Աստվածաշունչը մեկ տարում
Հուլիս 29

1. Կնքողները ասոնք էին՝ Աքազիայի որդին Նէեմիա Աթարսաթանը, Սեդեկիան, Սարայիան,
2. Ազարիան, Երեմիան,
3. Փասուրը, Ամարիան, Մեղքիան,
4. Քետտուսը, Սաբանիան, Մալուքը,
5. Հարիմը, Մերամօթը, Աբդիան,
6. Դանիէլը, Կանաթոնը, Բարուքը,
7. Մեսուղամը, Աբիան, Միամին,
8. Մաազիան, Բեղգան ու Սեմայիան, ասոնք քահանաներն էին։
9. Ու Ղեւտացիները, Ազանիային որդին Յեսուն, Բանուին ու Ենադադին որդիներէն Կադմիէլը,
10. Եւ անոնց եղբայրները՝ Սաբանիան, Ովդիան, Կովղիտան, Փաղայիան,
11. Անանը, Միքան, Րոոբը, Ասաբիան,
12. Զաքուրը, Սարաբիան, Սաբանիան,
13. Ովդիան, Բանին ու Բանինուն։
14. Ժողովուրդին իշխանները, Փարոսը, Փաաթ-Մովաբը, Եղամը,
15. Զաթուն, Բանին, Բունին, Ազգադը,
16. Բեբային, Ադոնիան, Բագուէն, Ադինը,
17. Ատերը, Եզեկիան, Ազուրը,
18. Ովդիան, Հասումը, Բեսէին,
19. Արիփը, Անաթովթը, Նովբայը,
20. Մագփիասը, Մեսուղամը, Եզիրը,
21. Մասիզեբէլը, Սադովկը, Յադդուան,
22. Փաղատիան, Անանը, Անանիան,
23. Ովսէէն, Անանիան, Ասուբը,
24. Ալօէսը, Պիլան, Սօբէկը,
25. Հռէումը, Ասաբանան, Մաասիան,
26. Աքիան, Անանը, Օնանը,
27. Մալուքը, Հարիմը ու Բաանան։
28. Մնացած ժողովուրդը, քահանաները, Ղեւտացիները, դռնապանները, երգողները, Նաթանայիմներն ու երկիրներու ժողովուրդներէն Աստուծոյ օրէնքին հետեւելու համար բոլոր զատուողները, իրենց կիները, տղաքներն ու աղջիկները, այսինքն ամէն անոնք, որոնք կրնային հասկնալ,
29. Իրենց երեւելի եղբայրներուն հետ միաբանեցան ու անէծքով երդում ըրին, որ Աստուծոյ ծառային Մովսէսին միջոցով տրուած Աստուծոյ օրէնքին մէջ քալեն ու մեր Եհովա Տէրոջը բոլոր պատուիրանքներն ու օրէնքները եւ կանոնները պահեն ու կատարեն։
30. Եւ խօսք տուինք, որ մեր աղջիկները երկրին ժողովուրդներուն չտանք եւ անոնց աղջիկները մեր տղոցը չառնենք։
31. Ու երկրին ժողովուրդներուն շաբաթ օրը ծախելու համար բերած ապրանքները եւ ամէն տեսակ ուտելիքը՝ շաբաթ օրը կամ սուրբ օրերը՝ անոնցմէ չառնենք ու եօթներորդ տարին բոլոր պարտքերն ու պահանջները ներենք։
32. Ու մեզի կանոն դրինք, որ մեր Աստուծոյն տանը ծառայութեանը համար ամէն տարի սիկղին մէկ երրորդ մասը տանք
33. Առաջաւորութեան հացին, մշտնջենաւոր հացի ընծային, մշտնջենաւոր ողջակէզին, շաբաթներուն, ամսագլուխներուն, տօներուն, սուրբ բաներուն ու Իսրայէլի քաւութիւն ըլլալու համար մեղքի պատարագներուն համար ու մեր Աստուծոյն տանը ամէն գործի համար
34. (Եւ փայտի ընծային համար՝ քահանաներուն, Ղեւտացիներուն ու ժողովուրդին վիճակ ձգեցինք, որ զանիկա մեր Տէր Աստուծոյն սեղանին վրայ վառելու համար, տարուէ տարի՝ որոշուած ատենները ազգատոհմերուն համաձայն մեր Աստուծոյն տունը բերենք, ինչպէս օրէնքին մէջ գրուած է)
35. Ու մեր երկրին առաջին պտուղները եւ ամէն ծառի առաջին պտուղները տարուէ տարի Տէրոջը տունը տանինք։
36. Մեր որդիներուն ու մեր անասուններուն անդրանիկները՝ ինչպէս օրէնքին մէջ գրուած է ու մեր արջառներուն ու ոչխարներուն անդրանիկները մեր Աստուծոյն տունը տանինք՝ մեր Աստուծոյն տանը մէջ պաշտօն ունեցող քահանաներուն
37. Ու մեր խմորներուն երախայրիները եւ մեր ընծաները, այսինքն ամէն ծառի պտուղ, գինի ու իւղ տանինք քահանաներուն եւ մեր Աստուծոյն տանը սենեակներուն, որ երկրին արտադրութիւններուն տասանորդը Ղեւտացիներուն տանք ու Ղեւտացիները մեր բոլոր երկրագործութեան քաղաքներէն տասանորդներ առնեն։
38. Ու Ահարոնին որդին՝ քահանան՝ Ղեւտացիներուն տասանորդին մասնակից ըլլայ ու Ղեւտացիները տասանորդին տասանորդը մեր Աստուծոյն տունը՝ գանձատանը սենեակները՝ տանին.
39. Վասն զի Իսրայէլի որդիներն ու Ղեւիի որդիները ցորենին ու գինիին ու իւղին ընծան այն սենեակները պիտի տանին, ուր սրբարանին անօթներն ու պաշտօն ունեցող քահանաներն ու դռնապանները ու երգողները կը կենան. ատով մեր Աստուծոյն տանը վրայով անհոգ պիտի չըլլանք։
1. Ժողովուրդին իշխանները Երուսաղէմի մէջ բնակեցան ու մնացած ժողովուրդին համար վիճակ ձգեցին, որպէս զի տասէն մէկը բերեն Երուսաղէմ սուրբ քաղաքը բնակելու ու միւս ինը բաժինը ուրիշ քաղաքներու մէջ բնակին ։
2. Եւ ժողովուրդը օրհնեց այն մարդիկը, որոնք յօժար կամքով իրենց անձը ընծայեցին Երուսաղէմի մէջ բնակելու։
3. Երուսաղէմի մէջ բնակող գաւառին իշխանները ասոնք էին (սակայն Յուդայի քաղաքներուն մէջ՝ Իսրայէլը, քահանաները, Ղեւտացիները, Նաթանայիմներն ու Սողոմոնի ծառաներուն որդիները, ամէն մարդ իր կալուածին մէջ, իրենց քաղաքներուն մէջ բնակեցան)։
4. Յուդայի ու Բենիամինի որդիներէն ոմանք ալ Երուսաղէմ բնակեցան։ Յուդայի որդիներէն էին՝ Մաղաղիէլին որդիին Սափատիային որդիին Ամարիային որդիին Զաքարիային որդիին Ոզիային որդին Աթայիան, որ Փարէսի որդիներէն էր.
5. Սիլօնիին որդիին Զաքարիային որդիին Յովարիբին որդիին Ադայիային որդիին Ազայիային որդիին Քոլոզէին որդիին Բարուքին որդին Մաասիան։
6. Երուսաղէմի մէջ բնակող Փարէսի որդիները չորս հարիւր վաթսունըութը զօրաւոր մարդիկ էին։
7. Բենիամինին որդիները ասոնք էին՝ Եսայիին որդիին Իթիէլին որդիին Մաասիային որդիին Կովղիային որդիին Փադայիային որդիին Յովադին որդիին Մեսուղամին որդին Սալլուն։
8. Ասոնց հետ՝ Գեբէին, Սելէին եւ այլն, ինը հարիւր քսանըութը հոգի
9. Ու անոնց վրայ իշխան՝ Զեքրիին որդին Յովէլն էր, իսկ Սենուային որդին Յուդան քաղաքին վրայ տեղակալ էր։
10. Քահանաներէն՝ Յովարիբին որդին Յեդայիան, Յաքին,
11. Աստուծոյ տանը վերակացուն, Աքիտովբին որդիին Մարիօթին որդիին Սադովկին որդիին Մեսուղամին որդիին Քեղկիային որդին Սաբայիան
12. Եւ անոնց եղբայրները, որոնք Աստուծոյ տունը կ’աշխատէին, ութը հարիւր քսանըերկու հոգի էին ու Մեղքիային որդիին Փասուրին որդիին Զաքարիային որդիին Ամասիին որդիին Փաղաղիային որդիին Յերոամին որդին Ադայիան
13. Ու անոր եղբայրները՝ տոհմապետները՝ երկու հարիւր քառասունըերկու հոգի էին ու Եմմերին որդիին Մեսեղամօթին որդիին Ահզային որդիին Ազարիէլին որդին Ամեսային
14. Եւ անոնց եղբայրները հարիւր քսանըութը զօրաւոր կտրիճներ էին։ Անոնց իշխանն էր Ագեդողիմին որդին Զարդիէլը։
15. Ղեւտացիներէն՝ Բունիին որդիին Ասաբիային որդիին Եզրիկամին որդիին Ասուբին որդին Սեմայիան,
16. Նաեւ Սաբեդան ու Յովզաբադը, որոնք Ղեւտացիներուն իշխաններէն էին, Աստուծոյ տանը արտաքին գործին վրայ կը հսկէին։
17. Ասափին որդիին Զարդիին որդիին Միքային որդին Մաթանիան երգողներուն գլխաւորն էր ու աղօթքներուն օրհնութիւնները նախ անիկա կը սկսէր երգել եւ անոր եղբայրներէն Բակբոկիան՝ երկրորդն էր ու անկէ ետքը Իդիթունին որդիին Գաղաբին որդիին Սամուային որդին Աբդան էր։
18. Սուրբ քաղաքին մէջ բնակող բոլոր Ղեւտացիները երկու հարիւր ութսունըչորս հոգի էին։
19. Դռնապանները, Ակկուբն ու Տեղմոնը՝ ու անոնց եղբայրները՝ դռներուն պահապանները, հարիւր եօթանասունըերկու հոգի էին։
20. Եւ Իսրայէլի քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն մնացորդը, Յուդայի բոլոր քաղաքներուն մէջ, ամէն մարդ իր ժառանգութեանը մէջ էր։
21. Բայց Նաթանայիմները Ոփաղի մէջ կը բնակէին եւ Սիան ու Գիսփան Նաթանայիմներուն վրայ էին։
22. Ու Երուսաղէմի մէջ Ղեւտացիներու վերակացուն՝ Միքային որդիին Մաթանիային որդիին Ասաբիային որդիին Բանիին որդին Ոզին էր, Ասափին որդիներէն՝ երգողներէն՝ որոնք Աստուծոյ տանը գործին կը հսկէին.
23. Վասն զի անոնց համար թագաւորը հրաման տուեր էր, որ երգողներուն օրէ օր ռոճիկ տրուի։
24. Յուդայեան Զարային որդիներէն Մասիզեբէլին որդին Փեթայիան ժողովուրդին ամէն գործի մէջ թագաւորին գործակալն էր։
25. Ու Յուդայի որդիներէն ոմանք գիւղերու ու արտերու մէջ բնակեցան, այսինքն Կարիաթ-Արբային ու անոր գիւղերուն մէջ, Դեբօնին ու անոր գիւղերուն մէջ, Կաբեսէէլին ու անոր գիւղերուն մէջ
26. Ու Յեսուային ու Մօլադային ու Բեդփաղեթին
27. Եւ Ասերսուաղին ու Բերսաբէէին ու անոր գիւղերուն մէջ
28. Եւ Սիկելակին ու Մեքոնային եւ անոր գիւղերուն մէջ
29. Ու Ենռեմօնին, Սարաային, Յերիմութին,
30. Զանովին, Ոդողոմին ու անոնց գիւղերուն մէջ, Լաքիսին ու անոր արտերուն մէջ, Ազեկային ու անոր գիւղերուն մէջ ու Բերսաբէէէն մինչեւ Ենովմի ձորը բնակեցան։
31. Բենիամինին որդիներէն ոմանք Գաբայէն մինչեւ Մաքմաս, Այիա ու Բեթէլ ու անոր գիւղերուն մէջ,
32. Անաթովթ, Նոբ, Անանիա,
33. Հասոր, Ռամա, Գեթթայիմ,
34. Հադիդ, Սեբոյիմ, Նեփաղադ,
35. Ղովդ, Ովնով ու Գեքարասիմ բնակեցան ։
36. Ղեւտացիներէն ոմանք Յուդայի ու Բենիամինի մէջ բաժնուած էին։
19. Այն ժամանակ տեսիլքով խօսեցար քու սուրբիդ հետ Ու ըսիր. «Օգնութիւն դրի զօրաւորին վրայ, Ժողովուրդէն ընտրուածը բարձրացուցի։
20. Իմ ծառաս Դաւիթը գտայ, Իմ սուրբ իւղովս օծեցի զանիկա.
21. Անոր հետ իմ ձեռքս պիտի հաստատուի Ու իմ բազուկս պիտի զօրացնէ զանիկա։
22. Թշնամին պիտի չհարստահարէ զանիկա Ու անօրէնութեան որդին պիտի չչարչարէ զանիկա։
23. Անոր թշնամիները իր առջեւէն պիտի կոտրեմ Ու զանիկա ատողները պիտի զարնեմ։
24. Իմ հաւատարմութիւնս ու ողորմութիւնս անոր հետ պիտի ըլլան Ու անոր եղջիւրը իմ անունովս պիտի բարձրանայ։
25. Անոր ձեռքը ծովուն մէջ պիտի դնեմ Ու անոր աջ ձեռքը՝ գետերուն մէջ։
26. Անիկա ինծի պիտի կանչէ՝ ‘Դուն ես իմ Հայրս, Իմ Աստուածս ու իմ փրկութեանս Վէմը’։
27. Ես զանիկա անդրանիկ պիտի ընեմ՝ Երկրի թագաւորներէն աւելի բարձր։
28. Իմ ողորմութիւնս յաւիտեան պիտի պահեմ անոր համար Ու իմ ուխտս անոր հետ հաւատարիմ պիտի ըլլայ։
29. Անոր սերունդը յաւիտեան պիտի հաստատեմ Ու անոր աթոռը երկնքի օրերուն չափ պիտի ընեմ։
1. Բարի անունը շատ հարստութենէն աւելի ընտիր է Ու շնորհքը արծաթէն ու ոսկիէն աղէկ է։
2. Հարուստն ու աղքատը իրարու կը հանդիպին, Ամէնքը ստեղծողը Տէրն է։
1. Երբ ազատեցան, հասկցան թէ այն կղզիին անունը Մելիտէ էր։ Եւ բնիկները քիչ մարդասիրութիւն չցուցուցին մեզի.
2. Վասն զի կրակ վառեցին եւ մեզ ամէնքս ալ ընդունեցին՝ մեր վրայ հասած անձրեւին ու ցուրտին համար։
3. Երբ Պօղոս շատ մը խռիւ ժողվեց եւ կրակին վրայ դրաւ, տաքութենէն իժ մը ելաւ, անոր ձեռքը բռնեց։
4. Բնիկներն ալ, երբ այն գազանը տեսան անոր ձեռքէն կախուած՝ իրարու ըսին. «Անշուշտ ասիկա մարդասպան մըն է, որ թէպէտ ծովէն ազատեցաւ, բայց արդարութիւնը թող չտուաւ որ ապրի»։
5. Իսկ անիկա գազանը կրակին մէջ թօթուելով՝ իրեն վնաս մը չեղաւ։
6. Բնիկները կը սպասէին որ անիկա ուռենայ, կամ յանկարծակի մեռած իյնայ. բայց շատ սպասեցին ու տեսան որ անոր վնաս մը չեղաւ, կարծիքնին փոխելով՝ ըսին թէ՝ ‘աստուած մըն է’։
7. Այն տեղին բոլորտիքը կղզիին գլխաւոր մարդուն ագարակները կը գտնուէին, որուն անունը Պոպղիոս էր։ Ան մեզ ընդունեց եւ երեք օր հիւրասիրութեամբ մեզ իրեն քով պահեց։
8. Պոպղիոսի հայրը ջերմով եւ թանչքով հիւանդացած պառկած էր։ Պօղոս անոր քով մտաւ եւ աղօթք ընելով ձեռքերը անոր վրայ դրաւ ու բժշկեց զանիկա։
9. Ու երբ ասիկա եղաւ, ուրիշ հիւանդներ, որոնք այն կղզիին մէջ էին, կու գային եւ կը բժշկուէին։
10. Անոնք շատ պատիւներով ալ մեզ պատուեցին ու մեր երթալու ատենը պէտք եղած բաները տուին։
11. Երեք ամիս յետոյ Աղեքսանդրիական նաւով մը ճամբայ ելանք, որ ձմեռը այն կղզին անցուցեր էր ու Դիոսկուրացիներու նշանը ունէր։
12. Սիրակուսա հասնելով՝ երեք օր հոն կեցանք։
13. Անկէ ալ պտոյտ մը ընելով՝ Հռեգիոն հասանք։ Մէկ օր յետոյ երբ հարաւ սկսաւ փչել, երկու օրէն Պատիողոս հասանք։
14. Հոն եղբայրներ գտանք, որոնք աղաչեցին որ եօթը օր իրենց քով մնանք ու ետքը Հռովմ ելլենք։
15. Եղբայրները, երբ մեր վրայով լսեցին, մեզ դիմաւորելու ելան մինչեւ Ապփիոսի վաճառանոցը ու Երեք պանդոկները։ Պօղոս զանոնք տեսնելով՝ գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ եւ սիրտ առաւ։
16. Երբ Հռովմ մտանք, հարիւրապետը կապուածները զօրապետին յանձնեց. իսկ Պօղոսին հրաման եղաւ, որ իր պահապան զինուորին քով կենայ։
17. Երեք օր յետոյ ան Հրեաներուն գլխաւորները կանչեց ու երբ մէկտեղ եկան, ըսաւ անոնց. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ես ժողովուրդին կամ հայրենական սովորութիւններու դէմ բան մը չըրած, Երուսաղէմէն կապուած՝ Հռովմայեցիներուն մատնուեցայ,
18. Որոնք երբ զիս քննեցին, ուզեցին որ արձակեն, վասն զի իմ վրաս մեռնելու յանցանք մը չկար։
19. Բայց երբ Հրեաները հակառակ կեցան, պէտք եղաւ որ Կայսրին բողոքեմ, ո՛չ թէ իմ ազգիս դէմ ամբաստանութիւն մը ունեցողի պէս։
20. Ուստի այս պատճառաւ աղաչեցի որ ձեզ տեսնեմ ու ձեզի խօսիմ. վասն զի Իսրայէլի յոյսին համար ես այս շղթան վրաս կը կրեմ»։
21. Անոնք ալ ըսին իրեն. «Մենք քու վրայովդ Հրէաստանէն ո՛չ թուղթեր առինք եւ ո՛չ եղբայրներէն մէկը հոս գալով՝ քու վրայովդ չարութիւն մը պատմեց կամ խօսեցաւ։
22. Բայց կ’աղաչենք, որ քեզմէ լսենք թէ դուն ի՞նչ մտքի վրայ ես. վասն զի մենք այդ աղանդին վրայով տեղեկացած ենք, որ ամէն տեղ ատոր դէմ կը խօսին»։
23. Օր մը որոշելով, շատեր գացին իր բնակած տեղը, որոնց Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը ծանուցանէր վկայութիւնով եւ կը համոզէր զանոնք Յիսուսին վրայով Մովսէսին օրէնքին ու մարգարէներէն սորվիլ, առաւօտէն մինչեւ իրիկուն։
24. Ոմանք հաւատացին ըսածներուն, ոմանք չհաւատացին։
25. Եւ իրարու հետ չմիաբանած՝ գացին, երբ Պօղոս խօսք մը ըսաւ. «Սուրբ Հոգին աղէկ խօսեցաւ մեր հայրերուն, Եսայի մարգարէին միջոցով
26. Եւ ըսաւ. «Գնա՛ այս ժողովուրդին եւ ըսէ՝ ‘Լսելով պիտի լսէք՝ ու պիտի չիմանաք եւ տեսնելով պիտի տեսնէք՝ ու պիտի չտեսնէք.
27. Վասն զի այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ եւ իրենց ականջներովը ծանր լսեցին ու աչքերնին գոցեցին, որ չըլլայ թէ իրենց աչքերովը տեսնեն ու ականջներովը լսեն եւ սրտերովը իմանան ու դարձի գան եւ ես բժշկեմ զանոնք’։
28. Ուստի յայտնի ըլլայ ձեզի թէ Աստուծոյ փրկութիւնը հեթանոսներուն ղրկուեցաւ եւ անոնք մտիկ պիտի ընեն»։
29. Ու երբ ասիկա ըսաւ, Հրեաները դուրս ելան, իրարու հետ վիճելով։
30. Պօղոս լման երկու տարի իր վարձքով բռնած տունը կեցաւ։
31. Բոլոր եկողները կ’ընդունէր։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981