Աստվածաշունչը մեկ տարում Հուլիս 24Եզրաս 9:1-151. Երբ այս բաները կատարուեցան, իշխանները ինծի մօտեցան ու ըսին. «Իսրայէլի ժողովուրդը եւ քահանաներն ու Ղեւտացիները այս երկիրներուն ժողովուրդներէն չզատուեցան, հապա Քանանացիներուն, Փերեզացիներուն, Յեբուսացիներուն, Ամմոնացիներուն, Մովաբացիներուն, Եգիպտացիներուն ու Ամօրհացիներուն պղծութիւններուն պէս կ’ընեն.2. Վասն զի իրենց համար ու իրենց որդիներուն համար անոնց աղջիկներէն կիներ առին եւ սուրբ սերունդը այս երկիրներուն ժողովուրդներուն հետ խառնուեցաւ ու իշխաններն ու ոստիկանները այս մեղքը գործելու մէջ առաջինները եղան»։3. Այս բանը լսածիս պէս հանդերձս ու վերարկուս պատռեցի եւ գլխուս ու մօրուքիս մազերը փետտեցի ու ապշած նստեցայ։4. Այն ատեն գերութենէն դարձողներուն յանցանքին պատճառով Իսրայէլի Աստուծոյն խօսքերէն բոլոր վախցողները իմ քովս հաւաքուեցան ու ես մինչեւ իրիկուան զոհին ատենը ապշած մնացի։5. Իրիկուան զոհին ատենը տառապանքէս ելայ ու պատռուած հանդերձներովս ու վերարկուովս ծունկի եկայ ու ձեռքերս իմ Տէր Աստուծոյս առջեւ տարածեցի6. Ու ըսի. «Ո՛վ Աստուած իմ, կ’ամչնամ ու իմ երեսս քեզի վերցնելու չեմ համարձակիր։ Ո՛վ Աստուած իմ, վասն զի մեր անօրէնութիւնները մեր գլխէն վեր բարձրացան ու մեր յանցանքը մինչեւ երկինք ելաւ։7. Մեր հայրերուն օրերէն ի վեր մենք մեծ յանցանքի մէջ ենք մինչեւ այսօր ու մեր անօրէնութիւններուն համար մենք, մեր թագաւորները եւ մեր քահանաները, օտար երկիրներու թագաւորներուն ձեռքը՝ սուրի, գերութեան, յափշտակութեան ու երեսի սեւութեան ենթարկուեցան, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ ։8. Եւ հիմա քիչ մը ատեն մեր Տէր Աստուածը ողորմեցաւ, որպէս զի մեզի փրկութիւն շնորհէ ու իր սրբութեանը մէջ մեզ հաստատէ՝ ՝, որպէս զի մեր Աստուածը մեր աչքերը լուսաւորէ ու մեր ծառայութեանը մէջ մեզի քիչ մը հանգստութիւն տայ։9. Վասն զի մենք ծառայ էինք բայց մեր Աստուածը մեզ երեսէ չձգեց մեր ծառայութեանը մէջ. հապա մեզի հանգստութիւն տալու ու իր տունը շինելու եւ անոր աւերակները նորոգելու ու մեզի Յուդայի մէջ ու Երուսաղէմի մէջ պարսպապատ տեղ մը տալու համար՝ Պարսիկներու թագաւորներուն առջեւ մեզի շնորհք գտնել տուաւ։10. Հիմա, ո՛վ Աստուած մեր, ասկէ ետքը ի՞նչ ըսենք, քանզի քու պատուիրանքներդ թողուցինք,11. Որոնք քու ծառաներուդ՝ մարգարէներուն՝ միջոցով պատուիրեցիր ու ըսիր. ‘Այն երկիրը, ուր պիտի մտնէք ժառանգելու համար, գարշելի երկիր մըն է, օտար ազգերու գարշելի պղծութիւններովը լեցուն, որովհետեւ զանիկա ծայրէ ծայր իրենց անմաքրութիւնովը լեցուցեր են,12. Ուրեմն ձեր աղջիկները անոնց որդիներուն մի՛ տաք ու անոնց աղջիկները ձեր որդիներուն համար մի՛ առնէք եւ յաւիտեան անոնց խաղաղութիւնն ու երջանկութիւնը մի՛ փնտռէք, որպէս զի ուժովնաք ու այն երկրին բարիքը ուտէք ու զանիկա ձեր որդիներուն իբր յաւիտենական ժառանգութիւն թողուք’։13. Ու մեր չար գործերուն համար ու մեր մեծ յանցանքին համար այս բոլոր բաներուն մեր վրայ գալէն ետքը (թէպէտեւ դուն, ո՛վ Աստուած մեր, մեզ չպատժեցիր մեր մեղքերուն չափ, հապա մեզի այսպէս փրկութիւն տուիր),14. Պէ՞տք էր որ նորէն քու պատուիրանքներդ զանց ընէինք եւ այս գարշելի ազգերուն հետ խնամութիւն ընէինք. միթէ դուն մեզի պիտի չսրդողէի՞ր ու մեզ պիտի չսպառէի՞ր, մինչեւ որ մեզմէ մնացորդ ու ազատուած չմնար։15. Ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, դուն արդար ես, ատոր համար մենք մինչեւ այսօր ազատ մնացինք. ահա մենք մեր յանցանքովը քու առջեւդ ենք, թէպէտեւ այս պատճառով քու առջեւդ համարձակ չենք կրնար կենալ»։Եզրաս 10:1-441. Երբ Եզրաս լալով ու Աստուծոյ տանը առջեւ գետինը ինկած այս աղօթքն ու խոստովանութիւնը կ’ընէր, Իսրայէլէն խիստ շատ բազմութիւն՝ այրեր, կիներ ու տղաքներ՝ անոր քով հաւաքուեցան եւ ժողովուրդը մեծ ձայնով լացաւ։2. Ու Եղամի որդիներէն Յեքիէլի որդին Սեքենիան Եզրասին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Մենք մեր Աստուծոյն դէմ մեղք գործեցինք ու երկրին ժողովուրդներէն օտար կիներ առինք. բայց հիմա այս բանին մէջ ալ Իսրայէլին համար յոյս կայ։3. Հիմա մեր Աստուծոյն առջեւ ուխտ ընենք, որ բոլոր կիներն ու անոնցմէ ծնածները՝ իմ տիրոջս ու մեր Աստուծոյն հրամանէն վախցողներուն խրատովը՝ արձակենք եւ այս գործը օրէնքին համեմատ թող ըլլայ։4. Ելի՛ր, վասն զի այս գործը քեզի կ’իյնայ. մենք ալ քեզի հետ ըլլանք. զօրացի՛ր ու ըրէ՛»։5. Եզրաս ելաւ եւ քահանաներուն, իշխաններուն, Ղեւտացիներուն ու բոլոր Իսրայէլին երդում ընել տուաւ, որ ըսուածին պէս ընեն։ Անոնք երդում ըրին։6. Եզրաս Աստուծոյ տանը առջեւէն ելաւ ու Եղիասիբին որդիին Յօհանանին սենեակը գնաց եւ հոն մտնելով հաց չկերաւ ու ջուր չխմեց, որպէս զի գերութենէ դարձողներուն յանցանքին համար սուգ բռնէ։7. Յուդայի ու Երուսաղէմի մէջ մունետիկ կանչել տուին, որ բոլոր գերութենէ դարձողները Երուսաղէմ հաւաքուին։8. Մինչեւ երեք օր ով որ չի գայ՝ իշխաններուն ու ծերերուն հրամանին համեմատ, անոր բոլոր ստացուածքը նզովուած պիտի ըլլայ ու գերութենէ դարձողներէն պիտի զատուի։9. Յուդայի ու Բենիամինի բոլոր մարդիկը այն երեք օրուան մէջ, այսինքն իններորդ ամսուան քսաներորդ օրը, Երուսաղէմի մէջ հաւաքուեցան եւ բոլոր ժողովուրդը այս գործին համար ու սաստիկ անձրեւներուն համար, դողալով նստեցան Աստուծոյ տանը հրապարակին մէջ։10. Եզրաս քահանան ելաւ ու անոնց ըսաւ. «Դուք մեղք գործեցիք եւ օտար կիներ առնելով՝ Իսրայէլի յանցանքը աւելցուցիք։11. Հիմա ձեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն առջեւ ձեր մեղքը խոստովանեցէ՛ք եւ անոր հաճոյ եղածը ըրէ՛ք ու երկրիս ժողովուրդներէն ու օտար կիներէն զատուեցէ՛ք»։12. Այն ատեն բոլոր ժողովուրդը պատասխան տուին ու բարձր ձայնով ըսին. «Մեր պարտքն է, որ քու ըսածիդ պէս ընենք։13. Բայց ժողովուրդը շատուոր ու ժամանակը անձրեւոտ է ու դուրսը չենք կրնար կենալ եւ ասիկա մէկ օրուան կամ երկու օրուան գործ չէ, քանզի շատերնիս այս բանին մէջ յանցաւոր ենք։14. Հիմա մեր իշխանները բոլոր ժողովուրդին համար թող կենան ու մեր քաղաքներուն մէջ բոլոր օտար կին առնողները որոշուած ժամանակներու մէջ գան եւ ամէն մէկ քաղաքի ծերերն ու դատաւորները անոնց հետ գան, մինչեւ որ այս բանին համար մեր Աստուծոյն սաստիկ բարկութիւնը մեզմէ վերցուի»։15. Ուստի Ասայէլին որդին Յովնաթան ու Թեկուային որդին Յազիան այս գործին վրայ կեցան ու Մեսուղամն ու Ղեւտացի Սաբեթան անոնց օգնեցին։16. Գերութենէ դարձողները այնպէս ըրին որ Եզրաս քահանան ու քանի մը տոհմապետներ իրենց տոհմերուն համեմատ (ամէնքն ալ իրենց անուններով) ընտրուեցան ու տասներորդ ամսուան առաջին օրը այս գործը քննել սկսան։17. Բոլոր օտար կին առնող մարդոց գործը առաջին ամսուան առաջին օրը լմնցուցին։18. Ու քահանաներուն որդիներէն օտար կին առնողներն էին՝ Յովսեդեկեան Յեսուին որդիներէն ու եղբայրներէն մաասիան, Եղիազարը, Յարիբն ու Գոդողիան,19. Որոնք իրենց կիները արձակելու խօսք տուին ու յանցաւոր ըլլալով՝ իրենց յանցանքին համար հօտերէն մէկ մէկ խոյ տուին ։20. Եմմերին որդիներէն Անանին ու Զաբադիան21. Ու Հարիմի որդիներէն Մաասիան, Եղիան, Սեմայիան, Յեքիէլը ու Ոզիան22. Եւ Փասուրին որդիներէն Եղիովէնային, Մաասիան, Իսմայէլը, Նաթանայէլը, Յովզաբադն ու Եղեասան23. Ու Ղեւտացիներէն Յովզաբադը, Սեմէին, Կովղիան, այսինքն Կովղիտան, Փեթայիան, Յուդան ու Եղիազարը24. Ու երգողներէն Եղիասիբը ու դռնապաններէն Սեղղումը, Տէլէմը եւ Ուրին25. Ու Իսրայէլէ, Փարոսին որդիներէն, Ռամիան, Յեզիան, Մեղքիան, Միամինը, Եղիազարը, Մեղքիան ու Բանիան26. Ու Եղամին որդիներէն Մաթանիան, Զաքարիան, Յեքիէլը, Աբդին, Յերիմովթն ու Եղիան27. Եւ Զաթուին որդիներէն Եղիովէնային, Եղիասիբը, Մաթանիան, Յերիմովթը, Զաբադն ու Ազիզան28. Եւ Բեբայիի որդիներէն Յօհանանը, Անանիան, Զաբբայը ու Աթաղին29. Եւ Բանիին որդիներէն Մեսուղամը, Մալուքը, Ադայիան, Յասուբը, Սաաղն ու Ռամովթը30. Եւ Փաաթ-Մովաբի որդիներէն Եդնան, Քաղէլը, Բանիան, Մաասիան, Մաթանիան, Բեսելիէլը, Բանուին ու Մանասէն31. Ու Նարիմին որդիներէն Եղիազարը, Յեսիան, Մեղքիան,32. Սեմայիան, Շմաւոնը, Բենիամինը, Մալուքն ու Սամարիան.33. Հասումին որդիներէն Մաթանայը, Մատաթան, Զաբադը, Եղիփաղէտը, Յերեմին, Մանասէն ու Սեմէին.34. Բանիին որդիներէն Մաադայը, Ամրամը,35. Ուէլը, Բանիան, Բադայիան, Քեղուհայը,36. Ուանիան, Մերամօթը, Եղիասիբը,37. Մաթանիան, Մաթանայը, Յաասուն,38. Բանին, Բանուին, Սէմէին,39. Սեղեմիան, Նաթանը, Ադայիան,40. Մաքնադբայը, Սասայը, Սարայը,41. Ազարիէլը, Սեղեմիան, Սամարիան,42. Սեղղումը, Ամարիան ու Յովսէփը.43. Նաբաւին որդիներէն Յէիէլը, Մատաթիան, Զաբադը, Զեբենիան, Յադային, Յովէլն ու Բանիան։44. Ասոնք ամէնքը օտար կիներ առեր էին ու անոնցմէ ոմանք զաւակ ալ ունեցած էին։Սաղմոսներ 88:6-106. Դուն զիս ամենէն խորունկ գուբին մէջ դրիր, Խաւար ու խոր անդունդներու մէջ։7. Քու տրտմութիւնդ ճնշեց իմ վրաս Եւ քու բոլոր ալիքներովդ զիս չարչարեցիր։ (Սէլա։)8. Իմ ճանչուորներս ինծմէ հեռացուցիր, Զիս գարշելի ըրիր անոնց առջեւ. Գոցուեցայ ու դուրս չեմ ելլեր։9. Տառապանքէն աչքերս վատացան. Ամէն օր քեզի աղաղակեցի, ո՛վ Տէր, Ձեռքերս քեզի երկնցուցի։10. Միթէ մեռելներո՞ւն հրաշք պիտի ընես. Միթէ մեռածնե՞րը պիտի ելլեն ու քեզ գովեն։ (Սէլա։)Առակներ 21:23-2423. Իր բերանն ու լեզուն պահողը՝ Իր հոգին նեղութիւններէ կը պահէ։24. Հպարտութեամբ եւ բարկութեամբ վարուող մարդը, Որ հպարտ եւ յանդուգն է՝ ծաղրող կը կոչուի։Գործեր 24:1-271. Հինգ օր ետքը Անանիա քահանայապետը ծերերուն ու Տերտիւղոս անուն ճարտասանի մը հետ իջաւ։ Ասոնք կուսակալին իմացուցին իրենց ամբաստանութիւնը Պօղոսին դէմ։2. Երբ կանչեցին զանիկա, Տերտիւղոս սկսաւ ամբաստանել ու ըսել. «Որովհետեւ քու ձեռքովդ լման խաղաղութիւն ու քու խնամքովդ այս ազգին գործերուն մէջ աղէկ կարգադրութիւն կը վայելենք,3. Ամէն կերպով ու ամէն տեղ բոլորովին գոհ ըլլալով, շնորհակալ ենք, ո՛վ պատուական Փելիքս։4. Բայց չըլլայ որ ա՛լ աւելի ձանձրութիւն տամ քեզի, կ’աղաչեմ քու քաղցրութիւնովդ մեզի ականջ դիր, որ համառօտաբար պիտի խօսինք ։5. Վասն զի մենք այս մարդը գտանք ապականիչ եւ խռովարար բոլոր Հրեաներուն, որոնք աշխարհի մէջ են եւ Նազովրեցիներու աղանդին առաջնորդ.6. Որ տաճարն ալ ուզեց պղծել. որ բռնեցինք ու մեր օրէնքին համեմատ ուզեցինք դատաստանը ընել.7. Բայց Լիւսիաս հազարապետը եկաւ բռնութեամբ մեր ձեռքէն առաւ8. Եւ հրաման ըրաւ որ անոր դատախազները քեզի գան, որ դուն քննելով՝ կարենաս տեղեկանալ այն ամէն բաներուն, որոնց համար մենք ամբաստանութիւն կ’ընենք ատոր վրայ»։9. Հրեաներն ալ բոլորը միասին՝ ըսին. «Այդպէ՛ս է»։10. Պատասխան տուաւ Պօղոս, (երբ կուսակալը անոր աչք ըրաւ որ խօսի,). «Գիտնալով որ շատ տարիներէ ի վեր դուն այս ազգին դատաւորն ես, աւելի յօժարութեամբ ինծի վերաբերեալ բաներուն համար պատասխան պիտի տամ.11. Որովհետեւ կրնաս գիտնալ թէ ես տասներկու օրէ աւելի չէ՝ որ Երուսաղէմ եկայ երկրպագութիւն ընելու։12. Զիս տաճարին մէջ մէկուն հետ վիճաբանութիւն ընելու վրայ, կամ բազմութիւնը մէկտեղ ժողված չգտան, ո՛չ ալ ժողովարաններուն մէջ,13. Ո՛չ քաղաքին մէջ. ո՛չ ալ կրնան ապացուցանել այն բաները, որոնց համար հիմա ամբաստանութիւն կ’ընեն ինծի դէմ։14. Բայց ասիկա կը խոստովանիմ քեզի՝ թէ այն ճամբուն համեմատ որ ասոնք հերձուած կ’ընդունին, ես այնպէս կը պաշտեմ իմ հայրենի Աստուածս, հաւատալով այն ամէն բաներուն, որոնք օրէնքին եւ մարգարէներուն մէջ գրուած են։15. Յոյս ունիմ առ Աստուած, ինչպէս ասոնք ալ ակնկալութիւն ունին, թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն։16. Եւ ես այս բանին համար կը ջանամ, որ ամէն ատեն մաքուր խղճմտանք ունենամ Աստուծոյ առջեւ ու մարդոց առջեւ։17. Արդ՝ ես շատ տարիներէ յետոյ եկայ իմ ազգիս ողորմութիւններ բերելու ու ընծաներ տալու.18. Այսպէս քանի մը Ասիացի Հրեաներ զիս տաճարին մէջ մաքրուած գտան, ո՛չ բազմութիւնով եւ ո՛չ ամբոխով,19. Որոնք պէտք էր որ առջեւդ գային ու ամբաստանութիւն ընէին, եթէ իմ վրայովս ըսելու բան մը ունէին։20. Կամ թէ ասոնք իրենք թող ըսեն, ի՞նչ անիրաւութիւն գտան իմ վրաս, երբ ատեանը կայներ էի։21. Միայն թէ այս մէկ խօսքիս համար, որ երբ իրենց մէջ կայներ էի, կանչեցի. «Մեռելներու յարութեանը համար ես այսօր ձեզմէ կը դատուիմ»։22. Փելիքս ուրիշ անգամուան թողուց հարցը, վասն զի ստոյգ տեղեկութիւն ունէր անոր մասին ու ըսաւ. «Երբ Լիւսիաս հազարապետը հոս գայ, պիտի քննեմ ձեր գործը»։23. Եւ հարիւրապետին հրաման ըրաւ որ Պօղոսը պահէ, բայց լայն ազատութիւն տայ ու չարգիլէ եթէ իրեններէն մէկը ուզէ անոր սպասաւորութիւն ընել կամ անոր քով երթալ։24. Քանի մը օր յետոյ Փելիքս եկաւ իր Դրուսիղա կնոջ հետ, որ Հրեայ էր ու Պօղոսը կանչել տուաւ եւ լսեց անկէ այն հաւատքին մասին որ Քրիստոս Յիսուսին վրայ է։25. Երբ անիկա արդարութեան ու ժուժկալութեան եւ գալու դատաստանին վրայով կը խօսէր, Փելիքս զարհուրելով պատասխան տուաւ. «Դուն հիմա գնա ու երբ ժամանակ ունենամ, քեզ նորէն կը կանչեմ»։26. Նաեւ յոյս ունէր, որ Պօղոսին կողմէն իրեն ստակ տրուի, անոր համար շատ անգամ կանչել կու տար զանիկա ու անոր հետ կը խօսակցէր։27. Բայց երբ երկու տարի անցաւ, Փելիքսի տեղ Պորկիոս Փեստոս եկաւ։ Փելիքս ալ Հրեաներուն շնորհք ընել ուզելով՝ Պօղոսը կապուած թողուց։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981