1. Երբ Սանաբաղատը, Տուբիան, Արաբացի Գեսամը ու մեր միւս թշնամիները լսեցին, որ ես պարիսպը շինեցի ու հոն փլած տեղ մը չմնաց (թէպէտեւ մինչեւ այն ատեն դռներուն փեղկերը դրած չէի),
2. Սանաբաղատն ու Գեսամը ինծի մարդ ղրկեցին ու ըսին. «Եկո՛ւր, Ովնովին դաշտին գիւղերուն մէջ իրարու հետ տեսնուինք»։ Բայց անոնք ինծի չարութիւն ընել կը խորհէին։
3. Անոնց պատգամաւորներ ղրկեցի ու ըսի. «Ես մեծ գործով շատ զբաղած եմ ու չեմ կրնար իջնել։ Ինչո՞ւ համար գործը դադրի, երբ զանիկա թողում ու ձեզի գամ»։
4. Անոնք ինծի չորս անգամ այսպիսի խօսքեր ղրկեցին, ես ալ անոնց նոյն պատասխանը տուի։
5. Հինգերորդ անգամին Սանաբաղատը նոյն խօսքերով իր մանչը ինծի ղրկեց՝ ձեռքը բաց թուղթով մը,
6. Որուն մէջ այսպէս գրուած էր. «Ազգերու մէջ լսուեցաւ ու Գեսամը կ’ըսէ թէ դուն ու Հրեաները ապստամբիլ կը խորհիք. դուն անոր համար կը շինես պարիսպը, որ անոնց թագաւոր ըլլաս, ինչպէս կ’ըսուի՝ ՝։
7. Նաեւ Երուսաղէմի մէջ մարգարէներ հաստատեցիր, որպէս զի քարոզեն ու քեզի համար ըսեն՝ ‘Անիկա Հրէաստանի թագաւոր է’ ու հիմա այս խօսքերը թագաւորին ականջը պիտի հասնին. ուրեմն եկո՛ւր, որ մէկտեղ խորհուրդ ընենք»։
8. Բայց ես անոր մարդ ղրկեցի ու ըսի. «Իրականութիւնը քու ըսածիդ պէս չէ, հապա ատոնք դուն քեզմէ հնարեցիր»։
9. (Վասն զի անոնք մեզ կը վախցնէին, որպէս զի մեր ձեռքը թուլնայ ու գործը չկատարուի։ Ուստի, ո՛վ Տէր, իմ ձեռքերս ուժովցուր)։
10. Երբ ես Մետաբեէլին որդիին Դաղայիային որդիին Սեմայիային տունը մտայ, անիկա տանը մէջ գոցուած էր ու ըսաւ. « Եկո՛ւր մէկտեղ Աստուծոյ տունը, տաճարը երթանք ու տաճարին դռները գոցենք, վասն զի քեզ մեռցնելու պիտի գան։ Անոնք գիշերով պիտի գան քեզ մեռցնելու»։
11. Ես ըսի. «Միթէ ինծի պէս մարդը կը փախչի՞ եւ ո՞վ կայ ինծի պէս, որ տաճարը մտնէ ապրելու համար։ Չեմ մտներ»։
12. Աղէկ հասկցայ թէ Աստուած զինք ղրկած չէր, հապա իմ վրաս այս մարգարէութիւնը ինքնիրմէ խօսեցաւ. վասն զի Տուբիան ու Սանաբաղատը զանիկա վարձքով բռներ էին։
13. Անոր համար վարձքով բռներ էին զանիկա, որպէս զի ես վախնամ ու մեղանչեմ եւ ատոնք զիս բամբասելու ու իմ անունս աւրելու պատճառ մը ունենան։
14. Ո՛վ Աստուած իմ, Տուբիան ու Սանաբաղատը այս իրենց գործերուն համեմատ ու Նովադիա մարգարէուհին ու զիս վախցնող միւս մարգարէները յիշէ։
15. Պարիսպը Իլուլ ամսուան քսանըհինգերորդ օրը ՝ յիսունըերկու օրուան մէջ լմնցաւ։
16. Երբ մեր բոլոր թշնամիները լսեցին, մեր շուրջի բոլոր ազգերը վախցան ու շատ ամչցան ու իմացան որ այս գործը մեր Աստուծոյն օգնութիւնովը կատարուեցաւ։
17. Այն օրերը Յուդայի ազնուականներէն Տուբիային շատ նամակներ կ’երթային, Տուբիայէն ալ անոնց նամակներ կու գային.
18. Վասն զի Յուդայէն շատ մարդիկ անոր հետ երդումով միաբաներ էին. քանզի անիկա Արահեան Սեքենիային փեսան էր ու անոր որդին Յօհանան Բարաքիային որդիին Մեսուղամին աղջիկը առեր էր։
19. Նաեւ իմ առջեւս անոր աղէկութիւնները կը պատմէին ու իմ խօսքերս անոր կը հասցնէին։ Տուբիան ինծի նամակ ղրկեց զիս վախցնելու համար։
1. Երբ պարիսպը լմնցաւ եւ դռներուն փեղկերը անցուցի ու դռնապաններ, երգողներ ու Ղեւտացիներ դրուեցան,
2. Իմ եղբայրս Անանին եւ աշտարակին իշխանը Անանիան (որ հաւատարիմ ու շատերէն աւելի Աստուածավախ մարդ մըն էր) Երուսաղէմի վրայ դրի։
3. Անոնց ըսի. «Մինչեւ որ արեւը չտաքնայ, Երուսաղէմի դռները մի՛ բանաք։ Ձեր ներկայութեան դռները թող գոցեն ու նիգերը դնեն ու Երուսաղէմի բնակիչներէն պահապաններ կարգեն, ամէն մէկը իր պաշտօնատեղին ու ամէն մէկը իր տանը առջեւ»։
4. Քաղաքը ընդարձակ ու մեծ էր, բայց մէջի ժողովուրդը քիչ էր ու տուները շինուած չէին։
5. Իմ Աստուածս զիս դրդեց, որ ազնուականները, ոստիկաններն ու ժողովուրդը հաւաքեմ, որպէս զի արձանագրուին։ Առաջին անգամ գերութենէն ելողներուն մէկ ազգաբանութեան գիրքը գտայ, ուր այսպէս գրուած էր.
6. «Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին տարած գերիներէն վերադարձող գաւառի բնակիչները ասոնք էին, որոնք Երուսաղէմ ու Յուդա դարձան, ամէն մէկը իր քաղաքը։
7. Զօրաբաբէլին, Յեսուին, Նէեմիային, Ազարիային, Ռաամիային, Նաեմանիին, Մուրթքէին, Բաղասանին, Մասփարաթին, Բագուէին, Նաւումին ու Բաանային հետ եկան։ Եւ այս էր Իսրայէլի ժողովուրդին մարդոց թիւը.
8. Փարոսին որդիները՝ երկու հազար հարիւր եօթանասունըերկու.
9. Սափատիային որդիները՝ երեք հարիւր եօթանասունըերկու.
10. Արահին որդիները՝ վեց հարիւր յիսունըերկու.
11. Փաաթ-Մովաբին որդիները՝ Յեսուին ու Յովաբին որդիներէն՝ երկու հազար ութ հարիւր տասնըութը.
12. Եղամին որդիները՝ հազար երկու հարիւր յիսունըչորս.
13. Զաթուին որդիները՝ ութը հարիւր քառասունըհինգ.
14. Զաքքային որդիները՝ եօթը հարիւր վաթսուն.
15. Բանուիին որդիները՝ վեց հարիւր քառասունըութը.
16. Բեբայիին որդիները՝ վեց հարիւր քսանըութը.
17. Ազգադին որդիները՝ երկու հազար երեք հարիւր քսանըերկու.
18. Ադոնիկամին որդիները՝ վեց հարիւր վաթսունըեօթը.
19. Բագուէին որդիները՝ երկու հազար վաթսունըեօթը.
20. Ադինին որդիները՝ վեց հարիւր յիսունըհինգ.
21. Ատերին որդիները՝ Եզեկիայէն իննսունըութը.
22. Հասումին որդիները՝ երեք հարիւր քսանըութը.
23. Բեսէիին որդիները՝ երեք հարիւր քսանըչորս.
24. Արիփին որդիները՝ հարիւր տասնըերկու.
25. Գաբաւոնին որդիները՝ իննսունըհինգ.
26. Բեթլէհէմին ու Նետոփային մարդիկը՝ հարիւր ութսունըութը.
27. Անաթովթին մարդիկը՝ հարիւր քսանըութը.
28. Ազամօթին տանը մարդիկը՝ քառասունըերկու.
29. Կարիաթարիմին, Կեփիրային ու Բերովթին մարդիկը՝ եօթը հարիւր քառասունըերեք.
30. Ռամային ու Գաբային մարդիկը՝ վեց հարիւր քսանըմէկ.
31. Մաքմասին մարդիկը՝ հարիւր քսանըերկու.
32. Բեթէլին ու Գայիին մարդիկը՝ հարիւր քսանըերեք.
33. Միւս Նաբաւին մարդիկը՝ յիսունըերկու.
34. Միւս Եղամին որդիները՝ հազար երկու հարիւր յիսունըչորս.
35. Հարիմին որդիները՝ երեք հարիւր քսան.
36. Երիքովին որդիները՝ երեք հարիւր քառասունըհինգ.
37. Ղովդին, Ադիդին ու Ովնովին որդիները՝ եօթը հարիւր քսանըմէկ։
38. Սենաային որդիները՝ երեք հազար ինը հարիւր երեսուն.
60. Բոլոր Նաթանայիմներն ու Սողոմոնին ծառաներուն որդիները երեք հարիւր իննիսունըերկու հոգի էին։
61. Ու Թեղմեղայէն, Թեղարսայէն, Քերուբէն, Ադդօնէն ու Եմմերէն ելլողները ասոնք էին՝ բայց իրենց հայրերուն տունը ու իրենց սերունդը, այսինքն Իսրայէլէն ըլլալնին չկրցան ցուցնել.
62. Գաղայիային որդիները, Տուբիային որդիները, Նեկոդային որդիները՝ վեց հարիւր քառասունըերկու մարդ։
63. Քահանաներէն՝ Աբաիային որդիները, Ակկուսին որդիները, Բերզելիին որդիները, որոնք Գաղաադացի Բերզելիին աղջիկներէն կին առնելով՝ անոնց անունովը կոչուեցան։
64. Ասոնք իրենց ազգաբանութեան գիրքը փնտռեցին, բայց չկրցան գտնել ու անմաքուր սեպուելով՝ քահանայութենէն արձակուեցան։
65. Եւ Աթարսաթան անոնց ըսաւ. «Մինչեւ որ Ուրիմով ու Թումիմով քահանայ մը չելլէ, անոնք ամենասուրբ բաներէն պիտի չուտեն»։
66. Բոլոր ժողովուրդը մէկտեղ քառասունըերկու հազար երեք հարիւր վաթսուն հոգի էին,
67. Բացի անոնց ծառաներէն ու աղախիններէն, որոնք եօթը հազար երեք հարիւր երեսունըեօթը հոգի էին ու անոնց մէջ երկու հարիւր քառասունըհինգ այր եւ կին երգողներ կային։
68. Անոնց ձիերը՝ եօթը հարիւր երեսունըվեց, ջորիները՝ երկու հարիւր քառասունըհինգ
69. Եւ ուղտերը՝ չորս հարիւր երեսունըհինգ ու էշերը՝ վեց հազար եօթը հարիւր քսան հատ էին։
70. Տոհմերու իշխաններէն ոմանք՝ գործին համար ընծայ տուին։ Աթարսաթան հազար ոսկի դրամ, յիսուն սկաւառակ ու հինգ հարիւր երեսուն քահանայական պատմուճան տուաւ գանձին։
71. Տոհմերու իշխաններէն ոմանք գործաւորութեան գանձին քսան հազար ոսկի դրամ ու երկու հազար հարիւր մնաս արծաթ տուին։
72. Մնացած ժողովուրդին տուածները քսան հազար ոսկի դրամ ու երկու հազար մնաս արծաթ ու վաթսունըեօթը քահանայական պատմուճան էին։
73. Քահանաներն ու Ղեւտացիները եւ դռնապաններն ու երգողները եւ ժողովուրդէն եղողները ու Նաթանայիմները եւ բոլոր Իսրայէլ իրենց քաղաքներուն մէջ բնակեցան։ Եօթներորդ ամիսը Իսրայէլի որդիները իրենց քաղաքներուն մէջ հաստատուած էին։
5. Երկինքն ալ կը փառաւորէ քու հրաշքներդ, ո՛վ Տէր Եւ քու հաւատարմութիւնդ՝ սուրբերուն ժողովին մէջ։
6. Վասն զի ո՞վ կայ երկնքի մէջ Տէրոջը հաւասար Ու հզօրներու որդիներուն մէջ ո՜վ կը նմանի Տէրոջը։
7. Աստուած խիստ զարհուրելի է սուրբերուն ժողովին մէջ Եւ ահաւոր է շուրջը եղողներուն վրայ։
8. Ո՛վ Տէր, զօրքերու Աստուած, ո՞վ է քեզի պէս հզօր Տէր Եւ քու հաւատարմութիւնդ քու բոլորտիքդ է։
9. Դուն կը տիրես ծովուն հպարտութեանը վրայ, Երբ անոր ալիքները բարձրանան, դուն կը հանդարտեցնես զանոնք։
8. Եւ դժուարաւ անկէ անցնելով՝ տեղ մը եկանք, որ Գեղեցիկ նաւահանգիստ կը կոչուէր, որուն մօտ էր Ղասիա քաղաքը։
9. Շատ ժամանակ անցաւ եւ նաւին ճամբայ ելլելն ալ վտանգաւոր էր, ծոմին ատենն ալ արդէն անցած ըլլալով, Պօղոս խրատ կու տար
10. Եւ կ’ըսէր անոնց. «Մարդի՛կ, ես կը տեսնեմ թէ այս նաւին ճամբայ ընելը տառապանքով ու շատ վնասով պիտի ըլլայ ո՛չ միայն բեռան ու նաւին՝ հապա մեր անձերուն ալ»։
11. Բայց հարիւրապետը աւելի նաւապետին եւ նաւավարին մտիկ կ’ընէր՝ քան թէ Պօղոսին խօսքերուն։
12. Որովհետեւ այն նաւահանգիստը յարմար չէր ձմեռը հոն անցընելու, շատերը խորհեցան անկէ երթալ, որ թերեւս կարող ըլլան Փիւնիկէ հասնիլ ու ձմեռը հոն կենալ, որ Կրետէի նաւահանգիստ մըն է ու դէպի հարաւ եւ արեւմտեան հիւսիս կը նայի։
13. Երբ հարաւային մեղմ հով մը փչեց, կարծելով թէ իրենց դիտաւորութեանը հասեր են, ճամբայ ելանք ու Կրետէի քովերէն անցանք։
14. Շատ ատեն չանցած՝ մրրկալից հով մը ելաւ մեր դէմ, որ Եւրակիկլոն կը կոչուի։
15. Նաւը յափշտակուեցաւ եւ հովին դէմ չկրցաւ դիմանալ։ Թող տուած՝ կ’երթայինք ու կու գայինք.
16. Դէպի փոքր կղզիի մը ետեւի կողմը դիմելով, որ Կղօդա կը կոչուէր, հազիւ կրցանք մակոյկը բռնել.
17. Որը վեր առին ու միջոցներ գործածելով՝ նաւը տակէն կապեցին եւ վախնալով որ չըլլայ թէ յորձանուտը իյնան, առագաստը իջեցուցած՝ կ’երթային ու կու գային։
18. Քանի որ սաստիկ ալեկոծութեան մէջ էինք, յաջորդ օրը բեռները դուրս նետեցին։
19. Երրորդ օրը նաւին գործիքները մեր ձեռքերով դուրս նետեցինք։
20. Շատ օրեր ո՛չ արեւ, ո՛չ ալ աստղեր կ’երեւնային եւ փոթորիկը քիչ չէր մեր վրայ։ Ա՛լ բոլորովին մեր ազատուելու յոյսը կտրուեցաւ։
21. Որովհետեւ շատ օրերէ ի վեր անօթի էին, Պօղոս անոնց մէջ կայնելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ մարդիկ, պէտք էր որ ինծի մտիկ ընէիք ու Կրետէէն չելլէիք եւ այս տառապանքն ու վնասը չքաշէիք։
22. Հիմա ալ ձեզ կը յորդորեմ, որ սիրտ առնէք, քանզի ձեզմէ մէկո՛ւն անձին վնաս մը պիտի չըլլայ, միայն նաւին,
23. Վասն զի այս գիշեր երեւցաւ ինծի հրեշտակը այն Աստուծոյն, որունն եմ ես եւ որ կը պաշտեմ
24. Եւ ըսաւ. ‘Մի վախնար, Պօղոս, Կայսրին դիմաց պէտք է որ ելլես դուն. ուստի Աստուած քեզի շնորհեց զանոնք, որոնք քեզի հետ նաւին մէջ են’։
25. Ուստի, մա՛րդիկ, սի՛րտ առէք, վասն զի ես կը հաւատամ Աստուծոյ՝ որ այսպէս պիտի ըլլայ, ինչպէս ինծի ըսուեցաւ։
26. Միայն թէ՝ պէտք է որ կղզի մը իյնանք»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981