Աստվածաշունչը մեկ տարում
Հուլիս 25

1. Աքազիայի որդիին Նէեմեային խօսքերը. «Քասղեւ ամսուան մէջ, Արտաշէս թագաւորին քսաներորդ տարին, երբ ես Շուշան մայրաքաղաքն էի,
2. Անանի անունով եղբայրներէս մէկը ու քանի մը Յուդայի մարդիկ ինծի եկան։ Անոնց՝ գերութենէ ազատուած Հրեաներուն ու Երուսաղէմի մասին հարցուցի։
3. Եւ ինծի ըսին. ‘Գերութենէն ազատուածները գաւառին մէջ մեծ նեղութեան ու անարդարութեան մէջ են ու Երուսաղէմի պարիսպը փլած եւ անոր դռները կրակով այրուած են’։
4. «Երբ այս խօսքերը լսեցի, նստայ լացի ու քանի մը օր սուգ բռնեցի եւ ծոմ պահելով երկնքի Աստուծոյն աղօթք ըրի
5. Ու ըսի. ‘Ոհ, Տէ՛ր Աստուած երկնքի, որ մեծ ու ահեղ Աստուած ես ու քեզ սիրողներուն եւ քու պատուիրանքներդ պահողներուն ողորմութիւն կը ցուցնես,
6. Կ’աղաչեմ, քու ականջներդ թող մտիկ ընեն ու աչքերդ թող բաց ըլլան, որպէս զի լսես քու ծառայիդ աղօթքը որ քու ծառաներուդ՝ Իսրայէլի որդիներուն՝ համար, հիմա ցորեկ ու գիշեր քեզի կը մատուցանեմ, խոստովանելով Իսրայէլի որդիներուն մեղքը, որով քեզի դէմ մեղանչեցինք. քանզի թէ՛ ես եւ թէ՛ իմ հօրս տունը մեղք գործեցինք։
7. Արդարեւ մենք քու առջեւդ անօրէնութիւններ ըրինք ու քու ծառայիդ Մովսէսին տուած պատուիրանքներդ, կանոններդ ու օրէնքներդ չպահեցինք։
8. Սակայն, կ’աղաչեմ, յիշէ այն խօսքը, որ քու ծառայիդ Մովսէսին պատուիրեցիր. « Եթէ յանցանք ընէք՝ ես ձեզ ազգերու մէջ պիտի ցրուեմ.
9. Իսկ եթէ ինծի դառնաք ու իմ պատուիրանքներս պահէք ու զանոնք կատարէք, ձեզմէ ցրուածները եթէ երկրի ծայրն ալ ըլլան, զանոնք անկէ պիտի հաւաքեմ ու այն տեղը պիտի տանիմ՝ որ ընտրեցի իմ անունս հոն դնելու համար»։
10. Եւ հիմա անոնք՝ քու մեծ ուժովդ ու զօրաւոր ձեռքովդ ազատուած ծառաներդ ու ժողովուրդդ են։
11. Ո՜հ, Տէ՛ր, հիմա թող քու ականջդ լսէ քու ծառայիդ աղօթքը ու քու անունէդ վախնալու փափաք ունեցող ծառաներուդ աղօթքը եւ քու ծառայիդ յաջողութիւն տուր ու այս մարդուն առջեւ ինծի շնորհք գտնել տուր։ Վասն զի ես թագաւորին մատռուակն էի’»։
1. Նիսան ամսուան մէջ, Արտաշէս թագաւորին քսաներորդ տարին, անոր առջեւ գինի կար։ Գինին առի ու թագաւորին տուի ու անոր առջեւ բնաւ տրտում չէի երեւցած։
2. Թագաւորը ինծի ըսաւ. «Ինչո՞ւ երեսդ տրտում է, քանի որ հիւանդ չես. ուրեմն ատիկա ուրիշ բան չէ, բայց եթէ սրտի տրտմութիւն»։ Ես խիստ շատ վախցայ։
3. Այն ատեն թագաւորին ըսի. «Թագաւորը յաւիտեան ողջ կենայ. ի՞նչպէս իմ երեսս տրտում չըլլայ, երբ քաղաքը, ուր իմ հայրերուս գերեզմանը կը գտնուի՝ աւերուած է ու անոր դռները կրակով այրուած են»։
4. Թագաւորը ինծի ըսաւ. «Դուն ինծմէ ի՞նչ կը խնդրես ատոր համար»։ Այն ատեն երկնքի Աստուծոյն աղօթք ըրի
5. Ու թագաւորին ըսի. «Եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ ու եթէ քու ծառադ քու առջեւդ շնորհք գտաւ, զիս Հրէաստան ղրկէ իմ հայրերուս գերեզմաններուն քաղաքը, որպէս զի զանիկա շինեմ»։
6. Թագաւորը ինծի ըսաւ. (ու թագուհին անոր քով նստեր էր). «Քու ճամբորդութիւնդ ո՞րչափ ատեն պիտի տեւէ ու ե՞րբ պիտի դառնաս»։ Թագաւորին հաճոյ երեւցաւ, որ զիս ղրկէ։ Ես ալ անոր ժամանակ որոշեցի ու ըսի.
7. «Եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ, ինծի նամակներ թող տրուին Գետին միւս կողմը եղող իշխաններուն, որպէս զի անցընեն, մինչեւ որ Հրէաստան երթամ։
8. Նամակ մըն ալ Ասափին, որ թագաւորական անտառին պահապանն է, որպէս զի ինծի փայտ տայ, Աստուծոյ տանը աշտարակին դռները եւ քաղաքին պարիսպը ու բնակելու տուն շինելու համար»։ Եւ թագաւորը խնդրանքներս ինծի տուաւ, վասն զի իմ Աստուծոյս բարի ձեռքը իմ վրաս էր։
9. Գետին միւս կողմի իշխաններուն գացի ու թագաւորին նամակները անոնց տուի։ Թագաւորը ինծի հետ զօրապետներ ու ձիաւորներ ղրկած էր։
10. Երբ Սանաբաղատ Որոնացին ու Ամմոնացի ծառան Տուբիան լսեցին, շատ նեղուեցան, որ Իսրայէլի որդիներուն աղէկութիւն ընելու համար մարդ մը եկաւ։
11. Երուսաղէմ հասայ եւ հոն երեք օր մնացի։
12. Քանի մը մարդոց հետ գիշերով ելայ ու ինչ որ իմ Աստուածս սրտիս մէջ դրեր էր Երուսաղէմի համար ընելու, զանիկա մարդո՛ւ չըսի եւ ինծի հետ իմ հեծած անասունէս զատ ուրիշ անասուն մը չկար։
13. Գիշերով Ձորի դռնէն, Վիշապի աղբիւրին առջեւէն, Աղբերու դուռը ելայ ու Երուսաղէմի փլած պարիսպներն ու կրակէն այրուած դռները զննեցի։
14. Աղբիւրին դուռը ու թագաւորին աւազանը անցայ։ Տակս եղող անասունին անցնելու տեղ չկար։
15. Գիշերով հեղեղատէն վեր ելայ ու պարիսպը զննեցի ու դարձայ, Ձորի դռնէն մտայ ու այսպէս նորէն իմ տեղս դարձայ։
16. Ոստիկանները իմ ուր երթալս ու ինչ ընելս չիմացան ու Հրեաներուն կամ քահանաներուն կամ ազնուականներուն կամ ոստիկաններուն եւ կամ ուրիշներուն, որոնք կը գործէին, մինչեւ այն ատեն, բան չըսի։
17. Ետքը անոնց ըսի. «Դուք կը տեսնէք այս թշուառութիւնը, որուն մէջ կը գտնուինք եւ թէ ի՛նչպէս Երուսաղէմ աւերուած ու անոր դռները կրակով այրուած են։ Եկէք Երուսաղէմի պարիսպը շինենք, որպէս զի այսուհետեւ չնախատուինք»։
18. Եւ իմ Աստուծոյս բարի ձեռքը իմ վրաս ըլլալը ու թագաւորին ինծի ըսած խօսքերն ալ անոնց պատմեցի ու անոնք ըսին. «Ելլենք շինենք»։ Իրենց ձեռքերը ուժովցուցին այս բարի գործին համար։
19. Բայց Որոնացի Սանաբաղատն ու Ամմոնացի ծառան Տուբիան եւ Արաբացի Գեսամը լսելով՝ մեզ ծաղրեցին ու քամահրելով՝ ըսին. «Այս ձեր ըրած գործը ի՞նչ պիտի ըլլայ. միթէ դուք թագաւորէն ապստամբի՞լ կ’ուզէք»։
20. Անոնց պատասխան տուի ու ըսի. «Երկնքի Աստուածը ինք մեզի յաջողութիւն պիտի տայ ու մենք, որ անոր ծառաներն ենք, պիտի ելլենք ու շինենք, բայց դուք Երուսաղէմի մէջ բաժին, իրաւունք ու յիշատակ չունիք»։
11. Միթէ կը պատմուի՞ քու ողորմութիւնդ գերեզմանին մէջ Ու քու ճշմարտութիւնդ՝ կորստեան մէջ։
12. Միթէ կը ճանչցուի՞ն քու հրաշքներդ խաւարին մէջ Ու քու արդարութիւնդ՝ մոռացման երկրին մէջ։
13. Բայց ես, ո՛վ Տէր, քեզի աղաղակեցի Ու իմ աղօթքս առտուն քու առջեւդ պիտի ելլէ։
14. Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ իմ անձս կը մերժես Ու քու երեսդ կը ծածկես ինծմէ։
15. Ես խեղճ եմ ու մանկութենէս ի վեր մեռնելու վրայ եմ։ Քու ահերդ քաշեցի ու խռովեցայ։
16. Քու սրտմտութիւնդ իմ վրաս իջաւ Եւ քու զարհուրանքներդ զիս կորսնցուցին։
17. Ամէն օր ջուրի պէս զիս պատեցին, Միասին չորս կողմս առին։
18. Հեռացուցիր ինծմէ սիրելին ու բարեկամը, Իմ ճանչուորներս խաւարի մէջ են։
25. Ծոյլին ցանկութիւնը զանիկա կը մեռցնէ, Վասն զի անոր ձեռքերը աշխատիլ չեն ուզեր։
26. Անօրէնը ամէն օր սաստիկ կը ցանկայ. Իսկ արդարը կու տայ ու չի խնայեր։
1. Երբ Փեստոս իր իշխանութեան գաւառը հասաւ, երեք օր յետոյ Կեսարիայէն Երուսաղէմ ելաւ։
2. Քահանայապետն ու Հրէից գլխաւորները անոր իմացուցին իրենց ամբաստանութիւնը Պօղոսին դէմ
3. Եւ կ’աղաչէին իրեն եւ շնորհք կը խնդրէին, որպէս զի զանիկա Երուսաղէմ բերել տայ։ Բայց իրենք դարան կը պատրաստէին ճամբուն մէջ զանիկա սպաննելու։
4. Սակայն Փեստոս հրահանգեց, որ Պօղոս Կեսարիա պահուի եւ ինք շատ չանցած հոն պիտի երթայ։
5. «Ուստի ձեզմէ որոնք որ կարող են, ըսաւ, ինծի հետ թող իջնեն, եթէ այն մարդուն վրայ յանցանք մը կայ, թող անոր դէմ ամբաստանութիւն ընեն»։
6. Հոն ութ կամ տասը օրէ աւելի չկենալով՝ ՝, Կեսարիա իջաւ ու հետեւեալ օրը ատեանը նստելով՝ հրաման ըրաւ որ Պօղոսը բերեն։
7. Երբ անիկա եկաւ, Երուսաղէմէն Հրեաները անոր բոլորտիքը կայնելով, շատ ծանր ամբաստանութիւններ կ’ընէին Պօղոսին դէմ, բայց չէին կրնար ապացուցանել.
8. Վասն զի Պօղոս կը պնդէր թէ՝ «Ես ո՛չ Հրեաներուն օրէնքին, ո՛չ տաճարին, ո՛չ ալ Կայսրին դէմ յանցանք մը գործած եմ»։
9. Բայց Փեստոս ուզելով որ Հրեաներուն շնորհք ընէ, Պօղոսին ըսաւ. «Կ’ուզե՞ս Երուսաղէմ ելլել եւ հոն դատուիլ»։
10. Պօղոս ալ ըսաւ. «Կայսրին ատեանը կայներ եմ, ուր պէտք է դատուիմ։ Ես Հրեաներուն անիրաւութիւն մը ըրած չեմ, ինչպէս դուն ալ աղէկ գիտես։
11. Քանզի եթէ անիրաւութիւն մը եւ մահուան արժանի բան մը ըրած եմ, ես մեռնելէ չեմ քաշուիր. բայց եթէ չկայ իմ վրաս այն բաներէն մէկն ալ՝ որոնց համար ասոնք ինծի դէմ ամբաստանութիւն կ’ընեն, մէ՛կը չի կրնար զիս ատոնց շնորհել, Կայսրին կը բողոքեմ»։
12. Այն ատեն Փեստոս խորհրդականներուն հետ խօսելով՝ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Քանի որ Կայսրին բողոքեցիր, Կայսրին պիտի երթաս»։
13. Քանի մը օր անցնելէն յետոյ, Ագրիպպաս թագաւորը եւ Բերինիկէն Կեսարիա եկան Փեստոսը ողջունելու։
14. Շատ օրեր հոն անցուցին։ Փեստոս Պօղոսին համար թագաւորին իմացուց ու ըսաւ. « Հոս մարդ մը կայ որ Փելիքս բանտարկուած թողուցեր է,
15. Որուն վրայով, երբ Երուսաղէմ գացի, քահանայապետներն ու Հրեաներուն ծերերը իմացուցին ինծի եւ խնդրեցին, որ անոր դէմ դատապարտութեան վճիռ տրուի,
16. Որոնց պատասխան տուի թէ՝ Հռովմայեցիներու սովորութիւնը չէ մարդ մը կորստեան մատնել, մինչեւ ամբաստանուածն ու ամբաստանողները առջեւը չունենայ եւ ամբաստանեալին պատասխան տալու պատեհութիւն չտրուի։
17. Ուստի երբ անոնք ինծի հետ հոս եկան, ամենեւին չուշացուցի, հապա հետեւեալ օրը ատեանը նստելով՝ հրաման ըրի որ մարդը բերեն։
18. Անոր դատախազներն ալ ներկայանալով, իմ կասկած ըրած յանցանքներէս մէ՛կն ալ յառաջ չբերին.
19. Հապա մէկ քանի խնդիրներ ունէին անոր հետ իրենց կրօնքին վրայ եւ Յիսուս անունով մեռածի մը վրայ, որուն համար Պօղոս կ’ըսէր թէ կենդանի է։
20. Եւ երբ տարակուսանքի մէջ էի այս բանին քննութեան վրայով, հարցուցի. ‘Կուզե՞ս Երուսաղէմ երթալ եւ հոն այս բաներուն համար դատուիլ’։
21. Բայց Պօղոս երբ բողոքեց ու պահանջեց որ Վեհափառ Կայսրին դէմ ելլէ, հրաման ըրի որ զինք պահեն՝ մինչեւ Կայսրին ղրկեմ»։
22. Ագրիպպաս ըսաւ Փեստոսին. «Ես ալ կ’ուզէի այդ մարդը մտիկ ընել»։ Ան ալ ըսաւ. «Վաղը մտիկ կ’ընես»։
23. Հետեւեալ օրը երբ Ագրիպպաս ու Բերինիկէ մեծ հանդէսով եկան ու ատեանը մտան հազարապետներով եւ քաղաքին պատուաւոր մարդոց հետ, Փեստոս ալ հրաման ընելով՝ բերին Պօղոսը։
24. Այն ատեն Փեստոս ըսաւ. «Ագրիպպա՛ս արքայ եւ դուք որ մեզի հետ էք, ասիկա կը տեսնէք. ասոր վրայով Հրեաներուն բոլոր բազմութիւնը ինծի ներկայացան Երուսաղէմի մէջ եւ հոս ալ ու կ’աղաղակէին թէ՝ ‘Պէտք չէ որ ա՛լ ատիկա ողջ մնայ’։
25. Բայց ես քննեցի եւ հասկցայ թէ անիկա մեռնելու արժանի բան մը ըրած չէ, ինքն ալ Վեհափառ Կայսրին բողոքեց, որոշեցի որ ղրկեմ զանիկա։
26. Անոր հա մար հաստատ բան մը չունիմ գրելու իմ տիրոջս. ուստի ատիկա ձեր առջեւ բերի եւ մանաւանդ քու առջեւդ, ո՛վ Ագրիպպաս արքայ, որպէս զի քննութիւն ընելէ յետոյ գրելիք մը ունենամ.
27. Վասն զի ինծի անվայել կ’երեւնայ որ բանտարկեալ մը ղրկեմ եւ անոր վրայ դրուած յանցանքները չիմացնեմ»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981