Աստվածաշունչը մեկ տարում Հուլիս 30Նեեմիա 12:1-471. Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլին ու Յեսուին հետ ելլող քահանաներն ու Ղեւտացիները ասոնք են՝ Սարայիան, Երեմիան, Եզրասը,2. Ամարիան, Մալուքը, Քետտուսը,3. Սեքենիան, Հռէումը, Մերամօթը,4. Ադդովը, Կանաթօնը, Աբիան,5. Միամինը, Մովադիան, Բեղդան,6. Սեմայիան, Յովարիբը, Յեդայիան,7. Սալլուն, Ամոկը, Քեղկիան, Յեդայիան։ Յեսուին օրերը, ասոնք էին քահանաներուն իշխանները իրենց եղբայրներովը։8. Ղեւտացիներէն Յեսուն, Բանուին, Կադմիէլը, Սարաբիան, Յուդան ու Մաթանիան. ասիկա իր եղբայրներուն հետ օրհնութիւններուն վրայ էր9. Եւ անոնց եղբայրները՝ Բակբոկիան եւ Ուննին, անոնց դէմ իրենց կարգին մէջ կը կենային։10. Յեսուն ծնաւ Յովակիմը եւ Յովակիմը ծնաւ Եղիասիբը ու Եղիասիբը ծնաւ Յովիադան11. Եւ Յովիադան ծնաւ Յովնաթանը ու Յովնաթանը ծնաւ Յադդուան։12. Յովակիմին օրերը տոհմապետ քահանաները ասոնք էին՝ Սարայիայէն Մարայիան, Երեմիայէն Անանիան,13. Եզրասէն Մեսուղամը, Ամարիայէն Յօհանան,14. Մալուքէն Յովնաթանը, Սաբանիայէն Յովսէփը,15. Հարիմէն Եդնան, Մարիօթէն Քեղկայը,16. Ադդովէն Զաքարիան, Կանաթօնէն Մեսուղամը,17. Աբիայէն Զեքրին, Մինիամինէն, Մովադիայէն Փաղտին,18. Բեղգայէն Սամուան, Սեմայիայէն Յովնաթանը,19. Յովարիբէն Մաթանայը, Յեդայիայէն Ոզին,20. Սալլուէն Կալլայը, Ամոկէն Եբերը,21. Քեղկիայէն Ասաբիան, Յեդայիայէն Նաթանայէլը։22. Եղիասիբին, Յովիադային, Յօհանանին ու Յադդուային օրերը Ղեւտացիները, այսինքն անոնց տոհմապետները, գրուեցան. նաեւ քահանաները՝ մինչեւ Պարսիկներու Դարեհի թագաւորութիւնը։23. Ղեւիին որդիներուն տոհմապետները մինչեւ Եղիասիբեան Յօհանին օրերը ժամանակագրութեան գրքին մէջ գրուեցան։24. Ղեւտացիներուն իշխաններն էին՝ Ասաբիան, Սարաբիան ու Կադմիէլին որդին Յեսուն եւ անոնց եղբայրները անոնց առջեւ կը կայնէին դաս դասի դէմ, որպէս զի Աստուծոյ մարդուն Դաւիթին հրամայածին պէս օրհնութիւն ու գոհութիւն մատուցանեն։25. Մաթանիան, Բակբոկիան, Աբդիան, Մեսուղամը, Տեղմոնն ու Ակկուբը դրան շտեմարաններուն մէջ պահպանութիւն ընող դռնապաններն էին26. Յովսեդեկեան Յեսուին որդիին Յովակիմին օրերուն մէջ ու Նէեմիա կառավարիչին ու Եզրաս քահանային ու դպիրին օրերուն մէջ։27. Երուսաղէմի պարսպին նաւակատիքին ատենը ամէն տեղ փնտռեցին Ղեւտացիները, որպէս զի զանոնք Երուսաղէմ բերեն ու նաւակատիքը ուրախութեամբ, գոհութեամբ, օրհնութիւններով, ծնծղաներով, տաւիղներով ու քնարներով կատարեն։28. Երգողներուն որդիները Երուսաղէմի շրջակայ տեղերէն ու Նետոփաթացիներու գիւղերէն29. Եւ Գաղգաղայի տունէն՝ ՝ ու Գաբայի ու Ազամօթի դաշտերէն հաւաքուեցան. վասն զի երգողները Երուսաղէմի շուրջը շիներ էին իրենց գիւղերը։30. Քահանաներն ու Ղեւտացիները սրբուեցան եւ ժողովուրդը ու դռները եւ պարիսպը սրբեցին։31. Յուդայի իշխանները պարսպին վրայ հանեցի ու գոհութիւն երգող երկու մեծ դաս կարգեցի. մէկը պարսպին աջ կողմը դէպի Աղբերու դուռը կ’երթար32. Եւ անոր ետեւէն Ովսէիան ու Յուդայի իշխաններուն կէսը գացին.33. Նաեւ Ազարիան, Եզրասը, Մեսուղամը, Յուդան,34. Բենիամինը, Սեմայիան ու Երեմիան35. Եւ փողերով, քահանաներուն որդիներէն, Ասափին որդիին Զաքուրին որդիին Միքիային որդիին Մաթանիային որդիին Սեմայիային որդիին Յովնաթանին որդին Զաքարիան36. Ու անոր եղբայրները՝ Սեմայիան, Ազարիէլը, Միլալայը, Գիլալայը, Մաայը, Նաթանայէլը, Յուդան ու Անանին Աստուծոյ մարդուն Դաւիթին երգերու նուագարաններովը կ’երթային ու անոնց առջեւէն Եզրաս դպիրը։37. Իրենց առջեւ եղող Աղբիւրին դուռը եկան ու Դաւիթին քաղաքին աստիճաններէն պարսպին վրայ ելան, Դաւիթին ապարանքէն դէպի արեւէլք մինչեւ Ջուրին դուռը գացին։38. Գոհութիւն երգողներուն միւս դասը առջեւէն կ’երթային ու ես՝ ժողովուրդին կիսուն հետ պարսպին վրայ՝ Փուռերուն աշտարակէն մինչեւ լայն պարիսպը39. Ու Եփրեմին դրանը վրայէն եւ Հին դրանը վրայ ու Ձուկերուն դրանը եւ Անանայէլին աշտարակին ու Մէային աշտարակին վրայ, մինչեւ Ոչխարներուն դուռը անոնց ետեւէն կ’երթայի ու Բանտի դուռը կեցան։40. Գոհութիւն երգողներուն երկու դասը Աստուծոյ տանը մէջ կեցան. նոյնպէս ալ ես ու ոստիկաններուն կէսը՝ որոնք ինծի հետ էին.41. Նաեւ քահանաներէն Եղիակիմը, Մաասիան, Մինիամինը, Միքիան, Եղիովէնային, Զաքարիան ու Անանիան փողերով։42. Մաասիան, Սեմայիան, Եղիազարը, Ոզին, Յօհանան, Մեղքիան, Եղամն ու Եզերը։ Այն ատեն երգողները իրենց վերակացուին Յեզերիային հետ ձայներնին վերցուցին։43. Այն օրը մեծ զոհեր մատուցանեցին եւ ուրախութիւն ըրին, վասն զի Աստուած մեծ ուրախութիւնով ուրախացուց զանոնք։ Կիները եւ տղաքներն ալ ուրախութիւն ըրին ու Երուսաղէմի ուրախութիւնը մինչեւ հեռու տեղեր լսուեցաւ։44. Այն օրը սենեակներուն վրայ գանձերուն, ընծաներուն, երախայրի պտուղներուն ու տասանորդներուն համար մարդիկ որոշուեցան, որպէս զի քաղաքներուն ագարակներէն քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն օրինաւոր բաժինները հաւաքեն, քանզի Յուդա քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն համար ուրախացաւ.45. Վասն զի անոնք իրենց Աստուծոյն հրամանը ու սրբուելուն հրամանը կը պահէին, նոյնպէս ալ երգողները եւ դռնապանները՝ Դաւիթին ու անոր որդիին Սողոմոնին պատուիրածին համեմատ։46. Վասն զի առաջ Դաւիթին ու Ասափին օրերը երգողներու գլխաւորներ կային եւ Աստուած օրհնելու ու գովելու երգեր։47. Բոլոր Իսրայէլ Զօրաբաբէլին օրերը եւ Նէեմիային օրերը երգողներուն ու դռնապաններուն օրէ օր ռոճիկ կու տային եւ սուրբ բաները Ղեւտացիներուն կու տային, Ղեւտացիներն ալ Ահարոնին որդիներուն կու տային։Նեեմիա 13:1-311. Այն օրը Մովսէսին գրքէն կարդացուեցաւ ու ժողովուրդը լսեց՝ ՝ ու հոն գրուած գտնուեցաւ, որ Ամմոնացիներն ու Մովաբացիները Աստուծոյ ժողովարանին մէջ յաւիտեան պէտք չէ մտնեն.2. Որովհետեւ անոնք Իսրայէլի որդիները հացով ու ջրով չդիմաւորեցին, հապա Բաղաամը անոնց դէմ վարձքով բռնեցին, որպէս զի զանոնք անիծէ. բայց մեր Աստուածը անէծքը օրհնութեան դարձուց։3. Երբ օրէնքին խօսքերը լսեցին, բոլոր օտար մարդիկը Իսրայէլէն զատեցին։4. Բայց ասկէ առաջ մեր Աստուծոյն տանը սենեակներուն վերակացուն՝ Եղիասիբ քահանան՝ Տուբիային հետ ազգական եղեր էր։5. Անոր մեծ սենեակ մը շիներ էր այն տեղ, ուր առաջ հացի ընծաները, կնդրուկն ու անօթները ու Ղեւտացիներուն, երգողներուն եւ դռնապաններուն համար որոշուած ցորենին, գինիին ու իւղին տասանորդները ու քահանաներուն տրուած ընծաները կը դնէին։6. Այս բոլոր բաներուն ատենը ես Երուսաղէմ չէի, վասն զի Բաբելոնի Արտաշէս թագաւորին երեսունըերկրորդ տարին թագաւորին գացի։ Ժամանակէ մը յետոյ թագաւորէն հրաման առի7. Ու Երուսաղէմ գալով Եղիասիբին ըրած չարութիւնը իմացայ, որ Աստուծոյ տանը գաւիթին մէջ Տուբիային համար սենեակ մը շիներ էր։8. Եւ շատ նեղուեցայ ու Տուբիային բոլոր կարասիները սենեակէն դուրս նետեցի9. Եւ հրաման ըրի, որ սենեակները մաքրեն եւ Աստուծոյ տանը անօթներն ու հացի ընծան եւ կնդրուկը նորէն հոն դնեն։10. Նաեւ իմացայ թէ Ղեւտացիներուն բաժինները տրուած չէին, վասն զի սպասաւորութիւն ընող Ղեւտացիները ու երգողները ամէնքն ալ իրենց ագարակները փախեր էին։11. Անոր համար ոստիկանները յանդիմանեցի ու ըսի. «Աստուծոյ տունը ի՞նչ պատճառով այսպէս թողուած է» եւ Ղեւտացիները հաւաքեցի ու զանոնք իրենց պաշտօններուն մէջ հաստատեցի։12. Բոլոր Յուդա ցորենին, գինիին ու իւղին տասանորդները գանձարանները բերին13. Եւ գանձարաններուն վրայ Սեղեմիա քահանան ու Սադովկ դպիրը ու Ղեւտացիներէն Փադայիան գանձապետ կարգեցի ու Մաթանիային որդիին Զաքուրին որդին Անանը անոնց հետ էր. վասն զի անոնք հաւատարիմ կը սեպուէին ու անոնց գործը իրենց եղբայրներուն բաժին տալ էր։14. Ո՛վ Աստուած իմ, ասոր համար զիս յիշէ ու քու տանդ մէջ եւ անոր ծառայութեանը մէջ իմ ըրած բարեգործութիւններս մի՛ ջնջեր։15. Այն օրերը Հրէաստանի մէջ տեսայ թէ շաբաթ օրը խաղող կը կոխէին ու ցորենի որաներ կը բերէին ու էշերու վրայ բեռ կը բեռցնէին, նաեւ գինի, խաղող, թուզ ու ամէն տեսակ բեռ տեսայ, որոնք շաբաթ օրը Երուսաղէմ կը բերէին ու ես ուտելիք ծախած օրերնին զանոնք յանդիմանեցի՝ ՝։16. Եւ հոն բնակող Տիւրացիները ձուկ ու ամէն տեսակ ապրանք կը տանէին եւ շաբաթ օրը Յուդայի որդիներուն ու Երուսաղէմի բնակիչներուն կը ծախէին։17. Յուդային ազնուականները յանդիմանեցի ու անոնց ըսի. «Այս ի՞նչ գէշ բան է որ դուք կ’ընէք ու շաբաթ օրը կը պղծէք։18. Ահա ձեր հայրերն ալ այսպէս ըրին ու մեր Աստուածը մեր վրայ ու այս քաղաքին վրայ այս բոլոր չարիքները բերաւ եւ դուք շաբաթը պղծելով՝ Իսրայէլին վրայ բարկութիւն կ’աւելցնէք»։19. Ուստի շաբաթէն առաջ Երուսաղէմի դռներէն արեւը քաշուածին պէս՝ ՝, հրամայեցի որ դռները գոցուին. նաեւ հրամայեցի որ շաբաթը չանցած չբացուին ու դռներուն քով իմ մանչերէս կեցուցի, որպէս զի շաբաթ օրը ներսը բեռ չմտնէ։20. Վաճառականներն ու ամէն տեսակ ապրանք ծախողները մէկ երկու անգամ գիշերը Երուսաղէմէն դուրս անցուցին։21. Ես զանոնք յանդիմանեցի՝ ըսելով. «Դուք ինչո՞ւ համար պարիսպին քով գիշերը կ’անցընէք. եթէ անգամ մըն ալ այդպէս ընէք, ձեռքս ձեր վրայ կը դնեմ»։ Անկէ յետոյ անգամ մըն ալ շաբաթ օրը չեկան։22. Ղեւտացիներուն ըսի, որ զիրենք սրբեն ու շաբաթ օրը սուրբ պահելու համար երթան դռները պահպանութիւն ընեն։ Ո՛վ Աստուած իմ, ասոր համար ալ զիս յիշէ ու քու մեծ ողորմութեանդ համեմատ ինծի ողորմէ։23. Այն օրերը Հրեաներ տեսայ, որոնք Ազովտացի, Ամմոնացի ու Մովաբացի կիներ առեր էին24. Ու անոնց տղաքը Եբրայերէն խօսիլը աղէկ չգիտնալով՝ կէս մը Ազովտացիներու լեզուով կը խօսէին, նմանապէս ուրիշ ազգերու լեզուներով։25. Այս պատճառով զանոնք յանդիմանեցի ու զանոնք նզովեցի եւ անոնցմէ մէկ քանին ծեծեցի ու մազերնին փետտեցի եւ Աստուծոյ անունովը անոնց երդում ընել տուի՝ ըսելով. «Ձեր աղջիկները անոնց տղոցը պէտք չէ տաք ու անոնց աղջիկներէն ձեր տղոցը կամ ձեզի պէտք չէ առնէք։26. Ասոնց պատճառով չէ՞ր, որ Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորը մեղանչեց ու թէպետեւ շատ ազգերու մէջ անոր պէս թագաւոր չկար եւ իր Աստուծոյն սիրելի էր ու Աստուած զանիկա բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր դրաւ, սակայն օտարազգի կիները անոր ալ մեղանչել տուին։27. Եւ հիմա ձեզ թողո՞ւնք որ այս մեծ չարութիւնը շարունակէք ու օտարազգի կիներ առնելով՝ մեր Աստուծոյն դէմ մեղք գործէք»։28. Եւ մեծ քահանային Եղիասիբին որդիին Յովիադային որդիներէն մէկը Որոնացի Սանաբաղատին փեսան էր. անոր համար զանիկա քովէս վռնտեցի։29. Ո՛վ Աստուած իմ, զանոնք յիշէ՝ քահանայութիւնը եւ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն ուխտը պղծելուն համար։30. Այսպէս զանոնք բոլոր օտարազգիներէն մաքրեցի ու քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն դասերը հաստատեցի, անոնց ամէն մէկը իր պաշտօնին վրայ դնելով.31. Նաեւ որոշուած ժամանակներուն բերուելու փայտի ընծային համար ու երախայրի պտուղներուն համար կարգադրութիւն ըրի։ Ո՛վ Աստուած իմ, զիս քաղցրութեամբ յիշէ՛։Սաղմոսներ 89:30-3730. Եթէ անոր որդիները իմ օրէնքս թողուն Ու իմ իրաւունքներովս չքալեն,31. Եթէ իմ կանոններս անարգեն Ու իմ պատուիրանքներս չպահեն,32. Ես ալ գաւազանով պիտի պատժեմ անոնց յանցանքը Ու հարուածներով՝ անոնց անօրէնութիւնը։33. Բայց իմ ողորմութիւնս պիտի չկտրեմ անկէ Ու իմ հաւատարմութիւնս սուտ պիտի չհանեմ։34. Իմ ուխտս պիտի չանարգեմ Ու շրթունքներէս ելածը պիտի չփոխեմ։35. Անգամ մը երդում ըրի իմ սրբութիւնովս, Որ սուտ պիտի չըսեմ Դաւիթին.36. Անոր սերունդը յաւիտեան պիտի մնայ Ու անոր աթոռը իմ առջեւս արեգակին չափ.37. Լուսնին պէս յաւիտեան պիտի հաստատուի Ու երկնքի մէջ հաւատարիմ վկայի պէս »։ (Սէլա։)Առակներ 22:3-43. Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ, Բայց միամիտները առաջ կ’անցնին ու կը վնասուին։4. Խոնարհութիւնը եւ Տէրոջը երկիւղին վախճանը Հարստութիւն, փառք ու կեանք են։հռոմեական 1:1-321. Պօղոս, Յիսուս Քրիստոսի ծառայ, առաքեալ ըլլալու կանչուած, Աստուծոյ աւետարանին համար որոշուած,2. (Որ առաջուընէ իր մարգարէներուն ձեռքով սուրբ գրքերով խոստացաւ,)3. Իր Որդիին մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայով, որ մարմնի կողմանէ Դաւիթին սերունդէն եղաւ,4. Որ սրբութեան հոգիին կողմանէ Աստուծոյ Որդի յայտնուեցաւ զօրութեամբ՝ մեռելներէն յարութիւն առնելով.5. Որով շնորհք եւ առաքելութիւն առինք՝ հաւատքի հնազանդութեան համար բոլոր ազգերուն մէջ, անոր անունին համար.6. Որոնց մէջ դուք ալ Յիսուս Քրիստոսին կանչուածներն էք7. Ձեր բոլորին, որ Հռովմի մէջ էք, Աստուծոյ սիրելիներուդ, սուրբ ըլլալու կանչուածներուդ, շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։8. Նախ կը գոհանամ իմ Աստուծմէս Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով ձեր ամենուն համար, վասն զի ձեր հաւատքը բոլոր աշխարհի մէջ կը պատմուի։9. Քանզի վկայ է ինծի Աստուած, որ ես կը պաշտեմ իմ հոգիովս անոր Որդիին աւետարանին մէջ,10. Թէ անդադար ձեզ կը յիշեմ, ամէն ատեն իմ աղօթքներուս մէջ խնդրելով՝ որ թերեւս անգամ մը Աստուծոյ կամքովը յաջողիմ ձեզի գալու։11. Քանզի կը փափաքիմ ձեզ տեսնել, որ ձեզի հոգեւոր շնորհք մը հաղորդեմ, որպէս զի հաստատուիք.12. Այսինքն ձեզի հետ ես ալ մխիթարուիմ իմ ու ձեր փոխադարձ հաւատքին միջոցով։13. Սակայն չեմ ուզեր որ չգիտնաք, եղբայրնե՛ր, որ շատ անգամ ուզեցի գալ ձեզի, (եւ մինչեւ հիմա արգիլուեցայ,) որպէս զի ձեր մէջ ալ պտուղ մը ունենամ, ինչպէս ուրիշ հեթանոսներու մէջ ալ։14. Յոյներուն ու բարբարոսներուն, իմաստուններուն ու անմիտներուն ալ պարտական եմ։15. Ուստի որչափ որ ձեռքէս կու գայ, յօժարութիւն ունիմ ձեզի ալ, որ Հռովմի մէջ էք, աւետարանը քարոզել։16. Վասն զի ես ամօթ չեմ սեպեր աւետարանը քանզի Աստուծոյ զօրութիւնն է ան՝ բոլոր հաւատացեալներուն փրկութեան համար՝ առաջ Հրեային ու ետքը Յոյնին։17. Վասն զի անով Աստուծոյ արդարութիւնը, որ է հաւատքէն, հաւատքի համար կը յայտնուի. ինչպէս գրուած է թէ՝ ‘Արդարը հաւատքէն պիտի ապրի’։18. Քանզի Աստուծոյ բարկութիւնը երկնքէն կը յայտնուի մարդոց բոլոր ամբարշտութեանը եւ անիրաւութեանը վրայ, որոնք ճշմարտութիւնը անիրաւութեամբ բռներ են։19. Վասն զի ինչ որ Աստուծոյ մասին պէտք է գիտնալ՝ իրենց մէջ յայտնի է, որովհետեւ Աստուած անոնց յայտնեց։20. Քանզի աներեւոյթ բաները աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին, այսինքն իր մշտնջենաւոր զօրութիւնը ու աստուածութիւնը, որպէս զի անպատասխանի մնան։21. Թէեւ իրենք Աստուած կը ճանչնային բայց Աստուծոյ պէս չփառաւորեցին կամ շնորհակալ չեղան. հապա իրենց խորհուրդներուն մէջ ունայնացան եւ սրտերնին անմտութիւնով՝ ՝ խաւարեցաւ։22. Իրենք իմաստուն ենք ըսին ու յիմարացան23. Եւ անեղծ Աստուծոյ փառքը փոխեցին, նմանցնելով եղծանելի մարդու եւ թռչուններու ու չորքոտանիներու եւ սողուններու պատկերին։24. Անոր համար Աստուած ալ պղծութեան մատնեց զանոնք իրենց սրտերուն ցանկութիւններովը՝ իրենց մարմինները իրենց մէջ անարգելու։25. Որոնք Աստուծոյ ճշմարտութիւնը սուտի հետ փոխեցին ու երկրպագութիւն եւ պաշտօն մատուցանեցին ստեղծուածներուն քան թէ Ստեղծողին, որ յաւիտեան օրհնեալ է։ Ամէն։26. Անոր համար Աստուած զանոնք անարգ կրքերու մատնեց։ Իրենց էգերն անգամ բնական պէտքը բնութեան դէմ եղող պէտքի փոխեցին։27. Նոյնպէս ալ արուները կնոջ բնական պէտքը թողուցած՝ իրենց ցանկութիւնովը իրարու հետ վառուեցան. արուները արուներու հետ խայտառակութիւն կը գործէին եւ իրենց մոլութեանը վայլած հատուցումը իրենց վրայ կ’ընդունէին։28. Քանի որ չուզեցին Աստուած իրենց գիտութեանը մէջ պահել, Աստուած ալ զանոնք անարգ խորհուրդներու մատնեց անվայել բաներ ընելու.29. Որոնք լեցուած էին ամէն անիրաւութիւնով, պոռնկութիւնով, անզգամութիւնով, ագահութիւնով, չարութիւնով, նախանձով, մարդասպանութիւնով, հակառակութիւնով եւ նենգութիւնով, չարասրտութիւնով եւ էին քսուներ։30. Չարախօսներ, Աստուած ատողներ, նախատողներ, հպարտներ, ամբարտաւաններ, չար բաներ հնարողներ, ծնողաց անհնազանդներ,31. Անմիտներ, ուխտ չպահողներ, անգութներ, անհաշտներ, անողորմներ։32. Անոնք գիտնալով հանդերձ Աստուծոյ դատաստանը, թէ անոնք որ այսպիսի բաներ կ’ընեն՝ մահուան արժանի են, ո՛չ միայն այն բաները կ’ընեն, հապա ընողներուն ալ հաւանութիւն կու տան։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981