1. Դաւիթին որդին՝ Սողոմոն՝ իր թագաւորութեանը մէջ զօրացաւ ու իր Տէր Աստուածը իր հետն էր ու Աստոած զինք խիստ մեծցուց։
2. Սողոմոն բոլոր Իսրայէլի, այսինքն հազարապետներուն, հարիւրապետներուն, դատաւորներուն ու բոլոր Իսրայէլի տոհմապետներուն, խօսեցաւ։
3. Սողոմոն ու բոլոր ժողովուրդը իր հետ Գաբաւոնի բարձր տեղը գացին. քանզի Տէրոջը ծառային՝ Մովսէսին անապատին մէջ շինած՝ Աստուծոյ վկայութեան խորանը հոն էր.
4. Միայն թէ Դաւիթ Աստուծոյ տապանակը Կարիաթարիմէն իր պատրաստած տեղը տարեր էր. քանզի Երուսաղէմի մէջ անոր վրան մը կանգներ էր,
5. Սակայն Ովրեան Ուրիին որդիին Բեսելիէլին շինած պղնձէ սեղանը Տէրոջը խորանին առջեւն էր եւ Սողոմոն ու ժողովուրդը զանիկա փնտռեցին։
6. Սողոմոն հոն Տէրոջը առջեւ վկայութեան խորանին պղնձէ սեղանին քով ելաւ՝ ՝ ու անոր վրայ հազար ողջակէզ մատուցանեց։
7. Այն գիշեր Աստուած Սողոմոնին երեւցաւ ու ըսաւ. «Խնդրէ՛, քեզի ի՞նչ տամ»։
8. Սողոմոն Աստուծոյ ըսաւ. «Դուն իմ հօրս Դաւիթին մեծ ողորմութիւն ըրիր ու զիս անոր տեղ թագաւոր ըրիր։
9. Հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած իմ հօրս Դաւիթին ըրած խոստումդ հաստատ թող մնայ. քանզի դուն զիս երկրի հողին չափ շատ ժողովուրդի վրայ թագաւոր ըրիր։
10. Ինծի իմաստութիւն ու գիտութիւն տուր, որպէս զի այս ժողովուրդին առջեւ ելլեմ ու մտնեմ. վասն զի այս քու մեծ ժողովուրդդ ո՞վ կրնայ դատել»։
11. Աստուած Սողոմոնին ըսաւ. «Որովհետեւ քու սրտիդ մէջ այս փափաքը ունեցար ու հարստութիւն, ստացուածք, փառք եւ քու թշնամիներուդ հոգին կամ երկար կեանք չխնդրեցիր, հապա քեզի իմաստութիւն ու գիտութիւն խնդրեցիր, որպէս զի դատես իմ ժողովուրդս՝ որուն վրայ քեզ թագաւոր ըրի,
12. Ուրեմն իմաստութիւն ու գիտութիւն պիտի տրուի քեզի եւ հարստութիւն, ստացուածք ու փառք ալ պիտի տամ քեզի։ Այնպէս որ քեզմէ առաջ եղող թագաւորներուն այնպէս եղած չէ, որ քեզմէ ետքը եկողներուն ալ այնպէս պիտի չըլլայ»։
13. Սողոմոն Գաբաւոնին բարձր տեղէն՝ վկայութեան խորանին առջեւէն Երուսաղէմ դարձաւ ու Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ։
14. Սողոմոն կառքեր ու ձիաւորներ հաւաքեց ու անիկա հազար չորս հարիւր կառք ու տասներկու հազար ձիաւոր ունեցաւ։ Զանոնք կառքի քաղաքներուն մէջ ու թագաւորին քով Երուսաղէմի մէջ տեղաւորեց։
15. Թագաւորը Երուսաղէմի մէջ արծաթն ու ոսկին քարերու պէս ըրաւ ու եղեւնափայտը շատութենէն՝ դաշտի մէջ եղող մոլաթզենիներուն պէս ըրաւ։
16. Սողոմոնին ձիերը Եգիպտոսէն կու գային ու թագաւորին վաճառականներուն կարաւանը որոշուած գնով մը ձիերու երամակներ ծախու կ’առնէին։
17. Եգիպտոսէն կառք մը վեց հարիւր արծաթով դուրս կը հանէին ու մէկ ձին՝ հարիւր յիսուն արծաթով ։ Քետացիներուն բոլոր թագաւորներուն համար եւ Ասորիներուն բոլոր թագաւորներուն համար ալ՝ անոնց ձեռքով կ’արտածէին։
1. Սողոմոն միտքը դրաւ՝ ՝, որ Տէրոջը անուանը տուն ու իր թագաւորութեանը տուն շինէ։
2. Եւ Սողոմոն եօթանասուն հազար բեռնակիր ու լեռը փայտ կտրելու համար ութսուն հազար մարդ ընտրեց եւ անոնց վրայ երեք հազար վեց հարիւր վերակացու դրաւ ։
3. Սողոմոն Տիւրոսի Քիրամ թագաւորին մարդ ղրկեց ու ըսաւ. «Ինչպէս իմ հօրս Դաւիթին եղեւնափայտեր ղրկեցիր, որպէս զի իրեն բնակելու համար տուն շինէ,
4. Ահա ես իմ Տէր Աստուծոյս անուան տուն պիտի շինեմ, որպէս զի անոր նուիրուի, անոր առջեւ անուշահոտ խունկ ծխուի ու առաջաւորութեան հացը դրուի, առտուն ու իրիկունը, շաբաթները եւ ամսագլուխները ու մեր Տէր Աստուծոյն տօներուն օրերը ողջակէզներ մատուցանուին. ասիկա Իսրայէլի յաւիտենական պարտաւորութիւնն է։
5. Այն տունը որ ես պիտի շինեմ, մեծ ըլլալու է. քանզի մեր Աստուածը բոլոր աստուածներէն մեծ է
6. Ու ո՞վ կարող է անոր տուն շինել. քանզի երկինք, նոյնիսկ ամենաբարձր երկինքը չի կրնար պարունակել զանիկա։ Ուրեմն ես ո՞վ եմ, որ անոր տուն շինեմ։ Միայն անոր խունկ ծխելու տեղ մը պիտի պատրաստեմ ։
7. Ուստի ինծի իմաստուն մարդ մը ղրկէ, որ հմուտ ըլլայ ոսկին, արծաթը, պղինձը, երկաթը, ծիրանեգոյնը, կարմիրը եւ կապուտակը գործածելու ու քանդակագործութիւն ալ գիտնայ, որպէս զի իմ քովս Յուդայի ու Երուսաղէմի մէջ եղող իմ հօրս Դաւիթին պատրաստած վարպետներուն հետ գործէ։
8. Ինծի Լիբանանէն եղեւնափայտեր, մայրիի փայտեր ու ալմուկ փայտեր ղրկէ. քանզի ես գիտեմ թէ քու ծառաներդ Լիբանանէն փայտ կտրել գիտեն։ Ուրեմն իմ ծառաներս քու ծառաներուդ հետ թող գործակցին։
9. Ինծի խիստ շատ փայտ թող պատրաստեն. քանզի իմ շինելու տունս մեծ ու փառաւոր ըլլալու է։
10. Եւ ահա ես քու ծառաներուդ, փայտ կտրող բանուորներուդ, քսան հազար քոռ ծեծուած ցորեն ու քսան հազար քոռ գարի ու քսան հազար մար գինի ու քսան հազար մար իւղ պիտի տամ»։
11. Տիւրոսի Քիրամ թագաւորը Սողոմոնին նամակ ղրկեց ու ըսաւ. «Տէրը իր ժողովուրդը սիրելուն համար քեզ անոնց վրայ թագաւոր դրաւ»։
12. Եւ Քիրամ աւելցուց. «Երկինքն ու երկիրը ստեղծող Իսրայէլին Տէր Աստուածը օրհնեալ ըլլայ, որ Դաւիթ թագաւորին խոհեմութիւն ու գիտութիւն ունեցող իմաստուն որդի մը տուաւ, որ Տէրոջը տուն ու իր թագաւորութեանը տուն շինէ։
13. Իմ վարպետս Քիրամը կը ղրկեմ, որ հանճարեղ ու իմաստուն մարդ մըն է։
14. Անիկա Դանի աղջիկներէն կնոջ մը որդին է ու անոր հայրը Տիւրացի է։ Անիկա ոսկի, արծաթ, պղինձ, երկաթ, քարեր ու փայտեր, նաեւ ծիրանեգոյնի, կապուտակի, բեհեզի եւ կարմիրի վրայ բանելու ու ամէն տեսակ քանդակ փորագրելու կողմէ վարպետ է։ Քու վարպետներուդ հետ ու քու հօրդ Դաւիթին, իմ տիրոջս վարպետներուն հետ ամէն առաջարկուած բանին հնարքը կրնայ գտնել։
15. Իմ տէրս իր ըսած ցորենն ու գարին, իւղն ու գինին իր ծառաներուն թող ղրկէ։
16. Մենք Լիբանանէն հարկաւոր եղածին չափ փայտ պիտի կտրենք եւ լաստեր շինելով ՝ զանոնք ծովէն Յոպպէ պիտի բերենք քեզի։ Դուն զանոնք Երուսաղէմ փոխադրէ»։
17. Սողոմոն Իսրայէլի երկրին մէջ եղող բոլոր օտարազգի մարդիկը՝ որոնք իր հօրը Դաւիթին մարդահամարէն ետքը եկած էին՝ համրեց։ Անոնք հարիւր յիսունըերեք հազար վեց հարիւր հոգի էին։
18. Անոնցմէ եօթանասուն հազար բեռնակիր ու լեռը փայտ կտրող ութսուն հազար ու զանոնք բանեցնելու համար երեք հազար վեց հարիւր վերակացու որոշեց։
1. Ո՛վ Աստուած, հեթանոսները քու ժառանգութեանդ մէջ մտան, Քու սուրբ տաճարդ պղծեցին, Երուսաղէմը աւերակներու դարձուցին։
3. Անոնց արիւնը ջուրի պէս թափեցին Երուսաղէմի շուրջը Ու մէկը չկար որ զանոնք թաղէր։
4. Մեր դրացիներուն նախատինք եղանք, Ծաղր ու ծանակ՝ մեր շուրջը եղողներուն։
8. Դատաստանի աթոռը նստող թագաւորը Իր աչքերովը ամէն չարիք կը ցրուէ։
9. Ո՞վ կրնայ ըսել թէ ‘Իմ սիրտս սրբեցի, Իմ մեղքէս մաքրուեցայ’։
1. Առաքեալներն ու եղբայրները, որոնք Հրէաստանի կողմերն էին, լսեցին թէ հեթանոսներն ալ Աստուծոյ խօսքը ընդուներ են։
2. Երբ Պետրոս Երուսաղէմ գնաց, թլփատուածները անոր հետ կը վիճէին
3. Ու կ’ըսէին թէ՝ «Դուն անթլփատ մարդոց քով մտար եւ անոնց հետ հաց կերար»։
4. Պետրոս ալ սկսաւ բանը կարգով պատմել անոնց.
5. «Ես Յոպպէ քաղաքը աղօթք կ’ընէի ու մտքի յափշտակութեան մէջ տեսիլք մը տեսայ. աման մը մեծ կտաւի պէս՝ չորս ծայրերէն երկնքէն կախուած իջաւ ու մինչեւ ինծի հասաւ,
6. Որուն վրայ աչքս տնկեր կը նայէի եւ տեսայ չորքոտանիներ ու գազաններ եւ սողուններ ու երկնքի թռչուններ։
7. Եւ ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր ինծի. ‘Ելի՛ր, Պետրոս, մորթէ՛ ու կեր’։
8. Բայց ես ըսի. ‘Քա՛ւ լիցի, Տէ՛ր, վասն զի պիղծ կամ անմաքուր բան մը ամենեւին մտած չէ իմ բերանս’։
9. Երկրորդ անգամ այն ձայնը երկնքէն ըսաւ. ‘Զայն որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր’։
10. Ասիկա երեք անգամ կրկնուեցաւ ու բոլորը երկինք քաշուեցաւ։
11. Նոյն ատեն երեք մարդ՝ Կեսարիայէն ինծի ղրկուած՝ եկան իմ եղած տանս առջեւ կեցան։
12. Հոգին ալ ինծի ըսաւ, որ անոնց հետ երթամ առանց խղճահարութեան։ Այս վեց եղբայրներն ալ ինծի հետ էին ու մտանք այն մարդուն տունը։
13. Եւ անիկա մեզի պատմեց թէ ի՛նչպէս իր տանը մէջ հրեշտակ մը տեսաւ, որ կայներ էր եւ իրեն կ’ըսէր. ‘ Մա՛րդ ղրկէ Յոպպէ ու կանչէ՛ Սիմոնը որ Պետրոս ալ կը կոչուի.
14. Ան քեզի խօսքեր պիտի խօսի, որպէս զի փրկուիք դուն եւ քու բոլոր տունդ’։
15. Ու երբ սկսայ խօսիլ, Սուրբ Հոգին անոնց վրայ իջաւ, ինչպէս նախապէս մեր վրայ ալ։
16. Այն ատեն յիշեցի Տէրոջը խօսքը, որ կ’ըսէր. ‘Յովհաննէս ջրով մկրտեց, բայց դուք Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք’։
17. Ուստի եթէ Աստուած միեւնոյն շնորհքը տուաւ անոնց, ինչպէս մեզի ալ, երբ Տէր Յիսուս Քրիստոսին հաւատացին. ես ո՞վ էի, որ կարենայի Աստուծոյ դէմ դնել»։
18. Այս բաները լսելով՝ ձայներնին կտրեցին եւ Աստուած կը փառաւորէին ու կ’ըսէին. «Ուրեմն Աստուած հեթանոսներուն ալ կեանքի համար ապաշխարութիւն տուաւ»։
19. Ստեփանոսին մահուան վրայ եկած նեղութենէն ցիրուցան եղածները մինչեւ Փիւնիկէ, Կիպրոս եւ Անտիոք հասան, բայց ոեւէ մէկուն Աստուծոյ խօսքը չէին խօսիր, միայն՝ Հրեաներուն։
20. Անոնցմէ ոմանք Կիպրացի եւ Կիւրենացի մարդիկ էին, որոնք երբ Անտիոք մտան, Հելլենացիներուն հետ կը խօսէին՝ Տէր Յիսուսը քարոզելով։
21. Տէրոջը ձեռքը անոնց հետ էր։ Բազմաթիւ մարդիկ հաւատալով՝ Տէրոջը դարձան։
22. Այս լուրը Երուսաղէմի եկեղեցիին ականջը հասաւ ու Բառնաբասը ղրկեցին, որպէս զի մինչեւ Անտիոք երթայ։
23. Որը, երբ գնաց եւ Աստուծոյ շնորհքը տեսաւ՝ ուրախացաւ ու կը յորդորէր ամէնքն ալ՝ որ յօժար սրտով Տէրոջը հետ կապուած մնան.
24. Քանզի ինք բարի մարդ էր, Սուրբ Հոգիով եւ հաւատքով լեցուն ու Տէրոջը շատ ժողովուրդ աւելցաւ։