Աստվածաշունչը մեկ տարում Հուլիս 23Եզրաս 7:1-281. Այս բաներէն ետքը, Պարսիկներու Արտաշէս թագաւորին թագաւորութեան ատենը, Եզրաս Սարայիայի որդին, որ Ազարիայի որդին, որ Քեղկիայի որդին,2. Որ Սեղղումի որդին, որ Սադովկի որդին, որ Աքիտովբի որդին,3. Որ Ամարիայի որդին, որ Ազարիայի որդին, որ Մարիօթի որդին,4. Որ Զարիայի որդին, որ Ոզէի որդին, որ Բոկկիի որդին,5. Որ Ափիսուայի որդին, որ Փենէհէսի որդին, որ Եղիազարի որդին, որ մեծ քահանային Ահարոնին որդին էր,6. Այս Եզրասը Բաբելոնէն ելաւ։ Անիկա Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տուած Մովսէսին օրէնքին արագագիր դպիրն էր ու իր Տէր Աստուծոյն ձեռքը իր վրայ ըլլալուն համար՝ ամէն խնդրածը թագաւորը անոր կու տար։7. Արտաշէս թագաւորին եօթներորդ տարին՝ Իսրայէլի որդիներէն, քահանաներէն ու Ղեւտացիներէն ու երգողներէն եւ դռնապաններէն ու Նաթանայիմներէն ոմանք Երուսաղէմ եկան։8. Անիկա հինգերորդ ամսուան մէջ՝ թագաւորին եօթներորդ տարին Երուսաղէմ եկաւ.9. Քանզի առաջին ամսուան առաջին օրը Բաբելոնէն ելաւ ու Աստուծոյ բարի ձեռքը անոր վրայ ըլլալով՝ հինգերորդ ամսուան առաջին օրը Երուսաղէմ հասաւ,10. Ուստի Եզրաս իր սիրտը պատրաստեց՝ որպէս զի Տէրոջը օրէնը փնտռէ ու կատարէ ու օրէնքն ու կանոնները սորվեցնէ Իսրայէլին։11. Ասիկա է այն նամակին օրինակը, որ Արտաշէս թագաւորը տուաւ Եզրաս քահանային ու դպիրին, որ Տէրոջը Իսրայէլին տուած պատուիրանքներուն եւ օրէնքներուն հմուտ էր։12. «Թագաւորներու թագաւորը Արտաշէս, Եզրաս քահանային, երկնքի Աստուծոյն օրէնքին կատարեալ գրչին.13. Արդ՝ հրաման կու տամ, որ իմ թագաւորութեանս մէջ եղող Իսրայէլի ժողովուրդէն ու անոր քահանաներէն ու Ղեւտացիներէն իրենց կամքովը Երուսաղէմ դառնալ ուզողները քեզի հետ դառնան.14. Վասն զի դուն թագաւորին ու անոր եօթը խորհրդականներուն կողմէ կը ղրկուիս՝ որպէս զի քու ձեռքդ եղած Աստուծոյ օրէնքովը՝ Յուդան ու Երուսաղէմը քննես15. Եւ տանիս այն արծաթն ու ոսկին, որ թագաւորն ու անոր խորհրդականները իրենց կամքովը ընծայ տուին Իսրայէլի Աստուծոյն, որ կը բնակի Երուսաղէմի մէջ.16. Նաեւ բոլոր արծաթն ու ոսկին, որ Բաբելոնի բոլոր գաւառին մէջ պիտի գտնես, որ ժողովուրդն ու քահանաները Երուսաղէմի մէջ եղող իրենց Աստուծոյն տանը համար որպէս կամաւոր ընծայ պիտի մատուցանեն,17. Որպէս զի այն ստակով անյապաղ զուարակներ, խոյեր, գառներ ու անոնց հացի ընծաներն ու ըմպելի նուէրները ծախու առնես ու զանոնք Երուսաղէմ եղող ձեր Աստուծոյն տանը սեղանին վրայ մատուցանես18. Եւ մնացած արծաթն ու ոսկին ալ՝ քեզի ու քու եղբայրներուդ ինչպէս որ պատշաճ կ’երեւնայ եւ ձեր Աստուծոյն կամքին համեմատ գործածէք։19. Այն անօթները, որոնք քու Աստուծոյդ տանը պաշտամունքին համար քեզի տրուեցան, զանոնք տար Երուսաղէմի Աստուծոյ յանձնէ։20. Ուրիշ ինչ որ քու Աստուծոյդ տանը համար պէտք ըլլայ, որ քեզի կը վայլէ տալ, զանիկա թագաւորին գանձատունէն տուր։21. Ու ես Արտաշէս թագաւորս ձեզի, Գետին անդիի կողմը եղող բոլոր գանձապետներուդ, կը հրամայեմ, որ Եզրաս քահանան, երկնքի Աստուծոյն օրէնքին դպիրը, ինչ որ ձեզմէ ուզէ, անմիջապէս տաք.22. Մինչեւ հարիւր տաղանդ արծաթ, մինչեւ հարիւր քոռ ցորեն ու հարիւր մար գինի ու հարիւր մար իւղ ու աղ առանց չափը որոշելու՝ ՝։23. Որպէս զի երկնքի Աստուածը ինչ որ կը հրամայէ, շուտով գործադրուի երկնքի Աստուծոյն տանը համար, որպէս զի չըլլայ թէ թագաւորին ու անոր որդիներուն թագաւորութեանը վրայ բարկութիւն գայ։24. Ձեզի յայտնի ըլլայ, որ բոլոր քահանաներէն, Ղեւտացիներէն, երգողներէն, դռնապաններէն, Նաթանայիմներէն եւ այս Աստուծոյ տանը սպասաւորներէն հարկ, տուրք ու մաքս առնելու հրաման չկայ։25. Եւ դո՛ւն, ո՛վ Եզրաս, քու Աստուծոյդ իմաստութիւնովը որ դուն ունիս, դատաւորներ ու իշխաններ դիր, որոնք Գետին անդիի կողմը եղող բոլոր ժողովուրդը, այսինքն բոլոր անոնք որ քու Աստուծոյդ օրէնքը գիտեն, դատեն ու չգիտցողներուն սորվեցնեն։26. Ով որ քու Աստուծոյդ օրէնքին համեմատ ու թագաւորին օրէնքին համեմատ չընէ, անյապաղ անոր պատիժը գործադրուի՝ կա՛մ մահուամբ, կա՛մ աքսորով, կա՛մ տուգանքով եւ կա՛մ բանտարկութեամբ»։27. «Մեր հայրերուն Տէր Աստուածը օրհնեալ ըլլայ, որ Երուսաղէմի մէջ եղող Տէրոջը տունը փառաւորելու համար՝ այս բանը թագաւորին սրտին մէջ դրաւ28. Եւ թագաւորին ու անոր խորհրդականներուն ու թագաւորին բոլոր զօրաւոր իշխաններուն առջեւ ինծի շնորհք գտնել տուաւ ու իմ Տէր Աստուծոյս ձեռքը իմ վրաս ըլլալուն համար զօրացայ ու Իսրայէլէն իշխաններ հաւաքեցի, որպէս զի ինծի հետ դառնան»։Եզրաս 8:1-361. Արտաշէս թագաւորին թագաւորութեան ատենը՝ ինծի հետ Բաբելոնէն դարձողներուն տոհմապետներն ու համրանքը ասոնք են՝2. Փենեհէսին որդիներէն Գերսոնը, Իթամարին որդիներէն Դանիէլը, Դաւիթին որդիներէն Քետտուսը,3. Սեքենիային որդիներէն՝ Փարոսին որդիներէն Զաքարիան ու անոր հետ հարիւր յիսուն այր մարդ համրուեցան։4. Փաաթ-Մովաբին որդիներէն՝ Զարիային որդին Եղիովէնային ու անոր հետ երկու հարիւր այր մարդ.5. Սեքենիային որդիներէն Յազիէլի որդին ու անոր հետ երեք հարիւր այր մարդ6. Եւ Ադինին որդիներէն Յովնաթանին որդին Աբեդը ու անոր հետ յիսուն այր մարդ7. Ու Եղամին որդիներէն Գոթողիային որդին Եսային ու անոր հետ եօթանասուն այր մարդ8. Եւ Սափատիային որդիներէն Միքայէլին որդին Զաբադիան ու անոր հետ ութսուն այր մարդ.9. Յովաբին որդիներէն՝ Յեքիէլին որդին Աբդիան ու անոր հետ երկու հարիւր տասնըութը այր մարդ10. Եւ Սաղօմիդին որդիներէն Յօսեփային որդին ու անոր հետ հարիւր վաթսուն այր մարդ11. Եւ Բեբայիին որդիներէն Բեբայիին որդին Զաքարիան ու անոր հետ քսանըութը այր մարդ12. Եւ Ազգադին որդիներէն Ակատանի որդին Յօհանան ու անոր հետ հարիւր տասը այր մարդ13. Եւ Ադոնիկամին որդիներէն վերջինները՝ որոնց անունները ասոնք էին՝ Եղիփաղէտ, Յէիէլ ու Սեմայիա եւ անոնց հետ վաթսուն այր մարդ.14. Բագուէին որդիներէն Ութային ու Զաբուդը ու անոնց հետ եօթանասուն այր մարդ։15. Ասոնք Ահավա վազող գետին եզերքը հաւաքեցի ու հոն երեք օր իջեւան ըրինք։ Ժողովուրդն ու քահանաները աչքէ անցուցի ու հեն Ղեւտացիներու որդիներէն մա՛րդ մը չգտայ։16. Այն ատեն Եղիազար, Արիէլ, Սեմայիա, Եղնաթան, Հարիպ, Եղնաթան, Նաթան, Զաքարիա ու Մեսուղամ իշխանները ու Յովաբիբ ու Եղնաթան իմաստունները կանչել տուի17. Եւ զանոնք Քասիփիա ըսուած տեղը Եղող Ադդով իշխանին պատուէրներով ղրկեցի ու Քասիփիա ըսուած տեղը եղող Ադդովին ու անոր եղբայրներուն, Նաթանայիմներուն, ըսուելիք խօսքերը անոնց բերանը դրի, որպէս զի մեր Աստուծոյն տանը համար մեզի պաշտօնեաներ բերեն։18. Մեր Աստուծոյն բարի ձեռքին մեր վրայ ըլլալուն համար՝ Իսրայէլեան Ղեւիի որդիին Մոողիին որդիներէն հանճարեղ մարդ մը, այսինքն Սարաբիան ու անոր որդիները ու եղբայրները տասնըութը մարդ բերին մեզի.19. Նաեւ Ասաբիան ու անոր հետ Մերարիի որդիներէն Եսային ու անոր եղբայրները ու անոնց որդիները՝ քսան մարդ20. Ու Նաթանայիմներէն, որոնք Դաւիթ ու իր իշխանները Ղեւտացիներու ծառայութեանը տուեր էին, բոլորը իրենց անուններովը յիշուած՝ երկու հարիւր քսան Նաթանայիմներ։21. Հոն Ահավայի գետին քով ծոմապահութիւն քարոզեցի, որպէս զի խոնարհինք մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ ու անկէ յաջող ճամբորդութիւն խնդրենք մեզի ու մեր ընտանիքներուն եւ մեր բոլոր ստացուածքին համար.22. Վասն զի ճամբուն մէջ մեզ թշնամիներէն պաշտպանելու համար թագաւորէն զօրք ու ձիաւորներ ուզելու ամչցայ, որովհետեւ թագաւորին ըսեր էինք թէ մեր Աստուծոյն ձեռքը բոլոր զանիկա փնտռողներուն վրայ է բարութեամբ ու անոր զօրութիւնն ու բարկութիւնը ամէն անոնց վրայ՝ որոնք զանիկա կը թողուն։23. Ուստի ծոմ բռնեցինք ու այս բանին համար մեր Աստուծմէն օգնութիւն խնդրեցինք ու անիկա մեր խնդրանքը ընդունեց։24. Քահանաներուն իշխաններէն տասներկու մարդ զատեցի, այսինքն Սարաբիան ու Ասաբիան ու անոնց հետ իրենց եղբայրներէն տասը մարդ25. Եւ արծաթն ու ոսկին ու անօթները, նաեւ թագաւորին ու անոր խորհրդականներուն ու իշխաններուն եւ հոն գտնուող բոլոր Իսրայէլի մեր Աստուծոյն տանը համար տուած ընծաները կշիռքով անոնց յանձնեցի։26. Վեց հարիւր յիսուն տաղանդ արծաթ եւ հարիւր տաղանդ արծաթէ ամաններ ու հարիւր տաղանդ ոսկի27. Եւ քսան ոսկի տաշտ հազարական դրամէ եւ մաքուր ու փայլուն եւ ոսկիի պէս պատուական պղնձէ երկու աման՝ կշիռքով անոնց յանձնեցի։28. Անոնց ըսի. ‘Դուք Տէրոջը նուիրուած էք, այս անօթներն ալ նուիրուած են եւ արծաթն ու ոսկին ձեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն կամաւոր ընծայ են.29. Արթուն կեցէ՛ք ու պահեցէ՛ք, մինչեւ որ զանոնք Երուսաղէմ Տէրոջը տանը սենեակներուն մէջ՝ քահանաներուն ու Ղեւտացիներու իշխաններուն ու Իսրայէլի տոհմապետներուն առջեւ կշռէք’։30. Քահանաներն ու Ղեւտացիները արծաթն ու ոսկին ու ամանները կշիռքով առին, որպէս զի Երուսաղէմ մեր Աստուծոյն տունը տանին։31. Առաջին ամսուան տասնըերկրորդ օրը Ահավայի գետէն չուեցինք Երուսաղէմ երթալու համար ու մեր Աստուծոյն ձեռքը մեր վրայ էր ու մեզ ճամբան թշնամիին ու դարանակալին ձեռքէն ազատեց32. Ու Երուսաղէմ հասանք եւ հոն երեք օր նստեցանք։33. Չորրորդ օրը արծաթն ու ոսկին ու անօթները, մեր Աստուծոյն տանը մէջ, Ուրիա քահանային որդիին Մերամօթին ձեռքով կշռուեցան, որուն հետ էր Փենէհէսին որդին Եղիազարը ու անոնց հետ էին Յեսուին որդին Յովզաբադն ու Բանուիին որդին Նովադիա Ղեւտացիները։34. Ամէնքը թուով ու կշիռքով յանձնուեցաւ ու այն ատեն բոլոր կշիռքը գրուեցաւ։35. Գերութեան որդիները, որոնք գերութենէ դարձած էին, Իսրայէլի Աստուծոյն ողջակէզներ մատուցանեցին. բոլոր Իսրայէլի համար տասնըերկու զուարակ, իննիսունըվեց խոյ, եօթանասունըեօթը գառ ու մեղքի պատարագի համար տասնըերկու նոխազ. ասոնց ամէնը Տէրոջը ողջակէզ մատուցանեցին ։36. Եւ անոնք թագաւորին հրովարտակը Գետին ասդիի կողմը եղող թագաւորին փոխանորդներուն ու իշխաններուն տուին, անոնք ալ ժողովուրդին ու Աստուծոյ տանը ձեռնտու եղան։Սաղմոսներ 88:1-51. Ո՛վ Տէր իմ փրկութեանս Աստուածը, Ցորեկը կ’աղաղակեմ ու գիշերը քու առջեւդ եմ ։2. Իմ աղօթքս թող քու առջեւդ ելլէ։ Խոնարհեցո՛ւր քու ականջդ իմ աղաղակիս։3. Վասն զի իմ անձս չարիքներով լեցուեցաւ Ու իմ կեանքս գերեզմանին մօտեցաւ։4. Գուբը իջնողներուն հետ սեպուեցայ. Ոյժ չունեցող մարդու մը պէս եղայ։5. Մեռելներու մէջ ինկած եմ Գերեզմանի մէջ պառկող սպաննուածներու պէս, Որոնք ա՛լ չես յիշեր Ու քու ձեռքէդ մերժուած են։Առակներ 21:21-2221. Արդարութեան ու ողորմածութեան հետեւողը Կեանք, արդարութիւն եւ փառք կը գտնէ։22. Իմաստունը զօրաւորներուն քաղաքը կ’ելլէ Եւ անոնց ապաւինած ամրութիւնը կը փլցնէ։Գործեր 23:16-3516. Բայց Պօղոսին քրոջ որդին, երբ այս դաւաճանութիւնը լսեց, գնաց բերդը մտաւ ու Պօղոսին պատմեց։17. Պօղոս ալ հարիւրապետներէն մէկը իրեն կանչելով՝ ըսաւ. «Այս պատանին հազարապետին տար, վասն զի անոր իմացնելիք բան մը ունի»։18. Ան ալ առաւ զանիկա եւ տարաւ հազարապետին ու ըսաւ. «Բանտարկեալ Պօղոսը զիս կանչեց եւ աղաչեց որ այս պատանին քեզի բերեմ, քանզի քեզի խօսելիք ունի»։19. Հազարապետը անոր ձեռքէն բռնելով՝ մէկդի գնաց ու հարցուց. «Ի՞նչ ունիս ինծի իմացնելիք»։20. Անիկա ըսաւ. «Հրեաները միաբանեցան քեզի աղաչելու որ վաղը Պօղոսը ատեանը իջեցնես, որպէս թէ կ’ուզեն աւելի ճիշդ քննութիւն մը ընել անոր մասին։21. Բայց դուն անոնց մտիկ մի՛ ըներ, վասն զի անոնցմէ քառասունէ աւելի մարդիկ դարանամուտ եղած են անոր համար, որոնք ինքզինքնին անէծքի տակ դրին, որ չուտեն ու չխմեն, մինչեւ զանիկա սպաննեն ու հիմա պատրաստ են եւ քու հրամանիդ կը սպասեն»։22. Այն ատեն հազարապետը պատանին ճամբեց եւ պատուիրեց. «Մարդու մի՛ ըսեր, որ այս բանը ինծի իմացուցիր»։23. Հարիւրապետներէն երկուքը կանչեց ու ըսաւ. «Երկու հարիւր զինուոր պատրաստեցէք ու եօթանասուն ձիաւոր եւ երկու հարիւր գեղարդաւոր, որպէս զի մինչեւ Կեսարիա երթան գիշերուան ժամը երեքին24. Եւ գրաստներ պատրաստեցէք, որպէս զի Պօղոսը հեծցնեն ու ապահովութեամբ Փելիքս կուսակալին տանին»։25. Թուղթ մը գրեց այս օրինակին պէս.26. «Կղօդիոս Լիւսիաս, պատուական Փելիքս կուսակալիդ՝ ողջոյն։27. Այս մարդը Հրեաներէն բռնուեր էր եւ անոնցմէ պիտի սպաննուէր, իսկ ես զինուորներով վրայ հասայ եւ ազատեցի զանիկա, իմանալով որ Հռովմայեցի է։28. Եւ ուզելով պատճառը գիտնալ, որու համար ատոր վրայ ամբաստանութիւն կ’ընէին, զինք տարի անոնց ատեանը։29. Գտայ թէ ամբաստանուած է իրենց օրէնքին վերաբերեալ խնդիրներու համար, բայց մեռնելու կամ պատժուելու յանցանք մը չունէր։30. Երբ լուր առի թէ Հրեաները այդ մարդուն համար որոգայթ լարած են, իսկոյն քեզի ղրկեցի, հրաման ընելով ամբաստանողներուն ալ՝ որ քու առջեւդ խօսին անոր մասին։ Ո՛ղջ եղիր»։31. Զինուորներն ալ իրենց հրամայուածին համեմատ առին Պօղոսը ու գիշերով Անտիպատրոս տարին։32. Եւ հետեւեալ օրը թողուցին ձիւորները անոր հետ երթալու ու իրենք բերդը դարձան։33. Անոնք ալ Կեսարիա տարին ու թուղթը կուսակալին տուին եւ Պօղոսը անոր առջեւ կայնեցուցին։34. Երբ կարդաց, հարցուց թէ ո՞ր գաւառէն է եւ իմանալով որ Կիլիկիայէն է,35. Ըսաւ. «Պիտի լսեմ քեզի՝ երբ քեզ ամբաստանողներն ալ գան» եւ հրաման ըրաւ, որ զանիկա Հերովդէսին պալատին մէջ պահեն։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981