Աստվածաշունչը մեկ տարում Հուլիս 42 քրոնիկները 3:1-171. Սողոմոն սկսաւ Տէրոջը տունը շինել Երուսաղէմի մէջ, Մօրիա լերանը վրայ, ուր Տէրը անոր հօրը Դաւիթին երեւցեր էր, այն տեղը որ Դաւիթ Յեբուսացի Ոռնային կալին մէջ պատրաստեր էր։2. Իր թագաւորութեանը չորրորդ տարին, երկրորդ ամսուան երկրորդ օրը սկսաւ զանիկա շինել։3. Աստուծոյ տունը շինելու համար Սողոմոնին դրած հիմը առաջուան չափով վաթսուն կանգուն՝ երկայն ու քսան կանգուն լայն էր։4. Դիմացի սրահին երկայնութիւնը՝ տանը լայնութեան պէս՝ քսան կանգուն ու բարձրութիւնը հարիւր քսան կանգուն էր ու զանիկա ներսէն մաքուր ոսկիով պատեց։5. Մեծ տունը մայր փայտով ծածկեց ու զանիկա մաքուր ոսկիով պատեց ու անոր վրայ արմաւենիներ ու շղթաներ փորագրեց։6. Շքեղութեան համար տունը պատուական քարերով զարդարեց ու ոսկին Փարուիմի ոսկի էր։7. Տանը գերանները, սեմերը, պատերն ու դռները ոսկիով պատեց ու պատերուն վրայ քերովբէներ քանդակեց։8. Սրբութիւն Սրբութեանցի տունը շինեց. անոր երկայնութիւնը տանը լայնութեանը պէս՝ քսան կանգուն ու լայնութիւնը քսան կանգուն էր։ Եւ զանիկա վեց հարիւր տաղանդի չափ մաքուր ոսկիով պատեց։9. Բեւեռներուն կշիռքը յիսունական սիկղ ոսկի էր։ Վերնատունները ոսկիով պատեց։10. Սրբութիւն Սրբութեանց տանը մէջ երկու քերովբէներ քանդակեց ու զանոնք ոսկիով պատեց։11. Քերովբէներուն թեւերը քսան կանգուն երկայնութիւն ունէին։ Մէկ թեւը հինգ կանգուն էր ու տանը պատին կը դպչէր։ Միւս թեւը հինգ կանգուն էր ու միւս քերովբէին թեւին կը դպչէր։12. Միւս քերովբէին ալ մէկ թեւը հինգ կանգուն էր ու տանը պատին կը դպչէր ու միւս թեւը հինգ կանգուն էր ու միւս քերովբէին թեւին կցուած էր։13. Այս քերովբէներուն տարածուած թեւերուն երկայնութիւնը քսան կանգուն էր։ Անոնք իրենց ոտքերուն վրայ կայնած էին։ Անոնց երեսը դէպի տունը կը նայէր։14. Վարագոյրը կապուտակէ, ծիրանիէ, կարմիրէ ու բեհեզէ շինեց ու անոր վրայ քերովբէներ գործեց։15. Տանը առջեւ երեսունըհինգ կանգուն երկայնութեամբ երկու սիւն շինեց։ Ամէն մէկուն վրայի խոյակը հինգ կանգուն էր։16. Դաբիրին մէջի շղթաներուն պէս շղթաներ շինեց ու սիւներուն վրայ դրաւ։ Հարիւր նուռ շինեց ու շղթաներուն անցուց։17. Սիւները տաճարին առջեւ կանգնեցուց, մէկը աջ կողմէն ու միւսը ձախ կողմէն։ Աջ կողմը եղողին անունը՝ Յաքին ու ձախ կողմը եղողին անունը Բոոզ դրաւ։2 քրոնիկները 4:1-221. Պղնձէ սեղան մը շինեց։ Երկայնութիւնը քսան կանգուն, լայնութիւնը քսան կանգուն ու բարձրութիւնը տասը կանգուն։2. Ձուլածոյ ծովը շինեց։ Մէկ շրթունքէն մինչեւ միւս շրթունքը տասը կանգուն էր ու անոր շրջապատը երեսուն կանգուն էր։3. Եւ անոր տակ շուրջանակի ամէն կողմէն եզներու նմանութիւններ կային։ Ծովուն բոլորտիքը մէկ կանգունի մէջ տասնական եզներ կային ։ Եզները երկու կարգ էին, որոնք ծովը ձուլած ատեննին ձուլեր էին։4. Անիկա տասներկու եզներու վրայ կը կենար, որոնց երեքը՝ դէպի հիւսիս, երեքը՝ դէպի արեւմուտք, երեքը՝ դէպի հարաւ ու երեքը դէպի արեւելք կը նայէին։ Ծովը անոնց վրայ էր։ Բոլորին ետեւի կողմը դէպի ներս դարձած էր ։5. Անոր թանձրութիւնը չորս մատնաչափ էր։ Շրթունքը գաւաթի շրթունքի պէս էր։ Վրան շուշանի ծաղիկներ շինուած էին ։ Ան երեք հազար մար կ’առնէր։6. Տասը աւազան շինեց։ Հինգը՝ աջ կողմը ու հինգն ալ ձախ կողմը դրաւ լուացման համար։ Ողջակէզները անոնց մէջ կը լուային։ Ծովը քահանաներուն համար էր, որպէս զի հոն լուացուին։7. Տասը ոսկեղէն աշտանակներ շինեց իրենց օրինակին համեմատ ու զանոնք տաճարին մէջ դրաւ։ Հինգը՝ աջ կողմը ու հինգը՝ ձախ կողմը։8. Տասը սեղան շինեց ու զանոնք տաճարին մէջ դրաւ։ Հինգը՝ աջ կողմը ու հինգը՝ ձախ կողմը ու հարիւր ոսկեղէն կոնքեր շինեց։9. Քահանաներուն գաւիթն ու մեծ գաւիթը եւ գաւիթին դռներ շինեց։ Անոնց փեղկերը պղնձով պատեց։10. Ծովը՝ աջ կողմը՝ հարաւային արեւելեան անկիւնը դրաւ։11. Քիրամ կաթսաներ, թիակներ ու կոնքեր շինեց։ Քիրամ լրացուց այն բոլոր գործերը, որոնք Աստուծոյ տանը համար Սողոմոն թագաւորին կը շինէր։12. Այսինքն երկու սիւներն ու գունտերը ու երկու սիւներուն գլուխը եղող խոյակները եւ սիւներուն գլուխը եղող խոյակներուն երկու գունտերը ծածկելու համար երկու ցանցակերպ զարդեր13. Ու երկու ցանցակերպ զարդերուն չորս հարիւր նուռեր, այսինքն սիւներուն վրայի խոյակներուն երկու գունտերը ծածկելու համար՝ ամէն մէկ ցանցակերպ զարդին վրայ երկու կարգ նուռեր։14. Խարիսխներ շինեց, խարիսխներուն վրայ աւազաններ շինեց։15. Մէկ ծովն ու անոր տակի տասներկու եզները16. Եւ կաթսաներն ու թիակները ու մսահանները եւ անոնց բոլոր գործիքները՝ Տէրոջը տանը համար Սողոմոն թագաւորին՝ փայլուն պղնձէ շինեց անոր վարպետը՝ Քիրամ։17. Թագաւորը զանոնք Յորդանանի դաշտին մէջ թանձր հողի մը վրայ ձուլել տուաւ Սոկքովթի ու Սարեդայի մէջտեղ։18. Սողոմոն խիստ շատ կարասիներ շինեց, քանզի պղինձը անհաշիւ էր։19. Սողոմոն Աստուծոյ տանը բոլոր կարասիները շինեց. նաեւ խունկին ոսկի սեղանն ու այն սեղանները՝ որոնց վրայ առաջաւորութեան հացը կը դրուէր20. Եւ մաքուր ոսկիէ աշտանակներ ու անոնց ճրագները, դաբիրին առջեւ վառելու համար ըստ սովորութեան21. Եւ զուտ ոսկիէ ծաղիկներ ու ճրագներ եւ ունելիներ22. Ու մաքուր ոսկիէ բազմակալներ, տաշտեր, խնկամաններ ու բուրվառներ եւ տանը դռները, այսինքն Սրբութիւն Սրբութեանցին ներսի դրանը փեղկերը։ Տանը՝ այսինքն տաճարին՝ դրանը փեղկերը ոսկիէ շինեց ։Սաղմոսներ 79:5-105. Մինչեւ ե՞րբ, ո՛վ Տէր, միշտ պիտի բարկանա՞ս. Քու նախանձդ կրակի պէս պիտի բորբոքի՞։6. Թափէ՛ քու բարկութիւնդ այն ազգերուն վրայ, Որոնք քեզ չեն ճանչնար Ու այն թագաւորութիւններուն վրայ, Որոնք քու անունդ չեն կանչեր։7. Վասն զի Յակոբը կերան Ու անոր բնակութիւնը աւերակ դարձուցին։8. Մի՛ յիշեր մեր առաջուան անօրէնութիւնները. Թող շուտով հասնին մեզի քու ողորմութիւններդ, Վասն զի խիստ թշուառացանք։9. Քու անուանդ փառքին համար Օգնէ՛ մեզի, ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը։ Քու անուանդ համար փրկէ՛ մեզ Ու մեր մեղքերը քաւէ՛։10. Ինչո՞ւ ըսեն հեթանոսները. «Ո՞ւր է անոնց Աստուածը»։ Թող քու ծառաներուդ թափուած արեան վրէժը Մեր աչքերուն առջեւ յայտնուի հեթանոսներուն մէջ։Առակներ 20:10-1210. Երկու տեսակ կշիռքի քար, երկու տեսակ չափ՝ Հաւասարապէս Տէրոջը առջեւ պիղծ են։11. Մինչեւ անգամ տղու մը վարքին մաքրութիւնը եւ ուղղութիւնը Անոր գործերէն կը հասկցուի։12. Լսող ականջն ու տեսնող աչքը, Երկուքն ալ Տէրը ստեղծեր է։Գործեր 12:1-251. Այն ատենները Հերովդէս թագաւորը սկսաւ եկեղեցիէն մէկ քանիները չարչարել։2. Յովհաննէսին եղբայրը՝ Յակոբոսը սրով սպաննեց։3. Տեսնելով որ Հրեաներուն հաճելի է, Պետրոսն ալ բռնեց։ Բաղարջակերացի օրերն էին։4. Երբ զանիկա բռնեց, բանտը դրաւ եւ չորս կարգ չորսական զինուորներու յանձնեց, որպէս զի պահեն եւ կ’ուզէր զատկէն յետոյ ժողովուրդին հանել զանիկա։5. Պետրոս բանտին մէջ պահուած էր, բայց եկեղեցին անդադար աղօթք կ’ընէր Աստուծոյ՝ անոր համար։6. Հերովդէս կ’ուզէր զանիկա յաջորդ օրը դուրս բերել, բայց այն գիշերը Պետրոս երկու զինուորներու մէջտեղ կը քնանար կրկին շղթաներով կապուած։ Պահապանները դրանը առջեւ բանտին կը հսկէին։7. Յանկարծ Տէրոջը հրեշտակը եկաւ քովը կայնեցաւ։ Տանը մէջ լոյս մը ծագեցաւ։ Հրեշտակը Պետրոսին կողը խթելով՝ արթնցուց զանիկա ու ըսաւ. «Շուտով ելի՛ր»։ Շղթաները անոր ձեռքերէն վար ինկան։8. Հրեշտակը ըսաւ անոր. «Գօտիդ կապէ՛ ու հողաթափներդ հագիր»։ Անիկա ալ այնպէս ըրաւ։ Հրեշտակը ըսաւ անոր. «Հանդերձդ վրադ ա՛ռ ու եկո՛ւր իմ ետեւէս»։9. Ան ալ ելլելով անոր ետեւէն կ’երթար, բայց չէր գիտեր թէ այն հրեշտակին ըրածը իրակա՞ն է, հապա կը կարծէր թէ տեսիլք կը տեսնէ։10. Երբ անոնք առաջին ու երկրորդ պահապաններէն անցան, եկան մինչեւ երկաթէ դուռը, որ քաղաքին մէջ կը հանէր, ինքնիրմէ բացուեցաւ։ Անկէ ելլելով՝ փողոց մը անցան, հրեշտակն ալ իսկոյն անկէ զատուեցաւ։11. Պետրոս ինքզինքին գալով՝ ըսաւ. «Հիմա ճշմարտապէս գիտեմ, թէ Տէրը իր հրեշտակը ղրկեց եւ ազատեց զիս Հերովդէսին ձեռքէն ու Հրէից ժողովուրդին բոլոր ակնկալութենէն»։12. Այսպէս մտածելով՝ գնաց Մարկոս ըսուած Յովհաննէսին մօրը Մարիամին տունը, ուր շատեր հաւաքուած աղօթք կ’ընէին։13. Երբ տանը դուրսի դուռը զարկաւ, Հռովդէ անունով աղախին մը գնաց ականջ դնելու.14. Պետրոսին ձայնը ճանչցաւ, ուրախութենէն դուռը չբացաւ, հապա ներս վազելով յայտնեց. «Պետրոս դրանը առջեւ կայներ է»։15. Իսկ անոնք ըսին անոր. «Խենդեցե՞ր ես»։ Բայց ինք կը պնդէր։ Անոնք ալ կ’ըսէին. «Անոր հրեշտակը պիտի ըլլայ»։16. Սակայն Պետրոս անդադար կը զարնէր ու երբ բացին, զինք տեսնելով ապշեցան։17. Բայց անիկա ձեռքով նշան ըրաւ անոնց՝ որ լուռ կենան ու պատմեց անոնց թէ ի՛նչպէս Տէրը զինք բանտէն հանեց եւ ըսաւ. «Ասիկա Յակոբոսին ու եղբայրներուն պատմեցէք»։ Ինք ելաւ ուրիշ տեղ գնաց։18. Առտուն, մեծ խռովութիւն ծագեցաւ զինուորներուն մէջ՝ թէ արդեօք ի՞նչ եղաւ Պետրոս։19. Հերովդէս ալ երբ ուզեց զանիկա ու չգտաւ, պահապանները հարցուփորձ ընելով՝ հրաման ըրաւ որ սպաննուին։ Պետրոս Հրէաստանէն Կեսարիա գնաց ու հոն կեցաւ։20. Հերովդէս խիստ թշնամացած էր Տիւրացիներուն ու Սիդոնացիներուն։ Անոնք ալ միաբանութեամբ եկան ու թագաւորին Բղաստոս սենեկապետը համոզելով՝ հաշտութիւն խնդրեցին. վասն զի իրենց երկիրը թագաւորին երկրէն ապրուստ կ’առնէր։21. Եւ որոշուած օր մը Հերովդէս թագաւորական հանդերձը հագած ու ատեանը նստած՝ անոնց ատենաբանութիւն կ’ընէր։22. Ժողովուրդն ալ կ՛աղաղակէր թէ ‘Ատիկա Աստուծոյ ձայն է, ո՛չ թէ մարդու’։23. Իսկոյն Տէրոջը հրեշտակը զանիկա զարկաւ, Աստուծոյ փառք չտալուն համար եւ որդնալից ըլլալով՝ մեռաւ։24. Աստուծոյ խօսքը կ’աճէր ու կը շատնար։25. Բառնաբաս ու Սօղոս երբ իրենց յանձնուած պաշտօնը լմնցուցին, Երուսաղէմէն դարձան, Մարկոս ըսուած Յովհաննէսն ալ իրենց հետ առնելով։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981