն ելան ու Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյ տունը շինել սկսան։ Աստուծոյ մարգարէները անոնց հետ ըլլալով՝ անոնց օգնեցին։3. Այն ատեն Եփրատ գետին ասդիի կողմի իշխանը Թաթանային ու Սաթրաբուզան իրենց ընկերներովը անոնց եկան եւ այսպէս ըսին. «Ո՞վ ձեզի հրաման տուաւ, որ այս տունը շինէք ու այս պարիսպները կանգնեցնէք»։4. Ապա հարցուցին շինողներուն անունները։5. Բայց Աստուծոյ աչքը Հրեաներուն ծերերուն վրայ ըլլալով՝ գործը չարգիլեցին մինչեւ որ Դարեհի նոր հրովարտակը բերել տան։6. Այս է այն նամակին օրինակը, որ Թաթանային ու Սաթրաբուզան ու անոնց ընկեր Ափարսաքացիները Դարեհ թագաւորին ղրկեցին,7. Որուն մէջ այսպէս գրուած էր.8. «Դարեհ թագաւորին շատ բարեւ։ Թագաւորիդ յայտնի ըլլայ, որ Հրէաստանի գաւառը, մեծ Աստուծոյն տունը գացինք, որը մեծ քարերով կը շինուի, անոր պատերուն մէջ փայտեր կը դրուին, գործը փութով յառաջ կը տարուի ու պիտի լրանայ։9. Այն ծերերուն հարցուցինք թէ՝ ‘Ո՞վ ձեզի հրաման տուաւ, որ այս տունը շինէք ու այս պարիսպները կանգնեցնէք’։10. Ու քեզի իմացնելու համար շինողներուն անունն ալ հարցուցինք, որպէս զի անոնց առաջնորդ եղող մարդոց անունները քեզի գրենք։11. Անոնք այս պատասխանը տուին. ‘Մենք երկնքի ու երկրի Աստուծոյն ծառաներն ենք ու շատ տարիներէ առաջ շինուած տունը կը նորոգենք որ Իսրայէլի մէկ մեծ թագաւորը շինեց ու լմնցուց։12. Բայց մեր հայրերը երկնքի Աստուածը բարկացուցած են, Աստուած ալ զանոնք Բաբելոնի թագաւորին, Քաղդէացի Նաբուգոդոնոսորի, ձեռքը մատնեց։ Ան ալ այս տունը աւերեց ու ժողովուրդը Բաբելոն գերի տարաւ։13. Բայց Բաբելոնի Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին Կիւրոս թագաւորը այս Աստուծոյ տունը շինելու հրաման տուաւ։14. Աստուծոյ տանը ոսկեղէն ու արծաթեղէն անօթներն ալ, որոնք Նաբուգոդոնոսոր Երուսաղէմի տաճարէն հանելով՝ Բաբելոնի տաճարը տարեր էր, Կիւրոս թագաւորը Բաբելոնի տաճարէն հանեց ու Սասբասար անունով մէկուն յանձնեց, որը նախարար ըրաւ15. Ու անոր ըսաւ. «Այս անօթները ա՛ռ, գնա՛ զանոնք Երուսաղէմ եղող տաճարը տար ու Աստուծոյ տունը իր տեղը թող շինուի»։16. Այն ատեն Սասբասար եկաւ ու Երուսաղէմ եղող Աստուծոյ տանը հիմը ձգեց եւ այն ատենէն մինչեւ հիմա կը շինուի, բայց չէ լմնցած’։17. Ու հիմա եթէ թագաւորը կը հաճի, հոն Բաբելոն եղող թագաւորին գանձատանը մէջ թող փնտռուի, թէ արդեօք Կիւրոս թագաւորը հրաման տուե՞ր է որ Երուսաղէմի մէջ այս Աստուծոյ տունը շինուի։ Թագաւորը այս բանին վրայով իր կամքը թող մեզի յայտնէ»։Եզրաս 6:1-221. Այն ատեն Դարեհ թագաւորը հրաման ըրաւ ու հոն Բաբելոնի դիւանին մէջ փնտռեցին, ուր գանձերը կը պահուէին։2. Մարերու գաւառին մէջ եղող Եկբատանայի պալատին մէջ տոմս մը գտնուեցաւ, որուն մէջ այս կերպով գրուած յիշատակարան մը կար.3. «Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին, Կիւրոս թագաւորը Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյ տանը համար հրաման տուաւ, որ այն տունը շինուի, ուր զոհ կը մատուցանեն եւ անոր հիմերը ամուր ըլլան. անոր բարձրութիւնը՝ վաթսուն կանգուն,4. Երեք կարգ մեծ քարերէ ու մէկ կարգ նոր փայտէ ըլլայ ու անոր ծախքը թագաւորին տունէն տրուի5. Եւ Նաբուգոդոնոսորի Երուսաղէմի տաճարէն հանած ու Բաբելոն բերած՝ Աստուծոյ տանը ոսկեղէն ու արծաթեղէն անօթներն ալ ետ տրուին ու Երուսաղէմ եղող տաճարը ու Աստուծոյ տունը դրուին»։6. «Արդ՝ Գետին անդիի կողմի իշխան Թաթանային, Սաթրաբուզան ու Գետին անդիի կողմը եղող անոնց ընկերներ Ափարսաքացիներ, անկէ ե՛տ քաշուեցէ՛ք։7. Աստուծոյ տանը գործը ազատ ձգեցէ՛ք. Հրեաներու նախարարն ու ծերերը այս Աստուծոյ տունը իր տեղը թող շինեն։8. Ես այս հրամանը կու տամ, որպէս զի գիտնաք թէ Հրեաներու ծերերուն ի՞նչ պիտի ընէք Աստուծոյ տանը շինութեանը համար՝ այսինքն արքունի գանձէն, Գետին անդիի կողմէն հաւաքուած հարկէն, այն մարդոցը ծախքը շուտով թող տրուի, որպէս զի դժուարութիւն չունենան։9. Անոնց ի՛նչ որ պէտք ըլլայ, թէ՛ զուարակներ, թէ՛ խոյեր եւ թէ՛ գառներ՝ երկնքի Աստուծոյն ողջակէզներու համար, նաեւ ցորեն, աղ, գինի ու իւղ ամէն օր անոնց տրուի անպակաս՝ Երուսաղէմի մէջ եղող քահանաներուն պահանջով,10. Որպէս զի երկնքի Աստուծոյն անուշահոտ զոհեր մատուցանեն եւ թագաւորին ու անոր որդիներուն կեանքին համար աղօթք ընեն։11. Ես կը հրամայեմ՝ ով որ այս խօսքին դէմ կենայ՝ անոր տունէն փայտ մը քակելով տնկեն ու այդ մարդը անոր վրայ գամեն ու այս բանին համար անոր տունը աղբանոց ըլլայ։12. Այն Աստուածը, որ իր անունը հոն դրեր է, թող կործանէ ամէն թագաւոր ու ժողովուրդ, որ ձեռք կ’երկնցնէ այս հրամանին դէմ կենալու ու Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյ տունը աւերելու։ Ես Դարեհս այս հրամանը ըրի. թող շուտով գործադրուի»։13. Այն ատեն Գետին ասդիի կողմի իշխանը Թաթանային, Սաթրաբուզան ու անոնց ընկերները Դարեհ թագաւորին ղրկած հրամանը շուտով կատարեցին։14. Եւ Հրեաներուն ծերերը կը շինէին ու կը յաջողէին՝ Անգէ մարգարէին ու Ադդովի որդիին Զաքարիայի մարգարէութիւնովը ու անոնք Իսրայէլի Աստուծոյն հրամանովը եւ Պարսիկներու Կիւրոս ու Դարեհ եւ Արտաշէս թագաւորներուն հրամանովը շինեցին լմնցուցին։15. Եւ այս տունը Ադար ամսուան երկրորդ օրը, Դարեհ թագաւորին թագաւորութեան վեցերորդ տարին լմնցաւ։16. Իսրայէլի որդիները, քահանաներն ու Ղեւտացիները ու միւս գերութենէ վերադարձողները, ուրախութեամբ Աստուծոյ տանը նաւակատիքը ըրին։17. Աստուծոյ տանը նաւակատիքին համար՝ հարիւր զուարակ, երկու հարիւր խոյ, չորս հարիւր գառ ու բոլոր Իսրայէլի մեղքի պատարագ ըլլալու համար՝ Իսրայէլացի ցեղերուն թիւովը այծերէն տասներկու նոխազ մատուցանեցին։18. Երուսաղէմի մէջ Աստուծոյ սպասաւորութեանը վրայ՝ քահանաները իրենց կարգերուն մէջ ու Ղեւտացիները իրենց դասերուն մէջ կայնեցուցին, ինչպէս Մովսէսին գրքին մէջ գրուած է։19. Գերութենէ վերադարձողները առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը զատիկը ըրին.20. Ուստի քահանաներն ու Ղեւտացիները մէկտեղ սրբուեցան ու ամէնքն ալ մաքրուեցան ու բոլոր գերութենէ վերադարձողներուն համար եւ քահանաներուն համար ու իրենց համար զատիկը մորթեցին21. Ու գերութենէ դարձող Իսրայէլի որդիները ու Իսրայէլի Տէր Աստուածը պաշտելու համար անոնց եկողները, որոնք այն երկրին ազգերուն պղծութենէն զատուեր էին՝ ամէնքն ալ կերան։22. Եօթը օր բաղարջակերաց տօնը կատարեցին ուրախութեամբ. վասն զի Տէրը զանոնք ուրախացուց ու Ասորեստանի թագաւորին սիրտը անոնց դարձուց, որպէս զի Աստուծոյ՝ Իսրայէլի Աստուծոյ՝ տանը գործին մէջ անոնց ձեռքը զօրացնէ։Սաղմոսներ 87:1-71. Անոր հիմերը սուրբ լեռներուն վրայ են։2. Տէրը Սիօնի դռները Յակոբին բոլոր բնակարաններէն աւելի կըսիրէ։3. Փառաւոր բաներ կը պատմուին քեզի համար, Ո՛վ Աստուծոյ քաղաքը։ (Սէլա։)4. Ռահաբը ու Բաբելոնը պիտի յիշեմ զիս ճանչցողներուն մէջ՝ ՝, Ահա Փղշտացիներուն երկիրը ու Տիւրոս Քուշի հետ. Ասոնք ալ հոն ծնան։5. Սիօնին համար պիտի ըսուի թէ «Այս մարդը ու այն մարդը հոն ծնաւ» Եւ Բարձրեալը ի՛նք պիտի հաստատէ զանիկա։6. Տէրը ազգերը գրած ժամանակը պիտի ըսէ. «Ասիկա հոն ծնաւ»։ (Սէլա։)7. Ու երգողները նոյնպէս ալ սրնգահարները պիտի ըսեն. «Իմ բոլոր աղբիւրներս քու մէջդ են»։Առակներ 21:19-2019. Աղէկ է անապատը բնակիլ, Քան թէ՝ կռուազան ու բարկացող կնոջ հետ։20. Իմաստունին բնակարանին մէջ ցանկալի գանձ ու իւղ կը գտնուի, Բայց անմիտ մարդը իր ունեցածը՝ ՝ կը կլլէ։Գործեր 23:1-151. Պօղոս իր աչքերը ժողովին վրայ դարձնելով՝ ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ես բոլորովին բարի խղճմտանքով կեանք վարեր եմ Աստուծոյ առջեւ մինչեւ այսօր»։2. Անանիա քահանայապետն ալ հրաման ըրաւ իր քով կայնողներուն, որ անոր բերնին զարնեն։3. Այն ատեն Պօղոս ըսաւ անոր. «Աստուած քեզի պիտի զարնէ, ծեփա՛ծ պատ։ Դուն նստեր ես օրէնքին համեմատ զիս դատելու եւ օրէնքէն դուրս հրամա՞ն կ’ընես, որ ինծի զարնեն»։4. Բոլորտիքը կայնողները ըսին. «Աստուծոյ քահանայապե՞տը կը նախատես»։5. Պօղոս ալ ըսաւ. «Եղբա՛յրներ, չէի գիտեր թէ քահանայապետ է», վասն զի գրուած է. «Քու ժողովուրդիդ իշխանին դէմ չարախօսութիւն մի՛ ըներ»։6. Պօղոս գիտնալով որ մէկ կողմը Սադուկեցիներ են ու միւսը՝ Փարիսեցիներ, կ’աղաղակէր ժողովին մէջ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ես Փարիսեցի եմ, Փարիսեցիի որդի. մեռելոց յարութեանը յոյսին համար կը դատուիմ»։7. Երբ ասիկա ըսաւ, Փարիսեցիներուն ու Սադուկեցիներուն մէջ երկպառակութիւն ինկաւ եւ բազմութիւնը բաժնուեցաւ8. Քանզի Սադուկեցիները կ’ըսեն թէ՝ յարութիւն չկայ եւ ո՛չ հրեշտակ, ո՛չ ալ հոգի. բայց Փարիսեցիները երկուքն ալ կը դաւանին։9. Մեծ աղաղակ մը եղաւ ու Փարիսեցիներուն կողմէն եղող դպիրները ոտքի վրայ ելլելով՝ դէմ կեցան ու կ’ըսէին. «Մենք այս մարդուն վրայ չարութիւն մը չենք գտներ. հապա եթէ հոգի մը կամ հրեշտակ մը ատոր խօսած է, ի՞նչ ընենք»։10. Երբ աղմուկը շատցաւ, հազարապետը՝ վախնալով որ չըլլայ թէ Պօղոս անոնցմէ պատառուի՝ զինուորներուն հրաման ըրաւ որ իջնեն եւ զանիկա անոնց մէջէն յափշտակեն ու բերդը տանին։11. Հետեւեալ գիշերը Տէրը անոր քով կայնեցաւ ու ըսաւ. «Քաջասի՛րտ եղիր, Պօ՛ղոս, վասն զի ինչպէս Երուսաղէմի մէջ ինծի համար վկայեցիր, այնպէս պէտք է Հռովմի մէջ ալ վկայես»։12. Առտուն, Հրեաներէն ոմանք միաբանեցան ու ինքզինքնին անէծքի տակ դրին՝ ըսելով որ չուտեն ու չխմեն մինչեւ որ Պօղոսը սպաննեն։13. Քառասունէ աւելի էին անոնք՝ որ այս երդումը իրարու հետ ըրին,14. Որոնք քահանայապետներուն ու ծերերուն գացին ու ըսին. «Անէծքով անիծեցինք անձերնիս, որ բան մը չուտենք մինչեւ որ Պօղոսը սպաննենք։15. Ուստի դուք ժողովին հետ մէկտեղ հազարապետին իմացուցէք, որ վաղը զանիկա ձեզի իջեցնէ, որպէս թէ դուք աւելի ճիշդ քննութիւն ընել կ’ուզէք անոր մասին եւ մենք անոր մօտ գալէն առաջ պատրաստ ենք զանիկա սպաննելու»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981