Աստվածաշունչը մեկ տարում
Հուլիս 28

1. Բոլոր ժողովուրդը մէկ մարդու պէս՝ Ջուրի դրանը առջեւի հրապարակը հաւաքուեցան ու Եզրաս դպիրին ըսին որ Մովսէսին օրէնքներու գիրքը բերէ, որ Տէրը Իսրայէլին տուած էր։
2. Եօթներորդ ամսուան առաջին օրը Եզրաս քահանան օրէնքներու գիրքը ժողովուրդին առջեւ բերաւ, որ այր ու կին մարդոցմէ ու լսելու եւ հասկնալու կարողութիւն ունեցողներէ բաղկացած էր.
3. Զանիկա Ջուրի դրանը առջեւի հրապարակին մէջ առտուընէ մինչեւ կէսօր այր ու կին մարդոց ու հասկցողներուն առջեւ կարդաց եւ բոլոր ժողովուրդը իրենց ականջները օրէնքներու գրքին տուեր էին ։
4. Եզրաս դպիրը յատուկ ասոր հարմար շինուած տախտակէ բեմին վրայ կայնեցաւ ու անոր աջ կողմը՝ Մատաթիան, Սեման, Անանիան, Ուրիան, Քեղկիան ու Մաասիան եւ ձախ կողմ ը կեցան՝ Փադայիան, Միսայէլը, Մեղքիան, Հասումը, Ասբադանան, Զաքարիան ու Մեսուղամը։
5. Եզրաս գիրքը բացաւ բոլոր ժողովուրդին աչքերուն առջեւ. վասն զի ինք բոլոր ժողովուրդէն բարձր էր ու զանիկա բացածին պէս բոլոր ժողովուրդը ոտքի ելաւ։
6. Այն ատեն Եզրաս Եհովա մեծ Աստուածը օրհնեց ու բոլոր ժողովուրդը ձեռքերնին վերցուցին ու «Ամէ՜ն, Ամէ՜ն», ըսին եւ երեսնին գետինը ծռելով՝ Տէրոջը երկրպագութիւն ըրին։
7. Յեսուն, Բանին, Սարաբիան, Յամինը, Ակկուղը, Սաբեթան, Ովդիան, Մաասիան, Կովղիտան, Ազարիան, Յովզաբադը, Անանը, Փաղայիան ու Ղեւտացիները օրէնքը ժողովուրդին կը հասկցնէին եւ ժողովուրդը կարգով կեցեր էր։
8. Անոնք Աստուծոյ օրէնքի գիրքը յստակ կերպով կարդացին ու մեկնելով կարդացածնին հասկցուցին։
9. Նէեմիա Աթարսաթան, որ կառավարիչն էր, Եզրաս քահանան ու դպիրը եւ ժողովուրդին հասկցնող Ղեւտացիները ժողովուրդին ըսին. «Այս օրը ձեր Տէր Աստուծոյն սուրբ օրն է, ուստի սուգ մի՛ ընէք ու մի՛ լաք». վասն զի բոլոր ժողովուրդը կու լային, երբ օրէնքին խօսքերը կը լսէին։
10. Անոնց ըսաւ. «Գացէ՛ք, պարարտ բաներ կերէ՛ք ու անոյշ բաներ խմեցէ՛ք ու պատրաստութիւն չունեցողներուն բաժիններ ղրկեցէ՛ք, քանզի այս օրը մեր Տէրոջը սուրբ օրն է ու մի՛ տրտմիք. վասն զի Տէրոջը ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն է»։
11. Այն ատեն Ղեւտացիները բոլոր ժողովուրդը լռեցուցին՝ ըսելով. «Լո՛ւռ կեցէք, քանզի ասիկա սուրբ օր է ու մի՛ տրտմիք»։
12. Բոլոր ժողովուրդը ուտելու ու խմելու ու բաժիններ ղրկելու եւ մեծ ուրախութիւն ընելու գացին, վասն զի իրենց բացատրուած խօսքերը հասկցան։
13. Երկրորդ օրը՝ բոլոր ժողովուրդին տոհմապետները, քահանաներն ու Ղեւտացիները Եզրաս դպիրին քով հաւաքուեցան, որպէս զի օրէնքին խօսքերը հասկնան։
14. Օրէնքներու գրքին մէջ գրուած գտան, թէ՝ Տէրը Մովսէսին միջոցով հրամայեր է, որ եօթներորդ ամսուան տօնին Իսրայէլի որդիները տաղաւարներու մէջ բնակին,
15. Նաեւ իրենց բոլոր քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի մէջ հրատարակեն ու քարոզեն՝ ըսելով. «Լեռը ելէք ու ձիթենիի ոստեր, մայրի ծառի ոստեր ու մրտենիի ոստեր եւ արմաւենիի ոստեր ու տերեւախիտ ծառերու ոստեր բերէ՛ք, որպէս զի տաղաւարներ շինէք, ինչպէս գրուած է»։
16. Ժողովուրդը ելաւ ու բերաւ ու ամէն մարդ իր տանիքին վրայ ու իր գաւիթին մէջ եւ Աստուծոյ տանը գաւիթներուն մէջ ու Ջուրի դրանը հրապարակին մէջ ու Եփրեմին դրանը հրապարակին մէջ՝ իրենց տաղաւարներ շինեցին։
17. Գերութենէ դարձող բոլոր ժողովուրդը տաղաւարներ շինեցին ու տաղաւարներու մէջ նստան. վասն զի Իսրայէլի որդիները՝ Նաւեան Յեսուին օրերէն մինչեւ այդ օրը՝ այնպէս ըրած չէին ու խիստ մեծ ուրախութիւն եղաւ։
18. Առաջին օրէն մինչեւ վերջին օրը՝ ամէն օր՝ Աստուծոյ օրէնքներու գիրքը կարդացուեցաւ։ Եօթը օր տօն ըրին եւ ութերորդ օրը հանդիսաւոր ժողով եղաւ, ինչպէս հրամայուած էր։
1. Այս ամսուան քսանըչորրորդ օրը Իսրայէլի որդիները ծոմով, քուրձերով ու վրանին հող ցանուած մէկտեղ հաւաքուեցան։
2. Իսրայէլի որդիները բոլոր օտարազգիներէն զատուեցան ու Աստուծոյ առջեւ կենալով՝ իրենց մեղքերն ու իրենց հայրերուն անօրէնութիւնները խոստովանեցան։
3. Իրենց տեղը կենալով՝ օրուան մէկ չորրորդ մասը իրենց Տէր Աստուծոյն օրէնքներու գրքէն կարդացին ու մէկ չորրորդ մասը իրենց Տէր Աստուծոյն խոստովանութիւն ու երկրպագութիւն ըրին։
4. Յեսուն, Բանին, Կադմիէլը, Սաբանիան, Բունին, Սարաբիան, Բանին ու Քենանի Ղեւտացիները բեմին վրայ ելան ու բարձր ձայնով իրենց Տէր Աստուծոյն աղաղակեցին։
5. Յեսուն, Կադմիէլը, Բանին, Ասաբանիան, Սարաբիան, Ովդիան, Սաբանիան ու Փեթայիան ու Ղեւտացիները ըսին. «Ելէ՛ք, ձեր Տէր Աստուածը յաւիտեանս յաւիտենից օրհնեցէ՛ք»։ Եւ Եզրաս աղօթեց. «Օրհնեալ ըլլայ քու փառաւորեալ անունդ ու ամէն օրհնութենէ ու գոհութենէ բարձր ըլլայ։
6. Դո՛ւն, միայն դո՛ւն Տէր ես. երկինքը, երկինքներու երկինքը եւ անոր բոլոր զօրքերը, երկիրն ու բոլոր անոր վրայ եղածները, ծովերն ու անոնց մէջ բոլոր եղածները դո՛ւն ստեղծեցիր եւ ամենուն դո՛ւն կենդանութիւն տուիր ու երկնքի զօրքերը քեզի կ’երկրպագէն։
7. Դո՛ւն ես այն Տէր Աստուածը, որ Աբրամը ընտրեցիր եւ զանիկա Քաղդէացիներու Ուր քաղաքէն հանեցիր ու անոր անունը Աբրահամի փոխեցիր
8. Եւ անոր սիրտը քու առջեւդ հաւատարիմ գտար ու անոր հետ ուխտ ըրիր որ Քանանացիներուն, Քետացիներուն, Ամօրհացիներուն, Փերեզացիներուն, Յեբուսացիներուն ու Գերգեսացիներուն երկիրը իր սերունդին տաս ու քու խօսքդ հաստատեցիր, վասն զի արդար ես։
9. «Ու Եգիպտոսի մէջ մեր հայրերուն նեղութեանը նայեցար ու Կարմիր ծովուն քով անոնց աղաղակը լսեցիր
10. Եւ Փարաւոնին ու անոր բոլոր ծառաներուն ու անոր երկրին բոլոր ժողովուրդին նշաններ ու հրաշքներ ցուցուցիր, վասն զի գիտցար թէ մեր հայրերուն հետ հպարտութեամբ վարուեցան. բայց դուն այսօրուան պէս քեզի անուն վաստակեցար
11. Եւ ծովը մեր հայրերուն առջեւ պատռեցիր, այնպէս որ ծովուն մէջէն ցամաքով անցան բայց զանոնք հալածողները խորունկ ջուրերու մէջ նետուած քարի պէս անդունդը նետեցիր։
12. Ցորեկը ամպի սիւնով ու գիշերը անոնց գացած ճամբան լուսաւորելու համար՝ կրակի սիւնով առաջնորդեցիր անոնց։
13. «Նաեւ Սինա լերանը վրայ իջար ու անոնց հետ երկնքէն խօսեցար եւ անոնց ուղիղ դատաստաններ, ճշմարիտ օրէնքներ, բարի կանոններ ու պատուիրանքներ տուիր։
14. Քու սուրբ շաբաթդ անոնց ճանչցուցիր ու քու ծառայիդ Մովսէսին միջոցով անոնց պատուիրանքներ, կանոններ ու օրէնքներ տուիր։
15. Երբ անօթեցան՝ անոնց երկնքէն հաց տուիր, երբ ծարաւցան՝ անոնց ապառաժէն ջուր հանեցիր։ Անոնց ըսիր, որ մտնեն ու ժառանգեն այն երկիրը, որ անոնց տալու համար ձեռքդ վերցուցիր՝ ՝։
16. Բայց անոնք, այսինքն մեր հայրերը, հպարտացան ու իրենց պարանոցը խստացուցին եւ քու պատուիրանքներուդ չհնազանդեցան
17. Ու չուզեցին մտիկ ընել եւ իրենց մէջ ըրած հրաշքներդ չյիշեցին. հապա իրենց պարանոցը խստացուցին ու իրենց առաջնորդ մը ընտրեցին, իրենց ծառայութեան դառնալու գլուխ կարգեցին՝ ՝, բայց դուն ներող, ողորմած, գթած, երկայնամիտ ու բազումողորմ Աստուած ըլլալուդ՝ զանոնք երեսէ չձգեցիր.
18. Մանաւանդ՝ երբ անոնք իրենց ձուլածոյ հորթ շինեցին եւ ըսին. «Մեզ Եգիպտոսէն հանող աստուածը, ասիկա է»։ Քեզ մեծապէս անարգեցին,
19. Դուն քու մեծ ողորմութիւնովդ զանոնք անապատին մէջ երեսէ չձգեցիր. ճամբան անոնց առաջնորդելու համար՝ ցորեկը ամպի սիւնը ու գիշերը անոնց գացած ճամբան լուսաւորելու համար կրակի սիւնը անոնց վրայէն չվերցուցիր։
20. Նաեւ զանոնք իմաստուն ընելու համար քու բարի Հոգիդ տուիր ու անոնց բերնէն քու մանանադ չպակսեցուցիր ու երբ ծարաւցան՝ անոնց ջուր տուիր։
21. Եւ զանոնք քառասուն տարի անապատին մէջ կերակրեցիր, անոնց բան մը չպակսեցաւ, անոնց հանդերձները չմաշեցան ու անոնց ոտքերը չուռեցան։
22. Անոնց թագաւորութիւններ ու ժողովուրդներ տուիր ու անոնց սահմանները որոշեցիր։ Անոնք Սեհոնի երկիրը, այսինքն Եսեբոնի թագաւորին երկիրը ու Բասանի Ովգ թագաւորին երկիրը ժառանգեցին։
23. Անոնց որդիները երկնքի աստղերուն չափ շատցուցիր ու տարիր զանոնք այն երկիրը, որ իրենց հայրերուն խոստացեր էիր՝ ‘Անոնք հոն պիտի մտնեն ու այն երկիրը ժառանգեն’։
24. Անոնց որդիները մտան ու այն երկիրը ժառանգեցին եւ այն երկրին մէջ բնակող Քանանացիները նուաճեցին ու զանոնք ու անոնց թագաւորները ու երկրին ժողովուրդը իրենց ձեռքը տուիր, որպէս զի իրենց ուզածին պէս վարուին անոնց հետ։
25. Պարսպապատ քաղաքներ ու բերրի երկիր մը առին ու ամէն բարիքով լեցուն տուներ, փորուած ջրհորներ, այգիներ, ձիթենիներ ու պտղաբեր ծառեր առատօրէն ժառանգեցին, կերան, կշտացան ու գիրցան եւ քու մեծամեծ բարիքներովդ զուարճացան։
26. Սակայն քեզի դէմ անհնազանդ եղան ու ապստամբեցան եւ քու օրէնքդ մոռցան ու քու մարգարէներդ ալ մեռցուցին, որ զիրենք քեզի դարձնելու համար իրենց վկայութիւնը կու տային՝ ՝ եւ քեզ մեծապէս անարգեցին։
27. Դուն ալ զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը մատնեցիր, որոնք զիրենք նեղեցին։ Երբ իրենց նեղութեան ատենը քեզի աղաղակեցին, դուն երկնքէն լսեցիր եւ քու առատ ողորմութեանդ համեմատ անոնց ազատարարներ տուիր, որոնք ազատեցին զիրենք իրենց թշնամիներուն ձեռքէն։
28. Բայց երբ հանգստութիւն գտան, նորէն քու առջեւդ չարութիւն ըրին. ուստի զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը թողուցիր, որոնք ասոնց վրայ տիրեցին ու երբ նորէն քեզի աղաղակեցին, դուն երկնքէն լսեցիր եւ քու ողորմութեանդ համեմատ կրկին ու կրկին զանոնք ազատեցիր։
29. Ու քու օրէնքիդ դարձնելու համար անոնց վկայութիւն ըրիր, բայց անոնք հպարտացան ու քու հրամաններուդ չհնազանդեցան եւ քու պատուիրանքներուդ դէմ մեղք գործեցին (զորոնք պահող մարդը անոնցմով կ’ապրի) ու իրենց ուսերը չխոնարհեցուցին, հապա իրենց պարանոցը խստացուցին ու չհնազանդեցան։
30. Եւ շատ տարիներ անոնց երկայնմտութիւն ըրիր ու քու Հոգիովդ, քու մարգարէներուդ միջոցով իրենց վկայութիւն ըրիր, բայց անոնք մտիկ չըրին. ուստի զանոնք օտար ժողովուրդներու ձեռքը մատնեցին։
31. Սակայն քու առատ ողորմութիւնովդ զանոնք բոլորովին չկորսնցուցիր ու մերժելով չհեռացուցիր քեզմէ, վասն զի դուն ողորմած ու գթած Աստուած ես։
32. Եւ հիմա, ո՛վ Աստուած մեր, որ ուխտ ու ողորմութիւն պահող, մեծ, զօրաւոր ու ահեղ Աստուած ես, Ասորեստանի թագաւորներուն օրերէն մինչեւ այսօր մեզի, մեր թագաւորներուն, մեր իշխաններուն, մեր քահանաներուն, մեր մարգարէներուն, մեր հայրերուն ու քու բոլոր ժողովուրդիդ ամէն պատահած նեղութիւնները թող քու առջեւդ քիչ չերեւնան։
33. Սակայն բոլոր մեզի պատահած բաներուն մէջ դուն արդար ես, քանզի դուն ճշմարտութեամբ ըրիր. բայց մենք անօրէնութիւն ըրինք։
34. Ու մեր թագաւորները, իշխանները, քահանաներն ու հայրերը քու օրէնքդ չպահեցին ու քու պատուիրանքներդ ու անոնց ըրած վկայութիւններուդ մտիկ չըրին։
35. Եւ անոնք իրենց թագաւորութեան ատենը ու անոնց շատ բարիքներ տուած ատենդ եւ այն ընդարձակ ու բերրի երկրին մէջ որ անոնց տուիր, քեզի ծառայութիւն չըրին ու իրենց չար գործերէն չդարձան.
36. Ահա մենք այսօր ծառայ ենք, մանաւանդ այն երկրին մէջ, որ մեր հայրերուն ստուիր, որպէս զի անոր պտուղները ու բարիքները ուտենք։ Ահա մենք հոս ծառայ ենք։
37. Այն երկիրը շատ պտուղ կու տայ այն թագաւորներուն, որոնք մեր մեղքերուն համար մեր վրայ դրիր ու անոնք մեր մարմնին վրայ ու մեր անասուններուն վրայ իրենց ուզածին պէս կը տիրեն ու մենք մեծ նեղութեան մէջ ենք։
38. Այս ամենուն համար մենք հաստատ ուխտ մը կ’ընենք ու կը գրենք ու մեր իշխանները, մեր Ղեւտացիներն ու մեր քահանաները զանիկա թող կնքեն։
11. Քուկդ է երկինքը եւ քուկդ է երկիրը։ Դո՛ւն հիմնեցիր աշխարհը ու անոր լիութիւնը։
12. Հիւսիսը ու հարաւը դո՛ւն ստեղծեցիր. Թաբորն ու Հերմոնը քու անունովդ կը ցնծան։
13. Դուն զօրաւոր բազուկ ունիս. Քու ձեռքդ ուժով է, քու աջ ձեռքդ բարձրացած է։
14. Արդարութիւնը ու իրաւունքը քու աթոռիդ հիմն են, Ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը քու երեսիդ առջեւէն կ’երթան։
15. Երանի այն ժողովուրդին որ կը ճանչնայ ազդարարութեան փողերուն ՝ ՝ ձայնը. Ո՛վ Տէր, անոնք քու երեսիդ լոյսովը պիտի քալեն։
16. Քու անունովդ ամէն օր պիտի ցնծան Ու քու արդարութիւնովդ պիտի բարձրանան։
17. Վասն զի դուն ես անոնց զօրութեանը փառքը Եւ քու հաճութիւնովդ պիտի բարձրանայ մեր եղջիւրը։
18. Վասն զի մեր վահանը Տէրոջն է Ու մեր թագաւորը Իսրայէլի Սուրբն է։
29. Ամբարիշտ մարդը իր երեսը կը պնդացնէ, Բայց ուղիղը իր ճամբաները կը շտկէ։
30. Իմաստութիւն, հանճար կամ խորհուրդ մը չկայ Որ Տէրոջը դէմ կենայ ։
31. Ձին պատերազմի համար կը պատրաստուի, Բայց փրկութիւնը Տէրոջմէն է։
27. Տասնըչորրորդ գիշերն էր, որ Ադրիական ծովուն մէջ կը տարուբերէինք, կէսգիշերին նաւավարները կը կարծէին թէ երկրի մը մօտեցեր են։
28. Գնդակը ձգելով՝ քսան գրկաչափ գտան։ Քիչ մըն ալ յառաջ երթալով՝ նորէն ձգեցին եւ տասնըհինգ գրկաչափ գտան։
29. Ու վախնալով որ չըլլայ թէ քարոտ տեղեր իյնան, ետեւի կողմէն չորս խարիսխ ձգեցին եւ անձկութեամբ լուսնալուն կը սպասէինք։
30. Իսկ նաւավարները նաւէն փախչիլ ուզելով՝ մակոյկը ծովը իջեցուցին, ձեւացնելով թէ առջեւի կողմէն ալ խարիսխներ պիտի ձգեն։
31. Բայց Պօղոս ըսաւ հարիւրապետին ու զինուորներուն. «Եթէ ատոնք նաւին մէջ չկենան՝ դուք չէք կրնար ազատիլ»։
32. Այն ատեն զինուորները մակոյկին չուանները կտրեցին եւ թողուցին որ հեռանայ։
33. Առտուն՝ Պօղոս կ’աղաչէր ամենուն որ կերակուր ուտեն, ըսելով. «Այսօր տասնըչորս օր է, որ դուք սպասելով անօթի մնացեր էք ու բան մը կերած չէք,
34. Ուստի կ’աղաչեմ ձեզի որ կերակուր ուտէք, վասն զի այս ալ ձեր ազատութեանը համար է. քանզի ձեզմէ մէկո՛ւն գլխէն մազ մը պիտի չկորսուի»։
35. Այսպէս ըսելով՝ հաց առաւ ու ամենուն առջեւ Աստուծմէ գոհացաւ եւ կտրելով սկսաւ ուտել։
36. Ամէնքն ալ սիրտ առին ու իրենք ալ կերակուր կերան։
37. Նաւին մէջ երկու հարիւր եօթանասունըվեց հոգի էինք։
38. Երբ կշտացան կերակուրով, նաւը թեթեւցուցին՝ ցորենը ծովը թափելով։
39. Առտուն, ցամաքը չէին ճանչնար, միայն ծոց մը կը նշմարէին որ ծովեզերք ունէր ու կը խորհէին հնարք մը գտնել, որ կարելի ըլլայ նաւը անոր մէջ մխել։
40. Խարիսխները կտրելով՝ ծովը ձգեցին ու ղեկերուն կապերը թուլցուցին եւ առագաստը հովին բանալով՝ դէպի այն ծովեզերքը գացին
41. Եւ այնպիսի տեղ մը ինկան, որուն երկու կողմը ծով էր։ Նաւը նստեցուցին։ Նաւին առջեւի կողմը խրեցաւ եւ անշարժ մնաց։ Ետեւի կողմը ալիքներուն սաստկութնէն կը քակուէր։
42. Զինուորներն ալ խորհուրդ ըրին որ կապուածները սպաննեն, որ չըլլայ թէ մէկը լողայ ու փախչի։
43. Բայց հարիւրապետը, որ Պօղոսը ազատել կ’ուզէր, արգիլեց անոնց այն խորհուրդը եւ հրաման տուաւ որ լողալ գիտցողները առաջ նետուին ու ցամաք ելլեն.
44. Եւ մնացածները, ոմանք տախտակներով եւ ոմանք ուրիշ բաներով եւ այսպէս՝ ամէնքը ազատեցան, ցամաք ելան։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981