Աստվածաշունչը մեկ տարում Հուլիս 26Նեեմիա 3:1-311. Մեծ քահանան Եղիասիբն ու անոր քահանայ եղբայրները ելան ու Ոչխարներու դուռը շինեցին։ Անոնք զանիկա օծեցին եւ անոր փեղկերը կանգնեցուցին ու զանիկա մինչեւ Մէային աշտարակը, մինչեւ Անանայէլին աշտարակը օծեցին։2. Անոր քով Երիքովի մարդիկը շինեցին ու անոնց քով Իմրիի որդին Զաքուրը շինեց։3. Ձուկերու դուռը Սենաային որդիները շինեցին ու անոր փեղկերը, փականքն ու նիգերը անցուցին։4. Անոնց քով Ակկուսին որդիին Ուրիային որդին Մերամօթը նորոգեց ու անոնց քով Մասիզեբէլի որդիին Բարաքիային որդին Մեսուղամը նորոգեց եւ անոնց քով Բաանային որդին Սադովկը նորոգեց։5. Անոնց քով Թեկուացիները նորոգեցին. բայց անոնց մեծերը իրենց Տէրոջը գործին վիզերնին չծռեցին։6. Հին դուռը Փասէին որդին Յովիադան ու Բասոդիային որդին Մեսուղամը նորոգեցին։ Անոնք զանիկա շինեցին ու անոր փեղկերը, փականքն ու նիգերը անցուցին։7. Անոնց քով Գաբաւոնացի Մելատիան ու Մերոնոթացի Յադոն եւ Գաբաւոնի ու Մասփայի մարդիկը շինեցին՝ մինչեւ Գետին այս կողմը եղող իշխանին աթոռը։8. Անոր քով ոսկերիչներէն Հարհայիային որդին Ոզիէլը նորոգեց ու անոր քով դեղագործներուն որդին Անանիան նորոգեց, բայց Երուսաղէմը՝ մինչեւ լայն պարիսպը՝ թողուցին։9. Եւ անոնց քով Երուսաղէմի կէս մասին իշխանը՝ Ովրի որդին Հռափայիան նորոգեց։10. Անոնց քով ու իր տանը դէմ Հարումափին որդին Յեդայիան նորոգեց, անոր քով Ասաբանիային որդին Քետտուսը նորոգեց։11. Միւս բաժինը ու փուռերուն աշտարակը Հարիմին որդին Մեղքիան ու Փաաթ-Մովաբին որդին Ասուբը նորոգեցին։12. Անոր քով Երուսաղէմի կէս մասին իշխանը, Ալօեսի որդին Սեղղումը՝ ինք ու իր աղջիկները նորոգեցին։13. Ձորին դուռը Անոնն ու Զանովին բնակիչները նորոգեցին։ Անոնք զանիկա շինեցին ու անոր փեղկերը, փականքն ու նիգերը անցուցին ու պարիսպէն հազար կանգուն շինեցին մինչեւ Աղբերուն դուռը։14. Աղբերուն դուռը Բեթաքարմայի կողմերու իշխանը՝ Ռեքաբին որդին Մեղքիան նորոգեց ու անոր փեղկերը, փականքն ու նիգերը անցուց։15. Աղբիւրին դուռը Մասփայի կողմերու իշխանը Քոլոզէին որդին Սեղղումը նորոգեց ու ծածկեց, անոր փեղկերը, փականքն ու նիգերը անցուց ու թագաւորին պարտէզին մօտ եղող Սիլովային աւազանին պարիսպը մինչեւ Դաւիթին քաղաքէն իջնող աստիճանները շինեց ։16. Անկէ ետքը Բեթսուրին կէս մասին իշխանը, Ազբուքին որդին Նէեմիան նորոգեց մինչեւ Դաւիթին գերեզմաններուն դէմը ու մինչեւ արուեստական աւազանը ու մինչեւ Բեթագաբարին։17. Անկէ ետքը Ղեւտացիները նորոգեցին։ Բանիին որդին Հռէումը, անոր քով Կէիլային կէս մասին իշխանը Ասաբիան իր տեղերը նորոգեց։18. Անկէ ետքը անոնց եղբայրները, Կէիլային կէս մասին իշխանը, Ենադադին որդին Բաւային նորոգեց։19. Անոր քով Մասփայի իշխանը, Յեսուին որդին Եզերը, միւս բաժինը նորոգեց, այսինքն պարսպին դարձուածքը, որ զինարանը ելլելու ճամբուն դէմ է։20. Անկէ ետքը միւս բաժինը, պարսպին դարձուածքէն մինչեւ մեծ քահանային Եղիասիբին տանը դուռը, Զաբբային որդին Բարուքը փութով նորոգեց։21. Անկէ ետքը միւս բաժինը՝ Եղիասիբին տանը դռնէն մինչեւ Եղիասիբին տանը ծայրը՝ Ակկուսի որդիին Ուրիայի որդին Մերամօթը նորոգեց։22. Անկէ ետքը քահանաները, դաշտաբնակները նորոգեցին։23. Անկէ ետքը Բենիամին ու Ասուբ իրենց տուներուն առջեւը նորոգեցին։ Անկէ ետքը Անանիային որդիին Մաասիային որդին Ազարիան իր տանը դէմը նորոգեց։24. Անկէ ետքը միւս բաժինը, Ազարիային տունէն մինչեւ պարսպին դարձուածքը, մինչեւ անկիւնը, Ենադադին որդին Բանուին նորոգեց։25. Ոզային որդին Փաղադը պարսպին դարձուածքին դէմ ու բանտի գաւիթին քով եղող թագաւորին վերի պալատին դուրսի աշտարակը շինեց ու անոր ետեւէն Փարոսին որդին Փադայիան շինեց ։26. Նաթանայիմները, որոնք Ոփաղ կը բնակէին, մինչեւ արեւելեան կողմը եղող Ջուրի դրանը դէմը ու դուրսի աշտարակը նորոգեցին ։27. Անկէ ետքը միւս բաժինը, դուրսի մեծ աշտարակի առջեւէն մինչեւ Ոփաղին պարիսպը, Թեկուացիները նորոգեցին։28. Ձիերու դռնէն վեր քահանաները նորոգեցին։ Ամէն մարդ իր տանը առջեւը շինեց։29. Անկէ ետքը Եմմերին որդին Սադովկը իր տանը առջեւը նորոգեց ու անկէ ետքը արեւելեան դրանը պահապանը՝ Սեքենիային որդին Սեմայիան նորոգեց։30. Անկէ ետքը միւս բաժինը Սեղեմիային որդին Անանիան ու Սեղեփին վեցերորդ որդին Անոնը նորոգեցին։ Անկէ ետքը Բարաքիային որդին Մեսուղամը իր սենեակին առջեւը նորոգեց։31. Անկէ ետքը Սարեփիին որդին Մեղքիան, մինչեւ Նաթանայիմներուն ու վաճառականներուն տունը Մափկաթին դրանը առջեւը ու մինչեւ անկիւնը ելլելու տեղը՝ ՝ նորոգեց։Նեեմիա 4:1-231. Երբ Սանաբաղատը լսեց, որ մենք պարիսպը կը շինենք, սիրտը նեղացաւ ու շատ սրդողելով Հրեաները ծաղր ըրաւ։2. Իր եղբայրներուն ու Սամարիայի զօրքին առջեւ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Այս տկար Հրեաները ի՞նչ կը շինեն. միթէ թոյլտուութիւն կա՞յ. միթէ զո՞հ պիտի մատուցանեն ու այսօ՞ր լմնցնեն։ Միթէ այրուած քարերը փոշիի դէզերէն պիտի կենդանացնե՞ն»։3. Ամմոնացի Տուբիան, որ անոր քով էր, ըսաւ. «Եթէ աղուէս մըն ալ ելլէ անոնց շինածին վրայ, անոնց քարէ պարիսպը պիտի փլցնէ»։4. Ո՛վ մեր Աստուածը, լսէ՛, վասն զի նախատուեցանք ու անոնց նախատինքը իրենց գլուխը դարձուր ու զանոնք գերութեան երկրի մէջ աւարառութեան մատնէ5. Եւ անոնց անօրէնութիւնը մի՛ ծածկեր ու քու առջեւէդ անոնց մեղքը մի՛ ջնջեր. քանզի շինողներուն առջեւ քեզ բարկացուցին։6. Մենք պարիսպը շինեցինք ու բոլոր պարիսպը մինչեւ կէսը հասաւ. վասն զի ժողովուրդը գործելու սիրտ ունէր։7. Երբ Սանաբաղատն ու Տուբիան եւ Արաբացիներն ու Ամմոնացիները ու Ազովտացիները լսեցին, թէ Երուսաղէմի պարիսպներուն նորոգութիւնը յառաջ կ’երթայ ու փլած տեղերը սկսեր են շինուիլ, շատ սրդողեցան8. Եւ ամէնքը համաձայնեցան, որ գան Երուսաղէմի դէմ պատերազմին ու անոր վնասեն,9. Բայց մենք մեր Աստուծոյն աղօթքը ըրինք ու մեզ անոնցմէ պաշտպանուելու համար ՝ ՝ ցորեկ ու գիշեր պահապաններ դրինք։10. Յուդան ըսաւ. «Բեռնակիրներուն ոյժը հատաւ ու հողը շատ է. մենք պիտի չկրնանք պարիսպը շինել»։11. Ու մեր թշնամիները կ’ըսէին. «Թող չգիտնան ու չտեսնեն, մինչեւ մենք անոնց մէջ մտնենք ու զանոնք մեռցնենք եւ անոնց գործը խափանենք»։12. Բայց անոնց քով բնակող Հրեաները մեզի եկան եւ տասը անգամ մեզի ըսին. «Ամէն կողմէ, ուր որ կը բնակին, մեր վրայ պիտի յարձակին »։13. Ուստի ցած տեղերը՝ պարսպին ետեւը ու բարձր տեղերը՝ ՝ ժողովուրդը իրենց ազգատոհմերուն համեմատ բաժնելով կեցուցի ու իրենց սուրերովը, նիզակներովն ու աղեղներովը կեցուցի։14. Նայեցայ ու ելայ եւ իշխաններուն ու ոստիկաններուն ու մնացած ժողովուրդին ըսի. «Անոնց երեսէն մի՛ վախնաք. յիշեցէ՛ք Տէրը, որ մեծ ու ահեղ է եւ ձեր եղբայրներուն, տղաքներուն, աղջիկներուն, կիներուն ու տուներուն համար պատերազմեցէ՛ք»։15. Ահա մեր թշնամիները լսեցին, թէ մենք իմացեր ենք եւ Աստուած իրենց խորհուրդը խափանեց, մենք ամէնքս պարիսպը շինել սկսանք, ամէն մէկը իր գործին։16. Այն օրէն ի վեր իմ մարդոցս կէսը կ’աշխատէին ու կէսն ալ նիզակներ, ասպարներ, աղեղներ ու զրահներ կը բռնէին ու իշխանները Յուդայի բոլոր ազգատոհմերուն ետեւը կը կենային ։17. Պարիսպը շինողներն ու բեռնակիրները ու բեռցնողները, ամէն մէկը իր մէկ ձեռքովը կ’աշխատէր ու միւս ձեռքովը զէնքը կը բռնէր։18. Շինողներէն իւրաքանչիւրը իր սուրը մէջքը կապած՝ կը գործէր ու փողահարը իմ քովս էր։19. Ազնուականներուն ու ոստիկաններուն ու մնացած ժողովուրդին ըսի. « Այս գործը մեծ ու ընդարձակ է ու մենք պարսպին վրայ ցրուած ենք եւ իրարմէ հեռու ենք.20. Ուստի փողին ձայնը երբ որ լսէք, մեր հաւաքատեղին հաւաքուեցէք. մեզի համար մեր Աստուածը պատերազմ պիտի ընէ»։21. Մենք այսպէս մեր գործը կ’ընէինք եւ ժողովուրդին կէսը, արշալոյսին ծագած ատենէն մինչեւ աստղերուն երեւցած ատենը, նիզակներ բռնած կը կենային։22. Այն ատեն ժողովուրդին ըսի. «Ամէն մարդ իր ծառային հետ գիշերները Երուսաղէմի մէջ թող մնայ, որպէս զի գիշերը մեզի համար պահպանութիւն ընէ ու ցորեկը գործէ»։23. Ես ու իմ եղբայրներս եւ իմ ծառաներս ու իմ ետեւէս եկող պահապան մարդիկը ամենեւին մեր հանդերձները չէինք հաներ՝ բացի լուացուելու ատենէն՝ ՝։Նեեմիա 5:1-191. Ժողովուրդը ու անոնց կիները իրենց Հրեայ եղբայրներուն դէմ մեծ աղաղակ բարձրացուցին։2. Ոմանք կ’ըսէին. «Մենք մեր տղաքներովն ու աղջիկներովը շատուոր ենք. երթանք ուտելիք ծախու առնենք, որպէս զի ուտենք ու ապրինք»։3. Ոմանք ալ կ’ըսէին. «Մենք մեր արտերը, այգիներն ու տուները գրաւի կը դնենք, որպէս զի սովի համար ուտելիք ծախու առնենք»։4. Ուրիշներ կ’ըսէին. «Թագաւորին հարկ տալու համար մեր արտերն ու այգիները գրաւի դրինք ու ստակ փոխ առինք5. Ու հիմա մեր մարմինը մեր եղբայրներուն մարմնին պէս է ու մեր որդիները՝ անոնց որդիներուն պէս եւ ահա մենք մեր տղաքներն ու աղջիկները իբր ծառայ կը ծախենք եւ արդէն մեր աղջիկներէն աղախին ըլլալու ծախուածներ ալ կան ու բան մը ընելու կարող չենք. որովհետեւ մեր արտերն ու այգիները ուրիշներուն ձեռքն են»։6. Երբ ես անոնց աղաղակն ու այս խօսքերը լսեցի, խիստ նեղուեցայ։7. Մտքիս մէջ խորհելէ յետոյ՝ ազնուականներն ու ոստիկանները յանդիմանեցի ու անոնց ըսի. «Դուք ամէնքդ ալ ձեր եղբայրներէն վաշխ կ’առնէք»։ Անոնց դէմ մեծ ժողով մը գումարեցի։8. Այն ատեն անոնց ըսի. «Մենք հեթանոսներուն ծախուած մեր Հրեայ եղբայրները մեր կարողութեան ներած չափով ծախու առինք ու հիմա դուք ձեր եղբայրները կը ծախէ՞ք, կամ անոնք պէ՞տք է մեզի ծախուին»։ Անոնք լռեցին ու չկրցան պատասխան տալ։9. Ուստի ըսի. «Այդ ձեր ըրածը աղէկ բան չէ. պէտք չէ՞ որ մեր Աստուծոյն վախովը քալէք, որպէս զի մեր թշնամիներուն առջեւ խայտառակ չըլլանք։10. Ես ալ ու իմ եղբայրներս ու ծառաներս ալ ստակ ու ցորեն փոխ տուած ենք անոնց, բայց հիմա այս պարտքը անոնց կը շնորհենք։11. Ուստի ձեզի կ’աղաչեմ, որ այսօր անոնց ետ դարձնէք անոնց արտերը, այգիները, ձիթենիներն ու տուները. նաեւ ստակին, ցորենին, գինիին ու իւղին հարիւրէն մէկը, որ անոնցմէ կը պահանջէք»։12. Անոնք ըսին. «Ետ պիտի դարձնենք ու անոնցմէ բա՛ն մը պիտի չպահանջենք։ Ինչպէս ըսիր՝ այնպէս պիտի ընենք»։ Այն ատեն քահանաները կանչեցի ու անոնց երդում ընել տուի, որ այսպէս ընեն։13. Նաեւ հանդերձս թօթուեցի ու ըսի. «Ով որ այս բանը չկատարէ, իր տունէն ու վաստակէն Աստուած այսպէս թող թօթուէ, այսպէս թող թօթուըուի ու պարպուի»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն», ըսին ու Տէրը օրհնեցին ու ժողովուրդը ըսուածը կատարեց։14. Յուդայի երկրին մէջ անոնց իշխանը եղած օրէս՝ Արտաշէս թագաւորին քսաներորդ տարիէն մինչեւ երեսունըերկրորդ տարին տասնըերկու տարի՝ թէ՛ ես եւ թէ՛ իմ եղբայրներս իշխանութեան ռոճիկը չառինք՝ ՝։15. Բայց ինծմէ առաջ եղող նախորդ իշխանները ժողովուրդին բեռ կ’ըլլային ու անոնցմէ հաց ու գինի կ’առնէին՝ քառասուն սիկղ արծաթէ զատ։ Անոնց ծառաներն ալ ժողովուրդին վրայ կը բռնանային. բայց ես Աստուծմէ վախնալով՝ այնպէս չըրի։16. Նաեւ այս պարսպին գործին մէջ աշխատեցայ ու մենք արտ ծախու չառինք եւ իմ բոլոր ծառաներս հոն հաւաքուած էին այն գործին համար։17. Հրեաներէն ու ոստիկաններէն հարիւր յիսուն մարդ ու շրջակայ ազգերէն մեզի եկողները իմ սեղանէս կ’ուտէին ։18. Ամէն օրուան ծախքս այս էր՝ արջառ մը ու վեց ընտիր ոչխար եւ ինծի համար թռչուններ ալ կը պատրաստուէին ու տասը օրը անգամ մը առատութեամբ ամէն տեսակ գինիէ կ’ելլէր. ասկէ զատ՝ իշխանութեան ռոճիկն ալ չպահանջեցի, վասն զի այս ժողովուրդին գործը ծանր էր։19. Ո՛վ Աստուած իմ, այս ժողովուրդին ըրածներուս համեմատ զիս յիշէ։Սաղմոսներ 89:1-41. Տէրոջը ողորմութիւնները յաւիտեան պիտի երգեմ. Քու հաւատարմութիւնդ իմ բերնովս ազգէ ազգ պիտի պատմեմ։2. Վասն զի ըսի թէ ողորմութիւնդ յաւիտեան պիտի հաստատուի. Երկնքի մէջ պիտի հաստատես քու հաւատարմութիւնդ։3. «Ես իմ ընտրեալիս հետ ուխտ ըրի, Իմ Դաւիթ ծառայիս երդում ըրի, ըսելով.4. ‘Քու սերունդդ յաւիտեան պիտի հաստատեմ Եւ ազգէ ազգ պիտի շինեմ քու աթոռդ’»։ (Սէլա։)Առակներ 21:21-2721. Արդարութեան ու ողորմածութեան հետեւողը Կեանք, արդարութիւն եւ փառք կը գտնէ։22. Իմաստունը զօրաւորներուն քաղաքը կ’ելլէ Եւ անոնց ապաւինած ամրութիւնը կը փլցնէ։23. Իր բերանն ու լեզուն պահողը՝ Իր հոգին նեղութիւններէ կը պահէ։24. Հպարտութեամբ եւ բարկութեամբ վարուող մարդը, Որ հպարտ եւ յանդուգն է՝ ծաղրող կը կոչուի։25. Ծոյլին ցանկութիւնը զանիկա կը մեռցնէ, Վասն զի անոր ձեռքերը աշխատիլ չեն ուզեր։26. Անօրէնը ամէն օր սաստիկ կը ցանկայ. Իսկ արդարը կու տայ ու չի խնայեր։27. Ամբարիշտներուն զոհը պիղծ է, Մանաւանդ՝ երբ զանիկա չար դիտաւորութեամբ կը մատուցանեն։Գործեր 26:1-321. Եւ Ագրիպպաս ըսաւ Պօղոսին. «Հրաման է քեզի որ դուն քեզի համար խօսիս»։ Այն ատեն Պօղոս ձեռքը երկնցնելով՝ իրեն համար պատասխան տուաւ.2. «Հրեաներուն իմ վրաս ըրած բոլոր ամբաստանութիւններուն համար, ո՛վ Ագրիպպաս արքայ, ես զիս երանելի կը սեպեմ, որ այսօր քու առջեւդ պատասխան պիտի տամ.3. Մանաւանդ որ դուն Հրեաներուն բոլոր սովորութիւնները եւ խնդիրները աղէկ գիտես, անոր համար կ’աղաչեմ որ երկայնամտութեամբ ինծի մտիկ ընես։4. Արդ՝ իմ մանկութենէս ի վեր իմ ի՛նչպէս ապրիլս, սկիզբէն Երուսաղէմ իմ ազգիս մէջ ըլլալով, բոլոր Հրեաները տեղեակ են։5. Քանզի շատ կանուխէն զիս կը ճանչնան, (եթէ ուզեն վկայել,) թէ մեր կրօնքին ամենէն խիստ օրէնքին համաձայն՝ Փարիսեցի ապրեր եմ.6. Եւ հիմա ատեանը կեցեր կը դատուիմ Աստուծմէ մեր հայրերուն եղած խոստումին յոյսին համար.7. Որուն՝ մեր տասներկու ցեղը անդադար գիշեր ու ցորեկ պաշտելով՝ կը յուսան հասնիլ. ես այդ յոյսին համար Հրեաներէն կ’ամբաստանուիմ, ո՛վ Ագրիպպաս արքայ։8. Ի՞նչ. չհաւատալո՞ւ բան կ’երեւնայ ձեզի թէ Աստուած մեռելները կը յարուցանէ։9. Ես ինքս ալ ինծի պարտք կը սեպէի Յիսուս Նազովրեցիի անուան դէմ շատ բաներ ընել.10. Եւ ըրի ալ Երուսաղէմի մէջ եւ քահանայապետներէն իշխանութիւն առած՝ սուրբերէն շատերը բանտարկեցի ու անոնց սպաննուած ատենը հաւանութիւն տուի։11. Եւ բոլոր ժողովարաններուն մէջ շատ անգամ զանոնք պատժելով՝ կը բռնադատէի որ հայհոյեն եւ անոնց դէմ սաստիկ կատղած՝ մինչեւ օտար քաղաքները կը հալածէի»։12. «Այսպէս երբ Դամասկոս ալ կ’երթայի, քահանայապետներէն իշխանութիւն ու հրաման առած,13. Կէսօրուան ատենը ճամբուն վրայ, ո՛վ արքայ, երկնքէն լոյս մը տեսայ արեւին լուսաւորութենէն աւելի՝ բոլորտիքս ծագած, նաեւ անոնց բոլորտիքը որոնք ինծի հետ կ’երթային։14. Ու երբ մենք ամէնքս գետինը ինկանք, ձայն մը լսեցի, որ Եբրայական լեզուով ինծի կ’ըսէր. ‘Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես. դժուար բան է քեզի՝ խթանի դէմ կից զարնել’։15. Ես ալ ըսի. ‘Դուն ո՞վ ես, Տէ՛ր’։ Անիկա ըսաւ. ‘Ես եմ Յիսուսը, որ դուն կը հալածես.16. Բայց ելի՛ր ու ոտքի՛ կայնէ. վասն զի անոր համար քեզի երեւցայ, որ քեզ ձեռք առնեմ պաշտօնեայ եւ վկայ ընելու այն բաներուն՝ որոնք տեսար ու այն բաներուն որոնցմով պիտի երեւնամ քեզի,17. Քեզ ազատելով այդ ժողովուրդէն ու հեթանոսներէն, որոնց հիմա քեզ կը ղրկեմ,18. Անոնց աչքերը բանալու, խաւարէն լոյսի ու Սատանային իշխանութենէն Աստուծոյ դարձնելու, որպէս զի անոնք մեղքերու թողութիւն գտնեն եւ սուրբերուն հետ մասնակից ըլլան ինծի հաւատալով’»։19. «Ուստի, Ագրիպպա՛ս արքայ, այն երկնային տեսիլքին անհնազանդ չեղայ ես.20. Հապա առաջ Դամասկոս ու Երուսաղէմ եղողներուն եւ բոլոր Հրէաստանի երկիրը ու հեթանոսներուն քարոզեցի, որ ապաշխարեն ու Աստուծոյ դառնան եւ ապաշխարութեան արժանաւոր գործեր գործեն։21. Այս պատճառաւ Հրեաները զիս տաճարին մէջ բռնեցին եւ կը ջանային սպաննել։22. Սակայն Աստուծմէ օգնութիւն հասնելով մինչեւ օրս ողջ մնացի՝ պզտիկի ու մեծի վկայութիւն տալով, բան մը չպատմելով այն բաներէն դուրս, որոնք մարգարէները եւ Մովսէս ըսին թէ պիտի ըլլան.23. ‘Թէ՝ Քրիստոս պիտի չարչարուի եւ թէ՝ անիկա ամենէն առաջ մեռելներէն յարութիւն առած՝ լոյս պիտի քարոզէ ժողովուրդին եւ հեթանոսներուն’»։24. Քանի որ անիկա այսպէս պատասխան կու տար իրեն համար, Փեստոս բարձր ձայնով մը ըսաւ. «Կը խելագարի՛ս, Պօ՛ղոս, շատ կարդացած ըլլալդ քեզ կը յիմարացնէ»։25. Պօղոս ալ ըսաւ. «Ես չեմ խելագարիր, ո՛վ պատուական Փեստոս, հապա ճշմարտութեան եւ զգաստութեան խօսքեր կը խօսիմ։26. Քանզի այս բաները թագաւորը գիտէ, որուն համար ես ալ համարձակ կը խօսիմ. քանզի չեմ կարծեր թէ ասոնցմէ բան մը անկէ ծածկուած է, վասն զի այս բանը անկիւնի մը մէջ եղած չէ։27. Մարգարէներուն կը հաւատա՞ս, Ագրիպպա՛ս արքայ։ Գիտե՛մ թէ կը հաւատաս»։28. Ագրիպպաս ըսաւ Պօղոսին. «Քիչ մնաց որ զիս համոզես Քրիստոնեայ ըլլալու»։29. Պօղոս ալ ըսաւ. «Աստուծմէ կը խնդրէի, որ թէ՛ քիչով եւ թէ՛ շատով, ո՛չ միայն դուն, հապա ամէնքն ալ, որոնք այսօր ինծի կը լսեն, այնպէս ըլլան՝ ինչպէս ես եմ, այս կապերէն զատ»։30. Ոտքի ելան թագաւորն ու կուսակալը եւ Բերինիկէն ու անոնք որ իրենց հետ նստեր էին։31. Ու դուրս ելլելէ յետոյ, իրարու հետ խօսեցան ու ըսին. «Այս մարդը մեռնելու կամ կապուելու արժանի բան մը չըներ»։32. Ագրիպպաս ալ Փեստոսին ըսաւ. «Կարելի էր այս մարդը արձակել, եթէ Կայսրին բողոքած չըլլար»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981